Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 24

«Միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ»

«Միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ»

«Միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ։ Իմ բոլոր սրտովս քեզ պիտի գովեմ, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս» (ՍԱՂ. 86։11, 12

ԵՐԳ 23 Եհովան մեր զօրութիւնն է

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ի՞նչ է Աստուծոյ վախը, եւ ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ Եհովան սիրողները զայն ունենան։

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ թէ՛ Աստուած կը սիրեն եւ թէ անկէ կը վախնան։ Ոմանց համար ասիկա կրնայ հակասական թուիլ, բայց չենք խօսիր սարսափի զգացումին մասին։ Պիտի քննարկենք վախի յատուկ տեսակ մը։ Զայն ունեցողները Աստուծմէ կ’ակնածին ու զինք անկեղծօրէն կը յարգեն։ Անոնք չեն ուզեր իրենց երկնաւոր Հայրը նեղացնել, քանի որ չեն ուզեր որ անոր հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը վնասուի (Սաղ. 111։10. Առ. 8։13

2. Սաղմոս 86։11–ի մէջ արձանագրուած Դաւիթ թագաւորի խօսքերուն վրայ հիմնուելով, ի՞նչ երկու բաներ պիտի քննարկենք։

2 Կարդա՛ Սաղմոս 86։11։ Այս խօսքերուն մասին մտածելով, կրնաս յստակօրէն տեսնել, թէ հաւատարիմ Դաւիթ թագաւորը ըմբռնեց Աստուծոյ վախին կարեւորութիւնը։ Նկատի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք Դաւիթի ներշնչեալ խօսքերուն համաձայն գործել։ Առաջին, պիտի քննենք թէ ինչո՛ւ պէտք է Աստուծոյ անուան հանդէպ խոր յարգանք ունենանք։ Երկրորդ, պիտի քննարկենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք Աստուծոյ անուան հանդէպ խոր յարգանք ցոյց տալ մեր առօրեայ կեանքին մէջ։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ԵՀՈՎԱՅԻ ԱՆՈՒԱՆ ՀԱՆԴԷՊ ԽՈՐ ՅԱՐԳԱՆՔ ՈՒՆԵՆԱՆՔ

3. Ի՞նչ փորձառութիւն թերեւս Մովսէսին օգնեց, որ Աստուծոյ անունը շարունակ յարգէ։

3 Մտածէ թէ Մովսէս ի՛նչ զգաց, երբ ժայռի մը խոռոչէն տեսաւ Եհովայի փառքը՝ ատոր անցնելէն ետք։ Ասիկա հաւանաբար ամէնէն հիանալի փորձառութիւնն էր, որ մարդ արարածը ունեցաւ Յիսուս Քրիստոսի գալէն առաջ։ Մովսէս հետեւեալ խօսքերը լսեց, հաւանաբար հրեշտակի մը կողմէ ըսուած. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող» (Ել. 33։17-23. 34։5-7)։ Մովսէս թերեւս այդ դէպքը կը յիշէր, երբ Եհովա անունը գործածէր։ Եւ զարմանալի չէ, որ ան յետագային Աստուծոյ ժողովուրդը յորդորեց, որ «անոր պատուական ու ահաւոր անունէն» վախնան (Բ. Օր. 28։58

4. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ Եհովան ա՛լ աւելի յարգենք։

4 Երբ Եհովա անուան մասին կը մտածենք, լաւ կ’ըլլայ որ խոկանք այդ անունը կրողին մասին։ Պէտք է յիշենք անոր յատկութիւնները, ինչպէս՝ անոր զօրութիւնը, իմաստութիւնը, արդարութիւնն ու սէրը։ Այս եւ ուրիշ յատկութիւններու վրայ խոկալը կրնայ մեզ մղել, որ զինք ա՛լ աւելի յարգենք (Սաղ. 77։11-15

5-6. ա) Ի՞նչ է Աստուծոյ անուան նշանակութիւնը։ բ) Ելից 3։13, 14 եւ Եսայի 64։8–ի համաձայն, Եհովան ի՞նչ կերպերով իր ամէն ուզածը կ’ընէ։

5 Աստուծոյ անուան նշանակութեան մասին ի՞նչ գիտենք։ Ուսումնականներէն շատեր համակարծիք են, թէ Եհովա անուան նշանակութիւնն է՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ»։ Այդ նշանակութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ բան մը չկայ որ կրնայ արգելք ըլլալ որ Եհովան իր կամքը կատարէ, եւ թէ ան կրնայ իր ամէն ուզածը ընել։ Ինչպէ՞ս։

6 Եհովան կ’ըլլայ ի՛նչ որ անհրաժեշտ է՝ իր նպատակը իրագործելու համար (կարդա՛ Ելից 3։13, 14) *։ Մեր հրատարակութիւններուն մէջ, մեզի յաճախ քաջալերութիւն տրուած է, որ խոկանք Աստուծոյ անձնաւորութեան այդ հիանալի երեսակին մասին։ Եհովան նաեւ կրնայ պատճառել, որ իր անկատար ծառաները ըլլան ի՛նչ որ անհրաժեշտ է՝ իրեն ծառայելու եւ իր նպատակը իրագործելու համար (կարդա՛ Եսայի 64։8)։ Այս կերպերով Եհովան կը պատճառէ, որ իր կամքը կատարուի, եւ ո՛չ մէկ բան կրնայ իրեն արգելք հանդիսանալ (Եսա. 46։10, 11

7. Ինչպէ՞ս կրնանք երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր գնահատանքը աւելցնել։

7 Երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր գնահատանքը կրնանք աւելցնել, խոկալով իր ըրածներուն մասին եւ այն բաներուն մասին, որ մեզ կարող դարձուցած է որ ընենք։ Օրինակ, երբ կը խոկանք ստեղծագործութեան սքանչելիքներուն մասին, մեծապէս կը տպաւորուինք ամէն բանով, որ պատճառած է որ գոյութիւն ունենայ (Սաղ. 8։3, 4)։ Եւ երբ կը խոկանք, թէ Եհովան ի՛նչ պատճառած է որ ըլլանք, որպէսզի իր կամքը կատարենք, իրեն հանդէպ խոր յարգանք կը զարգացնենք։ Եհովա անունը իրապէս ահաւոր է։ Անիկա կը պարփակէ մեր Հօր անձնաւորութեան բոլոր երեսակները, անոր բոլոր ըրածները եւ բոլոր ընելիքները (Սաղ. 89։7, 8

«ՏԷՐՈՋԸ ԱՆՈՒՆԸ ՊԻՏԻ ԿԱՆՉԵՄ»

Մովսէսի սորվեցուցածը թարմացուցիչ էր։ Անիկա Եհովա Աստուծոյ անուան ու անձնաւորութեան վրայ կը կեդրոնանար (տե՛ս պարբերութիւն 8) *

8. Բ. Օրինաց 32։2, 3–ի համաձայն, Եհովան կ’ուզէ որ իր ծառաները ինչպէ՞ս վարուին իր անուան հետ։

8 Իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրը մտնելէ ճիշդ առաջ, Եհովան Մովսէսին ըսաւ երգի մը բառերը (Բ. Օր. 31։19)։ Մովսէս, իր կարգին, այդ երգը ժողովուրդին պէտք էր սորվեցնէր (կարդա՛ Բ. Օրինաց 32։2, 32–րդ եւ 3–րդ համարները յստակօրէն ցոյց կու տան, թէ Եհովան չ’ուզեր որ իր անունը ծածկուի, սեպելով որ այնքա՛ն սուրբ է որ պէտք չէ հնչուի։ Ան կ’ուզէ որ բոլո՛րը ճանչնան իր անունը։ Իսրայէլացիներուն համար ի՜նչ առանձնաշնորհում էր, որ Մովսէս իրենց սորվեցնէր Եհովայի մասին ու անոր փառաւոր անուան մասին։ Մովսէսի սորվեցուցածը զիրենք կազդուրեց ու թարմացուց, մեղմ անձրեւի նման՝ կանանչեղէնի վրայ։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր սորվեցնելու կերպն ալ այդպէս է։

9. Ինչպէ՞ս Եհովայի անուան սրբացման մէջ բաժին կը բերենք։

9 Երբ տունէ տուն կը քարոզենք կամ հանրային վկայութեան կը մասնակցինք, կրնանք Աստուածաշունչէն մարդոց ցոյց տալ Աստուծոյ անձնական անունը՝ Եհովա։ Կրնանք անոնց ներկայացնել Եհովան պատուող գեղեցիկ հրատարակութիւններ, ընտիր վիտէօներ եւ մեր կայքին մէջ նիւթեր։ Գործատեղը, դպրոցին մէջ կամ ճամբորդութեան ընթացքին, պատեհութիւններ օգտագործելով կրնանք խօսիլ մեր սիրելի Աստուծոյն ու անոր անձնաւորութեան մասին։ Երբ անոնց կը պատմենք այն սքանչելի բաները, որոնք Եհովան պիտի ընէ մեզի եւ երկրին համար, անոնք թերեւս առաջին անգամ ըլլալով անդրադառնան, թէ Եհովան որքա՜ն մարդկութիւնը կը սիրէ։ Մեր սիրառատ Հօր մասին ճշմարտութիւնը ըսելով, անոր անուան սրբացման մէջ բաժին կը բերենք։ Մարդոց կ’օգնենք հասկնալու, թէ Եհովայի մասին շատ սուտեր սորված են։ Անոնց կը ներկայացնենք մատչելի եղող լաւագոյն կազդուրիչ ու թարմացուցիչ ուսուցումները (Եսա. 65։13, 14

10. Ինչո՞ւ բաւարար չէ Աստուածաշունչի աշակերտներուն միայն Աստուծոյ օրէնքները սորվեցնել։

10 Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարենք, կ’ուզենք աշակերտներուն օգնել որ Աստուծոյ անունը գիտնան ու գործածեն։ Ասկէ զատ, կ’ուզենք անոնց օգնել, որ Եհովան լիովին ճանչնան։ Ասիկա պիտի իրագործե՞նք, եթէ պարզապէս սորվեցնենք ուղղութիւններ, աստուածային չափանիշներ ու վարքի կանոններ։ Լաւ աշակերտ մը կրնայ Աստուծոյ օրէնքները սորվիլ, եւ նոյնիսկ հիանալ անոնց վրայ. բայց արդեօք Եհովայի պիտի հնազանդի՞, զինք սիրելով որպէս Անձ։ Յիշէ որ Եւան Աստուծոյ օրէնքը գիտէր, բայց իսկապէս չսիրեց Օրէնսդիրը. նոյնը կրնանք ըսել Ադամի մասին (Ծն. 3։1-6)։ Ուրեմն Աստուծոյ արդար պահանջներուն ու չափանիշներուն մասին սորվեցնելէն աւելին պէտք է ընենք։

11. Երբ Աստուծոյ օրէնքներուն ու չափանիշներուն մասին կը սորվեցնենք, ինչպէ՞ս կրնանք աշակերտներուն օգնել, որ սկսին Օրէնսդիրը սիրել։

11 Եհովայի պահանջներն ու չափանիշները միշտ օգտակար են մեզի (Սաղ. 119։97, 111, 112)։ Բայց մեր աշակերտները այդպէս պիտի չնկատեն, եթէ օրէնքներուն ետին չտեսնեն Եհովայի սէրը։ Ուստի կրնանք մեր աշակերտներուն հարցնել. «Քու կարծիքովդ, Աստուած ինչո՞ւ իր ծառաներէն կը խնդրէ, որ այսինչ բանը ընեն (կամ չընեն)։ Ասիկա մեզի ի՞նչ կը յայտնէ իր մասին որպէս Անձ»։ Եթէ մեր աշակերտներուն օգնենք, որ Եհովայի մասին մտածեն ու իր փառաւոր անունը իրապէս սիրեն, աւելի հաւանական է որ իրենց սրտին հասնինք։ Անոնք պիտի սկսին սիրել ոչ միայն օրէնքները, այլեւ Օրէնսդիրը (Սաղ. 119։68)։ Անոնց հաւատքը պիտի զօրանայ եւ պիտի կարենան գալիք դժուար փորձութիւններուն տոկալ (Ա. Կոր. 3։12-15

«ՄԵՐ ՏԷՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅՆ ԱՆՈՒՆՈՎԸ ՊԻՏԻ ՔԱԼԵՆՔ»

Դաւիթ անգամ մը թոյլ տուաւ, որ իր սիրտը բաժնուի (տե՛ս պարբերութիւն 12)

12. Դաւիթ անգամ մը ինչպէ՞ս չկրցաւ իր սիրտը միացած պահել, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

12 Սաղմոս 86։11–ի մէջ կարեւոր արտայայտութիւն մը կայ՝ «Միացուր իմ սիրտս»։ Դաւիթ թագաւոր ներշնչման ներքեւ այդ խօսքը գրեց։ Ան իր կեանքի ընթացքին տեսաւ, թէ որքա՜ն դիւրին է թոյլ տալ որ սիրտը բաժնուի։ Առիթով մը, ան պալատին տանիքն էր ու տեսաւ ամուսնացած կին մը, որ կը լուացուէր։ Այդ պահուն, Դաւիթին սիրտը միացա՞ծ էր, թէ՞ բաժնուած էր։ Ան գիտէր Եհովայի չափանիշը. «Քու դրացիիդ կնոջը. . . մի՛ ցանկար» (Ել. 20։17)։ Բայց եւ այնպէս, ան շարունակեց նայիլ։ Անոր սիրտը բաժնուեցաւ. մէկ կողմէ, կնոջ՝ Բերսաբէին՝ կը ցանկար, իսկ միւս կողմէ, կ’ուզէր Եհովան հաճեցնել։ Թէեւ Դաւիթ երկար ժամանակէ ի վեր Եհովան կը սիրէր ու անկէ կը վախնար, բայց իր անձնասէր ցանկութեան տեղի տուաւ։ Այդ պահուն, Դաւիթ շատ գէշ ընթացք բռնեց։ Ան Եհովայի անուան նախատինք բերաւ, ինչպէս նաեւ՝ ահռելի վնաս հասցուց անմեղ անհատներու, մէջը ըլլալով՝ իր ընտանիքը (Բ. Թագ. 11։1-5, 14-17. 12։7-12

13. Ինչպէ՞ս գիտենք որ Դաւիթի սիրտը դարձեալ միացաւ։

13 Եհովան Դաւիթը պատժեց, եւ ան Եհովայի հետ իր լաւ փոխյարաբերութիւնը վերականգնեց (Բ. Թագ. 12։13. Սաղ. 51։2-4, 17)։ Դաւիթ յիշեց այն խնդիրները եւ ցաւալի վիճակը որ ունեցաւ, երբ թոյլ տուաւ որ իր սիրտը բաժնուի։ Սաղմոս 86։11–ի մէջ արձանագրուած իր խօսքը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ «Ինծի չբաժնուած սիրտ տուր»։ Արդեօք Եհովան Դաւիթին օգնե՞ց, որ իր սիրտը միացած պահէ։ Այո՛, քանի որ Եհովայի Խօսքը յետագային Դաւիթի մասին կ’ըսէ, թէ ‘անոր սիրտը իր Տէր Աստուծոյն հետ կատարեալ էր’ (Գ. Թագ. 11։4. 15։3

14. Մենք մեզի ի՞նչ պէտք է հարցնենք, եւ ինչո՞ւ։

14 Դաւիթի օրինակը թէ՛ քաջալերական եւ թէ ազդարարական է։ Լուրջ մեղքի մէջ անոր իյնալը զգուշացում մըն է Աստուծոյ ծառաներուն համար այսօր։ Ըլլա՛նք Եհովայի ծառաներ վերջերս կամ տարիներէ ի վեր, պէտք է մենք մեզի հարցնենք. ‘Դէմ կը դնե՞մ Սատանայի ջանքերուն, որ սիրտս բաժնէ’։

Սատանան ամէն բան պիտի փորձէ, որպէսզի սիրտդ բաժնէ։ Անոր բնաւ թոյլ մի՛ տար (տե՛ս պարբերութիւն 15-16) *

15. Աստուծոյ վախը մեզ ինչպէ՞ս կրնայ պաշտպանել, եթէ անբարոյ նկարներ մեր դիմաց ելլեն։

15 Օրինակ, եթէ հեռատեսիլի կամ համացանցի միջոցաւ նկար մը տեսնես, որ մէջդ անբարոյ ցանկութիւններ կրնայ արթնցնել, ինչպէ՞ս կը հակազդես։ Թերեւս դիւրին է պատճառաբանել, թէ նկարը կամ ֆիլմը ինքնին պոռնկագրական չէ։ Բայց ատիկա կրնա՞յ ըլլալ բան մը, որ Սատանան կը գործածէ սիրտդ բաժնելու համար (Բ. Կոր. 2։11)։ Այդ նկարը կրնայ սեպի մը նման ըլլալ, որ երկաթէ ձողիկ մըն է, որուն մէկ ծայրը բութ է, իսկ միւս ծայրը՝ սրցուած, եւ կը գործածուի փայտը ճեղքելու համար։ Նա՛խ սրցուած ծայրը կը դրուի փայտին վրայ։ Ապա շարունակական հարուածներով փայտը կը ճեղքուի ու երկու մասի կը բաժնուի։ Լրատուամիջոցներու մէջ ներկայացուած անբարոյ նկարները կրնա՞ն այդ սեպին սրցուած ծայրին պէս ըլլալ։ Ինչ որ աննշան ու երեւութապէս անվնաս սկիզբ կ’ունենայ, կրնայ արագօրէն անհատին սիրտը բաժնել ու զինք մղել, որ մեղք գործէ եւ իր ուղղամտութիւնը բեկանէ։ Ուստի որեւէ անպատշաճ բանի առջեւ սրտիդ դուռը թող փակ մնայ։ Սիրտդ միացած պահէ, որ Եհովայի անունէն վախնայ։

16. Երբ փորձութիւն մը դիմագրաւենք, ի՞նչ հարցումներ պէտք է մենք մեզի հարցնենք։

16 Անբարոյ նկարներէն զատ, Սատանան ուրիշ բազմաթիւ բաներ կը գործածէ, որպէսզի մեզ մղէ մեղքեր գործելու։ Ինչպէ՞ս կը հակազդենք։ Դիւրին է մտածել, թէ ատոնք այդքան ալ գէշ չեն։ Օրինակ, թերեւս պատճառաբանենք. ‘Ասիկա ընելով ես չեմ վտարուիր. ուստի շատ լուրջ բան մը չէ’։ Այս մտածումը մեծապէս թերի է։ Աւելի լաւ է որ մենք մեզի հետեւեալ հարցումները հարցնենք. ‘Արդեօք Սատանան կը ջանայ այս փորձութիւնը գործածել, որպէսզի սի՞րտս բաժնէ։ Եթէ սխալ ցանկութիւններուն տեղի տամ, Եհովայի անուան նախատինք պիտի բերե՞մ։ Այս արարքը զիս Աստուծոյ պիտի մօտեցնէ՞, թէ՞ անկէ պիտի հեռացնէ’։ Այսպիսի հարցումներու վրայ խոկա՛։ Աղօթքով իմաստութիւն խնդրէ, որպէսզի անոնց անկեղծօրէն պատասխանես, առանց ինքնախաբութեան (Յակ. 1։5)։ Ասիկա ընելով իրապէս կը պաշտպանուիս։ Կրնաս հաստատօրէն փորձութիւնը մերժել, ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ, երբ ըսաւ. «Ետիս գնա, Սատանա՛յ» (Մատ. 4։10

17. Օրինակով մը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ բաժնուած սիրտ ունենալը նպաստաւոր բան մը չէ։

17 Բաժնուած սիրտ ունենալը նպաստաւոր բան մը չէ։ Երեւակայէ որ մարզական խումբի մը անդամները իրարու հետ չեն համագործակցիր։ Ոմանք միայն իրենց փառքը կը փնտռեն, քանի մը հոգի կանոններուն համաձայն չեն խաղար, իսկ ոմանք ալ մարզիչին հետ անյարգալից կերպով կը վարուին։ Հաւանական չէ որ այդպիսի խումբ մը մրցում մը շահի։ Միւս կողմէ, խումբ մը որ միացած է, յաջողութիւն գտնելու աւելի հաւանականութիւն ունի։ Սիրտդ կրնայ այդ յաջող խումբին պէս ըլլալ, եթէ մտածումներդ, ցանկութիւններդ եւ զգացումներդ միացած են ու Եհովայի չափանիշներուն հետ ներդաշնակ են։ Մի՛ մոռնար որ Սատանայի սրտին փափաքն է, որ սիրտդ բաժնէ։ Ան կ’ուզէ որ պայքար մը ծագի մտածումներուդ, ցանկութիւններուդ եւ զգացումներուդ միջեւ, եւ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն չընթանան։ Սակայն, սիրտդ պէտք է լման ըլլայ, որպէսզի կարենաս Եհովային ծառայել (Մատ. 22։36-38)։ Բնա՛ւ թոյլ մի՛ տար որ Սատանան սիրտդ բաժնէ։

18. Միքիա 4։5–ի խօսքին համաձայն, ի՞նչ վճռած ես ընել։

18 Դաւիթին նման, Եհովայի աղօթէ. «Միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ»։ Ամէն կարելիդ ըրէ, որ այդ աղօթքին համաձայն ապրիս։ Իւրաքանչիւր օր, վճռէ որ որոշումներդ, պզտիկ թէ մեծ, ցոյց տան թէ Եհովայի սուրբ անունը խորապէս կը յարգես։ Այսպէս ընելով, որպէս Եհովայի վկայ, այդ անուան պատիւ պիտի բերես (Առ. 27։11)։ Եւ բոլորս պիտի կարենանք ըսել ինչ որ Միքիա մարգարէն ըսաւ. «Մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք» (Միք. 4։5

ԵՐԳ 56 Հաճիս աղօթքս լսէ

^ պարբ. 5 Յօդուածին մէջ պիտի կեդրոնանանք Դաւիթ թագաւորի աղօթքին այն հատուածին վրայ, որ արձանագրուած է Սաղմոս 86։11, 12–ի մէջ։ Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովայի անունէն վախնալ։ Ինչո՞ւ այդ փառաւոր անուան հանդէպ պէտք է խոր յարգանք ունենանք։ Եւ Աստուծմէ վախնալը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ պաշտպանել փորձութեան տեղի տալէ։

^ պարբ. 6 Այս համարին մէջ՝ «Ես եմ Որ Էն» արտայայտութիւնը կրնայ թարգմանուիլ. «Ես պիտի ըլլամ ինչ որ կ’ուզեմ ըլլալ»։

^ պարբ. 54 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Մովսէս Եհովան պատուող երգ մը սորվեցուց իսրայէլացիներուն։

^ պարբ. 58 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եւան սխալ ցանկութիւնները չմերժեց։ Բայց մենք կը մերժենք այն նկարները կամ հաղորդագրութիւնները, որոնք կը քաջալերեն սխալ ցանկութիւնները եւ կրնան մղել արարքներու, որոնք Աստուծոյ անուան նախատինք կը բերեն։