Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 32

Եհովան ընդօրինակէ՝ ճկուն ըլլալով

Եհովան ընդօրինակէ՝ ճկուն ըլլալով

«Ձեր քաղցրութիւնը ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ» (ՓԼՊ. 4։5

ԵՐԳ 120 Մտիկ ըրէ, հնազանդէ եւ օրհնուէ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

Այս ծառերէն ո՞ր մէկը պիտի նախընտրէիր ըլլալ (տե՛ս պարբ. 1)

1. Ի՞նչ կերպով քրիստոնեաները պէտք է ծառի մը նմանին (տե՛ս նաեւ նկարը)։

 ՕՐ ՄԸ օրանց տեսա՞ծ ես ծառ մը հովին դիմաց ի՛նչ կ’ընէ։ Կը ծռի բայց չի կտրուիր։ Ասիկա մեզի կը սորվեցնէ կարեւոր յատկութիւն մը՝ ճկունութիւն։ Հոգեւորապէս աճելու համար, քրիստոնեաները պէտք է ճկուն ըլլան՝ ծառին պէս ծռելու պատրաստ։ Ինչպէ՞ս ճկուն կ’ըլլանք։ Յարմարելով մեր պարագաներուն, երբ անոնք փոխուին եւ յարգելով ուրիշներուն տեսակէտները եւ որոշումները։

2. Ի՞նչ յատկութիւններ մեզի պիտի օգնեն որ փոխուող պարագաներուն յարմարինք, եւ այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի տեսնենք։

2 Եհովայի ծառաները ըլլալով, մենք կ’ուզենք ճկուն ըլլալ։ Նաեւ կ’ուզենք խոնարհ եւ կարեկից ըլլալ։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ այս յատկութիւնները ինչպէ՛ս կարգ մը քրիստոնեաներու օգնեցին որ փոխուող պարագաներու հետ գլուխ ելլեն։ Նաեւ պիտի տեսնենք թէ այս յատկութիւնները ինչպէ՛ս կրնան մեզի օգնել։ Բայց նա՛խ սորվինք Եհովայէն եւ Յիսուսէն, որոնք ճկունութեան մէջ կատարեալ օրինակներ են։

ԵՀՈՎԱՆ ԵՒ ՅԻՍՈՒՍԸ ՃԿՈՒՆ ԵՆ

3. Ի՞նչ փաստ կայ որ Եհովան ճկուն Աստուած մըն է։

3 Եհովան կոչուած է «Վէմ»ը, կամ ժայռը, քանի որ ան ժայռի մը պէս հաստատ եւ անշարժ է (Բ. Օր. 32։4, ԱԾ)։ Բայց Եհովան նաեւ ճկուն է։ Անոր համար, մինչ աշխարհին վիճակները կը փոխուին, ան վստահ կ’ըլլայ որ ինչ որ ինք խոստացած է կատարուի։ Մենք ալ փոխուող պարագաներուն յարմարելու կարողութիւնը ունինք, քանի որ Եհովան մեզ իր պատկերովը ստեղծած է։ Ան մեզի Աստուածաշունչի յստակ սկզբունքներ տուած է, որոնք մեզի կ’օգնեն իմաստուն որոշումներ առնելու, ինչ որ ալ ըլլան մեր դժուարութիւնները։ Եհովայի օրինակը եւ իր տուած սկզբունքները ցոյց կու տան որ թէեւ Եհովան «Վէմ»ն է, բայց ան նաեւ ճկուն է։

4. Օրինակ մը տուր, որ ցոյց կու տայ Եհովային ճկունութիւնը (Ղեւտացւոց 5։7, 11

4 Եհովան մարդոց հետ կատարեալ եւ ճկուն կերպով կը վարուի եւ ոչ թէ կարծր կերպով։ Օրինակ, նկատի առ թէ Եհովան ինչպէ՛ս ճկունութեամբ վարուեցաւ իսրայէլացիներուն հետ։ Ան թէ՛ հարուստներէն եւ թէ աղքատներէն նոյն զոհը չպահանջեց։ Կարգ մը պարագաներու, ան արտօնեց որ ամէն մարդ իր պարագաներուն համաձայն զոհ մատուցանէ (կարդա՛ Ղեւտացւոց 5։7, 11

5. Օրինակ մը տուր, որ ցոյց կու տայ Եհովային խոնարհութիւնը եւ կարեկցութիւնը։

5 Եհովային խոնարհութիւնը եւ կարեկցութիւնը զինք կը մղեն որ ճկուն ըլլայ։ Օրինակ, Եհովային խոնարհութիւնը յստակ դարձաւ, երբ ան Սոդոմի չար մարդիկը պիտի կործանէր։ Ան իր հրեշտակներուն միջոցաւ, արդար Ղովտին ուղղութիւն տուաւ որ լեռը փախչի։ Բայց Ղովտ վախցաւ հոն երթալու, անոր համար աղաչեց որ ինքն ու իր ընտանիքը Սեգովր պզտիկ քաղաքը երթան, որ Եհովան որոշած էր կործանել։ Եհովան կրնար պնդել որ Ղովտ բառ առ բառ իր տուած ուղղութեան հետեւէր։ Բայց այդպէս չըրաւ, հապա Ղովտին խնդրանքը ընդունեց, հակառակ անոր որ ատիկա ընելու համար պէտք էր Սեգովրը խնայէր (Ծն. 19։18-22)։ Իսկ դարեր ետք, Եհովան Նինուէի բնակիչներուն հանդէպ կարեկից գտնուեցաւ։ Ան Յովնան մարգարէն ղրկեց որպէսզի յայտարարէր թէ շուտով քաղաքը եւ անոր չար բնակիչները պիտի կործանուէին։ Բայց երբ նինուէցիները զղջացին, Եհովան իրենց խղճաց եւ քաղաքը խնայեց (Յովն. 3։1, 10. 4։10, 11

6. Օրինակով մը ցոյց տուր, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս Եհովային պէս ճկուն էր։

6 Յիսուս Եհովային ճկունութիւնը ընդօրինակեց։ Ան երկիր ղրկուեցաւ, որպէսզի «Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն» քարոզէ։ Բայց մինչ ասիկա կ’ընէր, ճկունութիւն ցոյց տուաւ։ Անգամ մը, իսրայէլացի չեղող կին մը իրեն աղաչեց որ իր աղջիկը բժշկէ, որ ‘դեւէն սաստիկ կը չարչարուէր’։ Յիսուս կարեկցութեամբ կնոջ խնդրանքը կատարեց եւ այդ աղջիկը բժշկեց (Մատ. 15։21-28)։ Ուրիշ օրինակ մը նկատի առ։ Իր ծառայութեան սկիզբը, Յիսուս ըսաւ. «Ով որ. . . զիս կ’ուրանայ, ես ալ զանիկա պիտի ուրանամ» (Մատ. 10։33)։ Բայց արդեօք Յիսուս ուրացա՞ւ Պետրոսը, որ զինք երեք անգամ ուրացած էր։ Ո՛չ։ Յիսուս նկատի առաւ որ Պետրոս զղջաց եւ հաւատք ցոյց տուաւ։ Անոր համար, իր յարութենէն ետքը, Յիսուս երեւցաւ Պետրոսին եւ հաւանաբար զինք վստահեցուց որ իրեն ներած էր եւ զինք կը սիրէր (Ղուկ. 24։33, 34

7. Փիլիպպեցիս 4։5–ի համաձայն, ինչպէ՞ս կ’ուզենք ճանչցուիլ։

7 Տեսանք որ Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոսը ճկուն են։ Լաւ ի՞նչ կարելի է ըսել մեր մասին։ Եհովան մեզմէ ալ կ’ակնկալէ որ ճկուն ըլլանք (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։5)։ Այս համարը այս կերպով ալ թարգմանուած է. «Վարքովդ ցոյց տուր որ ճկուն ես»։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Մարդոց աչքին ես ճկուն եւ յարմարող մէ՞կն եմ, թէ ոչ կարծր, կոշտ եւ յամառ մէկն եմ։ Կը պնդե՞մ որ ուրիշներ բան մը ճիշդ ուզածիս պէս ընեն, թէ ոչ իրենց ըսածը կ’ընեմ երբ որ կարելի է’։ Ո՛րքան աւելի ճկուն ըլլանք, ա՛յնքան աւելի կ’ընդօրինակենք Եհովան եւ Յիսուսը։ Հիմա նկատի առնենք երկու պարագաներ, ուր կարեւոր է որ ճկուն ըլլանք. երբ մեր պարագաները կը փոխուին եւ երբ ուրիշներու կարծիքներն ու որոշումները մերինէն տարբեր կ’ըլլան։

ՃԿՈՒՆ ԵՂԻՐ ԵՐԲ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԴ ՓՈԽՈՒԻՆ

8. Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ որ ճկուն ըլլանք (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

8 Պէտք է ճկուն ըլլանք, երբ մեր պարագաները փոխուին։ Այս փոփոխութիւնները կրնան անակնկալ դժուարութիւններ բերել մեզի։ Թերեւս լուրջ հիւանդութեան մը բռնուինք կամ մեր ապրած շրջանին մէջ տնտեսական կամ քաղաքական անակնկալ փոփոխութիւններու պատճառաւ մեր կեանքը տակնուվրայ ըլլայ (Ժող. 9։11. Ա. Կոր. 7։31)։ Նոյնիսկ մեր նշանակումին փոխուիլը կրնայ դժուար ըլլալ մեզի համար։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ դժուարութեան տեսակը, կրնանք մեր նոր պարագաներուն յարմարիլ, եթէ հետեւեալ չորս քայլերը առնենք. 1) իրողութիւնը ընդունինք, 2) ապագային նայինք, 3) դրականին վրայ կեդրոնանանք եւ 4) ուրիշներուն օգնենք b։ Նկատի առնենք իրական կեանքէ առնուած կարգ մը օրինակներ, որոնք մեզի կ’օգնեն, երբ մեր պարագաները փոխուին։

9. Միսիոնար զոյգ մը ինչպէ՞ս կրցաւ անակնկալ դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլել։

9 Իրողութիւնը ընդունէ։ Էմանուէլը եւ Ֆրանչէսքան որպէս միսիոնարներ նշանակուեցան օտար երկրի մը մէջ։ Հազիւ սկսան լեզուն սորվիլ եւ նոր ժողովքին վարժուիլ, ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը սկսաւ եւ անոնք ստիպուեցան մարդոցմէ հեռու մնալ։ Ետքը, Ֆրանչէսքային մայրը անակնկալօրէն մեռաւ։ Ֆրանչէսքան շատ ուզեց իր ընտանիքին հետ ըլլալ, բայց համավարակին պատճառաւ չէր կրնար ճամբորդել։ Լաւ, ան ինչպէ՞ս կրցաւ այս բոլոր դժուարութիւններուն դիմանալ։ Առաջին, զոյգը աղօթքով իմաստութիւն խնդրեց որ օրը օրին իրենց խնդիրներուն հետ գլուխ ելլեն։ Իսկ Եհովան իրենց աղօթքներուն պատասխանեց՝ տեղին հոգեւոր սնունդ տալով։ Օրինակ, անոնք շատ քաջալերուեցան, երբ վիտէոյով հարցազրոյց մը կը դիտէին, ուր եղբայր մը կ’ըսէր. «Ո՛րքան աւելի շուտ ընդունինք մեր նոր պայմանները, ա՛յնքան աւելի ուրախ կը զգանք, եւ առիթները կ’օգտագործենք որ Եհովային մասին խօսինք ուրիշներուն» c։ Երկրորդ, անոնք մղուեցան հեռաձայնով վկայելու մէջ աւելի ջանք թափել, եւ նոյնիսկ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսան։ Երրորդ, անոնք թոյլ տուին որ եղբայրներն ու քոյրերը իրենց սէրը ցոյց տան եւ օգնեն։ Օրինակի համար, ազնիւ քոյր մը մէկ տարուան ընթացքին, ամէն օր մէսըճով համար կը ղրկէր։ Եթէ մենք ալ մեր նոր պարագաները ընդունինք, ուրախութեամբ մեր լաւագոյնը պիտի ընենք։

10. Քոյր մը ինչպէ՞ս յարմարեցաւ իր կեանքին մէջ եղած մեծ փոփոխութեան մը։

10 Ապագային նայէ եւ դրականին վրայ կեդրոնացիր։ Ռումանիայէն Քրիսթինա անունով քոյր մը, որ Ճափոնի մէջ կ’ապրի, շատ նեղուեցաւ երբ անգլիական ժողովքը, ուր ինք կ’երթար, լուծուեցաւ։ Բայց ան չկեդրոնացաւ անցեալին վրայ, հապա սկսաւ ճափոներէն լեզուն խօսող ժողովք երթալ եւ իր լաւագոյնը ըրաւ որ այդ լեզուով քարոզէ։ Նախապէս իրեն հետ աշխատող կնոջմէ մը խնդրեց որ իրեն ճափոներէն լեզուն սորվեցնէ։ Կինը համաձայնեցաւ որ Աստուածաշունչը եւ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքոյկը գործածէ, որպէսզի իրեն այդ լեզուն սորվեցնէ։ Այսպէս, Քրիսթինան կրցաւ ճափոներէնը աւելի լաւ խօսիլ, ատկէ զատ ալ կինը սկսաւ ճշմարտութեամբ հետաքրքրուիլ։ Ուրեմն, երբ ապագային նայինք եւ դրականին վրայ կեդրոնանանք, պիտի տեսնենք որ անակնկալ փոփոխութիւնները չակնկալուած օրհնութիւններ պիտի բերեն։

11. Զոյգ մը ի՞նչ ըրաւ տնտեսական խնդիրներու հետ գլուխ ելլելու համար։

11 Ուրիշներուն օգնէ։ Զոյգ մը, որ կ’ապրի երկրի մը մէջ, ուր մեր գործը արգիլուած է, դրամական խնդիրներ ունեցաւ երկրին տնտեսական գէշ պայմաններուն պատճառաւ։ Անոնք ինչպէ՞ս ասոր յարմարեցան։ Ն՛ախ փորձեցին իրենց ծախսերը թեթեւցնել։ Ետքը, փոխանակ կեդրոնանալու իրենց խնդիրներուն վրայ, որոշեցին կեդրոնանալ ուրիշներուն օգնելուն վրայ։ Անոնք աւելի ժամանակ տուին քարոզչութեան (Գործք 20։35)։ Ամուսինը ըսաւ. «Ծառայութեան մէջ զբաղած մնալը մեզի օգնեց որ քիչ ժամանակ ունենանք մեր խնդիրներուն մասին մտածելու եւ աւելի ժամանակ՝ Աստուծոյ կամքը ընելու»։ Երբ մեր պարագաները փոխուին, պէտք է յիշենք թէ որքա՛ն կարեւոր է որ շարունակենք ուրիշներուն օգնել, մանաւանդ քարոզչութեան միջոցաւ։

12. Պօղոս առաքեալին օրինակը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ քարոզելու ատեն ճկուն ըլլանք։

12 Մեր ծառայութեան մէջ պէտք է որ ճկուն ըլլանք։ Մենք կը հանդիպինք մարդոց, որոնք կու գան զանազան տեղերէ եւ տարբեր հաւատալիքներ ու կարծիքներ ունին։ Պօղոս առաքեալ յարմարող մէկն էր, եւ մենք կրնանք իր օրինակէն սորվիլ։ Յիսուս Պօղոսը նշանակեց, որ «հեթանոսներուն առաքեալ» ըլլայ (Հռով. 11։13)։ Ատանկով, Պօղոս քարոզեց հրեաներու, յոյներու, զարգացած մարդոց, գիւղացիներու եւ կառավարիչներու։ Որպէսզի կարենար այդ տարբեր–տարբեր անհատներուն սրտին հասնիլ, ան ‘ամենուն հետ ամէն բան եղաւ’ (Ա. Կոր. 9։19-23)։ Ան խորապէս մտածեց անհատներուն մշակոյթին եւ հաւատալիքներուն մասին, եւ ատոր համեմատ իրենց հետ խօսեցաւ։ Մենք ալ կրնանք աւելի լաւ կերպով ծառայել, եթէ ճկուն ըլլանք եւ մտածենք թէ ի՛նչն է լաւագոյն կերպը մեզի մտիկ ընողներուն օգնելու։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐԸ ՅԱՐԳԷ

Եթէ ճկուն ենք, ուրիշներուն կարծիքը պիտի յարգենք (տե՛ս պարբ. 13)

13. Ա. Կորնթացիս 8։9–ն ի՞նչ վտանգ մը կը յիշէ, որմէ կրնանք հեռու մնալ, եթէ ուրիշներուն կարծիքը յարգենք։

13 Ճկուն ըլլալը նաեւ մեզի կ’օգնէ որ ուրիշներուն կարծիքները յարգենք։ Օրինակի համար, կարգ մը քոյրեր կը սիրեն դիմայարդարուիլ (makeup դնել), բայց ուրիշներ՝ ոչ։ Նաեւ կարգ մը քրիստոնեաներ կը սիրեն չափաւորութեամբ խմիչք խմել, բայց ուրիշներ կ’որոշեն բնաւ չխմել։ Ասկէ զատ, բոլոր քրիստոնեաները կ’ուզեն լաւ առողջութիւն ունենալ, բայց առողջ մնալու համար տարբեր–տարբեր կերպերու կը դիմեն։ Եթէ միշտ պնդենք որ մեր կարծիքը ճիշդ է, եւ փորձենք քոյրերն ու եղբայրները համոզել որ ատիկա ընեն, ժողովքին մէջ գայթակղութիւն եւ բաժանումներ կրնան պատճառել։ Եւ վստահաբար մենք չենք ուզեր որ ատիկա պատահի (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 8։9. 10։23, 24)։ Հիմա տեսնենք երկու օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ աստուածաշնչական սկզբունքները գործադրելը կրնայ մեզի օգնել որ հաւասարակշռուած ըլլանք եւ խաղաղութիւնը պահենք։

Եթէ ճկուն ենք, ուրիշներուն կարծիքը պիտի յարգենք (տե՛ս պարբ. 14)

14. Ի՞նչ աստուածաշնչական սկզբունքներ մեր միտքը պէտք է պահենք, երբ հագուելակերպի եւ տեսքի նկատմամբ որոշումներ կ’առնենք։

14 Հագուելակերպ եւ տեսք։ Եհովան օրէնքներ չի դներ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հագուինք, հապա սկզբունքներ կու տայ, որ անոնց հետեւինք։ Մեր հագուելակերպը պէտք է Աստուած պատուէ եւ ճկունութիւն, համեստութիւն եւ «պարկեշտութիւն» ցոյց տայ (Ա. Տիմ. 2։9, 10. Ա. Պետ. 3։3)։ Անոր համար, չենք ձգեր որ մեր հագուելակերպը ուրիշներուն ուշադրութիւնը մեր վրայ հրաւիրէ։ Աստուածաշնչական սկզբունքները նաեւ երէցներուն պիտի օգնեն, որ հագուելակերպի եւ մազի վերաբերեալ օրէնքներ չդնեն։ Օրինակ, ժողովքի մը մէջ երէցները ուզեցին օգնել երիտասարդ եղբայրներու, որոնք իրենց մազը կտրած էին ձեւով մը, որ կարճ էր բայց կոկիկ չէր։ Լաւ, երէցները ինչպէ՞ս կրնային անոնց օգնել, առանց օրէնք մը դնելու։ Շրջանային տեսուչը երէցներուն խրատ տուաւ որ եղբայրներուն ըսեն. «Եթէ բեմին վրայ էք, եւ ներկաները աւելի ուշադրութիւն կ’ընեն ձեր տեսքին, քան՝ ձեր ըսածին, ուրեմն խնդիր մը կայ ձեր հագուելակերպին եւ տեսքին մէջ»։ Այս պարզ բացատրութիւնը բաւարար էր որ հարցը լուծուի, առանց օրէնք մը դնելու d։

Եթէ ճկուն ենք, ուրիշներուն կարծիքը պիտի յարգենք (տե՛ս պարբ. 15)

15. Աստուածաշունչին ո՞ր օրէնքները եւ սկզբունքները կրնան մեզի օգնել, երբ մեր առողջութեան վերաբերեալ որոշումներ պիտի առնենք (Հռովմայեցիս 14։5

15 Առողջութեան հոգ տանիլ։ Ամէն մէկս ի՛նք պէտք է որոշէ իր առողջութեան ինչպէ՛ս հոգ տանիլ (Գաղ. 6։5)։ Երբ քրիստոնեայ մը բուժում մը կ’ընտրէ, պէտք է հնազանդի Սուրբ Գիրքի օրէնքներուն, որ հեռու մնայ արիւնէ եւ ոգեհարցութենէ (Գործք 15։20. Գաղ. 5։19, 20)։ Ատկէ դուրս, իրե՛ն կ’իյնայ որոշելը թէ ինչ բուժում պիտի ընտրէ։ Ոմանք միայն բժիշկներուն կը դիմեն, մինչ ուրիշներ բուժումի ուրիշ կերպեր կը նախընտրեն։ Որոշ բուժումի մը նկատմամբ մեր համոզումը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, պէտք է յարգենք եղբայրներուն ու քոյրերուն իրաւունքը, թէ իրենց առողջութեան ինչպէ՛ս հոգ տանին։ Անոր համար, լաւ կ’ըլլայ որ այս չորս կէտերը յիշենք. 1) միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ մարդիկը լման եւ մնայուն կերպով բժշկել (Եսա. 33։24)։ 2) Ամէն մէկ քրիստոնեայ պէտք է ‘լման համոզուած ըլլայ’ (ՆԱ) թէ ի՛նչն է լաւագոյնը իրեն համար (կարդա՛ Հռովմայեցիս 14։5)։ 3) Մենք ուրիշները չենք դատեր, ոչ ալ կ’ընենք բան մը, որ զիրենք կը գայթակղեցնէ (Հռով. 14։13)։ 4) Քրիստոնեաները սէր ցոյց կու տան եւ կը հասկնան որ ժողովքին միութիւնը իրենց կարծիքներէն աւելի կարեւոր է (Հռով. 14։15, 19, 20)։ Եթէ միշտ այս կէտերը յիշենք, պիտի կարենանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ մօտիկ մնալ եւ ժողովքին խաղաղութիւնը պահել։

Եթէ ճկուն ենք, ուրիշներուն կարծիքը պիտի յարգենք (տե՛ս պարբ. 16)

16. Երէց մը ինչպէ՞ս կրնայ ճկունութեամբ վարուիլ ուրիշ երէցներու հետ (տե՛ս նաեւ նկարները)։

16 Երէցները պէտք է լաւ օրինակ ըլլան ճկուն ըլլալու մէջ (Ա. Տիմ. 3։2, 3)։ Օրինակ, երէց մը պէտք չէ ակնկալէ որ միւս երէցները միշտ իր կարծիքը ընդունին, քանի որ ինք տարիքով իրենցմէ մեծ է։ Ան գիտէ որ Եհովային հոգին կրնայ երէցներու մարմինին մէջ ոեւէ մէկը մղել ըսելու բան մը, որ պիտի օգնէ իմաստուն որոշում մը առնելու։ Իսկ եթէ աստուածաշնչական սկզբունք մը ոտնակոխուած չէ, ճկուն երէց մը ուրախութեամբ թիկունք կը կանգնի երէցներու մարմինին մեծամասնութեան առած որոշումին, նոյնիսկ եթէ ինք տարբեր որոշում մը կը նախընտրէր։

ՃԿՈՒՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ

17. Ճկուն ըլլալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

17 Երբ ճկուն ըլլանք, շատ մը կերպերով կ’օգտուինք։ Մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը աւելի լաւ կ’ըլլայ եւ ժողովքը խաղաղութիւն կը վայելէ։ Ուրախ կը զգանք որ տարբեր անձնաւորութիւններ ունեցող եւ տարբեր մշակոյթներէ եկող անհատներու հետ Եհովան կը պաշտենք։ Եւ ամէնէն կարեւորը, ուրախ կ’ըլլանք գիտնալով որ մեր ճկուն Աստուածը՝ Եհովան կ’ընդօրինակենք։

ԵՐԳ 121 Զիրար քաջալերենք

a Եհովան եւ Յիսուսը ճկուն են եւ կ’ուզեն որ մենք ալ այս յատկութիւնը մշակենք։ Եթէ ճկուն ըլլանք, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ մեր նոր պարագաներուն յարմարիլը, օրինակ՝ երբ մեր առողջութիւնը կամ նիւթական պարագաները փոխուին։ Ասկէ զատ, ժողովքին խաղաղութիւնը եւ միութիւնը պիտի պահենք։

b Տե՛ս «Ինչպէ՞ս կրնաս փոփոխութեան հետ գլուխ ելլել» յօդուածը՝ Զարթի՛ր–ի 2016–ի թիւ 4–ին մէջ։

c Դիտէ՛ Եղբայր Տմիթրի Միխայլովին հետ հարցազրոյց վիտէոն։ Անիկա կ’երեւի «Եհովան հալածանքը կ’օգտագործէ որ բարի լուրը հասցնէ» յօդուածին մէջ, որ կը գտնուի Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. Ժողովի տետր–ին մարտ–ապրիլ 2021 թիւին մէջ։

d Հագուելակերպի եւ տեսքի նկատմամբ աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքին 52–րդ դասը։