Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Յիսուս ե՞րբ Քահանայապետ եղաւ, եւ նոր ուխտը ե՞րբ վաւերացուեցաւ։

Փաստեր կան, որ Յիսուս Քահանայապետ եղաւ, երբ Ք.Ե. 29–ին մկրտուեցաւ։ Ի՞նչ են այդ փաստերը։ Յիսուս իր մկրտութեան ատեն ինքզինք ներկայացուց Աստուծոյ «կամքը» ընելու համար։ Ասիկա նշանակեց, թէ ան պատրաստ էր իր կեանքը զոհելու որպէս փրկանք (Գաղ. 1։4. Եբ. 10։5-10)։ Խորանին եւ տաճարին մէջ գտնուող զոհասեղանը կը պատկերացնէր Եհովայի «կամքը»։ Երբ Յիսուս իր կեանքը տուաւ, կարծես զոհասեղանին վրայ զոհուեցաւ։ Որովհետեւ այդ այլաբանական զոհասեղանը գոյացած էր Յիսուսի մկրտութենէն ի վեր, ուրեմն հոգեւոր մեծ տաճարը,– որ փրկանքին հիման վրայ՝ Եհովայի մաքուր պաշտամունքի կարգադրութիւնն է,– նաեւ գոյացած ըլլալու էր այդ ատեն։ Զոհասեղանը այդ հոգեւոր մեծ տաճարին գլխաւոր մէկ մասն է (Մատ. 3։16, 17. Եբ. 5։4-6

Հոգեւոր մեծ տաճարը քահանայապետ պէտք էր ունենար։ Ուստի Եհովան Յիսուսը «Սուրբ Հոգիով եւ զօրութիւնով» օծեց, որպէսզի Քահանայապետ ըլլայ (Գործք 10։37, 38. Մար. 1։9-11)։ Ինչպէ՞ս կրնանք աւելի վստահ ըլլալ, որ Յիսուս Քահանայապետ նշանակուեցաւ իր մահէն եւ յարութենէն առաջ։ Ահարոնին եւ իրեն յաջորդող քահանայապետներուն օրինակը մեզի պիտի օգնէ այս հարցումին պատասխանելու։

Ըստ Մովսիսական օրէնքին, միայն քահանայապետը կրնար խորանին,– եւ յետագային՝ տաճարին,– Սրբութիւն սրբութեանցը մտնել։ Սրբութիւն սրբութեանցը Սրբութենէն վարագոյրով մը բաժնուած էր։ Եւ միայն Քաւութեան օրն էր որ քահանայապետը վարագոյրէն անցնելով Սրբութիւն սրբութեանցը կը մտնէր (Եբ. 9։1-3, 6, 7)։ Ահարոն եւ իր յաջորդները որպէս քահանայապետ օծուած էին, վարագոյրէն անցնելով Սրբութիւն սրբութեանցը մտնելէ առաջ։ Նոյնպէս Յիսուս որպէս Քահանայապետ օծուած ըլլալու էր մեռնելէն առաջ, եւ ետքը անցաւ «վարագոյրին մէջէն, որ է իր մարմինը», դէպի երկնային կեանք (Եբ. 10։20)։ Այս պատճառով, Պօղոս առաքեալ Յիսուսի մասին ըսաւ, որ ան որպէս «Քահանայապետ» եկաւ եւ ետքը մտաւ «բուն երկինքը» (Եբ. 9։11, 24

Նոր ուխտը վաւերական կամ ի զօրու դառնալու համար, երեք քայլեր անհրաժեշտ էին։ Որո՞նք էին այդ երեք քայլերը։

Առաջին, Յիսուս Եհովայի առջեւ ներկայացաւ։ Երկրորդ, Յիսուս իր կատարեալ մարդկային կեանքին արժէքը Եհովային ներկայացուց։ Եւ երրորդ, Եհովան ընդունեց Յիսուսի թափուած արեան արժէքը։ Մինչեւ որ այս երեք քայլերը առնուէին, նոր ուխտը ի զօրու չէր։

Աստուածաշունչը չ’ըսեր, թէ ճիշդ ե՛րբ Եհովան ընդունեց Յիսուսի զոհին արժէքը։ Հետեւաբար, չենք կրնար ճշգրտօրէն նշել այն ժամանակը, երբ նոր ուխտը վաւերացուեցաւ եւ ի զօրու եղաւ։ Բայց եւ այնպէս, գիտենք թէ Յիսուս երկինք համբարձաւ Պէնտէկոստէէն տասը օր առաջ (Գործք 1։3)։ Այդ տասը օրուան ընթացքին որոշ ատեն մը, ան իր զոհին արժէքը Եհովային ներկայացուց, եւ Եհովան զայն ընդունեց (Եբ. 9։12)։ Այն ապացոյցը, թէ նոր ուխտը այժմ ի զօրու էր, տեսանելիօրէն յստակ եղաւ Պէնտէկոստէին (Գործք 2։1-4, 32, 33)։ Այն ատեն բացայայտ էր, որ նոր ուխտը վաւերացուած էր ու կը գործէր։

Առ ի ամփոփում, նոր ուխտը՝ որուն միջնորդը Յիսուսն է որպէս Քահանայապետ, վաւերացուեցաւ եւ ի զօրու դարձաւ, երբ Եհովան Յիսուսի թափուած արեան արժէքը ընդունեց եւ օծեալները այդ ուխտին մէջ բերաւ (Եբ. 7։25. 8։1-3, 6. 9։13-15