Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Եհովան ակնկալածէս շատ աւելի զիս օրհնած է

Եհովան ակնկալածէս շատ աւելի զիս օրհնած է

‘ՊԷՏՔ է ռահվիրայ ըլլամ։ Բայց թերեւս ռահվիրայութիւնը ձանձրացուցիչ է’, կը խորհէի։ Գերմանիոյ մէջ կը սիրէի գործս. ուտեստեղէն ղրկել ափրիկեան բազմաթիւ տեղեր, ինչպէս՝ Տար էս Սալամ, Էլիզապէթվիլ եւ Ասմարա։ Միտքիս ծայրէն չանցաւ, որ օր մը օրանց լիաժամօրէն Եհովային պիտի ծառայէի Ափրիկէի այս եւ շատ մը ուրիշ վայրերու մէջ։

Երբ վերջապէս կասկածներս յաղթահարեցի եւ ռահվիրայութեան սկսայ, կեանքս փոխուեցաւ այնպիսի կերպով մը, որ բոլոր ակնկալութիւններս գերազանցեց (Եփ. 3։20)։ Բայց թերեւս հարցնէք, թէ ասիկա ինչպէ՛ս պատահեցաւ։ Սկիզբէն պատմեմ։

1939–ին ծնայ Պերլին, Գերմանիա, Համաշխարհային Բ. պատերազմը սկսելէն միայն քանի մը ամիս ետք։ 1945–ին, մինչ պատերազմը վերջ գտնելու վրայ էր, Պերլինը օդային յարձակումներու ենթարկուեցաւ։ Օդային հարուածի մը ընթացքին, մեր փողոցը ռմբակոծուեցաւ, եւ ես ու ընտանիքս պատսպարան մը փախանք։ Ետքը, մեր ապահովութեան համար փոխադրուեցանք Էրֆուրթ՝ մօրս ծննդավայրը։

Ծնողքիս եւ քրոջս հետ՝ Գերմանիոյ մէջ, շ. 1950

Մայրս լրջօրէն ճշմարտութիւնը փնտռեց։ Ան փիլիսոփաներու գիրքերը կարդաց եւ տարբեր կրօնքներ քննեց, բայց չգոհացաւ։ Շուրջ 1948–ին, երկու Վկաներ մեր դուռը զարկին։ Մայրս զանոնք ներս հրաւիրեց եւ ետեւ–ետեւի հարցումներ հարցուց։ Մէկ ժամ չանցած, ինծի եւ պզտիկ քրոջս ըսաւ. «Գտա՛յ ճշմարտութիւնը»։ Ատկէ կարճ ժամանակ ետք, մայրս, քոյրս եւ ես սկսանք ժողովներու երթալ Էրֆուրթի մէջ։

1950–ին, ետ Պերլին փոխադրուեցանք եւ ընկերակցեցանք Պերլին–Քրոյցպերկ ժողովքին։ Իսկ երբ Պերլինի մէջ ուրիշ շրջան մը փոխադրուեցանք, սկսանք Պերլին–Թեմփըլհօֆ ժողովքին ժողովներուն ներկայ ըլլալ։ Ժամանակի ընթացքին, մայրս մկրտուեցաւ, բայց ես վարանեցայ։ Ինչո՞ւ։

ԱՄՉԿՈՏՈՒԹԻՒՆՍ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵՑԻ

Ամչկոտութեանս պատճառով, շատ չյառաջդիմեցի։ Թէեւ կ’ելլէի ծառայութեան, բայց երկու տարի չհամարձակեցայ քարոզել։ Ամէն բան փոխուեցաւ, երբ ժամանակ անցուցի եղբայրներու եւ քոյրերու հետ, որոնք Եհովայի ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ու քաջ էին։ Ոմանք բանտարկուած էին նացի համակեդրոնացման ճամբարներու մէջ կամ Արեւելեան Գերմանիոյ բանտերուն մէջ։ Ուրիշներ իրենց ազատութիւնը վտանգած էին, գաղտնօրէն հրատարակութիւններ փոխադրելով դէպի Արեւելեան Գերմանիա։ Անոնց օրինակը զիս խորապէս տպաւորեց։ Մտածեցի որ եթէ անոնք իրենց կեանքն ու ազատութիւնը վտանգի տակ դրին Եհովային եւ իրենց եղբայրներուն համար, ես գոնէ ամչկոտութեանս վրայ պէտք է աշխատիմ։

Երբ 1955–ին մասնակցեցայ յատուկ քարոզարշաւի մը, սկսայ ամչկոտութիւնս մէկ կողմ դնել։ Եղբայր Նաթան Նոր Տեղեկատու * թերթիկին մէջ ծանուցանեց, որ այդ արշաւը կազմակերպութեան պատմութեան մէջ ամենամեծ արշաւներէն մէկն է։ Ան ըսաւ որ եթէ բոլոր հրատարակիչները մասնակցին, «երկրի վրայ վկայելու ամէնէն հոյակապ ամիսը պիտի ունենանք»։ Որքա՜ն ճշմարիտ էին այդ խօսքերը։ Շատ չանցած, Եհովային նուիրուեցայ եւ 1956–ին մկրտուեցայ՝ հօրս եւ քրոջս հետ։ Բայց կարճ ժամանակ ետք, ուրիշ կարեւոր որոշումի մը առջեւ գտնուեցայ։

Տարիներ շարունակ գիտէի, որ ռահվիրայութիւնը ի վերջոյ պէտք է ասպարէզս ըլլայ, բայց զայն միշտ կը յետաձգէի։ Որոշեցի նա՛խ սորվիլ Պերլինի մէջ որոշ հաստատութիւններէ ապրանքներ գնել եւ ուրիշ երկիրներու մէջ ծախել։ Անկէ ետք ուզեցի գործիս մարզին մէջ ժամանակ մը աշխատիլ, որպէսզի փորձառութիւն ձեռք ձգեմ։ Այդ նպատակով, 1961–ին գործ մը ընդունեցի Համպուրկի մէջ, որ Գերմանիոյ ամենամեծ նաւահանգիստն է։ Գործս երթալէն աւելի սիրելով, շարունակեցի լիաժամ ծառայութիւնը յետաձգել։ Ի՞նչ պիտի ընէի։

Երախտապարտ եմ որ Եհովան սիրալիր եղբայրներ գործածեց, որ ինծի օգնէ հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնելու։ Ընկերներէս ոմանք ռահվիրայութեան սկսած էին եւ ինծի համար լաւ օրինակ եղան։ Ասկէ զատ, եղբայր Էյրիխ Մունտ, որ համակեդրոնացման ճամբարի մը մէջ եղած էր, զիս քաջալերեց որ Եհովային վստահիմ։ Ան ըսաւ որ համակեդրոնացման ճամբարին մէջ այն եղբայրները, որոնք իրենց անձին ապաւինեցան, յետագային հոգեւորապէս տկարացան։ Բայց անոնք, որոնք Եհովային լիովին վստահեցան, հաւատարիմ մնացին եւ ժողովքին մէջ սիւներ եղան։

Երբ ռահվիրայ եղայ, 1963

Նաեւ, եղբայր Մարթին Փոցինկըր, որ յետագային ծառայեց որպէս Կառավարիչ մարմինի մէկ անդամ, միշտ եղբայրները կը քաջալերէր՝ ըսելով. «Քաջութիւնը ամէնէն թանկագին բանն է որ կրնաք ունենալ»։ Այդ խօսքերուն վրայ խոկալով, վերջապէս աշխարհիկ գործս ձգեցի եւ յունիս 1963–ին ռահվիրայութեան սկսայ։ Ատիկա ամենալաւ որոշումս էր։ Երկու ամիս ետք, նոյնիսկ նոր գործ փնտռելու չսկսած, որպէս մասնաւոր ռահվիրայ նշանակուեցայ։ Իսկ քանի մը տարի ետք, Եհովան զիս անակնկալի բերաւ. Գաղաադի դպրոցին 44–րդ դասարանին հրաւիրուեցայ։

ԳԱՂԱԱԴԻ ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ ԱՆԳԻՆ ԴԱՍ ՄԸ ՍՈՐՎԵՑԱՅ

«Ձեր նշանակումին մէջ դիւրին–դիւրին մի՛ յանձնուիք». ասիկա ամենակարեւոր դասերէն մէկն էր որ սորվեցայ, մանաւանդ եղբայր Նաթան Նորէն եւ եղբայր Լայմըն Սուինկըլէն։ Անոնք մեզ քաջալերեցին մեր նշանակումին մէջ մնալ նոյնիսկ դժուարութիւններու դիմաց։ Եղբայր Նոր ըսաւ. «Ինչի՞ վրայ պիտի կեդրոնանաք։ Աղտեղութեա՞ն վրայ, միջատներո՞ւն վրայ, աղքատութեա՞ն վրայ, թէ՞ պիտի նկատէք ծառերը, ծաղիկները եւ ուրախ դէմքերը։ Սորվեցէք մարդիկը սիրել»։ Օր մը, երբ եղբայր Սուինկըլ կը բացատրէր, թէ ինչո՛ւ կարգ մը եղբայրներ արագօրէն վազ անցան իրենց նշանակումէն, դժուարաւ ինքզինք զսպեց, մինչ աչքերը լեցուեցան։ Ան ստիպուեցաւ դասախօսութիւնը կեցնել, որպէսզի ինքզինք գտնէ։ Շա՜տ ազդուեցայ եւ վճռեցի յուսախաբ չընել ո՛չ Քրիստոսը, ոչ ալ անոր հաւատարիմ եղբայրները (Մատ. 25։40

Ես, Քլոտ եւ Հայնրիխ որպէս միսիոնարներ Լուպումպաշիի մէջ, Քոնկօ, 1967

Երբ մեր նշանակումները ստացանք, կարգ մը բեթէլականներ առ ի հետաքրքրութիւն մեզմէ ոմանց հարցուցին, թէ ո՛ւր պիտի երթանք։ Ամէն մէկ նշանակումին մասին դրական բան մը ըսին, մինչեւ որ կարգս եկաւ եւ ըսի. «Քոնկօ (Քինշասա)»։ Անոնք սառեցան, ապա միայն ըսին. «Օ՜, Քոնկօ։ Եհովան հե՛տդ ըլլայ»։ Այդ օրերուն, լրատուամիջոցները յաճախ կը խօսէին Քոնկօ (Քինշասա) երկրին մէջ տեղի ունեցող խիստ պատերազմին մասին։ Բայց միտքս պահեցի ինչ որ սորվեցայ Գաղաադի դպրոցին մէջ։ Սեպտեմբեր 1967–ին շրջանաւարտ եղանք։ Քիչ ետք, ես, Հայնրիխ Տենպոզթէլ եւ Քլոտ Լինզի ճամբորդեցինք դէպի Քոնկոյի մայրաքաղաքը՝ Քինշասա։

ՄԻՍԻՈՆԱՐԱԿԱՆ ՀՈՅԱԿԱՊ ՄԱՐԶՈՒՄ ՄԸ

Քինշասա հասնելէ ետք, երեք ամիս ֆրանսերէն լեզուի դասեր առինք։ Ետքը, փոխադրուեցանք Լուպումպաշի (նախապէս՝ Էլիզապէթվիլ), որ կը գտնուի Քոնկոյի հեռաւոր հարաւը՝ Զամպիայի սահմանին մօտ։ Քաղաքին կեդրոնը գտնուող միսիոնարական տան մէջ մնացինք։

Լուպումպաշիի մեծ մասը չքարոզուած թաղամաս էր, ատոր համար շատ ուրախ էինք որ առաջին անհատներն էինք, որ բարի լուրը բնակիչներուն պիտի քարոզէինք։ Շուտով ա՛յնքան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ ունեցանք, որ չէինք կրնար բոլորը վարել։ Նաեւ վկայութիւն տուինք պաշտօնեաներու, որոնք կ’աշխատէին կառավարութեան կամ ոստիկանութեան քով։ Շատեր մեծ յարգանք ցոյց տուին Աստուծոյ Խօսքին եւ մեր քարոզչութեան հանդէպ։ Մարդիկ գլխաւորաբար սուահիլի լեզուն կը խօսէին, անոր համար ես ու Քլոտ Լինզին այդ լեզուն ալ սորվեցանք։ Շատ չանցած, ղրկուեցանք սուահիլի խօսող ժողովքի մը։

Թէեւ բազմաթիւ հիանալի փորձառութիւններ ունեցանք, բայց դժուարութիւններ ալ դիմագրաւեցինք։ Յաճախ պէտք էր գլուխ ելլէինք գինով զինեալներու կամ կռուազան ոստիկաններու հետ, որոնք մեզի դէմ սուտ ամբաստանութիւններ կ’ընէին։ Անգամ մը, մինչ միսիոնարական տան մէջ մեր ժողովքային հանդիպումը կ’ունենայինք, ներս խուժեցին զինեալ ոստիկաններ եւ մեզ տարին կեդրոնական ոստիկանատունը, ուր ստիպեցին որ աղտոտ գետինը նստինք մինչեւ գիշերուան ժամը տասը. ետքը՝ ազատ արձակեցին։

1969–ին, նշանակուեցայ շրջագայական գործին։ Որպէս շրջանային տեսուչ, ատեններ երկար ճամբաներ քալեցի՝ ցեխի եւ բարձր խոտերու մէջէն, ինչ որ սովորական բան մըն է Ափրիկէի մէջ։ Գիւղի մը մէջ, անկողինիս տակ հաւ մը իր ճուտիկներուն հետ կը գիշերէր։ Բնաւ պիտի չմոռնամ թէ ինչպէս առտուները արեւածագէն առաջ մեծ աղմուկով զիս կ’արթնցնէր։ Կարօտով կը յիշեմ թէ ինչպէս իրիկունները եղբայրներուն հետ խարոյկի շուրջ նստած՝ սուրբգրային ճշմարտութիւններու մասին կը խօսէի։

Ամենամեծ խնդիրներէն մէկը այն անհատներն էին, որոնք կը ձեւացնէին Եհովայի վկայ ըլլալ, բայց Քիդաուալա շարժումին հետեւորդներ էին *։ Անոնցմէ ոմանք մկրտուեցան եւ նոյնիսկ որպէս երէց ծառայեցին։ Շատեր ժողովքին մէջ «ստորջրեայ ժայռեր»ու պէս էին, բայց հաւատարիմ եղբայրներն ու քոյրերը զանոնք քօղազերծեցին (Յդ. 12, ՆԱ)։ Ժամանակի ընթացքին Եհովան ժողովքները մաքրեց եւ ճամբայ հարթեց հոյակապ աճումի։

1971–ին, նշանակուեցայ ծառայելու մասնաճիւղին մէջ, Քինշասա, ուր հոգ տարի զանազան գործերու, ինչպէս՝ թղթակցութիւն, հրատարակութիւններու ապսպրանքներ եւ քարոզչութեան վերաբերեալ հարցեր։ Բեթէլին մէջ, սորվեցայ ինչպէս մեր գործունէութիւնը կազմակերպել հսկայ երկրի մը մէջ, ուր ճամբաները, ելեկտրականութիւնը եւ փոխադրամիջոցները վատ վիճակի մէջ էին։ Ատեններ օդային թղթատարը քանի մը ամիս կ’առնէր ժողովքներուն հասնելու համար։ Ինչո՞ւ։ Նամակները օդանաւէն կը փոխադրուէին նաւերու, եւ անոնք շաբաթներով կը կախուէին խիտ ջրայակինթներու մէջ։ Բայց եւ այնպէս, գործը կը կատարուէր հակառակ այսպիսի դժուարութիւններու։

Կ’ապշէի տեսնելով թէ ինչպէ՛ս եղբայրները քիչ դրամ ունենալով հանդերձ, մե՜ծ համաժողովներ կը կազմակերպէին։ Անոնք ճերմակ մրջիւններու շինած կառոյցէն բեմ կը պատրաստէին, երկար փղախոտերով պատ կ’ընէին, իսկ զանոնք փաթթելով նստարաններ կը շինէին։ Հնդկեղէգը կը գործածէին որպէս ձող, իսկ խսիրով կը կազմէին տանիք կամ սեղան։ Ծառի կեղեւը շերտերու կը կտրէին եւ որպէս գամ կը գործածէին։ Ես կը հիանայի այդ հնարամիտ եղբայրներուն եւ քոյրերուն վրայ։ Անոնք ինծի շատ սիրելի դարձան։ Որչա՜փ կը փնտռէի զիրենք, երբ ղրկուեցայ ուրիշ նշանակումի մը։

ՔԵՆԻՈՅ ՄԷՋ ԾԱՌԱՅԵՑԻ

1974–ին, փոխադրուեցայ Քենիոյ մասնաճիւղը, Նայրոպիի մէջ։ Շատ գործ կար ընելիք, քանի որ Քենիոյ մասնաճիւղը քարոզչութեան հոգ կը տանէր շրջակայ տասը երկիրներու մէջ, որոնցմէ ոմանք արգիլած էին մեր գործունէութիւնը։ Յաճախ այցելեցի այդ երկիրները, մասնաւորաբար՝ Եթովպիան, ուր մեր եղբայրները հալածանք կը կրէին եւ դաժան փորձութիւններէ կ’անցնէին։ Շատերու հետ վայրագօրէն վարուեցան կամ բանտը նետեցին, եւ ոմանք նոյնիսկ սպաննեցին։ Բայց եղբայրները հաւատարմօրէն տոկացին, քանի որ Եհովայի եւ իրարու հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունէին։

1980–ին, կեանքիս մէջ ուրախալի փոփոխութիւն մը եղաւ, երբ ամուսնացայ Կէյլ Մէթսընի հետ, որ ծագումով Քանատայէն է։ Մենք Գաղաադի դպրոցին նոյն դասարանն էինք։ Նամակներով իրարու հետ կապ պահեցինք։ Ան Պոլիվիայի մէջ որպէս միսիոնար կը ծառայէր։ 12 տարի ետք, դարձեալ տեսնուեցանք Նիւ Եորքի մէջ։ Անկէ քիչ ետք, Քենիոյ մէջ ամուսնացանք։ Շատ կը գնահատեմ Կէյլին հոգեւոր մտայնութիւնը եւ օրինակելի գոհունակութիւնը։ Ան մինչեւ հիմա իմ թանկագին օգնականս եւ սիրալիր ընկերակիցս է։

1986–ին, նշանակուեցանք շրջագայական գործին, եւ միեւնոյն ատեն ծառայեցի որպէս Մասնաճիւղի յանձնախումբին մէկ անդամը։ Շրջագայական գործը պարփակեց այցելել այն երկիրները, որոնց հոգ կը տանի Քենիոյ մասնաճիւղը։

Ասմարայի մէջ, համաժողովի մը ընթացքին դասախօսութիւն կու տամ, 1992

Հաճոյքով կը յիշեմ Էրիթրիոյ Ասմարա քաղաքին մէջ համաժողովի մը համար պատրաստութիւններ ընելը 1992–ին, երբ մեր գործը արգիլումի տակ չէր։ Ցաւօք սրտի, կրցանք գտնել միայն անհրապուրիչ ամբար մը, որ ներսէն աւելի գէշ տեսք ունէր քան դուրսէն։ Համաժողովի օրը, զարմացայ թէ ինչպէ՛ս եղբայրները կրցած էին ամբարին ներսը դարձնել Եհովան պաշտելու արժանի տեղ մը։ Բազմաթիւ ընտանիքներ զարդարիչ կերպասներ բերած էին եւ հմտօրէն ծածկած էին որեւէ տգեղ տեղ։ Այս ուրախալի համաժողովին 1279 հոգի ներկայ եղան։

Շրջագայական գործը մեծ փոփոխութիւն էր, քանի որ ամէն շաբաթ իրարմէ շատ տարբեր եղող տեղեր կը մնայինք։ Անգամ մը մնացինք շքեղ տան մը մէջ՝ ծովու ափին. ուրիշ անգամ՝ մնացինք մետաղեայ նիւթերով շինուած խրճիթի մը մէջ, որուն արտաքնոցը 100 մ. հեռու էր։ Ամէն տեղ ունեցանք ծառայութեան հաճելի օրեր նախանձախնդիր ռահվիրաներու եւ հրատարակիչներու հետ։ Երբ մեր յաջորդ նշանակումը ստացանք, «մնաք բարով» ըսինք բազմաթիւ մտերիմ բարեկամներու։

ԵԹՈՎՊԻԱՅԻ ՄԷՋ ՄԵՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

1987–էն մինչեւ 1992, մեր գործը օրինապէս հաստատուեցաւ քանի մը երկիրներու մէջ, որոնց Քենիոյ մասնաճիւղը հոգ կը տանէր։ Առ ի արդիւնք, նոր «երկրի գրասենեակ»ներ եւ մասնաճիւղեր բացուեցան։ 1993–ին, նշանակուեցանք ծառայելու Ատիս Ապեպայի գրասենեակին մէջ, Եթովպիա, ուր մեր գործը վերջապէս օրինաւոր ճանաչում ստացաւ, տասնեակ տարիներ գաղտնաբար կատարուելէ ետք։

Եթովպիայի գիւղական շրջաններուն մէջ՝ շրջագայական գործին ընթացքին, 1996

Եհովան Եթովպիայի մէջ քարոզչութիւնը օրհնած է։ Եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր ռահվիրայական ծառայութեան մասնակցեցան։ 2012–էն ի վեր, ամէն տարի հրատարակիչներուն աւելի քան 20 առ հարիւրը կը ծառայէ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ։ Ասկէ զատ, աստուածպետական դպրոցները անհրաժեշտ մարզումը տուին։ Աւելի քան 120 Թագաւորութեան սրահներ կառուցուեցան։ 2004–ին, Բեթէլի ընտանիքը նոր շէնք մը փոխադրուեցաւ, եւ նոյն վայրին մէջ ունեցանք Համաժողովներու սրահ մը։

Տարիներու ընթացքին, Եթովպիայի մէջ ես եւ Կէյլ բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու մտերիմ բարեկամներ դարձանք։ Մենք իրապէս զիրենք կը սիրենք, քանի որ շատ ազնիւ եւ ջերմ են։ Վերջերս կարգ մը առողջապահական խնդիրներ ունենալով՝ վերանշանակուեցանք Կեդրոնական Եւրոպայի մասնաճիւղը։ Հոս, մեզի սրտանց հոգ կը տանին, բայց շա՜տ կը կարօտնանք մեր սիրելի բարեկամները Եթովպիայի մէջ։

ԵՀՈՎԱՆ ԱՃԵՑՈՒՑ

Մենք մեր աչքով տեսանք, թէ ինչպէս Եհովան իր գործը աճեցուց (Ա. Կոր. 3։6, 9)։ Օրինակ, երբ Քոնկոյի Քափըրպէլթի մէջ, առաջին անգամ ըլլալով քարոզեցի ռուանտացի հանքագործներու, Ռուանտայի մէջ հրատարակիչներ չկային։ Այժմ այդ երկրին մէջ աւելի քան 30,000 եղբայրներ ու քոյրեր կան։ 1967–ին, Քոնկօ (Քինշասա) ունէր շուրջ 6000 հրատարակիչ։ Իսկ ներկայիս հրատարակիչներուն թիւը շուրջ 230,000 է, եւ 2018–ի Յիշատակատօնին ներկայ եղան աւելի քան մէկ միլիոն անհատներ։ Այն բոլոր երկիրներուն մէջ, որոնց Քենիոյ մասնաճիւղը ատեն մը հոգ կը տանէր, հրատարակիչներուն թիւը հասած է աւելի քան 100,000–ի։

Աւելի քան 50 տարի առաջ, Եհովան զանազան եղբայրներ գործածեց, որ ինծի օգնէ լիաժամ ծառայութեան սկսելու։ Թէեւ տակաւին ամչկոտ եմ, բայց սորվեցայ Եհովայի լիովին վստահիլ։ Ափրիկէի մէջ ունեցած փորձառութիւններս ինծի օգնեցին համբերութիւն եւ գոհունակութիւն զարգացնելու։ Կէյլ եւ ես հիացած ենք սիրելի եղբայրներով եւ քոյրերով, որոնք արտակարգ հիւրասիրութիւն ցոյց տուին, մեծ խնդիրներու տոկացին եւ Եհովայի հանդէպ վստահութիւն դրսեւորեցին։ Շա՜տ երախտապարտ եմ իր շնորհքին համար։ Իրապէս, Եհովան ակնկալածէս շատ աւելի զիս օրհնած է (Սաղ. 37։4

^ պարբ. 11 Յետագային կոչուեցաւ՝ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը, իսկ այժմ փոխարինուած է Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. Ժողովի տետր–ով։

^ պարբ. 23 «Քիդաուալա» բառը սուահիլիէն առնուած է, եւ կը նշանակէ՝ «տիրապետել, առաջնորդել կամ կառավարել»։ Այս շարժումը քաղաքական նպատակ մը ունէր. Պելճիքայէն անկախ դառնալ։ Քիդաուալա շարժումի խումբերը Եհովայի վկաներուն հրատարակութիւնները ձեռք ձգեցին, սերտեցին եւ ցրուեցին, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի ուսուցումները յարմարցուցին իրենց քաղաքական տեսակէտներուն, աւելորդապաշտ սովորութիւններուն եւ անբարոյ ապրելակերպին։