ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Եհովան աղօթքներուս պատասխանեց
ԳԻՇԵՐ մը, երբ տասը տարեկան էի, երկինքը փայլող աստղերուն նայելով, ծունկի եկայ եւ աղօթեցի։ Տակաւին նոր ծանօթացած էի Եհովային, բայց իրեն հոգերս պատմեցի։ Այդ աղօթքով սկսաւ «աղօթքի լսող» Եհովա Աստուծոյ հետ իմ երկարատեւ բարեկամութիւնս (Սաղ. 65։2)։ Ձեզի պատմեմ թէ ինչո՛ւ աղօթեցի Աստուծոյ, երբ տակաւին նոր ծանօթացած էի իրեն։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՝ ՈՐ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ՓՈԽԵՑ
Ես ծնած եմ 22 դեկտեմբեր, 1929–ին Նովիլ անունով պզտիկ գիւղի մը մէջ, որ ունէր ինը ագարակներ։ Ատիկա մօտ էր Պելճիքայի Արդեններ շրջանին՝ Պասթոն գիւղաքաղաքին։ Ես ծնողքիս հետ ուրախ մանկութիւն մը ունեցած եմ ագարակին մէջ։ Պզտիկ եղբայրս Ռեմոնտը եւ ես, ամէն օր մեր ձեռքերով կովերը կը կթէինք, եւ հունձքը կը հաւաքէինք։ Մեր պզտիկ գիւղին մէջ միութիւն կար, քանի որ բոլորը ձեռք ձեռքի տալով իրարու կ’օգնէին։
Ծնողքս՝ Էմիլը եւ Ալիսը թունդ կաթողիկէներ էին։ Ամէն կիրակի անոնք պատարագի կ’երթային։ Բայց շուրջ 1939–ին, Անգլիայէն ռահվիրաներ եկան մեր գիւղը եւ հօրս Մխիթարութիւն պարբերաթերթին բաժանորդագրութիւնը առաջարկեցին (հիմա կը կոչուի Զարթի՛ր)։ Հայրս շուտով անդրադարձաւ, որ հոն գրուածները ճշմարտութիւն էին եւ սկսաւ Աստուածաշունչը կարդալ։ Երբ ան դադրեցաւ պատարագի երթալէ, մեր դրացիները, որոնք մինչեւ այդ ատեն մեզի հետ լաւ կը վարուէին, սկսան հակառակիլ։ Անոնք հօրս վրայ ճնշում ըրին որ Կաթողիկէ մնայ, եւ ասիկա տաք վիճաբանութիւններու դուռ բացաւ։
Շատ նեղուեցայ, երբ տեսայ որ հօրս հետ գէշ կերպով կը վարուին։ Ատիկա ձգեց որ սրտանց Աստուծոյ աղօթեմ եւ օգնութիւն խնդրեմ, ինչպէ՛ս որ յիշեցի այս յօդուածին սկիզբը։ Շատ ուրախացայ, երբ կամաց-կամաց դրացիներուն հակառակութիւնը թեթեւցաւ։ Համոզուեցայ որ Եհովան «աղօթքի լսող»ն է։
ԿԵԱՆՔԸ՝ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ
Նացի Գերմանիան Պելճիքայի վրայ յարձակեցաւ 10 մայիս 1940–ին եւ ասիկա պատճառ եղաւ, որ քաղաքացիները երկրէն դուրս փախչին։ Մեր ընտանիքը հարաւային Ֆրանսա փախաւ։ Ճամբուն վրայ անցանք շրջաններէ, ուր գերմանական բանակն ու ֆրանսական բանակը բուռն կռիւներ կը մղէին։
Յետագային, երբ կրցանք մեր ագարակը վերադառնալ, տեսանք որ մեր ունեցած-չունեցածը կողոպտուած էր։ Միայն մեր շունը՝ Պոպին մնացած էր։ Այս
փորձառութիւնները ձգեցին որ հարցնեմ. ‘Ինչո՞ւ համար պատերազմ եւ չարչարանք կայ’։Գրեթէ այդ ժամանակ, մեծապէս քաջալերուեցանք երբ եղբայր Էմիլ Շրանցը a, որ հաւատարիմ ռահվիրայ ու երէց մըն էր, մեզի այցելութիւն տուաւ։ Ան Աստուածաշունչով յստակօրէն բացատրեց, թէ ինչո՛ւ կը չարչարուինք, եւ կեանքի մասին ունեցած միւս հարցումներուս պատասխանները տուաւ։ Եհովային հետ աւելի զօրաւոր բարեկամութիւն մը մշակեցի եւ համոզուեցայ թէ ան սիրոյ Աստուածն է։
Նոյնիսկ պատերազմը վերջանալէն առաջ, ընտանիքս ա՛լ աւելի կապի մէջ մտաւ եղբայրներուն հետ։ Օգոստոս 1943–ին, եղբայր Ժոզէ Նիքոլա Մինեն մեր ագարակը այցելեց, դասախօսութիւն տալու համար։ Ան մեզի հարցուց. «Ո՞վ կ’ուզէ մկրտուիլ»։ Հայրս իր ձեռքը բարձրացուց, ես ալ իմ ձեռքս բարձրացուցի։ Մենք մկրտուեցանք մեր ագարակին մօտ եղող պզտիկ գետի մը մէջ։
Դեկտեմբեր 1944–ին, գերմանական բանակը իր վերջին մեծ յարձակումը գործեց արեւմտեան Եւրոպայի վրայ։ Այդ ճակատամարտը ճանչցուեցաւ որպէս Պալճի ճակատամարտը։ Մենք կ’ապրէինք այդ շրջանին մօտ եւ շուրջ մէկ ամիս, մեր տունին տակ գտնուող սենեակին մէջ պահուըտեցանք։ Օր մը, երբ դուրս եկայ որ մեր անասունները կերակրեմ, ռումբեր սկսան տեղալ մեր ագարակին վրայ եւ ախոռին առաստաղը փլեցին։ Հոն ամերիկացի զինուոր մը կար, որ պոռալով ինծի ըսաւ. «Գետին իջի՛ր, ծռէ՛»։ Վազեցի եւ գետինը իր քովը փռուեցայ եւ ան իր գլխարկը գլուխիս վրայ դրաւ որ պաշտպանուիմ։
ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՃՈՒՄ
Պատերազմէն ետք, մենք կրցանք կանոնաւորաբար կապի մէջ մտնել Լիեժի մէջ եղող ժողովքի մը հետ, որ մեզմէ 90 քիլոմեթր հիւսիս կը գտնուէր։ Ժամանակի ընթացքին, մենք կրցանք Աստուածաշունչը սերտելու պզտիկ խումբ մը հաստատել Պասթոնի մէջ։ Ես սկսայ աշխատիլ որպէս կառավարական պաշտօնեայ տուրքերու բաժանմունքին մէջ եւ առիթը ունեցայ փաստաբանութիւն ուսանելու։ Ետքը աշխատեցայ որպէս նոտարի քարտուղար։ 1951–ին, մենք պզտիկ շրջանային համաժողով մը կազմակերպեցինք Պասթոնի մէջ։ Գրեթէ հարիւր հոգի ներկայ եղան, մէջը ըլլալով՝ Էլի Ռոյթըր անունով շատ նախանձախնդիր ռահվիրայ քոյր մը։ Ան հեծիկով 50 քիլոմեթր կտրած էր, որպէսզի ներկայ գտնուէր համաժողովին։ Շատ չանցած մենք սիրահարուեցանք եւ
նշանուեցանք։ Էլին ստացած էր միացեալ նահանգներու մէջ Գաղաադի դպրոցին ներկայ գտնուելու հրաւէրը։ Ան կեդրոնատեղիին նամակ մը գրելով բացատրեց թէ ինչո՛ւ կը զգար, որ հրաւէրը պէտք էր մերժէր։ Եղբայր Նորը, որ այդ ժամանակ Եհովայի վկաներուն մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնէր, ազնուօրէն պատասխանելով իրեն ըսաւ, որ կը յուսայ օր մը Էլին իր ամուսինին հետ հրաւիրուի Գաղաադի դպրոցը։ Մենք ամուսնացանք փետրուար 1953–ին։Նոյն տարին, Էլին եւ ես «Նոր աշխարհի ընկերութիւն» բնաբանով համաժողովին ներկայ եղանք, որ տեղի ունեցաւ Եանգի Սթատիումին մէջ, Նիւ Եորք։ Մինչ հոն էինք, ծանօթացանք եղբօր մը, որ ինծի լաւ գործի առաջարկ մը ըրաւ, եւ զիս հրաւիրեց որ Միացեալ նահանգներ գաղթեմ։ Այս հարցին մասին աղօթելէ ետք, Էլին եւ ես որոշեցինք եղբօր առաջարկը մերժել եւ Պելճիքա վերադառնալ՝ Պասթոնի մէջ գտնուող տասը հոգիներէ բաղկացած պզտիկ խումբին թիկունք կանգնելու համար։ Յաջորդ տարին, տղայ զաւակ մը ունեցանք եւ անունը Սերժ դրինք։ Ցաւօք սրտի, եօթը ամիս վերջ Սերժը հիւանդացաւ եւ մեռաւ։ Մեր զգացումները աղօթքով Եհովային յայտնեցինք եւ յարութեան վստահ յոյսը մեզ շատ զօրացուց։
ԼԻԱԺԱՄ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Հոկտեմբեր 1961–ին, կրցայ կիսաժամ գործ մը գտնել, որ ինծի առիթը պիտի տար որ ռահվիրայութիւն ընեմ։ Բայց նոյն օրը, Պելճիքայի մասնաճիւղի ծառան ինծի հեռաձայնեց եւ հարցուց, թէ պատրաստ ե՞մ ծառայելու որպէս շրջանային ծառայ (որ հիմա կը կոչուի շրջանային տեսուչ)։ Իրեն հարցուցի. «Չե՞նք կրնար այս նշանակումը ընդունելէ առաջ նախ ռահվիրայութիւն ընել»։ Եղբայրները ըսին որ կրնանք։ Ութ ամիս ռահվիրայութիւն ընելէ ետք, շրջանային գործին սկսանք սեպտեմբեր 1962–ին։
Երկու տարի շրջանային գործին մէջ ծառայելէ ետք, հրաւիրուեցանք որ ծառայենք Պրիւքսէլի Բեթէլին մէջ։ Հոկտեմբեր 1964–ին սկսանք հոն ծառայել։ Այս նոր նշանակումին հետ եկան բազմաթիւ օրհնութիւններ։ 1965–ին, եղբայր Նորը մեր Բեթէլը այցելելէ ետք, անակնկալի եկայ երբ մասնաճիւղի ծառայ նշանակուեցայ։ Ետքը, Էլին եւ ես հրաւիրուեցանք Գաղաադի դպրոցին 41–րդ դասարանը։ 13 տարի առաջ եղբայր Նորին ըսած խօսքերը իրականացան։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Պելճիքայի Բեթէլը վերադարձանք։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ
Տարիներու ընթացքին առանձնաշնորհումը ունեցած եմ իմ փաստաբանական ուսումս գործածելու, որպէսզի մեր պաշտամունքի ազատութիւնը պաշտպանելու մէջ դեր խաղամ՝ Եւրոպայի մէջ եւ ուրիշ տեղեր (Փլպ. 1։7)։ Ասիկա ինծի առիթ տուած է, որ աւելի քան 55 երկիրներու կառավարական պաշտօնեաներու հետ կապի մէջ մտնեմ։ Այդ երկիրներուն մէջ մեր գործը սահմանափակուած կամ արգիլուած էր։ Փոխանակ այդ պաշտօնեաներուն ինքզինքս ներկայացնելու որպէս փաստաբան, անոնց կ’ըսէի որ ես «Աստուծոյ մարդն եմ»։ Նաեւ միշտ աղօթքով Եհովային առաջնորդութիւնը կը խնդրէի, քանի որ գիտեմ որ «թագաւորին [կամ՝ դատաւորին] սիրտը ջուրի վտակներու պէս է Տէրոջ ձեռքին մէջ, զանիկա ո՛ր կողմը ուզէ կը դարձնէ» (Առ. 21։1)։
Փորձառութիւններէն մէկը, որ վրաս շատ ազդեց, Հռովմայեցիս 13։4–ը։ Եւ քանի որ ան բողոքական էր, այս համարը իր ուշադրութիւնը գրաւեց։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան ինծի կէս ժամ տրամադրեց եւ ունեցանք շատ արդիւնաբեր խօսակցութիւն մը։ Ան նոյնիսկ ըսաւ, որ կը յարգէր մեր գործը։
Եւրոպական խորհրդարանի մէկ անդամին հետ հանդիպումս էր։ Իրմէ քանի մը անգամ խնդրած էի որ հետը խօսիմ, եւ վերջապէս ան ընդունեց որ հանդիպում մը ունենանք։ Ան ինծի ըսաւ. «Քեզի հի՛նգ վայրկեան կու տամ։ Մէ՛կ վայրկեան իսկ աւելի չեմ տար»։ Գլուխս ծռեցի եւ սկսայ աղօթել։ Ան նեղանալով ինծի հարցուց թէ ի՞նչ կ’ընեմ։ Գլուխս բարձրացնելով ըսի. «Աստուծոյ շնորհակալ եղայ, որ դուն իր սպասաւորներէն մէկն ես»։ Ան հարցուց. «Ի՞նչ ըսել կ’ուզես»։ Իրեն ցոյց տուիՏարիներու ընթացքին Եհովային ժողովուրդը Եւրոպայի մէջ շատ մը օրինական պայքարներ մղած է, ասոնց նման հարցերու նկատմամբ. չէզոքութիւն, ծնողներէն մէկուն կողմէ զաւակին հոգ տանելու իրաւունք, տուրքեր։ Առանձնաշնորհումը ունեցած եմ ատոնցմէ շատերուն մէջ դեր մը խաղալու եւ աչքովս տեսնելու, որ Եհովան ինչպէ՛ս յաջողութիւն եւ յաղթանակ տուած է մեզի։ Եհովայի վկաները աւելի քան 140 դատ շահած են Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ։
ՔՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ ԱՒԵԼԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆՔ
1990–ական թուականներուն, ծառայեցի եղբայր Ֆիլըփ Պրըմլիի հետ, որ կը ծառայէր մեր կեդրոնատեղիին մէջ, եւ եղբայր Վալթըր Ֆարնէդիի հետ, որ կը ծառայէր Իտալիոյ մէջ, որպէսզի Քուպայի մէջ մեր եղբայրներուն համար աւելի կրօնական ազատութիւն ձեռք ձգենք, քանի որ հոն մեր գործունէութիւնը արգելքի տակ էր։ Պելճիքայի մէջ գտնուող Քուպայի դեսպանատան նամակ գրեցի եւ ետքը տեսնուեցայ պատասխանատուի մը հետ, որ մեր խնդրանքը նկատի պիտի առնէր։ Մեր առաջին քանի մը հանդիպումներուն, լուծումներ չգտանք այն անհասկացողութիւններուն, որոնք պատճառ դարձած էին, որ մեր գործը արգելքի տակ դրուի Քուպայի մէջ։
Աղօթքով Եհովայէն ուղղութիւն խնդրելէ ետք, արտօնութիւն խնդրեցինք որ 5000 Սուրբ Գիրքեր Քուպա ղրկենք։ Սուրբ Գիրքերը ապահով հասան Քուպա եւ եղբայրներուն բաժնուեցան։ Զգացինք որ Եհովան մեր ջանքերը կ’օրհնէր։ Ետքը արտօնութիւն խնդրեցինք, որ ատոնցմէ զատ 27,500 Սուրբ Գիրքեր ալ ղրկուին Քուպա։ Ասոր համար ալ արտօնութիւն ստացանք։ Ես շատ ուրախացայ, քանի որ կրցանք Քուպայի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնել, որ իրենց անձնական Սուրբ Գիրքերը ունենան։
Շատ մը առիթներով այցելեցի Քուպա, որպէսզի օգնեմ որ մեր գործունէութիւնը օրինական դառնայ այդ երկրին մէջ։ Շատ մը կառավարական պաշտօնեաներու հետ լաւ յարաբերութիւններ զարգացուցի։
ՌՈՒԱՆՏԱՅԻ ՄԵՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՍՑՆԵԼ
1994–ին, աւելի քան 1,000,000 անձեր սպաննուեցան, Ռուանտայի մէջ թութսիներուն դէմ եղած ցեղասպանութեան պատճառով։ Ցաւօք սրտի, մեր եղբայրներէն ոմանք ալ սպաննուեցան։ Անկէ քիչ ետք, խումբ մը եղբայրներ նշանակուեցան, որ Ռուանտայի մէջ օգնութիւն կազմակերպեն։
Երբ մեր խումբը Քիկալի հասաւ, Ռուանտայի մայրաքաղաքը, տեսանք որ թարգմանութեան գրասենեակը եւ հրատարակութիւններու պահեստանոցը փամփուշտներուն պատճառով ծակ-ծակ եղած էր։ Հոն լսեցինք շատ ցաւալի պատմութիւններ, թէ ինչպէ՛ս մեր եղբայրներն ու քոյրերը երկար դանակներով սպաննուած էին։ Բայց նաեւ լսեցինք, թէ մեր եղբայրները ինչպէ՛ս քրիստոնէական սէր ցուցաբերած էին եւ իրարու օգնած էին։ Օրինակի համար, ծանօթացանք թութսի եղբօր մը, որ 28 օր գետնին տակը պահուըտած էր։ Հութու ցեղին պատկանող վկայ ընտանիք մը զինք հոն պահած էին։ Քիկալիի մէջ ժողով մը ըրինք, ուր 900–է աւելի եղբայրներու եւ քոյրերու հոգեւոր քաջալերութիւն եւ մխիթարութիւն տրուեցաւ։
Ետքը, սահմանը կտրելով Զայիր անցանք (որ հիմա կը կոչուի Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութիւն), որպէսզի փնտռենք այն մեծ թիւով ռուանտացի վկաները, որոնք Կոմա քաղաքին մօտ գտնուող գաղթակայանները փախած էին։ Բայց զանոնք չգտանք։ Աղօթքով Եհովայէն խնդրեցինք որ մեզ անոնց առաջնորդէ։ Ետքը, տեսանք մէկը որ մեր ուղղութեամբ կու գար եւ իրեն հարցուցինք, եթէ Եհովայի վկաներ գիտէ՞ր։ Ան ըսաւ. «Այո՛, ե՛ս վկայ եմ։ Ուրախ կ’ըլլամ, եթէ ձեզի ծանօթացնեմ օգնող յանձնախումբին»։ Օգնող յանձնախումբին հետ քաջալերական ժողով մը ունեցանք, եւ ետքը ժողով մը ըրինք 1600 գաղթականներու հետ, որպէսզի Սուրբ Գիրքով զիրենք մխիթարենք եւ քաջալերենք։ Նաեւ անոնց կարդացինք Կառավարիչ մարմինէն իրենց ուղղուած նամակ մը։ Եղբայրներն ու քոյրերը շատ ազդուեցան, երբ նամակին այս խօսքերը լսեցին. «Մենք միշտ ձեզ կը յիշենք մեր աղօթքներուն մէջ։ Մենք վստահ ենք, որ Եհովան ձեզ երեսէ պիտի չձգէ»։ Եւ այդպէս ալ եղաւ։ Այսօր աւելի քան 30,000 վկաներ ուրախութեամբ կը ծառայեն Ռուանտայի մէջ։
ՎՃՌԱԾ ԵՄ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱԼ
Մեր ամուսնութենէն մօտ 58 տարի ետք, 2011–ին իմ սիրելի Էլիս մեռաւ։ Երբ աղօթքով իմ զգացումներս իրեն յայտնեցի, Եհովան զիս մխիթարեց։ Ուրիշներուն Թագաւորութեան բարի լուրին մասին խօսիլն ալ զիս մխիթարեց։
Հակառակ որ 90–ական տարիքիս մէջն եմ, տակաւին ամէն շաբաթ ծառայութեան կ’ելլեմ։ Նաեւ ուրախ եմ, որ կրնամ օգնել Պելճիքայի մասնաճիւղին Օրինական բաժանմունքին մէջ։ Կրնամ իմ փորձառութիւններս պատմել ուրիշներուն եւ քաջալերութիւն տալ Բեթէլի ընտանիքին երիտասարդներուն։
Շուրջ 84 տարիներ առաջ, Եհովային առաջին աղօթքս ըրի։ Այդ աղօթքը սկիզբն էր հոյակապ ճամբորդութեան մը, որ զիս երթալով աւելի մօտեցուց Եհովային։ Որքա՜ն կը գնահատեմ, որ ամբողջ կեանքիս ընթացքին Եհովան իմ աղօթքներուս պատասխանած է (Սաղ. 66։19) b։