ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 31
«Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք»
«Իմ սիրելի եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք» (Ա. ԿՈՐ. 15։58)։
ԵՐԳ 32 Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a
1-2. Քրիստոնեան ի՞նչ կերպով կարելի է նմանցնել բարձր շէնքի մը (Ա. Կորնթացիս 15։58)։
ՃԱՓՈՆԻ մայրաքաղաքին՝ Թոքիոյի մէջ, 60 յարկանի բարձր շէնք մը շինուեցաւ1978–ին։ Շէնքը տեսնողները հարց տուին թէ արդեօք անիկա այդ քաղաքին մէջ յաճախ տեղի ունեցող երկրաշարժներուն պիտի դիմանա՞յ։ Երկրաչափները այս շէնքը շինեցին, որ թէ՛ ճկուն ըլլայ եւ թէ ալ՝ տոկուն, որպէսզի երկրաշարժներուն դիմանայ։ Քրիստոնեաներն ալ այդ բարձր շէնքին պէս են։ Ի՞նչ կերպով։
2 Քրիստոնեայ մը պէտք է հաստատ կենալուն եւ ճկուն ըլլալուն միջեւ հաւասարակշռութիւն պահէ։ Ան պէտք է զօրաւոր եւ անշարժ ըլլայ, երբ հարցը կը վերաբերի Եհովայի օրէնքներուն եւ չափանիշներուն (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։58)։ Ան «պատրաստ է հնազանդելու» եւ զիջումներ չ’ըներ։ Միւս կողմէ, ան պէտք է «զիջող» կամ ճկուն ըլլայ, երբ կարելի է կամ պէտք է (Յակ. 3։17, ՆԱ, ստորանիշ)։ Քրիստոնեայ մը, որ կը սորվի այս հաւասարակշռութիւնը պահել, ուշադիր պիտի ըլլայ որ չափազանց կարծր կամ չափազանց թոյլ չըլլայ։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք անշարժ ըլլալ։ Նաեւ պիտի քննարկենք հինգ կերպեր, որոնք Սատանան կը գործածէ, որպէսզի հաստատ կենալու մեր որոշումը տկարացնէ, եւ պիտի սորվինք թէ ինչպէ՛ս կրնանք անոնց դէմ դնել։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՀԱՍՏԱՏՈՒՆ ԸԼԼԱԼ
3. Եհովային ո՞ր օրէնքները կը գտնենք Գործք 15։28, 29–ին մէջ։
3 Եհովան օրէնքներ դնելու լման իրաւունքը ունի։ Եւ ան իր օրէնքները հասկնալը կը դիւրացնէ իր ժողովուրդին համար (Եսա. 33։22)։ Օրինակ, առաջին դարու կառավարիչ մարմինը քրիստոնեաներուն ուղղութիւն տուաւ որ երեք կերպերով հաստատ մնան. 1) կռապաշտութիւնը մերժեն եւ միայն Եհովան պաշտեն, 2) արեան սրբութիւնը յարգեն եւ 3) Աստուածաշունչի բարոյական բարձր չափանիշներուն հետեւին (կարդա՛ Գործք 15։28, 29)։ Ներկայիս, քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնան այս երեք կերպերով հաստատ մնալ։
4. Ինչպէ՞ս միայն Եհովան կը պաշտենք (Յայտնութիւն 4։10բ)։
4 Կռապաշտութիւնը կը մերժենք եւ միայն Եհովան կը պաշտենք։ Աստուած իսրայէլացիներուն պատուիրեց որ միայն զինք պաշտեն (Բ. Օր. 5։6-10)։ Երբ Յիսուս Բանսարկուին կողմէ կը փորձուէր, ան յստակօրէն ըսաւ որ պէտք է միայն Եհովան պաշտենք (Մատ. 4։8-10)։ Հետեւաբար, մենք կրօնական կուռքեր չենք պաշտեր, ոչ ալ կ’աստուածացնենք մարդիկ, ըլլա՛ն անոնք կրօնական կամ քաղաքական առաջնորդներ, անուանի մարզիկներ, դերասաններ կամ երգիչներ։ Մենք Եհովայի կողքին դիրք կը բռնենք եւ միայն կը պաշտենք ան որ ‘ամէն բան ստեղծեց’ (կարդա՛ Յայտնութիւն 4։10բ)։
5. Ինչո՞ւ կը հնազանդինք կեանքի եւ արեան սրբութեան նկատմամբ Եհովային օրէնքին։
5 Մենք կեանքի եւ արեան սրբութեան նկատմամբ Եհովային օրէնքին կը հնազանդինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան կ’ըսէ որ արիւնը կը ներկայացնէ կեանքը, որ իր կողմէ արժէքաւոր նուէր մըն է մեզի (Ղեւ. 17։14)։ Երբ Եհովան մարդոց արտօնեց որ անասուններուն միսը ուտեն, պատուիրեց որ անոնց արիւնը չուտեն (Ծն. 9։4)։ Եւ այս պատուէրը կրկնեց իսրայէլացիներուն տրուած Մովսիսական օրէնքին մէջ (Ղեւ. 17։10)։ Ան նաեւ առաջին դարու կառավարիչ մարմինին ուղղութիւն տուաւ որ բոլոր քրիստոնեաներուն պատուիրէ որ ‘ետ կենան արիւնէ’ (Գործք 15։28, 29)։ Ներկայիս, մենք հաստատօրէն կը հնազանդինք այս պատուէրին, երբ մեր առողջութեան վերաբերեալ որոշումներ պիտի առնենք b։
6. Ի՞նչ կ’ընենք, որպէսզի Եհովային բարոյական բարձր չափանիշներուն համաձայն ապրինք։
6 Մենք լրջօրէն կը հետեւինք Եհովային բարոյական բարձր չափանիշներուն (Եբ. 13։4)։ Պօղոս առաքեալ մեզ կը խրատէ որ մեր երկրաւոր անդամները ‘սպաննենք’, այսինքն՝ ամէն ջանք ընենք որ մեր մարմնաւոր սխալ ցանկութիւնները արմատէն հանենք։ Մենք չենք նայիր բանի մը կամ չենք ըներ բան մը, որ կրնայ սեռային անբարոյութեան առաջնորդել (Կող. 3։5. Յոբ 31։1)։ Երբ փորձուինք սխալ բան մը ընել, անմիջապէս կը մերժենք որեւէ մտածում կամ քայլ, որ կրնայ Եհովային հետ մեր բարեկամութեան վնաս հասցնել։
7. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել, եւ ինչո՞ւ։
7 Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ իրեն ‘սրտանց հնազանդինք’ (Հռով. 6։17)։ Մենք չենք կրնար որոշել իր տուած օրէնքներէն որո՛նց հնազանդիլ եւ որո՛նց՝ ոչ։ Բայց պէտք է յիշենք որ իր տուած ուղղութիւնները միշտ մեր օգտին համար են (Եսա. 48։17, 18. Ա. Կոր. 6։9, 10)։ Մենք մեր լաւագոյնը կ’ընենք որ Եհովան ուրախացնենք եւ ունենանք այն նոյն կեցուածքը, որ սաղմոս գրողը ունէր։ Ան ըսաւ. «Խոնարհեցուցի իմ սիրտս, որպէս զի քու կանոններդ կատարեմ յաւիտեան՝ մինչեւ վերջը» (Սաղ. 119։112)։ Բայց Սատանան պիտի փորձէ հաստատ մնալու մեր որոշումը տկարացնել։ Ան ի՞նչ կերպերով ասիկա կ’ընէ։
ՍԱՏԱՆԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՄԵՐ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ՏԿԱՐԱՑՆԵԼ
8. Սատանան ինչպէ՞ս հալածանքը կը գործածէ, որ հաստատ մնալու մեր որոշումը տկարացնէ։
8 Հալածանք։ Սատանան վայրագութիւն եւ զգացական ճնշում կը գործածէ որ հաստատ մնալու մեր որոշումը տկարացնէ։ Ան կ’ուզէ մեզ ‘կլլել’, այսինքն՝ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը քանդել (Ա. Պետ. 5։8)։ Օրինակ, առաջին դարու քրիստոնեաներուն կեանքը վտանգի տակ դրուեցաւ, անոնք ծեծուեցան եւ նոյնիսկ սպաննուեցան, քանի որ որոշած էին հաստատ մնալ (Գործք 5։27, 28, 40. 7։54-59)։ Ներկայիս ալ, Սատանան կը շարունակէ հալածանքը գործածել։ Օրինակի համար, կը տեսնենք թէ հակառակորդները ի՜նչ վայրագ կերպով կը վարուին Ռուսիոյ եւ ուրիշ երկիրներու մէջ ապրող եղբայրներու եւ քոյրերու հետ։ Ասկէ զատ, անձնական յարձակումներ կ’ըլլան մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վրայ։
9. Օրինակով մը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է խորամանկ ճնշումներէն զգուշանալ։
9 Խորամանկ յարձակումներ։ Ուղղակի յարձակելէ զատ, Սատանան նաեւ «հնարքներ» կը գործածէ (Եփ. 6։11)։ Մտածէ թէ ի՛նչ եղաւ Պոպ անունով եղբօր մը հետ, որ մեծ գործողութեան մը համար հիւանդանոցը մնաց։ Ան բժիշկներուն ըսաւ թէ ի՛նչ որ ալ ըլլայ, արեան ներարկում պիտի չընդունի։ Վիրաբոյժը յարգեց իր որոշումը։ Բայց գործողութենէն մէկ գիշեր առաջ, Պոպին ընտանիքը երթալէ ետք, ուրիշ բժիշկ մը քովը եկաւ եւ անոր ըսաւ որ իրեն արիւն պիտի չներարկեն, բայց արիւն մէկ կողմ պիտի դնեն՝ պէտք ըլլալու պարագային։ Բժիշկը թերեւս կարծեց որ Պոպը առանց իր ընտանիքին ներկայութեան միտքը պիտի փոխէր։ Բայց Պոպ իր որոշումին մէջ հաստատ մնաց, շեշտելով թէ ի՛նչ որ ալ ըլլայ, պիտի չընդունի արիւն առնել։
10. Ինչո՞ւ մարդկային գաղափարները վտանգաւոր են (Ա. Կորնթացիս 3։ 19, 20)։
10 Մարդկային գաղափարներ։ Եթէ Եհովային օրէնքները անտեսող մարդոց պէս մտածենք, մենք ալ կրնանք անտեսել զինք եւ իր օրէնքները (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 3։19, 20)։ «Այս աշխարհի իմաստութիւնը» յաճախ մարդիկը կը քաջալերէ որ իրենց մարմնաւոր ցանկութիւններուն համաձայն ապրին։ Պերգամոնի եւ Թիւատիրի մէջ եղող քանի մը քրիստոնեաներ ազդուեցան իրենց շուրջի մարդոցմէն, որոնք անբարոյ էին եւ կուռքեր կը պաշտէին։ Յիսուս զօրաւոր խրատ տուաւ այդ երկու ժողովքներուն, քանի որ անոնք սեռային անբարոյութեան աչք կը խփէին (Յայտ. 2։14, 20)։ Ներկայիս, մեր շուրջինները կրնան մեզ ճնշել որ սխալ գաղափարներ ընդունինք։ Ընտանիքի անդամներ եւ ճանչուորներ թերեւս մեզի ըսեն որ շատ խիստ ենք, եւ թէ պէտք է ատեն–ատեն մեր համոզումներուն մէջ զիջումներ ընենք։ Օրինակ, թերեւս անոնք ըսեն որ բարոյապէս մաքուր մնալը կարեւոր չէ եւ թէ Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշները նորոյթ չեն։
11. Մինչ հաստատուն կը կենանք, ի՞նչ բան պէտք չէ ընենք։
11 Երբեմն կրնանք կարծել որ Եհովային տուած ուղղութիւնները բաւարար չեն։ Նոյնիսկ կրնանք «գրուածէն աւելի բան» մտածել (Ա. Կոր. 4։6)։ Յիսուսի օրուան կրօնական առաջնորդները այս մեղքին մէջ ինկան։ Աստուծոյ օրէնքին վրայ մարդկային օրէնքներ աւելցնելով, անոնք հասարակ ժողովուրդին վրայ մեծ բեռ մը դրին (Մատ. 23։4)։ Եհովան իր Խօսքին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ, մեզի յստակ ուղղութիւններ կու տայ։ Անոր համար, պէտք չունինք իր տուած ուղղութիւններուն վրայ բան մը աւելցնելու (Առ. 3։5-7)։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչին մէջ գրուածէն աւելի բան մը չենք մտածեր, ոչ ալ անձնական հարցերու շուրջ օրէնքներ կը դնենք մեր հաւատակիցներուն։
12. Սատանան ինչպէ՞ս «փուճ խաբէութիւնը» կը գործածէ։
12 Խաբեբայութիւններ։ Սատանան կը գործածէ «փուճ խաբէութիւնը» եւ «աշխարհի սկզբունքները», որպէսզի մարդիկը մոլորեցնէ եւ իրարմէ բաժնէ (Կող. 2։8)։ Առաջին դարուն, այս խաբեբայութիւններէն ոմանք էին՝ մարդկային գաղափարներու վրայ հիմնուած փիլիսոփայութիւններ, Սուրբ Գիրքին վրայ չհիմնուած հրէական ուսուցումներ եւ այն ուսուցումը, որ քրիստոնեաները պէտք է Մովսիսական օրէնքին հետեւին։ Այս գաղափարները մարդիկը կը խաբէին, քանի որ զիրենք կը հեռացնէին ճշմարիտ իմաստութեան Աղբիւրէն՝ Եհովայէն։ Այսօր, Սատանան կը գործածէ լրատուամիջոցները եւ ընկերային ցանցերը, որպէսզի քաղաքական առաջնորդներուն սուտ գաղափարները եւ լուրերը տարածէ։ Ասիկա մեր աչքովը տեսանք ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ընթացքին c։ Այն Եհովայի վկաները, որոնք կազմակերպութեան ուղղութեան հետեւելով՝ սխալ տեղեկութիւններու ականջ չտուին, չունեցան այն մտահոգութիւնները, որոնք շատեր ունեցան (Մատ. 24։45)։
13. Ինչո՞ւ պէտք է ուշադիր ըլլանք որ բանէ՛ մը չխանգարուինք։
13 Խանգարումներ։ Պէտք է կեդրոնացած մնանք «աւելի կարեւոր բաներ»ուն վրայ (Փլպ. 1։9, 10, ՆԱ)։ Երբ խանգարումներ ունենանք, մեր ժամանակը եւ ուժը պարապի կ’երթայ։ Եթէ մեր առօրեայ բաները, օրինակ՝ ուտելը, խմելը, ժամանցը եւ գործը մեր կեանքին մէջ ամենակարեւոր տեղը դնենք, մեր կեդրոնացումը կրնայ խանգարուիլ (Ղուկ. 21։34, 35)։ Ասկէ զատ, պէտք է ուշադիր ըլլանք որ չազդուինք այն ցոյցերէն եւ քաղաքական հարցերէն, որոնց մասին կը լսենք եւ կը կարդանք, թէ ոչ կրնանք մեր մտքին ու սրտին մէջ անոնց կողմը դիրք բռնել։ Սատանան այս բոլոր կերպերը կը գործածէ, որ ճիշդը ընելու մեր որոշումը տկարացնէ։ Հիմա տեսնենք որ ինչպէ՛ս կրնանք իր այս փորձերուն դէմ դնել եւ հաստատ մնալ։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՀԱՍՏԱՏՈՒՆ ԿԵՆԱԼ
14. Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ Եհովային կողմը հաստատուն կենաս։
14 Նուիրումիդ եւ մկրտութեանդ վրայ խոկա՛։ Դուն այս քայլը առիր, քանի որ ուզեցիր Եհովային կողմը դիրք բռնել։ Մտածէ թէ ի՛նչ բան քեզի օգնեց որ համոզուիս թէ ճշմարտութիւնը գտած ես։ Նա՛խ Եհովային մասին գիտութիւն առիր։ Ետքը իրեն հանդէպ յարգանքդ աւելցաւ եւ զինք սիրեցիր որպէս քու երկնաւոր Հայրդ։ Հաւատք մշակեցիր եւ ասիկա քեզ մղեց որ զղջաս։ Ետքը, սիրտդ քեզ մղեց որ սխալ սովորութիւններէդ վազ անցնիս եւ Եհովային կամքին համաձայն ապրիս։ Հանգստութիւն գտար, երբ զգացիր որ Եհովան մեղքերդ ներած է (Սաղ. 32։1, 2)։ Սկսար քրիստոնէական ժողովներու ներկայ գտնուիլ եւ ուրիշներուն պատմել այն հոյակապ բաներուն մասին, որոնք սորվեցար։ Ներկայիս, դուն նուիրուած ու մկրտուած քրիստոնեայ մը ըլլալով, կը քալես կեանքի ճամբուն մէջ եւ որոշած ես շարունակել անոր մէջ քալել (Մատ. 7։13, 14)։
15. Ինչո՞ւ համար ուսումնասիրելը եւ խոկալը օգտակար են։
15 Աստուծոյ Խօսքը սերտէ եւ անոր վրայ խոկա՛։ Ճիշդ ինչպէս որ ծառ մը հաստատ կը մնայ, եթէ անիկա խորունկ արմատներ ունի, մենք ալ կրնանք հաստատ մնալ, եթէ Եհովային հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունինք։ Ծառ մը ո՛րքան մեծնայ, ա՛յնքան աւելի զօրաւոր արմատներ կը կապէ։ Նոյնպէս, երբ կ’ուսումնասիրենք եւ կը խոկանք, մեր հաւատքը կը զօրացնենք եւ ալ աւելի կը համոզուինք թէ Աստուծոյ տուած ուղղութիւնները մեր օգտին համար են (Կող. 2։6, 7)։ Մտածէ թէ Եհովային ուղղութիւնները, առաջնորդութիւնը եւ պաշտպանութիւնը ինչպէ՞ս օգնեցին իր ծառաներուն։ Օրինակի համար, Եզեկիէլ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ, երբ հրեշտակ մը տեսիլքի մը մէջ տեսնուած տաճարին չափերը կ’առնէր։ Այս տեսիլքը Եզեկիէլը զօրացուց եւ անիկա մեզի գործնական դասեր կը սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ճշմարիտ պաշտամունքի նկատմամբ Աստուծոյ չափանիշները յարգել (Եզեկ. 40։1-4. 43։10-12) d։ Մենք ալ կրնանք օգտուիլ, եթէ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող խորունկ բաներուն մասին ուսումնասիրենք եւ խոկանք։
16. Պոպին հաստատ սիրտը ինչպէ՞ս զինք պաշտպանեց (Սաղմոս 112։7)։
16 Հաստատ սիրտ մշակէ։ Դաւիթ թագաւորը արտայայտուեցաւ որ Եհովային հանդէպ իր սէրը բնա՛ւ պիտի չկորսնցնէր, ըսելով. «Սիրտս պատրաստ է [«ամուր է», ՆԱ], ո՛վ Աստուած» (Սաղ. 57։7)։ Մենք ալ կրնանք ամուր կամ հաստատ սիրտ ունենալ, լիովին Եհովային վստահելով (կարդա՛ Սաղմոս 112։7)։ Նկատի առ թէ ի՛նչը նախապէս յիշուած Պոպին օգնեց։ Երբ իրեն ըսուեցաւ որ արիւն մէկ կողմ պիտի դրուէր պէտք ըլլալու պարագային, Պոպ անմիջապէս պատասխանեց, որ եթէ ատանկ բանի մը հաւանականութիւնը կայ, ան մէկ կտոր հիւանդանոցը պիտի ձգէ։ Ետքը, Պոպ ըսաւ. «Որոշումէս վստահ էի, եւ բնա՛ւ մտահոգ չէի»։
17. Պոպի փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
17 Պոպ հաստատ էր, քանի որ ան որոշած էր հաստատ մնալ հիւանդանոց մտնելէ շատ առաջ։ Առաջին, ան կ’ուզէր Եհովային սիրտը ուրախացնել։ Երկրորդ, ան ուշադրութեամբ սերտած էր Աստուածաշունչը եւ սուրբգրային հրատարակութիւններ, որոնք արեան եւ կեանքի սրբութեան մասին կը խօսէին։ Երրորդ, ան համոզուած էր որ Եհովային ուղղութեան հետեւիլը մնայուն օգուտներ պիտի բերէր։ Մենք ալ կրնանք հաստատ սիրտ ունենալ, ի՛նչ փորձութիւններ ալ դիմագրաւենք։
18. Բարակին օրինակը ինչպէ՞ս մեզի կը սորվեցնէ որ Եհովային վստահինք (տե՛ս կողքին նկարը)։
18 Եհովային վստահէ։ Նկատի առ թէ Բարակ ինչպէ՛ս յաջողեցաւ, երբ Եհովային ուղղութեան վստահեցաւ։ Այն ատեն, Իսրայէլի ժողովուրդը պատերազմելու պատրաստ չէր։ Անոնք ո՛չ վահան ունէին, ոչ ալ նիզակ։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան Բարակին ըսաւ որ քանանացի զօրագլուխ Սիսարային եւ անոր բանակին դէմ պատերազմի, որոնք լաւ զինուած էին (Դատ. 5։8)։ Իսկ Դեբօրա մարգարէուհին Բարակին ըսաւ որ երթայ տափարակ դաշտ մը, որպէսզի պատերազմի Սիսարային դէմ, որ 900 կառքերով եկած էր։ Ճիշդ է որ այնպէս կ’երեւէր թէ տափարակ գետնի վրայ թշնամին կրնար յաղթել, բայց Բարակ տրուած ուղղութեան հնազանդեցաւ։ Երբ Բարակին զինուորները Թաբօր լեռնէն վար կ’իջնէին, Եհովան զօրաւոր անձրեւ տեղացուց։ Այսպէս, Սիսարային կառքերը ցեխերուն մէջ ընկղմեցան եւ Եհովան Բարակին յաղթանակ տուաւ (Դատ. 4։1-7, 10, 13-16)։ Այսօր ալ Եհովան մեզի յաղթանակ պիտի տայ, եթէ վստահինք իրեն եւ իր ներկայացուցիչներուն միջոցաւ իր տուած ուղղութիւններուն (Բ. Օր. 31։6)։
ՎՃՌԷ ՀԱՍՏԱՏՈՒՆ ԿԵՆԱԼ
19. Ինչո՞ւ կ’ուզես հաստատ կենալ։
19 Մինչեւ այն ժամանակ որ այս աշխարհին մէջ կ’ապրինք, հաստատ կենալու մեր պայքարին մէջ պիտի շարունակենք (Ա. Տիմ. 6։11, 12. Բ. Պետ. 3։17)։ Ուրեմն, վճռենք թոյլ չտալ որ հալածանքը, խորամանկ ճնշումները, մարդկային գաղափարները, խաբեբայութիւնները եւ խանգարումները մեր վրայ ազդեն (Եփ. 4։14)։ Փոխարէն, Եհովայի հանդէպ մեր նուիրումին մէջ հաստատ ու անշարժ կենանք՝ իր պատուիրաններուն հնազանդելով։ Միեւնոյն ատեն, պէտք է որ ճկուն ըլլանք եւ ասիկա պիտի քննարկենք յաջորդ յօդուածին մէջ։ Պիտի տեսնենք թէ Եհովան եւ Յիսուսը ինչպէ՛ս ճկունութեան մէջ կատարեալ օրինակներ են։
ԵՐԳ 154 Շարունակենք տոկալ
a Ադամի ու Եւայի օրերէն ի վեր, Սատանան կը փորձէ մարդիկը համոզել, որ իրե՛նք պէտք է որոշեն թէ ի՛նչը ճիշդ է ու ի՛նչը սխալ։ Եւ ան կ’ուզէ որ մենք ունենանք այս նոյն կեցուածքը Եհովային օրէնքներուն եւ կազմակերպութենէն եկած ուղղութիւններուն նկատմամբ։ Այս յօդուածը մեզի պիտի օգնէ որ Սատանայի աշխարհին անկախ հոգիէն զգուշանանք եւ վճռենք Եհովային կողմը հաստատ դիրք բռնել։
b Տեղեկութիւն առնելու համար, թէ քրիստոնեայ մը ինչպէ՛ս կրնայ արեան նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը ունենալ, տե՛ս Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքին 39–րդ դասը։
c Տե՛ս «Ինչպէ՞ս կրնաս ինքզինքդ պաշտպանել սխալ տեղեկութիւններէ» յօդուածը՝ jw.org կայքին վրայ (արաբ.)։
d Մանրամասնութեան համար, տե՛ս Եհովայի մաքուր պաշտամունքը վերջապէս կը վերահաստատուի գիրքին 13–րդ եւ 14–րդ գլուխները (արաբ.)։