Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Եթէ մարդ մը ու կին մը, որոնք իրարու հետ չեն ամուսնացած, նոյն տան մէջ պառկին անպատշաճ պայմաններու տակ եւ առանց վաւերական պատճառներու, ասիկա փա՞ստ է որ անոնք մեղք մը գործեցին եւ պէտք է դատական յանձնախումբ կազմուի։
Ա՛յո, առանց վաւերական պատճառներու նոյն տան մէջ առանձին գիշերը անցընելը զօրաւոր փաստ է, որ սեռային անբարոյութիւն գործուած է։ Ուրեմն, պէ՛տք է դատական յանձնախումբ կազմուի (Ա. Կոր. 6։18)։
Երէցներու մարմինը ամէն մէկ պարագան ուշադրութեամբ նկատի կ’առնէ, որպէսզի տեսնէ թէ արդեօք անպատշաճ պայմաններ կա՞ն, որոնք կը պահանջեն որ դատական յանձնախումբ կազմուի։ Օրինակ, երկուքին միջեւ ռոմանթիկ փոխյարաբերութիւն կա՞յ։ Անոնք նախապէս երէցներուն կողմէ խրատ ստացա՞ծ են՝ իրարու նկատմամբ իրենց վարքին մասին։ Ի՞նչ պայմաններ ձգեցին որ գիշերը միասին անցընեն։ Սկիզբէն ծրագրա՞ծ էին։ Անոնք ուրիշ ճար ունէի՞ն, թէ ոչ բան մը պատահեցաւ, որ իրենց ձեռքը չէր, ինչպէս՝ անակնկալ դէպք մը կամ ստիպողական պարագայ մը, որուն պատճառով ստիպուեցան գիշերը միասին անցընել (Ժող. 9։11)։ Անոնք ո՞ւր պառկեցան։ Եւ քանի որ պարագաները իրարմէ կը տարբերին, կրնայ ըլլալ որ ուրիշ տեղեկութիւններ ալ ըլլան, որոնք երէցներուն որոշումին կ’ազդեն։
Երէցներու մարմինը բոլոր տեղեկութիւնները նկատի առնելէ ետք կ’որոշէ, թէ դատական յանձնախումբ պէ՛տք է կազմուի կամ ոչ։