Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սերտելու Համար Առաջարկ

Սերտելու Համար Առաջարկ

Որոշէ նախ ի՛նչ պիտի սերտես

Բոլորս ալ սերտելու սահմանափակ ժամանակ ունինք։ Ինչպէ՞ս կրնանք անկէ լաւագոյն կերպով օգտուիլ։ Նա՛խ, երբ բան մը կը կարդաս, ժամանակդ առ։ Աւելի պիտի օգտուիս եթէ քիչ նիւթ ուշադրութեամբ սերտես, քան երբ շատ նիւթ աճապարանօք կարդաս։

Ետքը, որոշէ նախ ի՛նչ պիտի սերտես (Եփ. 5։15, 16)։ Այս առաջարկները նկատի առ.

  • Սուրբ Գիրքը ամէն օր կարդա՛ (Սաղ. 1։2)։ Թերեւս օգտակար գտնես սկսիլ կարդալով միջշաբաթային հանդիպումներուն մեր սերտելիք գլուխները։

  • Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան եւ միջշաբաթային հանդիպումին համար պատրաստուէ։ Նիւթերը լաւ սերտէ, որ պատրաստ ըլլաս պատասխանելու (Սաղ. 22։22

  • Ժամանակիդ ներած չափով, դիտէ՛ վիտէօները եւ կարդա՛ հանրային պարբերաթերթերը եւ jw.org կայքին վրայ հրատարակուած նիւթերը։

  • Սերտէ քեզ հետաքրքրող նիւթ մը։ Կրնաս փնտռտուք ընել ունեցած խնդիրիդ մասին, ունեցած մէկ հարցումիդ մասին կամ աստուածաշնչական նիւթի մը մասին որ կ’ուզես աւելի լաւ հասկնալ։ Տեսնելու համար թէ ի՛նչ կրնաս սերտել, բա՛ց «Աստուածաշունչը սերտելու տետրեր» բաժինը՝ jw.org կայքին վրայ (արաբ.)։