Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Յիսուսի ծնելէն ետք, ինչո՞ւ Յովսէփն ու Մարիամը Բեթլեհէմի մէջ մնացին եւ Նազարէթ չվերադարձան

Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր։ Բայց հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կու տայ, որոնք թերեւս իրենց որոշումին ազդեցին։

Հրեշտակ մը Մարիամին ըսաւ որ պիտի յղանար եւ պզտիկ մը պիտի ունենար։ Երբ ան այս պատգամը տուաւ, Մարիամը եւ Յովսէփը Նազարէթի մէջ կ’ապրէին, Գալիլիա (Ղուկաս 1։26-31. 2։4)։ Ետքը, երբ Եգիպտոսէն եկան, Նազարէթ վերադարձան։ Յիսուս հոն մեծցաւ, անոր համար ճանչցուեցաւ որպէս նազովրեցի (Մատ. 2։19-23)։ Անոր համար, երբ «Յիսուս», «Յովսէփ» եւ «Մարիամ» ըսենք, մեր միտքը անմիջապէս կ’երթայ Նազարէթ քաղաքին։

Մարիամը Եղիսաբէթ անունով ազգական մը ունէր, որ կ’ապրէր Յուդայի մէջ։ Եղիսաբէթ Զաքարիա քահանային կինն էր եւ Յովհաննէս Մկրտիչին մայրը եղաւ (Ղուկաս 1։5, 9, 13, 36)։ Մարիամ Եղիսաբէթին այցելեց, եւ երեք ամիս Յուդայի մէջ մնաց։ Ետքն ալ Նազարէթ վերադարձաւ (Ղուկաս 1։39, 40, 56)։ Այսպէս, Մարիամ քիչ մը ծանօթ էր Յուդայի կարգ մը շրջաններուն։

Ժամանակ մը ետք, Յովսէփ «աշխարհագիրը մտնելու» հրամանին հնազանդելով, Նազարէթէն Բեթլեհէմ ճամբորդեց, որ կը կոչուէր «Դաւիթին քաղաքը» եւ ըստ մարգարէութեան Մեսիային ծննդավայրն էր (Ղուկ. 2։3, 4. Ա. Թագ. 17։15. 20։6. Միք. 5։2)։ Մարիամ Յիսուսի ծնունդ տալէն ետք, Յովսէփ չուզեց որ ան նորածինին հետ միասին դէպի Երուսաղէմ տանող երկար ճամբորդութիւնը ընէ։ Հապա Բեթլեհէմ մնացին, որ Երուսաղէմէն մօտ 9 քիլոմեթր անդին էր։ Ասանկով, դիւրին պիտի ըլլար որ նորածինը տաճար տանէին եւ պէտք եղած զոհը մատուցանէին (Ղեւ. 12։2, 6-8. Ղուկ. 2։22-24

Աստուծոյ հրեշտակը Մարիամին ըսած էր, որ իր զաւակը «Դաւիթին աթոռը» պիտի ժառանգէր եւ ‘պիտի թագաւորէր’ (Ղուկ. 1։32, 33. 2։11, 17)։ Կարելի՞ է որ Յովսէփ եւ Մարիամ կ’արծեցին, որ Յիսուսի Դաւիթի քաղաքին մէջ ծնիլը կարեւոր նշանակութիւն մը ունի (Ղուկ. 1։32, 33. 2։11, 17)։ Թերեւս իրենց մտքէն անցաւ, որ հոն մնան եւ սպասեն որ Աստուած իրենց աւելի ուղղութիւններ տայ։

Չենք գիտեր թէ Բեթլեհէմի մէջ որքա՛ն ժամանակ անցուցին մինչեւ մոգերուն գալը։ Բայց երբ անոնք հասան, արդէն իսկ ընտանիքը կ’ապրէր տան մը մէջ, եւ անոնց զաւակը «մանուկ» էր, եւ ոչ թէ նորածին (Մատ. 2։11)։ Այնպէս կ’երեւի թէ փոխանակ դէպի Նազարէթ վերադառնալու, անոնք Բեթլեհէմի մէջ մնացին եւ հոն հաստատուեցան։

Հերովդէս հրամայեց որ «Բեթլեհէմի. . . մէջ գտնուած բոլոր տղաքը՝ երկու տարեկան եւ անկէ վար» ջարդուին (Մատ. 2։16)։ Հրեշտակ մը Յովսէփը զգուշացուց այս հրամանին մասին, անոր համար Յովսէփ Մարիամը եւ Յիսուսը առաւ եւ Եգիպտոս փախաւ։ Հոն ալ մնացին մինչեւ որ Հերովդէս մեռաւ։ Անկէ ետք, Յովսէփ իր ընտանիքը Նազարէթ փոխադրեց։ Լաւ, ինչո՞ւ Բեթլեհէմ չվերադարձան։ Փախչելու համար Հերովդէսի վայրագ տղայէն՝ Արքեղայոսէն, որ Հրէաստանի մէջ էր, եւ քանի որ հրեշտակ մը նորէն զիրենք զգուշացուցած էր որ հոն չ’երթան։ Նազարէթի մէջ Յովսէփ կրնար Յիսուսը մեծցնել ապահովութեամբ, որպէսզի ան ճշմարիտ Աստուածը պաշտող մը դառնար (Մատ. 2։19-22. 13։55. Ղուկ. 2։39, 52

Այնպէս կ’երեւի, որ Յովսէփը մեռաւ առաջ որ Յիսուս երկնքի մէջ ապրելու առիթը բանայ։ Ուրեմն, Յովսէփ երկրի վրայ յարութիւն պիտի առնէ։ Եւ մեզմէ շատեր պիտի կարենան իրեն ծանօթանալ եւ իրմէ աւելի մանրամասնութիւններ առնել, թէ ինչո՛ւ ինքն ու Մարիամ Բեթլեհէմի մէջ մնացին Յիսուսին ծնելէն ետք։