Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 29

Թիկունք կանգնէ մեր տեսուչին՝ Յիսուսին

Թիկունք կանգնէ մեր տեսուչին՝ Յիսուսին

«Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ» (ՄԱՏ. 28։18

ԵՐԳ 5 Քրիստոս՝ մեր Տիպարը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ներկայիս ի՞նչ է Եհովայի կամքը։

 ՆԵՐԿԱՅԻՍ, Աստուծոյ կամքն է, որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզուի ամբողջ աշխարհի մէջ (Մար. 13։10. Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Ասիկա Եհովային գործն է եւ այնքա՛ն կարեւոր է, որ ան իր սիրելի Որդին ընտրած է որ զայն առաջնորդէ։ Կրնանք վստահ ըլլալ, թէ որովհետեւ Յիսուս մեզ կ’առաջնորդէ, քարոզչութիւնը վերջը գալէն առաջ պիտի ամբողջանայ՝ ճիշդ ինչպէս որ Եհովան կ’ուզէ (Մատ. 24։14

2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս իր «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կը գործածէ, որպէսզի հոգեւոր կերակուր պատրաստէ եւ իր հետեւորդները կազմակերպէ պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ քարոզարշաւին մասնակցելու համար (Մատ. 24։45)։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք, թէ ամէն մէկս ի՛նչ կրնանք ընել, որպէսզի Յիսուսին եւ հաւատարիմ ծառային թիկունք կանգնինք։

ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆԸ

3. Յիսուսի ի՞նչ իշխանութիւն տրուած է։

3 Յիսուս կ’առաջնորդէ քարոզչութիւնը։ Ասկէ ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ։ Երկինք համբառնալէ քիչ առաջ, Յիսուս իր հաւատարիմ հետեւորդներէն ոմանց հետ տեսնուեցաւ Գալիլիոյ մէջ՝ լերան մը վրայ։ Ան անոնց ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ»։ Նկատէ թէ ետքը ի՛նչ ըսաւ. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք» (Մատ. 28։18, 19)։ Ուստի, ուրիշ բաներու կողքին, Յիսուսի իշխանութիւն տրուած է, որ քարոզչութիւնը առաջնորդէ։

4. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Յիսուս տակաւին քարոզչութեան վրայ կը հսկէ։

4 Յիսուս ըսաւ, որ քարոզչութիւնը եւ աշակերտելու գործը պիտի կատարուէր «բոլոր ազգեր»ուն մէջ, եւ որ ինք իր հետեւորդներուն հետ պիտի ըլլար «մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։20)։ Այս խօսքերը յստակօրէն ցոյց կու տան, որ քարոզչութիւնը պիտի շարունակուէր մինչեւ մեր օրերը։

5. Ինչպէ՞ս կը մասնակցինք Սաղմոս 110։3–ի կատարման։

5 Յիսուս չէր մտահոգուեր, թէ աշխատողներուն թիւը բաւարար պիտի չըլլար, մինչ աշխարհին վերջը մօտենար։ Ան գիտէր, թէ սաղմոս գրողին մարգարէական խօսքերը պիտի կատարուէին. «Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը յօժարակամ պիտի ըլլայ» (Սաղ. 110։3)։ Ուրեմն, եթէ քարոզչութեան կը մասնակցիս, Յիսուսին եւ հաւատարիմ ծառային թիկունք կը կանգնիս եւ կ’օգնես, որ այս մարգարէութիւնը կատարուի։ Գործը յառաջ կ’երթայ, բայց դժուարութիւններ կան։

6. Ի՞նչ է դժուարութիւններէն մէկը, որ Թագաւորութեան քարոզիչները կ’ունենան։

6 Դժուարութիւններէն մէկը, որ Թագաւորութեան քարոզիչները կ’ունենան, հակառակութիւնն է։ Հաւատուրացներ, կրօնական առաջնորդներ եւ քաղաքագէտներ շատերու սխալ գաղափար տուած են մեր գործին մասին։ Եթէ մեր ազգականները, ճանչուորները եւ գործընկերները այս փրոփականտէն ազդուին, թերեւս մեզ ճնշեն, որ Եհովային ծառայելէ եւ քարոզելէ դադրինք։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մեր թշնամիները մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կը սպառնան, անոնց վրայ կը յարձակին կամ զիրենք կը ձերբակալեն եւ նոյնիսկ բանտը կը նետեն։ Բայց մենք չենք զարմանար։ Յիսուս ըսաւ. «Իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք» (Մատ. 24։9)։ Այն իրողութիւնը, որ մեզ այսչա՛փ կ’ատեն, ինքնին փաստ մըն է, որ Եհովայի հաճութիւնը ունինք (Մատ. 5։11, 12)։ Այս հակառակութեան ետին Սատանան կայ։ Բայց Յիսուս իրմէ շա՜տ աւելի զօրաւոր է։ Յիսուսի օգնութեամբ, բարի լուրը կը հասնի բոլոր ազգերէն մարդոց։

7. Ի՞նչ փաստեր կը տեսնես, որ Յայտնութիւն 14։ 6, 7–ն կը կատարուի։

7 Ուրիշ դժուարութիւն մը, որ ունինք որպէս Թագաւորութեան քարոզիչներ, այն է որ մարդիկ տարբեր–տարբեր լեզուներով կը խօսին։ Յիսուս Յովհաննէս առաքեալին տուած յայտնութեան մէջ ըսաւ, որ մեր օրերուն այս դժուարութիւնը պիտի չազդէր բարի լուրի տարածման (կարդա՛ Յայտնութիւն 14։6, 7)։ Ինչպէ՞ս։ Մենք կարելի եղածին չափ շատ մարդոց առիթ կու տանք, որ Թագաւորութեան պատգամը ընդունին։ Այսօր, աշխարհին չորս կողմը գտնուող մարդիկ կրնան jw.org կայքին վրայ կարդալ սուրբգրային նիւթեր՝ աւելի քան 1000 լեզուներով։ Կառավարիչ մարմինը արտօնութիւն տուաւ, որ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը,– աշակերտելու համար գործածուող մեր հիմնական գործիքը,– թարգմանուի աւելի քան 700 լեզուներու։ Հոգեւոր սնունդը նաեւ կը թարգմանուի խուլերուն համար՝ վիտէօներուն միջոցաւ, եւ կոյրերուն համար՝ պրայլ հրատարակութիւններուն միջոցաւ։ Մենք աստուածաշնչական մարգարէութիւններու կատարումը կը տեսնենք։ «Ազգերուն բոլոր լեզուներէն» մարդիկ կը սորվին խօսիլ աստուածաշնչական ճշմարտութեան մաքուր լեզուն (Զաք. 8։23. Սոփ. 3։9)։ Այս ամէնը կը կատարուի մեր հմուտ տեսուչին՝ Յիսուս Քրիստոսին հսկողութեան ներքեւ։

8. Մեր քարոզչութիւնը մինչեւ հիմա ի՞նչ արդիւնք տուած է։

8 Այսօր, 240 երկիրներու մէջ, աւելի քան 8,000,000 մարդիկ Եհովայի կազմակերպութեան մաս կը կազմեն, եւ ամէն տարի տասնեակ հազարաւորներ կը մկրտուին։ Սակայն, թիւերէն աւելի կարեւոր են այն հոգեւոր յատկութիւնները,– «նոր անձնաւորութիւնը» (ՆԱ),– որոնք այս նոր աշակերտները մշակած են (Կող. 3։8-10)։ Շատեր դադրած են անբարոյ, վայրագ, կողմնակալ եւ հայրենասէր ըլլալէ։ Կը տեսնենք Եսայի 2։4–ին մէջ գրուած մարգարէութեան կատարումը. անոնք ‘ա՛լ պատերազմ չեն սորվիր’։ Մինչ մեր նոր անձնաւորութեան վրայ ծանր կ’աշխատինք, մարդոց կ’օգնենք Աստուծոյ կազմակերպութեան մօտենալու, եւ այդպէս կը փաստենք, որ կը հետեւինք մեր տեսուչին՝ Քրիստոս Յիսուսին (Յովհ. 13։35. Ա. Պետ. 2։12)։ Այս բոլորը կ’ըլլայ, քանի որ Յիսուս մեզի պէտք եղած օգնութիւնը կու տայ։

ՅԻՍՈՒՍ ԾԱՌԱՆ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

9. Մատթէոս 24։45-47–ի համաձայն, վերջին օրերուն նկատմամբ ի՞նչ մարգարէացուած էր։

9 Կարդա՛ Մատթէոս 24։45-47։ Յիսուս մարգարէացաւ, որ վերջին օրերուն պիտի նշանակէր «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», որպէսզի հոգեւոր կերակուր ապահովէր։ Անոր համար, կ’ակնկալենք որ ծառան իր գործով շատ զբաղած ըլլայ մեր օրերուն։ Այդպէս ալ եղած է։ Մեր տեսուչը օծեալ տղամարդոց պզտիկ խումբ մը գործածած է, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդին եւ հետաքրքրուող անհատներուն ‘ատենին կերակուր’ տայ։ Այս տղամարդոց նպատակը չէ մեր հաւատքին վրայ իշխել (Բ. Կոր. 1։23)։ Փոխարէնը, անոնք կը գիտակցին, որ Յիսուս Քրիստոս մեր ‘առաջնորդն ու հրամանատարն’ է (Եսա. 55։4

10. Նկարներուն մէջի հրատարակութիւններէն ո՞ր մէկը քեզի օգնեց, որ սկսիս Եհովային ծառայել։

10 1919–էն սկսեալ, հաւատարիմ ծառան տարբեր–տարբեր հրատարակութիւններ պատրաստած է, որպէսզի նոր հետաքրքրուող անհատներ իրենց կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով համտեսեն օգտակար հոգեւոր սնունդը։ 1921–ին, ծառան գիրք մը պատրաստեց, որ կը կոչուի Աստուծոյ քնարը։ Ժամանակի ընթացքին, մարդոց պէտքերը փոխուելով, յաւելեալ հրատարակութիւններ պատրաստուեցան։ Ո՞ր հրատարակութիւնը քեզի օգնած է, որ երկնաւոր Հայրդ ճանչնաս ու սիրես։ Արդեօք այս գիրքերէն մէ՞կն էր. «Աստուած ճշմարիտ թող ըլլայ», Ճշմարտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ, Դուք կրնաք յաւիտեան ապրիլ երկրային դրախտի մը մէջ, Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ, Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ, Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն կամ մեր ամէնէն նոր հրատարակութիւնը՝ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն։ Այս բոլոր հրատարակութիւնները պատրաստուեցան մեզի օգնելու, որ աշակերտենք։ Եւ մենք ճիշդ անոնց պէտք ունէինք, երբ հրատարակուեցան։

11. Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է, որ բոլորս հոգեւոր սնունդ ստանանք։

11 Նոր հետաքրքրուող անհատները միակ անձերը չեն, որոնք պէտք ունին խոր գիտելիքներ առնելու Եհովայի ու Աստուածաշունչի մասին։ Բոլորս պէտք ունինք։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է»։ Ան աւելցուց, որ Աստուածաշունչէն մեր սորվածը գործադրելով պիտի կարենանք «բարին ու չարը զանազանել» (Եբ. 5։14)։ Այս դժուար ժամանակներուն, երբ շատեր վերջին ծայր անբարոյ դարձած են, կրնայ դժուար ըլլալ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Բայց Յիսուս հոգ կը տանի, որ մեզի պէտք եղածը սորվինք՝ զօրաւոր հաւատք ունենալու համար։ Այդ հոգեւոր սնունդը կը ստանանք Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքէն։ Հաւատարիմ ծառան Յիսուսի առաջնորդութեամբ զայն կը պատրաստէ եւ կը բաժնէ։

12. Յիսուսը ընդօրինակելով, մենք Եհովայի անունը ինչպէ՞ս պատուած ենք։

12 Յիսուսին պէս, Աստուծոյ անունին հետ վարուած ենք ինչպէս որ արժանի է (Յովհ. 17։6, 26)։ Օրինակ, 1931–ին, «Եհովայի վկաներ» սուրբգրային անունը որդեգրեցինք։ Այդպէս ընելով, ցոյց տուինք թէ Եհովային անունը որքա՜ն կարեւոր է մեզի համար եւ թէ կ’ուզենք անով ճանչցուիլ (Եսա. 43։10-12)։ Եւ այդ թուականի հոկտեմբերէն սկսեալ, Աստուծոյ անունը կը դրուի այս պարբերաթերթին ամէն մէկ թիւին կողքին վրայ։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը Աստուծոյ անունը վերադարձուցած է բոլոր այն տեղերը, ուր պէտք է ըլլայ։ Ասիկա քրիստոնէական աշխարհի եկեղեցիներուն ըրածին ճիշդ հակառակն է։ Անոնք Եհովայի անունը հանած են Աստուածաշունչի իրենց շատ մը թարգմանութիւններէն։

ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ՀԵՏԵՒՈՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ

13. Ի՞նչ բան քեզ կը համոզէ, որ ներկայիս Յիսուս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կը գործածէ (Յովհաննէս 6։69

13 «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային» միջոցաւ, Յիսուս երկրի վրայ հիմնած է հիանալի կազմակերպութիւն մը, ճշմարիտ պաշտամունքը հաստատելու համար։ Ի՞նչ կը զգաս այդ կազմակերպութեան նկատմամբ։ Թերեւս մտածես Պետրոս առաքեալի խօսքերուն մասին, որ ըսաւ. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս» (Յովհ. 6։69)։ Մենք ո՞ւր պիտի ըլլայինք, եթէ Եհովայի կազմակերպութեան չծանօթանայինք։ Անոր միջոցաւ, Քրիստոս հոգ կը տանի, որ հոգեւորապէս լաւ կերակրուինք։ Ան նաեւ մեզ կը մարզէ, որ ծառայութեան մէջ հմուտ ըլլանք։ Ասկէ զատ, ան մեզի կ’օգնէ որ «նոր անձնաւորութիւնը» հագնինք, որպէսզի Եհովային հաճելի ըլլանք (Եփ. 4։24, ՆԱ

14. ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ընթացքին, ինչպէ՞ս օգտուած ես Եհովայի կազմակերպութեան մէկ մասը ըլլալով։

14 Նեղութեան ժամանակներուն, Յիսուս իմաստուն առաջնորդութիւն կու տայ։ Այդ առաջնորդութեան օգուտները տեսանք, երբ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը սկսաւ։ Մինչ աշխարհի մէջ շատեր չէին գիտեր ինչպէս վարուիլ, Յիսուս հոգ տարաւ որ մենք յստակ առաջնորդութիւն ստանանք, որպէսզի ապահով ըլլանք։ Մեզի քաջալերութիւն տրուեցաւ, որ դիմակ դնենք երբ դուրս կ’ելլենք եւ ուրիշներէն ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահենք։ Երէցներուն յիշեցումներ տրուեցան, որ ժողովքին մէջ բոլորին հետ միշտ կապի մէջ ըլլան եւ տեղեակ ըլլան անոնց ֆիզիքական եւ հոգեւոր պէտքերէն (Եսա. 32։1, 2)։ Ասկէ զատ, մենք յաւելեալ ուղղութիւններ եւ քաջալերութիւն ստացանք Կառավարիչ մարմինի կողմէ տրուած տեղեկագրութիւններուն միջոցաւ։

15. Համավարակին ընթացքին, ժողովներուն մասնակցելու եւ քարոզելու նկատմամբ ի՞նչ ուղղութիւն տրուեցաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

15 Համավարակին ընթացքին, մեզի նաեւ յստակ ուղղութիւն տրուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս ժողովներու պիտի մասնակցինք եւ ինչպէ՛ս պիտի քարոզենք։ Անմիջապէս սկսանք ժողովներու եւ համաժողովներու ներկայ ըլլալ ինթըրնէթին միջոցաւ։ Իսկ մեր քարոզելու գրեթէ միակ կերպը եղաւ՝ նամակ գրել ու հեռաձայնել։ Եհովան մեր ջանքերը օրհնեց։ Շատ մը մասնաճիւղեր տեղեկագրած են, որ հրատարակիչներուն թիւը աչքառու կերպով աւելցած է։ Իրականութեան մէջ, շատեր քաջալերական փորձառութիւններ ունեցած են այս ժամանակամիջոցին (տե՛ս « Եհովան կ’օրհնէ մեր քարոզչութիւնը» շրջանակը)։

16. Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

16 Թերեւս ոմանց կարծիքով, կազմակերպութիւնը համավարակին նկատմամբ չափէ աւելի զգուշութիւն ցոյց տուած է։ Բայց կրկին անգամ փաստուեցաւ, որ մեր ստացած ուղղութիւնները իմաստուն էին (Մատ. 11։19)։ Երբ կը մտածենք այն սիրալիր կերպին մասին, որով Յիսուս իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ, վստահութիւն կ’ունենանք որ ապագային ի՛նչ որ ալ պատահի, Եհովան եւ իր սիրելի Որդին մեզի հետ պիտի ըլլան (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։5, 6

17. Ի՞նչ են զգացումներդ Յիսուսի առաջնորդութեան տակ աշխատելուն նկատմամբ։

17 Ի՜նչ ուրախ ենք որ Յիսուս է մեր տեսուչը։ Մեր կազմակերպութիւնը կը յաղթահարէ մշակութային, ազգային եւ լեզուական արգելքները։ Մենք հոգեւորապէս լաւ կը կերակրուինք եւ քարոզելու համար պէտք եղած ամէն տեսակ մարզում կը ստանանք։ Եւ ամէն մէկուս օգնութիւն կը տրուի որ նոր անձնաւորութիւնը հագնինք, եւ կը սորվինք իրար սիրել։ Ամէն պատճառ ունինք պարծենալու, որ Յիսուս մեր տեսուչն է։

ԵՐԳ 108 Փա՛ռք տանք Եհովային, իր Թագաւորութեան համար

^ Միլիոնաւոր տղամարդիկ, կիներ ու պզտիկներ նախանձախնդրութեամբ բարի լուրը կը քարոզեն։ Եթէ դուն անոնցմէ ես, կ’աշխատիս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի վերակացութեան ներքեւ։ Այս յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք փաստեր որ Յիսուս կ’առաջնորդէ քարոզչութեան գործը այսօր։ Անոնց վրայ խոկալը մեզի պիտի օգնէ, որ վճռենք շարունակել Եհովային ծառայել Քրիստոսի ուղղութեան ներքեւ։