Յիսուս իրապէս ինծի՞ համար մեռաւ
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ լեցուն է ‘մեզի պէս զգացումներ ունեցող’ մարդոց սրտաբուխ արտայայտութիւններով (Յակ. 5։17, ՆԱ)։ Օրինակ, դիւրութեամբ կրնանք Պօղոսին հետ զգալ, երբ բացէ ի բաց խոստովանեցաւ հետեւեալը Հռովմայեցիս 7։21-24–ի մէջ. «Երբ բարին ընելը կամենամ, չարը իմ քովս կ’ըլլայ։ . . .Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես»։ Երբ կը պայքարինք մեր անկատարութիւններուն դէմ, մխիթարական է գիտնալ, որ Պօղոսին պէս հաւատարիմ մարդ մը նման բաներէ անցաւ։
Ան ուրիշ զգացումներ ալ յայտնեց։ Գաղատացիս 2։20–ի մէջ իր վստահութիւնը արտայայտեց, որ Յիսուս ‘զինք սիրեց ու իր անձը իրեն համար մատնեց’։ Դուն ալ այսպէս կը զգա՞ս։ Թերեւս ոչ միշտ։
Եթէ կը պայքարինք անարժէքութեան զգացումներուն դէմ՝ անցեալին մեր ըրած մեղքերուն պատճառաւ, թերեւս ատեններ դժուար կ’ըլլայ հաւատալ թէ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ կը ներէ, ուր մնաց հաւատալ որ փրկանքը անձնական նուէր մըն է մեզի։ Արդեօք Յիսուս կ’ուզէ՞ որ փրկանքը այսպէս նկատենք։ Եթէ այո՛, ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել այս ուղղութեամբ։ Քննենք այս հարցումները։
ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ԶՈՀԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՆԿԱՏԷ
Այո, Յիսուս կ’ուզէ որ իր զոհը անձնական նուէր մը սեպենք։ Ասկէ ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ։ Երեւակայէ ինչ որ գրուած է Ղուկաս 23։39-43–ի մէջ։ Յիսուսի կողքին՝ ցիցի մը վրայ գամուած մարդ մը կը խոստովանի, թէ գէշ բան մը ըրած է։ Ան լուրջ ոճիր մը գործած ըլլալու էր, որ արժանի էր այս պատիժին, որուն միայն ծանր ոճիր գործողները կ’ենթարկուէին։ Այս ցաւալի վիճակին մէջ, մարդը Յիսուսին կ’աղաչէ. «Յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս»։
Յիսուս ինչպէ՞ս հակազդեց։ Պատկերացուր թէ ինչպէ՛ս Յիսուս ցաւ քաշելով գլուխը կը դարձնէ, որ այդ մարդուն ուղղակի նայի։ Հակառակ չարչարանքներուն, ջանք կ’ընէ որ ջերմօրէն ժպտայ եւ զինք կը վստահեցնէ, ըսելով. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։ Յիսուս կրնար պարզապէս ոճրագործին ըսել, որ «Որդին մարդոյ. . . [եկաւ] իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» (Մատ. 20։28)։ Բայց եթէ նշմարեցիր, Յիսուս ազնուութեամբ իր զոհը կիրարկեց անոր։ Բարեկամական ոճով «ինծի» եւ «պիտի ըլլաս» բառերը գործածեց եւ ըսաւ որ ան երկրային դրախտին մէջ պիտի ապրի։
Անկասկած, Յիսուս ուզեց որ այս մարդը ընդունի իր տալիք զոհը՝ որպէս անձնական նուէր։ Եթէ Յիսուս այսպէս զգաց ոճրագործի՛ մը հանդէպ, որ առիթ չէր ունեցած Աստուծոյ ծառայելու, որքա՜ն աւելի մկրտուած քրիստոնեայի մը հանդէպ, որ Աստուծոյ կը ծառայէ։ Լաւ, ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ մեր անձին հանդէպ դրական ըլլանք՝ հակառակ մեր անցեալի մեղքերուն։
ՊՕՂՈՍԻՆ Ի՞ՆՉ ՕԳՆԵՑ
Պօղոսին տրուած ծառայութիւնը ձգեց որ հասկնայ, թէ Յիսուս իրե՛ն համար մեռաւ։ Ինչպէ՞ս։ Ան բացատրեց. «Շնորհակալ եմ անոր՝ որ Ա. Տիմ. 1։12-14)։ Պօղոսին նշանակումը զինք վստահեցուց, որ հակառակ իր ըրած գէշ գործերուն, Յիսուս անձնապէս իրեն հանդէպ ողորմութիւն, սէր եւ վստահութիւն ունէր։ Յիսուս մեզմէ ամէն մէկուն ալ նշանակում մը տուած է (Մատ. 28։19, 20)։ Արդեօք բարի լուրը քարոզելու մեր նշանակումը կրնա՞յ օգնել, որ հասկնանք թէ Յիսուս մեզի՛ համար ալ մեռաւ։
զիս զօրացուց, այսինքն Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջը, որ հաւատարիմ սեպելով զիս՝ այս սպասաւորութեան մէջ դրաւ. որ առաջ հայհոյիչ էի ու հալածող եւ թշնամանող» (Ալպերթ, որ 34 տարի վտարուած էր, վերջերս Եհովային վերադարձաւ։ Ան կ’ըսէ. «Իմ մեղքերս միշտ իմ առջեւս են։ Բայց երբ քարոզչութեան կը մասնակցիմ, Պօղոս առաքեալին պէս կը զգամ, որ Յիսուս ինծի անձամբ ծառայութեան նշանակում տուած է։ Ասիկա զիս կը կերտէ եւ կ’օգնէ որ շարունակեմ դրական ըլլալ անձիս, կեանքիս եւ ապագայիս նկատմամբ» (Սաղ. 51։3)։
Էլըն, որ ոճրագործ էր եւ շատ վայրագ ապրելակերպ մը ունէր ճշմարտութիւնը սորվելէն առաջ, կը խոստովանի. «Տակաւին միտքէս կ’անցնին այն բոլոր վնասները, որոնք մարդոց պատճառած եմ։ Ատեններ ատիկա զիս կ’ընկճէ։ Բայց շնորհակալ եմ Եհովայէն, որ ինծի պէս մեղաւոր անհատի մը թոյլ կու տայ բարի լուրը քարոզել ուրիշներուն։ Երբ կը տեսնեմ մարդոց ընդառաջումը բարի լուրին, կը վերյիշեմ թէ Եհովան որքա՜ն բարի ու սիրալիր է։ Կը զգամ որ Եհովան զիս կը գործածէ, որպէսզի օգնէ նման անցեալ ունեցող մարդոց»։
Մեր անձնական ծառայութիւնը առիթ կու տայ, որ մեր ուժը դրական գործերու եւ մտքերու վրայ կեդրոնացնենք։ Ատիկա մեզ կը վստահեցնէ որ Յիսուս մեզի հանդէպ ողորմութիւն, սէր եւ վստահութիւն ունի։
ԵՀՈՎԱՆ ՄԵՐ ՍՐՏԵՐԷՆ ՄԵԾ Է
Մինչեւ որ Սատանայի չար աշխարհը կործանի, մեր սիրտը թերեւս շարունակէ մեզ դատապարտել անցեալի մեղքերուն համար։ Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ այդպիսի զգացումներ յաղթահարելու։
«Կը սիրեմ այն խօսքը, որ ‘Աստուած մեր սրտերէն մեծ է’», կ’ըսէ Ճին, որ յաճախ կը պայքարի յանցաւոր ըլլալու զգացումներուն դէմ, քանի որ կրկնակի կեանք կը վարէր երբ պատանուհի էր (Ա. Յովհ. 3։19, 20)։ Նոյնպէս մենք կրնանք մխիթարուիլ՝ գիտնալով որ Եհովան եւ Յիսուս կը հասկնան մեր մեղաւոր վիճակը։ Միտքդ պահէ՛, որ անոնք սէրէ մղուած՝ փրկանքը ապահովեցին, ո՛չ թէ կատարեալ մարդոց համար, հապա զղջացող մեղաւորներուն համար (Ա. Տիմ. 1։15)։
Ուրեմն, կը համոզուինք որ փրկանքը անձամբ մեզի կը կիրարկուի, երբ աղօթելով կը խոկանք թէ Յիսուս անկատար մարդոց հետ ինչպէս վարուեցաւ, եւ երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ իր նշանակած ծառայութիւնը կատարենք։ Այսպէս վարուելով, Պօղոսին պէս կրնաս ըսել՝ Յիսուս «զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց»։