Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ»

«Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ»

«Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ» (ՅՈՎՀ. 18։37

ԵՐԳԵՐ. 109, 102

1, 2. ա) Աշխարհը ինչպէ՞ս երթալէն աւելի կը բաժնուի։ բ) Այս ուսումնասիրութեան մէջ ո՞ր հարցումներուն պիտի պատասխանենք։

ԵՒՐՈՊԱՅԻՆ հարաւը ապրող քոյր մը իր անցեալին մասին կը պատմէ. «Պզտիկ տարիքէս միայն անարդարութիւն տեսայ։ Այս պատճառով, երկրիս քաղաքական սիստեմը մերժեցի, եւ այն գաղափարին հետն էի, որ արմատական փոփոխութիւններ պէտք է ըլլան ընկերութեան մէջ։ Ասկէ աւելին, տարիներով ահաբեկիչի մը ընկերուհին էի»։ Ափրիկէի հարաւը ապրող եղբայր մը կը բացատրէ, թէ անցեալին ինչո՛ւ վայրագ էր. «Համոզուած էի որ իմ տոհմս միւսներէն գերազանց է, եւ կուսակցութեան մը անդամ եղայ։ Մեզի սորվեցուցին նիզակով մեռցնել հակառակորդները,– նոյնիսկ մեր տոհմէն եղողները, որոնք ուրիշ կուսակցութիւններու թիկունք կը կանգնէին»։ Եւրոպային կեդրոնը ապրող քոյր մը կը խոստովանի. «Նախապաշարուած էի եւ կ’ատէի այն անձերը, որոնք ուրիշ երկրէ էին կամ ուրիշ կրօնքի կը պատկանէին»։

2 Ներկայիս, երթալէն աւելի շատ անհատներ այդպիսի կեցուածքներ կ’ունենան։ Շատ մը քաղաքական խումբեր բռնութիւն կը գործածեն, որպէսզի անկախութիւն առնեն։ Սովորական դարձած է որ մարդիկ քաղաքականութեան պատճառով կռուին։ Եւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ, գէշ կերպով կը վարուին օտարականներուն հետ։ Ճիշդ ինչպէս որ Սուրբ Գիրքին մէջ մարգարէացուած է, մարդիկ «անհաշտ» են այս վերջին օրերուն մէջ (Բ. Տիմ. 3։1, 3)։ Մինչ աշխարհը երթալէն աւելի կը բաժնուի, քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնան միացած մնալ։ Շատ բաներ կրնանք սորվիլ Յիսուսէն։ Իր օրերուն ալ մարդիկ քաղաքականութեան նկատմամբ տարբեր կարծիքներ ունենալով բաժնուած էին։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք երեք հարցումներ. Յիսուս ինչո՞ւ որեւէ քաղաքական խումբի չմիացաւ։ Ան ինչպէ՞ս ցուցուց, որ Աստուծոյ ժողովուրդը պէտք չէ կողմ բռնէ քաղաքական հարցերու մէջ։ Եւ ան ինչպէ՞ս սորվեցուց մեզի, որ բնա՛ւ պէտք չէ բռնութիւն գործածենք։

ՅԻՍՈՒՍ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԱՆԳՆԵՑԱ՞Ւ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ ՈՒԶՈՂՆԵՐՈՒՆ

3, 4. ա) Յիսուսին օրերուն, հրեաները ի՞նչ ակնկալութիւններ ունէին։ բ) Այդ գաղափարները ինչպէ՞ս ազդեցին Յիսուսին աշակերտներուն։

3 Բազմաթիւ հրեաներ, որոնց Յիսուս կը քարոզէր, շատ կ’ուզէին Հռոմէն անկախ ըլլալ։ Հրեայ նախանձայոյզները, որոնք մոլեռանդ կուսակցութիւն մըն էին, այս զգացումը ա՛լ աւելի զարգացուցին ժողովուրդին մէջ։ Այդ ծայրայեղականներէն շատեր կը հետեւէին Յուդա Գալիլիացիին, որ Յիսուսին ժամանակները ապրեցաւ։ Յուդան կեղծ մեսիա էր եւ մեծ թիւով մարդիկ մոլորեցուց։ Հրեայ պատմաբան Յովսեպոս ըսաւ, որ Յուդան հրեաները կը մղէր որ Հռոմին դէմ կռուին, եւ «վախկոտ» կը կոչէր բոլոր անոնք, որոնք տուրք կը վճարէին հռոմայեցիներուն։ Հռոմայեցիները ի վերջոյ սպաննեցին Յուդան (Գործք 5։37)։ Կարգ մը նախանձայոյզներ նոյնիսկ բռնութիւն գործածեցին, որպէսզի իրենց նպատակներուն հասնին։

4 Անդին, սովորական հրեաները կը սպասէին քաղաքական Մեսիայի մը։ Անոնք կը կարծէին որ ան զիրենք պիտի ազատէր հռոմայեցիներէն եւ Իսրայէլը պիտի վերադարձնէր իր առաջուան փառաւոր վիճակին (Ղուկ. 2։38. 3։15)։ Շատեր կը հաւատային որ Մեսիան երկրի վրայ թագաւորութիւն մը պիտի հիմնէր Իսրայէլին մէջ։ Երբ ասիկա պատահէր, տարբեր երկիրներու մէջ ցիրուցան եղած հրեաները պիտի վերադառնային իրենց հայրենիքը։ Նոյնիսկ Յովհաննէս Մկրտիչ անգամ մը հարցուց Յիսուսին. «Դուն ա՞ն ես, որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք» (Մատ. 11։2, 3)։ Թերեւս Յովհաննէս ուզեց գիտնալ որ արդեօք ուրի՞շ մէկը պիտի ազատագրէր հրեաները։ Յետագային՝ Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք, իրեն հանդիպող երկու աշակերտները ըսին, որ յոյս ունէին որ Յիսուս պիտի ազատագրէր Իսրայէլը (կարդա՛ Ղուկաս 24։21)։ Շատ չանցած, առաքեալները հարցուցին Յիսուսին. «Տէ՛ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես» (Գործք 1։6

5. ա) Գալիլիայի ժողովուրդը ինչո՞ւ կ’ուզէր որ Յիսուս իրենց թագաւորը ըլլայ։ բ) Յիսուս ինչպէ՞ս շտկեց անոնց մտածելակերպը։

5 Մեսիային նկատմամբ այսպիսի ակնկալութիւններ անկասկած ձգեցին, որ Գալիլիայի ժողովուրդը ուզէ որ Յիսուս իրենց թագաւորը ըլլայ։ Անոնք թերեւս մտածեցին, որ Յիսուս լաւագոյն առաջնորդը կրնայ ըլլալ. ան հոյակապ խօսող մըն էր, կրնար հիւանդները բժշկել եւ նոյնիսկ կրնար ուտելիք ապահովել անօթիներուն։ Երբ Յիսուս մօտ 5000 տղամարդ կերակրեց, ժողովուրդը հիացաւ։ Ան անդրադարձաւ թէ անոնք ի՛նչ կ’ուզէին ընել։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Յիսուս գիտնալով թէ պիտի գան զինք յափշտակեն, որպէս զի զինք թագաւոր ընեն, նորէն մինակը լեռը գնաց» (Յովհ. 6։10-15)։ Յաջորդ օրը, երբ ժողովուրդը թերեւս քիչ մը հանդարտած էր, Յիսուս անոնց բացատրեց որ ինք չէր եկած իրենց նիւթական պէտքերը հոգալու, հապա՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվեցնելու։ Անոնց ըսաւ. «Գործեցէ՛ք, ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ» (Յովհ. 6։25-27

6. Յիսուս ինչպէ՞ս յստակացուց որ ինք երկրի վրայ քաղաքական ոյժ ունենալու ետեւէն չէր (տե՛ս բացման առաջին նկարը)։

6 Յիսուս անդրադարձաւ որ իր հետեւորդներէն ոմանք կը հաւատային, որ ինք պիտի սկսէր որպէս թագաւոր իշխել Երուսաղէմին մէջ։ Ան մնասներուն առակը պատմեց, որպէսզի անոնց օգնէ որ հասկնան թէ այդ գաղափարը ճիշդ չէ։ Այդ առակը ցուցուց թէ «ազնուական մարդ»ը՝ Յիսուս, երկա՜ր ժամանակ մը պիտի բացակայէր (Ղուկ. 19։11-13, 15)։ Յիսուս նաեւ Պոնտացի Պիղատոսին յստակօրէն ըսաւ որ քաղաքականութեան մէջ չէզոք էր։ Պիղատոս Յիսուսին հարցուց. «Դո՞ւն ես Հրեաներուն թագաւորը» (Յովհ. 18։33)։ Թերեւս ան կը վախնար որ Յիսուս ժողովուրդը մղէր ըմբոստանալու հռոմայեցիներուն դէմ։ Բայց Յիսուս պատասխանեց. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ» (Յովհ. 18։36)։ Ան քաղաքականութեան չխառնուեցաւ, քանի որ իր Թագաւորութիւնը երկինքը պիտի ըլլար։ Ան Պիղատոսին ըսաւ որ երկրի վրայ իր գործն էր ‘ճշմարտութեան համար վկայել’ (կարդա՛ Յովհաննէս 18։37

Կեդրոնացած ես աշխարհին խնդիրներո՞ւն վրայ, թէ ոչ Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ (տե՛ս պարբերութիւն 7)

7. Ինչո՞ւ համար թերեւս դժուար ըլլայ քաղաքական խումբերուն թիկունք չկանգնիլը նոյնիսկ մեր սրտին մէջ։

7 Յիսուս ըմբռնած էր թէ իր նշանակումը ի՛նչ էր։ Երբ մենք ալ ըմբռնենք թէ մեր նշանակումը ի՛նչ է, թիկունք պիտի չկանգնինք որեւէ քաղաքական խումբի, նոյնիսկ մեր սրտին մէջ։ Ասիկա միշտ դիւրին չէ։ Շրջագայող տեսուչ մը կ’ըսէ թէ իր շրջանին մէջ մարդիկ երթալէն աւելի ծայրայեղ կը դառնան։ Անոնք իրենց ազգով շատ հպարտ են եւ կը հաւատան որ իրենց կեանքը աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ քաղաքական անկախութիւն առնեն։ Ան կ’աւելցնէ. «Ուրախ ենք որ եղբայրները իրենց քրիստոնէական միութիւնը պահպանած են, կեդրոնանալով Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելուն վրայ։ Անոնք իրենց յոյսը Աստուծո՛յ վրայ դրեր են, որ անարդարութիւնը եւ մեր միւս խնդիրները լուծէ»։

ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՉԷԶՈՔ ՄՆԱՑ

8. Յիսուսին օրերուն, հրեաները ի՞նչ ծանր բեռ մը ունէին։

8 Շատ անգամ, անարդարութիւնը կը ձգէ որ մարդիկ ուզեն քաղաքականութեան խառնուիլ։ Յիսուսին օրերուն, տուրք վճարելու հարցը պատճառ եղաւ որ շատեր կողմ բռնեն քաղաքականութեան մէջ։ Օրինակ, Յուդա Գալիլիացիին ըմբոստութեան պատճառը այն էր, որ հռոմայեցիները երկրին բնակիչները կը համրէին, որպէսզի վստահ ըլլան որ անոնք տուրքերը կը վճարեն։ Վճարուելիք շատ տուրքեր կային, ինչպէս՝ ունեցուածքներուն, կալուածներուն եւ տուներուն վրայ տուրքեր։ Իսկ մաքսաւորներուն փտածութեան պատճառով ժողովուրդը կը զգար որ իրենց վրայ ծանր բեռ կայ։ Ատեններ, մաքսաւորները կառավարական պաշտօնեաներէն որոշ դիրք մը դրամով կը գնէին, եւ ետքը այդ դիրքը կը գործածէին որ շատ դրամ շահէին։ Զաքէոս, որ Երիքովի մաքսապետն էր, ժողովուրդէն դրամ շորթելով հարստացած էր (Ղուկ. 19։2, 8)։ Իրեն պէս շատեր կային։

9, 10. ա) Յիսուսին թշնամիները ինչպէ՞ս փորձեցին զինք մղել որ քաղաքական հարցի մը խառնուի։ բ) Ի՞նչ կը սորվինք Յիսուսին պատասխանէն (տե՛ս բացման 2–րդ նկարը)։

9 Յիսուսին թշնամիները փորձեցին զինք մղել որ տուրք վճարելու հարցին խառնուի։ Իրեն հարցուցին գլխահարկին մասին, որ մէկ դահեկան էր եւ բոլոր հրեաները ստիպուած էին վճարելու (կարդա՛ Մատթէոս 22։16-18)։ Հրեաները շատ կ’ատէին այս տուրքը, քանի որ կը յիշեցնէր որ Հռոմը կը կառավարէր զիրենք։ Հարցումը հարցնող «Հերովդէսեաններ»ը, այսինքն՝ Հերովդէսին կողմնակիցները, յուսացին որ եթէ Յիսուս ըսէ թէ պէտք չէ տուրքը վճարեն, կրնան զինք ամբաստանել որ Հռոմէական կայսրութեան թշնամի է։ Իսկ եթէ Յիսուս ըսէր որ պէ՛տք է վճարեն տուրքը, թերեւս իր հետեւորդները ձգէին զինք։

10 Յիսուս զգոյշ էր որ չէզոք մնար այս հարցին մէջ։ Ան ըսաւ. «Զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք» (Մատ. 22։21)։ Ան գիտէր որ մաքսաւորները անարդարութիւն կ’ընէին, բայց ատոր վրայ չկեդրոնացաւ։ Փոխարէն, կեդրոնացաւ մարդոց խնդիրներուն իսկական լուծումին վրայ, որ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Յիսուս օրինակ ձգեց մեզի, որ քաղաքական հարցերու մէջ կողմ չբռնենք, նոյնիսկ եթէ թուի թէ մէկ կողմը ճիշդ եւ արդար է, իսկ միւս կողմը՝ սխալ եւ անարդար։ Քրիստոնեաները կը կեդրոնանան Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անոր արդարութեան վրայ։ Այս պատճառով, մենք խիստ կարծիքներ չենք կազմեր որոշ անարդարութիւններու նկատմամբ, ոչ ալ ատոնց դէմ կը խօսինք (Մատ. 6։33

11. Անարդարութեան դէմ պայքարելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է։

11 Բազմաթիւ Եհովայի վկաներ յաջողած են մէկ կողմ դնել նախապէս իրենց ունեցած խիստ քաղաքական կարծիքները։ Օրինակ, Մեծն Բրիտանիոյ մէջ քոյր մը կ’ըսէ. «Համալսարանին մէջ ընկերաբանութեան դասեր առնելէ ետք, սկսայ քաղաքական ծայրայեղ կարծիքներ ունենալ։ Ուզեցի սեւամորթներուն իրաւունքները պաշտպանել, քանի որ մենք շատ անարդարութիւններ տեսած ենք։ Թէեւ ընդհանրապէս վէճերուն մէջ յաղթական դուրս ելլողը ես կ’ըլլայի, բայց շատ անգամ կը յուսահատէի։ Չէի գիտեր որ մարդոց սրտերէն է որ պէտք է հանուին ցեղային անարդարութեան պատճառները։ Բայց երբ սկսայ Սուրբ Գիրքը սերտել, անդրադարձայ որ պէտք է սկսիմ ի՛մ սրտիս վրայ աշխատիլ։ Եւ ճերմակամորթ քոյր մըն էր որ համբերութեամբ ինծի օգնեց ասոր մէջ։ Հիմա ես կանոնաւոր ռահվիրայ եմ նշանային լեզու գործածող ժողովքի մը մէջ եւ կը սորվիմ ամէն տեսակ մարդոց քարոզել»։

«ՍՈՒՐԴ ՏԵ՛ՂԸ ԴԱՐՁՈՒՐ»

12. Յիսուս ո՞ր «խմորէն» զգուշացուց իր աշակերտները։

12 Յիսուսին օրերուն, շատ անգամ կրօնական առաջնորդները քաղաքականութեան կը խառնուէին։ Գիրք մը կ’ըսէ որ «հրեաներուն ունեցած կրօնական աղանդները քիչ թէ շատ կը նմանէին կուսակցութիւններու» (Daily Life in Palestine at the Time of Christ)։ Ասոր համար, Յիսուս իր աշակերտները զգուշացուց. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք փարիսեցիներուն ու Հերովդէսին խմորէն» (Մար. 8։15)։ Յիսուս Հերովդէս ըսելով հաւանաբար ակնարկեց Հերովդէսին կողմնակիցներուն։ Միւս խումբը՝ փարիսեցիները, կ’ուզէին որ հրեաները անկախ ըլլան Հռոմէական կայսրութենէն։ Ըստ Մատթէոս Աւետարանին, Յիսուս այս խօսակցութեան մէջ նաեւ նշեց սադուկեցիները։ Անոնք կ’ուզէին որ Հռոմ շարունակէ իշխել, քանի որ ասիկա կը ձգէր որ բարձր դիրքեր ունենային։ Յիսուս իր աշակերտները զգուշացուց այս երեք խումբերուն «խմորէն», կամ՝ սորվեցուցածներէն (Մատ. 16։6, 12)։ Հետաքրքրական է որ երբ այս խօսակցութիւնը տեղի ունեցաւ, շատ չէր անցած այն դէպքին վրայ, երբ ժողովուրդը ուզեց Յիսուսը թագաւոր ընել։

13, 14. ա) Յիսուսի օրերուն, քաղաքական եւ կրօնական հարցերը ինչպէ՞ս բռնութեան եւ անարդարութեան առաջնորդեցին։ բ) Ինչո՞ւ անարդարութիւնը պատճառ չէ որ մէկը բռնութեամբ վարուի (տե՛ս բացման 3–րդ նկարը)։

13 Երբ կրօնքը խառնուի քաղաքականութեան, դիւրաւ բռնութիւն կ’ըլլայ։ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց չէզոք մնալ։ Ասիկա այն պատճառներէն է որ քահանայապետները եւ փարիսեցիները ուզեցին Յիսուսը մեռցնել։ Անոնք կը վախնային որ ժողովուրդը Յիսուսին մտիկ ընելով այլեւս իրենց չհետեւէին, եւ այսպիսով կորսնցնէին իրենց կրօնական եւ քաղաքական դիրքը։ Անոնք ըսին. «Եթէ զանիկա այսպէս թողունք, ամէնքն ալ անոր պիտի հաւատան եւ Հռովմայեցիք պիտի գան ու կործանեն մեր սուրբ տեղն ու ազգը» (Յովհ. 11։48)։ Հետեւաբար, Կայիափա քահանայապետը Յիսուսը սպաննելու ծրագիր մը դրաւ (Յովհ. 11։49-53. 18։14

14 Կայիափան զինուորներ ղրկեց որ իրիկունով Յիսուսը ձերբակալեն։ Քանի որ Յիսուս գիտէր իրենց խորամանկ ծրագիրը որ զինք մեռցնեն, առաքեալներուն հետ իր վերջին ընթրիքին ընթացքին ըսաւ որ իրենց հետ սուր առնեն։ Երկու սուրեր բաւարար պիտի ըլլային, որ անոնց կարեւոր դաս մը սորվեցնէր (Ղուկ. 22։36-38)։ Այդ գիշեր, երբ խումբը եկաւ Յիսուսը ձերբակալելու, Պետրոս բարկացաւ եղած անարդարութեան համար եւ սուր մը քաշելով յարձակեցաւ անոնցմէ մէկուն վրայ (Յովհ. 18։10)։ Բայց Յիսուս Պետրոսին ըսաւ. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին» (Մատ. 26։52, 53)։ Ան իր աշակերտներուն զօրաւոր դաս մը սորվեցուց, թէ աշխարհին մէկ մասը պէտք չէ ըլլան, ինչպէս որ քիչ առաջ աղօթած էր (կարդա՛ Յովհաննէս 17։16)։ Անարդարութեան դէմ պայքարիլը Աստուծո՛յ կ’իյնայ։

15, 16. ա) Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս քրիստոնեաներուն օգնած է որ կռիւներէ հեռու մնան։ բ) Երբ Եհովան այս աշխարհին կը նայի, ի՞նչ տարբերութիւն կը տեսնէ։

15 Եւրոպայի հարաւը ապրող նախապէս նշուած քոյրը այս դասը սորվեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ժամանակի ընթացքին անդրադարձայ որ բռնութիւնը արդարութիւն չի բերեր։ Անոնք որոնք կը փորձեն բռնութեամբ լուծել հարցերը, շատ անգամ իրենց կեանքը կը կորսնցնեն, ուրիշներ ալ տխրութեամբ եւ բարկութեամբ կը լեցուին։ Շատ ուրախացայ երբ Սուրբ Գիրքին մէջ տեսայ, թէ միայն Աստուած կրնայ իսկական արդարութիւն բերել երկրի վրայ։ Այս պատգամն է որ կը քարոզեմ 25 տարիէ ի վեր»։ Ափրիկէի հարաւը ապրող եղբայրը այլեւս նիզակին տեղ կը գործածէ «Հոգիին սուրը»՝ Աստուծոյ Խօսքը, մինչ խաղաղութեան պատգամ մը կը քարոզէ ամէն տեսակի մարդոց, ինչ ալ ըլլայ անոնց տոհմը (Եփ. 6։17)։ Իսկ Եւրոպայի կեդրոնը ապրող քոյրը Եհովայի վկայ ըլլալէ ետք ամուսնացաւ եղբօր մը հետ, որ կը պատկանի իր ատած էթնիկ խումբին։ Այս երեք անձերն ալ այս փոփոխութիւնները ըրին, քանի որ ուզեցին Քրիստոսին նմանիլ։

16 Շատ կարեւոր է որ այս փոփոխութիւնները ընենք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ մարդկութիւնը կը նմանի ալեկոծ ծովու, խաղաղութիւն չունեցող ծովու (Եսա. 17։12. 57։20, 21. Յայտ. 13։1)։ Քաղաքական հարցերը կը կատղեցնեն մարդիկը, բաժան–բաժան կ’ընեն զանոնք եւ բռնութիւն կը պատճառեն։ Բայց մենք խաղաղ եւ միացած ենք։ Երբ Եհովան կը նայի այս բաժնուած աշխարհին, վստահաբար կ’ուրախանայ երբ իր ժողովուրդին միութիւնը կը տեսնէ (կարդա՛ Սոփոնիա 3։17

17. ա) Ի՞նչ երեք կերպերով կրնանք միութիւն ունենալ։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

17 Այս յօդուածին մէջ տեսանք թէ երեք կերպերով կրնանք միութիւն ունենալ. 1) վստահութիւն ունենալ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բոլոր անարդարութիւնները պիտի վերցնէ, 2) բնա՛ւ կողմ չբռնել քաղաքական հարցերուն մէջ եւ 3) բռնութիւն չգործածել։ Բայց ատեններ ուրիշ բան մը վտանգի տակ կը դնէ մեր միութիւնը. նախապաշարումը։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք նախապաշարումը մէկ կողմ դնել, ինչպէս որ առաջին դարու քրիստոնեաները ըրին։