Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 23

«Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ»

«Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ»

«Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է» (ԿՈՂ. 2։8

ԵՐԳ 114 Աստուածաշունչը գանձ է

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Կողոսացիս 2։4, 8–ին համաձայն, Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ մեր միտքը գերի առնել։

ՍԱՏԱՆԱՆ կ’ուզէ որ Եհովան սիրելէ դադրինք, եւ այդ նպատակին հասնելու համար կը փորձէ մեր մտածելակերպը փոխել, կամ ուրիշ խօսքով՝ մեր միտքը գերի առնել եւ ձգել որ իր ուզած կերպով մտածենք։ Ան մեզ քաշող բաներ գործածելով կը փորձէ համոզել կամ խաբել մեզ, որ իրեն հետեւինք (կարդա՛ Կողոսացիս 2։4, 8

2-3. ա) Ինչո՞ւ պէտք է ականջ տանք Կողոսացիս 2։8–ի ազդարարութեան։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

2 Իրապէ՞ս լուրջ վտանգի մէջ ենք, որ Սատանան մեզ մոլորեցնէ։ Այո՛։ Յիշէ որ Պօղոս առաքեալ Կողոսացիս 2։8–ի խօսքը ուղղեց ո՛չ թէ անհաւատներուն, հապա սուրբ հոգիով օծուած քրիստոնեաներուն (Կող. 1։2, 5)։ Այդ քրիստոնեաները մոլորելու վտանգին մէջ էին, իսկ մենք այսօր ա՛լ աւելի մեծ վտանգի մէջ ենք (Ա. Կոր. 10։12)։ Ինչո՞ւ։ Սատանան երկիր ձգուած է եւ ամէն ջանք կը թափէ որ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները մոլորեցնէ (Յայտ. 12։9, 12, 17)։ Ասկէ զատ, կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, երբ չար ու խաբեբայ մարդիկ ‘չարութեան մէջ կը յառաջանան’ (Բ. Տիմ. 3։1, 13

3 Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք թէ Սատանան ինչպէ՛ս «փուճ խաբէութիւն» կը գործածէ մեր մտածելակերպին ազդելու համար։ Նկատի պիտի առնենք իր «հնարքներ»էն երեքը (Եփ. 6։11)։ Իսկ յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր մտածելակերպին վրայ իր հնարքներուն ձգած գէշ ազդեցութիւններէն ձերբազատուիլ։ Բայց նախ տեսնե՛նք թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ այն կերպէն, որով Սատանան իսրայէլացիները մոլորեցուց Աւետեաց երկիրը մտնելէ ետք։

ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ՓՈՐՁՈՒԵՑԱՆ

4-6. Բ. Օրինաց 11։10-15–ի համաձայն, իսրայէլացիները հողագործութեան ի՞նչ նոր մեթոտներ պէտք էր սորվէին Աւետեաց երկիրը մտնելէ ետք։

4 Սատանան խելացութեամբ իսրայէլացիները կռապաշտութիւն գործելու փորձութեան մէջ ձգեց։ Ինչպէ՞ս։ Ան գիտէր թէ պէտք ունէին ուտելիքի, եւ ասիկա գործածեց որ իր ուզածը ընել տայ իսրայէլացիներուն։ Երբ անոնք Աւետեաց երկիրը մտան, պէտք էր ուտելիք աճեցնելու նոր կերպեր սորվէին։ Եգիպտոսի մէջ անոնք դաշտերը կը ջրէին Նեղոս գետի ջուրը գործածելով։ Սակայն, Աւետեաց երկրին մէջ մեծ գետ չկար, անոր համար ուտելիք աճեցնելու համար պէտք ունէին անձրեւի եւ ցօղի (կարդա՛ Բ. Օրինաց 11։10-15. Եսա. 18։4, 5)։ Ուստի իսրայէլացիները պէտք էր հողագործութեան նոր մեթոտներ սորվէին։ Ասիկա դիւրին պիտի չըլլար, քանի որ հողագործութեան մէջ փորձառութիւն ունեցողներուն մեծամասնութիւնը մեռած էր անապատին մէջ։

Սատանան ինչպէ՞ս կրցաւ իսրայէլացի հողագործներուն մտածելակերպը փոխել (տե՛ս պարբերութիւն 4-6) *

5 Եհովան իր ժողովուրդին բացատրեց, որ իրենց պարագաները փոխուած էին, եւ ըսաւ բան մը, որ թերեւս թուի որ հողագործութեան նիւթին հետ կապ չունի. «Ձեր անձերուն զգուշութիւն ըրէք, չըլլայ թէ ձեր սիրտը խաբուի ու դուք շիտակ ճամբայէն խոտորելով օտար աստուածներ պաշտէք ու անոնց երկրպագութիւն ընէք» (Բ. Օր. 11։16, 17)։ Եհովան ինչո՞ւ զգուշացուց օտար աստուածներ պաշտելէ, երբ կը խօսէր հողագործութեան նոր մեթոտներ սորվելու մասին։

6 Եհովան գիտէր որ իսրայէլացիները պիտի փորձուէին հողագործութեան նոր մեթոտներ սորվիլ իրենց շուրջը գտնուող հեթանոսներէն, որոնք այդ մարզին մէջ իրենցմէ շա՜տ աւելի փորձառու էին։ Աստուծոյ ժողովուրդը կրնար անոնցմէ կարգ մը գործնական հմտութիւններ սորվիլ, բայց վտանգ մը կար։ Քանանացի հողագործները Բահաղը կը պաշտէին եւ իրենց մտածելակերպը ազդուած էր իրենց հաւատալիքներէն։ Կը հաւատային որ Բահաղը երկինքին տէրն է եւ անձրեւ տուողն է։ Եհովան չուզեց որ իր ժողովուրդը այսպիսի սուտ հաւատալիքներէ ազդուի։ Բայց իսրայէլացիները կրկին անգամ Բահաղը պաշտեցին (Թւ. 25։3, 5. Դատ. 2։13. Գ. Թագ. 18։18)։ Հիմա նկատէ թէ Սատանան ինչպէ՛ս կրցաւ իսրայէլացիները գերի բռնել։

ԵՐԵՔ ՀՆԱՐՔՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՑՄՈՎ ՍԱՏԱՆԱՆ ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐԸ ԳԵՐԻ ԲՌՆԵՑ

7. Իսրայէլացիներուն հաւատքը ինչպէ՞ս փորձուեցաւ, երբ Աւետեաց երկիրը մտան։

7 Սատանային առաջին հնարքն էր՝ օգտագործել մարդոց բնական փափաքը տեսնելու, թէ անձրեւը դաշտը կը ջրէ։ Աւետեաց երկրին մէջ, ամէն տարի շատ քիչ անձրեւ կու գար ապրիլի վերջաւորութենէն մինչեւ սեպտեմբեր։ Կեանքը եւ առատ բերքը կախեալ էին անձրեւէն, որ ընդհանրապէս կը սկսէր հոկտեմբերի ատենները։ Սատանան իսրայէլացիները խաբեց որ հաւատան, թէ առատ բերք ունենալու համար պէտք է իրենց շուրջը գտնուող հեթանոս մարդոց սովորութիւնները որդեգրեն։ Այդ հեթանոսները համոզուած էին, որ որոշ արարողութիւններ ընելով կրնային իրենց աստուածները մղել որ անձրեւ տեղացնեն։ Թերահաւատ իսրայէլացիները ասիկա նկատեցին երկար երաշտէ խուսափելու միակ կերպը, եւ Բահաղ աստուծոյ ի պատիւ հեթանոսական արարողութիւններ կատարեցին։

8. Սատանային երկրորդ հնարքը ի՞նչ էր. բացատրէ։

8 Սատանային երկրորդ հնարքն էր՝ անբարոյ ցանկութիւնները օգտագործել։ Հեթանոս ազգերը իրենց աստուածները կը պաշտէին գարշելի անբարոյ արարքներով։ Այսպիսի պաշտամունքի համար կային տղամարդիկ եւ կիներ, որոնք տրամադրուած էին տաճարին մէջ իրենց հետ սեռային յարաբերութիւններ ունենալու։ Հեթանոսները ոչ միայն միասեռականութիւնը եւ սեռային անբարոյութեան ուրիշ կերպեր թոյլատրեցին, հապա նաեւ բնական նկատեցին (Բ. Օր. 23։17, 18. Գ. Թագ. 14։24)։ Անոնք կը հաւատային որ այս արարողութիւնները իրենց աստուածները կը մղէին արտը բարեբեր դարձնելու։ Շատ մը իսրայէլացիներ հրապուրուեցան հեթանոսներուն սեռային արարողութիւններով, եւ առ ի արդիւնք նախընտրեցին չաստուածներու ծառայել։ Իրականութեան մէջ, անոնք Սատանային կողմէ գերի բռնուեցան։

9. Ովսէէ 2։16, 17–ի համաձայն, Սատանան ինչպէ՞ս իսրայէլացիներուն մոռցնել տուաւ Եհովան։

9 Սատանային երրորդ հնարքն էր՝ իսրայէլացիներուն մոռցնել տալ Եհովան։ Երեմիա մարգարէին օրերուն, Եհովան ըսաւ որ սուտ մարգարէները իր ժողովուրդին մոռցնել տուին իր անունը, «Բահաղի պատճառով» (Եր. 23։27)։ Այնպէս կ’երեւի որ, որոշ ժամանակ մը, Աստուծոյ ժողովուրդը Եհովային անունը գործածելէ դադրեցաւ եւ զայն փոխարինեց Բահաղ անունով, որ կը նշանակէ «Տէր» կամ «Սեփականատէր»։ Ասիկա իսրայէլացիներուն դժուարացուց Եհովան Բահաղէն զանազանելը, դիւրացնելով որ Բահաղի պաշտամունքին արարողութիւնները խառնուին Եհովայի պաշտամունքին հետ (կարդա՛ Ովսէէ 2։16, 17

ՍԱՏԱՆԱՅԻՆ ՀՆԱՐՔՆԵՐԸ ԱՅՍՕՐ

10. Այսօր Սատանան ի՞նչ հնարքներ կը գործածէ։

10 Այսօր Սատանան նոյն հնարքները կը գործածէ։ Ան մարդիկը գերի կը բռնէ բնական ցանկութիւնները օգտագործելով, սեռային անբարոյութիւնը յառաջ մղելով եւ մարդոց մոռցնելով Եհովան։ Նա՛խ վերջին հնարքը նկատի առնենք։

11. Սատանան ինչպէ՞ս մարդոց մոռցուցած է Եհովան։

11 Սատանան մարդոց կը մոռցնէ Եհովան։ Յիսուսի առաքեալներուն մահէն ետք, կարգ մը հաւատուրացներ սկսան սուտեր սորվեցնել (Գործք 20։29, 30. Բ. Թես. 2։3)։ Անոնք սկսան ճշմարիտ Աստուծոյ ինքնութիւնը պղտորել։ Օրինակ, Աստուածաշունչը թարգմանելու եւ ընդօրինակելու ատեն, Աստուծոյ անունը գործածելէ դադրեցան եւ նախընտրեցին «Տէր» կամ ուրիշ տիտղոսներ գործածել։ Այսպէս, անոնք դժուարացուցին որ ընթերցողը Եհովան զանազանէ ուրիշ «տէրեր»է (Ա. Կոր. 8։5)։ Եւ «Տէր» բառը գործածեցին թէ՛ Եհովային եւ թէ Յիսուսին համար, ինչ որ դժուար դարձուց Եհովան եւ Յիսուսը տարբեր անձնաւորութիւններ նկատելը (Յովհ. 17։3)։ Այս շփոթութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Երրորդութեան վարդապետութիւնը զարգանայ, որ Աստուծոյ Խօսքին մէջ չէ նշուած։ Առ ի արդիւնք, շատեր կը հաւատան որ անկարելի է Աստուած ճանչնալ։ Ի՜նչ ահռելի սուտ մը (Գործք 17։26, 27

Սատանան ինչպէ՞ս սուտ կրօնքը գործածած է, որ անբարոյ ցանկութիւնները յառաջ մղէ (տե՛ս պարբերութիւն 12) *

12. Սուտ կրօնքը ի՞նչ բան յառաջ մղած է, եւ ի՞նչ արդիւնքով, ինչպէս որ Հռովմայեցիս 1։28-31–ը կը բացատրէ։

12 Սատանան անբարոյ ցանկութիւնները կ’օգտագործէ։ Անցեալին, Սատանան սուտ կրօնքը գործածեց իսրայէլ ազգին մէջ անբարոյութիւնը յառաջ մղելու։ Ներկայիս ան նոյնը կ’ընէ։ Սուտ կրօնքը անբարոյ վարքը կը հանդուրժէ եւ նոյնիսկ կը քաջալերէ։ Հետեւաբար շատեր, որոնք կ’ըսեն թէ Աստուծոյ կը ծառայեն, իր բարոյական յստակ չափանիշները լքած են։ Պօղոս առաքեալ Հռովմայեցիս նամակին մէջ կը նկարագրէ, թէ արդիւնքը ի՛նչ եղած է (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։28-31)։ «Անվայել բաներ»ուն մէջ կան սեռային անբարոյութեան բոլոր տեսակները, մէջը ըլլալով միասեռականութիւնը (Հռով. 1։24-27, 32. Յայտ. 2։20)։ Որքա՜ն կարեւոր է որ Աստուածաշունչի յստակ ուսուցումներուն հնազանդինք։

13. Սատանան ուրիշ ի՞նչ հնարք կը գործածէ։

13 Սատանան բնական ցանկութիւնները կ’օգտագործէ։ Մենք բնական փափաք ունինք հմտութիւններ ձեռք ձգելու, որ կարենանք մեր եւ մեր ընտանիքին պէտքերը հոգալ (Ա. Տիմ. 5։8)։ Ընդհանրապէս այդ հմտութիւնները ձեռք կը ձգենք դպրոց յաճախելով եւ աշխատասէր աշակերտներ ըլլալով։ Բայց պէտք է զգոյշ ըլլանք, քանի որ շատ մը երկիրներու մէջ աշակերտները ոչ միայն հմտութիւններ կը սորվին, այլեւ մարդկային փիլիսոփայութիւններ։ Օրինակ, դպրոցները կը քաջալերեն որ աշակերտները Աստուծոյ գոյութեան վրայ կասկածին եւ Աստուածաշունչը անտեսեն։ Աշակերտներուն կ’ըսուի որ բոլոր ուշիմ մարդիկը բարեշրջութեան կը հաւատան (Հռով. 1։21-23)։ Այսպիսի ուսուցումներ ‘աստուածային իմաստութեան’ դէմ են (Ա. Կոր. 1։19-21. 3։18-20

14. Մարդկային փիլիսոփայութիւնը ի՞նչ կը հրահրէ։

14 Մարդկային փիլիսոփայութիւնը կամ իմաստութիւնը Եհովայի չափանիշները կ’անտեսէ եւ նոյնիսկ անոնց կը հակասէ։ Անիկա սուրբ հոգիին պտուղին արգելք կ’ըլլայ, իսկ «մարմնին գործերը» կը հրահրէ (Գաղ. 5։19-23)։ Մարդոց մէջ հպարտութիւն եւ մեծամտութիւն կը զարգացնէ, ձգելով որ մարդիկ «անձնասէր» դառնան (Բ. Տիմ. 3։2-4)։ Այս կեցուածքը հակառակն է այն խոնարհ կեցուածքին, որ Աստուած կ’ուզէ որ իր ծառաները ունենան (Բ. Թագ. 22։28)։ Կարգ մը քրիստոնեաներ, որոնք համալսարան գացած են, սկսած են աշխարհի մտածելակերպը ունենալ, փոխանակ Աստուծոյ մտածելակերպը ունենալու։ Օրինակով մը նկատի առնենք, թէ ի՛նչ կը պատահի երբ այս վտանգը անտեսենք։

Մարդկային փիլիսոփայութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեր մտածելակերպին ազդել (տե՛ս պարբերութիւն 14-16) *

15-16. Քրոջ մը փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։

15 Աւելի քան 15 տարիէ ի վեր լիաժամ ծառայութեան մէջ եղող քոյր մը կ’ըսէ. «Մկրտուած Վկայ ըլլալով, կարդացած ու լսած էի համալսարան երթալու վտանգներուն մասին, բայց ատոնց ականջ չտուի։ Խորհեցայ որ խրատը ինծի չէր կիրարկուեր»։ Ան ի՞նչ խնդիրներ ունեցաւ։ Կը խոստովանի. «Ուսանիլը ժամանակէս ու կորովէս ա՛յնքան առաւ, որ ժամանակ չէի ունենար առաջուան պէս Եհովային աղօթելու, ա՛յնքան ուժասպառ կ’ըլլայի, որ այլեւս քարոզելէ հաճոյք չէի առներ եւ ա՛յնքան յոգնած կ’ըլլայի, որ ժողովներուն համար լաւ չէի կրնար պատրաստուիլ։ Ուրախ եմ որ երբ անդրադարձայ որ բարձրագոյն ուսումը Եհովային հետ փոխյարաբերութեանս կը վնասէ, հասկցայ որ պէտք է անկէ վազ անցնիմ. այդպէս ալ ըրի»։

16 Բարձրագոյն ուսումը քրոջ մտածելակերպին ինչպէ՞ս ազդեց։ Ան կ’ըսէ. «Ամօթով կը խոստովանիմ, որ ընտրած ուսումս ինծի սորվեցուց որ ուրիշներուն քննադատական աչքով նայիմ,– մանաւանդ եղբայրներուս ու քոյրերուս,– իրենցմէ շատ բան ակնկալեմ եւ իրենցմէ զատուիմ։ Երկար ժամանակ առաւ որ այդպէս չմտածեմ։ Այս փորձառութենէն սորվեցայ, թէ որքա՜ն վտանգաւոր է անտեսել մեր երկնաւոր Հօր զգուշացումները, որոնք իր կազմակերպութեան միջոցաւ կու տայ։ Եհովան ինձմէ լաւ կը ճանչնայ զիս։ Պէ՛տք էր իրեն ականջ տայի»։

17. ա) Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

17 Վճռէ բնա՛ւ գերի չբռնուիլ Սատանայի աշխարհին «փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով»։ Բնա՛ւ թոյլ մի՛ տար որ Սատանան իր հնարքներով քեզ խաբէ (Ա. Կոր. 3։18. Բ. Կոր. 2։11)։ Բնա՛ւ մի՛ ձգեր որ Սատանան քեզի մոռցնել տայ Եհովան։ Եհովայի բարոյական բարձր չափանիշներուն համաձայն ապրէ՛։ Եւ մի՛ ձգեր որ Սատանան քեզ խաբէ որ Եհովայի խրատները անտեսես։ Բայց ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ արդէն այս աշխարհի մտածելակերպէն ազդուած ես։ Յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Աստուծոյ Խօսքին օգնութեամբ քանդել խորհուրդներ եւ սովորութիւններ, որոնք «ամրոցներ»ու պէս են (Բ. Կոր. 10։4, 5

ԵՐԳ 11 Եհովայի սիրտը ուրախացնենք

^ պարբ. 5 Սատանան մարդիկը մոլորեցնելու մէջ վարպետ է։ Ան մարդոց հաւատալ տուած է որ ազատ են, մինչդեռ զիրենք գերի բռնած է։ Յօդուածը պիտի քննարկէ քանի մը հնարքներ, որոնք Սատանան կը գործածէ մարդիկը խաբելու համար։

^ պարբ. 48 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քանանացիներուն ընկերակցող իսրայէլացիները կը փորձուին Բահաղը պաշտել եւ անբարոյութիւն գործել։

^ պարբ. 51 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եկեղեցի մը կը ծանուցանէ որ միասեռականները կ’ընդունի։

^ պարբ. 53 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երիտասարդ քոյր մը համալսարան կը յաճախէ։ Ան ու իր դասընկերները հետաքրքրութեամբ մտիկ կ’ընեն փրոֆէսորին գաղափարը, թէ գիտութիւնն ու արուեստագիտութիւնը կրնան մարդկութեան բոլոր խնդիրները լուծել։ Ետքը, Թագաւորութեան սրահին մէջ, ան ժողովի նիւթերով հետաքրքրուած չէ եւ իր մտքին մէջ եղբայրներն ու քոյրերը կը քննադատէ։