Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 26

ԵՐԳ 49 Եհովան մեր ապաւէնն է

Եհովան վէմդ ըրէ

Եհովան վէմդ ըրէ

«Մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ» (Ա. ԹԱԳ. 2։2

ՆԻՒԹ

Տես թէ ինչո՛ւ կ’ըսուի, որ Եհովան Վէմ է կամ՝ ժայռ, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք իր ժայռանման յատկութիւնները ընդօրինակել։

1. Դաւիթ Եհովան ինչի՞ նմանցուց Սաղմոս 18։46–ին մէջ։

 Կ’ԱՊՐԻՆՔ աշխարհի մը մէջ, ուր անակնկալ դժուարութիւնները կրնան մեր կեանքը խանգարել կամ նոյնիսկ՝ տակնուվրայ ընել։ Մենք որքա՜ն կը հանգչինք գիտնալով, որ կրնանք Աստուծոյ վստահիլ։ Նախորդ յօդուածը մեզի յիշեցուց, որ Եհովան ապրող Աստուածն է եւ միշտ պատրաստ է մեզի օգնելու։ Եւ երբ մեզի օգնէ, ա՛լ աւելի կը համոզուինք թէ «Տէրը կ’ապրի՛» (Սաղ. 18։46, ԱԾ)։ Բայց Դաւիթ այս խօսքը ըսելէն ետք, Եհովան կոչեց «իմ Վէմս»։ Ան ինչո՞ւ ապրող Աստուածը՝ Եհովան, նմանցուց կեանք չունեցող բանի մը՝ վէմի կամ ժայռի։

2. Ի՞նչ պիտի սորվինք Դաւիթի խօսքէն, երբ ըսաւ Եհովան «իմ Վէմս» է։

2 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչո՛ւ Եհովային մասին կ’ըսուի որ Վէմ է եւ ատիկա մեզի ի՛նչ կը սորվեցնէ իր մասին։ Նաեւ պիտի սորվինք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովան մեր Վէմը նկատել։ Եւ ի վերջոյ, պիտի քննարկենք որ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովային ժայռանման յատկութիւնները ընդօրինակել։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ՎԷՄ ԿՈՉՈՒԱԾ Է

3. Սուրբ Գիրքը շատ անգամ ինչպէ՞ս կը գործածէ «վէմ» բառը (տե՛ս նկարը)։

3 Սուրբ Գիրքը Եհովան կը նմանցնէ «վէմի», որպէսզի մեզի օգնէ հասկնալու Եհովային կարգ մը յատկութիւնները։ Այս բառը շատ անգամ կը յիշուի Սուրբ Գիրքի այն հատուածներուն մէջ, ուր Եհովային ծառաները զինք կը փառաբանեն որպէս աննման Աստուած մը։ Եհովան առաջին անգամ «Վէմը» կոչուած է Բ. Օրինաց 32։4–ին մէջ (ստորանիշ)։ Աննան աղօթքով ըսաւ, որ «մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ» (Ա. Թագ. 2։2)։ Ամբակումը Եհովան կոչեց. «Ո՜վ Վէմ» (Ամբ. 1։12)։ 73–րդ սաղմոսը գրողը Աստուած կոչեց «իմ սիրտիս վէմը» (Սաղ. 73։26, ԱԾ)։ Եւ նոյնիսկ Եհովան ինքն իր մասին ըսաւ թէ վէմ կամ ժայռ է (Եսա. 44։8)։ Հիմա նկատի առնենք Եհովային ունեցած երեք ժայռանման յատկութիւններ եւ տեսնենք, որ ինչպէ՛ս կրնանք զինք ‘մեր Վէմը’ ընել (Բ. Օր. 32։31

Աստուծոյ ժողովուրդը կը սեպէ որ Եհովան անշարժ ժայռի մը նման է (տե՛ս պարբերութիւն 3)


4. Եհովան ինչպէ՞ս ապաւէն է (Սաղմոս 94։22)

4 Եհովան ապաւէն է։ Ճիշդ ինչպէս որ փոթորիկի ժամանակ հսկայ ժայռ մը կը պաշտպանէ մէկը, նոյնպէս Եհովան մեզ կը պաշտպանէ դժուար ժամանակներուն (կարդա՛ Սաղմոս 94։22)։ Ան մեզ ապահով կը պահէ եւ չի ձգեր, որ բան մը մեզի մնայուն վնաս հասցնէ։ Ան ասկէ աւելի՛ ալ կը խոստանայ։ Ան ի վերջոյ պիտի ոչնչացնէ որեւէ բան, որ մեզ կը մտահոգէ եւ մեզի վնաս կը հասցնէ (Եզեկ. 34։25, 26

5. Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ մեր ժայռանման ապաւէնը ըլլալ։

5 Եհովային աղօթելը կերպ մըն է, որ Եհովան մեր ժայռանման Ապաւէնը ընենք։ Երբ կ’աղօթենք, Եհովան մեզի կու տայ ‘իր խաղաղութիւնը’, որ մեր սրտերն ու մտքերը կը պահպանէ (Փլպ. 4։6, 7)։ Նկատի առ Արդեմ անունով եղբօր մը փորձառութիւնը, որ իր հաւատքին համար բանտարկուեցաւ։ Կոշտ հարցաքննիչ մը շատ անգամ զինք կը հարցաքննէր, եւ հարցաքննութեան ժամանակ գէշ կերպով կը վարուէր իրեն հետ եւ կը փորձէր վախցնել զինք։ Արդեմ ըսաւ. «Ամէն անգամ որ հարցաքննուէի, շատ սթրեսի տակ կ’ըլլայի. . . Միշտ Եհովային կ’աղօթէի եւ իրմէ խաղաղութիւն եւ իմաստութիւն կը խնդրէի։ Հարցաքննիչին մեթոտները վրաս չազդեցին. . . Զգացի որ Եհովան քարէ պատի մը պէս կը պաշտպանէր զիս»։

6. Ինչո՞ւ միշտ կրնանք Եհովային վստահիլ (Եսայի 26։3, 4

6 Եհովան վստահելի է։ Անշարժ ժայռի մը նման Եհովան միշտ հո՛ն է, երբ իրեն պէտքը ունենանք։ Կրնանք իրեն վստահիլ, քանի որ ան «յաւիտենական վէմ»ն է (կարդա՛ Եսայի 26։3, 4)։ Ան մի՛շտ ողջ է, որ իր խոստումները կատարէ, մեր աղօթքները լսէ, եւ մեզի պէտք եղած օգնութիւնը տայ։ Եհովային կրնանք վստահիլ նաեւ, քանի որ ան իր ծառաներուն հանդէպ հաւատարիմ է (Բ. Թագ. 22։26)։ Ան երբեք պիտի չմոռնայ մեր ըրածները եւ մեզ միշտ պիտի վարձատրէ (Եբ. 6։10. 11։6

7. Երբ Եհովային վստահինք ի՞նչ պիտի պատահի (տե՛ս նաեւ նկարը)։

7 Եհովան մեր Վէմը կ’ընենք, երբ իրեն լման կը վստահինք։ Եւ համոզուած կ’ըլլանք, որ եթէ իրեն հնազանդինք՝ նոյնիսկ երբ դժուար է՝ ատոր օգուտը պիտի քաղենք (Եսա. 48։17, 18)։ Ամէն անգամ որ Եհովային ձեռքը կը զգանք մեր կեանքին մէջ, ա՛լ աւելի իրեն կը վստահինք եւ աւելի համոզուած կ’ըլլանք, որ միայն Եհովան կրնայ մեզի օգնել տոկալու որեւէ նեղութեան, որքա՛ն ալ դժուար ըլլայ։ Շատ անգամ, երբ գտնուինք պարագայի մը մէջ, երբ մէկը չկայ մեր կողքին, կ’անդրադառնանք որ Եհովան որքա՜ն վստահելի Աստուած մըն է։ Վլատիմիրը կ’ըսէ. «Կեանքիս մէջ ամէնէն շատ Աստուծոյ մօտիկ զգացի, երբ արգելափակուած էի։ Սորվեցայ իրեն աւելի վստահիլ, քանի որ բոլորովին մինակ էի եւ ձեռքէս բան մը չէր գար»։

Եհովան մեր վէմը կ’ընենք, երբ լման իրեն կը վստահինք (տե՛ս պարբերութիւն 7)


8. ա) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ Եհովան կայունութիւն ունի։ բ) Աստուած մեր Վէմը ունենալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք (Սաղմոս 62։6, 7

8 Եհովան կայունութիւն ունի։ Հսկայ ժայռի մը նման, Եհովան հաստատ ու կայուն է։ Անոր անձնաւորութիւնը եւ նպատակը բնաւ չեն փոխուիր (Մաղ. 3։6)։ Երբ Եդեմին մէջ ըմբոստութիւն ծագեցաւ, Եհովան իր նպատակէն չշեղեցաւ։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ գրեց, Եհովան «իր անձը չի կրնար ուրանալ» (Բ. Տիմ. 2։13)։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ ի՛նչ որ ալ պատահի կամ ի՛նչ որ ալ ուրիշներ ընեն, Եհովային յատկութիւնները, նպատակը եւ չափանիշները բնաւ չեն փոխուիր։ Ասոր համար, մենք գիտենք որ ան մեզի պիտի օգնէ դժուար ժամանակներուն եւ ապագային նկատմամբ իր խոստումները պիտի պահէ (կարդա՛ Սաղմոս 62։6, 7

9. Թաթիանային փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։

9 Մենք Եհովան մեր վէմը կ’ընենք, երբ կը խոկանք իր յատկութիւններուն, նաեւ երկրին ու մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակին վրայ։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ զգացականօրէն կայուն մնանք, երբ դժուարութիւններ կ’ունենանք (Սաղ. 16։8)։ Ասիկա պատահեցաւ Թաթիանա անունով քրոջ մը հետ, որ իր հաւատքին պատճառով իր տան մէջ արգելափակուեցաւ։ Ան ըսաւ. «Ես բառին բուն իմաստով առանձին էի։ Սկիզբը ասիկա շատ դժուար էր։ Շատ անգամ կը յուսահատէի»։ Բայց երբ ան տեսաւ, որ իր դժուարութիւնը ի՛նչպէս կապուած էր Եհովային եւ անոր նպատակին հետ, ան կրցաւ իր պարագային տոկալ եւ զգացականօրէն ետ կայուն դառնալ։ Ան շարունակեց. «Հասկցայ թէ ես այս պարագային մէջն եմ, քա՛նի որ Եհովան կը սիրեմ եւ կ’ուզեմ զինք հաճեցնել։ Ասիկա ինծի օգնեց, որ այլեւս իմ անձիս վրայ չկեդրոնանամ»։

10. Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ մեր Վէմը ըլլալ ներկայիս։

10 Եկող օրերուն պիտի դիմագրաւենք նեղութիւններ, որոնք պիտի պահանջէն որ որեւէ ժամանակէ աւելի Եհովային վստահինք։ Հիմա է ժամանակը որ աւելի՛ համոզուինք, թէ ան պէտք եղածը պիտի տայ մեզի, որպէսզի հաւատարիմ մնանք։ Ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։ Կարդա՛ Աստուածաշունչէն դէպքեր, եւ Եհովայի վկաներու փորձառութիւններ։ Տե՛ս թէ Եհովան ինչպէ՛ս ժայռանման յատկութիւններ ցոյց տուած է, որպէսզի իր ծառաներուն թիկունք կանգնի։ Խոկա՛ այս դէպքերուն վրայ։ Ասոնք քեզի պիտի օգնեն, որ Եհովան քու Վէմդ ընես։

ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԺԱՅՌԱՆՄԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

11. Ինչո՞ւ կ’ուզենք ընդօրինակել Եհովային ժայռանման յատկութիւնները (տե՛ս նաեւ՝ « Տարիքով պզտիկ եղբայրներուն համար նպատակ մը» տուփը)։

11 Մինչեւ հիմա նկատի առինք, որ Եհովան ինչպէ՛ս կը նմանի վէմի կամ ժայռի։ Հիմա նկատի պիտի առնենք, որ մենք ինչպէ՛ս կրնանք իր ժայռանման յատկութիւնները ընդօրինակել։ Ատոնք որքա՛ն աւելի ընդօրինակենք, այնքան աւելի պիտի զօրացնենք եղբայրներն ու քոյրերը։ Օրինակ, Յիսուս Սիմոնը կոչեց Կեփաս (կը թարգմանուի Պետրոս), որ կը նշանակէ «ժայռի կտոր» (Յովհ. 1։42)։ Յիսուս ըսել կ’ուզէր որ Պետրոս ժողովքին մէջ ուրիշները պիտի մխիթարէր եւ պիտի օգնէր որ անոնց հաւատքը կայուն մնայ։ Ժողովքի երէցները նկարագրուած են որպէս «ապառաժի մը հովանին», այսինքն՝ մեծ ժայռի մը շուքը։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ անոնք ինչպէս ժողովքը կը պաշտպանեն (Եսա. 32։2)։ Անշուշտ ժողովքը կ’օգտուի, երբ բոլո՛ր եղբայրներն ու քոյրերը կ’ընդօրինակեն Եհովային ժայռանման յատկութիւնները (Եփ. 5։1

12. Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն ապաւէն ըլլալ։

12 Ապաւէն եղիր։ Երբեմն առիթը կը բացուի, որ մեր եղբայրներուն համար բառացի ապաւէն ըլլանք, մանաւանդ երբ բնական աղէտներ հարուածեն, կամ խռովութիւններ ու պատերազմ ըլլայ։ Մինչ «վերջին օրեր»ուն վիճակները երթալով աւելի գէշ կ’ըլլան, անկասկած ալ աւելի առիթներ պիտի ունենանք որ իրարու օգնենք (Բ. Տիմ. 3։1)։ Մենք նաեւ կրնանք մեր եղբայրներուն զգացական եւ հոգեւոր ապաւէն ըլլալ։ Օրինակ, կրնանք Թագաւորութեան սրահին մէջ անոնց հետ խօսիլ եւ զիրենք մխիթարել։ Եւ ասիկա ժողովքին մէջ ջերմ մթնոլորտ մը կը ստեղծէ։ Մենք կ’ապրինք սթրեսով լեցուն աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ չոր ու կոշտ են։ Ասոր համար, երբ մեր եղբայրները ժողովներու գան, կ’ուզենք ամէն բան ընել, որպէսզի սիրուած, թարմացած եւ ապահով զգացնենք զիրենք։

13. Մասնաւորաբար երէցները ինչպէ՞ս կրնան ապաւէն ըլլալ ուրիշներուն (տե՛ս նաեւ նկարը)։

13 Երէցները կրնան ապաւէն ըլլալ այն եղբայրներուն, որոնք փոթորիկի նման դժուարութիւններէ կ’անցնին։ Օրինակ, երբ եղբայրները աղէտներէ անցնին կամ առողջապահական խնդիրներ ունենան, երէցները շուտով գործնական կերպով կ’օգնեն անոնց։ Անոնք նաեւ հոգեւոր գետնի վրայ կ’օգնեն անոնց։ Երբ երէց մը ազնիւ ըլլայ, դիմացինին հետ զգայ եւ պատրաստ ըլլայ մտիկ ընելու, եղբայրներն ու քոյրերը հանգիստ պիտի զգան իրեն մօտենալու ու խօսելու։ Այս յատկութիւնները դիմացինին կ’օգնեն որ սիրուած զգայ եւ կը դիւրացնեն որ ան երէցին տուած սուրբգրային խրատը գործադրէ (Ա. Թես. 2։7, 8, 11, 12

Երէցները ապաւէն կ’ըլլան եղբայրներուն, երբ անոնք փոթորիկի նման դժուարութիւններէ կ’անցնին (տե՛ս պարբերութիւն 13) a


14. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ վստահելի ենք։

14 Վստահելի եղիր։ Կ’ուզենք որ ուրիշները մեզի վստահին մանաւանդ դժուար ժամանակներուն (Առ. 17։17)։ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահելի ըլլալու համբաւը ունենալ։ Կրնանք ամէն օր մեր լաւագոյնը ընել, որ Եհովան ընդօրինակենք՝ մեր խոստումները պահելով եւ ճշդապահ ըլլալով (Մատ. 5։37)։ Նաեւ կրնանք գործնական օգնութիւն տալ, երբ ուրիշներ ատոր պէտքը ունենան։ Ասկէ զատ, կը ջանանք մեզի տրուած ուղղութիւններուն համաձայն մեր նշանակումները ընել։

15. Երբ երէցները վստահելի կ’ըլլան, ժողովքը ինչպէ՞ս կ’օգտուի։

15 Երբ երէցները վստահելի կ’ըլլան, ժողովքը ինչպէ՞ս կ’օգտուի։ Հրատարակիչները հանգիստ կը զգան, երբ գիտնան որ որեւէ ժամանակ կրնան հեռաձայնել երէցներուն, օրինակ՝ իրենց ծառայութեան խումբի տեսուչին։ Անոնք նաեւ սիրուած կը զգան, երբ գիտնան որ երէցները միշտ սրտանց կ’ուզեն իրենց օգնել։ Իսկ երբ երէցները իրենց տուած խրատը կը հիմնեն Աստուածաշունչին եւ հաւատարիմ ծառային հրատարակութիւններուն վրայ, քան թէ իրենց անձնական կարծիքին վրայ, եղբայրները իրենց աւելի՛ կը վստահին։ Անոնք նաեւ եղբայրներուն վստահութիւնը կը շահին, երբ անոնց անձնական հարցերը ուրիշներուն չեն պատմեր, եւ կ’ընեն ինչ որ խոստացած էին ընել։

16. Երբ կայունութիւն կ’ունենանք, ինչպէ՞ս մենք մեզի եւ ուրիշներուն օգտակար կ’ըլլանք։

16 Կայունութիւն ունեցիր։ Ուրիշներուն վրայ լաւ ազդեցութիւն կ’ունենանք, եթէ Եհովային հնազանդ ըլլանք ամէն բանի մէջ եւ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հիման վրայ որոշումներ առնենք։ Երբ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրենք եւ Եհովային հանդէպ մեր հաւատքը զօրացնենք, ճշմարտութեան մէջ աւելի հաստատ պիտի մնանք։ Շուտով պիտի նկատենք սուտ ուսուցումները եւ սխալ գաղափարները, որոնք Եհովային սորվեցուցածներուն համաձայն չեն, եւ ատոնցմէ պիտի չազդուինք (Եփ. 4։14. Յակ. 1։6-8)։ Եհովային եւ իր խոստումներուն հանդէպ մեր հաւատքը մեզի պիտի օգնէ, որ հանդարտ մնանք երբ գէշ լուրեր առնենք (Սաղ. 112։7, 8)։ Ասկէ զատ, պիտի կարենանք նաեւ օգնել անոնց, որոնք նեղութիւններէ կ’անցնին (Ա. Թես. 3։2, 3

17. Երէցները ի՞նչ պէտք է ընեն ուրիշներուն օգնելու համար, որ իրենց հաւատքին մէջ կայուն մնան։

17 Երէցները պէտք է սովորութիւններու մէջ չափաւոր, գիտակից, կարգապահ եւ ճկուն ըլլան։ Անոնք ‘հաստատ կը բռնեն վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը’ եւ այսպիսով ուրիշներուն կ’օգնեն, որ իրենց հաւատքին մէջ զօրաւոր եւ կայուն մնան (Տիտ. 1։9. Ա. Տիմ. 3։1-3)։ Անոնք թէ՛ իրենց օրինակով եւ թէ որպէս հովիւ իրենց դերը կատարելով կ’օգնեն հրատարակիչներուն, որ կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ ըլլան, ծառայութեան ելլեն, եւ անձնական ուսումնասիրութիւն ընեն։ Երբ եղբայրներն ու քոյրերը կը մտահոգուին իրենց խնդիրներուն պատճառով, երէցները անոնց կը յիշեցնեն որ Եհովային վստահին եւ անոր խոստումներուն վրայ կեդրոնանան։

18. Ինչո՞ւ կ’ուզենք Եհովան փառաբանել եւ իրեն աւելի մօտենալ (տե՛ս նաեւ « Եհովային մօտենալու կերպ մը» տուփը)։

18 Եհովային հոյակապ յատկութիւնները նկատի առնելէ ետք, կրնանք Դաւիթ թագաւորին պէս ըսել. «Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը, իմ վէմս» (Սաղ. 144։1)։ Եհովան մի՛շտ մեր վստահութեան արժանի է։ Մեր կեանքին ընթացքին, նոյնի՛սկ երբ ծերանանք, կրնանք վստահ ըլլալ թէ ան պիտի շարունակէ մեզի օգնել, որ իրեն մօտիկ մնանք։ Եւ իրապէս կրնանք ըսել. «Անիկա իմ Վէմս է» (Սաղ. 92։14, 15

ԵՐԳ 133 Աստուա՛ծ փնտռեցէք, որպէսզի փրկուիք

a ՆԿԱՐ. Թագաւորութեան սրահին մէջ քոյր մը հանգիստ կը զգայ երկու երէցներու մօտենալու ու խօսելու։