Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 25

Մի՛ գայթակղեցնէք «այս պզտիկները»

Մի՛ գայթակղեցնէք «այս պզտիկները»

«Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը» (ՄԱՏ. 18։10

ԵՐԳ 39 Խաղաղութիւնը մեր ժառանգութիւնն է

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Եհովան իւրաքանչիւրիս համար ի՞նչ ըրած է։

ԵՀՈՎԱՆ իւրաքանչիւրս իրեն քաշած է (Յովհ. 6։44)։ Մտածէ ատոր մասին։ Մինչ Եհովան աշխարհի միլիառաւոր մարդիկը կը քննէր, քու մէջդ նկատեց արժէքաւոր բան մը՝ անկեղծ սիրտ մը, որ կրնայ զինք սիրել (Ա. Մն. 28։9)։ Եհովան քեզ կը ճանչնայ, կը հասկնայ եւ կը սիրէ, ինչ որ շա՜տ մխիթարական է։

2. Յիսուս ինչպէ՞ս օգնեց որ հասկնանք, թէ Եհովան իւրաքանչիւրս կը հոգայ։

2 Եհովան թէ՛ քեզ եւ թէ ժողովքի բոլոր եղբայրներդ ու քոյրերդ խորապէս կը հոգայ։ Այս կէտը աւելի յստակ դարձնելու համար, Յիսուս Եհովան հովիւի մը նմանցուց։ Եթէ 100 ոչխարներէն մէկը հօտէն մոլորի, հովիւը ի՞նչ պիտի ընէ։ ‘Իննսունինը ոչխարը լեռները պիտի ձգէ ու երթայ մոլորածը փնտռէ’։ Երբ ոչխարը գտնէ, մոլորելուն համար իրեն դէմ պիտի չբարկանայ, հապա պիտի ուրախանայ։ Կէտը ի՞նչ է։ Ամէն մէկ ոչխար կարեւոր է Եհովային համար։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի» (Մատ. 18։12-14

3. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Վստահաբար, պիտի չուզենք մեր եղբայրներէն կամ քոյրերէն ոեւէ մէկը նեղացնել։ Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշները չգայթակղեցնել։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ մէկը մեզ վիրաւորէ։ Յօդուածին մէջ այս հարցումներուն պիտի պատասխանենք։ Բայց նա՛խ, աւելին գիտնանք «այս պզտիկներ»ուն մասին, որոնք յիշուած են Մատթէոս Աւետարանին 18–րդ գլուխին մէջ։

«ԱՅՍ ՊԶՏԻԿՆԵՐԸ» ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ

4. Որո՞նք են «այս պզտիկները»։

4 «Այս պզտիկները» Յիսուսի աշակերտներն են, որոնք տարբեր տարիքներէ են։ Ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց տարիքը, անոնք պզտիկներու պէս են, քանի որ պատրաստ են Յիսուսէն սորվելու (Մատ. 18։3)։ Թէեւ անոնք տարբեր ենթահողերէ կու գան, տարբեր մշակոյթներու կը պատկանին եւ տարբեր բնաւորութիւններ ունին, բայց բոլորն ալ Քրիստոսի կը հաւատան։ Ինքն ալ զանոնք շատ կը սիրէ (Մատ. 18։6. Յովհ. 1։12

5. Եհովան ի՞նչ կը զգայ, երբ անհատ մը իր ծառաներէն մէկը կը գայթակղեցնէ կամ կը վիրաւորէ։

5 Բոլոր «այս պզտիկները» Եհովային համար արժէքաւոր են։ Իր զգացումները հասկնալու համար, նկատի առ թէ մե՛նք ինչ կը զգանք պզտիկներուն հանդէպ։ Անոնք մեծ արժէք ունին մեզի համար։ Կ’ուզենք զանոնք պաշտպանել, քանի որ մեծերու պէս զօրաւոր, փորձառու եւ իմաստուն չեն։ Իրականութեան մէջ, չենք ուզեր որ ոեւէ մէկը վնասուի, բայց մանաւանդ կը նեղանանք, եւ նոյնիսկ կը բարկանանք, երբ մէկը պզտիկի մը վնաս կը հասցնէ։ Նոյնպէս Եհովան կ’ուզէ մեզ պաշտպանել, եւ ան կը նեղանայ ու նոյնիսկ կը բարկանայ, երբ անհատ մը իր ծառաներէն մէկը կը գայթակղեցնէ կամ կը վիրաւորէ (Եսա. 63։9. Մար. 9։41

6. Ա. Կորնթացիս 1։26-29–ի համաձայն, աշխարհը Յիսուսի աշակերտները ինչպէ՞ս կը նկատէ։

6 Յիսուսի աշակերտները ուրիշ ի՞նչ կերպով «պզտիկներու» կը նմանին։ Պահ մը մտածէ, թէ աշխարհը որո՛նք կարեւոր կը սեպէ. հարուստները, հռչակաւորները եւ իշխանութիւն ունեցողները։ Իսկ Յիսուսին աշակերտները անկարեւոր եւ աննշան «պզտիկներ» կ’երեւին (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 1։26-29)։ Բայց Եհովան զիրենք այդպէս չի նկատեր։

7. Եհովան ի՞նչ կ’ուզէ որ զգանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ։

7 Եհովան իր բոլոր ծառաները կը սիրէ, նոյնիսկ՝ ճշմարտութեան մէջ նորեկները։ Որովհետեւ մեր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը կարեւոր են Եհովայի համար, մեզի համար ալ կարեւոր պէտք է ըլլան։ Պէտք է ամբողջ ‘եղբայրութիւնը սիրենք’, եւ ոչ միայն անոնցմէ ոմանք (Ա. Պետ. 2։17)։ Պէտք է պատրաստ ըլլանք մեր ամէն կարելին ընելու, որ զիրենք պաշտպանենք եւ հոգանք։ Եթէ գիտնանք որ մէկը վիրաւորած ենք, պէտք չէ հարցը թեթեւի առնենք՝ մտածելով որ անհատը չափէ դուրս զգայուն է եւ պէտք է եղածը մոռնայ։ Ոմանք թերեւս ինչո՞ւ կը նեղուին։ Կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր, թերեւս իրենց ենթահողին պատճառով, անարժէք կը զգան։ Ոմանք նոր եկած են ճշմարտութեան եւ դեռ չեն գիտեր որ ուրիշներուն պէտք է ներեն, երբ անոնք սխալներ ընեն։ Ի՛նչ ալ ըլլայ պարագան, պէտք է մեր ամէն կարելին ընենք, որ խաղաղութիւնը ետ բերենք։ Իսկ միւս կողմէ, այն անձը, որ յաճախ ուրիշներէն կը նեղուի, պէտք է անդրադառնայ որ ատիկա հաճելի բնաւորութիւն մը չէ, եւ պէտք է անոր վրայ աշխատի։ Այդպէս ընելով, թէ՛ մտքի խաղաղութիւն պիտի ունենայ եւ թէ ուրիշներուն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն։

ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ՔԵԶՄԷ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՍԵՊԷ

8. Ի՞նչ տարածուած տեսակէտ մը ազդած էր Յիսուսի աշակերտներուն։

8 Ի՞նչ բան Յիսուսը մղեց որ «այս պզտիկներուն» մասին խօսի։ Իր աշակերտները իրեն հարցուցած էին. «Ո՞վ է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ» (Մատ. 18։1)։ Այդ օրերուն, հրեաներէն շատեր դիրքն ու պաշտօնը շատ կարեւոր կը նկատէին։ Ուսումնական մը կ’ըսէ. «Մարդիկ կ’ապրէին ու կը մեռնէին պատիւ, համբաւ, հաճութիւն եւ յարգանք ունենալու համար»։

9. Յիսուսի աշակերտները ի՞նչ պէտք էր ընէին։

9 Յիսուս գիտէր որ հրէական մշակոյթին մէջ շատ կարեւոր էր ուրիշներէն աւելի լաւ ըլլալ, եւ անոր համար իր աշակերտները պէտք էր շատ ջանք թափէին որ իրենց մտածելակերպը փոխէին։ Ան անոնց ըսաւ. «Ան որ ձեր մէջ մեծ է, պզտիկի պէս թող ըլլայ եւ առաջնորդը՝ սպասաւորի պէս» (Ղուկ. 22։26)։ Մենք պզտիկներու պէս կը վարուինք, երբ ուրիշները ‘մեր անձէն լաւ կը սեպենք’ (Փլպ. 2։3)։ Այդպիսի մտածելակերպ ո՛րքան աւելի քուկդ դարձնես, ա՛յնքան աւելի քիչ հաւանականութիւն պիտի ըլլայ, որ ուրիշները գայթակղեցնես։

10. Պօղոսի ո՞ր խրատը պէտք է լուրջի առնենք։

10 Մեր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը որոշ մարզի մը մէջ մեզմէ աւելի լաւ են։ Ատիկա դժուար չէ տեսնել, երբ կը կեդրոնանանք անոնց լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Պէտք է լուրջի առնենք այն խրատը, որ Պօղոս առաքեալ կորնթացիներուն ըսաւ. «Ո՞վ է ան որ քեզ տարբեր կ’ընէ ուրիշներէն եւ ի՞նչ ունիս որ չես առեր եւ եթէ առիր, ինչո՞ւ չառածի պէս կը պարծենաս» (Ա. Կոր. 4։7)։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք, որ չըլլայ թէ մեր անձին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրենք կամ մենք մեզ ուրիշներէն աւելի լաւ սեպենք։ Եթէ եղբայր մը լաւ դասախօս մըն է կամ քոյր մը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու ձիրքը ունի, պէտք է արագ ըլլայ վարկը Եհովային տալու։

«ՍՐՏԷԴ» ՆԵՐԷ

11. Թագաւորի մը եւ անոր ծառային առակը պատմելով, Յիսուս ի՞նչ ուզեց սորվեցնել։

11 Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացնելէ ետք որ ուրիշները չգայթակղեցնեն, առակ մը պատմեց թագաւորի մը եւ անոր ծառային մասին։ Թագաւորը ծառային շնորհեց մեծ պարտք մը, որ կարողութիւն չունէր վճարելու։ Ետքը, նոյն ծառան մերժեց շատ աւելի պզտիկ պարտք մը շնորհել իր ծառայակիցին։ Ի վերջոյ, թագաւորը այդ անգութ ծառան բանտը նետեց։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Յիսուս ըսաւ. «Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները» (Մատ. 18։21-35

12. Եթէ չենք ուզեր ներել, ուրիշները ինչպէ՞ս կը ցաւցնենք։

12 Ծառային ըրածները ոչ միայն իրեն վնաս բերին, հապա ուրիշներուն ալ։ Առաջին, ան անգթօրէն իր ծառայակիցին վնասեց՝ զինք ‘բանտը դնել տալով, մինչեւ որ պարտքը վճարէ’։ Երկրորդ, ուրիշ ծառաներու ալ վնաս հասցուց, որոնք տեսած էին իր ըրածը։ «Երբ իր ծառայակիցները տեսան եղած բաները, խիստ տրտմեցան»։ Նոյնպէս, ուրիշներ կ’ազդուին մեր ըրածներէն։ Ի՞նչ կ’ըլլայ, եթէ մէկը մեզի դէմ սխալի եւ մենք չուզենք իրեն ներել։ Առաջին, զինք պիտի ցաւցնենք՝ իրեն չներելով, զինք անտեսելով եւ իրեն հանդէպ սէր ցոյց չտալով։ Երկրորդ, ժողովքին մէջ ուրիշներ հանգիստ պիտի չզգան, տեսնելով թէ այդ անձին հետ խաղաղութիւն չունինք։

Մէջդ ոխ կամ բարկութիւն պիտի պահե՞ս, թէ ոչ՝ սրտանց պիտի ներես (տե՛ս պարբ. 13-14) *

13. Ի՞նչ կը սորվիս ռահվիրայի մը փորձառութենէն։

13 Երբ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կը ներենք, թէ՛ մենք կ’օգտուինք եւ թէ ուրիշները։ Ռահվիրայ քոյր մը, որ Քրիսթըլ պիտի կոչենք, այս փորձառութիւնը ունեցաւ։ Ժողովքին մէջ քոյր մը զինք ցաւցուց։ Քրիսթըլ կ’ըսէ. «Իր խօսքերը ատեններ այնքա՛ն կոշտ էին, որ կարծես սրտիս մէջ դանակ կը մտցնէր։ Չէի ուզեր նոյնիսկ իրեն հետ նոյն ինքնաշարժով խումբով ծառայութեան երթալ։ Սկսայ նախանձախնդրութիւնս եւ ուրախութիւնս կորսնցնել»։ Քրիսթըլ համոզուած էր թէ իրաւունք ունէր նեղանալու։ Բայց մէկ կողմ դրաւ քրոջ դէմ իր բարկութիւնը եւ չկեդրոնացաւ իր անձին եւ իր զգացումներուն վրայ։ Ան խոնարհաբար գործադրեց այն խրատը, որ կարդաց Դիտարան–ի 15 հոկտեմբեր 1999 թիւին՝ «Ձեր սրտէն ներեցէք» յօդուածին մէջ։ Ան իր քրոջ ներեց։ Քրիսթըլ կ’ըսէ. «Հիմա գիտեմ որ մենք բոլորս ամէն ջանք կ’ընենք, որ նոր անձնաւորութիւնը հագուինք եւ Եհովան մեզի ամէն օր առատաձեռնօրէն կը ներէ։ Կը զգամ որ ուսերէս շատ մեծ բեռ մը վերցուեցաւ։ Ուրախութիւնս ետ եկաւ»։

14. Մատթէոս 18։21, 22–ի համաձայն, թերեւս ի՞նչ բան դժուար էր Պետրոս առաքեալի համար, իսկ Յիսուսի պատասխանէն ի՞նչ կը սորվիս։

14 Մենք գիտենք որ պէտք է ներենք, քանի որ ատիկա ընելը ճիշդ բանն է։ Բայց այդ մէկը կրնայ դժուար ըլլալ մեզի համար։ Պետրոս առաքեալ թերեւս ատեններ այդպէս զգաց (կարդա՛ Մատթէոս 18։21, 22)։ Ի՞նչը կրնայ օգնել որ ներենք։ Առաջին, խոկա՛ թէ Եհովան քանի՜անգամներ ներած է քեզի (Մատ. 18։32, 33)։ Մենք արժանի չենք որ մեզի ներէ, բայց ան առատաձեռնօրէն կ’ընէ ատիկա (Սաղ. 103։8-10)։ Նաեւ, ‘մենք պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել’։ Ուստի, ներելը բան մը չէ որ մեզի ձգուած է որոշել եթէ կ’ուզենք ներել կամ ոչ։ Մենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն պարտական ենք ներել (Ա. Յովհ. 4։11)։ Երկրորդ, մտածէ թէ ի՛նչ կ’ըլլայ, երբ կը ներենք. մեզ վիրաւորող անհատին օգնած կ’ըլլանք, ժողովքին խաղաղութիւնը պահպանած կ’ըլլանք, Եհովային հետ մեր բարեկամութիւնը պաշտպանած կ’ըլլանք եւ մեր ուսերէն մեծ բեռ մը վերցուցած կ’ըլլանք (Բ. Կոր. 2։7. Կող. 3։14)։ Երրորդ, աղօթէ այն Անձին, որ մեզի կ’ըսէ որ ներենք։ Մի՛ ձգեր որ Սատանան ձեռքէդ առնէ այն խաղաղութիւնը, որ հաւատակիցներուդ հետ կը վայելես (Եփ. 4։26, 27)։ Մենք Եհովայի օգնութեան պէտք ունինք, Սատանային ծուղակին մէջ չիյնալու համար։

ՄԻ՛ ԳԱՅԹԱԿՂԻՐ

15. Եփեսացիս 4։32–ի համաձայն, ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը բանով մը մեզ նեղացուցած է։

15 Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ հաւատակից մը շա՛տ նեղացուցիչ կերպով հետդ վարուած է։ Ամէն ջանք ըրէ որ խաղաղութիւնը պահես։ Աղօթքով զգացումներդ Եհովային պատմէ։ Իրմէ խնդրէ որ քեզ վիրաւորող անհատը օրհնէ եւ քեզի օգնէ որ անոր լաւ յատկութիւնները տեսնես, այսինքն՝ այն յատկութիւնները որ Եհովան կը սիրէ անոր մէջ (Ղուկ. 6։28)։ Եթէ եղբօրդ ըրածը չես կրնար մոռնալ, մտածէ թէ ի՛նչն է ամէնէն լաւ կերպը իրեն մօտենալու։ Լաւ կ’ըլլայ որ մտածես, թէ ան բնա՛ւ դիտմամբ քեզ պիտի չվիրաւորէր (Մատ. 5։23, 24. Ա. Կոր. 13։7)։ Երբ իրեն կը խօսիս, ենթադրէ որ լաւ շարժառիթներ ունի։ Իսկ եթէ չ’ուզեր հետդ խաղաղութիւն ընել, իրեն համբերէ։ Եղբօրմէդ յոյսդ մի՛ կտրեր (կարդա՛ Եփեսացիս 4։32)։ Ամէնէն կարեւորը, մէջդ ոխ կամ բարկութիւն մի՛ պահեր, քանի որ ատիկա կրնայ Եհովային հետ բարեկամութեանդ վնաս հասցնել։ Բնաւ թոյլ մի՛ տար որ որեւէ բան քեզ գայթակղեցնէ։ Այդպէս ընելով, կը փաստես որ Եհովան ամէն բանէ աւելի կը սիրես (Սաղ. 119։165

16. Իւրաքանչիւրս ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք։

16 Մենք շա՛տ կ’արժեւորենք միասնաբար Եհովային ծառայելը որպէս «մէկ հօտ»՝ «մէկ հովիւ»ի առաջնորդութեան տակ (Յովհ. 10։16Կազմակերպուած ենք՝ կատարելու Եհովայի կամքը գիրքը (արաբ.), էջ 165–ին մէջ կ’ըսէ. «Որովհետեւ այդ միութիւնը կը վայելենք, պատասխանատուութիւն ունինք զայն պահպանելու»։ Անոր համար, «մենք մեզ պէտք է մարզենք, որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը նկատենք այնպէս՝ ինչպէս Եհովան կը նկատէ»։ Եհովայի աչքին, բոլորս ալ թանկագին «պզտիկներ» ենք։ Դուն ալ այդպէս կը զգա՞ս եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հանդէպ։ Եհովան կ’արժեւորէ ամէն ինչ որ կ’ընես իրենց օգնելու եւ հոգ տանելու (Մատ. 10։42

17. Ի՞նչ վճռած ենք ընել։

17 Մեր հաւատակիցները կը սիրենք։ Անոր համար, վճռած ենք «գայթակղութիւն չդնել ոեւէ եղբօր» առջեւ (Հռով. 14։13)։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզմէ աւելի լաւ կը սեպենք, եւ կ’ուզենք իրենց սրտանց ներել։ Մենք մեզի թոյլ չտանք, որ մէկէ մը գայթակղինք, հապա «իրարու հետ խաղաղութեամբ եւ շինութեամբ ապրինք» (Հռով. 14։19

ԵՐԳ 77 Ներողամիտ ըլլանք

^ պարբ. 5 Որովհետեւ անկատար ենք, կրնանք ըսել կամ ընել բաներ, որոնք մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը ցաւցնեն։ Երբ այդպէս պատահի, ի՞նչ կ’ընենք։ Պատրաստ կ’ըլլա՞նք մեր եղբօր հետ խաղաղութիւն ընելու։ Արագ կ’ըլլա՞նք ներողութիւն խնդրելու. թէ ոչ՝ կը մտածենք, թէ եթէ վիրաւորուեցան, ատիկա իրե՛նց խնդիրն է։ Իսկ ի՞նչ ըսել, եթէ մենք յաճախ կը վիրաւորուինք ուրիշներու ըսածներէն կամ ըրածներէն։ Մեր վիրաւորուիլը կ’արդարացնե՞նք, ըսելով որ ‘Ես այսպէս եմ, ասիկա իմ բնաւորութիւնս է’. թէ ոչ՝ դիւրաւ վիրաւորուիլը կը նկատենք տկարութիւն մը, որուն վրայ պէտք է աշխատինք։

^ պարբ. 53 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քոյր մը իր ժողովքին մէջ քրոջմէ մը նեղուած է։ Երկուքը միասնաբար հարցը լուծելէ ետք, եղածը կը մոռնան եւ ուրախութեամբ միասին կը ծառայեն։