Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 29

Մեծ նեղութեան համար պատրա՞ստ ես

Մեծ նեղութեան համար պատրա՞ստ ես

«Պատրաստ կեցէք» (ՄԱՏ. 24։44

ԵՐԳ 133 Աստուա՛ծ փնտռեցէք, որպէսզի փրկուիք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Ինչո՞ւ իմաստութիւն է աղէտներուն համար պատրաստուած ըլլալ։

 ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼԸ կրնայ մեր կեանքը ազատել։ Օրինակի համար, երբ աղէտ մը հարուածէ, անոնք որոնք պատրաստուած էին անոր, աւելի հաւանական է որ ազատին եւ նոյնիսկ ուրիշներուն ալ օգնեն։ Եւրոպայի մէջ գտնուող մարդասիրական կազմակերպութիւն մը այսպէս ըսաւ. «Լաւ պատրաստուած ըլլալը կրնայ կեանքեր փրկել»։

2. Ինչո՞ւ պէտք է պատրաստուինք մեծ նեղութեան համար (Մատթէոս 24։44

2 «Մեծ նեղութիւն»ը անակնկալօրէն պիտի սկսի (Մատ. 24։21)։ Բայց մեծ նեղութիւնը ուրիշ շատ մը աղէտներէ տարբեր է, քանի որ անիկա մեզ անակնկալի պիտի չբերէ։ Շուրջ 2000 տարի առաջ, Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց, որ այդ օրուան համար պատրաստուած ըլլան (կարդա՛ Մատթէոս 24։44)։ Եթէ պատրաստուած ըլլանք, մեզի համար դիւրին պիտի ըլլայ որ այդ ժամանակին ընթացքին տոկանք եւ ուրիշներուն օգնենք որ նոյնը ընեն (Ղուկ. 21։36

3. Համբերութիւնը, կարեկցութիւնը եւ սէրը ինչպէ՞ս պիտի օգնեն մեզի, որ մեծ նեղութեան համար պատրաստ ըլլանք։

3 Նկատի առնենք երեք յատկութիւններ, որոնք կրնան մեզի օգնել որ մեծ նեղութեան պատրաստուինք։ Եթէ մեզմէ խնդրուի որ դատաստանական զօրաւոր պատգամ մը քարոզենք եւ անհաւատները մեզի հակառակին, ի՞նչ պիտի ընենք (Յայտ. 16։21)։ Եհովային հնազանդելու համար, պէտք ունինք համբերութեան եւ վստահութեան, որ ան մեզ պիտի պաշտպանէ։ Ի՞նչ պիտի ընենք եթէ մեր եղբայրները իրենց նիւթական բաներէն մաս մը կամ բոլորը կորսնցնեն (Ամբ. 3։17, 18)։ Պէտք պիտի ունենանք կարեկցութիւն ցոյց տալու, որպէսզի անոնց օգնութեան հասնինք։ Լաւ, ի՞նչ պիտի ընենք եթէ աշխարհի կառավարութիւններու միութիւն մը մեր վրայ յարձակի եւ մենք ստիպուինք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ ժամանակ մը նոյն տեղը ապրիլ (Եզեկ. 38։10-12)։ Պէտք պիտի ունենանք մեր եղբայրներուն հանդէպ զօրաւոր սէր ունենալու, որպէսզի այդ դժուար ժամանակին ընթացքին տոկանք։

4. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ պէտք է շարունակենք համբերութիւն, կարեկցութիւն եւ սէր մշակել։

4 Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը քաջալերէ, որ շարունակենք համբերութիւն, կարեկցութիւն եւ սէր մշակել։ Ղուկաս 21։19–ն կ’ըսէ. «Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք»։ Կողոսացիս 3։12–ը կ’ըսէ. «Ձեր վրայ հագէ՛ք կարեկցութիւնը» (ԱԾ)։ Իսկ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։9, 10–ն կ’ըսէ. «Աստուծմէ սորված էք մէկզմէկ սիրել. . . սակայն կ’աղաչենք ձեզի, եղբա՛յրներ, որ ա՛լ աւելի առատանաք [«ձեր սիրոյն մէջ», ՆԹ]»։ Այս բոլոր համարները ուղղուած էին քրիստոնեաներու, որոնք արդէն համբերութիւն, կարեկցութիւն եւ սէր ցոյց կու տային։ Բայց եւ այնպէս, անոնք պէտք էր շարունակէին այս յատկութիւնները մշակել։ Մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։ Բայց մեզի օգնելու համար, նկատի պիտի առնենք թէ առաջին քրիստոնեաները ինչպէ՛ս ցոյց տուին այս յատկութիւններէն իւրաքանչիւրը։ Ետքը, պիտի տեսնենք ինչպէ՛ս կրնանք այդ քրիստոնեաները ընդօրինակել եւ այսպէս ցոյց տալ որ մենք ալ պատրաստ ենք մեծ նեղութեան։

ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ

5. Առաջին քրիստոնեաները ինչպէ՞ս համբերեցին իրենց նեղութիւններուն։

5 Առաջին քրիստոնեաները համբերութեան պէտք ունէին (Եբ. 10։36)։ Ուրիշ մարդոց պէս, անոնք խնդիրներ ունէին, բայց քրիստոնեաներ ըլլալով անոնք աւելի խնդիրներ ունէին։ Անոնցմէ շատեր կը հալածուէին ոչ միայն հրեայ կրօնական առաջնորդներու կամ հռոմայեցի կառավարիչներու կողմէ, հապա նաեւ՝ իրենց ընտանիքներուն կողմէ (Մատ. 10։21)։ Եւ ժողովքին մէջ երբեմն պէտք էր պայքարէին հաւատուրացներուն սուտ ուսուցումներուն դէմ, որոնք կը փորձէին ժողովքը բաժնել (Գործք 20։29, 30)։ Բայց եւ այնպէս, այս քրիստոնեաները համբերեցին (Յայտ. 2։3)։ Ինչպէ՞ս։ Անոնք խոկացին Սուրբ Գիրքին մէջի համբերութեան օրինակներուն վրայ՝ ինչպէս Յոբը (Յակ. 5։10, 11)։ Անոնք նաեւ աղօթեցին Եհովային որ զիրենք զօրացնէ (Գործք 4։29-31)։ Ինչպէս նաեւ կեդրոնացան համբերութեան օգուտներուն վրայ (Գործք 5։41

6. Մեռիթայէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ հակառակութեան տոկալու մասին։

6 Մենք ալ կրնանք համբերել, երբ միշտ Սուրբ Գիրքին կամ մեր հրատարակութիւններուն մէջ գտնուող համբերութեան օրինակները կը սերտենք եւ անոնց վրայ կը խոկանք։ Ալպանիայէն եղող Մեռիթա անունով քոյր մը այսպէս ընելով կրցաւ տոկալ իր ընտանիքին ցուցաբերած վայրագ հակառակութեան։ Ան ըսաւ. «Սուրբ Գիրքէն Յոբին մասին կարդալը զիս շատ քաջալերեց։ Ան շատ չարչարուեցաւ, նոյնիսկ չգիտնալով թէ ո՛վ է իր նեղութիւնները պատճառողը, Յոբ ըսաւ. ‘Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ’ (Յոբ 27։5)։ Մտածեցի որ Յոբին նեղութիւնները իմ նեղութիւններէս աւելի դժուար էին։ Բայց Յոբին հակառակը, ես գիտէի ո՛վ էր ատոնք պատճառողը»։

7. Նոյնիսկ եթէ հիմա խիստ փորձութենէ մը չենք անցնիր, ի՞նչ պէտք է սորվինք ընել։

7 Մեր համբերութիւնը կրնանք նաեւ աւելցնել՝ մեր մտահոգութիւններուն մասին յաճախ Եհովային աղօթելով (Փլպ. 4։6. Ա. Թես. 5։17)։ Թերեւս հիմա խիստ փորձութիւններէ չես անցնիր, բայց եւ այնպէս, Եհովայի ուղղութիւնը կը փնտռե՞ս երբ նեղուած ես, շուարած ես կամ չես գիտեր ինչ պիտի ընես։ Եթէ հիմա իսկ սովորութիւն դարձնես կանոնաւորաբար Եհովային օգնութիւնը ուզելը, ապագային պիտի չքաշուիս իր օգնութիւնը խնդրելէ, երբ աւելի մեծ խնդիրներ դիմագրաւես։ Այն ատեն, շատ վստահ պիտի ըլլաս, որ ան գիտէ ճիշդ ե՛րբ պէտք է քեզի օգնէ եւ ինչպէ՛ս (Սաղ. 27։1, 3

ՀԱՄԲԵՐԵԼ

Ամէն մէկ փորձութիւն, որուն կը դիմանանք, կրնայ մեզ զօրացնել յաջորդին դիմանալու (տե՛ս պարբ. 8)

8. Միրայի օրինակը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ ներկայիս փորձութիւններու համբերելը կրնայ մեզի օգնել որ ապագային ալ նոյնը ընենք (Յակոբոս 1։2-4) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

8 Եթէ հիմա համբերենք մեր փորձութիւններուն, աւելի հաւանական է որ մեծ նեղութեան ալ համբերենք (Հռով. 5։3)։ Ինչո՞ւ։ Շատ մը եղբայրներ նկատած են որ հաւատքի իւրաքանչիւր փորձութիւն, որու համբերած են, իրենց օգնած է որ յաջորդ փորձութեան համբերեն։ Համբերութիւնը զիրենք զտած է եւ իրենց հաւատքը զօրացուցած է որ Եհովան պատրաստ է եւ կ’ուզէ իրենց օգնել։ Միւս կողմէ, հաւատքը իրենց օգնած է որ յաջորդ փորձութեան համբերեն (կարդա՛ Յակոբոս 1։2-4)։ Միրան, որ Ալպանիայի մէջ ռահվիրայ մըն է, նկատած է որ անցեալին ցոյց տուած իր համբերութիւնը իրեն օգնած է որ հիմա ալ շարունակէ համբերել։ Ան կը խոստովանի որ երբեմն կը զգայ որ ինքը միակն է որ այսքան շատ խնդիրներ ունի։ Բայց ետքը, միտքը կը բերէ թէ Եհովան վերջին 20 տարիներուն ինչպէ՛ս իրեն օգնած է, եւ ինքն իրեն կ’ըսէ. ‘Հաւատարիմ կեցի՛ր, մի՛ ձգեր որ այդ բոլոր տարիներուն ընթացքին այդ բոլոր պայքարները, որոնք Եհովային օգնութեամբ յաղթեցիր, պարապի երթան’։ Դուն ալ կրնաս խոկալ թէ Եհովան ինչպէ՛ս անցեալին քեզի օգնած է որ համբերես։ Վստահ եղիր որ ան կը նկատէ ամէն անգամ որ փորձութեան մը համբերես եւ քեզ պիտի վարձատրէ անոր համար (Մատ. 5։10-12)։ Ետքը, երբ մեծ նեղութիւնը սկսի, սորված պիտի ըլլաս համբերել եւ պիտի կարենաս շարունակել համբերել։

ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԻՒՆ ՑՈՅՑ ՏՈՒՐ

9. Սուրիոյ Անտիոքի ժողովքը ինչպէ՞ս կարեկցութիւն ցոյց տուաւ։

9 Նկատի առ թէ ի՛նչ եղաւ առաջին քրիստոնեաներուն, երբ Հրէաստանի մէջ մեծ սով եղաւ։ Երբ Սուրիոյ Անտիոքի մէջ գտնուող ժողովքը լսեց սովին մասին, անկասկած կարեկցութիւն զգացին Հրէաստանի մէջ եղող այդ եղբայրներուն հանդէպ։ Բայց ետքը իրենց կարեկցութիւնը գործով ցոյց տուին։ Անոնք որոշեցին «որ իրենցմէ ամէն մէկը ձեռքէն եկածին չափ Հրէաստանի մէջ բնակող եղբայրներուն օգնութիւն ղրկ[է]» (Գործք 11։27-30)։ Հակառակ անոր որ սովէն ազդուած եղբայրները շատ հեռու կ’ապրէին, Անտիոքի քրիստոնեաները որոշած էին անոնց օգնել (Ա. Յովհ. 3։17, 18

ԿԱՐԵԿՑԻԼ

Բնական աղէտները մեզի առիթ կու տան որ ուրիշներուն կարեկցինք (տե՛ս պարբ. 10)

10. Երբ մեր հաւատակիցները աղէտէ մը վնասուին, ի՞նչ կերպերով կրնանք կարեկցութիւն ցոյց տալ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

10 Մենք ալ կրնանք այսօր կարեկցութիւն ցոյց տալ, երբ լսենք որ մեր եղբայրները աղէտէ մը վնասուած են։ Ի՞նչ կրնանք ընել։ Թերեւս կրնանք երէցներուն հարցնել, եթէ կրնանք օգնութեան ծրագիրի մը մասնակցիլ՝ համաշխարհային գործին նուիրատուութիւն ընելով կամ աղէտէն վնասուածներուն համար աղօթելով (Առ. 17։17) b։ Օրինակի համար 2020–ին, ամբողջ աշխարհի մէջ աւելի քան 950 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր նշանակուեցան՝ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակէն վնասուողներուն օգնելու համար։ Այս յանձնախումբերուն մէջ ծառայողները մեր ջերմ գովասանքին արժանի են։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ կարեկցութենէ մղուած, անոնք նիւթական օգնութիւններ բաժնած են, հոգեւոր օգնութիւն տուած են եւ կարգ մը պարագաներու եղբայրներուն տուները եւ Թագաւորութեան սրահները նորոգած են կամ շինած են (համեմատէ՛ Բ. Կորնթացիս 8։1-4

11. Մեր ցուցաբերած կարեկցութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեր երկնաւոր Հօր պատիւ բերել։

11 Երբ աղէտէ մը ետք կարեկցութիւն ցոյց կու տանք, ուրիշներ նկատի կ’առնեն մեր ըրած զոհողութիւնները։ Օրինակ 2019–ին, Տորեան ոլորամրրիկը Պահամեան Կղզիներուն մէջ Թագաւորութեան սրահ մը կործանեց։ Մինչ մեր եղբայրները սրահը կը շինէին, անոնք Վկայ չեղող շինարարի մը հարցուցին, թէ սրահին մէջ ըլլալիք որոշ գործ մը որքա՛ն ծախսի կը նայի։ Ան ըսաւ. «Ձեզմէ ո՛չ ձեռավարձք կ’ուզեմ, ո՛չ գործիքներուն եւ ո՛չ ալ ապրանքներուն գինը։ Կ’ուզեմ ասիկա ձեր կազմակերպութեան նուիրել։ Ես շատ ազդուած եմ թէ դուք ինչպէ՛ս կը կարեկցիք ձեր հաւատակիցներուն»։ Աշխարհի մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը Եհովան չի ճանչնար, բայց շատեր կը տեսնեն թէ Եհովայի վկաները ինչպէ՛ս ուրիշներուն կ’օգնեն։ Ի՜նչ առանձնաշնորհում է գիտնալ, որ մեր ցուցաբերած կարեկցութիւնը կրնայ մարդիկը մօտեցնել անոր «որ մեծ է ողորմութիւնով» (Եփ. 2։4

12. Հիմա կարեկից ըլլալը ինչպէ՞ս մեզ կը պատրաստէ մեծ նեղութեան համար (Յայտնութիւն 13։16, 17

12 Մեծ նեղութեան ընթացքին, ինչո՞ւ պէտք պիտի ունենանք կարեկից ըլլալու։ Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ թէ անոնք որոնք այս աշխարհի քաղաքական դրութեան թիկունք պիտի չկանգնին, դժուարութիւններ պիտի ունենան թէ՛ հիմա եւ թէ մեծ նեղութեան ընթացքին (կարդա՛ Յայտնութիւն 13։16, 17)։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը թերեւս օգնութեան պէտք ունենան իրենց հիմնական պէտքերը հոգալու համար։ Ուրեմն, երբ մեր Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոսը դատելու գայ, մենք կ’ուզենք որ տեսնէ թէ կարեկից ենք եւ մեզ հրաւիրէ ‘թագաւորութիւնը ժառանգելու’ (Մատ. 25։34-40

ՍԷՐԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ

13. Ինչպէս որ Հռովմայեցիս 15։7–ն ցոյց կու տայ, առաջին քրիստոնեաները ինչպէ՞ս իրարու հանդէպ իրենց սէրը աւելցուցին։

13 Առաջին քրիստոնեաները ճանչցուած էին իրենց սէրով։ Բայց արդեօք իրենց համար դիւրի՞ն էր սէր ցոյց տալ։ Նկատի առ Հռոմի ժողովքը։ Անոր մէջ կային թէ՛ հրեաներ, որոնք Մովսիսական օրէնքով մեծցած էին եւ թէ հեթանոսներ, որոնք լման տարբեր ենթահողէ կու գային։ Անոնցմէ ոմանք ստրուկներ էին, մինչ ուրիշներ ազատ էին եւ թերեւս նոյնիսկ ստրուկի տէր էին։ Լաւ, այս քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնային տակաւին սէր ցոյց տալ, հակառակ իրենց միջեւ եղած այս բոլոր տարբերութիւններուն։ Պօղոս առաքեալը զիրենք քաջալերեց որ ‘մէկզմէկ ընդունին’ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։7)։ Ի՞նչ ըսել ուզեց։ «Ընդունիլ» թարգմանուած բառը կը նշանակէ մէկը ազնուութեամբ կամ հիւրասիրութեամբ ընդունիլ՝ օրինակ իր տունը, կամ իրեն հետ բարեկամանալ։ Օրինակ, Պօղոս Փիլիմոնին ըսաւ որ ազնուօրէն ‘ընդունէր’ իր ծառան Ոնեսիմոսը, որ իր քովէն փախչած էր (Փլմ. 17)։ Իսկ Պրիսկիղան եւ Ակիւղասը «իրենց քով առին» Ապօղոսը, որ քրիստոնէութեան մասին իրենց գիտցածէն աւելի քիչ գիտէր (Գործք 18։26)։ Այդ քրիստոնեաները չձգեցին, որ իրենց միջեւ եղած տարբերութիւնները խնդիրներու դուռ բանան եւ իրար ընդունեցին։

ՍԻՐԵԼ

Մենք մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն սիրոյն պէտք ունինք (տե՛ս պարբ. 15)

14. Աննան եւ իր ամուսինը ինչպէ՞ս սէր ցոյց տուին։

14 Մենք ալ կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սէր ցոյց տալ, երբ իրենց հետ բարեկամանանք եւ ժամանակ անցընենք։ Եւ ընդհանրապէս, ասիկա զիրենք պիտի մղէ մեզի հանդէպ սէր ցոյց տալու (Բ. Կոր. 6։11-13)։ Նկատի առ Աննային եւ իր ամուսինին փորձառութիւնը։ Երբ անոնք Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ որպէս միսիոնարներ նշանակուեցան եւ հոն փոխադրուեցան, ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը սկսաւ։ Երբ հոն հասան, չէին կրնար իրենց ժողովքին հետ անձամբ տեսնուիլ։ Լաւ, այս զոյգը ինչպէ՞ս կրցաւ սէր ցոյց տալ։ Անոնք վիտէոյով կապ պահեցին այդ տեղի եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ եւ արտայայտուեցան թէ շատ կ’ուզէին իրենց մօտէն ծանօթանալ։ Եղբայրներն ու քոյրերը շատ ազդուեցան եւ սկսան իրենք ալ զոյգին հեռաձայնել եւ մեսըճներ ղրկել։ Այս զոյգը ինչո՞ւ այսպէս ըրաւ։ Աննան կ’ըսէ. «Բնաւ չեմ մոռնար այն սէրը, որ եղբայրներն ու քոյրերը ցոյց տուին ինծի եւ ընտանիքիս հանդէպ՝ լաւ եւ գէշ ժամանակներուն։ Անոնց օրինակները զիս մղեցին որ ես ալ սէր ցոյց տամ»։

15. Վանեսսային օրինակէն ի՞նչ կը սորվիս բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը սիրելուն մասին (տե՛ս նաեւ նկարը)։

15 Մեր ժողովքներուն մէջ, եղբայրներն ու քոյրերը տարբեր–տարբեր բնաւորութիւններ ունին։ Կրնանք բոլորին հանդէպ մեր սէրը աւելցնել՝ կեդրոնանալով իրենց լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Վանեսսա անունով քոյր մը, որ Նոր Զելանտայի մէջ կը ծառայէ, դժուարութիւն ունէր իր ժողովքէն ոմանց հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալու։ Ետքը, որոշեց որ պիտի չհեռանար այն անհատներէն, որոնցմէ կը նեղանար, հապա իրենց հետ աւելի ժամանակ պիտի անցընէր։ Ասիկա իրեն օգնեց որ տեսնէ թէ Եհովան իրենց մէջ ի՛նչը կը սիրէ։ Ան ըսաւ. «Ամուսինս շրջանային տեսուչ ըլլալէ ի վեր, շատ աւելի եղբայրներու եւ քոյրերու հետ ժամանակ կ’անցընենք, որոնք մեզմէ տարբեր բնաւորութիւններ ունին, եւ ինծի համար աւելի դիւրին է իրենց հետ լաւ կապ ունենալ։ Հիմա ես անձնաւորութեան տարբերութիւնները կը սիրեմ։ Յստակ է որ Եհովան ալ կը սիրէ, քանի որ թոյլ կու տայ որ իրարմէ շատ տարբեր եղող անհատներ զինք պաշտեն»։ Երբ կը սորվինք ուրիշները տեսնել ինչպէս որ Եհովան կը տեսնէ, կը փաստենք որ զիրենք կը սիրենք (Բ. Կոր. 8։24

Մեծ նեղութեան ընթացքին, Եհովային խոստացած պաշտպանութիւնը պիտի գտնենք, մինչ մեր եղբայրներուն հետ միացած ենք (տե՛ս պարբ. 16)

16. Մեծ նեղութեան ատեն, ինչո՞ւ պէտք պիտի ըլլայ որ իրար սիրենք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

16 Մեծ նեղութեան ընթացքին, պէտք պիտի ունենանք մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրելու։ Երբ ատիկա սկսի, Եհովան ինչպէ՞ս մեզ պիտի պաշտպանէ։ Նկատի առ թէ Եհովան իր ժողովուրդին ի՛նչ ուղղութիւն տուաւ, երբ Բաբելոնի վրայ յարձակում եղաւ. «Գնա՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու սենեակներուդ մէջ մտի՛ր ու քու վրադ դռներդ գոցէ՛. պահուէ՛ քիչ մը, վայրկեան մը, մինչեւ բարկութիւնը անցնի» (Եսա. 26։20)։ Մեծ նեղութեան ատեն, թերեւս մենք ալ պէտք ունենանք այդ ուղղութիւններուն հետեւելու։ «Սենեակները» կրնան ակնարկել մեր ժողովքներուն։ Մեծ նեղութեան ատեն, Եհովան կը խոստանայ որ մեզ պիտի պաշտպանէ, եթէ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ միացած մնանք։ Անոր համար, պէտք է հիմա ջանք թափենք որ անոնց հանդէպ խոր սէր ունենանք, քանի որ մեր ազատիլը կրնայ անկէ կախեալ ըլլալ։

ՀԻՄԱԿՈՒԸՆԷ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷ

17. Եթէ հիմակուընէ պատրաստուինք, ի՞նչ պիտի կարենանք ընել մեծ նեղութեան ատեն։

17 «Տէրոջը մեծ օրը» բոլոր մարդոց համար դժուար ժամանակ մը պիտի ըլլայ (Սոփ. 1։14, 15)։ Եհովայի ժողովուրդն ալ դժուարութիւններէ պիտի անցնի։ Բայց եթէ հիմակուընէ պատրաստուինք, պիտի կարենանք հանդարտ մնալ եւ ուրիշներուն օգնել։ Պիտի համբերենք որեւէ դժուարութեան։ Երբ մեր հաւատակիցները դժուարութենէ անցնին, մենք մեր ամէն կարելին պիտի ընենք որ իրենց օգնենք՝ կարեկցելով եւ իրենց պէտքերը հոգալով։ Եւ եթէ հիմա մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրենք, ապագային ալ զիրենք պիտի սիրենք։ Այն ատեն, Եհովան մեզի պիտի տայ յաւիտենական կեանք աշխարհի մը մէջ, ուր բոլոր աղէտները եւ նեղութիւնները պիտի մոռցուին (Եսա. 65։17

Երգ 24 Շարունակէ՛ նայիլ մրցանակին

a Մօտ օրէն մեծ նեղութիւնը պիտի սկսի։ Անոր համար պէտք է համբերութիւն, կարեկցութիւն եւ սէր մշակենք, որպէսզի պատրաստ ըլլանք այդ չակնկալուած դէպքերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան։ Նկատի առ թէ առաջին քրիստոնեաները այս յատկութիւնները ինչպէ՛ս ցոյց տուին, ինչպէ՛ս մենք կրնանք այսօր նոյնը ընել եւ ինչպէ՛ս այս յատկութիւնները մեզ պիտի պատրաստեն մեծ նեղութեան։

b Անոնք որոնք կ’ուզեն օգնել աղէտէ տուժածներուն օգնելու ծրագիրներուն մէջ, նախ եւ առաջ պէտք է լեցնեն Տեղական ծրագրման/շինարարութեան կամաւոր ըլլալու դիմումնագիր–ը (DC-50) կամ կամաւոր ծառայութեան դիմումնագիր–ը (A-19) եւ ետքը սպասեն որ հրաւիրուին այսպիսի ծրագրի մը մէջ օգնելու։