Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 30

Շարունակէ՛ ճշմարտութեան մէջ քալել

Շարունակէ՛ ճշմարտութեան մէջ քալել

«Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն» (Գ. ՅՈՎՀ. 4

ԵՐԳ 65 «Ասիկա է ճամբան»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ինչպէս որ Գ. Յովհաննէս 3, 4–ը ցոյց կու տայ, ի՞նչ բան մեզ կ’ուրախացնէ։

ԿՐՆԱ՞Ս երեւակայել Յովհաննէս առաքեալի ուրախութիւնը, երբ լսեց թէ անոնք, որոնց օգնած էր ճշմարտութիւնը գիտնալու, կը շարունակէին հաւատարմաբար Եհովային ծառայել։ Այդ հաւատարիմ քրիստոնեաները բազմաթիւ խնդիրներ կը դիմագրաւէին եւ Յովհաննէս, որ զանոնք իր հոգեւոր որդիները կը նկատէր, ջանաց անոնց հաւատքը զօրացնել։ Մենք ալ կ’ուրախանանք, երբ մեր զաւակները,– բառացի կամ հոգեւոր,– իրենց անձը Եհովային կը նուիրեն եւ կը շարունակեն իրեն ծառայել (կարդա՛ Գ. Յովհաննէս 3, 4

2. Ի՞նչ էր Յովհաննէսի գրած երեք նամակներուն նպատակը։

2 Յովհաննէս Պատմոս կղզի աքսորուած էր։ Ազատ արձակուելէ ետք, Ք.Ե. 98–ին հաւանաբար կ’ապրէր Եփեսոսի մէջ կամ անոր մօտակայքը։ Մօտաւորապէս այդ ատեն, Եհովայի սուրբ հոգին զինք մղեց երեք նամակներ գրելու։ Այդ նամակներուն նպատակն էր՝ հաւատարիմ քրիստոնեաները քաջալերել, որ Յիսուսի հանդէպ իրենց հաւատքը պահպանեն եւ շարունակեն ճշմարտութեան մէջ քալել։

3. Ի՞նչ հարցումներու պիտի պատասխանենք։

3 Յովհաննէս վերջին ողջ առաքեալն էր, եւ մտահոգ էր այն գէշ ազդեցութեան համար, որ սուտ ուսուցիչները կ’ունենային ժողովքներուն վրայ (Ա. Յովհ. 2։18, 19, 26) *։ Այդ հաւատուրացները կը դաւանէին Եհովան ճանչնալ, բայց անոր պատուէրներուն չէին հնազանդեր։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք Յովհաննէսի տուած ներշնչեալ խրատները եւ պիտի պատասխանենք երեք հարցումներու. ի՞նչ կը նշանակէ ճշմարտութեան մէջ քալել։ Մեր առջեւ ի՞նչ արգելքներ կան։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք իրարու օգնել, որ ճշմարտութեան մէջ մնանք։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՔԱԼԵԼ

4. Ա. Յովհաննէս 2։3-6 եւ Բ. Յովհաննէս 4, 6–ի համաձայն, ի՞նչ պէտք է ընենք ճշմարտութեան մէջ քալելու համար։

4 Ճշմարտութեան մէջ քալելու համար, պէտք է Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ գտնուող ճշմարտութիւնը գիտնանք։ Ասկէ զատ, պէտք է Եհովայի «պատուիրանքները պահենք», այսինքն՝ անոնց հնազանդինք (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 2։3-6. Բ. Յովհաննէս 4, 6)։ Յիսուս Եհովային հնազանդելու մէջ կատարեալ օրինակ ձգեց։ Ուստի Եհովային հնազանդելու կարեւոր մէկ կերպն է՝ կարելի եղածին չափ սերտօրէն հետեւիլ Յիսուսի շաւիղներուն (Յովհ. 8։29. Ա. Պետ. 2։21

5. Ի՞նչ բանի համոզուած պէտք է ըլլանք։

5 Որպէսզի շարունակենք ճշմարտութեան մէջ քալել, պէտք է համոզուած ըլլանք որ Եհովան ճշմարտութեան Աստուած է, եւ հետեւաբար ի՛նչ որ Աստուածաշունչին մէջ կ’ըսէ՝ ճշմարիտ է։ Նաեւ պէտք է համոզուած ըլլանք որ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան է։ Ներկայիս շատեր կը կասկածին որ Յիսուս օծուած է որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Յովհաննէս զգուշացուց, որ «շատ մոլորեցնողներ» կային, որոնք կրնային խաբել անոնք՝ որոնք չէին պատրաստուած Եհովայի եւ Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը պաշտպանելու (Բ. Յովհ. 7-11)։ Ան գրեց. «Ո՞վ է ստախօս, եթէ ոչ ան, որ կ’ուրանայ թէ Յիսուս՝ Քրիստոսն է» (Ա. Յովհ. 2։22)։ Չմոլորուելու միակ կերպը այն է, որ Աստուծոյ Խօսքը սերտենք։ Միայն այդպէս պիտի կարենանք Եհովան եւ Յիսուսը ճանչնալ (Յովհ. 17։3)։ Եւ միայն այն ատեն պիտի համոզուինք որ ճշմարտութիւնը ունինք։

ՄԵՐ ԱՌՋԵՒ Ի՞ՆՉ ԱՐԳԵԼՔՆԵՐ ԿԱՆ

6. Ի՞նչ բան կրնայ արգելք ըլլալ, որ պատանի քրիստոնեաները ճշմարտութեան մէջ քալեն։

6 Բոլոր քրիստոնեաները պէտք է ուշադիր ըլլան, որ մարդկային փիլիսոփայութենէ չխաբուին (Ա. Յովհ. 2։26)։ Մանաւանդ պատանի քրիստոնեաները պէտք է այս ծուղակէն զգուշանան։ Ալեքսիան *, որ 25 տարեկան ֆրանսացի քոյր մըն է, կ’ըսէ. «Երբ պատանի էի, զիս խանգարեցին բարեշրջութեան տեսութիւնը եւ մարդկային ուրիշ գաղափարներ։ Երբեմն անոնցմով կը հրապուրուէի։ Բայց զգացի որ սխալ է դպրոցին մէջ սորվածներուս հաւատալ, առանց Եհովային կարծիքը գիտնալու»։ Ալեքսիան սերտեց Կեանքը ինչպէ՞ս գոյացաւ՝ բարեշրջութեա՞մբ թէ ստեղծագործութեամբ գիրքը։ Քանի մը շաբթուան մէջ իր կասկածները փարատեցան։ Ան կ’ըսէ. «Ես իմ անձիս փաստեցի, որ Աստուածաշունչը ճշմարտութիւնը կը բովանդակէ։ Եւ անդրադարձայ որ անոր չափանիշներուն համաձայն ապրելով պիտի գտնեմ ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն»։

7. Ի՞նչ ճնշումի պէտք է դէմ դնենք, եւ ինչո՞ւ։

7 Բոլոր քրիստոնեաները, ըլլան երիտասարդ կամ տարեց, պէտք է կրկնակի կեանք վարելու ճնշումին դէմ դնեն։ Յովհաննէս նշեց թէ չենք կրնար ճշմարտութեան մէջ քալել եւ միեւնոյն ժամանակ անբարոյ կեանք վարել (Ա. Յովհ. 1։6)։ Եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ հաւանութիւնը ունենալ հիմա եւ ապագային, պէտք է այնպէս մը վարուինք, կարծես մեր ըրածը լուսարձակի տակ է։ Առումով մը, գաղտնի մեղք ըսուած բան մը չկայ, քանի որ Եհովան կը տեսնէ ամէն ինչ որ կ’ընենք (Եբ. 4։13

8. Ի՞նչ բան պէտք է մերժենք։

8 Մեղքի նկատմամբ աշխարհի տեսակէտը պէտք է մերժենք։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Եթէ ըսենք թէ ‘Մենք մեղք մը չունինք’, ինքզինքնիս կը խաբենք» (Ա. Յովհ. 1։8)։ Յովհաննէսի ժամանակակից հաւատուրացները կ’ըսէին, որ մէկը կրնայ դիտմամբ մեղաւոր ընթացք բռնել ե՛ւ շարունակել Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւն ունենալ։ Ներկայիս կ’ապրինք մարդոց մէջ, որոնք նոյնանման տեսակէտ ունին։ Շատեր կ’ըսեն թէ Աստուծոյ կը հաւատան, բայց չեն համաձայնիր մեղքի նկատմամբ անոր տեսակէտին, մանաւանդ՝ սեռի շուրջ։ Ինչ որ Եհովան մեղաւոր վարք կը նկատէ, անոնք զայն կը կոչեն անձնական նախընտրութիւն, կամ՝ տարբեր ապրելակերպ։

Պատանինե՛ր, ճիշդի եւ սխալի վերաբերեալ ձեր սուրբգրային համոզումները զօրացուցէք, որպէսզի կարենաք ձեր հաւատքը պաշտպանել (տե՛ս պարբերութիւն 9) *

9. Պատանի քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կ’օգտուին, Սուրբ Գիրքի վրայ հիմնուած իրենց համոզումներուն կառչելով։

9 Մասնաւորաբար պատանի քրիստոնեաները թերեւս ճնշուին անբարոյ վարքին շուրջ իրենց դասընկերներուն կամ գործընկերներուն տեսակէտը որդեգրելու։ Ալեքսանտր կը պատմէ իրեն պատահածը. «Դպրոցին մէջ քանի մը աղջիկներ փորձեցին զիս ճնշել, որ իրենց հետ սեռային յարաբերութիւն ընեմ։ Ըսին թէ քանի որ ընկերուհի չունիմ, միասեռական ըլլալու եմ»։ Եթէ նման փորձութեան մը առջեւ գտնուիս, յիշէ թէ երբ Սուրբ Գիրքի վրայ հիմնուած համոզումներուդ կառչիս, պիտի պաշտպանես՝ ինքնայարգանքդ, առողջութիւնդ, զգացական բարօրութիւնդ եւ Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւնդ։ Եւ ամէն անգամ որ փորձութեան դէմ դնես, ճիշդը ընելը քեզի համար աւելի դիւրին պիտի դառնայ։ Նաեւ յիշէ թէ սեռին նկատմամբ աշխարհի խեղաթիւրուած տեսակէտը Սատանայէն ծագում կ’առնէ։ Ուստի երբ կը մերժես տեղի տալ, ‘չարին կը յաղթես’ (Ա. Յովհ. 2։14

10. Ա. Յովհաննէս 1։9–ն ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ մաքուր խղճով Եհովայի ծառայենք։

10 Մենք կ’ընդունինք որ Եհովան իրաւունքը ունի՝ մեղաւոր վարքը սահմանելու։ Եւ մեր ամէն կարելին կ’ընենք, որ մեղք չգործենք։ Բայց եթէ մեղք գործենք, զայն աղօթքով Եհովային կը խոստովանինք (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 1։9)։ Իսկ եթէ լուրջ մեղք մը գործենք, օգնութիւն կը խնդրենք երէցներէն, որոնք Եհովան նշանակած է մեզի հոգ տանելու համար (Յակ. 5։14-16)։ Սակայն պէտք չէ անցեալի մեղքերուն համար շարունակ յանցաւոր զգանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր սիրառատ Հայրը իր Որդիին փրկանքը հայթայթեց, որպէսզի կարելի ըլլայ որ մեր մեղքերը ներուին։ Եհովան պարապ տեղ չ’ըսեր որ զղջացող մեղաւորներուն պիտի ներէ։ Ուստի բան մը չկայ, որ կրնայ մեզ կեցնել մաքուր խղճով Եհովայի ծառայելէ (Ա. Յովհ. 2։1, 2, 12. 3։19, 20

11. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր միտքը պաշտպանել ուսուցումներէ, որոնք կրնան մեր հաւատքին վնասել։

11 Պէտք է մերժենք հաւատուրացներու ուսուցումները։ Քրիստոնէական ժողովքին հաստատուելէն ի վեր, Սատանան շատ մը խաբեբաներ գործածած է՝ կասկածներ ցանելու Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներուն մտքին մէջ։ Անոր համար պէտք է գիտնանք ինչպէ՛ս իրողութիւնները սուտերէն զանազանել *։ Մեր թշնամիները թերեւս համացանցը կամ ընկերային ցանցերը գործածեն, որպէսզի փորձեն տկարացնել Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը եւ եղբայրներուն հանդէպ մեր սէրը։ Յիշէ թէ այս սուտերը Սատանայէն են եւ զանոնք մերժէ (Ա. Յովհ. 4։1, 6. Յայտ. 12։9

12. Ինչո՞ւ մեր սորված ճշմարտութիւններուն հանդէպ մեր գնահատանքը պէտք է աւելցնենք։

12 Սատանային յարձակումներուն դէմ դնելու համար, պէտք է մեր վստահութիւնը աւելցնենք Յիսուսի հանդէպ եւ Աստուծոյ նպատակին մէջ իր ունեցած դերին հանդէպ։ Նաեւ պէտք է վստահինք այն միակ խողովակին, որ Եհովան ներկայիս կը գործածէ (Մատ. 24։45-47)։ Մեր վստահութիւնը կ’աւելցնենք Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար սերտելով։ Այն ատեն մեր հաւատքը պիտի նմանի ծառի մը, որ խորունկ արմատներ ունի։ Պօղոս նոյնանման կէտ մը նշեց, երբ Կողոսայի ժողովքին գրեց. «Ինչպէս ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուս Տէրը, այնպէս քալեցէք, արմատ կապած, անոր վրայ շինուած ու հաւատքին մէջ հաստատուած» (Կող. 2։6, 7)։ Սատանայի կամ իրմէ ազդուողներուն ըրածներէն ո՛չ մէկը կրնայ անհաստատ դարձնել այն քրիստոնեան, որ իր հաւատքը զօրացուցած է (Բ. Յովհ. 8, 9

13. Ի՞նչ պէտք է ակնկալենք, եւ ինչո՞ւ։

13 Պէտք է ակնկալենք որ աշխարհէն ատուինք (Ա. Յովհ. 3։13)։ Յովհաննէս մեզի կը յիշեցնէ, որ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է» (Ա. Յովհ. 5։19)։ Մինչ այս դրութիւնը վերջ գտնելու վրայ է, Սատանայի բարկութիւնը ա՛լ աւելի բռնկած է (Յայտ. 12։12)։ Ան կը գործածէ ոչ միայն անուղղակի յարձակումներ, ինչպէս՝ անբարոյութիւնը եւ հաւատուրացներուն սուտերը, հապա նաեւ՝ ուղղակի յարձակումներ, ինչպէս՝ անողորմ հալածանքը։ Սատանան գիտէ թէ կարճ ժամանակ ունի, որ փորձէ մեր քարոզչութիւնը կեցնել կամ մեր հաւատքը խախտել։ Ուստի զարմանալի չէ, որ կարգ մը երկիրներու մէջ մեր քարոզչութիւնը սահմանափակուած է կամ արգիլուած է։ Բայց եւ այնպէս, հոն գտնուող եղբայրներն ու քոյրերը կը տոկան։ Անոնք կը փաստեն թէ Սատանան մեզի ի՛նչ որ ալ ընէ, կրնանք հաւատարիմ մնալ։

ԻՐԱՐՈՒ ՕԳՆԵՑԷ՛Ք ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄՆԱԼՈՒ

14. Ի՞նչ կերպով մը կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնել, որ ճշմարտութեան մէջ մնան։

14 Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելու համար, որ ճշմարտութեան մէջ մնան, պէտք է իրենց կարեկցութիւն ցոյց տանք (Ա. Յովհ. 3։10, 11, 16-18)։ Իրար պէտք է սիրենք ոչ միայն երբ ամէն բան լաւ կ’ընթանայ, հապա նաեւ երբ խնդիրներ ծագին։ Օրինակ, գիտե՞ս մէկը, որուն մէկ սիրելին մեռած է, եւ ան պէտք ունի մխիթարութեան կամ գործնական օգնութեան։ Կամ լսա՞ծ ես, որ հաւատակիցներդ բնական աղէտէ տուժած են եւ օգնութեան պէտք ունին, որ իրենց Թագաւորութեան սրահները կամ տուները վերաշինեն։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր խոր սէրն ու կարեկցութիւնը կրնանք ցոյց տալ ոչ միայն խօսքով, հապա նաեւ՝ գործով, ինչ որ աւելի կարեւոր է։

15. Ինչպէս որ Ա. Յովհաննէս 4։7, 8–ը կը նշէ, ի՞նչ պէտք է ընենք։

15 Մեր սիրառատ երկնաւոր Հայրը կ’ընդօրինակենք, երբ իրարու հանդէպ սէր կը դրսեւորենք (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։7, 8)։ Իսկ իրարու ներելը սէր ցուցաբերելու կարեւոր կերպ մըն է։ Օրինակ, թերեւս մէկը մեզ վիրաւորէ, բայց ետքը ներողութիւն խնդրէ։ Սէր կը ցուցաբերենք, երբ իրեն կը ներենք եւ ըրածը մեր կռնակին ետեւ կը նետենք (Կող. 3։13)։ Ալտօ անունով եղբայր մը նեղացաւ, երբ իր կողմէ յարգուած եղբայր մը, անազնիւ բան մը ըսաւ իր մշակոյթէն եղող մարդոց մասին։ Ան կ’ըսէ. «Շարունակ Եհովային աղօթեցի, որ ինծի օգնէ այս եղբօր հանդէպ ժխտական զգացումներ չունենալու»։ Ան ուրիշ բան մըն ալ ըրաւ. որոշեց եղբօրմէն ծառայութեան ժամադրութիւն առնել։ Ծառայութեան ընթացքին, Ալտոն բացատրեց թէ անոր ըսածը զինք շատ վիրաւորած էր։ Ան կ’ըսէ. «Երբ եղբայրը գիտցաւ զգացումներուս մասին, ներողութիւն խնդրեց։ Իր ձայնին թոնէն զգացի, թէ որքա՜ն զղջաց իր ըսածին համար։ Անկէ ետք, շարունակեցինք լաւ բարեկամներ ըլլալ, եւ խնդիրը մոռացութեան մատնեցինք»։

16-17. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

16 Յովհաննէս առաքեալ իր եղբայրները շատ սիրեց եւ ուզեց որ զօրաւոր հաւատք ունենան։ Իր երեք նամակներով անոնց տուած իր խրատները յստակօրէն կը յայտնեն իր սէրն ու հետաքրքրութիւնը։ Որքա՜ն քաջալերական է գիտնալ, թէ այն տղամարդիկն ու կիները, որոնք Յիսուսի հետ երկնքի մէջ պիտի իշխեն, Յովհաննէսին պէս սիրալիր ու հոգատար են (Ա. Յովհ. 2։27

17 Թող որ մեր քննարկած խրատները լուրջի առնենք։ Վճռենք ճշմարտութեան մէջ քալել, Եհովային հնազանդելով մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։ Իր Խօսքը սերտէ եւ ատոր վստահէ։ Յիսուսի հանդէպ զօրաւոր հաւատք կերտէ։ Մարդկային փիլիսոփայութիւնները եւ հաւատուրացներուն գաղափարները մերժէ։ Կրկնակի կեանք վարելու եւ մեղքին տեղի տալու ճնշումին դէմ դիր։ Եհովայի բարոյական բարձր չափանիշներուն համաձայն ապրէ։ Ինչպէս նաեւ, օգնենք մեր եղբայրներուն, որ զօրաւոր մնան՝ ներելով անոնց, որոնք մեզ կը վիրաւորեն, եւ ձեռք տալով անոնց, որոնք օգնութեան պէտք ունին։ Այսպէս, հակառակ մեր առջեւ եղող արգելքներուն, պիտի շարունակենք ճշմարտութեան մէջ քալել։

ԵՐԳ 11 Եհովայի սիրտը ուրախացնենք

^ պարբ. 5 Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որուն վրայ կը տիրէ ստութեան հայրը՝ Սատանան։ Ուստի յարատեւ պէտք է պայքարինք՝ ճշմարտութեան մէջ քալելու համար։ Առաջին դարուն վերջաւորութեան ապրող քրիստոնեաները նոյն պայքարը ունէին։ Իրենց եւ մեզի օգնելու համար, Եհովան Յովհաննէս առաքեալը ներշնչեց, որ երեք նամակներ գրէ։ Այդ նամակներուն բովանդակութիւնը մեզի պիտի օգնէ տեսնելու, թէ մեր առջեւ ի՛նչ արգելքներ կան եւ ինչպէ՛ս կրնանք զանոնք յաղթահարել։

^ պարբ. 6 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 11 Տե՛ս «Բոլոր իրողութիւնները գիտե՞ս» յօդուածը Դիտարան–ի օգոստոս 2018 թիւին մէջ։

^ պարբ. 59 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Դպրոցին մէջ, պատանի քոյր մը կը ռմբակոծուի միասեռական գաղափարներով (կարգ մը մշակոյթներու մէջ, ծիածանի եօթը գոյները կը գործածուին՝ անհատին միասեռական ըլլալը յայտնելու համար)։ Ետքը, ան փնտռտուք կ’ընէ, որպէսզի իր քրիստոնէական հաւատալիքները զօրացնէ։ Ասիկա իրեն կ’օգնէ ճիշդ որոշումը առնելու։