Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Շատ հոգեր ունենալով հանդերձ՝ մխիթարուած եմ

Շատ հոգեր ունենալով հանդերձ՝ մխիթարուած եմ

9 նոյեմբեր 1929–ին, աշխարհ եկայ Սուքքուր քաղաքին մէջ, որ հիմակուան Փաքիստանին Ինդոս գետին արեւմտեան կողմը կը գտնուի։ Այդ ատենները, անգլիացի միսիոնար մը ծնողքիս տուաւ գունաւոր գիրքերու հաւաքածոյ մը։ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած այդ գիրքերը մեծ դեր խաղցան, որ ճշմարտութիւնը գիտնամ եւ Եհովայի վկայ ըլլամ։

ԱՅԴ գիրքերը կը կոչուէին՝ ծիածանի հաւաքածոն։ Երբ զանոնք աչքէ անցուցի, ատոնց վառ գոյներով նկարները երեւակայութիւնս արթնցուցին։ Այսպիսով, պզտիկ տարիքէս ծարաւ ունեցայ Սուրբ Գիրքին գիտութեան, որ ներկայացուած էր այդ հիանալի գիրքերուն մէջ։

Երբ Հնդկաստանը Համաշխարհային Բ. պատերազմին մտնելու վրայ էր, կեանքս տակնուվրայ եղաւ։ Ծնողքս իրարմէ բաժնուեցան եւ ետքը ամուսնալուծուեցան։ Չէի հասկնար որ իմ սիրած այս երկու անձերը ինչո՛ւ իրարմէ պիտի բաժնուին։ Ցնցուած եւ միս–մինակ զգացի։ Քոյր–եղբայր չունէի եւ իմ ուզած մխիթարութիւնս եւ օգնութիւնս տեղ մը չէի գտներ։

Այդ ժամանակ, մայրս եւ ես կ’ապրէինք Քարաչի։ Օր մը, մեր դուռը զարկաւ Ֆրէտ Հարտէքըր, որ տարեց բժիշկ մըն էր։ Ան ունէր այն միսիոնարին հաւատքը, որ ծնողքիս տուած էր գունաւոր գիրքերը, այսինքն՝ Եհովայի վկայ էր։ Ան մօրս առաջարկեց որ Սուրբ Գիրքը սերտէ, բայց մայրս մերժեց եւ ըսաւ որ թերեւս ես ուզեմ սերտել։ Յաջորդ շաբաթը եղբայր Հարտէքըր սկսաւ հետս սերտել։

Քանի մը շաբաթ ետք, սկսայ ժողովներու երթալ, որ տեղի կ’ունենային եղբայր Հարտէքըրին բուժարանին մէջ։ Հոն կը հաւաքուէին շուրջ 12 տարիքոտ Վկաներ։ Անոնք իրենց տղուն պէս մխիթարեցին եւ հոգ տարին ինծի։ Կ’ազդուիմ երբ կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս հետս նստան, ծռեցան որ հասակիս ըլլան եւ հետս խօսեցան իսկական բարեկամներու պէս։ Այդ ժամանակ շատ պէտք ունէի այդ հոգատարութեան։

Շատ չանցած, եղբայր Հարտէքըր ինծի առաջարկեց որ իրեն հետ դաշտի ծառայութեան ելլեմ։ Ինծի սորվեցուց ինչպէ՛ս դիւրատար ֆոնոկրաֆ գործածել, որպէսզի կարենանք մարդոց լսել տալ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած կարճ դասախօսութիւններ։ Կարգ մը դասախօսութիւններ շիփշիտակ կ’ըսէին պատգամը, որուն պատճառով կարգ մը տանտէրեր կը նեղանային եւ չէին հաւներ պատգամը։ Բայց ես նախանձախնդիր էի եւ շատ կը սիրէի ուրիշներուն քարոզել ճշմարտութեան մասին. ինծի ուրախութիւն կու տար։

Մինչ ճափոնական բանակը կը պատրաստուէր Հնդկաստանի վրայ յարձակելու, բրիտանական իշխանութիւնները երթալէն աւելի կը ճնշէին Եհովայի վկաները։ 1943–ի յուլիսին, այդ ճնշումը մորթիս վրայ զգացի։ Դպրոցիս տնօրէնը, որ անկլիքան եկեղեցիի կղերական մըն էր, զիս դպրոցէն վռնտեց, ըսելով որ «անորակեալ անձ» մըն եմ։ Ան մօրս ըսաւ որ ես գէշ օրինակ կը ձգէի միւս աշակերտներուն, քանի որ Եհովայի վկաներուն կ’ընկերակցէի։ Մայրս ցնցուեցաւ եւ զիս արգիլեց Վկաներուն ընկերակցելէ։ Յետագային, ան զիս նաւով ղրկեց հօրս քով՝ Փեշաուար, որ շուրջ 1370 քմ. դէպի հիւսիս կը գտնուի։ Որովհետեւ հոն զրկուած էի հոգեւոր սնունդէ եւ ընկերակցութենէ, հոգեւորապէս ետեւ գացի։

ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ԱՌՈՂՋԱՑԱՅ

1947–ին, Քարաչի վերադարձայ գործ փնտռելու համար։ Տոքթ. Հարտէքըրին բուժարանը գացի իրեն այցելելու, եւ ան ջերմութեամբ եւ սրտանց դիմաւորեց զիս։

«Ըսէ նայիմ, ի՞նչ խնդիր ունիս», հարցուց, կարծելով որ եկած եմ բժշկական խրատ առնելու։

«Բժի՛շկ, ես ֆիզիքապէս հիւանդ չեմ, հոգեւորապէ՛ս հիւանդ եմ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան պէտք ունիմ», պատասխանեցի։

«Ե՞րբ կ’ուզես սկսիլ»։

«Եթէ կարելի է, հիմա՛»։

Հիանալի երեկոյ մը անցուցինք Սուրբ Գիրքը սերտելով։ Զգացի որ ոչ միայն ֆիզիքապէս վերադարձած էի, հապա հոգեւորութիւնս ալ վերադարձած էր։ Մայրս շատ ջանաց արգելք ըլլալ որ Վկաներուն չընկերակցիմ, բայց այս անգամ միտքս դրած էի որ ճշմարտութեան մէջ պիտի քալեմ։ 31 օգոստոս 1947–ին՝ երբ 17 տարեկան էի, Եհովային նուիրուիլս խորհրդանշեցի ջուրի մկրտութեամբ։ Շատ չանցած, սկսայ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ ծառայել։

ՌԱՀՎԻՐԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈՒՐԱԽ ՕՐԵՐԸ

1947–ին, Հնդկաստանը բաժնուեցաւ երկու երկիրներու՝ Հնդկաստան եւ Փաքիստան *։ Ատկէ ետք, կրօնքի պատճառով մեծ կռիւներ եղան ժողովուրդին մէջ, եւ 14 միլիոնի չափ մարդիկ տեղափոխուեցան։ Ասիկա պատմութեան մէջ պատահած ամէնէն մեծ տեղափոխութիւններէն մէկն էր։ Հնդկաստանի իսլամները գացին Փաքիստան, իսկ Փաքիստանի հինտուները եւ սիխերը գացին Հնդկաստան։ Այդ իրարանցումին մէջ, խճողուած շոգեկառքով մը Քարաչիէն գացի Քուեթա։ Գրեթէ ամբողջ ճամբան անցուցի շոգեկառքին դուրսէն բռնելով ձող մը։ Քուեթան նախապէս բրիտանական բանակատեղի մըն էր։ Առաջին անգամ հոն ծառայեցի որպէս ռահվիրայ։

1948–ին, շրջանային համաժողովի մը ներկայ եղայ Հնդկաստանի մէջ

Քուեթային մէջ ծանօթացայ Ճորճ Սինկին, որ 20–ական տարիքի մէջ եղող մասնաւոր ռահվիրայ մըն էր։ Ան ինծի հին հեծիկ մը տուաւ, որպէսզի բլուրներով լեցուն այդ թաղամասին մէջ զայն քշեմ (կամ հրեմ)։ Ընդհանրապէս մինակս կը քարոզէի։ Վեց ամսուան մէջ, 17 Աստուածաշունչի աշակերտներ ունեցայ եւ անոնցմէ ոմանք ճշմարտութեան եկան։ Անոնցմէ մէկը՝ Սըտիք Մըսի, ինծի եւ Ճորճին օգնեց որ կարգ մը հրատարակութիւններ թարգմանենք ուրտու լեզուով, որ Փաքիստանին պաշտօնական լեզուն է։ Յետագային, Սըտիք նախանձախնդիր հրատարակիչ մը եղաւ։

Գաղաադի դպրոց կ’ուղղուինք Էլիզապէթ Քուիյն նաւով

Ետքը, վերադարձայ Քարաչի եւ ծառայեցի Հենրի Ֆինչ եւ Հէրրի Ֆորէսթ միսիոնարներուն հետ, որոնք տակաւին նոր աւարտած էին Գաղաադի դպրոցը։ Անոնք շատ արժէքաւոր հոգեւոր մարզում մը տուին ինծի։ Անգամ մը, եղբայր Ֆինչին հետ քարոզելու գացինք Փաքիստանին հիւսիսը։ Հսկայ լեռներուն միջեւ գտանք բազմաթիւ խոնարհ գիւղացիներ, որոնք ուրտու կը խօսէին եւ ծարաւ ունէին Սուրբ Գիրքին ճշմարտութեան։ Երկու տարի ետք, ես ալ Գաղաադի դպրոցը գացի եւ վերադարձայ Փաքիստան, ուր ժամանակիս մէկ մասը ծառայեցի որպէս շրջանային տեսուչ։ Ուրիշ երեք միսիոնար եղբայրներու հետ ապրեցայ Լահորի միսիոնարական տան մէջ։

ՀՈԳԵՒՈՐ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ ՄԸ

Ցաւօք սրտի, 1954–ին, Լահորի միսիոնարներուն բնաւորութիւնները իրարու հետ չքալելով՝ մասնաճիւղը ստիպուեցաւ փոփոխութիւններ ընել նշանակումներուն մէջ։ Որովհետեւ ես իմաստուն չգտնուելով կողմ բռնած էի հարցին մէջ, խիստ խրատ ստացայ։ Շատ նեղուեցայ եւ զգացի որ հոգեւորապէս ձախող անձ մըն եմ։ Փոխադրուեցայ Քարաչի եւ ետքը Լոնտոն, Անգլիա, յուսալով որ հոգեւոր նոր կեանք մը սկսիմ։

Լոնտոնի ժողովքիս մէջ, Բեթէլի ընտանիքէն շատ անդամներ կային։ Մասնաճիւղի ծառան՝ Փրայս Հիյուզ, քաղցրութեամբ իր թեւերուն տակ առաւ զիս։ Օր մը, ինծի պատմեց որ ինչպէ՛ս ծանր խրատ ստացած էր եղբայր Ժոզեֆ Ֆ. Ռատըրֆորտէն, որ համաշխարհային քարոզչութեան գործին վրայ կը վերահսկէր։ Երբ եղբայր Հիյուզ փորձած էր ինքզինք արդարացնել, եղբայր Ռատըրֆորտը խստութեամբ յանդիմանած էր զինք։ Զարմացայ երբ տեսայ որ եղբայր Հիյուզ ժպտելով կը պատմէր։ Ինծի ըսաւ որ սկիզբը նեղացաւ եղածէն, բայց յետագային անդրադարձաւ որ ինք պէտք ունէր այդ խիստ խրատին եւ թէ ատիկա կը ցուցնէր իրեն հանդէպ Եհովային սէրը (Եբ. 12։6)։ Իր ըսածները սրտիս դպան եւ օգնեցին, որ հոգեւոր հաւասարակշռութիւնս վերագտնեմ։

Այդ ժամանակները, մայրս Լոնտոն փոխադրուեցաւ եւ ընդունեց որ Սուրբ Գիրքը սերտէ Ճոն Է. Պառին հետ, որ յետագային Կառավարիչ մարմինին մէկ անդամը եղաւ։ Մայրս հոգեւորապէս յառաջդիմեց եւ 1957–ին մկրտուեցաւ։ Ժամանակ մը ետք լսեցի, որ հայրս ալ Եհովայի վկաներուն հետ սերտեց առաջ որ մեռնի։

1958–ին, ամուսնացայ Լինէին հետ, որ դանիացի քոյր մըն էր եւ Լոնտոնի մէջ կ’ապրէր։ Յաջորդ տարին, մեր առաջին աղջիկը ունեցանք՝ Ճէյն, որմէ ետք չորս զաւակ ալ ունեցանք։ Նաեւ, առանձնաշնորհումներ ստացայ Ֆուլհէմ ժողովքին մէջ։ Բայց ժամանակի ընթացքին Լինէին առողջութիւնը ետեւ գնաց եւ պէտք եղաւ, որ աւելի տաք շրջան մը երթանք։ Այսպիսով, 1967–ին, փոխադրուեցանք Ատըլէյտ, Աւստրալիա։

ՄԵՐ ՍԻՐՏԸ ԿՏՈՐ–ԿՏՈՐ ԵՂԱՒ

Ատըլէյտին մէջ մեր ժողովքը ունէր 12 տարեց օծեալներ, որոնք նախանձախնդրութեամբ կը քարոզէին բարի լուրը։ Եւ մենք շուտով հոգեւոր լաւ ռութին մը ունեցանք։

1979–ին ծնաւ մեր հինգերորդ զաւակը՝ Տանիէլ։ Ան ծանր կերպով Տաունի համախտանիշ * ունէր եւ բժիշկները ըսին որ երկար պիտի չապրի։ Նոյնիսկ հիմա ինծի համար դժուար է բացատրել այն ցաւը որ զգացինք։ Մեր լաւագոյնը ըրինք որ իր պէտքերուն հոգ տանինք, առանց անտեսելու մեր միւս չորս զաւակները։ Տանիէլ իր սրտին մէջ երկու ծակ ունէր, եւ այս պատճառով ատեններ թթուածինը պակսելով իր մարմինը կաս–կապոյտ կը դառնար, եւ զինք շուտով հիւանդանոց կը հասցնէինք։ Թէեւ առողջութիւնը լաւ չէր, բայց շատ խելացի էր եւ գուրգուրանք ունէր։ Ան նաեւ շատ կը սիրէր Եհովան։ Երբ ճաշէն առաջ կ’աղօթէինք, իր մանր ձեռքերը կը միացնէր, գլուխը կը ծռէր եւ սրտանց «Ամէն» կ’ըսէր։ Ասոնք չըրած չէր ուտեր ճաշը։

Երբ Տանիէլ չորս տարեկան էր, սուր սպիտակարիւնութիւն (acute leukemia) ունեցաւ։ Լինէն եւ ես ֆիզիքապէս ու զգացականօրէն մաշեցանք։ Զգացի որ քիչ մնաց որ ջիղերու մեծ խանգարում ունենամ։ Բայց օր մը, երբ մեր տրամադրութիւնը քանդուած էր, մեր շրջանային տեսուչը՝ Նէվիլ Պրամուիչ, մեզի եկաւ։ Այդ գիշեր, ան արցունքոտ աչքերով մեզի փաթթուեցաւ եւ բոլորս լացինք։ Սիրով եւ կարեկցութեամբ ըսուած իր խօսքերը շա՜տ մխիթարեցին մեզ։ Ան մեր քովը մնաց մինչեւ առտուան ժամը մէկ։ Նոյն օրը, Տանիէլ մահացաւ։ Իր մահը ամէնէն ցաւալի դէպքն էր մեր կեանքին մէջ։ Բայց դիմացանք մեր վիշտին, վստահ ըլլալով որ չկայ բան մը,– նոյնիսկ մահը,– որ կրնայ Տանիէլը զատել Եհովային սէրէն (Հռով. 8։38, 39)։ Չորս աչքով կը սպասենք որ զինք տեսնենք, երբ յարութիւն առնէ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ (Յովհ. 5։28, 29

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼՈՒՆ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԳՏՆԵՆՔ

Կեանքիս ընթացքին երկու մեծ կաթուած անցուցած եմ, բայց տակաւին կը ծառայեմ որպէս երէց։ Փորձառութիւններս ձգած են որ կարեկից ըլլամ ուրիշներուն հանդէպ, մանաւանդ անոնց հանդէպ՝ որոնք ծանր խնդիրներ ունին։ Կը ջանամ զանոնք չդատել, հապա՝ ես ինծի կը հարցնեմ. ‘Անոնց գլուխէն անցած բաները ինչպէ՞ս ազդած են իրենց զգացումներուն եւ մտածելակերպին։ Ինչպէ՞ս կրնամ ցուցնել, որ իրենցմով հետաքրքրուած եմ։ Ինչպէ՞ս կրնամ զանոնք քաջալերել, որ Եհովային կամքը կատարեն’։ Իրապէս կը սիրեմ հովուական գործ կատարել ժողովքին մէջ։ Երբ ուրիշները մխիթարեմ եւ հոգեւորապէս թարմացնեմ, կը զգամ որ ես իմ անձս կը մխիթարեմ եւ կը թարմացնեմ։

Հովուական այցելութիւններ ընելը տակաւին գոհունակութիւն կու տայ ինծի

Սաղմոսերգուին պէս կ’ըսեմ. ‘Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ Եհովային մխիթարութիւնները իմ անձս կ’ուրախացնէին’ (Սաղ. 94։19)։ Եհովան ինծի ոյժ տուած է որ դիմանամ ընտանեկան դժուարութիւններու, կրօնական հակառակութեան, յուսախաբութիւններու եւ ընկճուածութեան։ Եհովան իսկական Հայր եղած է ինծի համար։

^ պարբ. 19 Սկիզբը, Փաքիստանը կազմուած էր երկու մասերէ՝ Արեւմտեան Փաքիստան (հիմա՝ Փաքիստան) եւ Արեւելեան Փաքիստան (հիմա՝ Պանկլատէշ)։

^ պարբ. 29 Տե՛ս «Տաունի համախտանիշ ունեցող զաւակ մը մեծցնելուն դժուարութիւններն ու վարձատրութիւնները» յօդուածը, Զարթի՛ր–ի յունիս 2011 թիւին մէջ (անգլերէն)։