Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Յիսուսի օրերուն, մարդիկ ինչպիսի՞ տուրքեր պէտք էր վճարէին

ՀԻՆ ժամանակներէ ի վեր, իսրայէլացիները վարժուած էին վճարումներ ընել ճշմարիտ պաշտամունքին աջակցելու համար։ Բայց Յիսուսի օրերուն, հրեաները պէտք էր տարբեր–տարբեր տուրքեր վճարէին, ինչ որ իրենց կեանքը կը դժուարացնէր։

Խորանին եւ ետքը տաճարին մէջ կատարուող պաշտամունքին թիկունք կանգնելու համար, բոլոր չափահաս հրեաները պէտք էր կէս սիկղ (երկու դրամ) վճարէին։ Առաջին դարուն, այդ տուրքը կը գործածուէր, որպէսզի Հերովդէսի շինած տաճարին հոգ տարուէր եւ զոհեր բերուէին։ Կարգ մը հրեաներ Պետրոսին հարցուցին, թէ արդեօք Յիսուս պիտի վճարէ՞ր այդ տուրքը։ Եւ Յիսուս ըսաւ թէ սխալ չէր զայն վճարել։ Ան նոյնիսկ Պետրոսին ըսաւ թէ ինչպէ՛ս տուրքը վճարելու համար դրամ ձեռք ձգէ (Մատ. 17։23-26

Աստուծոյ ժողովուրդը պէտք էր նաեւ ուրիշ տուրք մը վճարէր, որ կը կոչուէր տասանորդ, այսինքն՝ իրենց բերքին կամ եկամուտին մէկ տասներորդ մասը վճարել (Ղեւ. 27։30-32. Թւ. 18։26-28)։ Կրօնական առաջնորդները կը պնդէին որ մարդիկ շատ ուշադիր ըլլային, որ այս տուրքը վճարէին ամէն տեսակ բանջարեղէնի համար, մէջը ըլլալով՝ ‘անանուխը, սամիթը եւ չամանը’։ Յիսուս քննադատեց ոչ թէ տասանորդ վճարելը, հապա՝ դպիրներուն ու փարիսեցիներուն կեղծաւոր կեցուածքը (Մատ. 23։23

Հրեաները նաեւ տուրքեր պէտք էր վճարէին հռոմայեցիներուն, որոնք այն ատեն իրենց վրայ կ’իշխէին։ Օրինակ, տուրք մը կար, որ պէտք էր վճարուէր հողատէրերու կողմէ՝ դրամով կամ բերքով։ Անոնք պէտք էր վճարէին բերքին 20–էն 25 տոկոսը։ Առաւել, ամէն մէկ հրեայ գլխահարկ պէտք էր վճարէր։ Այս տուրքին մասին էր, որ փարիսեցիները Յիսուսին հարցում հարցուցին։ Ան ցոյց տուաւ, թէ տուրքեր վճարելը ինչպէ՛ս պէտք է նկատենք, ըսելով. «Զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք» (Մատ. 22։15-22

Կար նաեւ վճարուելիք տուրք մը այն ապրանքներուն համար, որոնք կարգ մը շրջաններ կը բերուէին կամ անոնցմէ կը տարուէին։ Այդ տուրքը կը գանձուէր նաւահանգիստներուն մէջ, կամուրջներու վրայ, խաչմերուկներուն մօտ կամ գիւղաքաղաքներու եւ շուկաներու մուտքին։

Հռոմէական իշխանութեան տակ եղող մարդոց համար, տուրքերու բեռը չափազանց ծանր էր։ Հռոմայեցի պատմաբան Տակիտոսին համաձայն, Տիբերիոս կայսրին իշխանութեան ընթացքին,– երբ Յիսուս երկրի վրայ էր,– «Սուրիան եւ Հրէաստանը աղաչեցին որ նուազ տուրք վճարէին, քանի որ այլեւս յոգնած էին այդ բեռները կրելէն»։

Տուրքերը գանձելու մեթոտը այդ բեռը ա՛լ աւելի ծանր դարձուցած էր։ Տուրքերը գանձելու իրաւունքը կը ծախուէր այն անձին, որ աւելի դրամ կը վճարէր, եւ ան ուրիշ մարդիկ կը վարձէր, որպէսզի իրենք տուրքերը հաւաքէին. եւ անոնք իրենց կարգին շահ կ’ընէին։ Այնպէս կ’երեւի, թէ Զաքէոս մաքսապետ ըլլալով՝ այս տեսակ մաքսաւորներ ունէր իր ձեռքին տակ (Ղուկ. 19։1, 2)։ Հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ մարդիկ ատոր դէմ բարկացած էին եւ կ’ատէին այն անձերը, որոնց կը յանձնէին իրենց տուրքերը։