ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 26
Ուրիշներուն օգնէ, որ ճնշուածութեան հետ գլուխ ելլեն
«Ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ» (Ա. ՊԵՏ. 3։8)։
ԵՐԳ 50 Աստուածային սիրոյ օրինակը
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր սիրալիր Հայրը ընդօրինակել։
ԵՀՈՎԱՆ մեզ շա՜տ կը սիրէ (Յովհ. 3։16)։ Եւ մենք կ’ուզենք մեր սիրալիր Հայրը ընդօրինակել։ Անոր համար կը ջանանք «կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ» ըլլալ բոլորին հանդէպ, մանաւանդ «հաւատքի ընտանիներուն» հանդէպ (Ա. Պետ. 3։8. Գաղ. 6։10)։ Երբ մեր հոգեւոր ընտանիքէն անդամներ ճնշիչ պարագաներ դիմագրաւեն, կ’ուզենք իրենց օգնել։
2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
2 Բոլոր անոնք՝ որոնք կ’ուզեն Եհովայի ընտանիքին մէկ մասը ըլլալ, ճնշիչ պարագաներէ պիտի անցնին (Մար. 10։29, 30)։ Մինչ այս չար աշխարհի վերջը կը մօտենայ, շատ հաւանաբար աւելի դժուարութիւններ պիտի ունենանք։ Ինչպէ՞ս կրնանք իրարու օգնել։ Տեսնենք թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Ղովտի, Յոբի եւ Նոեմիի փորձառութիւններէն։ Նաեւ պիտի խօսինք կարգ մը դժուարութիւններու մասին, որոնք մեր եղբայրներն ու քոյրերը ներկայիս կը դիմագրաւեն, եւ պիտի քննարկենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք իրենց օգնել։
ՀԱՄԲԵՐՈՂ ԵՂԻՐ
3. Ինչպէս Բ. Պետրոս 2։7, 8–ը ցոյց կու տայ, Ղովտ ի՞նչ սխալ որոշում առաւ, եւ հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։
3 Ղովտ սխալ որոշում առաւ, երբ ընտրեց Սոդոմի չափազանց անբարոյ ժողովուրդին մէջ ապրիլ (կարդա՛ Բ. Պետրոս 2։7, 8)։ Սոդոմի շրջանը բարգաւաճ էր, բայց հոն փոխադրուելով՝ Ղովտ շատ սուղ գին վճարեց (Ծն. 13։8-13. 14։12)։ Այնպէս կ’երեւի որ իր կինը ա՛յնքան կապուեցաւ Սոդոմ քաղաքին կամ հոն ապրող կարգ մը անհատներու, որ Եհովային անհնազանդ գտնուեցաւ։ Ան իր կեանքը կորսնցուց, երբ Աստուած կրակ ու ծծումբ տեղացուց շրջանին վրայ։ Եւ մտածէ Ղովտին երկու աղջիկներուն մասին. անոնց նշանածները Սոդոմի մէջ մեռան։ Ղովտ իր տունը, ստացուածքը եւ, ամէնէն ցաւալին, իր կինը կորսնցուց (Ծն. 19։12-14, 17, 26)։ Այս ճնշիչ հանգրուանին, արդեօք Եհովան Ղովտին հանդէպ համբերող ըլլալէ դադրեցա՞ւ։ Ո՛չ։
4. Եհովան ինչպէ՞ս համբերութիւն ցոյց տուաւ Ղովտին հանդէպ (տե՛ս կողքին նկարը)։
4 Հակառակ անոր որ Ղովտ որոշեց Սոդոմի մէջ ապրիլ, Եհովան իրեն հետ կարեկցութեամբ վարուեցաւ՝ հրեշտակներ ղրկելով, որ զինք ու իր ընտանիքը ազատեն։ Սակայն, փոխանակ հրեշտակներուն հրատապ պատուէրին հնազանդելով անմիջապէս Սոդոմէն հեռանալու, Ղովտ ‘տնտնաց’։ Հրեշտակները ստիպուեցան իր ձեռքէն բռնելով՝ իրեն ու իր ընտանիքին օգնել, որ քաղաքէն փախչին (Ծն. 19։15, 16)։ Ետքը, հրեշտակները իրեն ըսին, որ լեռնային շրջանը փախչի։ Բայց փոխանակ Եհովային հնազանդելու, Ղովտ խնդրեց որ մօտակայ քաղաք մը երթայ (Ծն. 19։17-20)։ Եհովան համբերութեամբ մտիկ ըրաւ եւ թոյլ տուաւ որ այդ քաղաքը երթայ։ Յետագային, Ղովտ վախցաւ հոն ապրելու եւ փոխադրուեցաւ այն նոյն լեռնային շրջանը, որ Եհովան սկիզբէն իրեն ըսած էր որ հոն երթար (Ծն. 19։30)։ Եհովան ի՜նչ մեծ համբերութիւն ցոյց տուաւ։ Ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։
5-6. Աստուած ընդօրինակելով, ինչպէ՞ս կրնանք Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14–ը գործադրել։
5 Ղովտին պէս, մեր հոգեւոր ընտանիքին մէկ անդամը թերեւս տկար որոշում մը առնէ եւ լուրջ խնդիրներու մէջ իյնայ։ Այդ պարագային ի՞նչ պիտի ընենք։ Թերեւս ուզենք իրեն ըսել, որ հիմա՝ իր ցանածը կը հնձէ, ինչ որ կրնայ ճիշդ ըլլալ (Գաղ. 6։7, 8)։ Սակայն աւելի լաւ կերպով կրնանք վարուիլ, իրեն օգնելով այնպէս, ինչպէս Եհովան Ղովտին օգնեց։ Ինչպէ՞ս։
6 Եհովան հրեշտակները ղրկեց ոչ միայն Ղովտը զգուշացնելու, հապա նաեւ իրեն օգնելու որ Սոդոմին վրայ գալիք աղէտէն փախչի։ Մենք ալ թերեւս ստիպուինք եղբայր մը զգուշացնել, եթէ տեսնենք որ կ’ընէ բան մը, որ իրեն խնդիրներու դուռ պիտի բանայ։ Բայց կրնանք նաեւ իրեն օգնել։ Նոյնիսկ եթէ անմիջապէս չի գործադրեր Աստուածաշունչին խրատը, պէտք է համբերող ըլլանք եւ երկու հրեշտակներուն պէս վարուինք։ Փոխանակ մեր յոյսը իրմէ կտրելու եւ հեռանալու, պէտք է իրեն օգնելու գործնական կերպեր փնտռենք (Ա. Յովհ. 3։18)։ Թերեւս առաջարկենք որ այլաբանօրէն իր ձեռքէն բռնելով՝ իրեն օգնենք որ տրուած խրատը գործադրէ (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14)։
7. Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել այն կերպը, որով Եհովան Ղովտը նկատեց։
7 Եհովան կրնար Ղովտին անկատարութիւններուն վրայ կեդրոնանալ, բայց այդպէս չըրաւ։ Յետագային, ան Պետրոս առաքեալը ներշնչեց, որ Ղովտին ակնարկէ որպէս արդար տղամարդ։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ Եհովան մեր սխալները կը ներէ (Սաղ. 130։3)։ Կրնա՞նք ընդօրինակել այն կերպը, որով Եհովան Ղովտը նկատեց։ Եթէ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնանանք, պիտի կարենանք աւելի համբերող ըլլալ իրենց հանդէպ։ Ասիկա կրնայ դիւրացնել որ անոնք մեր առաջարկած օգնութիւնը ընդունին։
ԿԱՐԵԿԻՑ ԵՂԻՐ
8. Կարեկցութիւնը մեզ պիտի մղէ ի՞նչ ընելու։
8 Ղովտին հակառակը, Յոբ սխալ որոշումի մը պատճառաւ չչարչարուեցաւ։ Բայց անոր գլուխին ծանր փորձանքներ եկան. ան
կորսնցուց իր ստացուածքները, ընկերութեան մէջ իր դիրքը եւ իր լաւ առողջութիւնը։ Աւելի գէշը, իր բոլոր զաւակները մեռան։ Ասկէ զատ, իր երեք բարեկամները զինք ամբաստանեցին։ Անոնք ինչո՞ւ չկրցան իրեն կարեկցիլ։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ անոնք հարցին խորը չթափանցեցին։ Առ ի արդիւնք, սխալ եզրակացութիւններ ըրին եւ Յոբը խստօրէն դատապարտեցին։ Ինչպէ՞ս կրնանք նման սխալ մը չընել։ Գիտակցէ թէ միայն Եհովան անհատի մը պարագային մասին բոլոր իրողութիւնները գիտէ։ Ուշի–ուշով անհատին մտիկ ըրէ եւ փորձէ իր ցաւը զգալ։ Այսպէս պիտի կարենաս իրապէս կարեկցիլ եղբօրդ կամ քրոջդ։9. Կարեկցութիւնը մեզ ի՞նչ բան ընելէ ետ պիտի պահէ, եւ ինչո՞ւ։
9 Կարեկցութիւնը մեզ ետ պիտի պահէ ուրիշներու խնդիրներուն մասին ասոր–ատոր բամբասելէ։ Բամբասողը ժողովքը չի շիներ, հապա կը քանդէ (Առ. 20։19. Հռով. 14։19)։ Ան ազնիւ չէ ու անհոգ է, եւ իր խօսքերը կրնան վիրաւորել այն անհատը, որ արդէն կը տառապի (Առ. 12։18. Եփ. 4։31, 32)։ Որքա՜ն աւելի լաւ է, որ անհատին լաւ յատկութիւններուն վրայ կեդրոնանանք եւ մտածենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք օգնել իր դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլելու։
10. Յոբ 6։2, 3–ի խօսքը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։
10 Մեծ ճնշումի տակ ըլլալով, Յոբ երբեմն «անսանձ խօսակցութիւն» ըրաւ (Յոբ 6։2, 3, ՆԱ)։ Բայց ետքը ընդունեց, որ իր ըսածներէն ոմանք սխալ էին (Յոբ 42։6)։ Յոբին պէս, ներկայիս ալ անձ մը, որ ճնշիչ խնդիր մը ունի, կրնայ իր խօսքերը չսանձել եւ ետքը իր ըսածին համար զղջալ։ Ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք։ Փոխանակ զինք քննադատելու, կարեկից պէտք է ըլլանք։ Ի մտի ունեցիր, որ Եհովային նպատակը չէր որ մեզմէ ոեւէ մէկը ներկայ խնդիրները եւ ճնշումները դիմագրաւէ։ Ուրեմն հասկնալի է, եթէ Եհովայի հաւատարիմ մէկ ծառան մեծ ճնշումի տակ ըլլալով՝ առանց մտածելու խօսի։ Նոյնիսկ եթէ ան Եհովային կամ մեր անձին մասին սխալ բաներ ըսէ, պէտք չէ շուտով բարկանանք կամ զինք դատապարտենք (Առ. 19։11)։
11. Երէցները երբ խրատ պիտի տան, ինչպէ՞ս կրնան Եղիուսը ընդօրինակել։
11 Երբեմն, ճնշիչ խնդիր ունեցող անհատը նաեւ որոշ խրատի պէտք կ’ունենայ (Գաղ. 6։1)։ Երէցները ի՞նչ կրնան ընել։ Լաւ կ’ըլլայ որ Եղիուսը ընդօրինակեն, որ մեծ կարեկցութեամբ Յոբին մտիկ ըրաւ (Յոբ 33։6, 7)։ Եղիուս իր խրատը տուաւ, միայն Յոբին մտածումը հասկնալէ ետք։ Ուրեմն, երէցները պէտք է ուշադրութեամբ մտիկ ընեն եւ ջանան անհատին պարագան հասկնալ։ Ետքը, երբ խրատ տան, աւելի հաւանական է որ անհատին սրտին հասնին։
ՄԽԻԹԱՐԱԿԱՆ ԽՕՍՔԵՐ ԸՍԷ
12. Ամուսինին եւ երկու որդիներուն մահը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Նոեմիին վրայ։
12 Նոեմին Եհովան սիրող հաւատարիմ կին մըն էր։ Բայց իր ամուսինին եւ երկու որդիներուն մահէն ետք, ուզեց կոչուիլ «Մարա», որ կը նշանակէ «դառն» (Հթ. 1։3, 5, 20, ստորանիշ, 21)։ Իր ամբողջ նեղութեան ատեն, իր հարսը՝ Հռութ, իրեն հետ մնաց։ Ան ոչ միայն գործնական կերպով օգնեց, հապա նաեւ Նոեմիին մխիթարական խօսքեր ըսաւ։ Ան պարզ, անկեղծ խօսքերով Նոեմիին արտայայտեց իր սէրն ու աջակցութիւնը (Հթ. 1։16, 17)։
13. Ինչո՞ւ կողակից կորսնցնող անհատը մեր աջակցութեան պէտք ունի։
13 Երբ մեր հոգեւոր ընտանիքէն անդամ մը իր կողակիցը կորսնցնէ, մեր աջակցութեան պէտք կ’ունենայ։ Ամուսնացած զոյգը կարելի է նմանցնել երկու ծառերու, որոնք իրարու քով աճած են։ Տարիներու ընթացքին, անոնց արմատները իրարու կը փաթթուին։ Երբ անոնցմէ մէկը արմատախիլ ըլլայ եւ մեռնի, միւսը մեծապէս կը վնասուի։ Նոյնպէս, երբ մէկու մը կողակիցը մեռնի, ան երկար ժամանակ խոր զգացումներ կ’ունենայ։ Փոլան *, որուն ամուսինը անակնկալօրէն մեռաւ, կ’ըսէ. «Կեանքս տակնուվրայ եղաւ եւ անօգնական զգացի։ Կորսնցուցած էի ամենամտերիմ ընկերս։ Անոր հետ ամէն բանի մասին կրնայի խօսիլ։ Ան ուրախութիւնս կը բաժնէր եւ նեղութեան ժամանակ ինծի թիկունք կը կանգնէր։ Երբ մտահոգութիւններս կը պատմէի, միշտ մտիկ կ’ընէր։ Իրապէս զգացի կարծես կէսի բաժնուեցայ»։
14-15. Ինչպէ՞ս կրնանք մխիթարել մէկը, որ իր կողակիցը կորսնցուցած է։
14 Ինչպէ՞ս կրնանք կողակից կորսնցնող անհատը մխիթարել։ Առաջին կարեւոր քայլն է՝ իրեն հետ խօսիլ, նոյնիսկ եթէ կ’ամչնաս կամ չես գիտեր ի՛նչ ըսել։ Նախապէս նշուած Փոլան կ’ըսէ. «Կը հասկնամ որ մէկու մը մահը կը ձգէ որ մարդիկ անհանգիստ զգան։ Անոնք կը վախնան որ նեղացուցիչ խօսք մը ըսեն։ Բայց աւելի գէշ է, երբ մարդիկ ո՛չ մէկ բան կ’ըսեն»։ Սգացողը հաւանաբար չ’ակնկալեր որ իրեն իմաստուն խօսք մը ըսենք։ Փոլան կ’ըսէ. «Շատ կ’արժեւորէի երբ բարեկամներս ինծի պարզապէս կ’ըսէին. ‘Կը ցաւիմ քեզի համար’»։
15 Ուիլիամ, որուն կինը տարիներ առաջ մահացաւ, կը պատմէ. «Կը գնահատեմ, երբ ուրիշներ կնոջս մասին լաւ փորձառութիւններ կը պատմեն. ասիկա զիս կը վստահեցնէ, որ ան սիրուած ու յարգուած էր։ Ասիկա ինծի համար մեծ օգնութիւն է։ Խոր գոհունակութիւն կը զգամ, քանի որ կինս շատ թանկագին էր ինծի համար եւ կեանքիս կարեւոր մէկ մասն էր»։ Պիանքա անունով այրի մը
կը բացատրէ. «Կը մխիթարուիմ, երբ ուրիշներ ինծի հետ կ’աղօթեն եւ համար մը կը կարդան։ Կ’օգտուիմ, երբ ամուսինիս մասին կը խօսին, եւ երբ մտիկ կ’ընեն, մինչ ես անոր մասին կը խօսիմ»։16. ա) Ինչպէ՞ս պէտք է աջակցինք մէկու մը, որ սիրելի մը կորսնցուցած է։ բ) Յակոբոս 1։27–ի համաձայն, ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք։
16 Ինչպէս որ Հռութ այրի Նոեմիին հետ մնաց, նոյնպէս մենք պէտք է յարատեւաբար թիկունք կանգնինք անոնց, որոնք սիրելի մը կը կորսնցնեն։ Փոլան կ’ըսէ. «Ամուսինս մեռնելէն անմիջապէս ետք, շատեր եկան օգնելու եւ մխիթարելու։ Ժամանակի ընթացքին, անոնք իրենց բնականոն կեանքին վերադարձան։ Սակայն իմ կեանքս ամբողջովին փոխուած էր։ Մարդիկ կրնան մեծապէս օգնել, երբ անդրադառնան որ սգացողը աջակցութեան պէտք կ’ունենայ մահէն ամիսներ եւ նոյնիսկ տարիներ ետք»։ Անշուշտ իւրաքանչիւր անձ յատուկ է։ Ոմանք իրենց նոր պայմաններուն շուտով կը յարմարին։ Ոմանք ալ ամէն անգամ որ կ’ընեն բան մը, որ իրենց կողակիցին հետ կ’ընէին, իրենց կորուստը կը յիշեն։ Սգալու կերպը անձէ անձ կը տարբերի։ Յիշենք որ Եհովան մեզի կու տայ կողակից կորսնցնողներուն հոգ տանելու առանձնաշնորհումն ու պատասխանատուութիւնը (կարդա՛ Յակոբոս 1։27)։
17. Անոնք՝ որոնց կողակիցը զիրենք լքած է, ինչո՞ւ մեր օգնութեան պէտք ունին։
17 Կարգ մը անհատներ խորապէս կը տառապին եւ կը ճնշուին, իրենց կողակիցը զիրենք լքելէ ետք։ Ճոյս, որուն ամուսինը զինք
ձգեց ուրիշ կնոջ մը համար, կ’ըսէ. «Ամուսնալուծման ցաւը աւելի գէշ էր, քան եթէ ամուսինս մեռած ըլլար։ Եթէ արկածով մը կամ հիւանդութենէ մը մեռնէր, ատիկա իր ընտրութիւնը պիտի չըլլար։ Բայց այս պարագային, ան որոշե՛ց զիս լքել։ Նուաստացած զգացի»։18. Ի՞նչ կրնանք ընել օգնելու անոնց, որոնք այլեւս կողակից չունին։
18 Երբ ազնիւ բաներ ընենք անոնց, որոնք այլեւս կողակից չունին, կը վստահեցնենք որ զիրենք կը սիրենք։ Հիմա որ առանձին են, լաւ բարեկամներու պէտք ունին (Առ. 17։17)։ Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ որ իրենց բարեկամն ես։ Կրնաս զիրենք պարզ ճաշի մը հրաւիրել։ Եւ կրնաս առաջարկել որ իրարու հետ ժամանակ անցընէք կամ միասին դաշտի ծառայութեան ելլէք։ Կրնաս նաեւ ատեն–ատեն զիրենք հրաւիրել ընտանեկան պաշտամունքիդ։ Այդպէս ընելով Եհովան պիտի ուրախացնես, քանի որ ան «մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է» եւ «որբեւայրիներուն դատաւորն» է (Սաղ. 34։18. 68։5)։
19. Ա. Պետրոս 3։8–ը ի մտի ունենալով, ի՞նչ վճռած ես ընել։
19 Մօտ ատենէն, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ իշխէ, բոլոր ‘առաջուան նեղութիւնները պիտի մոռցուին’։ Մենք անձկալից կը սպասենք այն ժամանակին, երբ «առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան» (Եսա. 65։16, 17)։ Մինչ այդ, թող որ իրարու աջակցինք եւ թէ՛ խօսքով ու թէ գործով ցոյց տանք, որ մեր հոգեւոր ընտանիքի բոլոր անդամները կը սիրենք (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։8)։
ԵՐԳ 75 Մեր ուրախութեան պատճառները
^ պարբ. 5 Ղովտը, Յոբը եւ Նոեմին հաւատարմօրէն Եհովային ծառայեցին, բայց պէտք էր ճնշիչ պարագաներու տոկային։ Յօդուածը պիտի քննարկէ այն դասերը, որոնք կը քաղենք անոնց փորձառութիւններէն։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ երբ մեր եղբայրներն ու քոյրերը դժուարութիւններու մէջ են, ինչո՛ւ կարեւոր է որ համբերող, կարեկից եւ մխիթարող ըլլանք։
^ պարբ. 13 Այս յօդուածին մէջ անունները փոխուած են։
^ պարբ. 57 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը շատ նեղուած է եւ «անսանձ խօսակցութիւն» կ’ընէ, մինչ երէց մը համբերութեամբ մտիկ կ’ընէ։ Ետքը, երբ բարկացած եղբայրը հանդարտած է, երէցը ազնուօրէն խրատ կու տայ։
^ պարբ. 59 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ամուսնացած երիտասարդ զոյգ մը ժամանակ կ’անցընեն եղբօր մը հետ, որուն կինը վերջերս մահացած է։ Անոնք կնոջ նկարները դիտելով՝ ուրախ պահեր կը վերյիշեն։