Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Լոյսդ թող փայլի’ Եհովային փառքին համար

‘Լոյսդ թող փայլի’ Եհովային փառքին համար

«Ձեր լոյսը ա՛յնպէս թող փայլի մարդոց առջեւ, որ. . . փառաբանեն ձեր Հայրը՝ որ երկինքն է» (ՄԱՏ. 5։16, ԱԾ

ԵՐԳԵՐ. 143, 104

1. Ի՞նչ յատուկ պատճառ ունինք որ ուրախ ըլլանք։

ՈՐՔԱ՜Ն կ’ուրախանանք երբ կը լսենք թէ Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՛ս կը ձգեն որ իրենց լոյսը փայլի։ Անցեալ տարի, աւելի քան 10,000,000 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարեցինք։ Նաեւ միլիոնաւոր հետաքրքրուած անհատներ ներկայ եղան Յիշատակատօնին եւ սորվեցան Եհովային սիրալիրօրէն տուած նուէրին մասին՝ փրկանքը (Ա. Յովհ. 4։9

2, 3. ա) Ի՞նչը արգելք չ’ըլլար որ ‘լուսաւորներու պէս փայլինք’։ բ) Ո՞ր հարցումին պատասխանը պիտի առնենք այս յօդուածին մէջ։

2 Աշխարհին շուրջ, Եհովայի ժողովուրդը բազմաթիւ լեզուներ կը խօսի։ Բայց ասիկա արգելք չ’ըլլար որ միութեամբ փառաբանենք մեր Հայրը՝ Եհովան (Յայտ. 7։9)։ Չնայած թէ ի՛նչ լեզու կը խօսինք կամ ո՛ւր կ’ապրինք, կրնանք ‘լուսաւորներու պէս փայլիլ աշխարհի մէջ’ (Փլպ. 2։15

3 Մեր ծառայութիւնը, մեր քրիստոնէական միութիւնը եւ մեր արթուն կեցուածքը փառք կը բերեն Եհովային։ Այս երեք մարզերուն մէջ, մեր լոյսը ինչպէ՞ս կրնայ փայլիլ (կարդա՛ Մատթէոս 5։14-16

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԷ ԵՀՈՎԱՆ ՊԱՇՏԵԼՈՒ

4, 5. ա) Քարոզչութենէն զատ, ինչպէ՞ս կրնանք թոյլ տալ որ մեր լոյսը փայլի։ բ) Ի՞նչ լաւ արդիւնքներ կը քաղենք երբ ազնիւ կը գտնուինք (տե՛ս բացման նկարը)։

4 Քարոզելն ու աշակերտելը կարեւոր է, որպէսզի ձգենք որ մեր լոյսը փայլի (Մատ. 28։19, 20Դիտարան–ի 1 յունիս 1925 թիւին «Լոյս՝ մթութեան մէջ» յօդուածը ըսաւ, որ վերջին օրերուն ընթացքին՝ ո՛չ մէկը կրնայ հաւատարիմ մնալ Տէրոջը, եթէ թոյլ չտայ որ իր լոյսը փայլի։ Յօդուածը նաեւ ըսաւ. «Ասիկա ընելու համար, անձը պէտք է բարի լուրը քարոզէ մարդոց եւ լոյսին ճամբաներուն համաձայն ապրի»։ Քարոզչութենէն զատ, մեր վարքն ալ փառք կը բերէ Եհովային։ Մենք աչքի կը զարնենք երբ կը քարոզենք։ Երբ տանտէրերուն եւ անցորդներուն ժպտանք եւ ջերմութեամբ բարեւ տանք, անոնք կրնան լաւ տպաւորուիլ մեզմով եւ մեր պաշտած Աստուծմով։

5 Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Երբ տունը կը մտնէք, բարեւ տուէք անոր» (Մատ. 10։12)։ Այն շրջանը, ուր Յիսուս շատ անգամ կը քարոզէր, մարդիկ սովորութիւն ունէին օտարները իրենց տունը մտցնելու։ Ներկայիս, շատ մը շրջաններու մէջ այս սովորութիւնը չկայ։ Շատ անգամ, մարդիկ կը նեղանան կամ իրենց ջիղերուն վրայ կ’ըլլան, երբ օտար մը զարնէ իրենց դուռը։ Բայց երբ ընկերային եւ ազնիւ ըլլանք, անոնք աւելի հանգիստ կը զգան։ Ընդհանրապէս, անուշ ժպիտը լաւագոյն բացումն է։ Երբ հրատարակութիւններու սայլակ գործածելով հանրային վկայութեան կը մասնակցիս, նկատա՞ծ ես որ երբ ժպտաս եւ ընկերային կերպով բարեւ տաս, մարդիկ աւելի հանգիստ կը զգան քովդ գալու եւ հրատարակութիւն մը առնելու։ Անոնք թերեւս նոյնիսկ պատրաստ ըլլան խօսակցելու։

6. Ի՞նչը կ’օգնէ տարեց զոյգի մը որ ծառայութեան մէջ գործունեայ մնան։

6 Անգլիոյ մէջ, տարեց զոյգ մը առողջապահական հարցերու պատճառով չի կրնար առաջուան չափ մասնակցիլ տունէ տուն ծառայութեան։ Անոնք կ’ապրին դպրոցի մը մօտ, եւ այս պատճառով որոշեցին իրենց տան առջեւ սեղանի մը վրայ դնել այն հրատարակութիւնները, որոնք կրնան ծնողներուն ուշադրութիւնը գրաւել, երբ կու գան իրենց պզտիկները առնելու։ Կարգ մը ծնողներ առած են՝ Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ, հատոր 1 եւ 2, եւ գրքոյկներ։ Իրենց ժողովքէն ռահվիրայ քոյր մը ատեններ կը միանայ իրենց։ Ծնողները կը նկատեն անոր ընկերային ըլլալը եւ զոյգին անկեղծ ջանքերը որ ուրիշներուն օգնեն։ Ծնողներէն մէկը նոյնիսկ սկսաւ Սուրբ Գիրքը սերտել։

7. Ինչպէ՞ս կրնաս շրջանիդ գաղթականներուն օգնել։

7 Վերջերս, շատեր ստիպուած եղած են իրենց տունը–տեղը ձգելու եւ որպէս գաղթական ապրելու ուրիշ երկիրներու մէջ։ Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի շրջանիդ գաղթականներուն օգնես, որ Եհովան ճանչնան։ Նախ, կրնաս սորվիլ անոնց լեզուով բարեւ տալ։ JW Language էփը գործածելով նաեւ կրնաս սորվիլ կարգ մը արտայայտութիւններ, որոնք կրնան անոնց ուշադրութիւնը գրաւել։ Ետքը, կրնաս անոնց լեզուով վիտէօներ եւ հրատարակութիւններ ցուցնել jw.org կայքին մէջ (Բ. Օր. 10։19

8, 9. ա) Մեր միջշաբաթային ժողովը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի։ բ) Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց պզտիկներուն օգնել որ լաւ պատասխաններ տան ժողովներուն ընթացքին։

8 Եհովան ճիշդ պէտք եղածը կու տայ մեզի, որպէսզի ազդու կերպով քարոզենք։ Օրինակ, ինչ որ կը սորվինք «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովին ընթացքին կ’օգնէ մեզի, որ աւելի ինքնավստահութեամբ կատարենք մեր վերայցելութիւնները եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնները։

9 Շատ մը նորեկներ նկատած են, որ մեր պզտիկները կը պատասխանեն ժողովներուն ընթացքին։ Ո՛վ ծնողներ, ձեր պզտիկներուն սորվեցուցէք իրենց բառերով պատասխանել։ Եղած են պարագաներ, որ պզտիկներուն պարզ եւ անկեղծ պատասխանները ձգած են, որ կարգ մը մարդիկ տպաւորուին եւ ճշմարտութիւնով հետաքրքրուին (Ա. Կոր. 14։25

ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԶՕՐԱՑՈՒՐ

10. Ընտանեկան պաշտամունքը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ ընտանիքին անդամները իրարու աւելի միացած ըլլան։

10 Եհովային փառք կը բերենք, երբ մեր ընտանիքին միութիւնը կը զօրացնենք։ Օրինակ, եթէ ծնող մըն ես, կարգադրութիւն ըրէ որ կանոնաւոր ընտանեկան պաշտամունք ունենաք։ Բազմաթիւ ընտանիքներ JW Հեռատեսիլի կայանի ամսական յայտագիրը կը դիտեն եւ ետքը կը քննարկեն, թէ ինչպէ՛ս կրնան իրենց սորվածը գործադրել։ Միտքդ պահէ որ պզտիկին պէտք ունեցած ուղղութիւնները տարբեր են պատանիներուն պէտք ունեցած ուղղութիւններէն։ Ամէն կարելիդ ըրէ որ ընտանիքիդ ամէն մէկ անդամը իրապէս օգտուի ընտանեկան պաշտամունքէն (Սաղ. 148։12, 13

Տարեցներով հետաքրքրուիլը օգուտներ ունի (տե՛ս պարբերութիւն 11)

11-13. Բոլորս ինչպէ՞ս կրնանք ժողովքին միութիւնը զօրացնել։

11 Նոյնիսկ եթէ պատանի ես, կրնաս ժողովքին միութիւնը զօրացնել եւ եղբայրները–քոյրերը զգացնել որ թանկագին են։ Կրնաս տարեցներով հետաքրքրուիլ։ Անոնց հարցուր որ ի՛նչը իրենց օգնած է, որ շարունակեն երկա՜ր տարիներ Եհովային ծառայել։ Անոնք կրնան շատ արժէքաւոր դասեր սորվեցնել քեզի։ Թէ՛ դուն պիտի քաջալերուիս եւ թէ իրենք։ Ըլլաս տարիքով մեծ կամ պզտիկ, կրնաս ժպտուն երեսով բարեւել Թագաւորութեան սրահը եկող նորեկները։ Նաեւ կրնաս օգնել անոնց որ նստելու տեղ գտնեն եւ զանոնք ուրիշներու ալ ծանօթացնել։ Այսպիսով, անոնք հանգիստ պիտի զգան։

12 Եթէ նշանակուած ես որ դաշտի ծառայութեան ժողով մը վարես, կրնաս տարեցներուն օգնել որ ծառայութեան մասնակցին։ Վստահ եղիր որ տարեցները յարմար թաղամաս ունին։ Թերեւս պէտք ըլլայ որ երիտասարդներ նշանակես իրենց հետ ծառայութեան ելլելու, որպէսզի ֆիզիքապէս օգնեն իրենց։ Շատ անգամ, տարեց եղբայրներն ու քոյրերը եւ լաւ առողջութիւն չունեցողները կը յուսահատին, որ չեն կրնար առաջուան չափ ծառայել։ Բայց անոնք շատ աւելի լաւ կը զգան, երբ իրենցմով հետաքրքրուիս եւ իրենց վիճակը հասկնաս։ Քու ազնիւ վարմունքդ կրնայ օգնել թէ՛ երիտասարդներուն եւ թէ տարեցներուն, թէ՛ փորձառուներուն եւ թէ անփորձներուն, որ նախանձախնդրութեամբ քարոզեն բարի լուրը (Ղեւ. 19։32

13 Իսրայէլացիները իրարմէ շատ կ’օգտուէին երբ միասնաբար Եհովան կը պաշտէին։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին» (կարդա՛ Սաղմոս 133։1, 2)։ Ան այս միութիւնը նմանցուց օծման իւղի, որ կը թարմացնէ եւ անուշ հոտ կու տայ։ Մենք ալ կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ անուշութեամբ եւ ազնուութեամբ վարուելով թարմացնել զիրենք։ Ասիկա աւելի կը միացնէ ժողովքը։ Եթէ արդէն ասիկա կ’ընես, գովելի ես։ Կրնա՞ս ‘լայն բանալ սիրտդ’, այսինքն՝ մօտէն ծանօթանալ ժողովքիդ եղբայրներուն (Բ. Կոր. 6։11-13

14. Լոյսդ ինչպէ՞ս կրնայ փայլիլ ապրած տեղդ։

14 Լոյսդ կրնայ ամէն տեղ փայլիլ։ Ազնիւ խօսքերդ եւ գործերդ կրնան ճշմարտութեան քաշել դրացիդ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ի՞նչ տպաւորութիւն ձգած եմ դրացիներուս վրայ։ Տունս մաքուր ու կոկի՞կ է։ Շրջապատս մաքուր կը պահե՞մ։ Դրացիներուս օգտակար կը դառնա՞մ’։ Ուրիշ Վկաներու հարցուր որ ինչպէ՛ս իրենց ազնուութիւնը եւ լաւ վարքը ազդած են իրենց ազգականներուն, դրացիներուն, գործակիցներուն կամ դասընկերներուն։ Շատ հաւանաբար աղուոր փորձառութիւններ պիտի լսես (Եփ. 5։9

ԱՐԹՈՒՆ ՄՆԱ՛

15. Ինչո՞ւ պէտք է արթուն մնանք։

15 Եթէ կ’ուզենք որ մեր լոյսը փայլած մնայ, պէտք է մեր միտքը պահենք թէ ո՛ր ժամանակին մէջ կ’ապրինք։ Յիսուս քանի անգամ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Արթուն կեցէք» (Մատ. 24։42. 25։13. 26։41)։ Եթէ կը զգանք որ «մեծ նեղութիւն»ը շատ հեռու է եւ թէ մեր կեանքին ընթացքին պիտի չգայ, արթուն պիտի չըլլանք որ ամէն առիթ օգտագործելով քարոզենք (Մատ. 24։21)։ Մեր լոյսը փոխանակ փայլելու, պիտի տկարանայ եւ թերեւս նոյնիսկ մարի։

16, 17. Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի արթուն մնաս։

16 Պէտք է որեւէ ժամանակէ աւելի արթուն ըլլանք, քանի որ աշխարհին վիճակները երթալէն աւելի գէշ կ’ըլլան։ Բայց ո՛չ մէկ կասկած ունինք որ Եհովան ճիշդ ժամանակին պիտի բերէ վերջը (Մատ. 24։42-44)։ Մինչ այդ, պէտք է համբերենք եւ արթուն մնանք։ Ուրեմն, ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդա՛ եւ միշտ Եհովային աղօթէ (Ա. Պետ. 4։7)։ Օրինակ առ այն եղբայրներէն ու քոյրերէն, որոնք երկար տարիներ ուրախութեամբ ծառայած են Եհովային։ Նաեւ կրնաս մեր հրատարակութիւններուն մէջ փնտռել այսպիսի փորձառութիւններ։

17 Եհովային ծառայութեամբ լեցուր կեանքդ։ Ուրիշներուն օգտակար բաներ ըրէ եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ժամանակ անցուր։ Ասոնք մեծ ուրախութիւն պիտի տան քեզի, ինչպէս նաեւ պիտի զգաս որ ժամանակը շուտ կ’անցնի (Եփ. 5։16)։ Մէկ դար առաջ, մեր եղբայրները շատ բաներ իրագործեցին։ Հիմա ա՛լ աւելի բաներ կ’իրագործենք. Եհովային գործը մեր երեւակայածէն շատ աւելի աճած է։ Մեր լոյսը շատ զօրաւոր կը փայլի։

Կրնանք Աստուծոյ Խօսքին իմաստութենէն օգտուիլ հովուական այցելութիւններու ընթացքին (տե՛ս պարբերութիւն 18, 19)

18, 19. Երէցները ինչպէ՞ս կ’օգնեն որ նախանձախնդրութեամբ Եհովային ծառայենք. օրինակ մը տուր։

18 Հակառակ որ անկատար ենք, Եհովան կը ձգէ որ իրեն ծառայենք։ Ան ժողովքին երէցները որպէս պարգեւ տուած է, որպէսզի մեզի օգնեն (կարդա՛ Եփեսացիս 4։8, 11, 12)։ Ուրեմն, երբ երէցները այցելեն քեզի, առիթը օգտագործէ որ անոնց իմաստութենէն եւ խրատներէն օգտուիս։

19 Անգլիոյ մէջ, զոյգ մը կ’ունենային խնդիրներ իրենց ամուսնութեան մէջ։ Անոնք երկու երէցներու օգնութիւնը խնդրեցին։ Կինը կը զգար որ ամուսինը հոգեւոր առաջնորդութիւնը չէր առներ։ Ամուսինը խոստովանեցաւ որ լաւ ուսուցիչ մը չէր եւ ջանք չէր թափեր որ կանոնաւորաբար ընտանեկան պաշտամունք ունենան։ Երէցները զոյգին խօսեցան Յիսուսին օրինակին մասին։ Անոնք ամուսինը քաջալերեցին որ ընտանիքին պէտքերը հոգայ, ինչպէս որ Յիսուս իր աշակերտներուն պէտքերը կը հոգար։ Իսկ կինը քաջալերեցին որ համբերող ըլլայ։ Անոնք նաեւ զոյգին կարգ մը կէտեր ըսին, թէ ինչպէ՛ս կրնան ընտանեկան պաշտամունքը ընել իրենց երկու զաւակներուն հետ (Եփ. 5։21-29)։ Յետագային, երէցները գովեցին ամուսինը իր թափած ջանքերուն համար եւ զինք քաջալերեցին, որ չյանձնուի եւ շարունակէ սուրբ հոգիին ապաւինիլ, որպէսզի հոգեւոր կերպով ընտանիքը լաւ առաջնորդէ։ Այդ երէցներուն սէրն ու ազնուութիւնը իրապէս օգնեցին այդ ընտանիքին։

20. Եթէ ձգես որ լոյսդ փայլի, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

20 «Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն» (Սաղ. 128։1)։ Երբ ձգես որ լոյսդ փայլի, ա՛լ աւելի ուրախ պիտի ըլլաս։ Ուրեմն, արթուն կեցիր, Աստուծոյ մասին սորվեցուր ուրիշներուն եւ ամէն կարելիդ ըրէ, որ թէ՛ ընտանիքդ եւ թէ ժողովքդ միացած ըլլան։ Ուրիշները պիտի տեսնեն լաւ օրինակդ եւ պիտի ուզեն իրենք ալ փառք բերել մեր Հօր՝ Եհովային (Մատ. 5։16