Աստուծոյ օրէնքներով եւ սկզբունքներով խիղճդ մարզէ
«Քու վկայութիւններդ իմ մտածութիւնս են» (ՍԱՂ. 119։99)։
1. Ի՞նչ բան մեզ անասուններէն գերադաս կ’ընէ։
ԵՀՈՎԱՆ մարդ արարածին տուած է յատուկ բան մը. խիղճը։ Ատիկա բան մըն է որ մեզ անասուններէն գերադաս կ’ընէ։ Առաջին մարդկային զոյգը՝ Ադամն ու Եւան, խիղճ ունէին։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Երբ Աստուծոյ օրէնքը կտրեցին, պահուըտեցան։ Անոնք խղճի խայթ զգացին։
2. Մեր խիղճը ինչպէ՞ս կը նմանի կողմնացոյցին (տե՛ս բացման նկարը)։
2 Մեր խիղճը ճիշդի եւ սխալի ներքին զգացում մըն է, որ կրնայ մեզ ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդել։ Լաւ մարզուած խիղճ չունեցողները կը նմանին աւրուած կողմնացոյց ունեցող նաւու։ Հովը եւ հոսանքը կրնան դիւրութեամբ սխալ ուղղութեամբ տանիլ այդ նաւը։ Բայց լաւ աշխատող կողմնացոյցը նաւապետին կ’օգնէ, որ նաւը ճիշդ ճամբուն վրայ պահէ։ Նմանապէս, եթէ ճիշդ կերպով մարզենք մեր խիղճը, կրնայ ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդել մեզ։
3. Ի՞նչ կը պատահի եթէ խիղճը ճիշդ կերպով չմարզուի։
3 Եթէ մէկու մը խիղճը ճիշդ կերպով չմարզուի, զինք պիտի չզգուշացնէ սխալ բաներ ընելէ (Ա. Տիմ. 4։1, 2)։ Այսպիսի խիղճ մը կրնայ նոյնիսկ անձը համոզել որ ‘չարը բարի է’ (Եսա. )։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ժամանակ ալ պիտի գայ, որ ամէն ո՛վ որ ձեզ սպաննէ, այնպէս պիտի սեպէ թէ Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանէ» ( 5։20Յովհ. 16։2)։ Ստեփանոս աշակերտը մեռցնողները այսպէս մտածեցին (Գործք 6։8, 12. 7։54-59)։ Պատմութեան ընթացքին, բազմաթիւ կրօնական մոլեռանդներ գէշ ոճիրներ գործած են, ինչպէս՝ մարդասպանութիւն, եւ ըսած են որ Աստուծոյ համար ըրած են։ Բայց իրականութեան մէջ, անոնց ըրածը Աստուծոյ օրէնքներուն դէմ է (Ել. 20։13)։ Յստակօրէն, անոնց խիղճը ճիշդ կերպով չէ առաջնորդած զիրենք։
4. Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր խիղճը ճիշդ կերպով կ’աշխատի։
4 Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր խիղճը ճիշդ կերպով կ’աշխատի։ Սուրբ Գիրքին օրէնքները եւ սկզբունքները «օգտակար [են] սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար» (Բ. Տիմ. 3։16)։ Ուրեմն, Սուրբ Գիրքը սերտելով, մեր կարդացածին վրայ խոկալով եւ զայն մեր կեանքին մէջ գործադրելով կը մարզենք մեր խիղճը եւ երթալէն աւելի Եհովային մտածելակերպը կ’ունենանք։ Այսպիսով, մեր խիղճը վստահելի առաջնորդ մը կ’ըլլայ։ Տեսնենք թէ Եհովային օրէնքներն ու սկզբունքները ինչպէ՛ս կ’օգնեն մեր խիղճը մարզելու։
ԹՈՅԼ ՏՈՒՐ ՈՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐԷՆՔՆԵՐԸ ՔԵԶ ՄԱՐԶԵՆ
5, 6. Աստուծոյ օրէնքները ինչպէ՞ս կ’օգնեն մեզի։
5 Որպէսզի Աստուծոյ օրէնքներէն օգտուինք, չի բաւեր միայն զանոնք կարդանք կամ գիտնանք։ Նաեւ պէտք է զանոնք սիրենք եւ յարգենք։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Չարութիւնը ատեցէ՛ք ու բարութիւնը սիրեցէ՛ք» (Ամս. 5։15)։ Ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։ Պէտք է սորվինք Եհովայի՛ն աչքով նայիլ հարցերուն։ Օրինակ մը տանք։ Հաշուէ թէ քնանալու դժուարութիւն կ’ունենաս։ Բժիշկդ քեզմէ կը խնդրէ որ աւելի առողջապահական ճաշեր ուտես, աւելի մարզանք ընես եւ ապրելակերպիդ մէջ որոշ փոփոխութիւններ մտցնես։ Իր խրատը մտիկ կ’ընես եւ կը յաջողիս։ Հաւանաբար շատ կը գնահատես բժիշկդ, քանի որ կրցաւ կեանքդ բարելաւել։
6 Նմանապէս, մեր Ստեղծիչը մեզի տուած է օրէնքներ, որոնք կրնան մեղքին գէշ հետեւանքներէն պաշտպանել մեզ եւ այսպիսով մեր կեանքը բարելաւել։ Օրինակ, Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ, որ պէտք չէ սուտ խօսինք, խարդախենք, գողնանք, անբարոյութիւն գործենք, վայրագութեամբ վարուինք կամ ոգեհարցութեան հետ որեւէ կապ ունենանք (կարդա՛ Առակաց 6։16-19. Յայտ. 21։8)։ Երբ Եհովայի հնազանդելուն լաւ օգուտները կը քաղենք, աւելի կը սիրենք ու կը գնահատենք Եհովան եւ իր օրէնքները։
7. Սուրբ Գիրքին պատմութիւնները ինչպէ՞ս կ’օգնեն մեզի։
7 Պէտք չունինք Աստուծոյ օրէնքները կտրելուն գէշ հետեւանքները կրելու, որպէսզի գիտնանք թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ։ Կրնանք սորվիլ ուրիշներուն սխալներէն, որոնց մասին գրուած է Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Առակաց 1։5–ը կ’ըսէ. «Իմաստունը թող լսէ ու իր իմաստութիւնը աւելցնէ»։ Մենք Աստուծմէ լաւագոյն ուղղութիւնը կը ստանանք։ Օրինակ, մտածէ թէ Դաւիթ ինչերէ՜ անցաւ, երբ Եհովային անհնազանդ գտնուեցաւ եւ Բերսաբէին հետ անբարոյութիւն գործեց (Բ. Թագ. 12։7-14)։ Երբ այս պատմութիւնը կը կարդաս եւ ատոր վրայ կը խոկաս, դուն քեզի հարցուր. ‘Դաւիթ ինչպէ՞ս կրնար հեռու մնալ այդ խնդիրներէն։ Եթէ ես նման պարագայի մէջ ըլլամ, ի՞նչ պիտի ընեմ։ Եթէ անբարոյութիւն ընելու փորձութեան առջեւ գտնուիմ, Դաւիթի՞ն պէս պիտի վարուիմ, թէ ոչ Յովսէփին պէս’ (Ծն. 39։11-15)։ Եթէ լաւ մտածենք մեղքին ցաւալի հետեւանքներուն մասին, երթալէն աւելի ‘պիտի ատենք չարութիւնը’։
8, 9. ա) Մեր խիղճը մեզի կ’օգնէ ի՞նչ ընելու։ բ) Մեր խիղճը ինչպէ՞ս կը գործէ Եհովային սկզբունքներուն հետ։
8 Մենք Աստուծոյ ատած բաներէն հեռու կը մնանք, բայց կան պարագաներ, որոնց նկատմամբ մասնայատուկ օրէնք մը չկայ Սուրբ Գիրքին մէջ։ Ինչպէ՞ս պիտի գիտնանք որ ի՛նչը ընդունելի է Աստուծոյ աչքին։ Սուրբ Գիրքին հիման վրայ մեր մարզուած խիղճը մեզի պիտի օգնէ իմաստուն որոշումներ առնելու։
9 Եհովան սիրալիրօրէն մեզի տուած է սկզբունքներ, որոնք կրնան մեր խիղճը առաջնորդել։ Ան կը բացատրէ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ» (Եսա. 48։17, 18)։ Երբ կը տրամաբանենք Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հիման վրայ եւ թոյլ կու տանք որ մեր սրտին դպչին, կը ճշդենք եւ կ’ուղղենք մեր խիղճը։ Ասիկա բնականաբար մեզի կ’օգնէ, որ իմաստուն որոշումներ առնենք։
ԹՈՅԼ ՏՈՒՐ ՈՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ ՔԵԶ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՆ
10. Սկզբունքը ի՞նչ է, եւ Յիսուս ինչպէ՞ս ազդու կերպով գործածեց սկզբունքները։
10 Սկզբունքը հիմնական ճշմարտութիւն մըն է, որ մեր մտածելակերպը կ’առաջնորդէ եւ կ’օգնէ որ որոշումներ առնենք։ Եհովային սկզբունքները գիտնալը մեզի կ’օգնէ հասկնալու իր մտածելակերպը եւ թէ ինչո՛ւ որոշ օրէնքներ կու տայ։ Յիսուս իր ծառայութեան ընթացքին սկզբունքներ գործածեց, որպէսզի իր աշակերտներուն սորվեցնէ, թէ մէկու մը կեցուածքը եւ արարքները ունին հետեւանքներ։ Օրինակ, ան սորվեցուց որ բարկութիւնը կրնայ բռնութեան առաջնորդել, եւ անբարոյ մտածումները՝ շնութեան (Մատ. 5։21, 22, 27, 28)։ Որպէսզի մեր խիղճը մարզուի, պէտք է թոյլ տանք որ Եհովային սկզբունքները մեզ առաջնորդեն, եւ այսպիսով փառք կը բերենք իրեն (Ա. Կոր. 10։31)։
11. Մարդոց խիղճերը ինչպէ՞ս իրարմէ կը տարբերին։
11 Սուրբ Գիրքին հիման վրայ մարզուած խիղճ ունեցող երկու քրիստոնեաներ կրնան իրարմէ տարբեր եզրակացութիւններու հասնիլ որոշ հարցերու մէջ։ Նկատի առ ալքոլ խմելու հարցը։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր որ ալքոլ խմելը սխալ է, բայց մեզի զգուշացում կու տայ որ չափէ դուրս չխմենք կամ չգինովնանք (Առ. 20։1. Ա. Տիմ. 3։8)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ այնքան ատեն որ մէկը չափաւոր կերպով կը խմէ, պէտք չունի ուրիշ բաներ ալ նկատի առնելու, երբ խմելու որոշումը կ’առնէ։ Անշուշտ ո՛չ։ Նոյնիսկ եթէ իր խիղճը կը ներէ ալքոլ խմել, պէտք է ուրիշներուն խիղճն ալ նկատի առնէ։
12. Հռովմայեցիս 14։21–ի խօսքը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ ուրիշներուն խիղճը յարգենք։
12 Պօղոս ցուցուց որ պէտք է ուրիշներուն խիղճը յարգենք, երբ գրեց. «Աղէկ է միս չուտել եւ գինի չխմել եւ ոեւէ բան չընել՝ որով քու եղբայրդ կրնայ իյնալ կամ գայթակղիլ, կամ տկարանալ» (Հռով. 14։21)։ Ուրեմն, նոյնիսկ եթէ իրաւունք ունիս ալքոլ խմելու, պատրա՞ստ ես այդ իրաւունքէդ վազ անցնելու, որպէսզի չգայթակղեցնես եղբայր մը, որուն խիղճը քու խիղճէդ տարբեր է։ Անկասկած պատրաստ ես։ Կարգ մը եղբայրներ ալքոլի մոլի էին առաջ որ ճշմարտութեան գան, բայց այլեւս որոշած են բնա՛ւ ալքոլ չխմել։ Չենք ուզեր ընել բան մը, որ պիտի ձգէ որ եղբայր մը իր առաջուան սովորութիւններուն վերադառնայ եւ վնասուի (Ա. Կոր. 6։9, 10)։ Ուրեմն, եթէ այդպիսի եղբայր մը հրաւիրած ենք մեր տունը, սիրալիրօրէն վարուած չենք ըլլար եթէ զինք ստիպենք որ ալքոլ խմէ, հակառակ որ ըսած է թէ չ’ուզեր խմել։
13. Տիմոթէոս ինչպէ՞ս ուրիշներուն խիղճը յարգեց, որպէսզի բարի լուրը ընդունին։
13 Երբ Տիմոթէոս իր պատանեկութեան Գործք 16։3. Ա. Կոր. 9։19-23)։ Տիմոթէոսին պէս պատրա՞ստ ես զոհողութիւններ ընելու ուրիշներուն շահին համար։
վերջերն էր կամ 20–ական տարիքին սկիզբը, ընդունեց թլփատուիլ, հակառակ որ պիտի ցաւէր։ Ան գիտէր որ թլփատութիւնը կարեւոր էր այն հրեաներուն համար, որոնց պիտի քարոզէր։ Ան չէր ուզեր գայթակղեցնել ուրիշները, ինչպէս որ Պօղոս չէր ուզեր («ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՁԳՏԻԼ ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԵԱՆ»
14, 15. ա) Ինչպէ՞ս հասուն կը դառնանք։ բ) Հասուն քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կը վարուին ուրիշներուն հետ։
14 Բոլորս պէտք է ուզենք Քրիստոսին մասին հիմնական ուսուցումներէն անդին երթալ եւ ‘շարունակել ձգտիլ հասունութեան’ (Եբ. 6։1, ՆԱ)։ Եթէ տարիներէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ ենք, ինքնաբերաբար հասուն չենք դառնար։ Պէտք է ջանք թափենք եւ շարունակենք աւելցնել մեր գիտութիւնն ու հասկացողութիւնը։ Այս պատճառով, պէտք է ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդանք (Սաղ. 1։1-3)։ Ասիկա նպատակակէտ դրա՞ծ ես։ Մինչ Սուրբ Գիրքը ամէն օր կը կարդաս, աւելի լաւ պիտի հասկնաս Եհովային օրէնքներն ու սկզբունքները։
15 Քրիստոնեաներուն համար ամէնէն կարեւոր օրէնքը սիրոյ օրէնքն է։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։35)։ Յիսուսին խորթ եղբայրը՝ Յակոբոս, սէրը կոչեց «արքայական օրէնքը» (Յակ. 2։8)։ Իսկ Պօղոս ըսաւ. «Օրէնքին լրումը սէրն է» (Հռով. 13։10)։ Չենք զարմանար որ սէրը ա՛յսքան կարեւոր է, քանի որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։8)։ Աստուծոյ համար, սէրը պարզապէս զգացում մը չէ. ան գործերով կը փաստէ իր սէրը։ Յովհաննէս ըսաւ. «Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք» (Ա. Յովհ. 4։9)։ Երբ Եհովային, Յիսուսին, մեր եղբայրներուն եւ ուրիշ մարդոց հանդէպ մեր սէրը գործով ցուցնենք, կը փաստենք որ հասուն քրիստոնեաներ ենք (Մատ. 22։37-39)։
16. Սկզբունքները ինչո՞ւ համար աւելի կարեւոր կ’ըլլան մեզի համար, երբ աւելի հասուն կը դառնանք։
16 Օրէնքները կրնան մասնայատուկ Ա. Կոր. 15։33)։ Բայց մինչ պզտիկը կը մեծնայ, իր մտածելու կարողութիւնը կը զարգանայ եւ ինք կարող կը դառնայ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հիման վրայ տրամաբանելու։ Այս սկզբունքները իրեն պիտի օգնեն, որ լաւ ընկերներ զատէ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 13։11. 14։20)։ Որքա՛ն աւելի տրամաբանենք Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հիման վրայ, մեր խիղճը այնքան աւելի վստահելի պիտի ըլլայ եւ աւելի յստակ պիտի հասկնանք, թէ Եհովան ինչ կ’ուզէ որ ընենք որոշ պարագայի մը մէջ։
պարագայի մը կիրարկուիլ, մինչ սկզբունքները կը կիրարկուին բազմաթիւ տարբեր պարագաներու։ Ասոր համար, որքա՛ն հասուն դառնաս, սկզբունքները այնքան աւելի կարեւոր պիտի ըլլան քեզի համար։ Օրինակ, պզտիկ մը չի հասկնար գէշ բարեկամներ ունենալուն վտանգը, եւ այս պատճառով իր ծնողքը պէտք է կանոններ դնէ, որպէսզի զինք պաշտպանէ (17. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ իմաստուն որոշումներ առնելու համար պէտք եղածը ունինք։
17 Արդեօք Եհովան հաճեցնող որոշումներ առնելու համար պէտք եղածը ունի՞նք։ Այո՛։ Սուրբ Գիրքին մէջ կան օրէնքներ եւ սկզբունքներ, որոնք մեզի կ’օգնեն որ ամբողջովին կարող եւ «ամէն բարի գործերու պատրաստուած» ըլլանք (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Ուրեմն, սկզբունքներ փնտռէ Սուրբ Գիրքին մէջ, որպէսզի ‘իմանաս թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը’ (Եփ. 5։17)։ Մեզի օգնելու համար կան՝ Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ, Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար, Դիտարանի գրադարան, Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ եւ JW Library էփ։ Այս գործիքները մեզի կ’օգնեն, որ շատ լաւ օգտուինք մեր անձնական ուսումնասիրութենէն եւ ընտանեկան ուսումնասիրութենէն։
ՄԱՐԶՈՒԱԾ ԽԻՂՃԸ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԲԵՐԷ
18. Ի՞նչ օրհնութիւններ կը քաղենք երբ Եհովային օրէնքներն ու սկզբունքները կը գործադրենք։
18 Օրհնութիւններ կը քաղենք երբ Եհովային օրէնքները եւ սկզբունքները կը գործադրենք։ Սաղմոս 119։97-100–ը կ’ըսէ. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս։ Քու պատուիրանքներդ զիս իմ թշնամիներէս իմաստուն ըրին, քանզի անոնք միշտ իմ քովս են։ Իմ բոլոր ուսուցիչներէս աւելի հանճարեղ եղայ, վասն զի քու վկայութիւններդ իմ մտածութիւնս են։ Ծերերէն աւելի իմաստուն եղայ, վասն զի քու հրամաններդ պահեցի»։ Եթէ ժամանակ տրամադրենք Աստուծոյ օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն մասին ‘մտածելու’, մեր քայլերը աւելի իմաստութեամբ եւ հասկացողութեամբ պիտի առնենք։ Եւ երբ Աստուծոյ օրէնքներն ու սկզբունքները գործածենք որ մեր խիղճը մարզենք, ‘Քրիստոսի լման հասակին չափը պիտի ունենանք’ (Եփ. 4։13)։