Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 28

Համոզուած եղիր թէ սորվածդ ճշմարտութիւնն է

Համոզուած եղիր թէ սորվածդ ճշմարտութիւնն է

«Հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր [«հաստատ համոզուեցար», ՆԱ]» (Բ. ՏԻՄ. 3։14

ԵՐԳ 64 Ճշմարտութիւնը իւրացուր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ի՞նչ ըսել կ’ուզենք «ճշմարտութիւն» բառով։

«ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ինչպէ՞ս գտար»։ «Ճշմարտութեան մէ՞ջ մեծցար»։ «Քանի՞ տարի է որ ճշմարտութեան մէջ ես»։ Հաւանաբար այսպիսի հարցումներ քեզի ուղղուած են, կամ դուն ուրիշներուն ուղղած ես։ Ընդհանուր առմամբ, «ճշմարտութիւն» բառը կը գործածենք նկարագրելու համար մեր հաւատալիքները, պաշտամունքի կերպը եւ ապրելակերպը։ «Ճշմարտութեան» մէջ եղողները գիտեն ինչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ եւ անոր սկզբունքներուն համաձայն կ’ապրին։ Առ ի արդիւնք, սուտ վարդապետութիւններէ ազատուած են ու կարելի եղած լաւագոյն կեանքը կը վայելեն (Յովհ. 8։32

2. Յովհաննէս 13։34, 35–ի համաձայն, սկիզբը ի՞նչ բան կրնայ անհատ մը ճշմարտութեան քաշել։

2 Սկիզբը ի՞նչ բան քեզ ճշմարտութեան քաշեց։ Ատիկա թերեւս Եհովայի ժողովուրդին լաւ վարքն էր (Ա. Պետ. 2։12)։ Կամ, թերեւս անոնց ցուցաբերած սէրն էր։ Ժողովի մը առաջին անգամ եկողներէն շատեր այդ սէրը կը շօշափեն եւ որեւէ մեկնաբանութենէ աւելի զայն կը յիշեն։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ Յիսուս ըսաւ, որ իր աշակերտները պիտի բնորոշուէին իրարու հանդէպ իրենց ունեցած սիրով (կարդա՛ Յովհաննէս 13։34, 35)։ Բայց զօրաւոր հաւատք ունենալու համար, կարգ մը բաներ պէտք է ընենք։

3. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ մեր հաւատքին հիմը ըլլայ միայն այն սէրը, որ Աստուծոյ ծառաները իրարու հանդէպ կը ցուցաբերեն։

3 Մեր հաւատքին հիմը պէտք չէ ըլլայ միայն այն սէրը, որ Աստուծոյ ծառաները իրարու հանդէպ կը ցուցաբերեն։ Ինչո՞ւ։ Կրնայ պատահիլ որ հաւատակից մը,– նոյնիսկ երէց կամ ռահվիրայ,– լուրջ մեղք մը գործէ, կամ կերպով մը քեզ վիրաւորէ, եւ կամ հաւատուրաց դառնայ՝ պնդելով որ ճշմարտութիւնը չունինք։ Այսպիսի պարագաներու, պիտի գայթակղիս ու Եհովային ծառայելէ պիտի դադրի՞ս։ Կէտը հետեւեալն է. եթէ հաւատքդ շինես միայն ուրիշին վարուելակերպին վրայ,– փոխանակ Եհովայի հետ փոխյարաբերութեանդ վրայ,– անիկա անխախտ պիտի չըլլայ։ Հաւատքիդ տունը շինելու մէջ, պէտք է գործածես ոչ միայն կակուղ նիւթեր, ինչպէս՝ զգացումները, հապա նաեւ կարծր իրողութիւններ եւ ամուր տրամաբանութիւն։ Հարկ կայ որ համոզուիս, թէ Աստուածաշունչը Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը կը բովանդակէ (Հռով. 12։2

4. Մատթէոս 13։3-6, 20, 21–ի համաձայն, ոմանք ինչպէ՞ս կ’ազդուին, երբ իրենց հաւատքը կը փորձուի։

4 Յիսուս ըսաւ թէ ոմանք ճշմարտութիւնը «ուրախութեամբ» պիտի ընդունէին, բայց իրենց հաւատքը պիտի տկարանար, երբ խնդիրներ ունենային (կարդա՛ Մատթէոս 13։3-6, 20, 21)։ Անոնք թերեւս չգիտակցեցան, թէ Յիսուսին հետեւիլը նեղութիւններ պիտի պարփակէր (Մատ. 16։24)։ Կամ թերեւս խորհեցան որ քրիստոնեայ ըլլալը պիտի նշանակէր խնդիրներէ զերծ կեանք մը վարել, միայն օրհնութիւններ վայելելով։ Բայց ներկայ աշխարհին մէջ դժուարութիւններ պիտի ըլլան եւ կեանքի պարագաները փոխուելով, կրնանք մեր ուրախութիւնը կորսնցնել (Սաղ. 6։6. Ժող. 9։11

5. Մեր եղբայրներուն մեծամասնութիւնը ինչպէ՞ս կը փաստէ, թէ համոզուած է որ ճշմարտութիւնը ունի։

5 Մեր եղբայրներուն մեծամասնութիւնը կը փաստէ, թէ համոզուած է որ ճշմարտութիւնը ունի։ Ինչպէ՞ս։ Անոնց համոզումը չի խախտիր, նոյնիսկ եթէ հաւատակից մը զիրենք վիրաւորէ կամ սխալ վարք ունենայ (Սաղ. 119։165)։ Իւրաքանչիւր փորձութիւն անոնց հաւատքը կը զօրացնէ, եւ ոչ թէ կը տկարացնէ (Յակ. 1։2-4)։ Ինչպէ՞ս կրնաս այդպիսի զօրաւոր հաւատք կերտել։

ՁԵՌՔ ՁԳԷ «ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՃՇԳՐԻՏ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ»

6. Առաջին դարու աշակերտները իրենց հաւատքը ինչի՞ վրայ կերտեցին։

6 Առաջին դարու աշակերտները իրենց հաւատքը կերտեցին սուրբգրային գիտութեան վրայ, ինչպէս նաեւ Յիսուսի ուսուցումներուն՝ «աւետարանին ճշմարտութեան»՝ վրայ (Գաղ. 2։5)։ Այս ճշմարտութիւնը այն բոլոր բաներն է, որոնց կը հաւատանք իբրեւ քրիստոնեաներ, ներառեալ՝ Յիսուսի զոհը եւ իր յարութիւնը։ Պօղոս համոզուած էր որ այս ուսուցումները ճշմարիտ էին։ Ասիկա գիտենք, քանի որ Սուրբ Գրութիւնները գործածելով ‘բացատրեց եւ փաստարկեց թէ Քրիստոս պէ՛տք է չարչարուէր ու մեռելներէն յարութիւն առնէր’ (Գործք 17։2, 3, ԱԾ)։ Առաջին դարու աշակերտները այդ ուսուցումները ընդունեցին եւ սուրբ հոգիին օգնութեան ապաւինեցան, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը հասկնան։ Անոնք փնտռտուք ըրին վստահ ըլլալու համար, թէ ինչ որ կը սորվին՝ հիմնուած է Սուրբ Գրութիւններուն վրայ (Գործք 17։11, 12. Եբ. 5։14)։ Անոնք իրենց հաւատքը չկերտեցին միայն զգացումներու վրայ, եւ Եհովայի չծառայեցին պարզապէս քանի որ հաւատակիցներու հետ ընկերակցելէ հաճոյք կ’առնէին։ Փոխարէնը, իրենց հաւատքը կերտեցին «Աստուծոյ ճշգրիտ գիտութեան» վրայ (Կող. 1։9, 10, ՆԱ

7. Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն հանդէպ մեր հաւատքը ի՞նչ կրնայ ընել մեզի համար։

7 Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները անփոփոխ կը մնան (Սաղ. 119։160)։ Օրինակ, անոնք չեն փոխուիր, եթէ հաւատակից մը մեզ վիրաւորէ կամ լուրջ մեղք մը գործէ, եւ երբ խնդիրներ դիմագրաւենք։ Ուստի հարկ կայ որ լա՛ւ գիտնանք Աստուածաշունչի ուսուցումները եւ համոզուած ըլլանք թէ անոնք ճշմարիտ են։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն վրայ հիմնուած մեր հաստատ հաւատքը փորձութեան ժամանակ մեզ կայուն պիտի պահէ, ճիշդ ինչպէս որ խարիսխը փոթորիկի ընթացքին նաւը կայուն կը պահէ։ Ինչպէ՞ս կրնաս զօրացնել համոզումդ, թէ ճշմարտութիւնը ունիս։

‘ՀԱՍՏԱՏ ՀԱՄՈԶՈՒԱԾ’ ԵՂԻՐ

8. Ինչպէս որ Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15–ը ցոյց կու տայ, Տիմոթէոս ինչպէ՞ս համոզուեցաւ, թէ ճշմարտութիւնը ունէր։

8 Տիմոթէոս համոզուած էր, թէ ճշմարտութիւնը ունէր։ Ինչպէ՞ս համոզուեցաւ (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15)։ Նա՛խ, անոր մայրը եւ մեծ մայրը իրեն «սուրբ գրքերը» սորվեցուցին։ Բայց անկասկած ինքն ալ ժամանակ ու կորով տրամադրեց այդ գիրքերը սերտելու համար։ Առ ի արդիւնք, ան ‘հաստատ համոզուեցաւ’ որ անոնք ճշմարտութիւնը կը բովանդակէին։ Յետագային, Տիմոթէոս, իր մայրը եւ մեծ մայրը քրիստոնէութեան ծանօթացան։ Տիմոթէոս անկասկած տպաւորուեցաւ Յիսուսի հետեւորդներուն ցուցաբերած սիրով եւ մեծ փափաք ունէր իր հոգեւոր եղբայրներուն հետ ընկերակցելու եւ անոնց օգնելու (Փլպ. 2։19, 20)։ Սակայն, իր հաւատքը կերտեց ոչ թէ զգացումներու վրայ, հապա իրողութիւններու վրայ, որոնք զինք Եհովային մօտեցուցին։ Դուն ալ պէտք է Աստուածաշունչը սերտես ու խոկաս, թէ կարդացածդ ի՛նչ կը սորվեցնէ Եհովայի մասին։

9. Ի՞նչ երեք հիմնական ճշմարտութիւններ պէտք է դուն քեզի փաստես։

9 Պէտք է առնուազն երեք հիմնական ճշմարտութիւններ դուն քեզի փաստես։ Առաջին, թէ Եհովա Աստուած ամէն բանի Ստեղծիչն է (Ել. 3։14, 15. Եբ. 3։4. Յայտ. 4։10բ)։ Երկրորդ, թէ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ ներշնչեալ պատգամն է մարդկութեան (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Եւ երրորդ, թէ Եհովան կազմակերպուած ժողովուրդ մը ունի, որոնք Քրիստոսի գլխաւորութեամբ զինք կը պաշտեն, եւ թէ անոնք Եհովայի վկաներն են (Եսա. 43։10-12. Յովհ. 14։6. Գործք 15։14)։ Այս հիմնական ճշմարտութիւնները դուն քեզի փաստելու համար, պէտք չունիս աստուածաշնչական գիտելիքներու քալող համայնագիտարան դառնալու։ Նպատակդ պէտք է ըլլայ՝ տրամաբանելու կարողութիւնդ գործածել, որպէսզի զօրացնես համոզումդ թէ ճշմարտութիւնը ունիս (Հռով. 12։1

ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ԵՂԻՐ ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ՀԱՄՈԶԵԼՈՒ

10. Ճշմարտութիւնը գիտնալէ զատ, ի՞նչ պէտք է կարենանք ընել։

10 Մէյ մը որ Աստուծոյ, Աստուածաշունչի եւ Աստուծոյ ժողովուրդի մասին ճշմարտութիւնները դուն քեզի փաստեցիր, պէտք է ջանաս Աստուածաշունչը գործածելով զանոնք փաստել ուրիշներու։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր պատասխանատուութիւնն է՝ մեր սորված ճշմարտութիւնները սորվեցնել մեզի մտիկ ընողներուն (Ա. Տիմ. 4։16) *։ Եւ մինչ ատիկա կ’ընենք, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն նկատմամբ մե՛ր համոզումը կը զօրացնենք։

11. Պօղոս ի՞նչ օրինակ ձգեց որպէս ուսուցիչ։

11 Երբ Պօղոս մարդոց կը սորվեցնէր, «Մովսէսի Օրէնքէն ու մարգարէներէն վկայութիւններ բերելով՝ կը փորձէր զանոնք համոզել որ հաւատան Յիսուսի» (Գործք 28։23, ՆԹ)։ Ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։ Աստուածաշունչի աշակերտներուն պէտք չէ պարզապէս իրողութիւններ փոխանցենք, հապա պէտք է օգնենք, որ իրենց սորվածին մասին խորապէս մտածեն։ Կ’ուզենք որ ճշմարտութիւնը ընդունին, ոչ թէ քանի որ մեր վրայ կը հիանան, հապա քանի որ իրենք իրենց փաստած են, թէ ինչ որ կը սորվին՝ մեր սիրառատ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնն է։

Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն օգնեցէք հաւատք մշակելու, անոնց սորվեցնելով «Աստուծոյ խորունկ բաները» (տե՛ս պարբերութիւն 12-13) *

12-13. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել, որ ճշմարտութեան մէջ մնան։

12 Ծնողնե՛ր, անկասկած կ’ուզէք որ ձեր զաւակները ճշմարտութեան մէջ մնան։ Եւ թերեւս կը խորհիք, որ եթէ ժողովքին մէջ լաւ բարեկամներ ունենան, հոգեւորապէս պիտի յառաջդիմեն։ Բայց ասիկա բաւարար չէ, որպէսզի համոզուին թէ ճշմարտութիւնը ունին։ Անոնք պէտք է Աստուծոյ հետ անձնական փոխյարաբերութիւն ունենան եւ համոզուած ըլլան, թէ ի՛նչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ՝ ճշմարիտ է։

13 Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը իրենց զաւակներուն սորվեցնելու համար, ծնողները պէտք է Սուրբ Գիրքը ժրաջանօրէն սերտելու մէջ լաւ օրինակ ըլլան։ Անոնք պէտք է ժամանակ տրամադրեն իրենց սորվածին վրայ խոկալու։ Այն ատեն պիտի կարենան զաւակներուն սորվեցնել, որ նոյնը ընեն։ Եւ պէտք է անոնց սորվեցնեն Սուրբ Գիրքը սերտելու մեր գործիքները գործածել, ինչպէս որ իրենց Աստուածաշունչի աշակերտներուն կը սորվեցնեն։ Այդպէս ընելով, զաւակներուն պիտի օգնեն, որ գնահատեն Եհովան եւ «իմաստուն ծառան», որուն միջոցաւ հոգեւոր սնունդ կը մատակարարէ (Մատ. 24։45-47)։ Ծնողնե՛ր, մի՛ բաւարարուիք զաւակներուն հիմնական ճշմարտութիւնները սորվեցնելով։ Անոնց օգնեցէք որ զօրաւոր հաւատք մշակեն, «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ուն մասին սորվեցնելով՝ իրենց տարիքին եւ կարողութեան ներած չափով (Ա. Կոր. 2։10

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԵՐՏԷ

14. Ինչո՞ւ պէտք է Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւնները սերտենք (տե՛ս նաեւ « Հետեւեալ մարգարէութիւնները կրնա՞ս բացատրել» շրջանակը)։

14 Մարգարէութիւնները Աստուածաշունչին կարեւոր մէկ մասն են, որոնք կ’օգնեն Եհովայի հանդէպ զօրաւոր հաւատք կերտելու։ Ո՞ր մարգարէութիւնները հաւատքդ զօրացուցած են։ Թերեւս նշես «վերջին օրեր»ուն վերաբերեալ մարգարէութիւնները (Բ. Տիմ. 3։1-5. Մատ. 24։3, 7)։ Իսկ ուրիշ ի՞նչ կատարուած մարգարէութիւններ կրնան համոզումդ զօրացնել։ Օրինակ, կրնա՞ս բացատրել թէ Դանիէլ գրքին 2–րդ կամ 11–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած մարգարէութիւնները ինչպէ՛ս կատարուած են եւ կը կատարուին *։ Երբ հաւատքդ ամրօրէն հիմնուած ըլլայ Աստուածաշունչի վրայ, անխախտ պիտի մնայ։ Նկատի առ մեր եղբայրներուն օրինակը, որոնք Գերմանիոյ մէջ խիստ հալածանքի ենթարկուեցան Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին։ Թէեւ անոնք վերջին օրերուն վերաբերեալ մարգարէութիւնները կատարեալ կերպով չհասկցան, բայց Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունէին։

Սուրբ Գիրքը սերտելը, մէջը ըլլալով անոր մարգարէութիւնները, կրնայ օգնել որ հաւատարիմ մնանք փորձութիւններու ժամանակ (տե՛ս պարբերութիւն 15-17) *

15-17. Սուրբ Գիրքը սերտելը ինչպէ՞ս զօրացուց մեր եղբայրներուն հաւատքը, որոնք նացիներուն կողմէ հալածուեցան։

15 Նացի Գերմանիոյ իշխանութեան ներքեւ, հազարաւոր եղբայրներ ու քոյրեր համակեդրոնացման ճամբարներ ղրկուեցան։ Հիթլեր եւ Էս.Էս.–ի հրամանատար Հայնրիխ Հիմլըր Եհովայի վկաները կ’ատէին։ Ըստ քրոջ մը խօսքերուն, Հիմլըր համակեդրոնացման ճամբարի մը մէջ խումբ մը քոյրերու ըսաւ. «Ձեր Եհովան կրնայ երկինքի մէջ իշխել, բայց հոս երկրի վրայ՝ մենք ենք իշխողը։ Ձեզի ցոյց պիտի տանք, թէ ո՛վ աւելի երկար պիտի դիմանայ՝ դո՛ւք կամ մենք»։ Ի՞նչ բան օգնեց Եհովայի ծառաներուն, որ հաւատարիմ մնան։

16 Այդ Աստուածաշունչի Աշակերտները գիտէին, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սկսաւ իշխել 1914–ին։ Իրենց դիմագրաւած խիստ հակառակութիւնը զիրենք չզարմացուց։ Անոնք համոզուած էին, թէ մարդկային ո՛չ մէկ կառավարութիւն կրնար արգելք կենալ Աստուծոյ նպատակին իրագործման։ Հիթլեր չէր կրնար ճշմարիտ պաշտամունքը վերցնել կամ հաստատել կառավարութիւն մը, որ Աստուծոյ Թագաւորութենէն աւելի զօրաւոր ըլլար։ Մեր եղբայրները համոզուած էին, որ կերպով մը Հիթլերի իշխանութիւնը վերջ պիտի գտնէր։

17 Անոնք չսխալեցան։ Շատ չանցած, նացիական վարչաձեւը փուլ եկաւ եւ Հայնրիխ Հիմլըր իր կեանքը ազատելու նայեցաւ։ Մինչ կը փախչէր, եղբայր Լուպքէին հանդիպեցաւ։ Զինք ճանչցաւ որպէս նախկին բանտարկեալ։ Հիմլըր վհատ անոր հարցուց. «Աստուածաշունչի՛ Աշակերտ, հիմա ի՞նչ պիտի պատահի»։ Եղբայր Լուպքէ բացատրեց, որ Եհովայի վկաները բնա՛ւ չկասկածեցան, թէ նացիական վարչաձեւը պիտի ձախողէր եւ թէ իրենք պիտի ազատէին։ Հիմլըր,– այն մարդը, որ Եհովայի վկաներուն մասին բազմաթիւ գէշ բաներ ըսած էր,– վերջապէս պապանձեցաւ։ Այդ հանդիպումէն կարճ ժամանակ ետք, ան անձնասպան եղաւ։ Ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Սուրբ Գիրքը սերտելը, մէջը ըլլալով անոր մարգարէութիւնները, կրնայ մեզի օգնել Աստուծոյ հանդէպ անխախտ հաւատք կերտելու եւ հալածանքի ժամանակ հաստատ կենալու (Բ. Պետ. 1։19-21

18. Ինչպէս որ Յովհաննէս 6։68, 69–ն ցոյց կու տայ, ինչո՞ւ պէտք ունինք «ճշգրիտ գիտութեան ու լիարժէք խորատեսութեան»։

18 Իւրաքանչիւրս պէտք է սէր ցուցաբերենք, ինչ որ ճշմարիտ քրիստոնեաները կը բնորոշէ։ Սակայն, նաեւ պէտք է «ճշգրիտ գիտութիւն ու լիարժէք խորատեսութիւն» ունենանք (Փլպ. 1։9, ՆԱ)։ Այլապէս, կրնանք ազդուիլ «վարդապետութեան ամէն հովերէ. . . մարդոց խաբէութիւնովը», մէջը ըլլալով հաւատուրացները (Եփ. 4։14)։ Երբ Յիսուսի աշակերտներէն շատեր իրեն հետեւելէ դադրեցան, Պետրոս իր հաստատ համոզումը յայտնեց, թէ Յիսուս «յաւիտենական կեանքի խօսքեր» ունէր (կարդա՛ Յովհաննէս 6։68, 69)։ Թէեւ այդ ատեն Պետրոս այդ խօսքերուն բոլոր մանրամասնութիւնները չհասկցաւ, բայց հաւատարիմ մնաց, քանի որ Քրիստոսի մասին ճշմարտութիւնը ըմբռնած էր։ Դուն ալ կրնաս համոզումդ աւելցնել Աստուածաշունչի սորվեցուցածին հանդէպ։ Եթէ այդպէս ընես, հաւատքդ զօրաւոր պիտի մնայ, ի՛նչ որ ալ պատահի, եւ ուրիշներուն հաւատքն ալ պիտի զօրացնես (Բ. Յովհ. 1, 2

ԵՐԳ 101 Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը գիտցնենք

^ պարբ. 5 Յօդուածը մեզի պիտի օգնէ որ գնահատենք Աստուծոյ Խօսքին ճշմարիտ ուսուցումները։ Նաեւ պիտի քննարկէ կերպեր, որոնցմով կրնանք մեր համոզումը զօրացնել, թէ ի՛նչ որ կը հաւատանք՝ ճշմարտութիւնն է։

^ պարբ. 10 Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներուն մասին ուրիշներուն հետ տրամաբանելու համար, քեզի կրնայ օգնել՝ «Զրոյց աստուածաշնչական նիւթի մը շուրջ» յօդուածաշարքը, որ լոյս տեսաւ արեւմտահայերէն Դիտարան–ի 2013-2015–ի թիւերուն մէջ։ Նիւթերէն ոմանք են՝ «Եհովայի վկաները Յիսուսին կը հաւատա՞ն», «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ սկսաւ իշխել» եւ «Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը»։

^ պարբ. 14 Այս մարգարէութիւններուն մասին բացատրութիւն ստանալու համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 յունիս 2012 թիւը եւ մայիս 2020 թիւը։

^ պարբ. 60 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ընտանեկան պաշտամունքի ընթացքին, ծնողները իրենց զաւակներուն հետ կը սերտեն մարգարէութիւններ մեծ նեղութեան մասին։

^ պարբ. 62 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Մեծ նեղութեան ընթացքին, նոյն ընտանիքը պիտի չզարմանայ թէ ի՛նչ կը պատահի։