ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 23
ԵՐԳ 106 Եհովա Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահինք
Եհովան մեզ կը հրաւիրէ որ իր հիւրը ըլլանք
«Իմ խորանս անոնց քով պիտի ըլլայ։ Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ» (ԵԶԵԿ. 37։27)։
ՆԻՒԹ
Աւելի գնահատել թէ ի՛նչ ըսել է Եհովային վրանին մէջ հիւր ըլլալ եւ թէ ան ինչպէ՛ս մեզի հոգ կը տանի որպէս մեր Հիւրընկալը։
1-2. Եհովան իր հաւատարիմ ծառաներուն ի՞նչ հրաւէր կու տայ։
ԵՀՈՎԱՆ ի՞նչ դեր ունի կեանքիդ մէջ։ Թերեւս ըսես. ‘Եհովան իմ Հայրս, Աստուածս եւ Բարեկամս է’։ Ասոնցմէ զատ թերեւս ուրիշ կերպերով ալ նկարագրես Եհովան։ Արդեօք զինք կը նկատե՞ս քու Հիւրընկալդ։
2 Դաւիթ թագաւորը Եհովան նմանցուց հիւրընկալի, իսկ անոր հաւատարիմ ծառաները՝ հիւրերու։ Ան հարցուց. «Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ, ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ» (Սաղ. 15։1)։ Այս համարէն կը գիտնանք, որ մենք կրնանք Եհովային հիւրերը՝ այսինքն բարեկամները՝ ըլլալ։ Ասիկա ի՜նչ մեծ հրաւէր մըն է Եհովային կողմէ։
ԵՀՈՎԱՆ Կ’ՈՒԶԷ ՈՐ ՄԵՆՔ ԻՐ ՀԻՒՐԸ ԸԼԼԱՆՔ
3. Ո՞վ էր Եհովային առաջին հիւրը, եւ Եհովան ու իր հիւրը ի՞նչ կը զգային իրարու հանդէպ։
3 Ամէն բան ստեղծելէ առաջ, Եհովան մինակ էր։ Բայց ետքը, ան իր անդրանիկ Որդին ստեղծեց։ Այսպէս Եհովան իր առաջին հիւրը հրաւիրեց իր այլաբանական վրանը եւ ասիկա ընելով շատ ուրախացաւ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ Եհովան ‘կը զուարճանար’ իր Որդիով, եւ թէ իր Որդին ‘միշտ անոր առջեւ կ’ուրախանար’ (Առ. 8։30)։
4. Ուրիշ որո՞նք Եհովային հիւրերը եղան։
4 Յետոյ, Եհովան հրեշտակները ստեղծեց եւ զիրենք հրաւիրեց, որ իր հիւրերը ըլլան։ Սուրբ Գիրքը հրեշտակները կը կոչէ ‘Աստուծոյ որդիներ’ եւ կ’ըսէ, որ անոնք ուրախ են որ Եհովային հետ են (Յոբ 38։7. Դան. 7։10)։ Երկար տարիներ, միայն երկնքի մէջ Աստուծոյ հետ ապրողներն էին իր բարեկամները։ Բայց ետքը, ան մարդիկը ստեղծեց եւ անոնք ալ առիթը ունեցան իր հիւրերը ըլլալու։ Եհովային հիւրերէն էին՝ Ենովքը, Նոյը, Աբրահամը եւ Յոբը։ Այս հաւատարիմ ծառաները Աստուծոյ բարեկամները կոչուեցան, քանի որ իրեն հետ քալելով՝ իրեն հնազանդեցան (Ծն. 5։24. 6։9. Յոբ 29։4. Եսա. 41։8)։
5. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Եզեկիէլ 37։26, 27–ի մարգարէութենէն։
5 Դարերու ընթացքին, Եհովան շարունակած է իր բարեկամները հրաւիրել, որ իր հիւրերը ըլլան (կարդա՛ Եզեկիէլ 37։26, 27)։ Օրինակ, Եզեկիէլի մարգարէութենէն կը գիտնանք, որ Աստուած իրապէս կ’ուզէ, որ իր հաւատարիմ ծառաները իրեն հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենան։ Ան կը խոստանայ, որ իրենց հետ ‘խաղաղութեան ուխտ պիտի ընէ’։ Այդ մարգարէութիւնը կ’ակնարկէ այն ժամանակին, երբ անոնք որոնք երկնային յոյս ունին եւ անոնք որոնք երկրային յոյս ունին, միասնաբար Եհովայի այլաբանական վրանին մէջ պիտի ըլլան՝ որպէս «մէկ հօտ» (Յովհ. 10։16)։ Եւ ասիկա ներկայիս տեղի կ’ունենայ։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀՈԳ ԿԸ ՏԱՆԻ Ո՛ՒՐ ՈՐ ԱԼ ԸԼԼԱՆՔ
6. Մէկը ինչպէ՞ս կրնայ Եհովային վրանին մէջ հիւր ըլլալ, եւ ո՞ւր է Իր վրանը։
6 Աստուածաշունչի ժամանակներուն վրանը տեղ մըն էր, ուր մէկը կրնար հանգստանալ եւ պաշտպանուիլ։ Հիւրը կրնար ակնկալել, որ իր հիւրընկալը իրեն լաւ հոգ պիտի տանէր։ Նոյնպէս, երբ մենք Եհովային կը նուիրուինք, իր վրանին մէջ իր հիւրերը կը դառնանք (Սաղ. 61։4)։ Մենք հոն առատ հոգեւոր սնունդ կը վայելենք եւ Եհովային միւս հիւրերուն հետ լաւ բարեկամներ կը դառնանք։ Բոլոր երկիրներէն մարդիկ կրնան Եհովային վրանին մէջ իր հիւրերը դառնալ։ Օրինակ, թերեւս օտար երկիր մը ճամբորդած ես մասնաւոր համաժողովի մը ներկայ գտնուելու համար եւ ծանօթացած ես անհատներու, որոնք նոյնպէս ուրախ են որ Աստուծոյ վրանին մէջ են։ Ուրեմն, ո՛ւր որ ալ կ’ապրինք, կրնանք Եհովային վրանին մէջ հիւրեր ըլլալ, այնքան ատեն որ իրեն հաւատարմօրէն կը ծառայենք (Յայտ. 21։3)։
7. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները, որոնք մահացած են, տակաւին Եհովային վրանին մէջ հիւրեր են (տե՛ս նաեւ նկարը)։
7 Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել այն հաւատարիմ ծառաներուն մասին, որոնք մահացած են։ Կրնա՞նք ըսել որ անոնք տակաւին հիւրեր են Եհովային վրանին մէջ։ Այո՛։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք տակաւին ողջ են Եհովային յիշողութեան մէջ։ Յիսուս ասիկա բացատրեց, երբ ըսաւ. «Մեռելներուն յարութիւն առնելը Մովսէս ալ իմացուց մորենիին պատմութեանը մէջ, երբ կը կոչէ. ‘Տէրը՝ Աբրահամին Աստուածը ու Իսահակին Աստուածը եւ Յակոբին Աստուածը’։ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն, վասն զի ամէնքը անոր կենդանի են» (Ղուկ. 20։37, 38)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ՕԳՏՈՒԻՆՔ ԵՒ Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵՆՔ
8. Եհովային հիւրերը իր վրանին մէջ ըլլալով ինչպէ՞ս կ’օգտուին։
8 Ճիշդ ինչպէս որ վրանը պաշտպանութիւն կու տայ, նոյնպէս Եհովան իր վրանին մէջ գտնուող իր հիւրերը հոգեւորապէս կը պաշտպանէ եւ ապագային նկատմամբ իրենց իսկական յոյս կու տայ։ Եթէ Եհովային մօտիկ մնանք, Սատանան պիտի չկարենայ մեզի մնայուն կերպով վնաս հասցնել (Սաղ. 31։23. Ա. Յովհ. 3։8)։ Իսկ նոր աշխարհին մէջ, Եհովան պիտի շարունակէ իր հաւատարիմ բարեկամները պաշտպանել, ո՛չ միայն հոգեւոր վտանգներէն, հապա նաեւ՝ մահէն (Յայտ. 21։4)։
9. Եհովան իր հիւրերէն ի՞նչ կ’ակնկալէ որ ընեն։
9 Մեզի համար մեծ պատիւ է Եհովային վրանին մէջ իր հիւրերը ըլլալ, այսինքն՝ իրեն հետ մտերիմ բարեկամութիւն վայելել, որ կրնայ յաւիտեան տեւել։ Իսկ ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ կ’ուզենք իր հիւրերը մնալ։ Եթէ մէկու մը տունը հրաւիրուիս, պիտի ուզես իր ուզածին պէս վարուիլ։ Օրինակ, եթէ քեզմէ խնդրէ, որ տուն մտնելէ առաջ կօշիկներդ հանես, պիտի հանես։ Վստահաբար, մենք ալ կ’ուզենք գիտնալ թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’ուզէ, որ իր հիւրերը վարուին իր վրանին մէջ։ Եհովային հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ, որ ամէն բան ընենք որ ‘զինք հաճեցնենք’ (Կող. 1։10)։ Ասկէ զատ, ճիշդ է որ Եհովան մեր Բարեկամն է, բայց ան նաեւ մեր Աստուածը ու Հայրն է, եւ արժանի է մեր յարգանքին (Սաղ. 25։14)։ Ասիկա մեր միտքը պահելով, պէտք է միշտ իրեն հանդէպ խոր յարգանք ունենանք եւ չմոռնանք թէ ինքը ո՛վ է։ Այս տեսակի խոր յարգանք մեզի պիտի օգնէ, որ չընենք բան մը որ զինք պիտի նեղացնէ։ Մենք կը փափաքինք «խոնարհութիւնով» մեր Աստուծոյն հետ քալել (Միք. 6։8)։
ԵՀՈՎԱՆ ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԶԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ՉԴՐԱՒ
10-11. Սինայի անապատին մէջ ինչպէ՞ս յայտնի եղաւ, որ Եհովան իր ծառաներուն միջեւ զատողութիւն չի դներ։
10 Եհովան իր հիւրերուն միջեւ զատողութիւն չի դներ (Հռով. 2։11)։ Եւ ասիկա յայտնի եղաւ Սինայի անապատին մէջ իսրայէլացիներուն հետ իր վարուած կերպէն։
11 Եհովան իր ժողովուրդը Եգիպտոսի գերութենէն ազատելէ ետք, քահանաներ նշանակեց որ խորանին մէջ ծառայեն։ Ան ղեւտացիներ ալ նշանակեց, որ խորանին մէջ ուրիշ գործերու հոգ տանին։ Արդեօք Եհովան աւելի լաւ հոգ կը տանէ՞ր անոնց, որոնք խորանին մէջ կը ծառայէին կամ անոր շուրջը կ’ապրէին։ Ո՛չ։ Եհովան մարդոց միջեւ զատողութիւն չի դներ։
12. Իսրայէլացիներուն հետ Եհովային վարուած կերպէն ինչպէ՞ս յստակ դարձաւ, որ ան մարդոց միջեւ զատողութիւն չի դներ (Ելից 40։38) (տե՛ս նաեւ նկարը)։
12 Ամէն մէկ իսրայէլացի կրնար Եհովային մտերիմ բարեկամը ըլլալ, նոյնիսկ եթէ խորանին մէջ չէր ծառայեր կամ անոր շուրջը չէր ապրեր։ Օրինակ, Եհովան հոգ տարաւ որ ամբողջ ազգը կարենար տեսնել խորանին վրայ եղող ամպի սիւնը ու կրակի սիւնը (կարդա՛ Ելից 40։38)։ Երբ ամպի սիւնը նոր ուղղութիւն բռնէր, նոյնիսկ անոնք՝ որոնք խորանէն ամէնէն հեռու տեղը կ’ապրէին, կրնային ատիկա տեսնել, իրենց ապրանքները հաւաքել, իրենց վրանները քակել եւ միւսներուն հետ ճամբայ ելլել (Թւ. 9։15-23)։ Բոլորը կրնային լսել արծաթէ երկու փողերուն բարձր ձայնը, ինչ որ նշան էր, որ ամէն մարդ պէտք էր սկսէր փոխադրուիլ (Թւ. 10։2)։ Յստակ է թէ խորանին աւելի մօտիկ ապրիլը չէր նշանակեր, որ անհատը Եհովային հետ աւելի մտերիմ բարեկամութիւն ունէր։ Ամէն մէկ իսրայէլացի կրնար Եհովային հիւրը ըլլալ եւ վստահ ըլլալ, որ ան զինք պիտի առաջնորդէր եւ պաշտպանէր։ Նոյնպէս այսօր, աշխարհի վրայ ո՛ւր որ ալ կ’ապրինք, Եհովան մեզ կը սիրէ, կը պաշտպանէ եւ մեզի հոգ կը տանի։
ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԱԼ ԵՀՈՎԱՆ ԶԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ԴՆԵՐ
13. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ Եհովան ներկայիս զատողութիւն չի դներ։
13 Ներկայիս Եհովային ծառաներէն ոմանք կ’ապրին կեդրոնատեղիին կամ մասնաճիւղերէն մէկուն մօտ։ Ուրիշներ կը ծառայեն ատոնց մէջ։ Անոր համար, այս տեսակի անձեր առիթը ունին մասնակցելու շատ մը գործունէութիւններու, որոնք այս վայրերուն մէջ տեղի կ’ունենան, եւ ընկերակցելու առաջնորդութիւն առնող եղբայրներու հետ։ Ուրիշներ շրջանային տեսուչներ են կամ ուրիշ տեսակի լիաժամ ծառայութեան մէջ են։ Եթէ դուն այս պարագաներէն մէկը չունիս, կրնաս վստահ ըլլալ որ տակաւին Եհովային հիւրն ես եւ թէ ան քեզ կը սիրէ։ Եհովան իր բոլոր ծառաներուն շատ լաւ կը ճանչնայ եւ անոնց բոլորին պէտք եղածը կու տայ (Ա. Պետ. 5։7)։ Անոնց բոլորին կու տայ իրենց պէտք եղած հոգեւոր սնունդը, ուղղութիւնը եւ պաշտպանութիւնը։
14. Եհովան ուրիշ ի՞նչ կերպով ցոյց կու տայ, որ զատողութիւն չի դներ։
14 Եհովան ուրիշ կերպով մըն ալ ցոյց կու տայ, որ զատողութիւն չի դներ։ Ան վստահ կ’ըլլայ, որ աշխարհին չորս կողմը մարդիկ կրնան Սուրբ Գիրքը կարդալ։ Սկիզբը, Սուրբ Գրութիւնները գրուեցան երեք լեզուներով՝ եբրայերէն, արամերէն եւ յունարէն։ Արդեօք անոնք, որոնք կրնան այս լեզուներով կարդալ Սուրբ Գիրքը, միւսներէն աւելի՞ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունին Եհովային հետ։ Ո՛չ (Մատ. 11։25)։
15. Ի՞նչ փաստ կայ, որ Եհովան զատողութիւն չի դներ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
15 Արդեօք միա՞յն անոնք, որոնք բարձր ուսում ունին կամ լեզուներ գիտեն, կրնան Եհովային բարեկամները ըլլալ։ Ո՛չ։ Աշխարհին չորս կողմը ապրող բոլոր մարդիկը կրնան Եհովային իմաստուն Խօսքէն օգտուիլ, նոյնիսկ եթէ բարձր ուսում չունին։ Իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, հազարաւոր լեզուներով թարգմանուած է։ Անոր համար, աշխարհին չորս կողմը մարդիկ կրնան օգտուիլ անոր սորվեցուցածներէն եւ գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս կրնան իր բարեկամները ըլլալ (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ «ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ» ՄՆԱՅ
16. Գործք 10։34, 35–ի համաձայն, ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային ընդունելի մնալ։
16 Մեզի համար մեծ առանձնաշնորհում է Եհովային վրանին մէջ իր հիւրը ըլլալ։ Ան ամէնէն ազնիւ, ամէնէն հոգատար եւ ամէնէն հիւրասէր Հիւրընկալն է։ Ասկէ զատ, ան մարդոց միջեւ զատողութիւն չի դներ, հապա ամէն տեսակի մարդիկ կ’ընդունի՝ ո՛ւր որ ալ կ’ապրին եւ ի՛նչ որ ալ ըլլայ իրենց ենթահողը, ուսումը, ցեղը, ազգը, տարիքը, կամ ըլլան աղջիկ կամ տղայ։ Բայց մէկ պայման կայ. Եհովան որպէս իր հիւրերը կ’ընդունի միա՛յն անոնք, որոնք իրեն կը հնազանդին (կարդա՛ Գործք 10։34, 35)։
17. Եհովային վրանին մէջ հիւր ըլլալու մասին աւելի տեղեկութիւններ ո՞ւր կրնանք գտնել։
17 Սաղմոս 15։1–ին մէջ, Դաւիթ այս հարցումները հարցուց. «Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ, ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ»։ Ետքը, Եհովան Դաւիթը գործածեց, որ այդ հարցումներուն պատասխանները տայ Սաղմոս 15–ին մէջ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ի՛նչ են այն բաներէն ոմանք, որոնք պէտք է ընենք՝ Եհովան հաճեցնելու եւ իր բարեկամները մնալու համար։
ԵՐԳ 27 Եհովայի կողմը դիրք բռնէ