Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ըրի ինչ որ պարտական էի ընել

Ըրի ինչ որ պարտական էի ընել

ԱՒԵԼԻ քան 30 տարի, Տանըլտ Ռիտլի որպէս փաստաբան Եհովայի վկաները պաշտպանեց դատարաններու մէջ։ Ան մեծապէս օգնեց դատաւորներու, որ հասկնան հիւանդին իրաւունքը արեան փոխներարկում մերժելու։ Ան օգնեց կազմակերպութեան, որ Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն ատեաններուն մէջ դատեր շահի։ Տան, ինչպէս իր բարեկամները զինք կը կոչէին, ջանասէր, խոնարհ եւ անձնազոհ էր։

2019–ին, Տան գիտցաւ որ հազուագիւտ ու անբուժելի ջղային հիւանդութիւն մը ունի։ Հիւանդութիւնը արագօրէն յառաջացաւ, եւ Տան 16 օգոստոս 2019–ին մահացաւ։ Կարդանք անոր պատմութիւնը։

1954–ին ծնայ Սենթ Փոլ քաղաքին մէջ, Մինիսոթա (ԱՄՆ)։ Ծնողներս կաթողիկէ էին եւ միջին դասակարգի կը պատկանէին։ Անոնց հինգ զաւակներուն երկրորդն եմ։ Յաճախեցի կաթողիկէ նախակրթարան մը, եւ եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին քահանային օգնական էի։ Այսուհանդերձ, Սուրբ Գիրքին մասին շատ բան չսորվեցայ։ Թէեւ կը հաւատայի որ ամէն բան ստեղծող Աստուած մը գոյութիւն ունենալու է, բայց եկեղեցիին հանդէպ հաւատքս կորսնցուցի։

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՐՎԻԼ

Առաջին տարիս էր, որ իրաւագիտութիւն կ’ուսանէի Ուիլիամ Միչըլ քոլէճին մէջ, երբ Եհովայի վկաները տունս այցելեցին։ Լուացք ընելով զբաղած էի, ուստի ամուսնացած զոյգէն խնդրեցի որ ուրիշ ատեն վերադառնան եւ անոնք ազնուաբար համաձայնեցան։ Յաջորդ հանդիպումին, իրենց երկու հարցումներ ուղղեցի. ‘Աշխարհի մէջ բարի մարդիկը ինչո՞ւ տեղ մը չեն հասնիր’ եւ ‘Երջանիկ ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընել’։ Ինծի տուին Ճշմարտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ գիրքը եւ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը, որ աչքի զարնող կանաչ կողքով էր։ Ընդունեցի Աստուածաշունչը սերտել։ Ասիկա իրապէս օգնեց որ շատ բաներ հասկնամ։ Տպաւորուեցայ այն գաղափարով, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այն անհրաժեշտ կառավարութիւնն է, որ ամբողջ մարդկութեան հոգ պիտի տանի։ Ըմբռնեցի թէ մարդկային ինքնիշխանութիւնը բոլորովին ձախողած է եւ մէջտեղ բերած է աշխարհ մը, որ տառապանքով, անարդարութեամբ եւ ողբերգութեամբ լեցուն է։

1982–ի սկիզբը անձս Եհովայի նուիրեցի, եւ նոյն տարին մկրտուեցայ «Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը» բնաբանով համաժողովին մէջ, որ տեղի ունեցաւ Սենթ Փոլի քաղաքային կեդրոնին մէջ։ Յաջորդ շաբաթ քաղաքային կեդրոն վերադարձայ, որպէսզի քննութիւն տամ՝ փաստաբան ըլլալու համար։ Հոկտեմբերի սկիզբը իմացայ թէ յաջողած եմ, ինչ որ նշանակեց թէ կրնամ աշխատիլ որպէս փաստաբան։

«Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը» բնաբանով համաժողովին մէջ, հանդիպեցայ Պրուքլինի Բեթէլէն եղող Մայք Ռիչըրտսընին, որ բացատրեց թէ կեդրոնատեղիին մէջ հաստատուած է իրաւաբանական գրասենեակ մը։ Գործք 8։36–ի խօսքը յիշելով, հարց տուի. ‘Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ խնդրելէ, որ Իրաւաբանական գրասենեակին մէջ աշխատիմ’։ Ուստի Բեթէլի ծառայութեան համար դիմումնագիր ներկայացուցի։

Ծնողքս ուրախ չէր որ Եհովայի վկայ եղայ։ Հայրս հարցուց որ Բեթէլին մէջ ինչ որ պիտի ընեմ, արդեօք ինծի որեւէ օգուտ պիտի բերէ՞ որպէս փաստաբան։ Բացատրեցի թէ կամաւոր գործ պիտի ընեմ, եւ ամիսը 75 տոլար պիտի ստանամ։

Աշխարհիկ գործիս պարտաւորութիւնները կատարելէ ետք, 1984–ին սկսայ Բեթէլի ծառայութիւնս։ Իրաւաբանական գրասենեակին մէջ նշանակուեցայ։ Զգացի թէ ասիկա շատ յարմար ժամանակին եղաւ։

ՍԹԷՆԼԻ ԹԱՏԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ՆՈՐՈԳՈՒՄԸ

Սթէնլի թատերասրահը, երբ գնուեցաւ

Նոյեմբեր 1983–ին կազմակերպութիւնը գնեց Սթէնլի թատերասրահը Ճըրզի Սիթիի մէջ, Նիւ Ճըրզի։ Եղբայրները արտօնագիրներ խնդրեցին ելեկտրական եւ ջրմուղ–կոյուղիի համակարգերը նորոգելու համար։ Երբ պաշտօնեաներուն բացատրեցին, թէ թատերասրահը պիտի գործածուի որպէս Եհովայի վկաներուն համաժողովի սրահ, խնդիր մը ծագեցաւ։ Ճըրզի Սիթիի օրէնքները կը պահանջէին, որ պաշտամունքի շէնքերը գտնուին միայն բնակելի շրջաններու մէջ։ Պաշտօնեաները մերժեցին արտօնագիրներ տալ, քանի որ թատերասրահը կը գտնուէր առեւտրական շրջանի մէջ։ Եղբայրները որոշումը բողոքարկեցին, բայց բողոքը մերժուեցաւ։

Բեթէլի մէջ առաջին շաբթուանս ընթացքին, կազմակերպութիւնը այդ խնդրին նկատմամբ դիմեց դաշնակցային ատեանին։ Որովհետեւ Սենթ Փոլ քաղաքին մէջ այսպիսի ատեանի մը մէջ երկու տարի աշխատած էի, ինծի ծանօթ էին ներկայացուած փաստարկները։ Մեր փաստաբաններէն մէկը նշեց, թէ Սթէնլի թատերասրահը գործածուած էր զանազան հանրային առիթներու համար՝ ֆիլմերէն սկսեալ մինչեւ երաժշտական հանդէսներ։ Ուստի կրօնական առիթ ունենալը ինչո՞ւ անօրէն պիտի նկատուի։ Ատեանը վճռեց թէ Ճըրզի Սիթին մեր կրօնական ազատութիւնը ոտնակոխած էր, եւ պահանջեց որ պէտք եղած արտօնագիրները տրուին։ Սկսայ տեսնել, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’օրհնէ իր գործը յառաջ մղելու համար օրինական միջոցներ գործածուիլը իր կազմակերպութեան կողմէ։ Շատ ուրախ էի որ ատոր մէջ բաժին բերի։

Եղբայրները սկսան թատերասրահին մէջ հսկայական նորոգութիւն ընել եւ մէկ տարի չանցած, 8 սեպտեմբեր 1985–ին, սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գաղաադի դպրոցին 79–րդ դասարանին շրջանաւարտութիւնը։ Առանձնաշնորհում էր որ կրցայ Թագաւորութեան շահերը յառաջ մղել որպէս իրաւաբանական խումբին մէկ մասը, եւ շա՜տ աւելի մեծ գոհունակութիւն զգացի, քան երբ Բեթէլ գալէս առաջ որպէս փաստաբան կ’աշխատէի։ Չէի գիտեր, թէ Եհովան ինծի համար վերապահած էր շատ մը այսպիսի առանձնաշնորհումներ։

ԱՆԱՐԻՒՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ

1980–ականներուն, բժիշկները յաճախ չէին յարգեր չափահաս Վկայի մը խնդրանքը, որ դարմանուի առանց արեան փոխներարկումի։ Յղիները աւելի մեծ արգելքներու առջեւ կը գտնուէին, քանի որ դատաւորները յաճախ կը խորհէին, որ անոնք օրինական իրաւունք չունէին արեան փոխներարկումը մերժելու։ Դատաւորները կը պատճառաբանէին, որ արեան փոխներարկումը մերժելով, մանուկը կրնար առանց իր մօր մնալ։

29 դեկտեմբեր 1988–ին, քոյր Տենիզ Նիքըլոն իր տղուն ծնունդ տալէ ետք, մեծ արիւնահոսութիւն ունեցաւ։ Հեմոգլոբինը 5,0–էն վար եղաւ, եւ բժիշկը ուզեց արեան փոխներարկում ընել։ Քոյրը մերժեց։ Յաջորդ առաւօտուն, հիւանդանոցը դատարանին դիմեց։ Առանց նիստ մը վարելու կամ նոյնիսկ քրոջ կամ ամուսինին տեղեկացնելու, դատաւորը հիւանդանոցին արտօնեց, որ արեան փոխներարկում ընէ։

Ուրբաթ, դեկտեմբեր 30–ին, քրոջ արիւն տուին, հակառակ ամուսինին եւ ընտանիքի միւս անդամներուն առարկութիւններուն։ Այդ երեկոյ, ընտանիքի անդամներ եւ մէկ կամ երկու երէցներ ձերբակալուեցան, քանի որ քրոջ անկողինին շուրջ կենալով փորձեցին արգելք ըլլալ։ Առաւօտուն, Նիւ Եորք Սիթիի եւ Լոնկ Այլընտի լրատուամիջոցները խօսեցան ձերբակալութեան մասին։

Ֆիլըփ Պրըմլիի հետ

Երկուշաբթի առաւօտուն, աւելի բարձր ատեանի դատաւոր՝ Միլթըն Մալընի հետ խօսեցայ։ Անոր բացատրեցի իրողութիւնները, շեշտելով որ նախադատ ատեանի դատաւորը արտօնեց արեան փոխներարկումը առանց նիստ մը գումարելու։ Ինծի ըսաւ որ կէսօրէ ետք իր գրասենեակը երթամ, որպէսզի քննարկենք իրողութիւնները եւ կիրարկելի օրէնքները։ Տեսուչս՝ Ֆիլըփ Պրըմլի, ինծի հետ գնաց։ Դատաւորը նաեւ կանչած էր հիւանդանոցի փաստաբանը։ Մեր խօսակցութիւնը վիճաբանութեան դարձաւ։ Եղբայր Պրըմլի իր նոթատետրին վրայ ինծի գրեց. «Քիչ մը հանդարտէ»։ Ատիկա տեղին խրատ մըն էր, քանի որ սկսած էի բարկանալով փաստել, թէ փաստաբանին փաստարկները սխալ էին։

Ձախէն աջ. Ռիչըրտ Մոք, Կրեկորի Օլտզ, Փոլ Փոլիտորօ, Ֆիլըփ Պրըմլի, ես եւ Մարիօ Մորենօ,– մեր փաստաբանները այն օրը, որ Դիտարան ընդդէմ Սդրէթըն գիւղին դատին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանին մէջ բանաւոր փաստարկներ ներկայացուեցան (տե՛ս Զարթի՛ր–ի 8 յունուար 2003 թիւը [անգլերէն])

Շուրջ մէկ ժամ ետք, դատաւոր Մալըն ըսաւ որ յաջորդ օրը այս հարցը ամէնէն առաջ նկատի պիտի առնուի։ Մինչ իր գրասենեակը կը ձգէինք, մեզի ըսաւ որ հիւանդանոցի փաստաբանը «վաղը դժուար գործ ունի»։ Զգացի թէ Եհովան զիս կը վստահեցնէր, թէ յաղթելու մեծ հաւանականութիւն կար։ Սքանչելի էր տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Եհովան մեզ կը գործածէր իր կամքը կատարելու։

Մեր փաստարկները պատրաստելու համար, մինչեւ ուշ գիշեր աշխատեցանք։ Առաւօտուն, մեր պզտիկ Իրաւաբանական գրասենեակին մէջ աշխատողներուն մեծամասնութիւնը քալելով գնաց դատարան, քանի որ Բեթէլին շատ մօտ էր։ Չորս դատաւորները մեր ներկայացուցած փաստարկները մտիկ ընելէ ետք, արեան փոխներարկումի որոշումը չեղեալ ըրին։ Ատեանը քոյր Նիքըլոյի ի նպաստ վճիռ արձակեց, եւ հաստատեց թէ առանց տեղեկացնելու՝ նիստ գումարելը կամ հրաման արձակելը, սահմանադրական հիմնական իրաւունքներուն ոտնակոխում է։

Անկէ քիչ ետք, Նիւ Եորք նահանգի բարձրագոյն ատեանը հաստատեց քոյր Նիքըլոյի իրաւունքը, որ դարմանուի առանց արիւն գործածուելու։ Ասիկա արեան փոխներարկումի առնչութեամբ չորս վճիռներէն մէկն էր, որոնք զանազան նահանգներու բարձրագոյն ատեանները արձակեցին, եւ որոնց մէջ բաժին բերելու առանձնաշնորհումը ունեցայ (տե՛ս « Յաղթանակներ՝ նահանգներու բարձրագոյն ատեաններու մէջ» շրջանակը)։ Բեթէլի մէջ ծառայող փաստաբաններու հետ մասնակցած եմ դատերու, որոնք կապ ունին՝ կալուածներ ու շէնքեր գործածելու վերաբերեալ օրէնքներուն, երեխաներու խնամակալութեան եւ ամուսնալուծումի հետ։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆՍ ԵՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔՍ

Կնոջս՝ Տէնիսին հետ

Երբ Տէնիսին առաջին անգամ հանդիպեցայ, ամուսնալուծուած էր եւ երեք զաւակ ունէր։ Ան կ’ընէր թէ՛ աշխարհիկ գործ եւ թէ ռահվիրայութիւն։ Ան դժուար կեանք ունեցած էր, եւ ես մեծապէս տպաւորուեցայ Եհովային ծառայելու իր վճռականութեամբ։ 1992–ին, Նիւ Եորք Սիթիի մէջ, «Լոյս կրողներ» բնաբանով համաժողովին ներկայ գտնուեցանք, եւ խնդրեցի որ իրարու աւելի մօտէն ծանօթանանք։ Մէկ տարի ետք ամուսնացանք։ Եհովայէն պարգեւ մըն էր ունենալ զուարթամիտ եւ հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող կին մը։ Ան մեր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ իրապէս ինծի բարիք ըրած է (Առ. 31։12

Երբ ամուսնացանք, զաւակներուն տարիքն էր՝ 11, 13 եւ 16։ Ուզեցի անոնց լաւ հայր մը ըլլալ, ուստի ուշադրութեամբ կարդացի ու գործադրեցի ինչ որ մեր հրատարակութիւնները կ’ըսեն խորթ հայր մը ըլլալու մասին։ Տարիներու ընթացքին դժուարութիւններ կային, բայց ուրախ եմ որ զաւակները զիս ընդունեցին որպէս իրենց վստահելի բարեկամը եւ սիրալիր հայրը։ Տան մէջ միշտ սիրով կ’ընդունէինք մեր զաւակներուն բարեկամները, եւ մեզի համար ուրախութիւն էր մեր տունը լեցնել այսպիսի եռանդուն պատանիներով։

2013–ին ես եւ Տէնիս փոխադրուեցանք Ուիսքանսըն, մեր ծնողներուն հոգ տանելու համար։ Անակնկալի եկայ, որ Բեթէլի ծառայութիւնս վերջ չգտաւ։ Շարունակեցի կազմակերպութեան մատուցանել իրաւաբանական օգնութիւն որպէս ժամանակաւոր կամաւոր։

ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Սեպտեմբեր 2018–ին, նկատեցի թէ յաճախ խօսելէ առաջ կը հազայի։ Մեր բժիշկը չկրցաւ գիտնալ պատճառը։ Ուրիշ բժիշկ մը թելադրեց, որ ջղաբան մը տեսնեմ։ Յունուար 2019–ին, ջղաբանը ինծի ըսաւ որ հաւանաբար հազուագիւտ ջղային հիւանդութիւն մը ունիմ, որ ժամանակի ընթացքին ամբողջ մարմինիս մեծապէս պիտի վնասէ։

Երեք օր ետք, մինչ նախասիրած մարզանքս կ’ընէի, ինկայ եւ աջ դաստակս կոտրեցի։ Տարիներ շարունակ հմտութեամբ այդ մարզանքին կը մասնակցէի։ Ուստի անդրադարձայ որ սկսած եմ մկաններս ղեկավարելու կարողութիւնս կորսնցնել։ Զարմանալի էր որ ինչպէս հիւանդութիւնս արագօրէն վատթարացաւ։ Երթալով աւելի դժուար կը դառնայ որ խօսիմ, շարժիմ եւ բան մը կլլեմ։

Շատ ուրախ եմ, որ կրցած եմ որպէս փաստաբան փորձառութիւնս գործածել, որպէսզի Թագաւորութեան շահերը յառաջ մղելու մէջ պզտիկ դեր մը խաղամ։ Ինծի համար առանձնաշնորհում էր գրել բազմաթիւ յօդուածներ պարբերաթերթերու մէջ, որոնք կը կարդացուին բժիշկներու, փաստաբաններու եւ դատաւորներու կողմէ։ Նաեւ, բազմաթիւ երկիրներու մէջ դասախօսութիւններ տուի, պաշտպանելով Եհովայի ժողովուրդին իրաւունքը, որ ընտրէ վիրաբուժութիւն եւ բժշկական դարմանում՝ առանց արեան փոխներարկումի։ Բայց եւ այնպէս, Ղուկաս 17։10–ի համաձայն կ’ըսեմ. ‘Անպիտան ծառայ եմ։ Ինչ որ պարտական էի ընելու՝ ըրի’։