Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 29

«Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք»

«Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք»

«Գացէ՛ք բոլոր ազգերը [«ազգերէն մարդիկ», ՆԱ] աշակերտեցէք» (ՄԱՏ. 28։19

ԵՐԳ 144 Կեանքեր վտանգի տակ են

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. ա) Մատթէոս 28։18-20–ին մէջ արձանագրուած Յիսուսի պատուէրին համաձայն, քրիստոնէական ժողովքին գլխաւոր յանձնարարութիւնը ի՞նչ է։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներու պիտի պատասխանենք։

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ շատ խանդավառ ըլլալու էին, երբ լերան մը մէկ կողմը հաւաքուեցան։ Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք անոնց ըսած էր որ հոն երթան, որպէսզի իրեն հետ տեսնուին (Մատ. 28։16)։ Ատիկա թերեւս այն առիթն էր, երբ ան «հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ» (Ա. Կոր. 15։6)։ Յիսուս ինչո՞ւ այս հանդիպումը կարգադրեց։ Որպէսզի իր աշակերտներուն հետաքրքրական յանձնարարութիւն մը տայ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը [«ազգերէն մարդիկ», ՆԱ] աշակերտեցէք» (կարդա՛ Մատթէոս 28։18-20

2 Այն աշակերտները, որոնք Յիսուսի խօսքերը լսեցին, առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մաս կազմեցին։ Այդ ժողովքին գլխաւոր յանձնարարութիւնն էր՝ Քրիստոսի աշակերտներ * պատրաստել։ Ներկայիս, աշխարհի տարածքին, տասնեակ հազարաւոր ժողովքներ կան, որոնք ունին այդ նոյն գլխաւոր յանձնարարութիւնը։ Այս յօդուածին մէջ, պիտի պատասխանենք չորս հարցումներու. Աշակերտելը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ Ատիկա ի՞նչ կը պարփակէ։ Արդեօք բոլո՞ր քրիստոնեաները կրնան օգնել աշակերտելու։ Եւ ինչո՞ւ պէտք է այս գործին մէջ համբերող ըլլանք։

ԱՇԱԿԵՐՏԵԼԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

3. Յովհաննէս 14։6 եւ 17։3–ի համաձայն, աշակերտելու գործը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

3 Աշակերտելու գործը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ Քանի որ միայն Քրիստոսի աշակերտները կրնան Աստուծոյ բարեկամները դառնալ։ Ասկէ զատ, անոնք որոնք Քրիստոսի կը հետեւին, հի՛մա իրենց կեանքը կը բարելաւեն եւ յոյս կ’ունենան որ ապագային յաւիտեան ապրին (կարդա՛ Յովհաննէս 14։6. 17։3)։ Անկասկած, Յիսուս մեզի կարեւոր պատասխանատուութիւն մը տուած է, բայց այս գործը առանձին չենք ըներ։ Պօղոս առաքեալ իր եւ որոշ ընկերակիցներու մասին գրեց. «Մենք Աստուծոյ գործակից ենք» (Ա. Կոր. 3։9)։ Եհովան եւ Քրիստոսը ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում տուած են անկատար մարդոց։

4. Իվանի եւ Մէդիլտէյի փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

4 Աշակերտելու գործը կրնայ մեզ շա՜տ ուրախացնել։ Մտածէ Իվանի եւ իր կնոջ՝ Մէդիլտէյի օրինակին մասին, որոնք Քոլոմպիայի մէջ կ’ապրին։ Անոնք վկայեցին Տավիէր անունով երիտասարդի մը, որ իրենց ըսաւ. «Կ’ուզեմ կեանքիս մէջ փոփոխութիւններ ընել, բայց չեմ կրնար»։ Տավիէր կռփամարտիկ էր, թմրեցուցիչ կը գործածէր, ալքոլամոլ էր եւ իր ընկերուհիին՝ Էրիքայի հետ կ’ապրէր։ Իվան կը բացատրէ. «Սկսանք իրեն այցելել իր հեռաւոր գիւղին մէջ։ Ասիկա ընելու համար, ժամերով մեր հեծանիւները կը քշէինք ցեխոտ ճամբաներու վրայ։ Երբ Էրիքան Տավիէրի վարքին եւ կեցուածքին մէջ փոփոխութիւններ տեսաւ, ինքն ալ ուզեց Աստուածաշունչը սերտել»։ Ժամանակի ընթացքին, Տավիէր թմրեցուցիչի եւ ալքոլի գործածութիւնը կեցուց եւ կռփամարտը ձգեց։ Նաեւ Էրիքայի հետ ամուսնացաւ։ Մէդիլտէյ կ’ըսէ. «Երբ 2016–ին Տավիէր եւ Էրիքա մկրտուեցան, յիշեցինք Տավիէրի սկիզբի խօսքը. ‘Կ’ուզեմ փոխուիլ, բայց չեմ կրնար’։ Չկրցանք մեր արցունքները զսպել»։ Վստահաբար, մեծապէս կ’ուրախանանք, երբ մարդոց կ’օգնենք որ Քրիստոսի աշակերտները դառնան։

ԱՇԱԿԵՐՏԵԼԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՐՓԱԿԷ

5. Ի՞նչ է աշակերտելու առաջին քայլը։

5 Աշակերտելու առաջին քայլը կ’առնենք, երբ կը փնտռենք անհատներ, որոնք յօժար են Աստուծոյ մասին սորվելու (Մատ. 10։11)։ Երբ կը ջանանք թաղամասին մէջ բոլորին վկայել եւ քարոզելու պատուէրին հնազանդիլ, կը փաստենք որ իրապէս Եհովայի վկաներ եւ ճշմարիտ քրիստոնեաներ ենք։

6. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ ծառայութեան մէջ յաջողինք։

6 Ոմանք կը տենչան սուրբգրային ճշմարտութիւնները սորվիլ, բայց շատեր սկիզբը անտարբեր կը թուին։ Հարկ կ’ըլլայ որ իրենց հետաքրքրութիւնը արթնցնենք։ Ծառայութեան մէջ յաջողելու համար, պէտք է լաւ նախապատրաստուինք։ Ընտրէ մասնայատուկ նիւթեր, որոնցմով հաւանաբար մարդիկ պիտի հետաքրքրուին։ Ետքը, ծրագրէ թէ իւրաքանչիւր նիւթ ինչպէ՛ս պիտի ներկայացնես։

7. ա) Ինչպէ՞ս կրնաս մէկու մը հետ խօսակցութիւն սկսիլ։ բ) Քու կարծիքովդ ինչո՞ւ կարեւոր է որ անհատին մտիկ ընենք եւ յարգանք ցուցնենք։

7 Օրինակ, կրնաս տանտիրոջ հարցնել. «Կրնա՞մ բանի մը շուրջ ձեր կարծիքը առնել։ Շատեր կը վհատին, քանի որ կը ստիպուին օրական երկար ժամեր աշխատիլ, որպէսզի դրամ շահին իրենց ընտանիքին հոգ տանելու համար։ Կը կարծէ՞ք որ պիտի գայ ժամանակ մը, երբ բոլոր մարդիկ երջանիկ կեանք պիտի ունենան»։ Ետքը կրնաս քննարկել Եսայի 65։21, 22։ Կամ, կրնաս մէկու մը հարցնել. «Ձեր կարծիքով ի՞նչն է լաւագոյն կերպը լաւ վարք ունեցող պզտիկներ մեծցնելու»։ Ետքը, քննարկէ Բ. Օրինաց 6։6, 7։ Ի՛նչ նիւթ ալ որոշես քննարկել, մտածէ այն մարդոց մասին, որոնք քեզի մտիկ պիտի ընեն։ Երեւակայէ թէ որքա՜ն պիտի օգտուին գիտնալով Աստուածաշունչին սորվեցուցածները։ Անոնց հետ խօսած ատեն, կարեւոր է որ իրենց մտիկ ընես եւ իրենց տեսակէտը յարգես։ Այդպիսով պիտի կարենաս զիրենք աւելի լաւ հասկնալ եւ աւելի հաւանական պիտի ըլլայ որ ըսածներդ մտիկ ընեն։

8. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք ջանալ անհատին վերայցելել։

8 Առաջ որ անհատը որոշէ Աստուածաշունչը սերտել, թերեւս հարկ ըլլայ որ ժամանակ տրամադրես եւ ջանք թափես որ վերայցելութիւններ ընես։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդիկ թերեւս միշտ տունը չըլլան։ Ասկէ զատ, թերեւս հարկ ըլլայ որ քանի մը անգամ տանտիրոջ վերայցելես, մինչեւ որ քեզի հետ հանգիստ զգայ եւ ընդունի Աստուածաշունչը սերտել։ Յիշէ որ բոյս մը աւելի հաւանական է որ աճի, երբ կանոնաւորաբար ջրուի։ Նոյնպէս, Եհովայի եւ Քրիստոսի հանդէպ հետաքրքրուած անհատի մը սէրը աւելի հաւանական է որ աճի, երբ կանոնաւորաբար իրեն հետ Աստուծոյ Խօսքը քննարկենք։

ԱՐԴԵՕՔ ԲՈԼՈ՞Ր ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՕԳՆԵԼ ԱՇԱԿԵՐՏԵԼՈՒ

Աշխարհի տարածքին, բոլոր Եհովայի վկաները բաժին կը բերեն արժանաւորները փնտռելուն մէջ (տե՛ս պարբերութիւն 9-10) *

9-10. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ բաժին կը բերէ անկեղծ անհատներ գտնելուն մէջ։

9 Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ բաժին ունի անկեղծ մարդոց օգնելու մէջ։ Այս գործը կրնանք նմանցնել կորսուած պզտիկ մը փնտռելուն։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առ իրական դէպք մը որ պատահեցաւ երեք տարեկան տղու մը։ Երբ ան կորսուեցաւ, շուրջ 500 մարդիկ զինք փնտռելու ելան։ Պզտիկը կորսուելէն մօտաւորապէս 20 ժամ ետք, փնտռողներէն մէկը զինք գտաւ դաշտի մը մէջ։ Ան մերժեց պզտիկը գտնելուն վարկը իրեն տալ, ըսելով. «Հարիւրաւոր մարդիկ բաժին բերին պզտիկը գտնելուն մէջ»։

10 Շատեր այդ տղեկին պէս են. անոնք կորսուած կը զգան։ Յոյս չունին, բայց օգնութեան պէտք ունին (Եփ. 2։12)։ Աւելի քան ութ միլիոն Վկաներ կը ջանան այդ արժանաւորները գտնել։ Թերեւս անձամբ չգտնես մէկը որ քեզի հետ Աստուածաշունչը սերտէ։ Սակայն, նոյն թաղամասին մէջ ծառայող ուրիշ հրատարակիչներ թերեւս գտնեն մէկը, որ կ’ուզէ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Երբ եղբայր մը կամ քոյր մը հանդիպի մէկու մը, որ յետագային Քրիստոսի աշակերտ կ’ըլլայ, բոլո՛ր անոնք՝ որոնք փնտռեցին, կրնան ուրախանալ։

11. Նոյնիսկ եթէ դաս չես վարեր, ի՞նչ կերպերով կրնաս օգնել աշակերտներ պատրաստելու։

11 Նոյնիսկ եթէ ներկայիս դաս չես վարեր, կրնաս ուրիշ կերպերով օգնել աշակերտներ պատրաստելու։ Օրինակ, կրնաս նորեկներուն բարի գալուստ մաղթել եւ իրենց հետ բարեկամանալ, երբ Թագաւորութեան սրահ գան։ Այդպիսով, անոնք պիտի համոզուին որ ճշմարիտ քրիստոնեաները սիրով կը բնորոշուին (Յովհ. 13։34, 35)։ Ժողովներու ընթացքին տուած պատասխաններդ, թէեւ կարճ ըլլան, կրնան նորեկներուն սորվեցնել որ իրենց հաւատքը արտայայտեն անկեղծ եւ յարգալից կերպով։ Կրնաս նաեւ նոր հրատարակիչի մը հետ ծառայութեան ելլել եւ իրեն օգնել, որ Սուրբ Գիրքը գործածէ մարդոց սորվեցնելու համար։ Այդպէս ընելով, իրեն պիտի սորվեցնես որ Քրիստոսը ընդօրինակէ (Ղուկ. 10։25-28

12. Աշակերտելու համար, պէ՞տք է յատուկ կարողութիւններ ունենալ. բացատրէ։

12 Մեզմէ ո՛չ մէկը պէտք է մտածէ, որ յատուկ կարողութիւններ պէտք է ունենայ աշակերտելու համար։ Ինչո՞ւ։ Տե՛ս Ֆաուսթինայի օրինակը, որ Պոլիվիայի մէջ կ’ապրի։ Ան կարդալ չէր գիտեր երբ սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ ընկերակցիլ։ Անկէ ի վեր սորված է որոշ չափով կարդալ։ Ան այժմ մկրտուած է եւ կը սիրէ ուրիշներուն սորվեցնել։ Սովորաբար, ամէն շաբաթ հինգ ուսումնասիրութիւններ կը վարէ։ Հակառակ անոր որ իր աշակերտներուն պէս չի կրնար լաւ կարդալ, ան վեց անհատներու օգնած է, որ մկրտութեան քայլը առնեն (Ղուկ. 10։21

13. Նոյնիսկ եթէ զբաղած ենք, ի՞նչ օրհնութիւններ կրնանք ունենալ աշակերտելու գործին մէջ։

13 Քրիստոնեաներէն շատեր ծանրաբեռնուած են կարեւոր պատասխանատուութիւններով։ Բայց եւ այնպէս, անոնք ժամանակ կը գտնեն Աստուածաշունչի դասեր վարելու, եւ ասիկա զիրենք շատ կ’ուրախացնէ։ Նկատէ Մէլանիի օրինակը։ Ան ամուսին չունէր եւ իր ութ տարեկան աղջիկը կը մեծցնէր Ալասքայի մէջ։ Ասկէ զատ, լման ժամանակով կ’աշխատէր եւ քաղցկեղէ տառապող իր ծնողին հոգ կը տանէր։ Մէլանի իր ապրած գիւղաքաղաքին մէջ միակ Վկան էր։ Ան աղօթքով զօրութիւն կը խնդրէր որ ցուրտ օդին քարոզելու ելլէ, քանի որ իրապէս կ’ուզէր գտնել մէկը, որուն հետ կրնար Աստուածաշունչը սերտել։ Ի վերջոյ Մէլանի Սառային ծանօթացաւ, որ շատ ուրախացաւ գիտնալով, թէ Աստուած անուն ունի։ Ժամանակ մը ետք, Սառան ընդունեց Աստուածաշունչը սերտել։ Մէլանի կ’ըսէ. «Ամէն ուրբաթ երեկոյեան, ուժասպառ կ’ըլլայի, բայց աղջիկիս հետ կ’երթայի որ այդ դասը վարեմ, եւ երկուքս ալ կ’օգտուէինք։ Մեզի համար հաճոյք էր Սառայի հարցումներուն պատասխանները փնտռել, եւ շատ ուրախ էինք որ ան Եհովային հետ բարեկամութիւն կը մշակէր»։ Սառան քաջութեամբ հակառակութեան տոկաց, իր եկեղեցին ձգեց եւ մկրտուեցաւ։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՇԱԿԵՐՏԵԼՈՒ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ ՊԷՏՔ Է ՀԱՄԲԵՐՈՂ ԸԼԼԱՆՔ

14. ա) Աշակերտելու գործը ինչպէ՞ս կը նմանի ձկնորսութեան։ բ) Բ. Տիմոթէոս 4։1, 2–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերը ինչպէ՞ս կ’ազդեն քեզի։

14 Նոյնիսկ եթէ այնպէս կ’երեւի որ ծառայութիւնդ արդիւնաբեր չէ, շարունակէ փնտռել անհատներ, որոնք պիտի ուզեն աշակերտներ դառնալ։ Յիշէ՛ որ Յիսուս աշակերտելու գործը նմանցուց ձկնորսութեան։ Ձկնորսները թերեւս ժամերով սպասեն, մինչեւ որ ձուկ մը բռնեն։ Անոնք յաճախ գիշերուան ուշ կամ առտուան կանուխ ժամերուն ձկնորսութիւն կ’ընեն, եւ երբեմն կը ստիպուին իրենց նաւով աւելի հեռու տեղեր երթալ (Ղուկ. 5։5)։ Նոյնպէս, կարգ մը քարոզիչներ համբերութեամբ ժամերով «ձկնորսութիւն» կ’ընեն տարբեր ժամերու եւ տարբեր վայրերու մէջ։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի աւելի՛ մարդոց հանդիպին։ Անոնք որոնք յաւելեալ ջանք կը թափեն, յաճախ կը վարձատրուին, քանի որ կը ծանօթանան անհատներու, որոնք մեր պատգամով հետաքրքրուած են։ Կրնա՞ս ջանալ քարոզել օրուան այն պահուն, երբ աւելի հաւանական է որ մարդոց հանդիպիս, կամ երթալ վայր մը, ուր աւելի հաւանական է որ զիրենք գտնես (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 4։1, 2

Համբերութեամբ աշակերտներուդ օգնէ որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն (տե՛ս պարբերութիւն 15-16) *

15. Ինչո՞ւ Աստուածաշունչի դասեր վարելու համար պէտք է համբերող ըլլալ։

15 Աստուածաշունչի դասեր վարելու նկատմամբ, ինչո՞ւ պէտք է համբերող ըլլանք։ Պատճառներէն մէկը այն է, թէ ոչ միայն պէտք է աշակերտին օգնենք, որ Աստուածաշունչին ուսուցումները գիտնայ եւ սիրէ, հապա նաեւ պէտք է օգնենք, որ Աստուածաշունչին հեղինակը՝ Եհովա՛ն ճանչնայ եւ սիրէ։ Եւ ոչ միայն աշակերտին պէտք է սորվեցնենք թէ Յիսուս իր աշակերտներէն ի՛նչ կը պահանջէ, հապա նաեւ պէտք է օգնենք, որ գիտնայ թէ ինչպէ՛ս պէտք է իր սորվածները գործադրէ։ Պէտք է համբերութեամբ իրեն օգնենք, մինչ կը ջանայ Աստուածաշունչին սկզբունքները գործադրել։ Ոմանք կրնան իրենց մտածումները եւ սովորութիւնները փոխել միայն քանի մը ամսուան մէջ, մինչդեռ ուրիշներու հետ ասիկա ընելը աւելի երկար ժամանակ կ’առնէ։

16. Ռաուլի փորձառութենէն ի՞նչ սորվեցար։

16 Փերուի մէջ միսիոնար մը ունեցաւ փորձառութիւն մը, որ ցոյց կու տայ համբերող ըլլալուն օգուտները։ Միսիոնարը ըսաւ. «Ռաուլ անունով աշակերտի մը հետ երկու գիրք սերտեցի, բայց ան դեռ դժուարութիւն կը գտնէր իր սորվածը գործադրելու։ Անյաջող ամուսնական կեանք ունէր, կը հայհոյէր, եւ իր պզտիկներուն համար դժուար էր զինք յարգել։ Ան կանոնաւորաբար ժողովներու կ’երթար, անոր համար շարունակեցի իրեն այցելել՝ իրեն եւ իր ընտանիքին օգնելու համար։ Իրեն ծանօթանալէս աւելի քան երեք տարի ետք, որակեալ դարձաւ մկրտուելու»։

17. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

17 Յիսուս մեզի պատուիրած է որ ‘երթանք եւ բոլոր ազգերէն մարդիկ աշակերտենք’։ Այս յանձնարարութիւնը կատարելու համար, յաճախ հարկ կ’ըլլայ որ խօսինք մարդոց հետ, որոնց մտածելակերպը շատ տարբեր է մեր մտածելակերպէն, մէջը ըլլալով անոնք՝ որոնք որեւէ կրօնական կազմակերպութեան չեն պատկանիր կամ Աստուծոյ գոյութեան չեն հաւատար։ Յաջորդ յօդուածը կը քննարկէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք բարի լուրը այսպիսի մարդոց ներկայացնել։

ԵՐԳ 98 Թագաւորութեան սերմեր ցանենք

^ պարբ. 5 Քրիստոնէական ժողովքին գլխաւոր յանձնարարութիւնն է՝ մարդոց օգնել որ Քրիստոսի աշակերտները ըլլան։ Յօդուածը գործնական առաջարկներ կու տայ, որոնք մեզի պիտի օգնեն որ մեր յանձնարարութիւնը կատարենք։

^ պարբ. 2 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Քրիստոսի աշակերտները ոչ միայն կը սորվին Յիսուսին ուսուցումները, հապա նաեւ իրենց սորվածը կը գործադրեն։ Անոնք կը ջանան Յիսուսի շաւիղներուն, կամ օրինակին, կարելի եղածին չափ մօտէն հետեւիլ (Ա. Պետ. 2։21

^ պարբ. 52 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Արձակուրդ առած տղամարդ մը, օդակայանին մէջ Վկաներէն հրատարակութիւն մը կ’առնէ։ Ետքը, պտըտած ատեն, ան կը տեսնէ Վկաներ, որոնք հանրային վկայութիւն կ’ընեն։ Իր երկիրը վերադառնալէ ետք, հրատարակիչներ իր դուռը կը զարնեն։

^ պարբ. 54 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Նոյն տղամարդը կ’ընդունի Աստուածաշունչը սերտել։ Ի վերջոյ, ան կը մկրտուի։