Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Հռոմայեցիները թոյլ կու տայի՞ն, որ մէկը որ մահապատիժի ենթարկեցին ցիցին վրայ, սովորական կերպով թաղուէր, ինչ որ էր Յիսուսին պարագան

ՇԱՏԵՐ Սուրբ Գիրքէն գիտեն, թէ Յիսուս երկու աւազակներու միջեւ մահապատիժի ենթարկուեցաւ ցիցի մը վրայ (Մատ. 27։35-38)։ Սակայն, ոմանք կը կարծեն, թէ ճիշդ չէ Սուրբ Գիրքին ըսածը, որ անկէ ետք Յիսուսին մարմինը թաղուելու համար պատրաստուեցաւ եւ գերեզմանի մը մէջ դրուեցաւ (Մար. 15։42-46

Ոմանք, որոնք Աւետարանները կը քննադատեն, կ’ըսեն որ անկարելի է որ մահապատիժի ենթարկուողներուն թոյլ տրուէր պատշաճ կերպով թաղուիլ, օրինակ՝ գերեզմանը դրուիլ։ Ըստ անոնց, աւելի հաւանական է որ այդ ոճրագործներուն հետ տարբեր կերպով կը վարուէին։ Smithsonian պարբերաթերթին մէջ, լրագրող Արիէլ Սէպար այս տեսակէտին պատճառը կը բացատրէ. «Խաչուիլը պատիժ մըն էր, որ կը տրուէր ընկերութեան ամէնէն գէշ մարդոց։ Անոր համար կարգ մը մասնագէտներ ծիծաղելի կը սեպեն այն գաղափարը, թէ հռոմայեցիները թոյլ կու տային որ այդպիսի մահուան դատապարտուած մարդիկը պատուաւոր կերպով թաղուէին»։ Հռոմայեցիները կ’ուզէին այսպիսի ոճրագործներու հետ ամենացած կերպով վարուիլ. անոր համար, անոնց մարմինները յաճախ ցիցին վրայ կը ձգէին, որպէսզի վայրի անասունները զանոնք ուտէին։ Իսկ մարմինէն ի՛նչ որ կը մնար, թերեւս կը նետուէր գերեզման մը, ուր ուրիշներու դիակներն ալ կային։

Սակայն, հնագիտութիւնը մէջտեղ հանած է տարբեր բան մը, առնուազն կարգ մը հրեաներու ոսկորներուն նկատմամբ, որոնք մահուան դատապարտուած էին։ 1968–ին, գտնուեցան տղամարդու մը ոսկորները, որ առաջին դարուն մահապատիժի ենթարկուած էր։ Անոր ոսկորները կը գտնուէին ոսկորի արկղի մը մէջ՝ հրեայ ընտանիքի մը գերեզմանին մէջ, Երուսաղէմի մօտ։ Ոսկորներէն մէկը կրունկն էր, որ 11,5 սանթիմեթր գամով տախտակի մը գամուած էր։ Սէպար կ’ըսէ. «Կրունկը, որ Եհոքանըն անունով տղամարդու մը կը պատկանէր, փաստեց թէ կրնայ ճիշդ ըլլալ Աւետարաններուն ըսածը, թէ Յիսուս գերեզմանի մը մէջ թաղուեցաւ»։ Յատկանշական է, որ «Եհոքանընի կրունկը օրինակ մըն է Յիսուսի օրերուն խաչուած մարդու մը, որուն արտօնեցին հռոմայեցիները հրէական թաղում ունենալ»։

Ճիշդ է որ այս կրունկին պատճառաւ, տակաւին իրարմէ տարբեր կարծիքներ կան, թէ ի՛նչ էր Յիսուսին դիրքը ցիցին վրայ։ Բայց ինչ որ յստակ է, այն է՝ թէ մահապատիժի ենթարկուած կարգ մը ոճրագործներ թաղում ունեցան, եւ ոչ թէ պարզապէս նետուեցան գերեզման մը, ուր ուրիշներու դիակներն ալ կային։ Յստակ է որ վստահելի է Սուրբ Գիրքին այն ըսածը, թէ Յիսուսին մարմինը պատշաճ գերեզմանի մը մէջ դրուեցաւ։ Այս ապացոյցը թիկունք կը կանգնի Սուրբ Գիրքին ըսածին։

Աւելի կարեւորը, Եհովան մարգարէացած էր որ Յիսուս հարուստ մարդու մը գերեզմանին մէջ պիտի թաղուէր, եւ ո՛չ մէկը կրնայ արգելք ըլլալ, որ Աստուծոյ խօսքը կատարուի (Եսա. 53։9. 55։11