Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 22

Աստուածաշունչի աշակերտիդ օգնէ որ մկրտուի

Աստուածաշունչի աշակերտիդ օգնէ որ մկրտուի

«Ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի» (ԳՈՐԾՔ 2։38

ԵՐԳ 101 Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը գիտցնենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Առաջին դարուն, մեծ խումբի մը ի՞նչ ըսուեցաւ որ ընեն։

ՏՂԱՄԱՐԴՈՑ եւ կիներու մեծ խումբ մը հաւաքուած էր, որոնք շատ մը երկիրներէ եկած էին եւ տարբեր լեզուներ կը խօսէին։ Այդ օրը զարմանալի բան մը պատահեցաւ։ Յանկարծ, խումբ մը հրեաներ սկսան այդ այցելուներուն մայրենի լեզուները խօսիլ։ Ասիկա այցելուները շա՜տ զարմացուց, բայց այն ի՛նչ որ հրեաները իրենց ըսին եւ ի՛նչ որ Պետրոս առաքեալ բոլորին ըսաւ, ա՛լ աւելի աչքառու էր։ Այդ մեծ խումբը գիտցաւ որ կրնային փրկուիլ, եթէ Յիսուս Քրիստոսին հանդէպ հաւատք ցոյց տային։ Ատիկա իրենց այնքա՜ն ազդեց, որ հարցուցին. «Ի՞նչ ընենք»։ Պետրոս ըսաւ. «Ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի» (Գործք 2։37, 38

Եղբայր մը, իր կնոջ ընկերակցութեամբ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարէ երիտասարդի մը հետ, որ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը բռնած է (տե՛ս պարբերութիւն 2)

2. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք (տե՛ս կողքին նկարը)։

2 Ետքը, հիանալի բան մը եղաւ։ Այդ օրը, շուրջ 3000 անհատներ մկրտուեցան եւ Քրիստոսի աշակերտները դարձան։ Այսպէս, սկսաւ աշակերտելու մեծ գործը, որ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրած էր, որ ընեն։ Եւ ներկայիս, իր հետեւորդները տակաւին այդ գործը կ’ընեն։ Մեր օրերուն, չի պատահիր, որ մէկը միայն քանի մը ժամ սերտելէ ետք՝ պատրաստ ըլլայ մկրտուելու։ Այդ նպատակին հասնելու համար, թերեւս պէտք ըլլայ որ աշակերտը սերտէ քանի մը ամիս, մէկ տարի կամ նոյնիսկ աւելի։ Աշակերտելու գործը մե՜ծ աշխատանք է, ինչպէս որ գիտես եթէ մէկու մը հետ Աստուածաշունչը կը սերտես։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնաս աշակերտիդ օգնել, որ մկրտութեան քայլը առնէ։

ԱՇԱԿԵՐՏԻԴ ՕԳՆԷ ՈՐ ԻՐ ՍՈՐՎԱԾԸ ԳՈՐԾԱԴՐԷ

3. Մատթէոս 28։19, 20–ի համաձայն, աշակերտը ի՞նչ պէտք է ընէ որ յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն։

3 Մկրտուելէ առաջ, աշակերտը պէտք է Աստուածաշունչի սորվեցուցածները գործադրէ (կարդա՛ Մատթէոս 28։19, 20)։ Երբ իր սորվածը կը գործադրէ, մեր աշակերտը կը նմանի Յիսուսի առակին մէջի «խելացի մարդ»ուն, որ վէմի վրայ իր տունը շինեց (Մատ. 7։24, 25. Ղուկ. 6։47, 48)։ Ինչպէ՞ս կրնանք աշակերտին օգնել, որ իր սորվածը գործադրէ։ Նկատի առնենք երեք առաջարկներ։

4. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր աշակերտին օգնել, որպէսզի հաստատ քայլեր առնելով յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն (տե՛ս նաեւ « Աշակերտիդ օգնէ որ նպատակակէտեր դնէ եւ ատոնց հասնի» շրջանակը)։

4 Աշակերտիդ օգնէ, որ նպատակակէտեր դնէ։ Ինչո՞ւ այդպէս պէտք է ընես։ Մտածէ այս օրինակին շուրջ։ Եթէ երկար ճամբայ պիտի կտրես, թերեւս տեղ–տեղ կանգ առնես գեղեցիկ տեսարաններ դիտելու համար։ Այդպէս, թերեւս կտրած ճամբադ այդքան երկար չթուի։ Նմանապէս, երբ Աստուածաշունչի աշակերտը պզտիկ–պզտիկ նպատակակէտեր կը դնէ եւ ատոնց կը հասնի, պիտի անդրադառնայ որ մկրտութեան նպատակակէտին կրնայ հասնիլ։ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին «Նպատակակէտ» բաժինը գործածէ՝ աշակերտիդ օգնելու որ յառաջդիմէ։ Ամէն նիստին վերջաւորութեան, աշակերտիդ հետ քննարկէ թէ դրուած նպատակակէտը ինչպէ՛ս իրեն պիտի օգնէ, որ սորվածը գործադրէ։ Եթէ աշակերտիդ համար ուրիշ նպատակակէտ մը միտքիդ մէջ կայ, զայն աշակերտին գրել տուր «Ուրիշ» բառին տակ։ Այս բաժինը կանոնաւորաբար գործածէ, որպէսզի աշակերտիդ հետ աչքէ անցընես իր մեծ եւ պզտիկ նպատակակէտերը։

5. Ըստ Մարկոս 10։17-22–ին, Յիսուս հարուստ մարդու մը ի՞նչ ըսաւ որ ընէ, եւ ինչո՞ւ։

5 Աշակերտիդ օգնէ, որ իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնէ (կարդա՛ Մարկոս 10։17-22Յիսուս գիտէր, որ հարուստ մարդու մը համար դժուար պիտի ըլլար իր ամբողջ ունեցածը ծախել (Մար. 10։23)։ Հակառակ ատոր, Յիսուս անհատին ըսաւ որ այդ մեծ փոփոխութիւնը ընէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուս զինք սիրեց։ Ատեններ, թերեւս քաշուինք աշակերտը քաջալերելու, որ իր սորվածը գործադրէ, քանի որ կը զգանք թէ տակաւին պատրաստ չէ պէտք եղած փոփոխութիւնը ընելու։ Կրնայ ժամանակ առնել, որ անհատ մը հին մարդը իր սովորութիւններով հանէ եւ նոր անձնաւորութիւնը հագնի (Կող. 3։9, 10)։ Բայց ո՛րքան աւելի կանուխ այդ նիւթը բանաս, ա՛յդքան աւելի կանուխ աշակերտը կրնայ սկսիլ փոխուիլ։ Այդպէս ընելով, ցոյց տուած կ’ըլլաս որ իրեն համար կը հոգաս (Սաղ. 141։5. Առ. 27։17

6. Ինչո՞ւ պէտք է աշակերտին կարծիքը հարցնենք։

6 Կարեւոր է, որ մեր աշակերտին հարցնենք թէ նիւթի մը շուրջ ի՛նչ կարծիք ունի։ Այսպիսի հարցումներ հարցուր, գիտնալու համար թէ աշակերտդ ի՛նչ հասկցած է եւ թէ ինչի՛ կը հաւատայ։ Եթէ կանոնաւորաբար այդպէս ընես, ապագային աւելի դիւրին պիտի ըլլայ աշակերտիդ հետ զգայուն նիւթերու շուրջ խօսիլը։ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին մէջ շատ մը հարցումներ կան, որոնք դուրս կը հանեն աշակերտին խոր զգացումներն ու մտածումները։ Օրինակ, Դաս 04–ին մէջ այս հարցումը կայ. «Քու կարծիքովդ, Եհովան ի՞նչ կը զգայ, երբ իր անունը գործածես»։ Իսկ Դաս 09–ին մէջ կը հարցուի. «Ի՞նչ կարգ մը բաներու մասին կ’ուզես աղօթել»։ Սկիզբը, թերեւս աշակերտիդ համար դժուար ըլլայ այս հարցումներուն պատասխանել։ Կրնաս իրեն օգնել, վարժեցնելով որ գիրքին համարներուն եւ նկարներուն շուրջ մտածէ։

7. Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն փորձառութիւնները ազդու կերպով գործածել։

7 Մէյ մը որ աշակերտը հասկնայ թէ ի՛նչ պէտք է ընէ, փորձառութիւններ գործածէ զինք քաջալերելու համար։ Օրինակ, եթէ աշակերտիդ համար դժուար է ժողովներուն ներկայ ըլլալ, կրնաս իրեն ցոյց տալ Դաս 14–ի «Աւելի՛ն գիտցիր» բաժինին մէջ գտնուող Եհովան ինծի հոգ տարաւ վիտէոն։ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին շատ մը դասերուն մէջ, այդպիսի փորձառութիւններ պիտի գտնես՝ «Աւելի՛ պրպտէ» բաժինին մէջ կամ «Աւելի՛ն գիտցիր» բաժինին մէջ *։ Ուշադիր եղիր, որ չբաղդատես աշակերտդ ուրիշ մէկու մը հետ, ըսելով. «Եթէ ի՛նք կրցաւ ատիկա ընել, դո՛ւն ալ կրնաս ընել»։ Ձգէ որ աշակերտը ի՛նք այդ եզրակացութեան հասնի։ Կրնաս շեշտել այն գլխաւոր կէտերը, որոնք վիտէոյին մէջի անհատին օգնեցին, որ Աստուածաշունչի սորվեցուցածները գործադրէ։ Թերեւս իր ուշադրութեան յանձնես կարեւոր համարներ կամ գործնական բաներ, որ անհատը ըրաւ։ Երբոր յարմար ըլլայ, իր ուշադրութեան յանձնէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս օգնեց այդ անհատին։

8. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր աշակերտին օգնել, որ Եհովան սիրէ։

8 Աշակերտիդ օգնէ, որ Եհովան սիրէ։ Ինչպէ՞ս։ Առիթներ փնտռէ, որ Եհովայի յատկութիւնները աչքառու դարձնես։ Աշակերտիդ օգնէ, որ Եհովան ուրախ Աստուած մը նկատէ, որ Զինք սիրողներուն հոգ կը տանի (Ա. Տիմ. 1։11. Եբ. 11։6)։ Անոր ցոյց տուր, որ իր սորվածը գործադրելով պիտի օգտուի. եւ երբ օգտուի, պիտի շօշափէ իրեն հանդէպ Եհովային սէրը (Եսա. 48։17, 18)։ Երբ Եհովային հանդէպ աշակերտիդ սէրը աւելնայ, ա՛լ աւելի պիտի մղուի պէտք եղած փոփոխութիւնները ընելու (Ա. Յովհ. 5։3

ԱՇԱԿԵՐՏԴ ՈՒՐԻՇ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՐ

9. Ըստ Մարկոս 10։29, 30–ի, ի՞նչը կրնայ անհատի մը օգնել, որպէսզի զոհողութիւններ ընէ՝ մկրտուած աշակերտ դառնալու համար։

9 Դէպի մկրտութիւն յառաջդիմելու համար, պէտք պիտի ըլլայ որ Աստուածաշունչի աշակերտը զոհողութիւններ ընէ։ Նախապէս նշուած հարուստ մարդուն պէս, թերեւս պէտք ըլլայ որ աշակերտներէն ոմանք նիւթական բաներէ վազ անցնին։ Իսկ եթէ իրենց գործը Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն չէ, թերեւս նոյնիսկ պէտք ըլլայ որ այդ գործը փոխեն։ Շատեր թերեւս ստիպուած ըլլան դադրիլ ընկերակցելէ անոնց հետ, որոնք Եհովան չեն սիրեր։ Իսկ ոմանց ընտանիքի անդամները, որոնք Եհովայի վկաներէն չեն ախորժիր, թերեւս զիրենք երեսի վրայ ձգեն։ Յիսուս ըսաւ, որ ոմանց համար այսպիսի զոհողութիւններ ընելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Բայց ան խոստացաւ, որ իրեն հետեւողները յուսախաբ պիտի չըլլան։ Անոնք մեծապէս պիտի վարձատրուին սիրալիր հոգեւոր ընտանիքով մը (կարդա՛ Մարկոս 10։29, 30)։ Ինչպէ՞ս կրնաս աշակերտիդ օգնել, որ այս գեղեցիկ նուէրէն օգտուի։

10. Ի՞նչ կը սորվիս Մանուէլի փորձառութենէն։

10 Աշակերտիդ բարեկամը եղիր։ Կարեւոր է որ աշակերտիդ ցոյց տաս, որ իրմով հետաքրքրուած ես։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ թէ Մեքսիքայի մէջ ապրող Մանուէլ ի՛նչ կ’ըսէ։ Յիշելով այն ժամանակը, երբ Աստուածաշունչը կը սերտէր, ան կ’ըսէ. «Ամէն անգամ դասը սկսելէ առաջ, ուսուցիչս ինծի կը հարցնէր՝ ‘Ինչպէ՞ս ես’։ Ինծի կ’օգնէր, որ հանգիստ զգայի եւ որեւէ հարցի մասին խօսէի իրեն։ Կը զգայի թէ ինձմով իրապէս հետաքրքրուած էր»։

11. Մեզի հետ ժամանակ անցընելով, մեր աշակերտները ինչպէ՞ս կրնան օգտուիլ։

11 Աշակերտներուդ հետ ժամանակ անցուր, ինչպէս որ Յիսուս իր հետեւորդներուն հետ ժամանակ անցուց (Յովհ. 3։22)։ Եթէ յարմար է, Աստուածաշունչի յառաջդիմող աշակերտդ հրաւիրէ գաւաթ մը սուրճի կամ ճաշի, կամ ալ՝ JW Հեռատեսիլի կայանի ամսական յայտագիրը դիտելու։ Աշակերտդ հաւանաբար այդպիսի հրաւէր յատկապէս գնահատէ տօներու շրջանին, երբ թերեւս առանձին կը զգայ։ Քազիպուէ անունով եղբայր մը, որ Ուկանտայի մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Կը կարծեմ, որ ուսուցիչիս հետ ժամանակ անցընելով Եհովայի մասին նո՛յնքան սորվեցայ, ո՛րքան դասի ատեն։ Տեսայ թէ Եհովան իր ծառաները ինչպէ՛ս կը հոգայ եւ թէ անոնք որքա՜ն ուրախ են։ Ես ալ այդպիսի կեանք կ’ուզէի ունենալ»։

Երբ քու հետդ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան տանիս տարբեր հրատարակիչներ, աշակերտին համար ժողովներուն ներկայ ըլլալը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ (տե՛ս պարբ. 12) *

12. Ինչո՞ւ կարեւոր է, որ ուսումնասիրութեանդ տարբեր հրատարակիչներ հրաւիրես։

12 Ուսումնասիրութեանդ տարբեր հրատարակիչներ հրաւիրէ։ Ատեններ կը զգանք թէ աւելի դիւրին է, որ առանձին երթանք կամ նոյն հրատարակիչը մեզի հետ տանինք։ Թէեւ այդպէս ընելը կրնայ աւելի յարմար ըլլալ, բայց մեր աշակերտը հաւանաբար աւելի պիտի օգտուի, եթէ ժամանակի ընթացքին տարբեր հրատարակիչներ մեզի հետ տանինք։ Մոլտովիայի մէջ ապրող Տմիթրին կ’ըսէ. «Դասիս ներկայ եղող իւրաքանչիւր հրատարակիչ բացատրելու իր յատուկ կերպը ունէր։ Ատիկա օգնեց, որ նիւթը տարբեր անկիւններէ դիտեմ։ Նաեւ աւելի քիչ ամչցայ, երբ առաջին անգամ ըլլալով ժողովի ներկայ եղայ, քանի որ եղբայրներէն ու քոյրերէն շատերուն արդէն ծանօթ էի»։

13. Ինչո՞ւ մեր աշակերտին պէտք է օգնենք, որ ժողովներուն ներկայ ըլլայ։

13 Աշակերտիդ օգնէ, որ ժողովներուն ներկայ ըլլայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան զինք պաշտողներուն կը պատուիրէ որ միասին հաւաքուին. եւ ասիկա մեր պաշտամունքին մէկ մասն է (Եբ. 10։24, 25)։ Ասկէ զատ, մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեր հոգեւոր ընտանիքն են։ Երբ միասին ժողովներուն ներկայ ըլլանք, կարծես տան մէջ միասին համով ճաշ մը կ’ուտենք։ Երբ աշակերտիդ կ’օգնես, որ ժողովներուն ներկայ ըլլայ, իրեն օգնած կ’ըլլաս որ դէպի մկրտութիւն առաջնորդող ամէնէն կարեւոր քայլերէն մէկը առնէ։ Բայց իրեն համար կրնայ դժուար ըլլալ սկսիլ ժողովներու ներկայ ըլլալ։ Ինչպէ՞ս կրնայ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը աշակերտիդ օգնել, որ որեւէ դժուարութեան հետ գլուխ ելլէ։

14. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր աշակերտը քաջալերել, որ ժողովներուն ներկայ ըլլայ։

14 Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին Դաս 10–ը գործածէ, որ աշակերտիդ մէջ ժողովի գալու փափաքը արթնցնես։ Փորձառու հրատարակիչներ, որոնցմէ խնդրուեցաւ որ գիրքը հրատարակուելէ առաջ՝ այս դասը նկատի առնէին որպէս փորձ, մեծապէս յաջողեցան իրենց աշակերտներուն օգնելու, որ ժողովներուն ներկայ ըլլան։ Անշուշտ, պէտք չունիս Դաս 10–ին հասնելու, որպէսզի աշակերտդ ժողովի հրաւիրես։ Զինք շուտով հրաւիրէ եւ ասիկա շարունակ ըրէ։ Որովհետեւ տարբեր աշակերտներ տարբեր խնդիրներ ունին, ուշադիր եղիր աշակերտիդ պէտքերուն եւ մտածէ թէ ի՛նչ գործնական օգնութիւն կրնաս իրեն առաջարկել։ Յոյսդ մի՛ կտրեր, եթէ ժամանակ առնէ մինչեւ որ ներկայ ըլլայ։ Համբերէ, բայց մի՛ դադրիր զինք հրաւիրելէ։

ԱՇԱԿԵՐՏԻԴ ՕԳՆԷ, ՈՐ ՉՎԱԽՆԱՅ

15. Մեր աշակերտը ի՞նչ վախեր կրնայ ունենալ։

15 Կը յիշե՞ս այն ժամանակը, երբ քիչ մը կը վախնայիր Եհովայի վկայ մը դառնալու։ Թերեւս զգացիր թէ բնա՛ւ պիտի չկարենայիր պաշտօնապէս քարոզել։ Կամ թերեւս վախցար, որ ընտանիքդ կամ բարեկամներդ քեզի հակառակին։ Եթէ պարագադ այդպէս էր, կրնաս աշակերտիդ հետ զգալ։ Յիսուս ըսաւ թէ կարելի է որ կարգ մը մարդիկ այս տեսակ վախեր ունենան։ Սակայն իր հետեւորդները քաջալերեց, որ թոյլ չտան որ վախերը զիրենք կեցնեն Եհովային ծառայելէ (Մատ. 10։16, 17, 27, 28)։ Յիսուս ինչպէ՞ս իր հետեւորդներուն օգնեց որ իրենց վախերը յաղթահարեն։ Եւ ինչպէ՞ս կրնաս իր օրինակին հետեւիլ։

16. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր աշակերտը մարզել, որ իր հաւատքին մասին խօսի։

16 Աշակերտդ շարունակ մարզէ, որ իր հաւատքին մասին ուրիշներուն պատմէ։ Յիսուսի աշակերտները թերեւս ջղագրգիռ էին, երբ զիրենք քարոզելու ղրկեց։ Բայց Յիսուս իրենց օգնեց, ըսելով թէ ո՛ւր քարոզեն եւ ի՛նչ պատգամ տան (Մատ. 10։5-7)։ Ինչպէ՞ս կրնաս Յիսուսը ընդօրինակել։ Աշակերտիդ օգնէ, որ տեսնէ թէ ո՛ւր կրնայ քարոզել։ Օրինակ, իրեն հարցուր եթէ գիտէ մէկը, որ Աստուածաշունչի որոշ ճշմարտութենէ մը կրնայ օգտուիլ։ Ետքը իրեն օգնէ, որ իր ըսելիքը պատրաստէ, իրեն ցոյց տալով այդ ճշմարտութեան մասին պատմելու պարզ կերպ մը։ Երբ յարմար ըլլայ, կրնաս իրեն հետ փորձ ընել, գործածելով Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին «Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն» եւ «Թերեւս մէկը հարցնէ» բաժինները։ Փորձ ընելու ատեն, աշակերտդ մարզէ որ Աստուածաշունչը գործածելով պարզ եւ փափկանկատ պատասխաններ տայ։

17. Ինչպէ՞ս կրնանք Մատթէոս 10։19, 20, 29-31–ը գործածել, որպէսզի մեր աշակերտին օգնենք որ Եհովային վստահի։

17 Աշակերտիդ օգնէ, որ Եհովային վստահի։ Յիսուս իր աշակերտները վստահեցուց, որ Եհովան իրենց պիտի օգնէր, քանի որ զիրենք կը սիրէր (կարդա՛ Մատթէոս 10։19, 20, 29-31)։ Աշակերտդ վստահեցուր, որ Եհովան իրեն ալ պիտի օգնէ։ Կրնաս իրեն օգնել որ Եհովային ապաւինի, իրեն հետ աղօթելով իր նպատակակէտերուն մասին։ Լեհաստանի մէջ ապրող Ֆրանչիշէք անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Ուսուցիչս յաճախ իր աղօթքներուն մէջ նպատակակէտերս կը յիշէր։ Երբ տեսայ թէ Եհովան ուսուցիչիս աղօթքներուն կը պատասխանէր, շուտով ես ալ սկսայ աղօթելու։ Եհովայի օգնութիւնը շօշափեցի, երբ նոր գործէս արձակուրդ առնելու պէտք ունէի, որպէսզի ժողովներուն եւ համաժողովին ներկայ ըլլայի»։

18. Քրիստոնեայ ուսուցիչներուն թափած ջանքերուն նկատմամբ Եհովան ի՞նչ կը զգայ։

18 Եհովան մեր աշակերտները խորապէս կը հոգայ։ Ան կը գնահատէ այն ջանքերը, որ քրիստոնեայ ուսուցիչները կը թափեն մարդոց օգնելու, որ իրեն մօտենան, եւ ատոր համար զիրենք կը սիրէ (Եսա. 52։7)։ Եթէ ներկայիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն չես վարեր, տակաւին կրնաս Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնել որ յառաջդիմեն դէպի մկրտութիւն, ներկայ ըլլալով ուրիշ հրատարակիչներու վարած դասերուն։

ԵՐԳ 144 Կեանքեր վտանգի տակ են

^ պարբ. 5 Յօդուածը նկատի պիտի առնէ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս մարդոց օգնեց, որ իր աշակերտները դառնան եւ թէ ինչպէ՛ս մենք կրնանք զինք ընդօրինակել։ Նաեւ պիտի քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք գործածել Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն խորագրով նոր գիրքը։ Այս գիրքը պատրաստուած է, որ մեր աշակերտներուն օգնէ յառաջդիմելու դէպի մկրտութիւն։

^ պարբ. 7 Նաեւ կրնաս փորձառութիւններ գտնել՝ 1) jw.org կայքին «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածաշարքին մէջ, կամ 2) JW Library®–ի Media–ին մէջ գտնուող «Հարցազրոյցներ եւ փորձառութիւններ» բաժինին մէջ։

^ պարբ. 62 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը իր կնոջ ընկերակցութեամբ, երիտասարդի մը հետ դաս կը վարէ։ Ուրիշ ատեններ, իրեն հետ դասին ներկայ կ’ըլլան տարբեր եղբայրներ։