Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 30

Շարունակէ սիրոյդ մէջ աճիլ

Շարունակէ սիրոյդ մէջ աճիլ

«[Սիրով] ամէն բանի մէջ աճինք» (ԵՓ. 4։15, ԱԾ

ԵՐԳ 138 Անունդ Եհովա է

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Ի՞նչ սորվեցար երբ Սուրբ Գիրքը սերտելու սկսար։

 ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս երբ սկսար Սուրբ Գիրքը սերտել։ Թերեւս անակնկալի եկար, երբ գիտցար որ Աստուած անուն մը ունի։ Թերեւս միտքդ հանգստացաւ, երբ գիտցար որ Աստուած մարդիկը դժոխքի մէջ չի չարչարեր։ Եւ հաւանաբար շատ ուրախացար, երբ գիտցար որ քու մահացած սիրելիներդ նորէն պիտի տեսնես եւ իրենց հետ պիտի ապրիս դրախտի մէջ երկրի վրայ։

2. Աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ սորվելէն զատ, ուրիշ ի՞նչ կերպով յառաջդիմեցիր (Եփեսացիս 5։1, 2

2 Ո՛րքան Աստուծոյ Խօսքը սերտեցիր, ա՛յնքան Եհովային հանդէպ սէրդ աճեցաւ։ Այս սէրը քեզ մղեց որ սորվածներդ գործադրես։ Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն հիման վրայ լաւ որոշումներ առիր։ Սորվեցար ճիշդ կերպով մտածել եւ ճիշդ բաները ընել, քանի որ կ’ուզէիր Աստուած ուրախացնել։ Ինչպէս պզտիկ մը իր ծնողքը կ’ընդօրինակէ, նոյնպէս դուն ընդօրինակեցիր քու երկնաւոր Հայրդ (կարդա՛ Եփեսացիս 5։1, 2

3. Ի՞նչ հարցումներ կրնանք մենք մեզի հարցնել։

3 Թերեւս մենք մեզի հարցնենք. ‘Եհովային հանդէպ ունեցած սէրս հիմա՞ աւելի զօրաւոր է, քան երբ մկրտուեցայ։ Իսկ մկրտուելէս ետք, մտածելակերպովս եւ վարուելակերպովս աւելի կը նմանի՞մ Եհովային՝ մանաւանդ եղբայրներուս ու քոյրերուս հանդէպ սէր ցոյց տալու մէջ’։ Եթէ «առաջուան սէրդ» ձեւով մը պաղած է, մի՛ յուսահատիր, քանի որ նոյնանման բան մը եղաւ առաջին դարու քրիստոնեաներուն հետ։ Բայց Յիսուս իր յոյսը չկտրեց իրենցմէ, ոչ ալ իր յոյսը պիտի կտրէ մեզմէ (Յայտ. 2։4, 7)։ Ան գիտէ որ մենք կրնանք ետ բոցավառել այն սէրը որ զգացինք, երբ ճշմարտութեան եկանք։

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

4 Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովային եւ ուրիշներուն հանդէպ մեր սէրը աճեցնել։ Ետքը, նկատի պիտի առնենք կարգ մը օրհնութիւններ, որոնք կրնանք մենք եւ ուրիշներ ունենալ, երբ մեր սէրը աւելցնենք։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԻՐՈՅԴ ՄԷՋ ԱՃԷ՛

5-6. Իր ծառայութեան ընթացքին, Պօղոս ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցաւ, եւ ի՞նչ բան զինք մղեց որ շարունակէ Եհովային ծառայել։

5 Պօղոս առաքեալ Եհովայի ծառայութեան մէջ գոհացուցիչ կեանք վայելեց, բայց նաեւ դժուարութիւններ ունեցաւ։ Պօղոս յաճախ երկար ճամբորդութիւններ կ’ընէր, եւ այդ օրերուն ասիկա դիւրին չէր։ Իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին, Պօղոս երբեմն «գետերէն՝ վտանգներ»ու եւ երբեմն ալ «աւազակներէն՝ վտանգներ»ու հանդիպեցաւ (Բ. Կոր. 11։23-27)։ Ատեններ ալ իր թշնամիներուն կողմէ ծեծուեցաւ։ Ասկէ զատ, Պօղոսին հաւատակիցները միշտ չգնահատեցին իրենց օգնելու իր անկեղծ ջանքերը (Բ. Կոր. 10։10. Փլպ. 4։15

6 Ի՞նչ բան Պօղոսին օգնեց որ շարունակէ Եհովային ծառայել։ Ան Եհովայի անձնաւորութեան մասին շատ բան սորվեցաւ Սուրբ Գրութիւններէն եւ իր անձնական փորձառութենէն։ Պօղոս համոզուեցաւ որ Եհովա Աստուած զինք կը սիրէր (Հռով. 8։38, 39. Եփ. 2։4, 5)։ Եւ ինքն ալ Եհովան շատ սիրեց եւ իր սէրը ցոյց տուաւ՝ ‘սուրբերուն ծառայելով’ (Եբ. 6։10

7. Եհովային հանդէպ մեր սէրը աճեցնելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

7 Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կրնայ աճիլ, երբ իր Խօսքը սերտելու մէջ աշխատասէր ըլլանք։ Սուրբ Գիրք կարդալու ատեն, փորձէ տեսնել թէ կարդացած բաժինդ Եհովային մասին ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Այս կարդացածս ինչպէ՞ս կը ցուցնէ որ Եհովան զիս կը սիրէ։ Ատիկա ի՞նչ պատճառներ կու տայ որ Եհովան սիրեմ’։

8. Աղօթելը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ Աստուծոյ սիրոյն մէջ աճինք։

8 Եհովային հանդէպ մեր սէրը աճեցնելու ուրիշ կերպ մըն է՝ միշտ աղօթքով մեր սիրտը իրեն բանալ (Սաղ. 25։4, 5)։ Եհովան ալ իր կարգին մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ (Ա. Յովհ. 3։21, 22)։ Օրինակ, Ասիայէն Խան b անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Սկիզբը Եհովային հանդէպ սէրս հիմնուած էր գիտութեան վրայ։ Բայց երբ տեսայ որ ինչպէ՛ս իմ աղօթքներուս կը պատասխանէր, սկսայ զինք աւելի սիրել։ Եւ ասիկա ձգեց որ ուզեմ ընել բաներ, որոնցմով ինք կ’ուրախանայ»։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԻՐՈՅԴ ՄԷՋ ԱՃԷ՛

9. Տիմոթէոս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, թէ սէր արտայայտելու մէջ կը յառաջդիմէր։

9 Քրիստոնեայ դառնալէն քանի մը տարի ետք, Պօղոս հանդիպեցաւ Տիմոթէոս անունով երիտասարդի մը, որ շատ կը սիրէր Եհովան եւ իր ժողովուրդը։ Պօղոս Տիմոթէոսին մասին փիլիպպեցիներուն գրեց. «Անոր նման սրտակից մէկը չունիմ, որ մտերմաբար ձեր վրայ հոգ տանի» (Փլպ. 2։20)։ Հոս Պօղոս որպէս կազմակերպող կամ հանրային դասախօս Տիմոթէոսի կարողութեան մասին չէր խօսեր, հապա Պօղոս կրնար տեսնել թէ Տիմոթէոս որքա՜ն կը սիրէր եղբայրները եւ քոյրերը։ Անկասկած, եղբայրներն ու քոյրերը անհամբեր կը սպասէին թէ Տիմոթէոս ե՛րբ պիտի այցելէր իրենց ժողովքը (Ա. Կոր. 4։17

10. Աննան եւ իր ամուսինը եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ իրենց սէրը ինչպէ՞ս ցոյց տուին։

10 Մենք ալ կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելու կերպեր փնտռել (Եբ. 13։16) Նկատի առ նախորդ յօդուածին մէջ յիշուած Աննայի փորձառութիւնը։ Զօրաւոր փոթորիկէ մը ետք, ինքն ու իր ամուսինը այցելեցին Վկայ ընտանիքի մը եւ նկատեցին որ անոնց տանիքը փլած էր։ Այս պատճառաւ, ընտանիքը մաքուր հագուստներ չունէր։ Աննան կ’ըսէ. «Առինք անոնց հագուստները, լուացինք, արդուկեցինք, ծալեցինք եւ վերադարձուցինք։ Մեզի համար ասիկա պզտիկ բան մըն էր, բայց ասիկա մեր միջեւ զօրաւոր բարեկամութեան մը հիմը դրաւ, որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի»։ Քանի՛ որ Աննան եւ իր ամուսինը կը սիրէին եղբայրներն ու քոյրերը, ասիկա ձգեց որ անոնց գործնական կերպերով օգնեն (Ա. Յովհ. 3։17, 18

11. ա) Յաճախ ուրիշներ ինչպէ՞ս կը զգան, երբ իրենց հանդէպ սէր ցոյց կու տանք։ բ) Առակաց 19։17–ի համաձայն, երբ սէր ցոյց կու տանք, Եհովան ի՞նչ կ’ընէ։

11 Երբ ուրիշներուն հետ ազնուութեամբ եւ սիրով կը վարուինք, անոնք կրնան տեսնել թէ մենք ջանք կ’ընենք որ Եհովան ընդօրինակենք։ Անոնք նաեւ մեր կարծածէն աւելի կրնան գնահատել մեր ըրածը։ Նախապէս յիշուած քոյրը՝ Խանը, շատ լաւ կը յիշէ անոնք որոնք իրեն օգնեցին։ Ան կ’ըսէ. «Ես շատ շնորհակալ եմ այն բոլոր քոյրերուն, որոնք զիս ծառայութեան կը հանէին։ Զիս տունէն կ’առնէին, ատեն–ատեն ճաշի կը հրաւիրէին եւ ետ տուն կը հասցնէին։ Հիմա կ’անդրադառնամ որ անոնք ի՜նչ ջանք կը թափէին այս ամէնը ընելու համար եւ ատիկա սիրով կ’ընէին»։ Անշուշտ, ամէն մարդ մեզի շնորհակալութիւն պիտի չյայտնէ մեր ըրածին համար։ Խան կ’աւելցնէ. «Երանի կարենամ այս քոյրերուն բոլոր ըրածին փոխարէն հատուցանել, բայց չեմ գիտեր թէ անոնք ո՛ւր կ’ապրին։ Բայց Եհովան գիտէ։ Եւ կ’աղօթեմ որ ինք հատուցանէ»։ Խանը ճիշդ է։ Եհովան իրապէս կը նկատէ ամէն մէկ պզտիկ բան, որ կ’ընենք ուրիշներուն համար։ Իրեն համար ատիկա արժէքաւոր զոհողութիւն մըն է։ Եւ ատիկա պարտք կը սեպէ որ ինք պիտի վճարէ (կարդա՛ Առակաց 19։17

Երբ անհատ մը հոգեւորապէս յառաջդիմէ, ան ուրիշներուն օգնելու կերպեր կը փնտռէ (տե՛ս պարբ. 12)

12. Եղբայրները ինչպէ՞ս կրնան իրենց սէրը ցոյց տալ ժողովքին հանդէպ (տե՛ս նաեւ նկարները)։

12 Եթէ եղբայր մըն ես, ինչպէ՞ս կրնաս ուրիշներուն հանդէպ սէր ցոյց տալ եւ անոնց օգնելու մէջ նախաձեռնութիւնը առնել։ Ճորտըն անունով երիտասարդ եղբայր մը երէցի մը հարցուց որ ինչպէ՛ս կրնայ ժողովքին մէջ աւելի օգտակար ըլլալ։ Երէցը նա՛խ զինք գովեց իր յառաջդիմութեան համար, ետքը կարգ մը խրատներ տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ աւելին ընել։ Օրինակի համար, ան թելադրեց որ Ճորտընը Թագաւորութեան սրահ կանուխ գայ ուրիշները դիմաւորելու համար, ժողովներուն պատասխաններ տայ, կանոնաւորաբար իր դաշտի ծառայութեան խումբին հետ ծառայէ եւ ուրիշներուն գործնական կերպերով օգնէ։ Երբ Ճորտընը այս խրատները գործադրեց, ան ոչ միայն նոր ձիրքեր սորվեցաւ, հապա նաեւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ իր սիրոյն մէջ աճեցաւ։ Ճորտըն սորվեցաւ որ երբ եղբայր մը օգնական ծառայ ըլլայ, ան ոչ միայն կը սկսի եղբայրներուն օգնել, հապա կը շարունակէ անոնց օգնել (Ա. Տիմ. 3։8-10, 13

13. Սէրը ինչպէ՞ս մղեց Քրիսթիան անունով եղբայր մը որ ետ նշանակուի որպէս երէց։

13 Լաւ ի՞նչ պիտի ընես, եթէ ժամանակին կը ծառայէիր որպէս օգնական ծառայ կամ երէց։ Եհովան կը յիշէ ամէն բան որ անցեալին սէրէ մղուած ըրիր (Ա. Կոր. 15։58)։ Ան նաեւ կը նկատէ որ դուն տակաւին կը շարունակես սէր ցոյց տալ։ Քրիսթիան անունով եղբայր մը յուսախաբ եղաւ, երբ որպէս երէց իր առանձնաշնորհումը առնուեցաւ։ Բայց ան կ’ըսէ. «Ես որոշեցի ամէն բան ընել որ սէրէ մղուած Եհովային ծառայեմ՝ առանձնաշնորհումներ ունենա՛մ կամ ոչ»։ Ժամանակի ընթացքին, ան ետ նշանակուեցաւ որպէս երէց։ Քրիսթիանը կ’ըսէ. «Երբ նորէն երէց նշանակուեցայ, ջղագրգիռ էի, բայց որոշեցի որ եթէ Եհովան այս կերպով ինծի կ’ողորմէր, ուրեմն ես ալ պիտի ծառայէի որպէս երէց, քանի որ թէ՛ զինք եւ թէ եղբայրներս ու քոյրերս կը սիրեմ»։

14. Վրաստանէն եղող քրոջ մը ըսածէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

14 Եհովայի ծառաները նաեւ բոլոր մարդոց հանդէպ սէր ցոյց կու տան (Մատ. 22։37-39)։ Օրինակի համար, Վրաստանէն եղող Էլէնա անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Առաջ ես կը քարոզէի միայն որովհետեւ Եհովան կը սիրէի։ Բայց երբ սկսայ երկնաւոր Հայրս աւելի սիրել, սկսայ մարդիկն ալ աւելի սիրել։ Փորձեցի մտածել թէ ի՛նչ դժուարութիւններէ կ’անցնին եւ թէ ո՛ր նիւթերը կրնան զիրենք հետաքրքրել։ Ո՛րքան աւելի իրենց մասին կը մտածէի, ա՛յնքան աւելի կ’ուզէի իրենց օգնել» (Հռով. 10։13-15

ՍԷՐ ՑՈՅՑ ՏԱԼՈՎ Կ’ՕՐՀՆՈՒԻՆՔ

Մէկ արարք մը կրնայ շատերու օրհնութիւններ բերել (տե՛ս պարբ. 15-16)

15-16. Ինչպէս որ նկարներուն մէջ կը տեսնենք, ուրիշներուն սէր ցոյց տալը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։

15 Երբ մեր եղբայրներուն հանդէպ սէր ցոյց կու տանք, միայն իրենք չեն որ կ’օգտուին։ Օրինակ, ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը սկսելէն ետք, Փաոլօ անունով եղբայր մը եւ իր կինը շատ մը տարեց քոյրերու օգնեցին, որ իրենց ելեկտրոնային գործիքները գործածելով քարոզեն։ Քոյր մը սկիզբը ասիկա ընելը դժուար գտաւ։ Բայց ի վերջոյ յաջողեցաւ։ Ան կրցաւ այս մեթոտը գործածելով, իր ազգականները Յիշատակատօնի հրաւիրել։ Անոնցմէ 60 հոգի Յիշատակատօնը դիտեցին ինթըրնէթի միջոցաւ։ Քոյրը եւ իր ազգականները օգտուեցան Փաոլոյի եւ իր կնոջ ջանքերէն։ Ետքը, քոյրը Փաոլոյին գրեց. «Շատ շնորհակալ եմ որ մեզի պէս տարեցներուն սորվեցուցիք։ Բնա՛ւ պիտի չմոռնամ Եհովային հոգատարութիւնը եւ ձեր թափած ջանքերը»։

16 Այս տեսակ փորձառութիւններ Փաոլոյին կարեւոր դաս մը սորվեցուցին։ Ան սորվեցաւ որ սէրը աւելի՛ կարեւոր է, քան գիտութիւնը կամ բնական կարողութիւնները։ Ան կ’ըսէ. «Ժամանակին կը ծառայէի որպէս շրջանային տեսուչ, բայց այսօր կը նկատեմ որ թէեւ հրատարակիչները դասախօսութիւններս մոռցած կ’ըլլան, բայց տակաւին կը յիշեն թէ ի՛նչ գործնական կերպերով իրենց օգնեցի»։

17. Երբ սէր ցոյց կու տանք, ուրիշ ո՞վ պիտի օգտուի։

17 Երբ ուրիշներուն սէր ցոյց կու տանք, չակնկալուած կերպերով կ’օգտուինք։ Ճոնաթանը, որ կ’ապրի Նոր Զելանտայի մէջ, ճիշդ ասիկա կ’ըսէ։ Շաբաթ կէսօրէ ետք մը, տաք օդին, ան ճամբան տեսաւ ռահվիրայ մը, որ առանձին կը քարոզէր։ Ճոնաթան որոշեց որ շաբաթ կէսօրէ ետքերը անոր հետ ծառայէ։ Այն ատեն, ան չանդրադարձաւ թէ ի՛նք որքա՜ն պիտի օգտուէր իր իսկ ցուցաբերած ազնուութենէն։ Ան կ’ըսէ. «Այդ ատեն ես դաշտի ծառայութիւնը չէի սիրեր։ Բայց երբ տեսայ որ այս ռահվիրան ինչպէ՛ս կը սորվեցնէր եւ ի՜նչ արդիւնաբեր ծառայութիւն մը ունէր, սկսայ քարոզչութիւնը սիրել։ Ասիկա նաեւ դուռ բացաւ որ ունենամ լաւ բարեկամ մը, որ ինծի օգնեց հոգեւորապէս յառաջդիմելու, ծառայութենէն հաճոյք առնելու եւ Եհովային մօտենալու»։

18. Եհովան ի՞նչ կ’ուզէ որ բոլորս ընենք։

18 Եհովան կ’ուզէ որ բոլորս իրեն եւ ուրիշներուն հանդէպ մեր սիրոյն մէջ աճինք։ Ինչպէս որ տեսանք, Եհովային հանդէպ մեր սէրը կրնանք զօրացնել՝ իր Խօսքը կարդալով եւ անոր վրայ խոկալով, եւ կանոնաւորաբար իրեն աղօթելով։ Իսկ եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը կ’աճի, երբ տարբեր կերպերով իրենց կ’օգնենք։ Այսպիսով աւելի պիտի մօտենանք Եհովային եւ մեր հոգեւոր ընտանիքին։ Եւ այդ բարեկամութիւնները յաւիտեան պիտի վայելենք։

ԵՐԳ 73 Սրտանց ու ջերմօրէն սիրենք

a Ճշմարտութեան մէջ նո՛ր ըլլանք կամ հին, բոլորս ալ կրնանք շարունակ յառաջդիմել։ Այս յօդուածը պիտի քննարկէ կարեւոր կերպ մը, որով ասիկա կրնանք ընել, որ է՝ Եհովային եւ ուրիշներուն հանդէպ մեր սիրոյն մէջ աճիլ։ Մինչ այս նիւթին վրայ կը խոկաս, նկատի առ թէ մինչեւ այսօր որքա՛ն յառաջդիմած ես եւ տակաւին որքա՛ն կրնաս յառաջդիմել։

b Կարգ մը անուններ փոխուած են։