Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 26

Եհովային օրուան համար պատրաստ կեցէ՛ք

Եհովային օրուան համար պատրաստ կեցէ՛ք

«Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի» (Ա. ԹԵՍ. 5։2

ԵՐԳ 128 Այս աշխարհի տեսարանը կը փոխուի

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Ի՞նչ պէտք է ընենք Տէրոջը օրէն ազատելու համար։

 ԵՐԲ Աստուածաշունչը խօսի «Տէրոջը օր»ուան մասին, կ’ակնարկէ այն ժամանակին, երբ Եհովան իր թշնամիները կը դատէ եւ իր ժողովուրդը կ’ազատէ։ Անցեալին, ատեններ Եհովան դատաստաններ բերաւ (Եսա. 13։1, 6. Եզեկ. 13։5. Սոփ. 1։8)։ Մեր օրերուն, «Տէրոջը օրը» պիտի սկսի Մեծ Բաբելոնի վրայ յարձակումով եւ իր գագաթնակէտին պիտի հասնի Արմագեդոն պատերազմով։ Այդ «օր»էն ազատելու համար, պէտք է որ հիմակուընէ պատրաստուինք։ Յիսուս սորվեցուց, թէ չի բաւեր որ «մեծ նեղութեան» համար պատրաստուինք, հապա նաեւ պէտք է ‘պատրաստ կենանք’ (Մատ. 24։21. Ղուկ. 12։40

2. Ինչո՞ւ կրնանք Ա. Թեսաղոնիկեցիս նամակէն օգտուիլ։

2 Թեսաղոնիկեցիներուն գրած իր առաջին ներշնչեալ նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ գործածեց կարգ մը օրինակներ, քրիստոնեաներուն օգնելու համար որ Եհովայի դատաստանի մեծ օրուան համար պատրաստ կենան։ Պօղոս գիտէր որ Եհովային օրը այն ատեն պիտի չգար (Բ. Թես. 2։1-3)։ Բայց եւ այնպէս, ան իր եղբայրները քաջալերեց որ այդ օրուան համար պատրաստուին՝ կարծես թէ անիկա վաղը պիտի գար։ Եւ լաւ կ’ըլլայ որ մենք ալ այս խրատին հետեւինք։ Նկատի առնենք իր տուած բացատրութիւնը այս կէտերուն շուրջ. 1) Եհովային օրը ինչպէ՞ս պիտի հասնի, 2) այդ օրէն ո՞վ պիտի չազատուի եւ 3) ինչպէ՞ս կրնանք այդ օրէն ազատուելու համար պատրաստուիլ։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՕՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԻ

Ա. Թեսաղոնիկեցիս նամակը գրած ատեն, Պօղոս առաքեալ գործածեց օրինակներ, որոնցմէ կրնանք օգտուիլ (տե՛ս պարբ. 3)

3. Եհովային օրը ինչպէ՞ս գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի (տե՛ս նաեւ նկարը)։

3 «Գիշերուան գողի պէս» (Ա. Թես. 5։2)։ Ասիկա երեք օրինակներէն մէկն է, որ Պօղոս կը գործածէ Եհովայի օրուան հասնիլը նկարագրելու համար։ Ընդհանրապէս, գողերը շատ արագ կը շարժին եւ գիշերուան մութին տակ կու գան, երբ մարդիկ չեն ակնկալեր։ Եհովային օրն ալ անակնկալ կերպով պիտի հասնի եւ մարդոց մեծամասնութիւնը անակնկալի պիտի բերէ։ Նոյնիսկ ճշմարիտ քրիստոնեաները թերեւս անակնկալի գան՝ տեսնելով որ դէպքերը որքա՛ն արագ կ’ընթանան, բայց անոնք չարերուն պէս պիտի չկործանին։

4. Ի՞նչ կերպով Եհովային օրը կը նմանի յղիին ցաւերուն։

4 «Յղիին երկունքին պէս» (Ա. Թես. 5։3)։ Յղի մայր մը չի կրնար գիտնալ, թէ ճիշդ ո՛ր ժամուն ծննդաբերութեան ցաւերը պիտի գան։ Բայց ան կասկած չունի որ անոնք պիտի գան։ Եւ այդ ցաւերը անակնկալօրէն պիտի հասնին, պիտի աւելնան եւ պիտի չկենան։ Նոյնպէս, մենք չենք գիտեր որ Եհովային օրը ճիշդ ե՛րբ եւ ո՛ր ժամուն պիտի սկսի, բայց վստահ ենք թէ անիկա պիտի գայ եւ թէ իր դատաստանը անակնկալ պիտի ըլլայ չարերուն համար եւ պիտի չկրնան անկէ փախուստ տալ։

5. Ի՞նչ կերպով մեծ նեղութիւնը կը նմանի արեւածագի։

5 Արեւածագի պէս։ Պօղոս իր տուած երրորդ օրինակին մէջ, նորէն կը յիշէ գողեր, որոնք գիշերով կու գան։ Բայց այս անգամ Եհովային օրը կը նմանցնէ արեւածագի (Ա. Թես. 5։4)։ Գիշերը, գողերը կրնան այնքա՛ն տարուիլ, որ ժամանակը կ’անցնի եւ չեն զգար։ Մէկ անգամէն առտու կ’ըլլայ եւ իրենց ինքնութիւնը մէջտեղ կ’ելլէ։ Մեծ նեղութիւնն ալ նոյնպէս մէջտեղ պիտի հանէ անոնք, որոնք գողերու պէս խաւարի մէջ կը մնան՝ շարունակելով ընել բաներ, որոնց Աստուած չի հաճիր։ Անոնց հակառակը, մենք կրնանք պատրաստ ըլլալ՝ չընելով բաներ, որոնք Աստուած կը նեղացնեն, հապա ցուցաբերելով ‘հոգիին պտուղը, որ ամէն կերպ բարութիւնով, արդարութիւնով ու ճշմարտութիւնով է’ (Եփ. 5։8-12)։ Պօղոս կը շարունակէ ուրիշ երկու օրինակներ ալ տալ, որոնք կը նկարագրեն չազատուողները։

ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻ ՕՐԷՆ ՊԻՏԻ ՉԱԶԱՏԻՆ

6. Ի՞նչ իմաստով մարդոց մեծ մասը քնացած է (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։6, 7

6 «Անոնք որ կը քնանան» (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։6, 7 Պօղոս Եհովայի օրէն չազատուողները բաղդատեց քնացող մարդոց հետ։ Անոնք չեն զգար որ իրենց շուրջը ի՛նչ կ’անցնի–կը դառնայ։ Անոր համար, չեն կրնար զանազանել կարեւոր դէպքերը, որոնք տեղի կ’ունենան, ոչ ալ անոնց նկատմամբ բան մը կ’ընեն։ Մարդոց մեծամասնութիւնը այսօր հոգեւորապէս քնացած է (Հռով. 11։8)։ Անոնք անտարբեր են այն փաստերուն նկատմամբ, որ մենք կ’ապրինք «վերջին օրեր»ուն մէջ եւ թէ մեծ նեղութիւնը շուտով պիտի գայ։ Ոմանք թերեւս արթննան իրենց հոգեւոր քունէն եւ Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ քիչ մը հետաքրքրութիւն ցոյց տան, երբ համաշխարհային դէպքեր տեղի ունենան։ Բայց եւ այնպէս, շատեր ետ քունի կ’անցնին, փոխանակ արթուն մնալու։ Նոյնիսկ ոմանք, որոնք կը հաւատան որ դատաստանի օր մը կայ, կը խորհին որ դեռ կանուխ է ատոր համար (Բ. Պետ. 3։3, 4)։ Բայց մենք կ’ընդունինք որ արթուն մնալու ներշնչուած խրատը օրէ օր ա՛լ աւելի կարեւոր կը դառնայ։

7. Աստուծոյ բարկութեան արժանի եղողները ինչպէ՞ս նմանցուած են գինովներու։

7 «Անոնք որ կ’արբենան»։ Առաքեալը Աստուծոյ բարկութեան արժանի եղողները նմանցուց արբեցողներու, կամ գինովներու։ Խմիչքի ազդեցութեան տակ եղողները չեն անդրադառնար որ իրենց շուրջը ի՛նչ կ’անցնի–կը դառնայ, անոր համար սխալ որոշումներ կ’առնեն։ Նոյնպէս, չարերը Աստուծոյ ազդարարութիւններուն ականջ չեն տար։ Անոնք կ’ընտռեն ընթացք մը, որ կ’առաջնորդէ իրենց կործանումին։ Բայց քրիստոնեաներուն ըսուած է որ արթուն եւ զգաստ կենան (Ա. Թես. 5։6)։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը կ’ըսէ, որ արթուն եւ զգաստ եղող անհատ մը հանդարտ կը մնայ եւ իրար չ’անցնիր։ Ան յստակ կերպով կը մտածէ, անոր համար ճիշդ որոշումներ կ’առնէ։ Ուրեմն, ինչո՞ւ պէտք է հանդարտ մնանք եւ իրար չանցնինք։ Որպէսզի քաղաքական կամ ընկերային հարցերուն չխառնուինք։ Մինչ Եհովային օրը ա՛լ աւելի կը մօտենայ, այս հարցերուն մէջ խառնուելու ճնշումը պիտի աւելնայ։ Բայց եւ այնպէս, պէտք չէ մտահոգ ըլլանք որ ի՛նչ պիտի ընենք, քանի որ Աստուծոյ հոգին կրնայ մեզի օգնել որ հանդարտ մնանք, իրար չանցնինք եւ իմաստուն որոշումներ առնենք (Ղուկ. 12։11, 12

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ԸՆԵԼ ԵՀՈՎԱՅԻ ՕՐՈՒԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Մինչ շատեր կը շարունակեն անտարբեր մնալ, մենք Եհովային օրուան համար պատրաստ կը կենանք՝ հագնելով հաւատքի եւ սիրոյ զրահը եւ յոյսի սաղաւարտը (տե՛ս պարբ. 8, 12)

8. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։8–ը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ այն յատկութիւնները, որոնք մեզի պիտի օգնեն արթուն եւ զգաստ մնալու (տե՛ս նաեւ նկարը)։

8 «Զրահը մեր վրայ հագնինք ու. . . սաղաւարտը գլուխնիս դնենք»։ Պօղոս մեզ կը նմանցնէ արթուն եւ կռուելու պատրաստ եղող զինուորներու (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։8)։ Զինուորէ մը կ’ակնկալուի որ ամէն ատեն պատերազմելու պատրաստ ըլլայ։ Նոյնն է պարագան մեզի։ Մենք Եհովայի օրուան համար պատրաստ կը կենանք՝ հաւատքի եւ սիրոյ զրահը հագնելով եւ յոյսի սաղաւարտը դնելով։ Այս յատկութիւնները կրնան մեծապէս մեզի օգնել։

9. Մեր հաւատքը ինչպէ՞ս մեզ կը պաշտպանէ։

9 Զրահը զինուորին սիրտը կը պաշտպանէր։ Նոյնպէս ալ հաւատքը եւ սէրը մեր այլաբանական սիրտը կը պաշտպանեն։ Անոնք մեզի կ’օգնեն որ շարունակենք Աստուծոյ ծառայել եւ Յիսուսին հետեւիլ։ Եթէ հաւատք ունենանք, վստահ կ’ըլլանք որ Եհովան պիտի վարձատրէ անոնք, որոնք զինք կը փնտռեն իրենց ամբողջ սրտով (Եբ. 11։6)։ Անիկա մեզ կը մղէ, որ մեր առաջնորդին՝ Յիսուսին, հաւատարիմ մնանք, նոյնիսկ եթէ դժուարութիւններ ունենանք։ Կրնանք մեր հաւատքը զօրացնել՝ սորվելով անհատներէ, որոնք ուղղամիտ մնացին հալածանքի կամ տնտեսական դժուարութիւններու դիմաց։ Նաեւ կրնանք նիւթապաշտութեան ծուղակին մէջ չիյնալ՝ ընդօրինակելով անոնք, որոնք իրենց կեանքը պարզացուցին՝ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնելու համար b։

10. Աստուծոյ եւ մեր ընկերին հանդէպ սէրը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ տոկանք։

10 Սէրը նաեւ կարեւոր է արթուն եւ զգաստ մնալու համար (Մատ. 22։37-39)։ Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեզի կ’օգնէ, որ քարոզչութեան մէջ տոկանք, հակառակ որ ասիկա երբեմն մեր գլուխը ցաւի կը տանի (Բ. Տիմ. 1։7, 8)։ Քանի՛ որ կը սիրենք անոնք որոնք մեր հաւատքը չեն բաժներ, կը շարունակենք մեր թաղամասին մէջ քարոզել, նոյնիսկ հեռաձայնով եւ նամակով վկայութիւն տալով։ Յոյսերնիս չենք կտրեր որ օրին մէկը մարդիկ փոխուին եւ սկսին ճիշդը ընել (Եզեկ. 18։27, 28

11. Մեր հաւատակիցներուն հանդէպ սէրը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11

11 Մեր ընկերը սիրել կը նշանակէ նաեւ մեր հաւատակիցները սիրել։ Այսպիսի սէր ցոյց կու տանք՝ ‘մէկզմէկ մխիթարելով եւ իրարու օգնելով’ (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11)։ Կողք–կողքի կռուող զինուորներու պէս, մենք իրար կը քաջալերենք։ Անշուշտ, կրնայ ըլլալ որ պատերազմի մէջ զինուոր մը իր ընկերը պատահմամբ վիրաւորէ, բայց ան բնա՛ւ ասիկա ուզելով պիտի չընէ։ Նոյնպէս մենք բնա՛ւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը պիտի չվիրաւորենք գիտակցաբար, ոչ ալ չարութեան փոխարէն չարութիւն պիտի հատուցանենք (Ա. Թես. 5։13, 15)։ Մեր սէրը ցոյց տուած կ’ըլլանք նաեւ՝ յարգելով ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայրները (Ա. Թես. 5։12)։ Երբ Պօղոս իր նամակը գրեց, Թեսաղոնիկէի ժողովքին հաստատուելուն տակաւին մէկ տարի չէր եղած։ Անոր մէջի երէցները անփորձ էին եւ հաւանաբար սխալներ ալ ըրած էին։ Բայց հակառակ ասոր, անոնք յարգանքի արժանի էին։ Մինչ մեծ նեղութիւնը կը մօտենայ, որեւէ ժամանակէ աւելի թերեւս պէտք ունենանք ուղղութեան համար մեր ժողովքի երէցներուն վստահելու։ Թերեւս կեդրոնատեղիին եւ մասնաճիւղին հետ մեր կապը կտրուի։ Ատոր համար, կարեւոր է որ սորվինք հիմա իսկ մեր երէցները սիրել եւ յարգել։ Ի՛նչ որ ալ պատահի, զգաստ մնանք, անոնց անկատարութիւններուն վրայ չկեդրոնանանք, հապա կեդրոնանանք այն իրողութեան վրայ, որ Եհովան Քրիստոսի միջոցաւ այս հաւատարիմ տղամարդիկը կ’առաջնորդէ։

12. Յոյսը ինչպէ՞ս մեր մտածելակերպը կը պաշտպանէ։

12 Ճիշդ ինչպէս որ սաղաւարտը զինուորի մը գլուխը կը պաշտպանէր, մեր փրկութեան յոյսը մեր մտածելակերպը կը պաշտպանէ։ Երբ զօրաւոր հաւատք ունենանք, կը գիտակցինք որ ինչ որ այս աշխարհը կը ներկայացնէ անարժէք է (Փլպ. 3։8)։ Մեր հաւատքը նաեւ մեզի կ’օգնէ որ հանդարտ մնանք եւ իրար չանցնինք։ Այս էր պարագան Ուալըսի եւ Լօրինտայի, որոնք Ափրիկէի մէջ կը ծառայեն։ Երեք շաբթուան մէջ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ծնողներէն մէկը կորսնցուց մահով։ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին պատճառաւ, անոնք չկրցան տուն վերադառնալ եւ իրենց ընտանիքներուն հետ ըլլալ։ Ուալըս կը գրէ. «Յարութեան յոյսը ինծի կ’օգնէ որ անոնց մասին մտածեմ՝ ոչ թէ ինչպէս որ էին իրենց վերջին օրերուն,– մեռնելէ առաջ,– հապա ինչպէս պիտի ըլլան նոր աշխարհին մէջ իրենց առաջին քանի մը օրերուն։ Այս յոյսը զիս կը հանդարտեցնէ, երբ տխրութեան եւ կորուստի զգացումներ ունենամ»։

13. Ի՞նչ կրնանք ընել որ սուրբ հոգին ստանանք։

13 «Սուրբ Հոգին մի՛ մարէք» (Ա. Թես. 5։19)։ Պօղոս սուրբ հոգին նմանցուց մեր մէջ եղող կրակի մը։ Երբ մենք Աստուծոյ հոգին ունինք, նախանձախնդրութեամբ եւ խանդավառութեամբ կը բորբոքինք ճիշդը ընելու, եւ վրանիս ոյժ կու գայ Եհովային համար աշխատելու (Հռով. 12։11)։ Ի՞նչ կրնանք ընել որ սուրբ հոգին ունենանք։ Կրնանք աղօթքով ատիկա խնդրել, Աստուծոյ ներշնչուած Խօսքը սերտել եւ իր հոգիով առաջնորդուած կազմակերպութեան ընկերակցիլ։ Ասիկա ընելը մեզի պիտի օգնէ որ «Հոգիին պտուղը» մշակենք (Գաղ. 5։22, 23

Դուն քեզի հարցուր. ‘Ըրածներովս ցոյց կու տա՞մ որ կ’ուզեմ որ Աստուած շարունակէ իր սուրբ հոգին տալ ինծի’ (տե՛ս պարբ. 14)

14. Որպէսզի շարունակենք սուրբ հոգին ստանալ, ի՞նչ բան պէտք չէ ընենք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

14 Աստուած մեզի իր սուրբ հոգին տալէ ետք, պէտք է զգոյշ ըլլանք որ ‘սուրբ հոգին չմարենք’։ Աստուած իր հոգին կու տայ միայն անոնց, որոնք կը շարունակեն մաքուր մտածելակերպ եւ վարք ունենալ։ Եթէ աղտոտ մտածումներ ունենանք եւ անոնք գործադրենք, ան պիտի դադրի մեզի իր հոգին տալէ (Ա. Թես. 4։7, 8)։ Որպէսզի շարունակենք սուրբ հոգին ստանալ, պէտք է ‘մարգարէութիւնները չարհամարհենք’ (Ա. Թես. 5։20)։ Հոս, «մարգարէութիւնները» կ’ակնարկեն Աստուծոյ հոգիին միջոցաւ տրուած պատգամներուն, մէջը ըլլալով Եհովայի օրուան եւ մեր օրերուն կարեւորութեան վերաբերեալ մարգարէութիւնները։ Մենք այդ օրը մեր միտքէն չենք հաներ, մտածելով որ Արմագեդոնը մեր օրերուն պիտի չգայ։ Փոխարէն, այդ օրը կ’արագացնենք՝ անիկա մեր մտքին մէջ վար պահելով։ Ասիկա կ’ընենք՝ մաքուր վարք ունենալով եւ ամէն օր ‘բարեպաշտութեան’ գործերով զբաղած մնալով (Բ. Պետ. 3։11, 12

«ԱՄԷՆ ԲԱՆ ՓՈՐՁԵՑԷ՛Ք»

15. Ինչպէ՞ս կրնանք չխաբուիլ դիւային փրոփականտէն եւ սխալ տեղեկութիւններէն (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21

15 Մօտ ապագային, Աստուծոյ թշնամիները ձեւով մը պիտի յայտարարեն. «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» (Ա. Թես. 5։3)։ Դեւերու կողմէ ներշնչուած փրոփականտը երկիրը պիտի լեցնէ եւ մարդոց մեծամասնութիւնը պիտի մոլորեցնէ (Յայտ. 16։13, 14)։ Իսկ մենք պիտի չխաբուինք, եթէ ‘ամէն բան փորձենք’ (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21)։ «Փորձել» թարգմանուած յունարէն բառը անցեալին կը գործածուէր, երբ կը խօսուէր թանկագին մետաղներ փորձելու մասին։ Անոր համար, պէտք է որ մեր լսածը եւ մեր կարդացածը փորձենք, տեսնելու համար թէ կե՛ղծ է թէ ոչ իրական է։ Ասիկա կարեւոր էր թեսաղոնիկեցիներուն համար, բայց ա՛լ աւելի կարեւոր պիտի ըլլայ մեզի համար, մինչ մեծ նեղութիւնը կը մօտենայ։ Փոխանակ միամտօրէն ուրիշներուն ըսածներուն հաւատալու, մեր մտային կարողութիւնը կը գործածենք, մեր կարդացածը կամ լսածը բաղդատելով Աստուածաշունչին եւ Եհովայի կազմակերպութեան ըսածներուն հետ։ Այսպէս ընելով, ո՛չ մէկ դիւային փրոփականտ մեզ պիտի խաբէ (Առ. 14։15. Ա. Տիմ. 4։1

16. Ի՞նչ յոյս ունինք, եւ ի՞նչ կը մղուինք ընել։

16 Աստուծոյ ծառաները որպէս խումբ մեծ նեղութենէն պիտի ազատին։ Բայց անհատապէս չենք գիտեր վաղը ի՛նչ պիտի բերէ (Յակ. 4։14)։ Ըլլա՛նք մեծ նեղութենէն ազատողներ կամ անկէ առաջ մեռնողներ, բոլորս ալ պիտի վարձատրուինք յաւիտենական կեանքով, եթէ հաւատարիմ մնանք։ Օծեալները երկինքի մէջ Քրիստոսի հետ պիտի ըլլան, իսկ ուրիշ ոչխարները՝ դրախտային երկրի վրայ։ Թող որ բոլորս կեդրոնանանք մեր հոյակապ յոյսին վրայ եւ պատրաստ կենանք Եհովային օրուան համար։

ԵՐԳ 133 Աստուա՛ծ փնտռեցէք, որպէսզի փրկուիք

a Ա. Թեսաղոնիկեցիս գրքին 5–րդ գլուխին մէջ, կը գտնենք կարգ մը օրինակներ եւ բաղդատութիւններ, որոնք մեզի կը սորվեցնեն Եհովային գալիք օրուան մասին։ Ի՞նչ է այդ «օրը», եւ անիկա ինչպէ՞ս պիտի գայ։ Ո՞վ անկէ պիտի ազատի։ Ո՞վ պիտի չազատի։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք անոր համար պատրաստուիլ։ Այս հարցումներուն պատասխանները պիտի առնենք, քննարկելով Պօղոս առաքեալին խօսքերը։

b Տե՛ս «Անձնուրաց ծառայողներ» յօդուածաշարքը։