Կը յիշե՞ս
Դիտարան–ի վերջին թիւերը ուշի–ուշով կարդացա՞ծ ես։ Փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.
Ի՞նչ չորս բաներ կրնանք ընել, որպէսզի աւելի լաւ երգենք։
Պէտք է շիտակ կեցուածք պահենք, երգարանը բարձր բռնելով։ Նաեւ պէտք է ճիշդ կերպով շունչ առնենք։ Երբ մեր բերանը լայն բանանք, պիտի կարենանք բարձրաձայն երգել (դ17.11, էջ 5)։
Ապաստանի քաղաքներուն տեղերը եւ հասցնող ճամբաները ինչպէ՞ս յատուկ էին։
Երկրին տարածքին կային վեց ապաստանի քաղաքներ, եւ հասցնող ճամբաները լաւ վիճակի մէջ կը պահուէին։ Այսպիսով, անհատը դիւրութեամբ եւ արագօրէն կրնար ապաստանիլ (դ17.11, էջ 14)։
Յիսուսին միջոցաւ Աստուծոյ տուած փրկանքը ինչո՞ւ լաւագոյն նուէրն է որ կրնանք ստանալ։
Ատիկա մեր փափաքածը կարելի կը դարձնէ՝ անվերջ ապրիլ, եւ մեր պէտքը կը գոցէ՝ մեղքէն ու մահէն ազատիլ։ Աստուած Յիսուսը զոհեց մեզի համար երբ դեռ մեղաւոր էինք, քանի որ Ադամին սերունդին հանդէպ գուրգուրանք ունի (դհ17.6, էջ 6-7)։
Սաղմոս 118։22–ը ինչպէ՞ս ցուցուց որ Յիսուս յարութիւն պիտի առնէր։
Հրեաները Յիսուսը չընդունեցին որպէս Մեսիան եւ զինք մեռցուցին։ Որպէսզի «անկիւնին գլուխը» ըլլար, ան պէտք էր յարութիւն առնէր (դ17.12, էջ 9-10)։
Մեսիային նախահայրերուն շարքը կապուա՞ծ էր անդրանկութեան իրաւունքին հետ։
Յիսուսին ո՛չ բոլոր նախահայրերը անդրանիկ էին։ Օրինակ, թէեւ Դաւիթ Յեսսէին անդրանիկը չէր, բայց Մեսիան Դաւիթէն եկաւ (դ17.12, էջ 14-15)։
Ի՞նչ կարգ մը բժշկական սկզբունքներ կան Սուրբ Գիրքին մէջ։
Օրէնքը կ’ըսէր որ որոշ հիւանդութիւններ ունեցողները պէտք էր առողջներէն հեռու մնային։ Երբ մէկը դիակի մը դպչէր, պէտք էր լուացուէր։ Մարդուն աղբը պէտք էր բնակուած տեղէն հեռու թաղուէր։ Թլփատութիւնը պէտք էր ըլլար մանուկին ծնունդին ութերորդ օրը, ինչ որ լաւ էր, քանի որ արիւնը բաւարար նիւթեր կ’ունենար արիւնահոսութիւնը կեցնելու (դհ18.1, էջ 7)։
Ինչո՞ւ սխալ չէ որ որոշ չափով սիրենք մեր անձը։
Պէտք է մեր անձին պէս սիրենք մեր ընկերը (Մար. 12։31)։ Ամուսինները պէտք է ‘իրենց մարմիններուն պէս սիրեն իրենց կիները’ (Եփ. 5։28)։ Ուրեմն, մեր անձը սիրելը կարեւոր է։ Բայց անշուշտ վտանգ կայ, որ ատիկա չափազանց դառնայ (դ18.01, էջ 23)։
Ի՞նչ քայլեր կրնանք առնել, որպէսզի հոգեւորապէս յառաջդիմենք։
Պէտք է Աստուծոյ Խօսքը սերտենք եւ ատոր վրայ խոկանք եւ ետքը մեր սորվածը գործադրենք։ Նաեւ պէտք է մեր միտքը եւ սիրտը բանանք սուրբ հոգիին ազդեցութեան եւ երախտապարտօրէն ընդունինք ուրիշներուն տուած օգնութիւնը (դ18.02, էջ 26)։
Աստղաբաշխութիւնը եւ բախտագուշակութիւնը ինչո՞ւ ապագան գիտնալու միջոցներ չեն։
Քանի մը պատճառներ կան, բայց գլխաւոր պատճառը այն է, թէ Սուրբ Գիրքը երկուքն ալ կը դատապարտէ (դհ18.2, էջ 4-5)։
Ի՞նչ աչքով պէտք է նայինք մեզի տրուած հրաւէրներուն։
Եթէ ճաշի հրաւէր մը ընդունինք, պէտք է մեր խօսքին տէրը ըլլանք (Սաղ. 15։4)։ Պէտք չէ թեթեւ պատճառներու համար վազ անցնինք երթալէ, քանի որ հաւանաբար մեզ հրաւիրողը շատ պատրաստութիւններ տեսած է (դ18.03, էջ 18)։
Նոր նշանակուած տղամարդիկը ի՞նչ կրնան սորվիլ Տիմոթէոսէն։
Տիմոթէոս մարդոցմով անկեղծօրէն հետաքրքրուած էր եւ հոգեւոր բաները առաջին տեղը կը դնէր։ Ան սուրբ ծառայութեան մէջ ծանր աշխատեցաւ եւ իր սորվածները գործադրեց։ Միշտ ինքզինք կը մարզէր եւ Եհովային սուրբ հոգիին կ’ապաւինէր։ Թէ՛ երէցները եւ թէ ուրիշներ կրնան զինք ընդօրինակել (դ18.04, էջ 13-14)։