Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կարեկցէ ամէն տեսակ մարդոց

Կարեկցէ ամէն տեսակ մարդոց

ԵՐԲ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց ինչպէ՛ս բարի լուրը քարոզել, անոնց հասկցուց որ մարդիկ միշտ չէ որ իրենց մտիկ պիտի ընէին (Ղուկ. 10։3, 5, 6)։ Թերեւս մեր ծառայութեան մէջ հանդիպինք անձերու, որոնք կոշտ կամ նոյնիսկ յարձակողական ըլլան մեզի հետ։ Խօսքին բացը, երբ մարդիկ այսպէս վարուին, դժուար կրնայ ըլլալ որ կարեկցութիւն ունենանք եւ ուզենք անոնց քարոզել։

Կարեկից անձը ուրիշներուն պէտքերն ու խնդիրները կը տեսնէ, անոնց հետ կը զգայ եւ կ’ուզէ օգնել։ Բայց եթէ սկսինք ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած մարդոց հանդէպ մեր կարեկցութիւնը կորսնցնել, մեր նախանձախնդրութիւնն ալ պիտի կորսնցնենք եւ պիտի չկրնանք անոնց օգնել։ Մեր նախանձախնդրութիւնը կը նմանի կրակի։ Որպէսզի կրակը վառած մնայ, տախտակ պէտք է աւելցուի։ Նմանապէս, որպէսզի մեր նախանձախնդրութիւնը զօրաւոր մնայ, պէտք է մեր կարեկցութիւնը աւելցնենք (Ա. Թես. 5։19

Ինչպէ՞ս կրնանք աւելի կարեկից ըլլալ, նոյնիսկ եթէ շատ դժուար է։ Նկատի առնենք երեք անձնաւորութիւններ, որոնք կրնանք ընդօրինակել. Եհովան, Յիսուսը եւ Պօղոս առաքեալը։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ

Հազարաւոր տարիներէ ի վեր մարդիկ մեծ սուտեր կը խօսին Եհովային մասին, բայց ան «բարերար է ապերախտներուն ու չարերուն» (Ղուկ. 6։35)։ Ան ինչպէ՞ս իր բարութիւնն ու քաղցրութիւնը կը ցուցնէ։ Ան ամէնուն կը համբերէ եւ «կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին» (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Թէեւ Աստուած կ’ատէ չարութիւնը, բայց մարդիկ արժէքաւոր են իր աչքին, եւ չ’ուզեր որ մէկը մեռնի (Բ. Պետ. 3։9

Եհովան գիտէ որ Սատանան շատ վարպետ է մարդոց աչքերը կուրցնելու մէջ (Բ. Կոր. 4։3, 4)։ Շատեր պզտիկութենէն սուտեր սորված են Աստուծոյ մասին, որոնց պատճառով դժուար կ’ըլլայ որ ճշմարտութիւնը ընդունին։ Բայց Եհովան շատ կ’ուզէ այսպիսի անձերու օգնել։ Ինչպէ՞ս գիտենք։

Նկատէ թէ Եհովան ի՛նչ զգաց նինուէցիներուն հանդէպ։ Հակառակ որ վայրագ էին, ան Յովնանին ըսաւ. «Ես պիտի չխղճա՞մ Նինուէին, այն մեծ քաղաքին, որուն մէջ հարիւր քսան հազարէն աւելի մարդիկ կան, որոնք աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը չեն գիտեր» (Յովն. 4։11)։ Ան խղճաց այդ մարդոց, որոնք իրեն մասին ճշմարտութիւնը չէին գիտեր։ Այս պատճառով, Յովնանը ղրկեց որ զանոնք զգուշացնէ։

Մենք ալ մարդիկը արժէքաւոր կը նկատենք, ինչպէս որ Եհովան կը նկատէ։ Կրնանք զինք ընդօրինակել, ջանալով մտիկ ընողներուն օգնել որ իր մասին սորվին, նոյնիսկ երբ այնպէս երեւի թէ ճշմարտութիւնը պիտի չընդունին։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ

Յիսուս իր Հօր պէս խղճաց հոգեւոր պէտք ունեցող մարդոց։ «Ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս» (Մատ. 9։36)։ Յիսուս հասկցաւ որ անոնք ինչո՛ւ այդ վիճակին մէջ էին։ Կրօնական առաջնորդները անոնց հետ գէշ կերպով կը վարուէին եւ սուտեր կը սորվեցնէին։ Թէեւ ան գիտէր որ իրեն մտիկ ընողներէն շատեր իր հետեւորդները պիտի չդառնային, բայց շարունակեց ‘շատ բաներ սորվեցնել անոնց’ (Մար. 4։1-9

Յուսախաբ մի՛ ըլլար եթէ սկիզբը անհատը չհետաքրքրուի

Երբ մարդոց պարագաները փոխուին, թերեւս ճշմարտութեան հանդէպ անոնց կեցուածքն ալ փոխուի

Երբ մարդիկ մեր պատգամին չընդառաջեն, պէտք է ջանանք հասկնալ թէ ինչո՛ւ այդպէս կը վարուին։ Ոմանք Սուրբ Գիրքին մասին կամ քրիստոնեաներուն մասին գէշ գաղափար առած են, քանի որ տեսած են որ ինքզինքնին քրիստոնեայ կոչող անհատներ գէշ բաներ կ’ընեն։ Ուրիշներ սուտեր լսած են մեր հաւատալիքներուն մասին։ Իսկ ուրիշներ կը վախնան որ իրենց ազգականները եւ շրջանակը ծաղր ընեն զիրենք, եթէ մեզի հետ խօսին։

Ոմանք չեն ընդառաջեր, քանի որ ցաւալի փորձառութիւններ ունեցած են եւ զգացական գետնի վրայ շատ ազդուած են։ Քիմ անունով միսիոնար քոյր մը կ’ըսէ. «Մեր թաղամասին մէկ շրջանին մէջ շատեր պատերազմ տեսած են եւ իրենց բոլոր ունեցածները կորսնցուցած են։ Ապագային նկատմամբ ո՛չ մէկ յոյս ունին։ Անոնք յուսախաբ եղած են եւ մէկու մը չեն վստահիր։ Շատ անգամ այդ շրջանին մէջ կը հանդիպինք անհատներու, որոնք կը փորձեն կեցնել մեր քարոզչութիւնը։ Անգամ մը նոյնիսկ մէկը վրաս յարձակեցաւ մինչ կը քարոզէի»։

Քիմ ինչպէ՞ս կը շարունակէ կարեկցիլ մարդոց, նոյնիսկ երբ այս կերպով կը վարուին իրեն հետ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ մարդիկ գէշ կերպով կը վարուին ինծի հետ, կը փորձեմ միտքս պահել Առակաց 19։11–ը, որ կ’ըսէ. ‘Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ’։ Երբ յիշեմ որ անոնք ի՜նչ բաներէ անցած են, աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ անոնց կարեկցիմ։ Եւ բոլորը չեն որ թշնամական են։ Նոյն այդ շրջանին մէջ աղուոր վերայցելութիւններ ունինք»։

Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Եթէ մարդոց տեղը ըլլայի, ինչպէ՞ս պիտի հակազդէի, երբ Եհովայի վկաները ինծի քարոզէին’։ Օրինակ, եթէ Վկաներուն մասին շա՜տ սուտեր լսած ըլլայինք, ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջէինք։ Թերեւս այսպիսի պարագաներու մէջ մենք ալ ժխտական կերպով ընդառաջէինք եւ պէտք ունենայինք որ դիմացինը մեզի կարեկցի։ Յիսուս ըսաւ որ պէտք է մարդոց հետ վարուինք ճիշդ ինչպէս որ կ’ուզենք որ անոնք մեզի հետ վարուին։ Ուրեմն, պէտք է ջանանք մարդիկը հասկնալ եւ անոնց համբերել, նոյնիսկ երբ դժուար ըլլայ (Մատ. 7։12

ՊՕՂՈՍԻՆ ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ

Պօղոս առաքեալ կարեկցեցաւ նոյնիսկ վայրագ հակառակորդներուն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ չմոռցաւ թէ ինք անցեալին ինչպէ՛ս էր։ Ան ըսաւ. «Առաջ հայհոյիչ էի ու հալածող եւ թշնամանող. բայց ողորմութիւն գտայ, վասն զի անհաւատութեան մէջ եւ չգիտնալով ըրի» (Ա. Տիմ. 1։13)։ Ան գիտէր որ Եհովան եւ Յիսուս շատ ողորմած գտնուած էին իրեն հանդէպ։ Ան իր նախկին կեցուածքը կը տեսնէր կարգ մը մարդոց մէջ, որոնց կը քարոզէր։

Ատեններ, Պօղոս հանդիպեցաւ անհատներու, որոնք մեծ հաւատք ունէին սխալ ուսուցումներու հանդէպ։ Ան ի՞նչ զգաց։ Գործք 17։16–ը կ’ըսէ որ մինչ Աթէնքի մէջ էր, «անհանգիստ էր ներսիդին, վասն զի քաղաքը բոլորովին կռապաշտութեան մէջ ընկղմած կը տեսնէր»։ Բայց Պօղոս օգտագործեց նոյն այդ բանը որ զինք նեղացուց, որպէսզի մարդոց սորվեցնէ (Գործք 17։22, 23)։ Ան իր քարոզելու մեթոտները յարմարցուց մարդոց ենթահողերուն, որպէսզի ամէն գնով ‘մէկ քանիները ապրեցնէ’ (Ա. Կոր. 9։20-23

Կրնանք Պօղոսին պէս վարուիլ, երբ հանդիպինք անհատներու, որոնք ժխտական կերպով կը հակազդեն կամ սխալ հաւատալիքներ ունին։ Կրնանք անոնց մասին մեր գիտցածը օգտագործել, որպէսզի անոնց օգնենք «բարութեան աւետիս»ին մասին սորվելու (Եսա. 52։7)։ Տորոթի անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Մեր թաղամասին մէջ շատեր սորված են որ Աստուած խիստ է եւ մարդիկը արագօրէն կը դատապարտէ։ Կը գովեմ զանոնք, քանի որ Աստուծոյ հանդէպ մեծ հաւատք ունին, իսկ ետքը Սուրբ Գիրքէն կը ցուցնեմ, թէ Եհովան ինչպիսի՛ սիրալիր անձնաւորութիւն ունի եւ ի՛նչ խոստացած է ապագային նկատմամբ»։

«ԲԱՐԻՈՎ ՅԱՂԹԷ՛ ՉԱՐԻՆ»

Որքա՛ն աւելի աշխարհին վերջը մօտենայ, մարդիկ այնքան աւելի «չարութեան մէջ պիտի յառաջանան» (Բ. Տիմ. 3։1, 13)։ Բայց պէտք չէ այս պատճառին համար կորսնցնենք մեր կարեկցութիւնը կամ ուրախութիւնը։ Եհովան կրնայ պէտք եղած զօրութիւնը տալ մեզի, որպէսզի շարունակենք ‘բարիով յաղթել չարին’ (Հռով. 12։21)։ Ճեսիքա անունով ռահվիրայ մը կ’ըսէ. «Շատ անգամ կը հանդիպիմ անհատներու, որոնք խոնարհ չեն եւ ծաղր կ’ընեն մեզ եւ մեր պատգամը։ Ասիկա կը նեղացնէ զիս։ Երբ խօսակցութիւն մը սկսիմ, միտքէս Եհովային կ’աղօթեմ, որ ինծի օգնէ իր աչքով նայելու անհատին։ Ասիկա ինծի կ’օգնէ որ իմ զգացումներուս վրայ չկեդրոնանամ, հապա՝ մտածեմ թէ ինչպէ՛ս կրնամ անհատին օգնել»։

Կը շարունակենք փնտռել այն անձերը, որոնք կ’ուզեն ճշմարտութիւնը գտնել

Ժամանակի ընթացքին, ոմանք մեր ջանքերուն կ’ընդառաջեն եւ ճշմարտութիւնը կը սորվին

Նաեւ պէտք է մտածենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք քաջալերել մեր եղբայրներն ու քոյրերը, երբ միասին կը քարոզենք։ Ճեսիքան կ’ըսէ. «Երբ մեզմէ մէկուն գէշ բան մը պատահի ծառայութեան մէջ, կը փորձեմ եղածին վրայ չկեդրոնանալ։ Նաեւ նիւթը կը փոխեմ դրական բաներու։ Օրինակ, կը խօսիմ թէ քարոզչութիւնը ի՛նչ լաւ արդիւնքներ ունի, հակառակ որ ոմանք ժխտական կերպով կը հակազդեն»։

Եհովան շատ լաւ գիտէ թէ ծառայութեան մէջ ի՛նչ դժուարութիւններ կ’ունենանք։ Ան շա՜տ կ’ուրախանայ երբ իր կարեկցութիւնը կ’ընդօրինակենք (Ղուկ. 6։36)։ Անշուշտ, Եհովան յաւիտեան կարեկցութեամբ պիտի չվարուի մարդոց հետ։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ ան գիտէ, թէ ճիշդ ե՛րբ այս աշխարհին վերջը պիտի բերէ։ Մինչ այդ, շատ կարեւոր է որ քարոզչութիւնը առաջին տեղը դնենք (Բ. Տիմ. 4։2)։ Թող որ շարունակենք նախանձախնդրութեամբ եւ իսկական կարեկցութեամբ քարոզել ամէն տեսակ մարդոց։