Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 25

«Իմ ոչխարներս պիտի փնտռեմ»

«Իմ ոչխարներս պիտի փնտռեմ»

«Իմ ոչխարներս պիտի փնտռեմ ու անոնց հոգ տանիմ» (ԵԶԵԿ. 34։11, ՆԱ

ԵՐԳ 3 «Աստուած սէր է»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Եհովան ինչպէ՞ս կաթնտու մօր պէս է։

ԵՍԱՅԻ մարգարէի օրերուն Եհովան հարցուց. «Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ»։ Ապա իր ժողովուրդին ըսաւ. «Թէեւ անոնք մոռնան, բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ» (Եսա. 49։15)։ Եհովան սովորաբար ինքզինք չի բաղդատեր մօր մը հետ։ Սակայն այս պարագային, ան գործածեց մօր եւ անոր մանուկին միջեւ եղած կապը, որպէսզի յայտնէ թէ որքա՜ն իր ծառաներուն կապուած է։ Մայրերուն մեծամասնութիւնը Ժասմին * անունով քրոջ պէս կը զգան։ Ան ըսաւ թէ երբ նորածին մը ունենաս, «անոր հետ կը հաստատես շատ յատուկ կապ մը, որ ամբողջ կեանքին ընթացքին կը մնայ»։

2. Եհովան ի՞նչ կը զգայ, երբ իր զաւակներէն մէկը իրմէ կը հեռանայ։

2 Եհովան կը նկատէ, երբ իր զաւակներէն մէկը կը դադրի ժողովքին հետ ընկերակցելէ ու քարոզելէ։ Ուստի որքա՜ն ցաւ զգացած ըլլալու է, տեսնելով որ իւրաքանչիւր տարի իր ծառաներէն հազարաւորներ անգործունեայ * կը դառնան։

3. Եհովան ի՞նչ կ’ուզէ։

3 Անգործունեայ դարձած այդ թանկագին եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր ժողովքին կը վերադառնան, ինչ որ մեզ շա՜տ կ’ուրախացնէ։ Եհովան կ’ուզէ՛ որ վերադառնան, ինչպէս նաեւ՝ մենք (Ա. Պետ. 2։25)։ Ինչպէ՞ս կրնանք անոնց օգնել։ Պատասխանելէ առաջ, լաւ կ’ըլլայ որ գիտնանք, թէ ինչո՛ւ ոմանք այլեւս ժողովներու չեն գար եւ ծառայութեան չեն մասնակցիր։

ՈՄԱՆՔ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ԴԱԴՐԻՆ ԵՀՈՎԱՅԻ ԾԱՌԱՅԵԼԷ

4. Աշխարհիկ գործը ինչպէ՞ս կրնայ ոմանց ազդել։

4 Ոմանք թոյլ տուած են, որ իրենց գործը ամենակարեւոր բանը դառնայ իրենց կեանքին մէջ։ Հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ ապրող Հունկ անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Աշխարհիկ գործիս չափազանց ժամանակ ու կորով տրամադրեցի։ Անխոհեմաբար մտածեցի, որ եթէ դրամական վիճակս աւելի լաւ ըլլայ, աւելի լաւ կրնամ Եհովայի ծառայել։ Ատոր համար, յաւելեալ ժամեր աշխատեցայ։ Աստիճանաբար սկսայ ժողովներէն բացակայիլ եւ ի վերջոյ՝ ժողովքէն հեռացայ։ Այնպէս կ’երեւի թէ աշխարհը այնպէս մը ծրագրուած է, որ մարդիկը Աստուծմէ կամաց–կամաց հեռացնէ»։

5. Քոյր մը իր խնդիրներէն ինչպէ՞ս ազդուեցաւ։

5 Կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր բազմաթիւ խնդիրներ ունին, որոնք զիրենք կը վհատեցնեն։ Անգլիոյ մէջ, Էն մայր մըն է, որ հինգ զաւակներ ունի։ Ան կը բացատրէ. «Տղաներէս մէկը ֆիզիքապէս անկարող ծնաւ։ Ժամանակի ընթացքին, աղջիկներէս մէկը վտարուեցաւ, իսկ երկրորդ տղաս մտային խանգարում ունեցաւ։ Այնքա՛ն ընկճուեցայ, որ վազ անցայ ժողովներու երթալէ ու քարոզելէ։ Ի վերջոյ, անգործունեայ դարձայ»։ Որքա՜ն կը ցաւինք Էնին եւ իր ընտանիքին համար, ինչպէս նաեւ ուրիշներու համար, որոնք նոյնանման խնդիրներ ունին։

6. Եթէ մէկը Կողոսացիս 3։13–ի խրատը չգործադրէ, ինչո՞ւ կրնայ Եհովայի ժողովուրդէն հեռանալ։

6 Կարդա՛ Կողոսացիս 3։13։ Եհովայի ծառաներէն ոմանք վիրաւորուած են հաւատակիցի մը ըսածէն կամ ըրածէն։ Պօղոս առաքեալ նշեց, որ երբեմն կրնանք եղբօր մը կամ քրոջ մը դէմ տրտնջալու վաւերական պատճառ ունենալ։ Թերեւս նոյնիսկ անարդարութեան զոհ գացած ենք։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք դժգոհութեամբ լեցուիլ։ Դառնութիւնը ի վերջոյ կրնայ պատճառ դառնալ, որ անհատը Աստուծոյ ժողովուրդէն հեռանայ։ Նկատի առ Փապլօ անունով եղբօր փորձառութիւնը, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ կ’ապրի։ Ան ամբաստանուեցաւ որ սխալ մը գործած է։ Ան անմեղ էր, բայց երէցները ըսուած սուտին հաւատալով զինք զրկեցին իր առանձնաշնորհումէն։ Փապլօ ինչպէ՞ս հակազդեց։ Ան կ’ըսէ. «Բարկութեամբ եռացի եւ աստիճանաբար ժողովքէն հեռացայ»։

7. Յանցաւոր զգացող անհատին ի՞նչ կրնայ պատահիլ։

7 Կամ, եթէ անհատ մը անցեալին լուրջ մեղք մը գործած է, թերեւս երկար ժամանակ յանցաւոր զգայ։ Ան թերեւս խորհի որ կարելի չէ որ Աստուած զինք դարձեալ սիրէ։ Նոյնիսկ եթէ զղջացած է, թերեւս զգայ որ այլեւս արժանի չէ Աստուծոյ ժողովուրդին մէկ մասը ըլլալու։ Ֆրանսիսգօ անունով եղբայր մը այդպէս զգաց։ Ան կ’ըսէ. «Սեռային անբարոյութիւն գործելուս համար յանդիմանուեցայ։ Թէեւ սկիզբը շարունակեցի ժողովներուն ներկայ գտնուիլ, բայց ընկճուեցայ եւ զգացի որ այլեւս արժանի չեմ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ըլլալու։ Խիղճս տակաւին կը տանջէր եւ համոզուած էի որ Եհովան ինծի չէր ներած։ Ժամանակ մը ետք, ժողովքէն հեռացայ»։ Ինչպէ՞ս կը զգաս այն եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ, որոնք մեր քննարկած խնդիրներուն պէս խնդիրներ կը դիմագրաւեն։ Անոնց կը կարեկցի՞ս։ Աւելի կարեւորը, Եհովան անոնց հանդէպ ինչպէ՞ս կը զգայ։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՐ ՈՉԽԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՍԻՐԷ

Իսրայէլացի հովիւը կորսուած ոչխարին սրտանց հոգ կը տանէր (տե՛ս պարբերութիւն 8-9) *

8. Եհովան կը մոռնա՞յ անոնք, որոնք ատեն մը իրեն ծառայած են. բացատրէ։

8 Եհովան չի մոռնար անոնք, որոնք անգամ մը իրեն կը ծառայէին, բայց այժմ իր ժողովուրդին չեն ընկերակցիր։ Ան նաեւ չի մոռնար անոնց մատուցած ծառայութիւնը իրեն (Եբ. 6։10)։ Եսայի մարգարէն գեղեցիկ կերպով նկարագրեց, թէ ինչպէս Եհովան իր ժողովուրդին հոգ կը տանի։ Ան գրեց. «Անիկա հովիւի պէս իր հօտը պիտի հովուէ. գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ» (Եսա. 40։11)։ Մեծ Հովիւը ինչպէ՞ս կը զգայ, երբ իր ոչխարներէն մէկը հօտէն մոլորի։ Յիսուս Եհովայի զգացումները յայտնեց, երբ իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ի՞նչպէս կ’երեւնայ ձեզի. եթէ մարդ մը հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը մոլորի, իննսունինը ոչխարը լեռները չի՞ ձգեր ու երթար մոլորածը փնտռեր։ Եթէ գտնելու ըլլայ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ աւելի ուրախ կ’ըլլայ անոր վրայ, քան թէ իննսունիննին՝ որոնք մոլորած չէին» (Մատ. 18։12, 13

9. Լաւ հովիւը ինչպէ՞ս կը վարուի իր ոչխարներուն հետ (տե՛ս կողքին նկարը)։

9 Ինչո՞ւ յարմար է Եհովան նմանցնել հովիւի։ Քանի որ լաւ հովիւը սրտանց հոգ կը տանի իր ոչխարներուն։ Օրինակ, Դաւիթ կռուեցաւ առիւծի մը եւ արջի մը հետ, որպէսզի իր հօտը պաշտպանէ (Ա. Թագ. 17։34, 35)։ Լաւ հովիւը վստահաբար կը նկատէ, եթէ նոյնիսկ մէկ ոչխար իր հօտէն պակսի (Յովհ. 10։3, 14)։ Այսպիսի հովիւ մը իր 99 ոչխարները պիտի ձգէր փարախի մը մէջ կամ պիտի յանձնէր ուրիշ հովիւներու հոգատարութեան եւ երթար կորսուած ոչխարը փնտռելու։ Յիսուս այս առակով մեզի կարեւոր ճշմարտութիւն մը սորվեցուց. «Ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի» (Մատ. 18։14

Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, հովիւ մը կորսուած ոչխարի մը հոգ կը տանի (տե՛ս պարբերութիւն 9)

ԵՀՈՎԱՆ ԻՐ ՈՉԽԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՓՆՏՌԷ

10. Եզեկիէլ 34։11-16–ի համաձայն, Եհովան ի՞նչ խոստացաւ ընել իր կորսուած ոչխարներուն համար։

10 Եհովան ամէն մէկս կը սիրէ, ներառեալ՝ «պզտիկներ»ը, որոնք իր հօտէն մոլորած են։ Ան Եզեկիէլ մարգարէին միջոցաւ խոստացաւ, որ պիտի փնտռէր իր կորսուած ոչխարները եւ անոնց պիտի օգնէր, որ իրենց հոգեւոր առողջութիւնը վերագտնէին։ Եւ ան նշեց թէ ի՛նչ մասնայատուկ քայլերով զանոնք պիտի փրկէր. քայլեր, որոնք իսրայէլացի հովիւը կ’առնէր, եթէ ոչխար մը կորսուէր (կարդա՛ Եզեկիէլ 34։11-16)։ Նախ, հովիւը կը փնտռէր ոչխարը, ինչ որ կը պահանջէր շատ ժամանակ ու ջանք։ Ոչխարը գտնելէ ետք, զայն հօտին կը վերադարձնէր։ Եթէ ոչխարը վիրաւորուած կամ անօթի ըլլար, հովիւը սիրով անոր կ’օգնէր, վէրքերը փաթթելով, զայն կրելով ու կերակրելով։ Երէցները՝ «Աստուծոյ հօտ»ին հովիւները, պէտք է այս նոյն քայլերը առնեն, օգնելու համար ոեւէ անհատի որ ժողովքէն հեռացած է (Ա. Պետ. 5։2, 3)։ Երէցները զանոնք կը փնտռեն, անոնց կ’օգնեն որ ժողովքին վերադառնան եւ անոնց հանդէպ սէր կը ցուցաբերեն՝ հարկ եղած հոգեւոր օգնութիւնը մատուցանելով *։

11. Լաւ հովիւը ի՞նչ բանի կը գիտակցէր։

11 Լաւ հովիւը կը գիտակցէր, որ ոչխարը կրնար կորսուիլ։ Ուստի մոլորած ոչխարին հետ կոշտօրէն չէր վարուեր։ Նկատի առ, թէ Աստուած ի՛նչ ըրաւ, երբ օգնեց իր կարգ մը ծառաներուն, որոնք ժամանակ մը իրմէ հեռացան։

12. Եհովան ինչպէ՞ս Յովնանին հետ վարուեցաւ։

12 Յովնան մարգարէն իր նշանակումէն փախուստ տուաւ։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան արագօրէն իր ձեռքերը չլուաց անկէ։ Բարի հովիւի մը նման, Եհովան զինք փրկեց եւ օգնեց, որ իր նշանակումը կատարելու հարկ եղած զօրութիւնը ունենայ (Յովն. 2։7. 3։1, 2)։ Ետքը, Եհովան դդմենի մը գործածելով Յովնանին օգնեց, որ ըմբռնէ իւրաքանչիւր մարդու կեանքին արժէքը (Յովն. 4։10, 11)։ Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Երէցները պէտք չէ արագօրէն իրենց յոյսը կտրեն անոնցմէ, որոնք անգործունեայ կը դառնան։ Անոնք պէտք է ջանան գիտնալ, թէ ի՛նչ պատճառով ոչխարը հօտէն մոլորեցաւ։ Իսկ երբ այդ ոչխարը Եհովային վերադառնայ, երէցները կը շարունակեն սիրալիրօրէն անով հետաքրքրուիլ։

13. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Եհովայի հակազդեցութենէն սաղմոսերգուին ըսածին։

13 73–րդ սաղմոսը յօրինողը վհատեցաւ, երբ տեսաւ ամբարիշտներուն երեւութական յաջողութիւնը։ Ան հարց տուաւ թէ արդեօք կ’արժէ՞ Աստուծոյ կամքը կատարել (Սաղ. 73։12, 13, 16)։ Եհովան ինչպէ՞ս հակազդեց։ Զայն չդատապարտեց, եւ նոյնիսկ անոր խօսքերը գրել տուաւ Աստուածաշունչին մէջ։ Սաղմոսերգուն ի վերջոյ գիտակցեցաւ, որ Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալէն աւելի արժէքաւոր բան չկայ եւ ատիկա է, որ կեանքին իմաստ կու տայ (Սաղ. 73։23, 24, 26, 28)։ Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Երէցները պէտք չէ արագօրէն դատեն անոնք, որոնք կը սկսին հարցականի տակ առնել Եհովայի ծառայելուն օգուտները։ Զանոնք դատապարտելու տեղ, երէցները պէտք է ջանան հասկնալ, թէ անոնք ինչո՛ւ որոշ կերպով կը խօսին եւ կը վարուին։ Միայն այն ատեն երէցները կրնան անոնց ուշադրութեան յանձնել մասնայատուկ համարներ, զանոնք քաջալերելու համար։

14. Եղիան ինչո՞ւ օգնութեան պէտք ունեցաւ, եւ Եհովան ի՞նչ ըրաւ։

14 Եղիա մարգարէն Յեզաբէլ թագուհիէն վախնալով փախաւ (Գ. Թագ. 19։1-3)։ Ան խորհեցաւ որ միայն ինք որպէս մարգարէ Եհովայի կը ծառայէր, եւ կարծեց որ իր ծառայութիւնը ապարդիւն էր։ Ան այնքա՛ն ընկճուեցաւ, որ ուզեց մեռնիլ (Գ. Թագ. 19։4, 10)։ Փոխանակ զինք դատապարտելու, Եհովան զինք վստահեցուց թէ առանձին չէր, թէ կրնար Իր զօրութեան ապաւինիլ եւ թէ տակաւին ընելիք շատ բաներ ունէր։ Եհովան Եղիայի մտահոգութիւնները ազնուօրէն լսեց եւ անոր տուաւ նոր նշանակումներ (Գ. Թագ. 19։11-16, 18)։ Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Բոլորս, յատկապէս երէցները, պէտք է Եհովայի ոչխարներուն հետ ազնուօրէն վարուինք։ Երէցները կորսուած ոչխարին ականջ կու տան, մինչ իր սիրտը կը պարպէ, թերեւս ըսելով բարկութեան խօսքեր կամ թէ Եհովայի ողորմութեան արժանի չէ։ Ետքը, անոնք կը ջանան անհատը վստահեցնել, թէ Եհովան զինք կ’արժեւորէ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ՆԿԱՏԵՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՈՉԽԱՐՆԵՐԸ

15. Ըստ Յովհաննէս 6։39–ի, Յիսուս ինչպէ՞ս նկատեց իր Հօր ոչխարները։

15 Եհովան կ’ուզէ, որ ինչպէ՞ս նկատենք իր կորսուած ոչխարները։ Պատասխանը կ’առնենք Յիսուսի օրինակէն։ Ան գիտէր, որ բոլոր ոչխարներն ալ Աստուծոյ աչքին թանկագին են, ուստի իր ամէն կարելին ըրաւ, որպէսզի օգնէ «Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն», որ Եհովային վերադառնան (Մատ. 15։24. Ղուկ. 19։9, 10)։ «Բարի հովիւը» ըլլալով, Յիսուս ամէն ջանք թափեց, որպէսզի Եհովայի ոչխարներէն ո՛չ մէկը կորսուի (կարդա՛ Յովհաննէս 6։39

16-17. Երէցները ինչպէ՞ս պէտք է նկատեն կորսուած ոչխարները (տե՛ս « Կորսուած ոչխարին զգացումները» շրջանակը)։

16 Պօղոս առաքեալ Եփեսոսի ժողովքին երէցները քաջալերեց, որ Յիսուսի օրինակին հետեւին, ըսելով թէ պէտք է «տկարներուն օգնութիւն ընել եւ միտք բերել Տէր Յիսուսին խօսքը՝ որ ինք ըսաւ. ‘Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը’» (Գործք 20։17, 35)։ Յստակ է որ այսօր երէցները այս ուղղութեամբ մասնաւոր պատասխանատուութիւն ունին։ Սպանիոյ մէջ Սալվատոր անունով երէց մը կը բացատրէ. «Երբ կը մտածեմ որ Եհովան որքա՜ն հետաքրքրուած է իր կորսուած ոչխարներով, կը մղուիմ ամէն կարելիս ընելու, որ անոնց օգնեմ։ Իբրեւ հոգեւոր հովիւ, համոզուած եմ որ Եհովան կ’ուզէ, որ անոնց հոգ տանիմ»։

17 Այս յօդուածին մէջ նշուած բոլոր անհատները, որոնք ժողովքէն հեռացած էին, օգնութիւն ստանալով վերադարձան Եհովային։ Ճիշդ այս պահուն, կորսուած ոչխարներէն շատեր կ’ուզեն նոյնը ընել։ Յաջորդ յօդուածը աւելի մանրամասնութեամբ պիտի քննարկէ, թէ ի՛նչ կրնանք ընել անոնց օգնելու, որ Եհովային վերադառնան։

ԵՐԳ 134 Կեանքդ պատկերացուր նոր աշխարհին մէջ

^ պարբ. 5 Ինչո՞ւ ոմանք, որոնք տարիներ շարունակ հաւատարմաբար Եհովային ծառայած են, ժողովքէն կը հեռանան։ Աստուած անոնց հանդէպ ինչպէ՞ս կը զգայ։ Յօդուածը այս երկու հարցումներուն կը պատասխանէ։ Անիկա նաեւ կը քննարկէ, թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ այն կերպէն, որով Եհովան աստուածաշնչական ժամանակներուն օգնեց կարգ մը անհատներու, որոնք իրմէ ժամանակաւորապէս հեռացան։

^ պարբ. 1 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 2 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Անգործունեայ հրատարակիչը այն հրատարակիչն է, որ վեց ամիս կամ աւելի տեղեկագիր չէ ներկայացուցած, որ քարոզչութեան մասնակցած է։ Այսուհանդերձ, անգործունեայ հրատարակիչները տակաւին մեր եղբայրներն ու քոյրերն են, եւ զանոնք կը սիրենք։

^ պարբ. 10 Յաջորդ յօդուածը պիտի բացատրէ, թէ երէցները ինչպէ՛ս կրնան այս երեք քայլերը առնել։

^ պարբ. 60 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ոչխար մը կորսուելէ ետք, հոգատար իսրայէլացի հովիւը զայն կը փնտռէր ու կ’օգնէր, որ հօտին վերադառնար։ Ներկայիս, հոգեւոր հովիւները նոյնը կ’ընեն։

^ պարբ. 64 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Անգործունեայ քոյր մը, մինչ կը սպասէ որ իր պասը մեկնի, կը տեսնէ երկու Վկաներ, որոնք ուրախութեամբ կը մասնակցին հանրային վկայութեան։