ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Յունիս 2018

Այս թիւը կը բովանդակէ 2018–ի օգոստոս 6–սեպտեմբեր 2 նկատի առնուելիք ուսումնասիրութեան յօդուածները։

«Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ»

Ի՞նչ աչքով պէտք է նայինք քաղաքական եւ ընկերային հարցերուն, նկատի առնելով որ Յիսուս ի՛նչ կեցուածք բռնեց իր ժամանակուան վէճերուն մէջ։

Բոլորս մէկ ըլլանք՝ ինչպէս Եհովան եւ Յիսուսը մէկ են

Ի՞նչ կրնաս ընել որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդին միութիւնը զօրացնես։

Ան կրնար ունենալ Աստուծոյ հաճութիւնը

Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին օրինակը մեզի կ’օգնէ հասկնալու, թէ Աստուած մեր ամէն մէկուն մէջ ի՛նչ բան կը փնտռէ։

Աստուծոյ օրէնքներով եւ սկզբունքներով խիղճդ մարզէ

Աստուած բարոյական կողմնացոյց մը տուած է մեզի, բայց պէտք է վստահ ըլլանք որ ատիկա ճիշդ ուղղութեամբ կ’ուղղէ մեզ։

‘Լոյսդ թող փայլի’ Եհովային փառքին համար

Միայն բարի լուրը քարոզելը չի բաւեր։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Շատ հոգեր ունենալով հանդերձ՝ մխիթարուած եմ

Էտուարտ Պէյզլի ունեցած է ընտանեկան դժուարութիւններ, կրօնական հակառակութիւն, յուսախաբութիւններ եւ ընկճուածութիւն։

Բարեւելուն զօրութիւնը

Նոյնիսկ կարճ բարեւը կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ։

Կը յիշե՞ս

Դիտարան–ի վերջին թիւերուն հիման վրայ կրնա՞ս պատասխանել այս հարցումներուն։