Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կենսագրութիւն

Ուրախ անակնկալներ եւ դասեր

Ուրախ անակնկալներ եւ դասեր

ՊԶՏԻԿ եղած ատենս, երբ որ գլուխիս վրայէն օդանաւ մը անցնէր, սիրտս կ’ուզէր օտար երկիր մը ճամբորդել, ինչ որ այն ատեն անկարելի բան մըն էր։

Համաշխարհային Բ. պատերազմ–ին, ծնողքս Էսթոնիան ձգեցին եւ գացին Գերմանիա, ուր ես ծնայ։ Այն ատեն, անոնք պատրաստուեցան Քանատա փոխադրուելու։ Երբ Օթաուա հասանք, մեր առաջին տունը հաւնոցի մը մէկ անկիւնն էր։ Մենք չափազանց աղքատ էինք, բայց գոնէ նախաճաշին հաւկիթ կ’ուտէինք։

Օր մը Եհովայի վկաները մօրս կարդացին Յայտնութիւն 21։3, 4–ը։ Ասիկա իրեն այնքա՛ն ազդեց, որ ուրախութենէն լացաւ։ Ճշմարտութեան սերմը ծնողքիս սրտին մէջ աճեցաւ, եւ անոնք շատ չանցած մկրտուեցան։

Ծնողքս անգլերէն շատ չէին գիտեր, բայց ճշմարտութիւնը լուրջի առին։ Գրեթէ ամէն շաբաթ օր, հայրս՝ ամբողջ գիշերը աշխատելէ ետք, զիս ու պզտիկ քոյրս՝ Սիլվիան ծառայութեան կը հանէր։ Եւ ամէն շաբաթ ընտանեօք Դիտարան–ը կը սերտէինք։ Մամաս եւ պապաս իմ մէջս Աստուծոյ սէրը ցանեցին։ Եւ ասիկա զիս մղեց որ կեանքս Եհովային նուիրեմ 1956–ին, երբ 10 տարեկան էի։ Եհովային հանդէպ անոնց զօրաւոր սէրը ինծի միշտ ոյժ տուած է։

Երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք, նպատակակէտէս շեղեցայ։ Կարծեցի որ եթէ ռահվիրայ ըլլամ, բաւարար դրամ պիտի չշահիմ։ Եւ պիտի չկրնամ օդանաւով աշխարհը դառնալու երազս իրականացնել։ Անոր համար, ռատիօկայանի մը մէջ «Տի. Ճէյ.»–ի գործ մը գտայ, որ շատ կը սիրէի։ Բայց գործս իրիկուններն էր, եւ այդ պատճառով ժողովները կը փախցնէի եւ կ’ընկերակցէի անձերու հետ, որոնք Աստուած չէին սիրեր։ Բայց վերջը, Աստուածաշունչով մարզուած խիղճս ձգեց որ փոփոխութիւններ ընեմ։

Փոխադրուեցայ Օշաուա, Օնթարիօ։ Հոն ծանօթացայ Ռէյ Նորմընին եւ իր քրոջ Լէսլիին եւ ուրիշ ռահվիրաներու։ Անոնք ինձմով մօտէն հետաքրքրուեցան։ Երբ տեսայ անոնք որքա՛ն ուրախ են, ուզեցի նպատակակէտերս ետ աչքէ անցընել։ Անոնք քաջալերեցին որ ռահվիրայ ըլլամ, եւ այդպէս ալ ըրի սեպտեմբեր 1966–ին։ Ես ուրախ էի եւ աղուոր կեանք մը ունէի։ Բայց ինծի կը սպասէին անակնկալներ, որոնք կեանքս պիտի փոխէին։

ԵՐԲ ԵՀՈՎԱՆ ՔԵԶ ՀՐԱՒԻՐԷ ԲԱՆ ՄԸ ԸՆԵԼՈՒ, ՓՈՐՁԷ ԱՆԻԿԱ ԸՆԵԼ

Երբ տակաւին երկրորդական վարժարանն էի, Թորոնթոյի Բեթէլը դիմեցի։ Ետքը, երբ ռահվիրայութիւն կ’ընէի, հրաւիրուեցայ որ չորս տարի ծառայեմ Բեթէլի մէջ։ Բայց քանի՛ որ շատ կը սիրէի Լէսլին, վախցայ որ եթէ հրաւէրը ընդունիմ, անգամ մը եւս պիտի չտեսնեմ զինք։ Երկար եւ ջերմեռանդ աղօթքներ ընելէ ետք, վերջապէս Բեթէլ երթալու հրաւէրը ընդունեցի եւ նեղուած «մնաս բարով» ըսի Լէսլիին։

Սկիզբը աշխատեցայ Բեթէլի լուացարանին մէջ, ետքը՝ քարտուղարի գործ ըրի։ Մինչ այդ Լէսլին Կադինօ, Քիւպէքին մէջ մասնաւոր ռահվիրայ եղաւ։ Շատ անգամ միտքէս կ’անցնէր, թէ արդեօք ի՞նչ կ’ընէր Լէսլին եւ թէ արդեօք ես ճիշդ որոշումը առա՞ծ էի։ Յետոյ, կեանքիս ամէնէն աղուոր անակնկալներէն մէկը պատահեցաւ։ Լէսլիին եղբայրը՝ Ռէյը, Բեթէլ հրաւիրուեցաւ եւ իմ սենեկակիցս եղաւ։ Ասիկա առիթը բացաւ որ մեր բարեկամութիւնը շարունակուի։ Եւ իմ չորս տարուան նշանակումիս վերջին օրը՝ 27 փետրուար 1971–ին, ամուսնացանք։

Երբ շրջանային տեսուչ եղայ՝ 1975–ին

Լէսլին եւ ես նշանակուեցանք ֆրանսախօս ժողովքի մը մէջ, Քեպէք։ Քանի մը տարի ետք անակնկալի եկայ, երբ հրաւիրուեցայ ծառայելու որպէս շրջանային տեսուչ։ 28 տարեկան էի եւ զգացի որ շատ պզտիկ եմ եւ բաւական փորձառութիւն չունիմ։ Բայց Երեմիա 1։7, 8–ի խօսքերը զիս քաջալերեցին։ Խնդիրը այն էր որ Լէսլին ինքնաշարժի քանի մը արկածներ ունեցած էր եւ քնանալու դժուարութիւն ունէր։ Ինչպէ՞ս պիտի կարենայինք այս նշանակումը կատարել։ Հակառակ ասոր, ան ըսաւ. «Եթէ Եհովան մեզ հրաւիրեց բան մը ընելու, պէտք չէ՞ փորձենք անիկա ընել»։ Նշանակումը ընդունեցինք եւ 17 տարի անոր մէջ մնացինք։

Երբ շրջանային տեսուչ էի, շատ զբաղած էի եւ Լէսլիին համար բաւարար ժամանակ չէի ունենար։ Այն ատեն, ուրիշ դաս մըն ալ սորվեցայ։ Երկուշաբթի օր մը, կանուխէն զանգը զարկաւ։ Դուռը բացի, մէկը չկար, հապա փիքնիքի սակառ մը կար, մէջը ծածկոց, պտուղներ, պանիր, հաց, շիշ մը գինի, երկու գաւաթ, եւ թուղթի կտոր մը, որուն վրայ գրուած էր. «Կինդ առ փիքնիքի տար»։ Արեւոտ եւ հաճելի օր մըն էր։ Բայց Լէսլիին ըսի որ դասախօսութիւններ ունիմ որ պէտք է պատրաստեմ եւ չեմ կրնար երթալ։ Ան հասկցաւ, բայց քիչ մը նեղուեցաւ։ Երբ ետ նստայ գրասեղանիս վրայ, խիղճս տանջեց։ Միտքս եկաւ Եփեսացիս 5։25, 28–ը։ Եւ զգացի որ Եհովան ինծի կը յիշեցնէր որ կնոջս զգացումները նկատի առնեմ։ Աղօթելէ ետք, Լէսլիին ըսի. «Գալէ երթանք»։ Ան շատ ուրախացաւ։ Գետեզերք քշեցինք, ծածկոցը բացինք եւ մեր կեանքին ամէնէն աղուոր օրերէն մէկը անցուցինք։ Ասիկա չի բաւեր, նոյնիսկ կրցայ դասախօսութիւններս ալ պատրաստել։

Որպէս շրջանային տեսուչ, մեր նշանակումը ուրախ եւ տեսակաւոր էր։ Բրիտանական Քոլոմպիայէն մինչեւ Նիուֆաունտլանտ կը ծառայէինք։ Ճամբորդելու փափաքս իրականացաւ։ Միտքէս անցած էր Գաղաադի դպրոցը, բայց չէի սիրեր օտար երկրի մը մէջ միսիոնար ըլլալ։ Կը զգայի որ միսիոնարները յատուկ մարդիկ են, եւ ատիկա ինծի համար չէր։ Ասկէ զատ, կը վախնայի որ ղրկուէինք ափրիկեան երկիր մը, ուր հիւանդութիւն եւ պատերազմ կար։ Ուրախ էի ուր որ կը ծառայէի։

ԷՍԹՈՆԻԱ ԵՒ ՊԱԼԹԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐ ՓՈԽԱԴՐՈՒԵԼՈՒ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՀՐԱՒԷՐ

Պալթեան երկիրներու մէջ կը ճամբորդենք

1992–ին, երբ նախկին սովետական երկիրներուն մէջ մեր գործունէութեան վրայէն արգելքը վերցուեցաւ, մեզմէ խնդրուեցաւ եթէ կը փափաքինք Էսթոնիա երթալ որպէս միսիոնարներ։ Սկիզբը շատ անակնկալի եկանք, բայց անոր մասին աղօթեցինք։ Եւ նորէն մտածեցինք. ‘Եթէ Եհովան մեզ կը հրաւիրէ բան մը ընելու, ինչո՞ւ չփորձենք անիկա ընել’։ Անոր համար, հրաւէրը ընդունեցինք եւ մտածեցինք. ‘Գոնէ երթալիք տեղերնիս Ափրիկէ չէ’։

Անմիջապէս սկսանք Էսթոներէն սորվիլ։ Երկրին մէջ քանի մը ամիս անցնելէ ետք, ինձմէ խնդրուեցաւ որ որպէս շրջանային տեսուչ ծառայեմ։ Պիտի այցելէինք շուրջ 46 ժողովքներ եւ խումբեր, որոնք կը գտնուէին երեք Պալթեան երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ պատկանող Քալինինկրատի մէջ։ Ասիկա կը նշանակէր թէ պէտք էր սորվէինք լաթվիերէն, լիթվերէն եւ ռուսերէն, ինչ որ դժուար էր։ Բայց եղբայրներն ու քոյրերը մեր ջանքերը գնահատեցին եւ մեզի օգնեցին։ 1999–ին, Էսթոնիայի մէջ մասնաճիւղ մը հաստատուեցաւ, եւ ես նշանակուեցայ յանձնախումբին մէջ ծառայելու Թումաս Էտուրի, Լէմպիթ Ռէյլի եւ Թոմի Քաուքոյի հետ։

Ձախ. Լիթվանիայի մէջ, համաժողովի մը մէջ դասախօսութիւն կու տամ

Աջ. Էսթոնիայի մէջ Մասնաճիւղի յանձնախումբ մը կը հիմնուի 1999–ին

Էսթոնիայի մէջ ծանօթացանք շատ մը Վկաներու, որոնք անցեալին Սիպերիա արտաքսուած էին։ Թէեւ իրենք իրենց ընտանիքներէն բաժնուեցան եւ բանտերուն մէջ չարչարուեցան, բայց ոխ չպահեցին, հապա շարունակեցին ուրախութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ քարոզել։ Ասիկա մեզի օգնեց, որ տեսնենք թէ նոյնիսկ դժուար պարագաներու տակ, կարելի է տոկալ եւ ուրախ մնալ։

Մինչ տարիները սահեցան, Լէսլին սկսաւ չափազանց յոգնած զգալ։ Անմիջապէս չնկատեցինք որ իր այս յոգնութիւնը կապ ունէր «նեարդադնդերային յօդացաւ» (fibromyalgia) կոչուած հիւանդութեան հետ։ Լրջօրէն նկատի առինք Քանատա վերադառնալ։ Երբ հրաւիրուեցանք մասնաճիւղի անդամներու դպրոց,– Փէթըրսըն, Նիւ Եորքի մէջ, ԱՄՆ,– կասկած ունէի որ պիտի կարենանք ներկայ գտնուիլ։ Բայց ջերմեռանդ աղօթքներ ընելէ ետք, ընդունեցինք հրաւէրը։ Եւ Եհովան օրհնեց մեր որոշումը։ Երբ այդ դպրոցն էինք, վերջապէս Լէսլին պէտք եղած բժշկական հոգատարութիւնը ստացաւ։ Եւ ատոր վրայ, կրցանք մեր սովորական կեանքին վերադառնալ։

ՈՒՐԻՇ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՄԸ՝ ՈՒՐԻՇ ՑԱՄԱՔԱՄԱՍ ՓՈԽԱԴՐՈՒԻԼ

Էսթոնիայի մէջ՝ 2008–ին, իրիկուն մը, ինծի հեռաձայն եկաւ կեդրոնատեղիէն։ Անոնք մեզմէ կը խնդրէին,որ Քոնկոյի մէջ նշանակում մը ընդունինք։ Ես շատ զարմացայ, մանաւանդ քանի որ ճիշդ յաջորդ օրը պէտք էր պատասխան տայի։ Սկիզբը Լէսլիին չըսի, քանի որ գիտէի որ գիշերը պիտի չպառկէր, բայց ե՛ս էի որ չպառկեցայ, քանի որ կ’աղօթէի Ափրիկէի մէջ ապրելու մտահոգութեանս մասին։

Յաջորդ օրը, Լէսլիին պատմեցի ատոր մասին, եւ մենք մտածեցինք. «Եհովան ինք մեզ կը հրաւիրէ որ Ափրիկէ երթանք։ Ինչպէ՞ս գիտենք որ չենք կրնար ատիկա ընել եւ անկէ հաճոյք առնել, եթէ չփորձենք»։ Անոր համար, 16 տարի Էսթոնիայի մէջ ծառայելէ ետք, ճամբորդեցինք դէպի Քինշասա, Քոնկօ։ Այդ տեղի մասնաճիւղը, գեղեցիկ պարտէզ մը ունէր եւ շատ հանդարտ էր։ Առաջին բանը որ Լէսլին դրաւ մեր սենեակին մէջ, քարտ մըն էր որ Քանատայէն իրեն հետ բերած էր։ Անոր վրայ գրուած էր. «Ծաղկէ՛ ուր որ կը ցանուիս»։ Քոնկոյի եղբայրներուն ծանօթանալը, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելը եւ միսիոնարութեան բերած ուրախութիւնը վայելելը, մեզի նոր տեսակի ուրախութիւն մը տուաւ։ Ժամանակի ընթացքին, այցելեցինք շուրջ 13 ուրիշ ափրիկեան երկիրներու մասնաճիւղերը։ Այսպիսով, կրցանք տարբեր տեսակի մարդոց ծանօթանալ եւ անոնց գեղեցիկ կողմերը տեսնել։ Ես այլեւս Ափրիկէի մէջ ապրելէ չէի վախնար, եւ նոյնիսկ Եհովային շնորհակալութիւն յայտնեցինք որ մեզ հոն ղրկեց։

Քոնկոյի մէջ, ծանօթացանք միջատներով պատրաստուած նոր ճաշերու, եւ ես կարծեցի որ պիտի չկարենամ ատոնք ուտել։ Բայց երբ տեսանք որ եղբայրները որքա՜ն հաճոյք կ’առնէին այդ ճաշերէն, համտեսեցինք եւ սիրեցինք։

Երկրին արեւելեան կողմը կարգ մը խումբեր կը յարձակէին գիւղերու վրայ եւ կիներուն ու պզտիկներուն վնաս կը հասցնէին։ Մենք կրցանք այդ տեղի եղբայրներուն քով երթալ, զիրենք քաջալերել եւ իրենց պէտք եղած բաները բերել։ Անոնց մեծամասնութիւնը աղքատ էր։ Հակառակ ասոր, շատ ազդուեցանք տեսնելով անոնց զօրաւոր յոյսը յարութեան հանդէպ, Եհովային հանդէպ սէրը եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը։ Եւ ուզեցինք մեր հաւատքը նորէն քննել եւ ատիկա զօրացնել։ Այդ եղբայրներէն ոմանք կորսնցուցած էին իրենց տուները եւ ցանած բերքը։ Ասիկա միտքս բերաւ, թէ որքա՛ն արագ կարելի է կորսնցնել նիւթական բաները, եւ թէ ամէնէն կարեւոր բանը հոգեւոր հարստութիւնն է։ Այս ամբողջ դժուարութեան մէջ, եղբայրները բնա՛ւ չէին գանգատեր։ Անոնց այս կեցուածքը մեզ քաջալերեց որ քաջութեամբ դիմանանք մեր խնդիրներուն եւ առողջապահական հարցերուն։

Ձախ. Դասախօսութիւն կու տամ գաղթականներու խումբի մը

Աջ. Քոնկոյի մէջ, մարդասիրական եւ բժշկական օգնութիւն կը հասցնենք

ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ ՄԸ ԱՍԻՈՅ ՄԷՋ

Ետքը ուրիշ անակնկալ մը եկաւ։ Մեզմէ խնդրուեցաւ որ փոխադրուինք Հոնկ Քոնկի մասնաճիւղը։ Մենք բնաւ չէինք երեւակայած, որ օր մը օրանց Ասիոյ մէջ պիտի ապրէինք։ Բայց փորձառաբար տեսնելով Եհովայի ձեռքը մեր միւս բոլոր նշանակումներուն մէջ, այս հրաւէրը ընդունեցինք։ 2013–ին, արցունքոտ աչքերով, ձգեցինք մեր սիրելի բարեկամները եւ գեղեցիկ Ափրիկէէն հեռացանք, չգիտնալով թէ մեզի ինչ կը սպասէր։

Մեզի համար մեծ փոփոխութիւն մըն էր ապրիլ Հոնկ Քոնկի մէջ, որ տեսակաւոր մարդոցմով խճողուած է։ Քանթոներէն լեզուն սորվիլը դժուար էր։ Բայց, ուրախ էինք եղբայրներուն ջերմ ընդունելութեամբ եւ համով ճաշերով։ Մէկ կողմէն մասնաճիւղին գործը կ’աւելնար, միւս կողմէն ալ շէնքերուն գինը շատ արագ կը սուղնար։ Անոր համար, Կառավարիչ մարմինը իմաստուն որոշում մը առաւ, որ մասնաճիւղին շէնքերուն մեծ մասը ծախէ։ Անկէ քիչ ետք, 2015–ին փոխադրուեցանք Հարաւային Քորէա, ուր մինչեւ այսօր կը ծառայենք։ Հոս կը սորվինք ուրիշ դժուար լեզու մը, բայց կը քաջալերուինք երբ եղբայրներն ու քոյրերը մեզի կ’ըսեն որ քորէերէն լեզուն աւելի լաւ կը խօսինք, հակառակ անոր որ դեռ սորվելիք շա՜տ բան ունինք։

Ձախ. Նոր կեանք մը Հոնկ Քոնկի մէջ

Աջ. Քորէայի մասնաճիւղը

ՄԵՐ ՍՈՐՎԱԾ ԴԱՍԵՐԸ

Նոր բարեկամներ ունենալը միշտ ալ դիւրին չէ, բայց մենք նկատած ենք որ երբ ուրիշներ մեր քով հրաւիրենք, աւելի շուտով իրենց կը ծանօթանանք։ Ասկէ զատ, տեսած ենք որ մեր եղբայրներուն միջեւ եղած նմանութիւնները աւելի են քան տարբերութիւնները, եւ թէ Եհովան մեզ այնպիսի հոյակապ կերպով մը ստեղծած է, որ կրնանք մեր սրտերը լայն բանալ եւ այսքան շատ մարդիկ սիրել (Բ. Կոր. 6։11

Մենք սորված ենք ուրիշը ընդունիլ ինչպէս որ Եհովան կ’ընդունի, նաեւ սորված ենք նկատել թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեր կեանքին մէջ մեզի հանդէպ իր սէրը ցոյց տուած է եւ մեզ առաջնորդած է։ Երբ լաւ տրամադրութիւն չէինք ունենար, կամ հարց կու տայինք եթէ ուրիշները մեզմէ կ’ախորժին կամ ոչ, կրկին անգամ կը կարդայինք մեր բարեկամներուն ղրկած քարտերը եւ նամակները։ Անկասկած, տեսած ենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեր աղօթքներուն պատասխանած է, վստահեցուցած է որ մեզ կը սիրէ եւ պիտի զօրացնէ։

Տարիներու ընթացքին, ես ու Լէսլին տեսած ենք թէ որքա՛ն ալ զբաղած ըլլանք, կարեւոր է որ իրարու ժամանակ տրամադրենք։ Ասկէ զատ, ըմբռնած ենք, որ լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեր վրայ խնդանք, մանաւանդ երբ կը փորձենք նոր լեզու մը սորվիլ։ Եւ ամէն գիշեր, այդ օրը մեր վայելած աղուոր բանի մը համար Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնենք։

Խօսքին բացը, չէի երեւակայեր որ օր մը օրանց կրնայի միսիոնար ըլլալ կամ ուրիշ երկիրներու մէջ ապրիլ։ Բայց ուրախութեամբ սորված եմ որ Եհովային օգնութեամբ ամէն բան կարելի է։ Միտքս կու գայ Երեմիա մարգարէին ըսածը. «Զիս խաբեցիր, ո՛վ Տէր» (Եր. 20։7)։ Այո, Եհովան մեզի շատ մը աղուոր անակնկալներ եւ աներեւակայելի օրհնութիւններ տուած է, ան նոյնիսկ օդանաւով ճամբորդելու փափաքս իրականացուցած է։ Պզտիկ եղած ատեն բնաւ չէի երեւակայեր որ այսքա՛ն շատ երկիրներ պիտի ճամբորդէի եւ հինգ ցամաքամասեր պիտի այցելէի։ Մեր բոլոր նշանակումներուն մէջ, Լէսլին սիրով ինծի թիկունք կանգնած է եւ ասիկա շատ կը գնահատեմ։

Միշտ մենք մեզի կը յիշեցնենք, որ այս բոլորը որո՛ւն համար եւ ինչո՛ւ կ’ընենք։ Հիմա մեր վայելած օրհնութիւնները պարզապէս նմոյշ մըն են այն յաւիտենական կեանքին, երբ Եհովան իր ‘ձեռքը պիտի բանայ ու ամէն կենդանիի փափաքը լեցնէ’ (Սաղ. 145։16