Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Արդեօք Եհովայի վկաները պէ՞տք է կողակից գտնելու օգնող կայքերը գործածեն

Եհովան վստահաբար կ’ուզէ, որ երկու ամուսնացող անհատները ուրախ ըլլան, եւ մնայուն ու մտերիմ կապ վայելեն (Մատ. 19։4-6)։ Եթէ կը փափաքիս ամուսնանալ, ինչպէ՞ս կրնաս լաւ կողակից գտնել։ Եհովան մեր Ստեղծիչը ըլլալով գիտէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որ յաջող ամուսնութիւն ունենանք։ Անոր համար, եթէ իր տուած սկզբունքները գործադրես, լաւագոյն արդիւնքները ձեռք պիտի ձգես։ Նկատի առ այդ սկզբունքներէն ոմանք։

Նա՛խ, պէտք է կարեւոր իրողութիւն մը հասկնանք մեր մասին. «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է» (Եր. 17։9)։ Երբ երկու անհատներ, որոնք կ’ուզեն ամուսնանալ, կը սկսին ժամադրուիլ, շատ արագ կրնան իրարու հանդէպ զօրաւոր զգացումներ զարգացնել։ Եւ այդ զօրաւոր զգացումները կրնան դժուարացնել իմաստուն որոշումներ առնելը։ Երբ մարդիկ ամուսնութեան որոշումը կ’առնեն գլխաւորաբար զգացումներու հիման վրայ, յաճախ յուսախաբ կ’ըլլան (Առ. 28։26)։ Անոր համար, իմաստութիւն չէ որ երկու անհատներ իրարու հանդէպ իրենց խոր զգացումները արտայայտեն իրենց փոխյարաբերութեան սկիզբը, կամ ալ խոստումներ տան՝ իրար ճանչնալէ առաջ։

Առակաց 22։3–ը կ’ըսէ. «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին»։ Ինչո՞ւ կողակից գտնելու օգնող կայքերը գործածելը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։ Ցաւօք սրտի, կարգ մը մարդիկ համացանցին միջոցով օտարներու ծանօթացան, սկսան ժամադրուիլ եւ ետքը անդրադարձան որ այդ անձը, որուն հետ կը ժամադրուէին, զիրենք կը խաբէր։ Նաեւ, անպարկեշտ մարդիկ իրենց ինքնութիւնը կեղծած են՝ միամիտ անհատները խաբելու եւ անոնց դրամը շորթելու համար։ Ատեններ, այդ խաբեբայ մարդիկը ըսած են, թէ Եհովայի վկաներ են։

Նկատի առ ուրիշ վտանգ մը։ Կարգ մը կայքեր համակարգչային ծրագիրներ կը գործածեն իրարու համապատասխան զոյգեր գտնելու համար։ Սակայն փաստ չկայ, որ այդ մեթոտները յաջող են։ Իմաստութի՞ւն է ապաւինիլ մարդու շինած ծրագիրի մը, որպէսզի յաջողինք ամուսնութեան մէջ, որ այսքան կարեւոր է։ Իրականութեան մէջ, համակարգչային ծրագիրները աստուածաշնչական սկզբունքներուն քովէն իսկ չեն անցնիր (Առ. 1։7. 3։5-7

Առակաց 14։15–ին սկզբունքը կ’ըսէ. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ»։ Անհատ մը հաւանական կողակից սեպելէ առաջ, պէտք է զինք լաւ ճանչնաս։ Բայց այս մէկը դժուար է ընել համացանցին միջոցաւ։ Նոյնիսկ եթէ իրարու անձնական տեղեկութիւնները կը կարդաք եւ համացանցին վրայ շատ ժամանակ կ’անցընէք իրարու հետ խօսակցելով, կրնա՞ս իրապէս ըսել որ զինք կը ճանչնաս։ Ոմանք, որոնք խորհեցան թէ իրենց իսկական սէրը գտած են, օդէն ինկան երբ վերջապէս անհատին անձամբ հանդիպեցան։

Սաղմոս գրողը ըսաւ. «Խարդախ մարդոց հետ չնստեցայ ու կեղծաւորներու պիտի չընկերանամ» (Սաղ. 26։4)։ Շատերու համար սովորական է՝ համացանցին վրայ սուտ տեղեկութիւններ տալ, աւելի գրաւիչ երեւնալու համար։ Անոնք թերեւս իրենց գէշ յատկութիւնները կը պահեն, կամ ալ՝ դիւրին չէ նկատել իրենց գէշ յատկութիւնները մէսըճներուն միջոցով։ Ոմանք իրենք զիրենք կը ներկայացնեն որպէս Եհովայի վկաներ, բայց իրապէս մկրտուած քրիստոնեանե՞ր են։ Հոգեւորապէս հասո՞ւն են։ Եհովայի հետ անձնական փոխյարաբերութիւն ունի՞ն։ Իրենց ժողովքին մէջ յարգուա՞ծ են։ Կրնա՞յ ըլլալ, որ անոնք լաւ օրինակ չեն կամ նոյնիսկ՝ «չար ընկերակցութիւն» են (Ա. Կոր. 15։33. Բ. Տիմ. 2։20, 21)։ Եւ Սուրբ Գիրքին հիման վրայ ազա՞տ են ամուսնանալու։ Պատասխանները պէ՛տք է գիտնաս. բայց դժուար է գիտնալ առանց խօսելու ուրիշ Վկայի մը հետ, որ անհատը լաւ կը ճանչնայ (Առ. 15։22)։ Եւ անշուշտ, Եհովայի հաւատարիմ ծառային միտքէն իսկ պիտի չանցնի ‘անհաւատի մը հետ օտարախառն լծակից’ ըլլալ (Բ. Կոր. 6։14. Ա. Կոր. 7։39

Որովհետեւ ամուսնութեան նպատակով համացանցը գործածելը այսքա՛ն վտանգներ ունի, աւելի լաւ կերպեր կան, որ մէկը կողակից մը փնտռէ եւ զարգացնէ պատուական ամուսնութեան տանող փոխյարաբերութիւն։ Ինչպէ՞ս կրնաս հաւանական կողակիցի հանդիպելու առիթներ գտնել։ Երբ միասին հաւաքուիլը արգիլուած չէ, Եհովայի վկաները կրնան անձամբ իրարու ծանօթանալ՝ ժողովներու, համաժողովներու եւ ուրիշ հաւաքոյթներու ընթացքին։

Մինչ միասին ժամանակ կ’անցընէք, աւելի յստակօրէն պիտի տեսնէք, թէ ձեր նպատակակէտերն ու արժանիքները նո՛յնն են կամ ոչ

Երբ այդ հանրային հաւաքոյթները կարելի չեն, ինչպէս օրինակ՝ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ընթացքին, ելեկտրոնային գործիքներ կը գործածենք ժողովներու ներկայ ըլլալու համար, ուր առիթներ կան որ ծանօթանանք ուրիշ ամուրի Վկաներու։ Կրնաս տեսնել ինչպէ՛ս ժողովներու կը մասնակցին եւ լսել իրենց հաւատքին արտայայտութիւնները (Ա. Տիմ. 6։11, 12)։ Կրնաք միասին ժամանակ անցընել breakout room–ի մը մէջ՝ ժողովներէն ետք։ Երբ համացանցին միջոցաւ խումբ մը Վկաներ ընկերային հաւաքոյթ կ’ընեն, կրնաս դիտել այն անձը, որմով հետաքրքրուած ես, տեսնելու համար թէ ուրիշներուն հետ ինչպէ՛ս կը վարուի, ինչ որ կրնայ ցոյց տալ իր իսկական անձնաւորութիւնը (Ա. Պետ. 3։4)։ Ժամանակի ընթացքին, երբ իրար աւելի լաւ ճանչնաք, կրնաք գիտնալ եթէ ձեր նպատակակէտերն ու արժանիքները նոյնն են եւ եթէ կրնաք համապատասխան զոյգ մը ըլլալ։

Երբ ամուրիներ կողակից կը փնտռեն այն կերպերով, որոնք աստուածաշնչական սկզբունքներուն համաձայն են, աւելի հաւանական է որ իրենց կիրարկուի Սուրբ Գիրքին ըսածը. «Առաքինի կին [կամ ամուսին] գտնողը բարիք կը գտնէ ու Տէրոջմէն շնորհք կը ստանայ» (Առ. 18։22