Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 25

Երէցնե՛ր, Գեդէօնի օրինակէն սորվեցէք

Երէցնե՛ր, Գեդէօնի օրինակէն սորվեցէք

«Ժամանակը բաւական չէ որ պատմեմ Գեդէօնին. . .համար» (ԵԲ. 11։32

ԵՐԳ 63 Հաւատարիմ պիտի մնանք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Ա. Պետրոս 5։2–ի համաձայն, երէցները ի՞նչ առանձնաշնորհում կը վայելեն։

 ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ երէցներուն վստահուած է, որ Եհովայի արժէքաւոր ոչխարներուն հոգ տանին։ Այս նուիրուած տղամարդիկը իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն ծառայելու իրենց առանձնաշնորհումը շատ կը գնահատեն, եւ ծանր կ’աշխատին որ ըլլան ‘հովիւներ, որոնք կը հովուեն’ (Եր. 23։4, կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։2)։ Որքա՜ն շնորհակալ ենք, որ այսպիսի տղամարդիկ կան մեր ժողովքներուն մէջ։

2. Կարգ մը երէցներ թերեւս ի՞նչ դժուարութիւններ ունենան։

2 Երէցները իրենց պատասխանատուութիւններուն հոգ տարած ատեն, շատ մը դժուարութիւններ կ’ունենան։ Օրինակ, անոնք պէտք է ծանր աշխատին որ ժողովքին հոգ տանին։ Թոնին, որ Միացեալ Նահանգներէն երէց մըն է, պէտք էր սորվէր համեստ ըլլալ, որպէսզի գիտնար թէ որքան նշանակում պիտի ընդունէր։ Ան կը բացատրէ. «Երբ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը սկսաւ, ա՛լ աւելի պատասխանատուութիւններ առի ժողովները եւ ծառայութիւնը կազմակերպելու համար։ Բայց ի՛նչ որ ալ կ’ընէի, միշտ աւելի ընելիքներ կ’ըլլային։ Վերջ ի վերջոյ այնքա՛ն զբաղեցայ, որ սկսայ ժամանակ չյատկացնել Սուրբ Գիրքը կարդալու, սերտելու եւ աղօթելու»։ Իլիրը, որ Քոսովօյէն երէց մըն է, տարբեր դժուարութիւն մը ունէր։ Երբ ան կ’ապրէր շրջանի մը մէջ, ուր պատերազմ կար, դժուարութիւն ունեցաւ կազմակերպութեան տուած ուղղութիւններուն հնազանդելու։ Ան կ’ըսէ. «Քաջութիւնս փորձի տակ դրուեցաւ, երբ մասնաճիւղը զիս նշանակեց վտանգաւոր շրջաններու մէջ ապրող եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելու։ Ես վախցայ, եւ տրուած ուղղութիւնը գործնական չգտայ»։ Իսկ Ասիայէն եղող միսիոնար մը՝ Թիմը, իր ամէն օրուան ընելիքները ընելու ոյժ չունէր։ Ան կ’ըսէ. «Մտային եւ զգացական գետնի վրայ ուժասպառ կը զգայի»։ Ի՞նչը կրնայ օգնել այն երէցներուն, որոնք նոյնանման դժուարութիւններէ կ’անցնին։

3. Բոլորս ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ Գեդէօն դատաւորին օրինակէն։

3 Երէցները կրնան Գեդէօն դատաւորին օրինակէն սորվիլ (Եբ. 6։12. 11։32)։ Ան Աստուծոյ ժողովուրդը թէ՛ պաշտպանեց եւ թէ հովուեց (Դատ. 2։16. Ա. Մն. 17։6)։ Գեդէօնին պէս, երէցները Աստուծոյ կողմէ նշանակուած են, որ իր ժողովուրդին հոգ տանին այս շատ դժուար ժամանակներուն ընթացքին (Գործք 20։28. Բ. Տիմ. 3։1)։ Գեդէօնէն կրնանք սորվիլ համեստութիւն, խոնարհութիւն եւ հնազանդութիւն։ Անոր տոկունութիւնը փորձի տակ դրուեցաւ, մինչ ան իր նշանակումները կը կատարէր։ Ըլլա՛նք երէց կամ ոչ, կրնանք սորվիլ երէցներուն աւելի շնորհակալ ըլլալ եւ օգնել այս աշխատասէր եւ հոգեւոր տղամարդոց (Եբ. 13։17

ԵՐԲ ՀԱՄԵՍՏՈՒԹԻՒՆԴ ԵՒ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԴ ՓՈՐՁԻ ՏԱԿ ԴՐՈՒԻՆ

4. Գեդէօն ինչպէ՞ս համեստութիւն եւ խոնարհութիւն ցոյց տուաւ։

4 Գեդէօնը համեստ եւ խոնարհ մարդ մըն էր b։ Երբ Եհովայի հրեշտակը Գեդէօնին ըսաւ որ ինք ընտրուած էր իսրայէլացիները զօրաւոր մադիանացիներուն ձեռքէն ազատելու, այդ խոնարհ մարդը պատասխանեց. «Իմ ազգատոհմս Մանասէին ցեղին ամենէն աղքատն է ու ես իմ հօրս տանը ամենէն պզտիկն եմ» (Դատ. 6։15)։ Ան զգաց որ այս նշանակումը ընելու որակումը չունէր, բայց Եհովան իրմէ լաւ գիտէր։ Եւ Եհովայի օգնութեամբ, Գեդէօն կրցաւ իր նշանակումը յաջողութեամբ կատարել։

5. Ե՞րբ է որ երէցի մը համար դժուար է համեստ եւ խոնարհ ըլլալ։

5 Երէցները իրենց լաւագոյնը կ’ընեն որ ամէն բանի մէջ համեստ եւ խոնարհ ըլլան (Միք. 6։8. Գործք 20։18, 19)։ Անոնք իրենք զիրենք չեն տեսներ, թէ ի՛նչ բաներ կրնան ընել կամ ի՛նչ բաներ ըրած են։ Ոչ ալ չափազանց անարժէք կը զգան, քանի որ կարգ մը սխալներ ըրած են։ Բայց երբեմն երէցի մը համար դժուար կ’ըլլայ համեստ եւ խոնարհ ըլլալ։ Օրինակ, թերեւս ան ընդունի քանի մը նշանակումներ, բայց ետքը նկատէ որ չի կրնար բոլորն ալ ընել։ Կամ ալ որոշ նշանակում մը լաւ ընելուն համար քննադատուի, եւ ուրիշ նշանակումի մըն ալ համար գովուի։ Երէցները Գեդէօնէն ի՞նչ կրնան սորվիլ, որ իրենց պիտի օգնէ ասանկ պարագաներ դիմագրաւելու։

Գեդէօնի օրինակին հետեւելով, համեստ երէց մը պատրաստ է օգնութիւն խնդրելու, օրինակ՝ սայլակով վկայութիւնը կազմակերպելու ատեն (տե՛ս պարբ. 6)

6. Երէցները Գեդէօնի համեստութենէն ի՞նչ կրնան սորվիլ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

6 Օգնութիւն խնդրէ։ Համեստ անձը գիտէ որ կան բաներ, որոնք չի կրնար ընել։ Գեդէօնը ցոյց տուաւ որ համեստ է, երբ ուրիշներէն օգնութիւն խնդրեց (Դատ. 6։27, 35. 7։24)։ Իմաստուն երէցները նոյնը կ’ընեն։ Նախապէս մէջբերուած Թոնին կը բացատրէ. «Ընտանիքիս կողմէ տրուած կրթութեան պատճառաւ, կարողութենէս շատ աւելի գործեր կ’ընդունէի։ Ատոր համար, որոշեցի որ մեր ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին համեստութեան մասին խօսինք, եւ կնոջմէս խնդրեցի որ իր կարծիքը տայ։ Նաեւ jw.org կայքին վրայ աչքէ անցուցի Մարզէ, վստահէ եւ պատասխանատուութիւն տուր, ինչպէս Յիսուս կ’ընէ վիտէոն»։ Անկէ ետք, Թոնին սկսաւ ուրիշներէն օգնութիւն խնդրել։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Թոնին կ’ըսէ. «Հիմա ժողովքին մէջ պէտք եղած գործերուն հոգ կը տարուի, եւ ես ալ աւելի ժամանակ ունիմ որ Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնս զօրացնեմ»։

7. Երբ երէցները քննադատուին, ինչպէ՞ս կրնան Գեդէօնը ընդօրինակել (Յակոբոս 3։13

7 Հանդարտ մնա՛ երբ քննադատուիս։ Երէցներուն համեստութիւնը ուրիշ կերպով ալ կը փորձուի, երբ քննադատուին։ Նորէն, Գեդէօնին օրինակը կրնայ օգնել։ Գիտնալով որ ինք անկատար է, ան հանդարտ մնաց, երբ եփրեմեանները զինք քննադատեցին (Դատ. 8։1-3)։ Ան ջղայնութեամբ չպատասխանեց, հապա խոնարհ կերպով անոնց գանգատները մտիկ ըրաւ եւ ազնուօրէն խօսեցաւ, ինչ որ վիճակները հանդարտեցուց։ Գեդէօնին պէս, իմաստուն երէցները ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընեն։ Եւ երբ քննադատուին, հանդարտօրէն կը պատասխանեն (կարդա՛ Յակոբոս 3։13)։ Այս կերպով, անոնք ժողովքին խաղաղութիւնը կը պահեն։

8. Երէցները ի՞նչ պէտք է ընեն, երբ իրենց գովասանքի խօսքեր ըսուին. օրինակ մը տուր։

8 Ամբողջ փառքը Եհովային տուր։ Երբ ուրիշներ Գեդէօնը գովեցին մադիանացիներուն յաղթելուն համար, ան ուշադրութիւնը Եհովային դարձուց (Դատ. 8։22, 23)։ Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Գեդէօնը ընդօրինակել։ Անոնք պէտք է փառքը Եհովային տան իրենց ըրածներուն համար (Ա. Կոր. 4։6, 7)։ Օրինակ, եթէ երէց մը գովասանք լսէ սորվեցնելու իր կարողութիւններուն համար, ան կրնայ ուշադրութիւնը ուղղել՝ իր սորվեցուցածներուն աղբիւրին, որ է՝ Սուրբ Գիրքը, կամ ալ Եհովայի կազմակերպութեան կողմէ տրուած մարզումին։ Երբեմն, երէցները կրնան մտածել, թէ արդեօք իրենց անձին վրայ չափէ դուրս ուշադրութիւն կը հրաւիրե՞ն։ Նկատի առնենք Թիմըթի անունով երէցի մը պարագան։ Երբ ան նոր երէց նշանակուեցաւ, շատ կը սիրէր հանրային դասախօսութիւններ տալ։ Ան կ’ըսէ. «Երկար–բարակ բացումներ եւ օրինակներ կը գործածէի, եւ ասոր համար շատ անգամ ուրիշներէն գովասանք կը լսէի։ Ցաւօք սրտի, ուշադրութիւնը կը հրաւիրէի իմ անձիս վրայ, եւ ոչ թէ Սուրբ Գիրքին կամ Եհովային վրայ»։ Ժամանակի ընթացքին, Թիմըթին տեսաւ որ պէտք է իր սորվեցնելու կերպը փոխէ, որպէսզի իր անձին վրայ աւելորդ ուշադրութիւն չհրաւիրէ (Առ. 27։21)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան կ’ըսէ. «Հիմա շատերը ինծի կ’ըսեն, թէ ինչպէ՛ս իմ դասախօսութիւնս իրենց օգնած է խնդիրի մը հետ գլուխ ելլելու, փորձութիւն մը դիմագրաւելու կամ Եհովային աւելի մօտենալու։ Անոնց այս խօսքերը զիս աւելի կ’ուրախացնեն, քան՝ այն գովասանքները, որոնք կը լսէի տարիներ առաջ»։

ԵՐԲ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԴ ԿԱՄ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԴ ՓՈՐՁԻ ՏԱԿ ԴՐՈՒԻ

Գեդէօն Եհովային հնազանդեցաւ եւ բանակին թիւը պակսեցուց՝ ընտրելով միայն 300 տղամարդիկ, որոնք արթուն գտնուեցան (տե՛ս պարբ. 9)

9. Գեդէօնին հնազանդութիւնը եւ քաջութիւնը ինչպէ՞ս փորձի տակ դրուեցան (տե՛ս կողքին նկարը)։

9 Դատաւոր նշանակուելէ ետք, Գեդէօնի հնազանդութիւնը եւ քաջութիւնը փորձի տակ դրուեցան։ Իրեն տրուեցաւ իր հօր ունեցած Բահաղի զոհասեղանը կործանելու վտանգաւոր նշանակումը (Դատ. 6։25, 26)։ Ետքը, բանակ մը հաւաքելէ ետք, Գեդէօնին երկու անգամ ուղղութիւն տրուեցաւ, որ բանակին չափը պզտիկցնէ (Դատ. 7։2-7)։ Անկէ ետք, իրեն ըսուեցաւ որ կէս–գիշերին թշնամիին վրայ յարձակի (Դատ. 7։9-11

10. Երէցի մը հնազանդութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ փորձի տակ դրուիլ։

10 Երէցները «հլու», կամ հնազանդ, պէտք է ըլլան (Յակ. 3։17)։ Հնազանդ երէց մը դիւրաւ կ’ենթարկուի Սուրբ Գիրքին ըսածներուն եւ Աստուծոյ կազմակերպութեան ուղղութիւններուն։ Այսպիսով, ուրիշներուն համար լաւ օրինակ կ’ըլլայ։ Բայց եւ այնպէս, իր հնազանդութիւնը կրնայ փորձի տակ դրուիլ։ Օրինակ, թերեւս ան դժուար գտնէ ետեւ–ետեւի եկող ուղղութիւններուն հնազանդիլը։ Կարգ մը պարագաներու, թերեւս միտքէն անցնի որ արդեօք տրուած ուղղութիւնը գործնակա՞ն է։ Կամ ալ կրնայ իրմէ խնդրուիլ որ կատարէ նշանակում մը, որ իր կեանքը վտանգի տակ կը դնէ։ Այս պարագաներուն, երէց մը ինչպէ՞ս կրնայ ընդօրինակել Գեդէօնի հնազանդութիւնը։

11. Ի՞նչ բան երէցներուն կ’օգնէ որ հնազանդ ըլլան։

11 Ուշադրութեամբ հետեւէ ուղղութիւններուն եւ անոնք գործադրէ։ Աստուած Գեդէօնին բացատրեց, որ ինչպէ՛ս կործանէ իր հօր զոհասեղանը, ո՛ւր նոր զոհասեղան մը շինէ Եհովային եւ ո՛ր անասունը զոհէ։ Գեդէօն չփորձեց դէմ դնել այս ուղղութեան։ Ան պարզապէս հետեւեցաւ ատոր։ Ներկայիս, երէցները Եհովայի կազմակերպութենէն ուղղութիւններ կը ստանան նամակներու եւ ծանուցումներու միջոցաւ, որոնց նպատակն է որ մենք ֆիզիքապէս եւ հոգեւորապէս լաւ ըլլանք։ Մենք կը սիրենք մեր երէցները, քանի որ անոնք հաւատարմօրէն կազմակերպութեան ուղղութիւններուն կը հետեւին։ Եւ այս կերպով ամբողջ ժողովքը կ’օգտուի (Սաղ. 119։112

12. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Եբրայեցիս 13։17–ն գործադրել, եթէ կազմակերպութենէն տարբեր ուղղութիւններ գան։

12 Պատրաստ եղիր փոփոխութիւններ ընելու։ Յիշենք որ Եհովան Գեդէօնէն խնդրեց որ բանակը 99 առ հարիւրով պակսեցնէ (Դատ. 7։8)։ Թերեւս Գեդէօն մտածեց. ‘Պէ՞տք է որ ասիկա ընեմ։ Պիտի յաջողի՞ ասիկա’։ Բայց եւ այնպէս, ան հնազանդեցաւ։ Ներկայիս, երէցները Գեդէօնը կ’ընդօրինակեն՝ կազմակերպութենէն եկած փոփոխութիւնները գործադրելով (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։17)։ Օրինակ 2014–ին, Կառավարիչ մարմինը փոփոխութիւններ մտցուց Թագաւորութեան սրահներու եւ համաժողովի սրահներու շինարարական ծրագիրներուն նկատմամբ (Բ. Կոր. 8։12-14)։ Ժողովքները այլեւս պէտք չունէին իրենց փոխ առած գումարը վերադարձնելու։ Փոխարէն, համայն աշխարհի մէջ ժողովքներուն կողմէ եկած նուիրատուութիւնները միասնաբար պիտի գործածուէին, որպէսզի նոր Թագաւորութեան սրահները եւ համաժողովի սրահները շինուին ո՛ւր որ ատոնց կարիքը կար՝ տեղական ժողովքը կրնա՛յ ատոր գումարը վճարել կամ ոչ։ Երբ Խոսէն լսեց այս փոփոխութեան մասին, կասկածեցաւ որ ատիկա պիտի յաջողի եւ մտածեց. ‘Նոյնիսկ մէ՛կ Թագաւորութեան սրահ պիտի չկարենանք շինել։ Մեր երկրին մէջ ասիկա չի քալեր’։ Ի՞նչ բան օգնեց իրեն որ այս ուղղութեան հնազանդի։ Ան կ’ըսէ. «Առակաց 3։5, 6–ի խօսքերը զիս յիշեցուցին որ պէտք է Եհովային վստահիմ։ Եւ արդիւնքները հոյակապ էին։ Հիմա ոչ միայն աւելի Թագաւորութեան սրահներ կը շինենք, հապա սորվեցանք որ ինչպէ՛ս կրնանք տարբեր կերպերով նուիրատուութիւններ ընել, որպէսզի ամէն տեղ հաւասարապէս Թագաւորութեան սրահներ ըլլան»։

Նոյնիսկ երբ մեր գործը արգելքի տակ է, տակաւին կրնանք քաջաբար վկայութիւն տալ (տե՛ս պարբ. 13)

13. ա) Գեդէօն ի՞նչ բանի համոզուած էր։ բ) Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Գեդէօնը ընդօրինակել (տե՛ս նաեւ նկարը)։

13 Քաջութեամբ Եհովային կամքը ըրէ։ Գեդէօն Եհովային հնազանդեցաւ, նոյնիսկ երբ կը վախնար եւ իր նշանակումը վտանգաւոր էր (Դատ. 9։17)։ Եհովան զինք վստահեցնելէ ետք, Գեդէօն բոլորովին համոզուած էր որ Աստուած իրեն պիտի օգնէ որ Իր ժողովուրդը պաշտպանէ։ Այն երէցները, որոնք կ’ապրին երկիրներու մէջ ուր մեր գործը արգելքի տակ է, Գեդէօնի օրինակին կը հետեւին։ Անոնք քաջաբար առաջնորդութիւնը կ’առնեն ժողովներուն եւ ծառայութեան մէջ, նոյնիսկ երբ վտանգ կայ որ ձերբակալուին, հարցաքննուին, իրենց գործը կորսնցնեն կամ ծեծուին c։ Մեծ նեղութեան ժամանակ, երէցները իրենց ստացած ուղղութիւններուն հետեւելու քաջութիւնը պիտի ունենան, նոյնիսկ եթէ այդ ուղղութիւններուն հետեւիլը վտանգաւոր ըլլայ։ Ուղղութիւնները թերեւս կապ ունենան կարկուտի նման այլաբանական պատգամներ քարոզելուն եւ Մագոգի Գոգի յարձակումէն ազատուելուն հետ (Եզեկ. 38։18. Յայտ. 16։21

ԵՐԲ ՏՈԿՈՒՆՈՒԹԻՒՆԴՓՈՐՁԻ ՏԱԿ ԴՐՈՒԻ

14. Գեդէօնի տոկունութիւնը ինչպէ՞ս փորձի տակ դրուեցաւ։

14 Որպէս դատաւոր Գեդէօնի նշանակումը ֆիզիքապէս շատ ջանք կը պահանջէր։ Երբ մադիանացիները գիշերով փախան պատերազմէն, Գեդէօն զանոնք հալածեց Յեզրայէլի հովիտէն մինչեւ Յորդանան գետը (Դատ. 7։22)։ Արդեօք Գեդէօն երբ Յորդանան հասաւ, հոն կեցա՞ւ։ Ո՛չ։ Թէեւ յոգնած էր, ինք եւ իր 300 տղամարդիկը Յորդանանը կտրեցին եւ շարունակեցին թշնամին հետապնդել։ Վերջապէս, անոնք մադիանացիներուն հասան եւ անոնց յաղթեցին (Դատ. 8։4-12

15. Ե՞րբ է որ երէցի մը տոկունութիւնը փորձի տակ կը դրուի։

15 Երբեմն, երէց մը կրնայ ֆիզիքական, մտային եւ զգացական գետնի վրայ ուժասպառ դառնալ՝ ժողովքին եւ իր ընտանիքին հոգ տանելուն պատճառով։ Այս պարագաներուն, երէցները ինչպէ՞ս կրնան Գեդէօնը ընդօրինակել։

Սիրալիր երէցներ կրցած են շատերը զօրացնել (տե՛ս պարբ. 16-17)

16-17. Ի՞նչ բան Գեդէօնին օգնեց որ տոկայ, եւ երէցները ի՞նչ բանէ կրնան վստահ ըլլալ (Եսայի 40։28-31) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

16 Վստահէ որ Եհովան քեզ պիտի զօրացնէ։ Գեդէօն վստահ էր որ Եհովան իրեն ոյժ պիտի տար, եւ ան յուսախաբ չեղաւ (Դատ. 6։14, 34)։ Անգամ մը, Գեդէօն եւ իր տղամարդիկը երկու մադիանացի թագաւորներու ետեւէն կը վազէին, մինչ այդ թագաւորները հաւանաբար ուղտերով կը փախչէին (Դատ. 8։12, 21)։ Բայց Աստուծոյ օգնութեամբ, իսրայէլացիները յաղթանակ տարին։ Նոյնպէս, երէցները կրնան վստահիլ Եհովային, որ «չի յոգնիր ու չի թուլնար»։ Ան իրենց պէտք եղած զօրութիւնը պիտի տայ (կարդա՛ Եսայի 40։28-31

17 Նկատի առ Մէթիուին փորձառութիւնը, որ Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբի մէկ անդամ է։ Ի՞նչ բան իրեն կ’օգնէ որ տոկայ։ Մէթիուն կ’ըսէ. «Փիլիպպեցիս 4։13–ի ըսածը անձամբ զգացի։ Շատ անգամներ, երբ յոգնած եւ բոլորովին ուժասպառ կը զգայի, ջերմեռանդօրէն կ’աղօթէի եւ Եհովայէն կը խնդրէի, որ ինծի ֆիզիքական եւ մտային ոյժ տայ, որպէսզի ատով իմ եղբայրներուս օգնեմ։ Այդ վայրկեաններուն, կը զգայի որ Եհովային հոգին զիս կը զօրացնէր եւ կ’օգնէր որ տոկամ»։ Գեդէօնին պէս, մեր նուիրուած երէցները թերեւս դժուարութիւններէ անցնին, մինչ անձնազոհ կերպով Եհովային հօտը կը հովուեն։ Վստահաբար, անոնք պէտք է որ իրենց ֆիզիքական եւ զգացական սահմանները լաւ գիտնան եւ ատոնց համաձայն ապրին։ Բայց անոնք կրնան վստահիլ որ Եհովան իրենց խնդրանքները պիտի լսէ եւ զիրենք պիտի զօրացնէ, որպէսզի տոկան (Սաղ. 116։1. Փլպ. 2։13

18. Որպէս վերաքաղ, երէցները ինչպէ՞ս կրնան Գեդէօնը ընդօրինակել։

18 Երէցները կրնան Գեդէօնէն շատ գործնական դասեր սորվիլ։ Անոնք պէտք է համեստ եւ խոնարհ ըլլան, երբ կ’որոշեն որքա՛ն պատասխանատուութիւններ առնել եւ երբ ուրիշներ զիրենք կը քննադատեն կամ կը գովեն։ Անոնք պէտք է հնազանդ եւ քաջ ըլլան, մանաւանդ մինչ այս աշխարհի վերջը կը մօտենայ։ Ասկէ զատ, անոնք պէտք է վստահ ըլլան որ ի՛նչ դժուարութիւններ ալ դիմագրաւեն, Աստուած կրնայ զիրենք զօրացնել։ Վստահաբար, մենք այս ծանր աշխատող հովիւները կը գնահատենք եւ ‘այդպիսիները կը պատուենք’ (Փլպ. 2։29, ԱԾ

ԵՐԳ 82 Քրիստոսին պէս հեզ ըլլանք

a Եհովան Գեդէօնը նշանակեց, որ իր ժողովուրդը հովուէ եւ պաշտպանէ իսրայէլ ազգին պատմութեան դժուար մէկ ժամանակին ընթացքին։ Գեդէօնը հաւատարմօրէն այդ նշանակումը կատարեց շուրջ 40 տարի։ Բայց ան շատ մը դժուարութիւններ ունեցաւ։ Պիտի քննարկենք թէ ինչպէ՛ս իր օրինակը կրնայ երէցներուն օգնել այսօր, երբ անոնք դժուարութիւններ ունենան։

b Համեստութիւնը եւ խոնարհութիւնը իրար շատ մօտիկ յատկութիւններ են։ Ցոյց կու տանք որ համեստ ենք, եթէ մեր անձին եւ մեր սահմանափակումներուն հանդէպ ճիշդ տեսակէտը ունինք։ Իսկ ցոյց կու տանք որ խոնարհ ենք, երբ միտքով խոնարհ կ’ըլլանք (Փլպ. 2։3)։ Ընդհանրապէս, համեստ անձ մը միեւնոյն ատեն ալ խոնարհ կ’ըլլայ։

c Տե՛ս «Արգիլումի տակ, շարունակէ Եհովան պաշտել» յօդուածը՝ Դիտարան–ի յուլիս 2019 թիւին մէջ, էջ 10-11, պարբ. 10-13։