Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 28

Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛

Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛

«Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան» (ՅԱՅՏ. 11։15

ԵՐԳ 136 Թագաւորութիւնը կ’իշխէ. կ’աղօթենք՝ «Թող գա՛յ»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ի՞նչ բանէ վստահ ենք, եւ ինչո՞ւ։

 ԱՇԽԱՐՀԻ վիճակները տեսնելով, քեզի համար դժուար կ’ըլլա՞յ դրական մնալ։ Ընտանիքի անդամները երթալով իրարմէ կը պաղին։ Մարդիկ աւելի ու աւելի ջղային, անձնասէր ու վայրագ կը դառնան։ Շատերու համար դժուար է իշխանութիւն ունեցողներուն վստահիլ։ Անդին, այս նոյն վիճակները կրնան քեզի վստահութիւն տալ, որ ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդիկ կը վարուին ճիշդ այն կերպով, որ Աստուածաշունչը ըսած էր «վերջին օրեր»ուն մասին իր հռչակաւոր մարգարէութեան մէջ (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Անկեղծ անհատ մը չի կրնար չընդունիլ, որ այս մարգարէութիւնը կը կատարուի։ Եւ անոր կատարումը կը փաստէ, որ Քրիստոս Յիսուս սկսած է իշխել որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Բայց ասիկա Թագաւորութեան մասին շատ մը մարգարէութիւններէն միայն մէկն է։ Մեր հաւատքը պիտի զօրանայ քննարկելով ուրիշ մարգարէութիւններ, որոնք վերջին տարիներուն կատարուած են։

Ճիշդ փազլի մը կտորներուն պէս, Դանիէլ գրքի եւ Յայտնութիւն գրքի մարգարէութիւնները կատարելապէս իրարու համաձայն են, եւ այսպէս մեր մտքին մէջ յստակ պատկեր մը կը գծեն, թէ Եհովայի դէպքերու ժամանակացոյցին մէջ ո՛ւր ենք (տե՛ս պարբ. 2)

2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք, եւ ինչո՞ւ (խօսէ՛ կողքին նկարին մասին)։

2 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք՝ 1) մարգարէութիւն մը, որ մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ Թագաւորութիւնը ե՛րբ հաստատուեցաւ, 2) մարգարէութիւններ, որոնք մեզի կ’օգնեն ըմբռնելու թէ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը եղած է, եւ 3) մարգարէութիւններ, որոնք կը յայտնեն թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան թշնամիները ինչպէ՛ս պիտի կործանուին։ Պիտի տեսնենք, թէ այս մարգարէութիւնները կատարելապէս իրարու համաձայն են՝ ճիշդ փազըլի մը կտորներուն պէս, եւ այսպէս մեր մտքին մէջ յստակ պատկեր մը կը գծեն, թէ դէպքերու Եհովայի ժամանակացոյցին մէջ ո՛ւր ենք։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԳԻՏՆԱԼ Ե՛ՐԲ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԵՑԱՒ

3. Դանիէլ 7։13, 14–ի մարգարէութիւնը մեզի ի՞նչ վստահութիւն կու տայ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորին նկատմամբ։

3 Դանիէլ 7։13, 14–ի մարգարէութիւնը մեզ վստահեցուց, որ Քրիստոս Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան իտէալ Կառավարիչը պիտի ըլլար։ Բոլոր ազգերէ մարդիկ ուրախութեամբ անոր ‘ծառայութիւն պիտի ընէին’, եւ ուրիշ կառավարիչ մը բնա՛ւ անոր տեղը պիտի չառնէր։ Դանիէլ գիրքին ուրիշ մէկ մարգարէութիւնը կը յիշէ, որ Յիսուսին իշխանութիւն պիտի տրուէր «եօթը ժամանակ» կոչուող ժամանակամիջոցի մը աւարտէն ետք։ Կարելի՞ է գիտնալ, թէ Յիսուս ե՛րբ Թագաւոր եղաւ։

4. Բացատրէ թէ Դանիէլ 4։10-17–ն ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ գիտնալու, թէ Քրիստոս ո՛ր տարին Թագաւոր պիտի ըլլար (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

4 Կարդա՛ Դանիէլ 4։10-17։ «Եօթը ժամանակ»ը կը ներկայացնէ 2520 տարի։ Այդ ժամանակամիջոցը սկսաւ Ք.Ա. 607–ին, երբ բաբելոնացիները Երուսաղէմի մէջ Եհովայի գահէն վար առին վերջին թագաւորը։ Եւ վերջ գտաւ Ք.Ե. 1914–ին, երբ Եհովան որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը թագադրեց Յիսուսը՝ ան, «որուն իրաւունքն է» (Եզեկ. 21։25-27) *։

5. Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ «եօթը ժամանակ»ին մասին մարգարէութիւնը հասկնալով։

5 Այս մարգարէութեան մասին գիտնալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ «Եօթը ժամանակ»ին մասին մարգարէութիւնը հասկնալը մեզի վստահութիւն կու տայ, որ Եհովան իր խոստումները կը կատարէ ճի՛շդ ատենին։ Ճիշդ ինչպէս որ իր Թագաւորութեան հաստատուելուն համար որոշ ժամանակ որոշած էր, ան պիտի ձգէ որ միւս բոլոր մարգարէութիւններն ալ կատարուին իր ժամանակացոյցին համաձայն։ Այո, Եհովային օրը «պիտի չուշանայ» (Ամբ. 2։3, ԱԾ

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳԻՏԵՆՔ ՈՐ ՔՐԻՍՏՈՍ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԵՂԱԾ Է

6. ա) Երկրի վրայ ի՞նչ կը տեսնենք, որ կը փաստէ թէ Քրիստոս երկնքի մէջ կ’իշխէ։ բ) Յայտնութիւն 6։2-8–ի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կը հաստատէ մեր տեսած դէպքերը։

6 Երբ Յիսուսի երկրային ծառայութիւնը վերջանալու վրայ էր, ան մարգարէացաւ կարգ մը համաշխարհային դէպքերու մասին, որոնք իր հետեւորդներուն պիտի օգնէին գիտնալու, թէ ինք սկսած էր երկինքին մէջ իշխել։ Իր նշած բաներէն ոմանք էին՝ պատերազմներ, սովեր եւ երկրաշարժներ։ Ան նաեւ մարգարէացաւ մահտարաժամներու, կամ՝ հիւանդութիւններու մասին, որոնք «տեղ տեղ» պիտի ըլլային։ Անոնցմէ մէկը ՔՈՎԻՏ–19 համավարակն է։ Այս դէպքերը մաս կը կազմեն Քրիստոսի ‘ներկայութեան նշանին’ (Մատ. 24։3, 7, ՆԱ. Ղուկ. 21։7, 10, 11)։ Երկինք վերադառնալէ աւելի քան 60 տարի ետք, Յիսուս Յովհաննէս առաքեալը յաւելեալ կերպով վստահեցուց, որ այս դէպքերը պիտի ըլլային (կարդա՛ Յայտնութիւն 6։2-8)։ Այս բոլոր դէպքերը տեղի ունեցած են 1914–ին Յիսուս Թագաւոր ըլլալէն ի վեր։

7. Ինչո՞ւ Յիսուսին իշխելը երկրին վայեր պատճառած է։

7 Աշխարհին վիճակները ինչո՞ւ աւելի գէշ եղան, երբ Յիսուս Թագաւոր դարձաւ։ Յայտնութիւն 6։2–ը կարեւոր մանրամասնութիւն մը կու տայ. առաջին բանը, որ Յիսուս թագադրուելէն ետք պիտի ընէր՝ պատերազմիլ էր։ Որո՞ւն դէմ։ Բանսարկուին եւ իր դեւերուն դէմ։ Յայտնութիւն գրքին 12–րդ գլուխին համաձայն, Սատանան պարտուեցաւ եւ իր դեւերուն հետ վռնտուեցաւ դէպի երկիր։ Կատղած ըլլալով՝ Սատանան սկսաւ իր բարկութիւնը մարդոց վրայ թափել, երկրին վայեր պատճառելով (Յայտ. 12։7-12

Մենք գէշ լուրեր լսելով չենք ուրախանար, բայց Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարումը տեսնելը մեզ կը վստահեցնէ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ (տե՛ս պարբ. 8)

8. Թագաւորութեան մասին մարգարէութիւններուն կատարուիլը տեսնելով, ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։

8 Այս մարգարէութիւններուն մասին գիտնալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ Աշխարհի դէպքերը եւ մարդոց կեցուածքին աչքառու կերպով փոխուիլը մեզի պիտի օգնէր գիտնալու, թէ Յիսուս Թագաւոր եղած է։ Ուստի, երբ կը տեսնենք որ մարդիկ անձնասիրութեամբ եւ ատելութեամբ կը վարուին, փոխանակ նեղանալու՝ կը յիշենք թէ անոնց ըրածները Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը կը կատարեն։ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛ (Սաղ. 37։1)։ Եւ մինչ Արմագեդոնը կը մօտենայ, կ’ակնկալենք որ աշխարհի վիճակները ա՛լ աւելի գէշ ըլլան (Մար. 13։8. Բ. Տիմ. 3։13)։ Շա՜տ շնորհակալ ենք մեր սիրալիր երկնաւոր Հօրմէն, որ մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ աշխարհին մէջ ինչո՛ւ այսքան շատ խնդիրներ կան։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ԳՏՆԵՆ

9. Դանիէլ 2։28, 31-35–ին մէջ նշուած մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ վերջին աշխարհակալ ուժը, եւ անիկա ե՞րբ մէջտեղ եկաւ։

9 Կարդա՛ Դանիէլ 2։28, 31-35։ Այս մարգարէութեան կատարումը կը տեսնենք այսօր։ Նաբուգոդոնոսորին երազը ցոյց տուաւ, թէ ի՛նչ պիտի պատահէր «վերջին օրեր»ուն՝ Քրիստոս իշխելու սկսելէն ետք։ Յիսուսի երկրային թշնամիներուն մէջ պիտի ըլլար վերջին աշխարհակալ ուժը, որուն մասին Աստուածաշունչին մէջ մարգարէացուած է եւ որ ներկայացուած է որպէս «երկաթէ ու կաւէ ոտքեր»։ Այդ աշխարհակալ ուժը արդէն կ’իշխէ։ Անիկա մէջտեղ եկաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, երբ Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները սկսան համագործակցիլ՝ կազմելով անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։ Նաբուգոդոնոսորի տեսած երազին մէջ կային առնուազն երկու բաներ, որոնք այս աշխարհակալ ուժը նախորդ թագաւորութիւններէն տարբեր պիտի դարձնէին։

10. ա) Դանիէլի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս ճշդութեամբ կը նկարագրէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։ բ) Ի՞նչ վտանգէ պէտք է հեռու մնանք (տե՛ս « Զգուշացի՛ր կաւէն» շրջանակը)։

10 Առաջին, տեսիլքին մէջ յիշուած նախորդ աշխարհակալ ուժերուն հակառակը, Անկլօ–Ամերիկան կը ներկայացուի ոչ թէ որպէս ամուր մետաղ մը՝ ինչպէս ոսկի կամ արծաթ, հապա որպէս երկաթի եւ կաւի խառնուրդ։ Կաւը կը ներկայացնէ «մարդոց սերունդ»ը, այսինքն՝ հասարակ ժողովուրդը (Դան. 2։43)։ Ինչպէս յստակօրէն կը տեսնենք այսօր, մարդիկ քուէարկութիւններու, քաղաքացիական իրաւունքներու արշաւներու, հաւաքական ցոյցերու եւ աշխատաւորական միութիւններու միջոցաւ կը տկարացնեն այս աշխարհակալ ուժին կարողութիւնը՝ իր քաղաքականութիւնները գործադրելու։

11. Անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին իշխելը ինչպէ՞ս մեր վստահութիւնը կը զօրացնէ, որ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։

11 Երկրորդ, Անկլօ–Ամերիկան՝ ներկայացուած ըլլալով որպէս հսկայ արձանին ոտքերը, վերջին աշխարհակալ ուժն է, որուն մասին Աստուածաշունչը մարգարէացած է։ Որեւէ մարդկային կառավարութիւն անկէ ետք պիտի չիշխէ։ Անիկա պիտի կործանուի Արմագեդոնին, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը զայն եւ բոլոր մարդկային կառավարութիւնները փշրէ (Յայտ. 16։13, 14, 16. 19։19, 20) *։

12. Դանիէլի մարգարէութիւնը ուրիշ ի՞նչ փաստ կու տայ, որ մեզ կը մխիթարէ ու յոյս կու տայ։

12 Այս մարգարէութեան մասին գիտնալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ Դանիէլի մարգարէութիւնը յաւելեալ փաստ մը կու տայ, թէ մենք վերջին ժամանակին մէջ կ’ապրինք։ Աւելի քան 2500 տարի առաջ, Դանիէլ մարգարէացաւ, որ Բաբելոնէն ետք ուրիշ չորս աշխարհակալ ուժեր Աստուծոյ ժողովուրդին մեծապէս պիտի ազդէին։ Ասկէ զատ, ան յայտնեց թէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը վերջինը պիտի ըլլար։ Ասիկա մեզ կը մխիթարէ եւ յոյս կու տայ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային բոլոր կառավարութիւնները պիտի բնաջնջէ եւ ինք ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ (Դան. 2։44

13. Յայտնութիւն 17։9-12–ին մէջ յիշուած «ութերորդ» թագաւորը եւ «տասը թագաւորներ»ը ի՞նչ կը ներկայացնեն, եւ այս մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուած է։

13 Կարդա՛ Յայտնութիւն 17։9-12։ Համաշխարհային Ա. պատերազմին բերած աւերումները պատճառ եղան, որ վերջին օրերուն մասին ուրիշ մարգարէութիւն մը կատարուի։ Աշխարհի առաջնորդները ուզեցին լման աշխարհին խաղաղութիւն բերել։ Այդ նպատակով, յունուար 1920–ին անոնք Ազգերու դաշնակցութիւնը հաստատեցին, որ հոկտեմբեր 1945–ին փոխարինուեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեամբ։ Այս կազմակերպութիւնը կը կոչուի «ութերորդ» թագաւորը։ Բայց անիկա աշխարհակալ ոյժ չէ։ Անոր զօրութիւնը կու գայ այն կառավարութիւններէն, որոնք իրեն թիկունք կը կանգնին։ Աստուածաշունչը այդ կառավարութիւնները այլաբանօրէն կը կոչէ «տասը թագաւորներ»։

14-15. ա) Յայտնութիւն 17։3-5–ը ի՞նչ կը յայտնէ «Մեծ Բաբելոն»ին մասին։ բ) Սուտ կրօնքին հետեւորդներուն ի՞նչ կը պատահի։

14 Կարդա՛ Յայտնութիւն 17։3-5։ Աստուծմէ ներշնչուելով, Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մը մէջ տեսաւ պոռնիկ մը՝ «Մեծ Բաբելոն»ը, որ կը ներկայացնէ բոլոր սուտ կրօնքները։ Այս տեսիլքը ինչպէ՞ս կատարուած է։ Սուտ կրօնքները երկար ժամանակէ ի վեր մօտէն աշխատած են աշխարհի կառավարութիւններուն հետ եւ անոնց թիկունք կանգնած են։ Սակայն, մօտ ատենէն Եհովան այդ քաղաքական ուժերուն սրտին մէջ պիտի դնէ, որ «իր կամքը կատարեն»։ Արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Այդ քաղաքական ուժերը՝ «տասը թագաւորները», սուտ կրօնական կազմակերպութիւններուն վրայ պիտի յարձակին եւ զանոնք պիտի բնաջնջեն (Յայտ. 17։1, 2, 16, 17

15 Ինչպէ՞ս գիտենք, որ Մեծ Բաբելոնին վերջը մօտ է։ Այս հարցումին պատասխանը գիտնալու համար, օգտակար է յիշել որ հին Բաբելոն քաղաքը մասամբ պաշտպանուած էր Եփրատ գետի ջուրերով։ Յայտնութիւն գիրքը Մեծ Բաբելոնի միլիոնաւոր հետեւորդները կը նմանցնէ զայն պաշտպանող «ջուրեր»ու (Յայտ. 17։15)։ Բայց անիկա նաեւ կը յայտնէ, որ ջուրերը պիտի ցամքէին, ինչ որ կը նշանակէ թէ բոլոր սուտ կրօնքները իրենց հետեւորդներէն շատեր պիտի կորսնցնէին (Յայտ. 16։12)։ Այս մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարուի։ Ներկայիս, բաւական մարդիկ սուտ կրօնքը ձգած են եւ իրենց խնդիրներուն լուծումները ուրիշ տեղ կը փնտռեն։

16. Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ, հասկնալով Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան յայտնուելուն եւ Մեծ Բաբելոնի իյնալուն մասին մարգարէութիւնները։

16 Այս մարգարէութիւններուն մասին գիտնալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան երեւիլը եւ սուտ կրօնքին անդամներուն պակսիլը յաւելեալ կերպով կը փաստեն, որ մենք վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Թէեւ բազմաթիւ մարդիկ այլեւս Մեծ Բաբելոնին թիկունք չեն կանգնիր, բայց այդ պատճառով չէ որ սուտ կրօնական կազմակերպութիւնները պիտի կործանին։ Ինչպէս նախապէս յիշուեցաւ, Եհովան «տասը թագաւորներ»ուն,– Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան թիկունք կանգնող քաղաքական ուժերուն,– սրտին մէջ պիտի դնէ, որ «իր կամքը կատարեն»։ Այդ ազգերը յանկարծ պիտի կործանեն Մեծ Բաբելոնը, ինչ որ աշխարհը անակնկալի պիտի բերէ (Յայտ. 18։8-10) *։ Մեծ Բաբելոնի կործանումը մեծապէս պիտի ազդէ ամբողջ աշխարհին եւ կրնայ նեղութիւններ պատճառել, բայց Աստուծոյ ժողովուրդը առնուազն երկու պատճառ պիտի ունենայ ուրախանալու։ Սուտ կրօնքը, որ երկար ատենէ ի վեր Եհովա Աստուծոյ թշնամին եղած է, այլեւս գոյութիւն պիտի չունենայ եւ մենք շուտով պիտի ազատինք այս չար աշխարհէն (Ղուկ. 21։28

ԱՊԱԳԱՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԴԻՄԱԳՐԱՒԷ

17-18. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել մեր հաւատքը զօրացնել։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

17 Դանիէլ մարգարէացաւ, թէ ճշմարիտ ‘գիտութիւնը պիտի շատնար’։ Այդպէս ալ եղած է։ Հիմա, մեր ժամանակուան մասին եղող մարգարէութիւններ կը հասկնանք (Դան. 12։4, 9, 10)։ Այս մարգարէութիւնները այնպիսի ճշդութեամբ կը կատարուին, որ մենք կը հիանանք Եհովայով եւ իր ներշնչեալ խօսքով (Եսա. 46։10. 55։11)։ Ուստի, շարունակէ հաւատքդ զօրացնել՝ Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ սերտելով եւ ուրիշներուն օգնելով, որ Եհովային հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենան։ Եհովան պիտի պաշտպանէ անոնք, որոնք լիովին իրեն կը վստահին, եւ անոնց «կատարեալ խաղաղութիւն» պիտի տայ (Եսա. 26։3

18 Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի կեդրոնանանք վերջին օրերուն քրիստոնէական ժողովքին մասին եղող մարգարէութիւններուն վրայ։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, այս մարգարէութիւնները նոյնպէս կը փաստեն, թէ մենք վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Պիտի տեսնենք յաւելեալ փաստեր թէ Յիսուս, որ հիմա կը թագաւորէ, իր հաւատարիմ հետեւորդները կ’առաջնորդէ։

ԵՐԳ 17 Օ՛ն յառաջ, ո՛վ Վկաներ

^ Կ’ապրինք մարդկութեան պատմութեան ամէնէն հետաքրքրական ժամանակներուն մէջ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուած է, ինչպէս որ Աստուածաշունչի շատ մը մարգարէութիւններ կանխագուշակեցին։ Այս յօդուածը պիտի քննարկէ այդ մարգարէութիւններէն ոմանք՝ Եհովային հանդէպ մեր հաւատքը զօրացնելու համար եւ մեզի օգնելու համար, որ հանդարտ մնանք եւ իրեն վստահինք հիմա եւ գալիք օրերուն։

^ Տե՛ս Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքին 32–րդ դասը, կէտ 4, եւ www.pr418.com/hyw կայքին վրայ դիտէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սկսաւ իշխել 1914–ին վիտէոն։

^ Դանիէլի մարգարէութեան մասին աւելի տեղեկութիւն առնելու համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 յունիս 2012 թիւը, էջ 16-20։

^ Մօտ ապագային տեղի ունենալիք դէպքերուն մասին աւելի մանրամասնութիւններ գիտնալու համար, տե՛ս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛ գիրքին 21–րդ գլուխը։