Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 27

«Յոյսդ Տիրոջ վրա՛յ դիր»

«Յոյսդ Տիրոջ վրա՛յ դիր»

«Յոյսդ Տիրոջ վրա՛յ դիր, զօրացի՛ր եւ քաջ եղիր» (ՍԱՂ. 27։14, ՆԹ

ԵՐԳ 135 Մինչեւ վերջ տոկա՛

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. ա) Եհովան մեզի ի՞նչ յոյս տուած է։ բ) Ի՞նչ կը նշանակէ՝ ‘յոյսը Տիրոջ վրայ դնել’ (տե՛ս «Բացատրութիւն»)։

 ԵՀՈՎԱՆ գեղեցիկ յոյս մը տուած է բոլոր զինք սիրողներուն։ Մօտ ատենէն հիւանդութիւններուն, ցաւին եւ մահուան վերջ պիտի դնէ (Յայտ. 21։3, 4)։ Ան իրեն յուսացող «հեզեր»ուն պիտի օգնէ, որ երկիրը դրախտի վերածեն (Սաղ. 37։9-11)։ Նաեւ կարելի պիտի դարձնէ, որ իւրաքանչիւրս իրեն հետ ա՛լ աւելի ջերմ եւ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Ի՜նչ հիանալի յոյս մը։ Բայց ինչի՞ հիման վրայ կը հաւատանք, որ Աստուծոյ խոստումները պիտի կատարուին։ Ան մի՛շտ իր խոստումը կը պահէ։ Անոր համար, մենք լաւ պատճառ ունինք ‘մեր յոյսը Տիրոջ վրայ դնելու’ (Սաղ. 27։14, ՆԹ) *։ Ասիկա ցոյց կու տանք՝ համբերութեամբ եւ ուրախութեամբ սպասելով, որ Աստուած իր խոստումները կատարէ (Եսա. 55։10, 11

2. Եհովան արդէն ի՞նչ ըրած է։

2 Եհովան արդէն փաստած է, որ իր տուած խոստումները կը կատարէ։ Նկատի առ աչքառու օրինակ մը։ Յայտնութիւն գրքին մէջ Եհովան խոստացաւ, որ մեր օրերուն ամէն ազգէ, ցեղէ ու լեզուէ մարդիկ պիտի հաւաքէ եւ զիրենք միացնէ մաքուր պաշտամունքին մէջ։ Ներկայիս, այս յատուկ խումբը ճանչցուած է որպէս «մեծ բազմութիւն» (Յայտ. 7։9, 10)։ Թէեւ այս խումբին մէջ կան աշխարհի չորս կողմէն եղող տղամարդիկ, կիներ ու պզտիկներ, բայց անոնք խաղաղ ու միացած մէկ ընտանիք կը կազմեն (Սաղ. 133։1. Յովհ. 10։16)։ Մեծ բազմութենէն եղող անհատները նաեւ նախանձախնդիր քարոզիչներ են։ Անոնք միշտ պատրաստ են աւելի լաւ աշխարհի մը մէջ ապրելու յոյսը տալու ոեւէ մէկու, որ իրենց մտիկ կ’ընէ (Մատ. 28։19, 20. Յայտ. 14։6, 7. 22։17)։ Եթէ մեծ բազմութենէն ես, անկասկած շատ կը գնահատես այն յոյսը, թէ ապագային աւելի լաւ կեանք պիտի ունենաս։

3. Սատանային նպատակը ի՞նչ է։

3 Սատանան չ’ուզեր, որ ապագային նկատմամբ յոյս ունենաս։ Իր նպատակն է՝ ձգել որ մտածես, թէ Եհովան քեզմով հետաքրքրուած չէ եւ իր խոստումները պիտի չպահէ։ Եթէ Սատանան յաջողի մեր յոյսը խեղդել, մեր քաջութիւնը պիտի կորսնցնենք եւ թերեւս նոյնիսկ Եհովային ծառայելէ դադրինք։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, ան փորձեց Յոբին յոյսը քանդել ու մղել որ Եհովային ծառայելէ կենայ։

4. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք (Յոբ 1։9-12

4 Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ Սատանան ի՛նչ մեթոտներ գործածեց, որպէսզի ձգէ որ Յոբ ուղղամիտ չմնայ (կարդա՛ Յոբ 1։9-12)։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչ կը սորվինք Յոբին օրինակէն եւ թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ յիշենք, թէ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ իր խոստումները պիտի պահէ։

ՍԱՏԱՆԱՆ ՓՈՐՁԵՑ ՁԳԵԼ ՈՐ ՅՈԲ ԻՐ ՅՈՅՍԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ

5-6. Կարճ ժամանակուան մէջ, Յոբին ի՞նչ պատահեցաւ։

5 Յոբ շատ աղուոր կեանք մը ունէր։ Ան Եհովային հետ մտերիմ բարեկամութիւն կը վայելէր։ Մեծ եւ ուրախ ընտանիք ունէր ու շատ հարուստ էր (Յոբ 1։1-5)։ Բայց միայն մէկ օրուան մէջ, ան գրեթէ իր ամէն ունեցածը կորսնցուց։ Նա՛խ, իր հարստութիւնը կորսնցուց (Յոբ 1։13-17)։ Ետքը, իր բոլոր զաւակները մեռան։ Պահ մը մտածէ այդ ողբալի դէպքին մասին։ Ծնողներուն աշխարհը կը քանդուի, երբ իրենց զաւակներէն մէկը մեռնի։ Ուստի, երեւակայէ այն ցնցումը, վիշտը եւ յուսահատութիւնը, որ Յոբ ու իր կինը ունեցան, երբ լսեցին որ իրենց տասը զաւակներն ալ մեռան։ Զարմանալի չէ որ Յոբ իր պատմուճանը պատռեց եւ գետին ինկաւ (Յոբ 1։18-20

6 Ետքը, Սատանան Յոբին շատ ցաւալի ու նեղացուցիչ հիւանդութիւն մը տուաւ (Յոբ 2։6-8. 7։5)։ Ատեն մը, Յոբ մեծապէս յարգուած էր իր շրջանակին կողմէ։ Մարդիկ խրատի համար իրեն կը դիմէին (Յոբ 31։18)։ Բայց հիմա իրմէ հեռու կը մնային։ Ան մերժուած էր իր եղբայրներուն եւ մտերիմ բարեկամներուն կողմէ, եւ նոյնիսկ իր տան ծառաները իր երեսին չէին նայեր (Յոբ 19։13, 14, 16

Ներկայիս, շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր կրնան հասկնալ, թէ Յոբ ի՛նչ զգաց երբ ցաւալի կորուստներ ունեցաւ (տե՛ս պարբ. 7) *

7. ա) Յոբին կարծիքով, իր տառապանքին պատճառը ի՞նչ էր, բայց մերժեց ի՞նչ ընել։ բ) Քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ ունենալ փորձութիւն մը, որ կը նմանի այն փորձութեան, որ նկարին մէջ ցոյց տրուած է։

7 Սատանան ուզեց որ Յոբ հաւատար թէ կը չարչարուէր, քանի որ Եհովայի հաճութիւնը կորսնցուցած էր։ Օրինակ, Սատանան զօրաւոր հով գործածեց, որպէսզի փլէ այն տունը, ուր Յոբին տասը զաւակները միասին ճաշ կ’ուտէին (Յոբ 1։18, 19)։ Ան նաեւ պատճառ եղաւ, որ երկինքէն կրակ իջնէ եւ կործանէ ոչ միայն Յոբին հօտերը, հապա նաեւ անոր ծառաները, որոնք անոնց հոգ կը տանէին (Յոբ 1։16)։ Որովհետեւ հովն ու կրակը երկինքէն եկան, Յոբ եզրակացուց թէ անոնք Եհովայէն էին։ Եւ այս պատճառաւ մտածեց, թէ ինք կերպով մը Եհովան նեղացուցած էր։ Այսուհանդերձ, ան չուզեց իր երկնաւոր Հայրը անիծել։ Ան ընդունեց, որ տարիներու ընթացքին Եհովայէն բազմաթիւ լաւ բաներ ստացած էր։ Ուստի տրամաբանեց որ եթէ ուրախ էր լաւ բաները ընդունելու, ուրեմն պէտք է պատրաստ ըլլայ գէշ բաներն ալ ընդունելու։ Եւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը» (Յոբ 1։20, 21. 2։10)։ Թէեւ Յոբ իր հարստութիւնը, զաւակները եւ առողջութիւնը կորսնցուց, բայց Եհովային հաւատարիմ մնաց։ Սատանան չյանձնուեցաւ։

8. Սատանան ուրիշ ի՞նչ մեթոտ գործածեց Յոբին դէմ։

8 Սատանան Յոբին դէմ ուրիշ մեթոտ մըն ալ գործածեց։ Ան ուզեց Յոբին անարժէք զգացնել, եւ այդ նպատակով օգտագործեց երեք կեղծ բարեկամներ։ Անոնք ըսին որ Յոբ կը չարչարուէր, քանի որ շատ մը սխալ բաներ ըրած էր (Յոբ 22։5-9)։ Անոնք նաեւ փորձեցին զինք համոզել, որ նոյնիսկ եթէ յանցաւոր չէր, իր ըրած բոլոր բարի գործերը Աստուծոյ աչքին արժէք մը չունէին (Յոբ 4։18. 22։2, 3. 25։4)։ Իրականութեան մէջ, անոնք կը փորձէին ձգել որ Յոբ մտածէ, թէ Աստուած զինք չի սիրեր եւ իրեն հոգ պիտի չտանի, ինչպէս նաեւ Իրեն ծառայելը արժէք մը չունի։ Անոնց խօսքերը կրնային Յոբին զգացնել, որ իր պարագան անյոյս էր։

9. Ի՞նչը Յոբին օգնեց, որ քաջ ու զօրաւոր ըլլայ։

9 Երեւակայէ այս տեսարանը։ Յոբ մոխիրի մէջ նստած, շարունակ ցաւի մէջ է (Յոբ 2։8)։ Իր բարեկամները անդադար իրեն կ’ըսեն, որ լաւ անձ մը չէ եւ ամէն ինչ որ ըրած է արժէք մը չունի։ Իր փորձութիւնները ծանր բեռ մըն են, իսկ զաւակներուն կորուստը իր սիրտը կտոր–կտոր կ’ընէ։ Սկիզբը, Յոբ լուռ է (Յոբ 2։13–3։1)։ Եթէ իր ընկերակիցներուն միտքէն կ’անցնի, որ Եհովային կռնակ պիտի դարձնէ, անոնք շատ սխալ են։ Տեղ մը կու գայ, որ Յոբ,– հաւանաբար գլուխը վերցնելով եւ ուղղակի այս կեղծ բարեկամներուն նայելով,– կ’ըսէ. «Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ» (Յոբ 27։5)։ Ի՞նչը Յոբին օգնեց, որ այսքան քաջ ու զօրաւոր ըլլայ՝ հակառակ իր ամբողջ տառապանքին։ Նոյնիսկ երբ իր հոգեկանը գետինն էր, ան բնա՛ւ իր յոյսը չկտրեց, որ զինք սիրող Աստուածը ի վերջոյ զինք պիտի հանգստացնէր։ Ան գիտէր, որ նոյնիսկ եթէ մեռնէր, Եհովան իրեն յարութիւն պիտի տար (Յոբ 14։13-15

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՅՈԲԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵԼ

10. Յոբին պատմութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։

10 Յոբին պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ Սատանան չի կրնար մեզ ստիպել որ Եհովան լքենք, եւ թէ Եհովան միշտ գիտէ ամէն ինչ որ մեզի կը պատահի։ Յոբին փորձառութիւնը նաեւ կրնայ մեզի օգնել, որ հարցերը ճիշդ տեսանկիւնէն դիտենք։ Նկատի առ կարգ մը մասնայատուկ դասեր, որոնք կրնանք սորվիլ Յոբէն։

11. Եթէ շարունակենք Եհովային վստահիլ, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ (Յակոբոս 4։7

11 Յոբ փաստեց, որ եթէ շարունակենք Եհովային վստահիլ, կրնանք որեւէ փորձութեան դիմանալ եւ յաջողութեամբ Սատանային հակառակ կենալ։ Արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Սատանան մեզմէ պիտի փախչի (կարդա՛ Յակոբոս 4։7

12. Յարութեան յոյսը ինչպէ՞ս զօրացուց Յոբը։

12 Պէտք է յարութեան յոյսին հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունենանք։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ յիշուեցաւ, Սատանան յաճախ մահուան վախը կը գործածէ, որպէսզի մեզ ստիպէ, որ մեր ուղղամտութիւնը ձգենք։ Յոբի պարագային, Սատանան ըսաւ որ ան իր կեանքը ազատելու համար ամէն բան պիտի ընէր, նոյնիսկ իր ուղղամտութիւնը պիտի ձգէր։ Սատանան շա՛տ սխալ էր։ Նոյնիսկ երբ Յոբ կարծեց, որ պիտի մեռնի, զիջում չըրաւ։ Ան կրցաւ տոկալ, քանի որ վստահութիւն ունէր Եհովայի բարութեան հանդէպ եւ զօրաւոր յոյս ունէր, որ Եհովան ի վերջոյ հարցերը պիտի շտկէր։ Յոբ կը հաւատար, որ նոյնիսկ եթէ Եհովան ատիկա չընէր իր կեանքի ընթացքին, իրեն յարութիւն պիտի տար ապագային։ Յոբի համար յարութեան յոյսը իրական էր։ Եթէ այդ յոյսը մեզի համար իրական է, նոյնիսկ մահուան վտանգը պիտի չկարենայ պատճառ դառնալ, որ մեր ուղղամտութիւնը ձգենք ու անհաւատարիմ ըլլանք։

13. Ինչո՞ւ պէտք է ուշադրութիւն ընծայենք այն մեթոտներուն, որոնք Սատանան գործածեց Յոբին դէմ։

13 Պէտք է ուշադրութեամբ քննենք Յոբին դէմ գործածուած մեթոտները, քանի որ Սատանան այսօր նոյնանման մեթոտներ կը գործածէ մեզի դէմ։ Նկատի առ թէ Սատանան ի՛նչ ամբաստանութիւն ըրաւ. «Մարդս [ոչ միայն Յոբը] իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ» (Յոբ 2։4, 5)։ Սատանան ըսել կ’ուզէ, որ մենք իրապէս Եհովան չենք սիրեր եւ մեր կեանքը ազատելու համար պատրաստ ենք Զինք լքելու։ Ան նաեւ ըսել կ’ուզէ, թէ Աստուած մեզ չի սիրեր եւ պիտի չնկատէ զինք հաճեցնելու մեր ջանքերը։ Այս բաները գիտնալով, մենք՝ որ մեր յոյսը Եհովային վրայ դրած ենք, Սատանային մեթոտներէն չենք խաբուիր։

14. Փորձութիւնները մեր մասին ի՞նչ բան կրնան յայտնել. օրինակով մը բացատրէ։

14 Փորձութիւնները պէտք է առիթ նկատենք՝ մենք մեզ ճանչնալու։ Յոբին փորձութիւնները իրեն օգնեցին, որ նկատէ կարգ մը տկարութիւններ եւ զանոնք սրբագրէ։ Օրինակ, ան գիտցաւ որ պէտք էր խոնարհութեան յատկութիւնը աւելի մշակէր (Յոբ 42։3)։ Մենք ալ փորձութեան տակ կրնանք մեր մասին շատ բան գիտնալ։ Նիքոլայ * անունով եղբայր մը, որ բանտարկուեցաւ՝ հակառակ անոր որ առողջապահական լուրջ խնդիրներ ունէր, կ’ըսէ. «Բանտը Ք. ճառագայթի (X-ray) պէս է։ Անիկա ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ յատկութիւններու վրայ պէտք է աշխատինք»։ Մէյ մը որ մեր տկարութիւնները գիտնանք, կրնանք անոնց վրայ աշխատիլ։

15. Որո՞ւն պէտք է ականջ տանք եւ ինչո՞ւ։

15 Մենք պէտք է Եհովային ականջ տանք եւ ոչ թէ մեր թշնամիներուն։ Յոբ Եհովային ուշի–ուշով մտիկ ըրաւ, երբ իրեն խօսեցաւ։ Ան Յոբին հետ տրամաբանեց. ‘Ստեղծելու ուժս կը տեսնե՞ս։ Ես գիտեմ ամէն ինչ, որ քեզի պատահած է։ Կը կարծես որ չե՞մ կրնար քեզի հոգ տանիլ’։ Յոբ խոնարհութեամբ պատասխանեց եւ Եհովայի հանդէպ խոր գնահատանքով ըսաւ. «Ես քու մասիդ ականջով լսեր էի, բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ» (Յոբ 42։5)։ Երբ Յոբ այս խօսքը ըսաւ, տակաւին մոխիրի մէջ նստած էր, իր մարմինը վէրքերով պատուած էր եւ զաւակները գերեզմանն էին։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան Յոբը վստահեցուց որ զինք կը սիրէ եւ իրեն կը հաճի (Յոբ 42։7, 8

16. Եսայի 49։15, 16–ի համաձայն, ի՞նչ բան պէտք է մեր միտքը պահենք, երբ փորձութիւններէ կ’անցնինք։

16 Այսօր ալ թերեւս մարդիկ մեզի անարժէք զգացնեն ու նախատեն։ Անոնք թերեւս փորձեն մեր կամ մեր կազմակերպութեան համբաւը աւրել եւ ‘ստութեամբ մեզի դէմ ամէն տեսակ չար խօսքեր ըսել’ (Մատ. 5։11, ԱԾ)։ Յոբի պատմութենէն կը սորվինք թէ Եհովան վստահ է, որ փորձութեան տակ իրեն հաւատարիմ պիտի մնանք։ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ բնա՛ւ պիտի չլքէ իրեն յուսացողները (կարդա՛ Եսայի 49։15, 16)։ Երբեք ուշադրութիւն մի՛ դարձներ այն բոլոր սուտ խօսքերուն, որոնք Աստուծոյ թշնամիները կ’ըսեն։ Թուրքիայի մէջ ապրող Ճէյմս անունով եղբայր մը, որուն ընտանիքը խիստ փորձութիւններէ անցաւ, կ’ըսէ. «Անդրադարձանք որ եթէ Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ ըսուած սուտերուն ականջ տայինք, պիտի ընկճուէինք։ Անոր համար, կեդրոնացանք Թագաւորութեան յոյսին վրայ եւ շարունակեցինք Եհովային ժրաջանօրէն ծառայել։ Այդպիսով, կրցանք մեր ուրախութիւնը պահել»։ Յոբին պէս, մենք Եհովայի՛ն մտիկ կ’ընենք, ու այսպէս մեր թշնամիներուն սուտերը չեն կրնար մեր յոյսը կործանել։

ՅՈՅՍԴ ՔԵԶԻ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ ՈՐ ՏՈԿԱՍ

Յոբ վարձատրուեցաւ իր ուղղամտութեան համար։ Ան ու իր կինը երկար ատեն վայելեցին Եհովայի օրհնութիւնները (տե՛ս պարբ. 17) *

17. Ի՞նչ կը սորվիս Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ յիշուած հաւատարիմ տղամարդոց եւ կիներուն օրինակէն։

17 Յոբ միայն մէկն է Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն, որոնք խիստ փորձութիւններու ներքեւ քաջ եւ զօրաւոր մնացին։ Եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ յիշեց ուրիշ շատեր, զանոնք կոչելով «վկաներու բազմութիւն» (Եբ. 12։1)։ Անոնք բոլորն ալ խիստ փորձութիւններէ անցան, բայց իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին Եհովային հաւատարիմ մնացին (Եբ. 11։36-40)։ Անոնց տոկալը եւ ծանր աշխատանքը պարապի՞ էին։ Բնաւ երբեք։ Թէեւ իրենց կեանքին ընթացքին Եհովայի բոլոր խոստումներուն կատարումը չտեսան, բայց շարունակեցին իրենց յոյսը Եհովային վրայ դնել։ Եւ որովհետեւ կասկած չունէին, որ Եհովայի հաճութիւնը ունէին, անոնք վստահ էին որ խոստումներուն կատարումը պիտի տեսնեն (Եբ. 11։4, 5)։ Անոնց օրինակը կրնայ մեր վճռականութիւնը աւելցնել, որ շարունակենք Եհովային յուսալ։

18. Ի՞նչ վճռած ես ընել (Եբրայեցիս 11։6

18 Ներկայիս կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ երթալով աւելի գէշ կ’ըլլայ (Բ. Տիմ. 3։13)։ Սատանան տակաւին չէ դադրած Աստուծոյ ժողովուրդը փորձելէ։ Ի՛նչ դժուարութիւններու առջեւ ալ ըլլանք, վճռե՛նք Եհովային համար ծանր աշխատիլ, վստահ ըլլալով թէ «մեր յոյսը դրած ենք կենդանի Աստուծոյ վրայ» (Ա. Տիմ. 4։10, ՆԹ)։ Յիշէ թէ այն ինչ որ Եհովան Յոբին համար ըրաւ, կը փաստէ որ Ան «բազմագութ ու ողորմած է» (Յակ. 5։11)։ Թող մենք ալ Եհովային հաւատարիմ մնանք, վստահ ըլլալով որ պիտի վարձատրէ անոնք, որ «զինք կը փնտռեն» (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։6

ԵՐԳ 133 Աստուա՛ծ փնտռեցէք, որպէսզի փրկուիք

^ Երբ կը մտածենք մէկու մը մասին, որ դժուար փորձութիւններու տոկացած է, յաճախ մեր միտքը կու գայ Յոբը։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ անոր փորձառութենէն։ Կը սորվինք որ Սատանան չի կրնար մեզ ստիպել, որ Եհովան լքենք։ Նաեւ կը սորվինք, որ Եհովան միշտ գիտէ ամէն ինչ որ մեզի կը պատահի։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ վերջ դրաւ Յոբի փորձութիւններուն, օրը պիտի գայ երբ վերջ պիտի դնէ մեր բոլոր նեղութիւններուն։ Եթէ մեր գործերով ցոյց կու տանք, որ լիովին համոզուած ենք այս իրողութիւններուն, ուրեմն մենք անոնցմէ ենք, որոնք իրապէս ‘իրենց յոյսը Տիրոջ վրայ դրած են’։

^ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. «Յոյս դնել» թարգմանուած եբրայերէն բառը հիմնականօրէն կը նշանակէ՝ մեծ ակնկալութեամբ բանի մը «սպասել»։ Նաեւ կրնայ նշանակել՝ մէկու մը վստահիլ կամ անոր ապաւինիլ (Սաղ. 25։2, 3. 62։5

^ Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յոբ եւ իր կինը կը նային այն վայրին, ուր իրենց զաւակները ցաւալիօրէն մեռած են։

^ ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յոբ մինչեւ վերջ տոկաց։ Ան ու իր կինը կը խոկան այն օրհնութիւններուն վրայ, որ Եհովան թափեց իրենց եւ իրենց ընտանիքին վրայ։