ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 29
«Երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ»
«Համաձայնած եմ տկարութիւններու, նախատինքներու, տառապանքներու, հալածանքներու եւ նեղութիւններու՝ Քրիստոսին համար» (Բ. ԿՈՐ. 12։10)։
ԵՐԳ 60 Ան պիտի զօրացնէ քեզ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ բան բացէ ի բաց ընդունեց։
ՊՕՂՈՍ առաքեալ բացէ ի բաց ընդունեց, թէ ատեններ տկար կը զգար։ Ան գիտակցեցաւ, որ իր մարմինը ‘կ’ապականէր’, որ պէտք էր պայքարէր ճիշդը ընելու համար եւ որ Եհովան իր աղօթքներուն միշտ իր ուզած կերպով չէր պատասխաներ (Բ. Կոր. 4։16. 12։7-9. Հռով. 7։21-23)։ Նաեւ գիտէր որ իր հակառակորդները զինք տկար * կը նկատէին։ Բայց ան թոյլ չտուաւ, որ ուրիշներուն ժխտական տեսակէտը կամ իր անձնական տկարութիւնները իրեն անարժէք զգացնէին (Բ. Կոր. 10։10-12, 17, 18)։
2. Բ. Կորնթացիս 12։9, 10–ի համաձայն, Պօղոս ի՞նչ արժէքաւոր դաս մը սորվեցաւ։
2 Պօղոս արժէքաւոր դաս մը սորվեցաւ. անհատ մը կրնայ զօրաւոր ըլլալ, նոյնիսկ երբ տկար կը զգայ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 12։9, 10)։ Եհովան Պօղոսին ըսաւ որ Իր ուժը տկարութեան մէջ կատարեալ կը դառնայ, այսինքն՝ Պօղոսին պիտի տար այն ուժը, որուն պէտք ունէր։ Նա՛խ տեսնենք թէ ինչո՛ւ պէտք չէ նեղանանք, երբ հակառակորդները մեզ նախատեն։
‘ՀԱՄԱՁԱՅՆԷ ՆԱԽԱՏԻՆՔՆԵՐՈՒ’
3. Ինչո՞ւ կրնանք համաձայնիլ նախատինքներու։
3 Մեզմէ մէ՛կը չի սիրեր նախատուիլ։ Սակայն եթէ մեր թշնամիները մեզ նախատեն եւ անոնց ըսածները մեզ շատ նեղացնեն, կրնանք վհատիլ (Առ. 24։10)։ Ուրեմն ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք հակառակորդներուն նախատինքները։ Պօղոսին պէս, կրնանք ‘համաձայնիլ նախատինքներու’ (Բ. Կոր. 12։10)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ նախատինքը եւ հալածանքը ցոյց կու տան, որ մենք Յիսուսի ճշմարիտ աշակերտներն ենք (Ա. Պետ. 4։14)։ Յիսուս ըսաւ որ իր հետեւորդները պիտի հալածուէին (Յովհ. 15։18-20)։ Այդպէս պատահեցաւ առաջին դարուն։ Յունական մշակոյթէն ազդուած մարդիկ քրիստոնեաները յիմար եւ տկար սեպեցին։ Իսկ հրէական շրջանակին մէջ, քրիստոնեաները նկատուեցան «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ», ինչպէս Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները (Գործք 4։13)։ Շատեր կը կարծէին որ քրիստոնեաները անզօր եւ անպաշտպան էին։ Անոնք քաղաքականութեան չէին խառնուեր, ուստի կառավարութեան վրայ ազդեցութիւն չունէին։ Եւ որովհետեւ կը մերժէին զինուոր ըլլալ, զինուորական ոյժ չունէին պատերազմ մղելու կամ ինքզինքնին պաշտպանելու։
4. Առաջին դարու քրիստոնեաները իրենց հակառակորդներուն ժխտական տեսակէտներուն ինչպէ՞ս հակազդեցին։
4 Առաջին դարու քրիստոնեաները թոյլ տուի՞ն, որ իրենց հակառակորդներուն ժխտական տեսակէտները զիրենք կեցնեն։ Ո՛չ։ Օրինակ, Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները պատիւ սեպեցին հալածուիլ՝ Յիսուսի հետեւելու եւ անոր ուսուցումները ուրիշներու սորվեցնելու համար (Գործք 4։18-21. 5։27-29, 40-42)։ Աշակերտները ամօթ զգալու պատճառ չունէին։ Ի վերջոյ, անոնք մարդկութեան աւելի օգտեցին քան իրենց հակառակորդները։ Օրինակ, այդ քրիստոնեաներէն ոմանց գրած ներշնչեալ գիրքերը կը շարունակեն միլիոնաւորներու օգնել եւ յոյս տալ։ Եւ անոնց քարոզած Թագաւորութիւնը ոչ միայն հիմա գոյութիւն ունի, այլեւ շուտով ամբողջ մարդկութեան վրայ պիտի իշխէ (Մատ. 24։14)։ Միւս կողմէ, Հռոմի զօրաւոր պետութիւնը, որ քրիստոնեաները կը հալածէր, գոյութիւն ունի միայն պատմութեան գիրքերուն մէջ։ Ասկէ զատ, այդ հաւատարիմ աշակերտները այժմ թագաւորներ են երկինքի մէջ, մինչդեռ անոնց հակառակորդները մեռած են, եւ նոյնիսկ եթէ օրին մէկը յարութիւն առնեն, հպատակները պիտի ըլլան այն Թագաւորութեան, որուն մասին իրենց ատելի քրիստոնեաները քարոզեցին (Յայտ. 5։10)։
5. Յովհաննէս 15։19–ի համաձայն, ինչո՞ւ Եհովայի ժողովուրդին ցած աչքով կը նային։
5 Ներկայիս, որպէս Եհովայի ժողովուրդ, ատեններ մեզի ցած աչքով կը նային եւ կը ծաղրեն, սեպելով թէ յիմար ու տկար ենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր շուրջիններուն կեցուածքներուն չենք համաձայնիր։ Մինչ մենք կը ջանանք խոնարհ, հեզ եւ հնազանդ ըլլալ, աշխարհը կը հիանայ հպարտ, մեծամիտ եւ ըմբոստ մարդոց վրայ։ Ասկէ զատ, քաղաքականութեան չենք խառնուիր, եւ կը մերժենք որեւէ երկրի բանակին մէջ զինուոր ըլլալ։ Իսկ քանի որ կարելի չէ մեզ թխմել աշխարհի կաղապարին մէջ, մեզ ուրիշներէն ստորադաս կը նկատեն (կարդա՛ Յովհաննէս 15։19. Հռով. 12։2)։
6. Եհովան ի՞նչ բաներ կ’իրագործէ իր ժողովուրդին միջոցաւ։
6 Հակառակ անոր որ աշխարհը մեզ տկար կը սեպէ, Եհովան մեր միջոցաւ արտասովոր բաներ կ’իրագործէ։ Ան մարդկային պատմութեան մէջ ամենամեծ քարոզարշաւը կը կատարէ։ Իր ծառաները այսօր կ’արտադրեն ամենաշատ թարգմանուող եւ բաշխուող պարբերաթերթերը, եւ Աստուածաշունչը գործածելով միլիոնաւորներու կ’օգնեն, որ իրենց կեանքը բարելաւեն։ Այս աչքառու իրագործումներուն ամբողջ վարկը Եհովային կ’երթայ, որ զանոնք իրականացնելու համար տկար թուող մարդիկը կը գործածէ։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել ամէն մէկուս մասին։ Եհովան կրնա՞յ մեզի օգնել որ զօրաւոր ըլլանք։ Եթէ այո, ի՞նչ պէտք է ընենք, որ իր օգնութիւնը ստանանք։ Նկատի առնենք երեք բաներ, որոնք կրնանք սորվիլ Պօղոս առաքեալի օրինակէն։
ՔՈՒ ՈՒԺԻԴ ՄԻ՛ ՎՍՏԱՀԻՐ
7. Ի՞նչ է դասերէն մէկը, որ կը սորվինք Պօղոս առաքեալէն։
7 Դասերէն մէկը, որ կը սորվինք Պօղոս առաքեալէն, հետեւեալն է. քու ուժիդ կամ կարողութիւններուդ մի՛ վստահիր, երբ Եհովայի կը ծառայես։ Մարդկային տեսանկիւնէ դիտուած, Պօղոս պատճառներ ունէր հպարտ ըլլալու եւ իր անձին ապաւինելու։ Ան մեծցաւ հռոմէական նահանգի մը մայրաքաղաքը եղող Տարսոնի մէջ, որ բարգաւաճ էր եւ հռչակաւոր համալսարան մը ունէր։ Պօղոս ուսեալ էր. ան ուսանեցաւ իր օրուան ամէնէն յարգուած հրեայ առաջնորդներէն մէկուն՝ Գամաղիէլին, ձեռքին տակ (Գործք 5։34. 22։3)։ Եւ ատեն մը Պօղոս հրեայ շրջանակին մէջ ազդեցիկ անձնաւորութիւն մըն էր։ Ան ըսաւ. «Իմ ազգիս մէջ եղած շատ հասակակիցներէս աւելի յառաջադէմ էի Հրէութեան մէջ» (Գաղ. 1։13, 14. Գործք 26։4)։ Այսուհանդերձ, Պօղոս իր անձին չապաւինեցաւ։
8. Փիլիպպեցիս 3։8–ի համաձայն, Պօղոս ինչպէ՞ս նկատեց իր ձգած բաները եւ ինչո՞ւ ‘համաձայնեցաւ տկարութիւններու’։
8 Պօղոս յօժարաբար վազ անցաւ այն բաներէն, որոնք աշխարհի չափանիշներով զինք կարեւոր անձ կը դարձնէին։ Ան ‘աղտեղութիւն սեպեց’ այն բաները, որոնք նախապէս կը թուէին առաւելութիւն ըլլալ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 3։8)։ Պօղոս շատ դժուարութիւններ ունեցաւ, քանի որ Քրիստոսի հետեւորդ դարձաւ։ Իր ազգին կողմէ ատուեցաւ (Գործք 23։12-14)։ Իր համաքաղաքացիներուն՝ հռոմայեցիներուն, կողմէ ծեծուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ (Գործք 16։19-24, 37)։ Պօղոս նաեւ գիտակցեցաւ որ անկատար ըլլալուն պատճառաւ շատ դժուար էր ճիշդը ընել (Հռով. 7։21-25)։ Սակայն փոխանակ թոյլ տալու, որ հակառակորդները կամ իր թերութիւնները զինք կեցնէին, ան ‘համաձայնեցաւ տկարութիւններու’։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իր տկարութեան պահերուն էր, երբ Աստուծոյ զօրութեան ազդեցութիւնը տեսաւ իր կեանքին մէջ (Բ. Կոր. 4։7. 12։10)։
9. Ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք այն բաները, որոնք ըստ երեւոյթին մեզ տկար կը դարձնեն։
9 Եթէ կ’ուզենք Եհովայէն զօրութիւն ստանալ, պէտք չէ մտածենք թէ ֆիզիքական ուժը, ուսումը, մշակութային ենթահողը կամ նիւթական Ա. Կոր. 1։26, 27)։ Ուստի, եթէ պարբերութեան սկիզբը նշուած բաները չունիս, տակաւին կրնաս Եհովայի ծառայել։ Պարագադ առիթ սեպէ տեսնելու, թէ Եհովան ինչպէ՛ս քեզ կը զօրացնէ։ Օրինակ, եթէ կը վախնաս անոնցմէ, որոնք հաւատալիքներդ հարցականի տակ կ’առնեն, աղօթքով Եհովայէն խնդրէ որ քեզի համարձակութիւն տայ, որպէսզի հաւատքդ պաշտպանես (Եփ. 6։19, 20)։ Եւ եթէ երկարատեւ հիւանդութիւն մը ունիս, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի պէտք եղած ուժը տայ, որպէսզի կարելի եղածին չափ զբաղած մնաս իր ծառայութեան մէջ։ Ամէն անգամ որ Եհովայի օգնութիւնը զգաս, հաւատքդ պիտի աւելնայ եւ աւելի պիտի զօրանաս։
հարստութիւնը կ’որոշէ, թէ Եհովային որքա՛ն օգտակար կրնանք ըլլալ։ Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ ժողովուրդէն քիչեր ‘մարմնի կողմանէ իմաստուններ, զօրաւորներ եւ ազնուականներ’ են։ Եհովան որոշած է գործածել «աշխարհիս տկարները» (ՍՈՐՎԷ ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐԷ
10. Ինչո՞ւ պէտք է սերտենք Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն մասին, օրինակ՝ Եբրայեցիս 11։32-34–ի մէջ նշուած անհատները։
10 Պօղոս Սուրբ Գրութիւններու ջանասէր աշակերտ էր։ Ան շատ իրողութիւններ գիտէր, բայց նաեւ սորվեցաւ այն անձնաւորութիւններուն օրինակէն, որոնց փորձառութիւնները գրուած են Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Եբրայեցի քրիստոնեաներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս զանոնք քաջալերեց, որ խոկան Եհովայի բազմաթիւ հաւատարիմ ծառաներուն մասին (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։32-34)։ Նկատի առ այդ ծառաներէն մէկուն օրինակը՝ Դաւիթ թագաւորը։ Ան հակառակութիւն դիմագրաւեց ոչ միայն իր թշնամիներէն, հապա նաեւ անոնցմէ, որոնք ատեն մը իր բարեկամներն էին։ Մինչ Դաւիթի օրինակը կը քննենք, պիտի տեսնենք թէ Պօղոս անոր կեանքին վրայ խոկալով թերեւս ինչպէ՛ս օգտուեցաւ եւ թէ մենք ինչպէ՛ս կրնանք Պօղոսը ընդօրինակել։
11. Ինչո՞ւ Դաւիթ տկար թուեցաւ (տե՛ս կողքին նկարը)։
11 Ֆիզիքապէս զօրաւոր ռազմիկ Գողիաթը Դաւիթը տկար նկատեց։ Երբ ան Դաւիթը տեսաւ, «զանիկա արհամարհեց»։ Ինք հսկայ, լաւ զինուած եւ լաւ մարզուած զինուոր մըն էր։ Միւս կողմէ, Դաւիթ անփորձ տղայ մըն էր, եւ կը թուէր թէ պէտք եղածին պէս սպառազինուած չէր։ Բայց այն ինչ որ տկարութիւն կը թուէր, եղաւ Դաւիթին առաւելութիւնը։ Ան Եհովային ապաւինեցաւ, եւ Եհովան տուաւ անհրաժեշտ զօրութիւնը, որ Գողիաթին յաղթէ (Ա. Թագ. 17։41-45, 50)։
12. Դաւիթ ուրիշ ի՞նչ դժուարութիւն դիմագրաւեց։
12 Դաւիթ ուրիշ դժուարութիւն մըն ալ դիմագրաւեց, որ թերեւս իրեն տկար զգացուց։ Ան հաւատարմաբար կը ծառայէր Սաւուղին, որ Եհովայի կողմէ նշանակուած էր որպէս Իսրայէլի թագաւոր։ Սկիզբը Սաւուղ զինք կը յարգէր։ Բայց ետքը հպարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Դաւիթի նախանձի։ Սաւուղ Դաւիթին հետ գէշ վարուեցաւ, եւ նոյնիսկ փորձեց զինք սպաննել (Ա. Թագ. 18։6-9, 29. 19։9-11)։
13. Դաւիթ ի՞նչ ըրաւ, երբ Սաւուղ թագաւոր իրեն հետ գէշ կերպով վարուեցաւ։
13 Հակառակ այն անարդար կերպին, որով Սաւուղ թագաւոր իրեն հետ վարուեցաւ, Դաւիթ շարունակեց Եհովայի նշանակած թագաւորին հանդէպ յարգանք ցոյց տալ (Ա. Թագ. 24։7)։ Ան Եհովան չայպանեց Սաւուղի ըրած գէշ բաներուն համար, հապա Անոր ապաւինեցաւ որ պէտք եղած զօրութիւնը տայ, այս դժուար փորձութեան դիմանալու համար (Սաղ. 18։1)։
14. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ պարագայէ անցաւ, որ կը նմանէր Դաւիթի պարագային։
14 Պօղոս առաքեալ անցաւ պարագայէ մը, Բ. Կոր. 12։11. Փլպ. 3։18)։ Բայց Պօղոս բոլոր իրեն դէմ եղողներուն յաղթեց։ Ինչպէ՞ս։ Ան շարունակեց քարոզել հակառակութեան դիմաց։ Ան իր եղբայրներուն ու քոյրերուն հաւատարիմ մնաց, նոյնիսկ երբ զինք յուսախաբ ըրին։ Եւ ամենակարեւորը, Աստուծոյ հաւատարիմ մնաց մինչեւ իր կեանքին վերջը (Բ. Տիմ. 4։8)։ Ան մեծ արգելքներ յաղթահարեց, ոչ թէ քանի որ ֆիզիքապէս ուժեղ էր, հապա քանի որ Եհովային ապաւինեցաւ։
որ կը նմանէր Դաւիթի պարագային։ Պօղոսի թշնամիները իրմէ շա՜տ աւելի զօրաւոր էին։ Իր օրուան շատ մը հեղինակաւոր առաջնորդներ զինք կ’ատէին։ Յաճախ զինք ծեծեցին ու բանտը նետեցին։ Դաւիթին պէս, Պօղոսի հետ գէշ կերպով վարուեցան մարդիկ, որոնք պէտք էր բարեկամներ ըլլային։ Նոյնիսկ քրիստոնէական ժողովքէն ոմանք իրեն հակառակեցան (15. Մեր նպատակը ի՞նչ է, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ատոր հասնիլ։
15 Իսկ դուն վիրաւորանքներ կամ հալածանք կը դիմագրաւե՞ս դասընկերներէդ, գործընկերներէդ կամ ընտանիքիդ Վկայ չեղող անդամներէն։ Եւ երբեք ժողովքէն մէկը հետդ գէշ կերպով վարուա՞ծ է։ Եթէ այո, յիշէ Դաւիթի ու Պօղոսի օրինակները։ Կրնա՛ս շարունակ ‘բարիով յաղթել չարին’ (Հռով. 12։21)։ Քու նպատակդ է՝ ոչ թէ քար մը մխրճել մէկու մը ճակտին մէջ, ինչպէս Դաւիթ ըրաւ, հապա Աստուծոյ Խօսքը դրոշմել ընդառաջող միտքերու եւ սրտերու մէջ։ Այդ նպատակին կրնաս հասնիլ՝ մարդոց հարցումներուն պատասխանելու համար Աստուածաշունչին ապաւինելով, յարգալից եւ ազնիւ ըլլալով անոնց հանդէպ, որոնք հետդ գէշ կերպով կը վարուին, եւ բարիք ընելով բոլորին, նոյնիսկ թշնամիներուդ (Մատ. 5։44. Ա. Պետ. 3։15-17)։
ԸՆԴՈՒՆԷ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ
16-17. Պօղոս ի՞նչ բան բնաւ չմոռցաւ։
16 Քրիստոնեայ դառնալէ առաջ, Պօղոս առաքեալ, որ Սաւուղ կը կոչուէր, անյարգալից երիտասարդ մըն էր, որ Յիսուսի հետեւորդները կը հալածէր (Գործք 7։57. Ա. Տիմ. 1։13)։ Յիսուս անձամբ զինք կեցուց քրիստոնէական ժողովքին վրայ յարձակելէն. երկինքէն իրեն հետ խօսեցաւ եւ զինք կուրութեամբ զարկաւ։ Իր տեսողութիւնը ետ ստանալու համար, Պօղոս ստիպուեցաւ օգնութիւն խնդրել այն նոյն մարդոցմէն, որոնք կը հալածէր։ Ան խոնարհաբար ընդունեց Անանիա անունով աշակերտի մը օգնութիւնը, որ իրեն ետ տեսողութիւն տուաւ (Գործք 9։3-9, 17, 18)։
17 Յետագային Պօղոս դարձաւ քրիստոնէական ժողովքի երեւելի անդամ մը, բայց բնաւ չմոռցաւ այն դասը, որ Յիսուս իրեն սորվեցուց Դամասկոսի ճամբուն վրայ։ Ան խոնարհ մնաց եւ յօժարաբար ընդունեց իր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնութիւնը։ Ան ըսաւ որ իրեն «մխիթարութիւն», կամ զօրավիգ, եղան (Կող. 4։10, 11)։
18. Ինչո՞ւ ատեններ չենք ուզեր ուրիշներու օգնութիւնը ընդունիլ։
18 Պօղոսէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Երբ Եհովայի ժողովուրդին հետ սկսանք ընկերակցիլ, թերեւս սիրայօժար կերպով ուրիշներէն օգնութիւն ընդունեցինք, գիտակցելով թէ հոգեւորապէս մանուկ էինք եւ սորվելիք շատ բան ունէինք (Ա. Կոր. 3։1, 2)։ Իսկ հիմա օգնութիւն կ’ընդունի՞նք։ Եթէ տարիներէ ի վեր Եհովայի կը ծառայենք եւ շատ փորձառութիւն ձեռք ձգած ենք, թերեւս նոյնչափ պատրաստ չըլլանք օգնութիւն ընդունելու, մանաւանդ եթէ զայն կ’առաջարկէ մէկը, որ մեզի չափ երկար ժամանակ ճշմարտութեան մէջ չէ։ Սակայն, յաճախ Եհովան մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը գործածէ մեզ զօրացնելու համար (Հռով. 1։11, 12)։ Ուստի Եհովայէն զօրութիւն ստանալու համար, պէտք է այդ իրողութիւնը ընդունինք։
19. Պօղոս ինչո՞ւ կրցաւ ուշագրաւ բաներ իրագործել։
19 Քրիստոնեայ դառնալէ ետք, Պօղոս ուշագրաւ բաներ իրագործեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան սորվեցաւ, որ յաջողութիւնը կախեալ չէ անհատին ֆիզիքական ուժէն, ուսումէն, հարստութենէն կամ ընկերային ենթահողէն, հապա՝ անոր խոնարհութենէն եւ Եհովային ապաւինելէն։ Թող որ բոլորս Պօղոսը ընդօրինակենք՝ 1) Եհովային ապաւինելով, 2) Աստուածաշունչի օրինակներէն սորվելով եւ 3) հաւատակիցներու օգնութիւնը ընդունելով։ Այն ատեն, որքա՛ն ալ տկար զգանք, Եհովան մեզ զօրաւոր պիտի դարձնէ։
ԵՐԳ 100 Մենք Եհովայի բանա՛կն ենք
^ պարբ. 5 Այս յօդուածին մէջ պիտի քննենք Պօղոս առաքեալի օրինակը։ Պիտի տեսնենք, թէ եթէ խոնարհ ըլլանք, Եհովան պէտք եղած ուժը պիտի տայ, որպէսզի ծաղրանքի դիմանանք եւ մեր տկարութիւնները յաղթահարենք։
^ պարբ. 1 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Կրնանք տկար զգալ զանազան պատճառներով. օրինակ՝ քանի որ անկատար ենք, աղքատ ենք, հիւանդ ենք, կամ քիչ ուսում առած ենք։ Ասկէ զատ, մեր թշնամիները կը ջանան մեզի տկար զգացնել, մեր մասին գէշ բաներ ըսելով կամ մեր վրայ ֆիզիքապէս յարձակելով։
^ պարբ. 57 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երբ Պօղոս սկսաւ Քրիստոսի մասին քարոզել, իր ետին ձգեց այն բաները, որոնք իր կեանքին մաս կը կազմէին որպէս փարիսեցի, ինչպէս՝ աշխարհիկ մագաղաթներ եւ համարներ պարունակող տուփիկ։
^ պարբ. 61 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբօր մը գործընկերները իրեն վրայ ճնշում կը բանեցնեն, որպէսզի գործակիցի մը ծննդեան տարեդարձի հաւաքոյթին մասնակցի։