Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 25

ԵՐԳ 23 Եհովան մեր զօրութիւնն է

Յիշէ որ Եհովան «ապրող Աստուածն է»

Յիշէ որ Եհովան «ապրող Աստուածն է»

«Տէրը կ’ապրի՛» (ՍԱՂ. 18։46, ԱԾ

ՆԻՒԹ

Մենք շատ կ’օգտուինք, երբ մեր միտքը բերենք որ մեր պաշտած Աստուածը՝ «ապրող Աստուածն» է։

1. Ի՞նչը Եհովային ժողովուրդին կ’օգնէ, որ շարունակեն զինք պաշտել հակառակ խնդիրներուն։

 ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ կ’ըսէ, որ մենք «դժուար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք (Բ. Տիմ. 3։1,ՆԹ)։ Սատանային այս չար աշխարհին մէջ բոլոր մարդիկ դժուարութիւններէ կ’անցնին, բայց ատոնցմէ զատ, Եհովային ժողովուրդը նաեւ կը հալածուի, քանի որ Եհովային կը ծառայէ։ Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ, որ շարունակենք Եհովան պաշտել՝ հակառակ դժուարութիւններուն։ Գլխաւոր բաներէն մէկը այդ է, որ մեր կեանքին մէջ զգացած ենք Եհովային օգնութիւնը, եւ գիտենք որ ինք «ապրող Աստուածն» է (Եր. 10։10, ԱԾ. Բ. Տիմ. 1։12

2. Եհովան ի՞նչ իմաստով ապրող Աստուածն է։

2 Եհովան իրական անձ մըն է, որ կը տեսնէ մեր դժուարութիւնները եւ միշտ կ’ուզէ մեզի օգնել (Բ. Մն. 16։9. Սաղ. 23։4)։ Եւ քանի որ զինք կը նկատենք որպէս ապրող Աստուածը, ասիկա կրնայ մեզ զօրացնել, որ որեւէ դժուարութեան տոկանք։ Նկատի առնենք Դաւիթ թագաւորին պարագան։

3. Դաւիթ ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ որ «Տէրը կ’ապրի՛»։

3 Դաւիթ կը ճանչնար Եհովան եւ կը վստահէր իրեն։ Երբ Սաւուղ թագաւոր եւ ուրիշներ փորձեցին Դաւիթը սպաննել, ան Եհովայէն օգնութիւն խնդրեց (Սաղ. 18։6)։ Երբ Աստուած իր աղօթքին պատասխանեց եւ զինք ազատեց, Դաւիթ ըսաւ. «Տէրը կ’ապրի՛» (Սաղ. 18։46, ԱԾ)։ Դաւիթ այս խօսքով ըսել չէր ուզեր, որ Եհովան պարզապէս գոյութիւն ունի։ Աստուածաշունչը բացատրող գիրք մը կ’ըսէ, որ Դաւիթ այս խօսքով ըսել կ’ուզէր թէ իրեն համար Եհովան «ապրող Աստուած մըն է, որ միշտ գործի կ’անցնի իր ժողովուրդին օգնելու համար»։ Այո, Դաւիթ փորձառութեամբ գիտէր, թէ Եհովան ապրող Աստուած է, գիտէ թէ ինք ինչերէ կ’անցնի, եւ միշտ պատրաստ է իրեն օգնելու։ Ասիկա Դաւիթը քաջալերեց, որ շարունակէ Եհովային ծառայել եւ զինք փառաբանել (Սաղ. 18։28, 29, 49

4. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, եթէ Եհովան ապրող Աստուածը նկատենք։

4 Երբ համոզուինք թէ Եհովան ապրող Աստուածն է, ասիկա մեզի տարբեր կերպերով կ’օգնէ։ Ատիկա կրնայ մեզի օգնել որ նախանձախնդրութեամբ իրեն ծառայենք, զօրութիւնը կու տայ որ նեղութիւններու տոկանք, եւ մեզ կը մղէ որ շարունակենք ծառայութեան մէջ շատ ջանք թափել։ Ասոնցմէ զատ, ատիկա մեզի կ’օգնէ, որ Եհովային մօտիկ մնանք։

ԱՊՐՈՂ ԱՍՏՈՒԱԾԸ ՔԵԶ ՊԻՏԻ ԶՕՐԱՑՆԷ

5. Ի՞նչ բան կը ձգէ որ Եհովային վստահինք, երբ նեղութիւններ ունենանք (Փիլիպպեցիս 4։13

5 Եթէ յիշենք որ Եհովան ապրող Աստուած է եւ միշտ կրնայ մեզի օգնել, պիտի կարենանք որեւէ նեղութեան տոկալ, ըլլայ պզտիկ՝ կամ մեծ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ չկայ դժուարութիւն մը, որ Եհովան չի կրնար լուծել։ Ան Ամենակարող Աստուածն է, եւ կրնայ մեզի զօրութիւն տալ որ դիմանանք (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։13)։ Ուրեմն, զօրաւոր պատճառներ ունինք որ Եհովային վստահինք։ Եւ երբ տեսնենք, թէ Եհովան մեզի կ’օգնէ պզտիկ նեղութիւններուն մէջ, կը համոզուինք որ ան մեծ նեղութիւններուն մէջ ալ մեզի պիտի օգնէ։

6. Երբ Դաւիթ պատանի էր, ո՞ր փորձառութիւնները Եհովային հանդէպ իր վստահութիւնը զօրացուցին։

6 Նկատի առ երկու դէպքեր, որոնք Եհովային հանդէպ Դաւիթին վստահութիւնը աւելցուցին։ Երբ ան պատանի հովիւ մըն էր, անգամ մը արջ մը, եւ ուրիշ անգամ ալ առիւծ մը, իր հօրը ոչխարներուն վրայ յարձակեցան։ Երկու առիթներուն ալ, Դաւիթ արջին եւ առիւծին ետեւէն վազեց եւ ազատեց յափշտակուած ոչխարները։ Բայց ան բնաւ չըսաւ որ ասիկա իր ուժովը ըրաւ, քանի որ գիտէր թէ Եհովան էր որ իրեն օգնեց (Ա. Թագ. 17։34-37)։ Դաւիթ բնաւ չմոռցաւ այս փորձառութիւնները։ Հապա անոնց վրայ խոկալով իր վստահութիւնը աւելցաւ, որ ապրող Աստուածը ապագային ալ զինք պիտի զօրացնէր։

7. Դաւիթ ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնացաւ, եւ ասիկա իրեն ինչպէ՞ս օգնեց որ Գողիաթին դէմ կռուի։

7 Յետագային, երբ Դաւիթ տակաւին քսան տարեկան չէր եղած, ան այցելեց իսրայէլի բանակավայրը։ Հոն տեսաւ որ զինուորները իրենց վախէն կը դողային, քանի որ Գողիաթ անունով հսկայ փղշտացի մը, եկած էր եւ ‘Իսրայէլի գունդերը կը նախատէր’ (Ա. Թագ. 17։10, 11)։ Զինուորները կը վախնային, քանի որ կը կեդրոնանային Գողիաթին եւ անոր խօսած վախնալիք բաներուն վրայ (Ա. Թագ. 17։24, 25)։ Բայց Դաւիթ հարցը ուրիշ անկիւնէ դիտեց։ Դաւիթ սեպեց որ Գողիաթը ո՛չ թէ իսրայէլի զօրքերը ծաղր կ’ընէր, հապա՝ «ապրող Աստուծոյն» զօրքերը (Ա. Թագ. 17։26, ԱԾ)։ Դաւիթ կեդրոնացած էր Եհովային վրայ։ Ան վստահ էր, որ ճիշդ ինչպէ՛ս որ Եհովան իրեն օգնած էր, երբ ինք հովիւ էր, ան այս պարագային ալ իրեն պիտի օգնէր։ Ասիկա զինք մղեց որ Գողիաթին դէմը ելլէ, եւ անշուշտ անոր յաղթեց (Ա. Թագ. 17։45-51

8. Ի՞նչ բան մեր վստահութիւնը կ’աւելցնէ, որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

8 Մենք ալ կրնանք յաջողութեամբ դիմագրաւել դժուարութիւնները, եթէ յիշենք որ ապրող Աստուածը պատրաստ է մեզի օգնելու (Սաղ. 118։6)։ Կրնանք մեր վստահութիւնը աւելցնել, նկատի առնելով թէ ան անցեալին ի՛նչ ըրած է մեզի համար։ Կարդա՛ Աստուածաշունչէն դէպքեր, որոնք քեզի կը յիշեցնեն թէ Եհովան ինչպէ՛ս ազատած է զինք պաշտողները (Եսա. 37։17, 33-37)։ Նաեւ, կարդա՛ կամ դիտէ jw.org կայքին վրայ նիւթեր, որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեր եղբայրներուն օգնած է մեր օրերուն։ Ասկէ զատ, յիշէ այն ժամանակները երբ Եհովային ձեռքը զգացած ես կեանքիդ մէջ։ Բայց թերեւս կը զգաս որ Եհովան կեանքիդ մէջ զարմանալի բան մը չէ ըրած, ինչպէս՝ քեզ ազատել արջէ մը կամ առիւծէ մը։ Բայց իրականութիւնը այն է, որ Եհովան շա՜տ բաներ ըրած է քեզի համար։ Ան քեզ հրաւիրած է, որ իր բարեկամը ըլլաս (Յովհ. 6։44)։ Նոյնիսկ հիմա, իր շնորհիւ է որ դուն տակաւին ճշմարտութեան մէջն ես։ Իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ, որ յիշես այն վայրկեանները, երբ ան պատասխանած է քու աղօթքներուդ, եւ քեզի տուած է ճիշդ պէտք եղած բանը, կամ քեզի օգնած է դժուար պարագայի մը մէջ։ Այսպիսի փորձառութիւններու վրայ խոկալը պիտի աւելցնէ քու համոզումդ, թէ Եհովան պիտի շարունակէ քեզի օգնել։

Մեր նեղութիւնները կապ ունին շատ աւելի կարեւոր հարցի մը հետ (տե՛ս պարբերութիւններ 8-9)


9. Ի՞նչ պէտք է յիշենք երբ նեղութիւններէ կ’անցնինք (Առակաց 27։11

9 Եհովային ապրող Աստուած մը ըլլալը մեզի կ’օգնէ, որ ճիշդ աչքով նայինք մեր նեղութիւններուն։ Ինչպէ՞ս։ Կը սկսինք տեսնել թէ մեր նեղութիւնները կապ ունին Եհովային եւ Սատանային միջեւ եղած շատ աւելի կարեւոր հարցին հետ։ Բանսարկուն կ’ըսէ, որ երբ նեղութիւններ ունենանք Եհովային կռնակ պիտի դարձնենք (Յոբ 1։10, 11. կարդա՛ Առակաց 27։11)։ Բայց երբ նեղութիւններու մէջ Եհովային հաւատարիմ մնանք, իրեն ցոյց կու տանք թէ զինք կը սիրենք, եւ կը փաստենք որ Բանսարկուն ստախօս է։ Ուրեմն, եթէ կառավարութեան կողմէ կը հալածուիս, դրամական նեղութիւններ կ’ունենաս, մարդիկ մտիկ չեն ըներ քարոզած բարի լուրիդ, կամ ուրիշ նեղութենէ մը կ’անցնիս, յիշէ որ ասիկա առիթ մըն է, որ Եհովային սիրտը ուրախացնես։ Նաեւ յիշէ, թէ ան բնաւ պիտի չձգէ որ կարողութենէդ աւելի փորձուիս (Ա. Կոր. 10։13)։ Ան քեզի զօրութիւնը պիտի տայ որ դիմանաս։

ԱՊՐՈՂ ԱՍՏՈՒԱԾԸ ՔԵԶ ՊԻՏԻ ՎԱՐՁԱՏՐԷ

10. Ապրող Աստուածը զինք պաշտողներուն ի՞նչ պիտի ընէ։

10 Եհովան կը վարձատրէ անոնք, որոնք զինք կը պաշտեն (Եբ. 11։6)։ Ան մեզի հիմա իսկ կու տայ խաղաղութիւն եւ գոհունակութիւն, իսկ ապագային յաւիտենական կեանք պիտի տայ։ Կրնանք մեր յոյսը Եհովային վրայ դնել համոզուած ըլլալով, որ ան թէ՛ փափաքը եւ թէ զօրութիւնը ունի մեզ վարձատրելու։ Եւ ատոր համար մենք կը շարունակենք իր պաշտամունքին մէջ զբաղած մնալ, ինչպէ՛ս որ անցեալի իր հաւատարիմ ծառաները ըրին։ Տիմոթէոսը ճիշդ ասիկա է որ ըրաւ առաջին դարուն (Եբ. 6։10-12

11. Տիմոթէոսը ինչո՞ւ ծանր աշխատեցաւ ժողովքին մէջ (Ա. Տիմոթէոս 4։10

11 Կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։10։ Տիմոթէոս իր յոյսը դրաւ ապրող Աստուծոյ վրայ։ Ասոր համար, ան ծանր աշխատեցաւ Եհովային եւ ուրիշներուն համար։ Ան ի՞նչ բաներ ըրաւ։ Պօղոս առաքեալը զինք քաջալերեց, որ աւելի լաւ ուսուցիչ ըլլայ թէ՛ ծառայութեան մէջ եւ թէ ժողովքին մէջ։ Ան Նաեւ Տիմոթէոսին ըսաւ, որ լաւ օրինակ ըլլայ եղբայրներուն, ըլլան անոնք տարիքով պզտիկ կամ մեծ։ Ասկէ զատ, Տիմոթէոսը ունէր կարգ մը դժուար նշանակումներ։ Անոնցմէ մէկն էր՝ ուրիշներուն ուղղակի խրատ տալ, որ միեւնոյն ատեն սիրալիր է (Ա. Տիմ. 4։11-16. Բ. Տիմ. 4։1-5)։ Տիմոթէոս վստահ էր, որ նոյնիսկ եթէ ուրիշներ չտեսնէին կամ չգնահատէին ինչ որ ինք կ’ընէր, Եհովան զինք պիտի վարձատրէր (Հռով. 2։6, 7

12. Երէցները ինչո՞ւ կը շարունակեն ծանր աշխատիլ ժողովքին մէջ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

12 Ներկայիս, երէցներն ալ կրնան վստահ ըլլալ, որ Եհովան կը տեսնէ եւ կ’արժեւորէ իրենց ըրած լաւ գործերը։ Շատ մը երէցներ, ժողովքը հովուելէ, սորվեցնելէ, եւ քարոզելէ զատ, կ’օգնեն շինարարական ծրագիրներուն մէջ եւ երբ աղէտներ հարուածեն։ Ուրիշներ կը ծառայեն Հիւանդներու այցելող խմբակներու կամ Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբերու մէջ։ Այս երէցները գիտեն, որ ժողովքը Եհովային կը պատկանի եւ ո՛չ թէ՝ մարդու մը։ Ատոր համար, անոնք իրենց նշանակումներուն մէջ ծանր կ’աշխատին, եւ լման վստահութիւն ունին, որ Աստուած զիրենք պիտի վարձատրէ իրենց ըրածներուն համար (Կող. 3։23, 24

Ապրող Աստուածը քեզ պիտի վարձատրէ, մինչ ծանր կ’աշխատիս ժողովքին համար (տե՛ս պարբերութիւններ 12-13)


13. Եհովան ի՞նչ կը զգայ երբ իրեն համար բան մը կ’ընենք։

13 Ամէն մարդ չի կրնար երէց ըլլալ։ Բայց բոլորս կրնա՛նք բան մը տալ Եհովային։ Եհովան կ’արժեւորէ, երբոր մենք մեր լաւագոյնը կ’ընենք իրեն ծառայելու համար։ Ան կը տեսնէ, երբ նուիրատուութիւններ կ’ընենք համաշխարհային գործին համար, նոյնիսկ եթէ մեր տուածը չնչին է։ Ան կ’ուրախանայ, երբ մեր ձեռքը բարձրացնելով ժողովներուն պատասխան կու տանք, հակառակ անոր որ կ’ամչնանք։ Ասկէ զատ, իր սիրտը կ’ուրախացնենք երբ ուրիշներուն յանցանքները կը ներենք։ Նոյնիսկ եթէ կը զգաս, որ Եհովային չես կրնար տալ որքա՛ն որ կ’ուզես տալ, վստահ եղիր որ Եհովան կ’արժեւորէ ի՛նչ որ կրնաս տալ։ Ան քեզ կը սիրէ եւ քեզ պիտի վարձատրէ (Ղուկ. 21։1-4

ԱՊՐՈՂ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԻԿ ՄՆԱ՛

14. Եհովային մօտիկ մնալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ հաւատարիմ մնանք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

14 Եթէ Եհովան մեզի համար իրական է, իրեն հաւատարիմ մնալը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ։ Յովսէփին պարագան այս էր։ Քանի որ Եհովան իրեն համար իրական էր եւ ինք չէր ուզեր Եհովան նեղացնել, ան հաստատ կերպով մերժեց անբարոյութիւն գործել (Ծն. 39։9)։ Որպէսզի Եհովան մեզի համար ալ իրական ըլլայ, պէտք է որ ժամանակ յատկացնենք իրեն աղօթելու եւ իր Խօսքը սերտելու համար։ Եւ այսպէս իրեն հետ մեր բարեկամութիւնը պիտի աճի։ Երբ մենք ալ Յովսէփին պէս Եհովային մտերիմ բարեկամը ըլլանք, բնաւ պիտի չընենք բան մը որ զինք կը նեղացնէ (Յակ. 4։8

Ապրող Աստուծոյ մօտենալը քեզի պիտի օգնէ որ հաւատարիմ մնաս (տե՛ս պարբերութիւններ 14-15)


15. Իսրայէլացիներէն ի՞նչ կը սորվինք (Եբրայեցիս 3։12

15 Անոնք, որոնք կը մոռնան որ Եհովան ապրող Աստուածն է, շատ դիւրութեամբ կրնան իրմէ հեռանալ։ Նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ իսրայէլացիներուն հետ, երբ անապատին մէջ էին։ Անոնք գիտէին որ Եհովան գոյութիւն ունի, բայց սկսան կասկածիլ, եթէ ան իրենց պէտքերուն հոգ պիտի տանի կամ ոչ։ Անոնք նոյնիսկ հարցուցին. «Արդեօք Տէրը մեր մէ՞ջ է» (Ել. 17։2, 7)։ Այս պատճառաւ ալ, անոնք Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան։ Վստահաբար, չենք ուզեր անոնց գէշ օրինակին հետեւելով Եհովային հանդէպ անհնազանդ գտնուիլ (կարդա՛ Եբրայեցիս 3։12

16. Ի՞նչ բան կրնայ մեր հաւատքը փորձի տակ դնել։

16 Աշխարհը շատ կը դժուարացնէ որ մենք Եհովային մօտիկ մնանք։ Շատեր կը մերժեն Աստուծոյ գոյութիւնը։ Իսկ շատ անգամ, այնպէս կը թուի թէ անոնք, որոնք Աստուծոյ պահանջները կը մերժեն, կեանքի մէջ կը յաջողին։ Երբ ասիկա տեսնենք, մեր հաւատքը կրնայ փորձուիլ։ Թէեւ Աստուծոյ գոյութիւնը չմերժենք, բայց թերեւս սկսինք կասկածիլ եթէ ան մեզի պիտի օգնէ կամ ոչ։ 73–րդ սաղմոսը գրողն ալ ժամանակ մը այսպէս զգաց։ Ան տեսաւ որ իր շուրջինները Աստուծոյ օրէնքները կ’անտեսէին եւ տակաւին իրենց կեանքին մէջ յաջողութիւն կը գտնէին։ Ասոր պատճառաւ ան սկսաւ կասկածիլ, եթէ կ’արժէ Աստուծոյ ծառայել կամ ոչ (Սաղ. 73։11-13

17. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ Եհովային մօտիկ մնանք։

17 Ի՞նչը օգնեց այս սաղմոսը գրողին, որ իր մտածելակերպը շտկէ։ Ան խոկաց թէ ի՛նչ պիտի պատահի անոնց, որոնք այլեւս Եհովային չեն վստահիր (Սաղ. 73։18, 19, 27)։ Ան նաեւ մտածեց, թէ Եհովային ծառայելուն օգուտները ի՛նչ են (Սաղ. 73։24)։ Մենք ալ կրնանք խոկալ Եհովային տուած օրհնութիւններուն վրայ, եւ երեւակայել թէ առանց Եհովային մեր կեանքը ի՛նչպէս պիտի ըլլար։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ հաւատարիմ մնանք, եւ սաղմոսը գրողին պէս ըսենք. «Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի» (Սաղ. 73։28

18. Ինչո՞ւ կրնանք ապագայէն չվախնալ։

18 Այս վերջին օրերուն ընթացքին կրնանք որե՛ւէ դժուարութիւն դիմագրաւել, քանի որ ‘ապրող ու ճշմարիտ Աստուծոյ կը ծառայենք’ (Ա. Թես. 1։9, ԱԾ)։ Մեր Աստուածը իրական անձ մըն է, որ զինք պաշտողներուն կ’օգնէ։ Անցեալին, ան ցոյց տուաւ որ իր ծառաներուն հետն էր, եւ ներկայիս ալ մե՛զի հետ է։ Շուտով պիտի դիմագրաւենք երկրի վրայ տեղի ունենալիք մեծագոյն նեղութիւնը։ Բայց մենք առանձին պիտի չըլլանք (Եսա. 41։10)։ Ուրեմն, վստահութեամբ ըսենք. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ» (Եբ. 13։5, 6

ԵՐԳ 152 Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը