Հարցումներ ընթերցողներէն
Պօղոս առաքեալ ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Ես օրէնքով մեռայ օրէնքին» (Գաղ. 2։19)
Պօղոս գրեց. «Ես օրէնքով մեռայ օրէնքին, որպէս զի Աստուծոյ կենդանի ըլլամ» (Գաղ. 2։19)։
Պօղոսին խօսքը կապ ունէր այն կարեւոր նիւթին հետ, որ կ’ուզէր շեշտել հռոմէական Գաղատիա նահանգին մէջ եղող ժողովքներուն։ Այդ ժողովքներուն մէջ ոմանք կ’ազդուէին սուտ ուսուցիչներու ըսածներէն։ Այդ անհատները կը սորվեցնէին, թէ փրկուելու համար՝ պէտք էր պահել այն ինչ որ Մովսիսական օրէնքը կը պահանջէր, մասնաւորաբար՝ թլփատութիւնը։ Բայց Պօղոս գիտէր որ Աստուած այլեւս չէր պահանջեր, որ հաւատացեալները թլփատուէին։ Ան համոզիչ կերպով տրամաբանելով փաստեց, որ անոնց սորվեցուցածը սխալ էր եւ Յիսուս Քրիստոսի զոհին հանդէպ եղբայրներուն հաւատքը զօրացուց (Գաղ. 2։4. 5։2)։
Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ երբ մէկը մեռնի, տեղեակ չ’ըլլար թէ իր շուրջը ի՛նչ կ’անցնի–կը դառնայ, ոչ ալ անոնցմէ կ’ազդուի (Ժող. 9։5)։ Երբ Պօղոս ըսաւ՝ «Մեռայ օրէնքին», ըսել ուզեց որ Մովսիսական օրէնքը այլեւս իր վրայ իշխանութիւն չունէր։ Ան վստահ էր, որ փրկանքին հաւատալով ‘Աստուծոյ կենդանի եղաւ’։
Պօղոսին վիճակը փոխուեցաւ «օրէնքով»։ Ինչպէ՞ս։ Այս խօսքէն առաջ, ան բացատրած էր որ «մարդ օրէնքին գործերէն չի կրնար արդարանալ, հապա Յիսուս Քրիստոսի հաւատքէն» (Գաղ. 2։16)։ Անկասկած, Օրէնքը կարեւոր նպատակի ծառայած էր։ Պօղոս գաղատացիներուն բացատրեց. «Օրէնքը աւելցաւ յանցանքը յայտնելու համար, մինչեւ գայ այն սերունդը՝ որուն խոստացուեր էր» (Գաղ. 3։19)։ Այո, Օրէնքը յայտնի ըրաւ որ անկատար ու մեղաւոր մարդիկ չէին կրնար կատարեալ կերպով զայն պահել եւ վերջնական ու կատարեալ զոհի մը պէտք ունէին։ Ուստի Օրէնքը մարդիկը առաջնորդեց «սերունդ»ին՝ Քրիստոսին։ Յիսուս Քրիստոսին հանդէպ հաւատք ցոյց տալով, անհատ մը կրնար Աստուծոյ կողմէ արդար հռչակուիլ (Գաղ. 3։24)։ Պօղոս արդար հռչակուեցաւ, քանի որ Օրէնքին միջոցով Յիսուսը ընդունած էր եւ անոր հաւատացած էր։ Այդպիսով, Պօղոս ‘մեռաւ օրէնքին’ եւ ‘Աստուծոյ կենդանի եղաւ’։ Օրէնքը այլեւս իր վրայ իշխանութիւն չունէր, հապա Աստուած իշխանութիւն ունէր։
Պօղոս նման միտք մը գրեց հռոմայեցիներուն. «Դո՛ւք ալ, իմ եղբայրներս Քրիստոսին մարմնովը օրէնքին մեռաք. . . Այն օրէնքէն արձակուեցանք. վասն զի մեռանք անոր՝ որով բռնուած էինք» (Հռով. 7։4, 6)։ Թէ՛ այս համարը եւ թէ Գաղատացիս 2։19–ն կը յայտնեն, որ Պօղոս չէր խօսեր մեռնելու մասին որպէս Օրէնքին կողմէ դատապարտուած մեղաւոր, հապա կը խօսէր ազատագրուելու մասին։ Օրէնքը այլեւս իշխանութիւն չունէր իր եւ ուրիշ քրիստոնեաներու վրայ, որոնք՝ իրեն պէս, Քրիստոսի զոհին հաւատալով ազատագրուած էին։