Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 28

Մրցակցութենէ հեռո՛ւ մնա. խաղաղութեան ետեւէ՛ եղիր

Մրցակցութենէ հեռո՛ւ մնա. խաղաղութեան ետեւէ՛ եղիր

«Սնապարծ չըլլանք՝ մէկզմէկ գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով» (ԳԱՂ. 5։26

ԵՐԳ 53 Միաբանութեամբ համագործակցինք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Մրցակցութեան ոգին մարդոց ինչպէ՞ս կրնայ ազդել։

ՆԵՐԿԱՅԻՍ, աշխարհի մէջ շատեր միշտ ջանք կ’ընեն, որ ուրիշներէն աւելի լաւ երեւին եւ չեն հետաքրքրուած որ իրենց ըրածները ուրիշներուն ինչպէ՛ս կ’ազդեն։ Օրինակ, առեւտրական մը ուրիշներէն աւելի յաջող ըլլալու համար, կրնայ անոնց վնաս հասցնել։ Մրցոյթի մը ընթացքին, մարզիկ մը կրնայ ուրիշ մարզիկ մը դիտմամբ վիրաւորել, որպէսզի ինք յաղթէ։ Աշակերտ մը անուանի համալսարան մը ընդունուելու համար, մուտքի քննութեան մէջ խարդախութիւն կ’ընէ։ Քրիստոնեաներ ըլլալով, կը գիտակցինք որ այսպիսի վարք մը սխալ է. անիկա «մարմնին գործեր»էն մէկն է (Գաղ. 5։19-21)։ Բայց կրնա՞յ ըլլալ, որ Եհովայի ծառաներէն ոմանք ժողովքին մէջ մրցակցութեան ոգի կ’արթնցնեն առանց նոյնիսկ անդրադառնալու։ Այս հարցը կարեւոր է, քանի որ մրցակցութեան ոգին կրնայ մեր եղբայրութեան միութիւնը խանգարել։

2. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք ժխտական յատկութիւններ, որոնք կրնան պատճառ ըլլալ, որ մեր եղբայրներուն հետ մրցակցինք։ Նաեւ, նկատի պիտի առնենք Աստուածաշունչի ժամանակներուն ապրած հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներու օրինակներ, որոնք մրցակցութեան ոգիին տեղի չտուին։ Նա՛խ տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր շարժառիթները քննել։

ՔՆՆԷ՛ ՇԱՐԺԱՌԻԹՆԵՐԴ

3. Մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք։

3 Ատեն–ատեն աղուոր կ’ըլլայ, եթէ մեր շարժառիթները քննենք։ Թերեւս մենք մեզի հարցնենք. ‘Իմ անձովս ուրախ կը զգամ, միա՞յն երբ ինքզինքս ուրիշներուն հետ բաղդատեմ։ Արդեօք ժողովքին մէջ ծանր կ’աշխատիմ, քանի որ կ’ուզեմ լաւագո՞յնը ըլլալ, կամ գոնէ ուրիշներէն աւելի լա՞ւ ըլլալ. թէ ոչ՝ պարզապէս կ’ուզեմ լաւագոյնս տալ Եհովային’։ Ինչո՞ւ պէտք է այդ հարցումները հարցնենք։ Տե՛ս թէ Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ։

4. Ինչո՞ւ պէտք չէ մենք մեզ ուրիշներուն հետ բաղդատենք, ինչպէս որ Գաղատացիս 6։3, 4–ը կը խրատէ։

4 Աստուածաշունչը կը յորդորէ որ մենք մեզ չբաղդատենք ուրիշներու հետ (կարդա՛ Գաղատացիս 6։3, 4)։ Ինչո՞ւ։ Մէկ կողմէն, եթէ խորհինք որ մեր եղբօրմէն աւելի լաւ ենք, կրնանք հպարտանալ։ Միւս կողմէն, եթէ կարծենք որ ուրիշներ մեզմէ աւելի լաւ են, հաւանաբար նեղուինք։ Երկու մտածումներն ալ իմաստուն չեն (Հռով. 12։3)։ Քաթերինա * անունով քոյր մը, որ Յունաստանի մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Ինքզինքս կը բաղդատէի ուրիշներու հետ, որոնք կը խորհէի որ ինձմէ աւելի անուշիկ են, ծառայութեան մէջ աւելի ազդու են եւ աւելի դիւրութեամբ բարեկամութիւններ կը հաստատեն։ Ատոր արդիւնքը կ’ըլլար, որ անարժէք կը զգայի»։ Պէտք է յիշենք, որ Եհովան մեզ իրեն քաշեց, ոչ թէ քանի որ գեղեցիկ ենք, լաւ կը խօսինք, կամ շատերու կողմէ սիրուած ենք, հապա քանի որ պատրաստ ենք զինք սիրելու եւ իր Որդիին մտիկ ընելու (Յովհ. 6։44. Ա. Կոր. 1։26-31

5. Հիւն անունով եղբօր մը փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։

5 Կրնանք մենք մեզի ուրիշ հարցում մըն ալ հարցնել. ‘Ճանչցուած եմ որպէս խաղաղարա՞ր, թէ ոչ՝ յաճախ վէճեր կը հանեմ’։ Նկատի առ Հիւն անունով եղբօր մը փորձառութիւնը, որ Հարաւային Քորէայի մէջ կ’ապրի։ Ատեն մը երբ արդէն որպէս երէց կը ծառայէր, առանձնաշնորհումներ ունեցող միւս եղբայրները մրցակից կը նկատէր։ Ան կ’ըսէ. «Այդ եղբայրները կը քննադատէի եւ յաճախ անոնց ըսածներուն չէի համաձայներ»։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան կը խոստովանի. «Կեցուածքս ժողովքին մէջ բաժանում պատճառեց»։ Հիւնի բարեկամներէն ոմանք իրեն օգնեցին, որ գիտնայ թէ ի՛նչ էր իր խնդիրը։ Ան պէտք եղած փոփոխութիւնները ըրաւ եւ ներկայիս յաջող երէց մըն է։ Եթէ կը զգանք որ փոխանակ խաղաղութեան ետեւէ ըլլալու, մրցակցելու հակումը ունինք, պէտք է շուտով քայլ մը առնենք։

ԱՆՁՆԱԿԵԴՐՈՆ ԵՒ ՆԱԽԱՆՁՈՏ ՄԻ՛ ԸԼԼԱՐ

6. Գաղատացիս 5։26–ի համաձայն, ի՞նչ գէշ յատկութիւններ կրնան մրցակցութեան ոգին մէջտեղ բերել։

6 Կարդա՛ Գաղատացիս 5։26։ Ո՞ր գէշ յատկութիւնները կրնան մէկը մղել, որ մրցակցի։ Անոնցմէ մէկն է՝ անձնակեդրոն ըլլալ։ Այս տեսակ անձ մը հպարտ եւ անձնասէր է։ Ուրիշ գէշ յատկութիւն մըն է՝ նախանձը։ Նախանձոտ անձը ոչ միայն կ’ուզէ ունենալ այն ինչ որ ուրիշ մէկը ունի, հապա կ’ուզէ անկէ զրկել զինք։ Իրականութեան մէջ, նախանձը ատելութեան տեսակ մըն է։ Վստահաբար կ’ուզենք այդ գէշ յատկութիւններէն փախչիլ։

7. Ո՞ր օրինակը կրնայ նկարագրել անձնակեդրոնութեան եւ նախանձին բերած վնասը։

7 Անձնակեդրոնութիւնը եւ նախանձը կարելի է նմանցնել այն աղտոտութեան, որ օդանաւի մը վառելանիւթին մէջ կ’ըլլայ։ Օդանաւը թռիչք առնելէ ետք, այդ աղտոտութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ վառելանիւթի խողովակները գոցուին եւ օդանաւը իյնայ ու ջախջախուի։ Նոյնպէս, թերեւս մէկը որոշ ժամանակ Եհովային ծառայէ։ Բայց եթէ անձնակեդրոն եւ նախանձոտ է, պիտի իյնայ (Առ. 16։18)։ Ան Եհովային ծառայելէն պիտի կենայ եւ ինքզինքին եւ ուրիշներուն պիտի վնասէ։ Ինչպէ՞ս կրնանք անձնակեդրոն եւ նախանձոտ չըլլալ։

8. Ինչպէ՞ս կրնանք անձնակեդրոնութեան դէմ դնել։

8 Կրնանք անձնակեդրոնութեան դէմ դնել, ի մտի ունենալով Պօղոս առաքեալի խրատը, որ տուաւ փիլիպպեցիներուն. «Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք» (Փլպ. 2։3)։ Եթէ ուրիշները մեզմէ աւելի լաւ կը սեպենք, պիտի չմրցակցինք անոնց հետ, որոնք մեզմէ աւելի մեծ ձիրքեր եւ կարողութիւններ ունին։ Ընդհակառակը, անոնց համար ուրախ պիտի ըլլանք, մանաւանդ եթէ իրենց ձիրքերը կը գործածեն Եհովայի ծառայութեան մէջ՝ զինք փառաբանելու համար։ Միեւնոյն ատեն, եթէ ձիրքեր ունեցող մեր եղբայրներն ու քոյրերը Պօղոսի խրատին հետեւին, պիտի կեդրոնանան մե՛ր լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Արդիւնքը պիտի ըլլայ, որ ժողովքին մէջ բոլորս խաղաղութեան ու միութեան պիտի նպաստենք։

9. Ինչպէ՞ս կրնանք նախանձին դէմ դնել։

9 Կրնանք նախանձին դէմ դնել, եթէ համեստութիւն մշակենք, այսինքն՝ մեր սահմանափակումներուն գիտակից ըլլանք։ Եթէ համեստ ենք, պիտի չփորձենք փաստել, թէ մենք բոլորէն աւելի լաւ կամ աւելի տաղանդաւոր ենք։ Հապա պիտի տեսնենք թէ անոնցմէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ։ Օրինակ, սեպենք թէ ժողովքին մէջ եղբայր մը հոյակապ դասախօս է։ Կրնանք իրեն հարցնել, թէ իր դասախօսութիւնները ինչպէ՛ս կը պատրաստէ։ Եթէ քոյր մը լաւ խոհարարուհի է, կրնանք իրմէ խնդրել որ մեզի օգնէ այդ մարզին մէջ բարելաւուելու։ Եւ եթէ երիտասարդ քրիստոնեայ մը չի կրնար դիւրութեամբ բարեկամութիւններ հաստատել, կրնայ խրատ խնդրել մէկէ մը, որ այդ մարզին մէջ զօրաւոր է։ Այս կերպերով կրնանք նախանձին դէմ դնել եւ մեր հմտութիւնները բարելաւել։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐԷ ՍՈՐՎԷ

Որովհետեւ Գեդէօն խոնարհ էր, եփրեմեաններուն հետ խաղաղութիւնը պահեց (տե՛ս պարբ. 10-12)

10. Գեդէօն ի՞նչ խնդիրի մը առջեւ գտնուեցաւ։

10 Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, Մանասէի ցեղէն եղող Գեդէօնին եւ Եփրեմի ցեղէն եղող տղամարդոց միջեւ։ Եհովայի օգնութեամբ Գեդէօն եւ իր 300 տղամարդիկը հոյակապ յաղթանակ տարին, որ կրնար զիրենք հպարտացնել։ Եփրեմի տղամարդիկը Գեդէօնին քով եկան, ոչ թէ զինք գովելու, հապա կռիւ ընելու։ Այնպէս կ’երեւի որ անոնց հպարտութիւնը վիրաւորուած էր, քանի որ Գեդէօն սկիզբէն իսկ զանոնք չէր հրաւիրած իրեն հետ Աստուծոյ թշնամիներուն դէմ պատերազմելու։ Անոնք այնքա՛ն կեդրոնացած էին իրենց ցեղին պատիւը պաշտպանելուն վրայ, որ չտեսան մեծ պատկերը. Գեդէօն Եհովայի անուան պատիւ բերած էր եւ Իր ժողովուրդը պաշտպանած էր (Դատ. 8։1

11. Գեդէօն Եփրեմի տղամարդոց ի՞նչ ըսաւ։

11 Գեդէօն Եփրեմի տղամարդոց խոնարհաբար ըսաւ. «Ձեզի հետ բաղդատած՝ ես ի՞նչ ըրի»։ Ետքը, ան մասնաւոր օրինակով մը ցոյց տուաւ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս զանոնք օրհնած էր։ Այսպէս, «անոնց սիրտը հանդարտեցաւ» (Դատ. 8։2, ՆԱ3)։ Ան հպարտութեան տեղի չտուաւ, Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ խաղաղութիւն պահպանելու համար։

12. Ի՞նչ կը սորվինք եփրեմեաններուն եւ Գեդէօնին օրինակէն։

12 Այս պատմութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Եփրեմեաններուն օրինակէն կը սորվինք, որ պէտք է կեդրոնանանք ոչ թէ մեր պատիւը պաշտպանելուն վրայ, հապա Եհովային պատիւ բերելուն վրայ։ Ընտանիքներու գլուխները եւ երէցները կրնան Գեդէօնէն սորվիլ։ Եթէ մէկը մեր ըրածին համար մեզմէ նեղուի, հարցին պէտք է իր ակնոցով նայինք։ Նաեւ կրնանք անհատը գովել լաւ բանի մը համար, որ ըրած է։ Ատիկա մեզմէ խոնարհութիւն պիտի պահանջէ, մանաւանդ եթէ յստակ է որ անձը սխալ է։ Բայց խաղաղութիւնը մեր արժանապատուութենէն շա՜տ աւելի կարեւոր է։

Որովհետեւ Աննան Եհովային ապաւինեցաւ որ հարցերը շտկէ, իր ներքին խաղաղութիւնը ետ իրեն դարձաւ (տե՛ս պարբ. 13-14)

13. Աննան ի՞նչ դժուարութեան մը առջեւ գտնուեցաւ, եւ ինչպէ՞ս զայն յաղթահարեց։

13 Նաեւ մտածէ Աննայի օրինակին շուրջ։ Ան ամուսնացած էր Եղկանա անունով ղեւտացիի մը հետ, որ զինք շա՜տ կը սիրէր։ Բայց Եղկանան ուրիշ կին մըն ալ ունէր՝ Փենանան։ Ան Փենանայէն աւելի կը սիրէր Աննան. սակայն, «Փենանա զաւակներ ունէր, բայց Աննա զաւակ չունէր»։ Անոր համար Փենանան Աննան վիրաւորեց՝ «զանիկա կսկծեցնելու համար»։ Աննան ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ան շա՜տ նեղացաւ։ «Կու լար եւ չէր ուտեր» (Ա. Թագ. 1։2, 6, 7)։ Բայց Սուրբ Գիրքին մէջ տեղ մը չէ գրուած, որ Աննան փորձեց կերպով մը Փենանայէն վրէժ առնել։ Փոխարէնը, ան իր սիրտը բացաւ Եհովային եւ անոր ապաւինեցաւ որ հարցերը շտկէ։ Փենանան Աննային հանդէպ իր վարուելակերպը փոխե՞ց։ Սուրբ Գիրքը բան մը չ’ըսեր։ Բայց գիտենք որ Աննայի ներքին խաղաղութիւնը ետ իրեն դարձաւ։ «Երեսը անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ» (Ա. Թագ. 1։10, 18

14. Ի՞նչ կը սորվինք Աննայի օրինակէն։

14 Ի՞նչ կը սորվինք Աննայի օրինակէն։ Եթէ մէկը ջանք կ’ընէ որ քեզմէ աւելի լաւ երեւնայ, պէտք չունիս փաստելու որ դուն իրմէ աւելի լաւ ես։ Փոխանակ չարին չարով փոխադարձելու, փորձէ անհատին հետ խաղաղութիւն ընել (Հռով. 12։17-21)։ Նոյնիսկ եթէ չընդառաջէ, դուն քու ներքին խաղաղութիւնդ պահպանած կ’ըլլաս։

Որովհետեւ Ապօղոս ու Պօղոս կը գիտակցէին, որ Եհովա՛ն իրենց աշխատանքը կ’օրհնէր, իրար մրցակից չէին նկատեր (տե՛ս պարբ. 15-18)

15. Ապօղոս եւ Պօղոս ինչո՞վ իրարու նման էին։

15 Վերջաւորութեան, նկատի առ թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Ապօղոս աշակերտին եւ Պօղոս առաքեալին օրինակներէն։ Երկուքն ալ Սուրբ Գրութիւնները շատ լաւ գիտէին։ Երկուքն ալ լաւ ճանչցուած էին եւ հոյակապ ուսուցիչներ էին։ Եւ երկուքն ալ շատ աշակերտներ պատրաստած էին։ Բայց իրար մրցակից չէին սեպեր։

16. Ապօղոս ի՞նչ տեսակ անձ մըն էր։

16 Ապօղոս «ծնունդով Աղեքսանդրացի» էր. Աղեքսանդրիան առաջին դարուն ուսումի կեդրոն էր։ Ապօղոս հմուտ դասախօս մըն էր եւ «զօրաւոր էր սուրբ գրքերով» (Գործք 18։24, 25)։ Երբ ան Կորնթոսի մէջ ծառայեց, ժողովքին մէջ կարգ մը եղբայրներ յայտնի ըրին, որ զինք կը հաւնէին ուրիշ եղբայրներէ աւելի, մէջը ըլլալով՝ Պօղոսը (Ա. Կոր. 1։12, 13)։ Արդեօք Ապօղո՞ս պատճառ եղաւ, որ այդ բաժնող կեցուածքը մէջտեղ գար։ Չենք կրնար երեւակայել որ այդպէս ըրաւ։ Ապօղոս Կորնթոսը ձգելէն ժամանակ մը ետք, Պօղոս խնդրեց որ ետ հոն վերադառնար (Ա. Կոր. 16։12)։ Պօղոս այդ մէկը բնա՛ւ պիտի չընէր, եթէ զգար որ Ապօղոս ժողովքը կը բաժնէր։ Յստակ է որ Ապօղոս իր պարգեւները լաւ կերպով գործածեց՝ բարի լուրը ծանուցանելու եւ իր եղբայրները զօրացնելու։ Նաեւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Ապօղոս խոնարհ մարդ մըն էր։ Օրինակ, տեղ մը չէ գրուած որ ան Ակիւղասէն եւ Պրիսկիղայէն նեղուեցաւ, երբ ‘աւելի ճիշդ Աստուծոյ ճամբան իրեն հասկցուցին’ (Գործք 18։24-28

17. Պօղոս ինչպէ՞ս խաղաղութիւն հաստատեց։

17 Պօղոս առաքեալ գիտէր, որ Ապօղոս շատ լաւ գործ մը կը տանէր։ Բայց Պօղոս չէր մտահոգուեր, թէ մարդիկ պիտի մտածէին, թէ Ապօղոս իրմէ աւելի լաւ էր։ Երբ կը կարդանք Պօղոսի գրածը կորնթացիներուն, կրնանք տեսնել թէ ան խոնարհ, համեստ եւ տրամաբանող էր։ Ան չէր հաւներ, երբ մարդիկ կ’ըսէին. «Ես Պօղոսեան եմ», հապա ամէն ուշադրութիւնը Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսին կ’ուղղէր (Ա. Կոր. 3։3-6

18. Ա. Կորնթացիս 4։6, 7–ի հիման վրայ, ի՞նչ կը սորվինք Ապօղոսի եւ Պօղոսի օրինակներէն։

18 Ապօղոսի եւ Պօղոսի օրինակներէն ի՞նչ կը սորվինք։ Թերեւս Եհովային համար ծանր կ’աշխատինք եւ թերեւս շատերու կ’օգնենք, որ յառաջդիմեն դէպի մկրտութիւն։ Բայց կը գիտակցինք, որ որեւէ բանի մէջ կը յաջողինք, միայն քանի որ Եհովան մեր ջանքերը կ’օրհնէ։ Ապօղոսի եւ Պօղոսի օրինակներէն կը սորվինք ուրիշ դաս մը. ո՛րքան աւելի կարեւոր պատասխանատուութիւններ ունենանք, ա՛յնքան աւելի առիթներ կ’ունենաք խաղաղութիւն հաստատելու։ Շատ շնորհակալ կ’ըլլանք, երբ երէցներն ու օգնական ծառաները խաղաղութիւն ու միութիւն կը հաստատեն՝ իրենց խրատը հիմնելով Աստուծոյ Խօսքին վրայ, եւ ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով, ոչ թէ իրենց վրայ, հապա մեր տիպարին՝ Յիսուս Քրիստոսին վրայ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 4։6, 7

19. Մեզմէ իւրաքանչիւրը ի՞նչ կրնայ ընել (տե՛ս նաեւ « Մրցակցութենէ հեռո՛ւ մնա» շրջանակը)։

19 Մեզմէ ամէն մէկը Աստուծմէ տրուած ձիրք մը կամ կարողութիւն մը ունի։ Կրնանք ատոնք ‘իրարու մատակարարել’ (Ա. Պետ. 4։10)։ Թերեւս զգանք, որ մեր դերը պզտիկ է։ Բայց միութեան նպաստող պզտիկ արարքները կը նմանին պզտիկ կարերու, որոնք հագուստի մը կտորները իրարու կը միացնեն։ Թող շատ ջանք թափենք, որ մեր մէջէն մրցակցութեան ոգին արմատախիլ ընենք։ Թող վճռենք մեր ամէն կարելին ընել, որ ժողովքին մէջ խաղաղութիւն ու միութիւն հաստատենք (Եփ. 4։3

ԵՐԳ 95 ‘Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք, թէ Եհովան բարի է’

^ պարբ. 5 Ինչպէս պզտիկ ճեղքերը կաւէ աման մը կը տկարացնեն, մրցակցութեան ոգին ալ կրնայ ժողովքը տկարացնել։ Եթէ ժողովքը զօրաւոր ու միացած չէ, անկարելի է անոր մէջ խաղաղութեամբ Աստուած պաշտել։ Յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ ինչո՛ւ պէտք է մրցակցութեան ոգիէն հեռու մնանք, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք օգնել, որ ժողովքին մէջ բոլորը խաղաղութեան ետեւէ ըլլան։

^ պարբ. 4 Անունները փոխուած են։