ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Յունիս 2020

Այս թիւը կը բովանդակէ 2020–ի օգոստոս 3-30 նկատի առնուելիք ուսումնասիրութեան յօդուածները։

«Քու անունդ սուրբ ըլլայ»

Ուսումնասիրութեան յօդուած 23՝ 2020–ի օգոստոս 3-9։ Մարդիկն ու հրեշտակները ի՞նչ կարեւոր հարց կը դիմագրաւեն։ Ի՞նչ բան զայն այդքան կարեւոր կը դարձնէ եւ մենք ի՞նչ դեր ունինք։ Այս հարցումներուն պատասխանները հասկնալը մեզի պիտի օգնէ, որ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրացնենք։

«Միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ»

Ուսումնասիրութեան յօդուած 24՝ 2020–ի օգոստոս 10-16։ Յօդուածին մէջ պիտի կեդրոնանանք Դաւիթ թագաւորի աղօթքին այն հատուածին վրայ, որ արձանագրուած է Սաղմոս 86։11, 12–ի մէջ։ Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովայի անունէն վախնալ։ Ինչո՞ւ այդ փառաւոր անուան հանդէպ պէտք է խոր յարգանք ունենանք։ Եւ Աստուծմէ վախնալը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ պաշտպանել փորձութեան տեղի տալէ։

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Գաղատացիս 5։22, 23–ի մէջ նշուած յատկութիւնները, «Հոգիին պտուղ»ին միա՞կ երեսակներն են։

«Իմ ոչխարներս պիտի փնտռեմ»

Ուսումնասիրութեան յօդուած 25՝ 2020–ի օգոստոս 17-23։ Ինչո՞ւ ոմանք, որոնք տարիներ շարունակ հաւատարմաբար Եհովային ծառայած են, ժողովքէն կը հեռանան։ Աստուած անոնց հանդէպ ինչպէ՞ս կը զգայ։ Յօդուածը այս երկու հարցումներուն կը պատասխանէ։ Անիկա նաեւ կը քննարկէ, թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ այն կերպէն, որով Եհովան աստուածաշնչական ժամանակներուն օգնեց կարգ մը անհատներու, որոնք իրմէ ժամանակաւորապէս հեռացան։

«Ինծի դարձէք»

Ուսումնասիրութեան յօդուած 26՝ 2020–ի օգոստոս 24-30։ Եհովան կ’ուզէ որ իրեն վերադառնան անոնք, որոնք այլեւս ժողովքին չեն ընկերակցիր։ Շատ բան կրնանք ընել օգնելու անոնց, որոնք կ’ընդունին Եհովայի հրաւէրը. «Ինծի դարձէք»։ Յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք այդ մէկը ընել։