Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամէն բան ունեցողին ի՞նչ կրնանք տալ եւ ինչո՞ւ

Ամէն բան ունեցողին ի՞նչ կրնանք տալ եւ ինչո՞ւ

«Ո՛վ մեր Աստուածը, քեզի գոհութիւն կու տանք ու քու փառաւորեալ անունդ կ’օրհնենք» (Ա. ՄՆ. 29։13

ԵՐԳԵՐ. 95, 58

1, 2. Եհովան ինչպէ՞ս առատաձեռնութեամբ կը վարուի մեզի հետ։

ԵՀՈՎԱՆ առատաձեռն Աստուած է։ Մեր բոլոր ունեցածները իրմէ են։ Ան երկրին բոլոր արժէքաւոր բաներուն Տէրն է, եւ զանոնք կը գործածէ, որպէսզի կեանքը գոյատեւէ (Սաղ. 104։13-15. Ան. 2։8)։ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ ատեններ Եհովան այս արժէքաւոր բաները գործածեց, որպէսզի հրաշքով ապահովէ իր ժողովուրդին պէտքերը։

2 Օրինակ, Եհովան 40 տարի անապատին մէջ մանանայ եւ ջուր ապահովեց իսրայէլ ազգին (Ել. 16։35)։ Այսպիսով, «անոնց բան մը չպակսեցաւ» (Նէ. 9։20, 21)։ Յետագային, Եհովան Եղիսէ մարգարէին կարողութիւն տուաւ, որպէսզի հաւատարիմ որբեւայրիի մը ունեցած քիչ մը իւղը շատցնէ։ Աստուծոյ տուած այս նուէրը որբեւայրիին օգնեց ոչ միայն իր պարտքերը գոցելու, հապա նաեւ բաւարար դրամ ունենալու, որ ինք ու իր տղաները ողջ մնան (Դ. Թագ. 4։1-7)։ Նաեւ Եհովային օգնութեամբ, Յիսուս հրաշքով ապահովեց ուտելիք եւ նոյնիսկ դրամ՝ պէտք եղած ատենը (Մատ. 15։35-38. 17։26

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Եհովան իր ուզած բանը կրնայ գործածել, որպէսզի իր ստեղծագործութեան թիկունք կանգնի։ Բայց ան նաեւ իր ծառաները կը քաջալերէ, որ իրե՛նց նիւթական բաները գործածեն, որպէսզի իր կազմակերպութեան գործին թիկունք կանգնին (Ել. 36։3-7. կարդա՛ Առակաց 3։9)։ Եհովան ինչո՞ւ կ’ակնկալէ որ մեր ստացուածքները գործածենք, որ մեր կարգին իրեն բան մը տանք։ Անցեալին, Եհովայի հաւատարիմ ծառաները ինչպէ՞ս նիւթապէս թիկունք կանգնեցան իր ժողովուրդին գործունէութիւններուն։ Ներկայիս, կազմակերպութիւնը ինչպէ՞ս կը գործածէ նուիրատուութեան դրամները։ Այս յօդուածը պիտի պատասխանէ այս հարցումներուն։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿՈՒ ՏԱՆՔ ԵՀՈՎԱՅԻՆ

4. Ի՞նչ կը ցուցնենք Եհովային երբ իր գործին թիկունք կը կանգնինք։

4 Եհովա Աստուծոյ կու տանք, քանի որ զինք կը սիրենք ու կը գնահատենք։ Շատ կը զգացուինք երբ կը մտածենք բոլոր այն բաներուն մասին, որ Եհովան մեզի համար ըրած է։ Դաւիթ թագաւոր այսպէս զգաց, երբ բացատրեց թէ ի՛նչ բաներու պէտք կար տաճարը շինելու համար։ Ան ըսաւ որ մեր ստացած բոլոր բաները Եհովայէն են, եւ թէ անոնցմէ է որ կու տանք իրեն (կարդա՛ Ա. Մնացորդաց 29։11-14

5. Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ որ մեր պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասն է՝ անձնազոհ կերպով տալը։

5 Տալը նաեւ մեր պաշտամունքին մէկ մասն է։ Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքով մը տեսաւ, թէ Եհովային երկնային ծառաները կ’ըսեն. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան» (Յայտ. 4։10բ)։ Չե՞ս համաձայնիր որ Եհովան արժանի է ամէն փառքի ու պատիւի։ Ասոր համար կ’ուզենք մեր լաւագոյնը տալ իրեն։ Եհովան Մովսէսին միջոցաւ պատուիրեց իսրայէլ ազգին, որ տարին երեք տօն տօնէ։ Այդ տօներուն իրենց ըրած պաշտամունքին մաս կը կազմէր Եհովային տալը։ Ժողովուրդը պէտք չէր ‘Տէրոջը առջեւ ձեռքը պարապ ելլէր’ (Բ. Օր. 16։16)։ Այսօր ալ, մեր պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասն է՝ անձնազոհ կերպով տալը։ Այսպիսով, կը ցուցնենք որ կ’արժեւորենք եւ կը գնահատենք Եհովայի կազմակերպութեան գործը։

6. Մեզի համար ինչո՞ւ լաւ է տալը (տե՛ս բացման նկարը)։

6 Մեզի համար լաւ է որ առատաձեռնութեամբ տանք եւ ոչ թէ միայն ստացող ըլլանք (կարդա՛ Գործք 20։35)։ Երեւակայէ պզտիկ մը որ իր ծնողքին տուած քիչ մը դրամէն նուէր մը կ’առնէ անոնց։ Ծնողքը շա՜տ կը գնահատէ այդ նուէրը։ Կամ երեւակայէ ռահվիրայ մը որ իր ծնողքին հետ կ’ապրի եւ իր ծնողքին չնչին գումար մը կու տայ, որպէսզի տան ծախսերուն օգնէ։ Թէեւ ծնողքը ասիկա չեն ակնկալեր, բայց այս նուէրները կ’ընդունին, քանի որ ատոնցմով զաւակը իր գնահատանքը կը յայտնէ իրենց ըրած բոլոր բաներուն համար։ Նմանապէս, Եհովան գիտէ թէ մեզի համար լաւ է որ մեր ստացուածքներէն տանք։

ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՆԵՐԸ ԿՈՒ ՏԱՅԻՆ

7, 8. Անցեալին, Եհովայի ժողովուրդը ինչպէ՞ս օրինակ ձգեց՝ ա) նուիրատուութիւն ընելով որոշ ծրագիրներու համար, բ) նիւթական օգնութիւն տալով առաջնորդութիւն առնողներուն։

7 Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ Եհովայի ժողովուրդը նուիրատուութիւններ տուաւ, Իր գործին թիկունք կանգնելու համար։ Ատեններ անոնք որոշ ծրագիրներու համար տուին իրենց ունեցածէն։ Օրինակ, Մովսէս իսրայէլացիները քաջալերեց, որ նուիրատուութիւն ընեն խորանին շինութեան համար, իսկ Դաւիթ թագաւոր նոյնը քաջալերեց տաճարին շինութեան համար (Ել. 35։5. Ա. Մն. 29։5-9)։ Յովաս թագաւորին օրերուն, քահանաները ժողովուրդին տուած դրամներով Եհովային տունը նորոգեցին (Դ. Թագ. 12։4, 5)։ Առաջին դարուն, երբ քրիստոնեաները գիտցան որ Հրէաստանին մէջ սով կար եւ եղբայրները օգնութեան պէտք ունէին, ամէն մէկը որոշեց իր կարողութեան համեմատ օգնութիւն ղրկել եղբայրներուն (Գործք 11։27-30

8 Նաեւ, Եհովայի ժողովուրդը նիւթական օգնութիւն տուաւ իր գործին մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն։ Օրինակ, Մովսիսական օրէնքին տակ, ղեւտացիները միւս ցեղերուն պէս ժառանգութիւն չստացան։ Փոխարէն, իսրայէլացիները իրենց տասանորդ կու տային, եւ այսպիսով կրնային կեդրոնանալ խորանին մէջ իրենց ծառայութեան վրայ (Թւ. 18։21)։ Նմանապէս, առատաձեռն կիներ իրենց ունեցածը գործածեցին՝ Յիսուսին եւ իր առաքեալներուն թիկունք կանգնելու (Ղուկ. 8։1-3

9. Անցեալին, նուիրատուութիւնները ուրկէ՞ կու գային։

9 Այդ նուիրատուութիւնները տարբեր աղբիւրներէ եկան։ Երբ իսրայէլացիները նուիրատուութիւն տուին խորանին համար, հաւանաբար տուին Եգիպտոսէն իրենց առածներէն (Ել. 3։21, 22. 35։22-24)։ Առաջին դարուն, կարգ մը քրիստոնեաներ իրենց ունեցածները ծախեցին, ինչպէս՝ դաշտեր կամ տուներ, եւ դրամը առաքեալներուն բերին։ Առաքեալները այդ դրամները բաժնեցին պէտք ունեցողներուն (Գործք 4։34, 35)։ Ուրիշներ կանոնաւորաբար դրամ մէկ կողմ կը դնէին, որպէսզի զայն գործածէին Եհովայի գործին թիկունք կանգնելու (Ա. Կոր. 16։2)։ Այսպիսով, թէ՛ մեծահարուստը եւ թէ շատ աղքատը կրնային բան մը տալ (Ղուկ. 21։1-4

ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՈՒ ՏԱՆՔ

10, 11. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային անցեալի առատաձեռն ծառաներուն նմանիլ։ բ) Ի՞նչ աչքով կը նայիս Թագաւորութեան գործին թիկունք կանգնելուն։

10 Ներկայիս, թերեւս պէտք ըլլայ որ մենք ալ որոշ ծրագիրի մը համար նուիրատուութիւն ընենք։ Օրինակ, թերեւս ժողովքդ կը ծրագրէ Թագաւորութեան սրահը նորոգել կամ նոր սրահ մը շինել։ Կամ թերեւս տեղական մասնաճիւղը պէտք ունի նորոգուելու։ Կրնանք նաեւ օգնել համաժողովին ծախսերը գոցելու։ Կամ թերեւս ուրիշ շրջանի մը մէջ մեր եղբայրները բնական աղէտի պատճառով մեր օգնութեան պէտք ունին։ Մեր նուիրատուութիւնները նաեւ թիկունք կը կանգնին միսիոնարներուն, մասնաւոր ռահվիրաներուն, շրջանային տեսուչներուն, ինչպէս նաեւ անոնց՝ որոնք կը ծառայեն կեդրոնատեղիին եւ մասնաճիւղերուն մէջ։ Անկասկած ժողովքդ ալ կանոնաւորաբար նուիրատուութիւններ կը ղրկէ, որպէսզի օգնէ համաժողովի սրահներ եւ Թագաւորութեան սրահներ շինելու աշխարհի չորս կողմը գտնուող եղբայրներուն համար։

11 Բոլորս կրնանք բան մը տալ, որպէսզի թիկունք կանգնինք այն գործին, որ Եհովային կազմակերպութիւնը կ’ընէ այս վերջին օրերուն ընթացքին։ Ընդհանրապէս չի գիտցուիր որ որոնք տուած են նուիրատուութիւնները։ Երբ Թագաւորութեան սրահին նուիրատուութեան տուփերուն մէջ դրամ դնենք կամ jw.org կայքին միջոցաւ նուիրատուութիւն ընենք, ուրիշին չենք գիտցներ թէ որքա՛ն տուինք։ Բայց թերեւս զգանք որ մեր դրած պզտիկ գումարները մասնաւոր արժէք մը չունին։ Իրականութիւնը այն է, թէ կազմակերպութեան ստացած նուիրատուութիւններուն մեծամասնութիւնը կու գայ բազմաթիւ պզտիկ գումարներէ, եւ ոչ թէ քանի մը մեծ գումարներէ։ Նոյնիսկ այն եղբայրները, որոնք շատ քիչ դրամ ունին, կը նմանին մակեդոնացի քրիստոնեաներուն, որոնք «ծանր աղքատութեան» մէջ ըլլալով հանդերձ աղաչեցին որ իրենց ունեցածէն տան, եւ առատաձեռնօրէն տուին (Բ. Կոր. 8։1-4

12. Կազմակերպութիւնը ինչպէ՞ս կը ջանայ նուիրատուութիւնները լաւագոյն կերպով գործածել։

12 Կառավարիչ մարմինը հաւատարմօրէն եւ իմաստունօրէն կը գործածէ նուիրատուութիւնները (Մատ. 24։45)։ Իր անդամները կ’աղօթեն որ լաւ որոշումներ առնեն, եւ ուշադրութեամբ կը ծրագրեն որ դրամը ինչպէս պիտի գործածուի (Ղուկ. 14։28)։ Սուրբ Գիրքի ժամանակներուն, նուիրատուութիւններուն հոգ տանող անձերը վստահ կ’ըլլային, որ ատոնք միայն Եհովային պաշտամունքին համար գործածուէին։ Օրինակ, Եզրաս Երուսաղէմ վերադարձաւ՝ իրեն հետ ունենալով պարսիկ թագաւորին տուած արժէքաւոր նուիրատուութիւնները, մէջը ըլլալով՝ ոսկի, արծաթ եւ ուրիշ բաներ, որոնք մեր օրերուն աւելի քան 100 միլիոն ամ. տոլար կ’արժեն։ Եզրաս սեպեց որ այս նուիրատուութիւնները նուէր են Եհովային։ Այս պատճառով, ան մասնայատուկ ցուցմունքներ տուաւ, որպէսզի նուիրատուութիւնները ապահովաբար անցնին վտանգաւոր շրջաններէ (Եզր. 8։24-34)։ Առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ դրամ հաւաքեց, որպէսզի Հրէաստանի աղքատ եղբայրներուն օգնէ։ Ան վստահ եղաւ որ դրամը տանողները ‘ո՛չ միայն Տէրոջը առջեւ, հապա մարդոց առջեւ ալ բարի բաներ ընելու հոգ պիտի տանէին’ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 8։18-21)։ Ներկայիս, մեր կազմակերպութիւնը Եզրասը եւ Պօղոսը ընդօրինակելով շատ ուշադրութեամբ կը գործածէ նուիրատուութիւնները։

13. Վերջերս կազմակերպութիւնը ինչո՞ւ կարգ մը փոփոխութիւններ ըրած է։

13 Կարգ մը ընտանիքներ կը սկսին տարբեր կերպով դրամ ծախսել, որպէսզի իրենց շահածէն աւելի չծախսեն։ Կամ անոնք կը նային թէ ինչպէ՛ս կրնան իրենց կեանքը պարզացնել եւ ծախսերը թեթեւցնել, որպէսզի Եհովային աւելի ծառայեն։ Եհովային կազմակերպութիւնն ալ նոյնը կ’ընէ։ Վերջին տարիներուն, շատ մը նոր ծրագիրներ եղած են եւ ատեններ՝ եկած դրամներէն աւելի դրամ ծախսուած է։ Ասոր համար, կազմակերպութիւնը կը նայի թէ ինչպէ՛ս կրնայ ծախսերը թեթեւցնել եւ գործը պարզացնել, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ բաներ իրագործէ ձեր տուած նուիրատուութիւններով։

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒԴ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ

Նուիրատուութիւններդ կ’օգնեն մեր համաշխարհային գործին (տե՛ս պարբերութիւն 14-16)

14-16. ա) Նուիրատուութիւններդ ի՞նչ բաներու կը գործածուին։ բ) Անձնապէս այդ կարգադրութիւններէն ինչպէ՞ս օգտուած ես։

14 Երկար տարիներէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ եղող կարգ մը անհատներ կ’ըսեն, որ հի՛մա որեւէ ժամանակէ աւելի հոգեւոր բաներ կը վայելենք։ Պահ մը մտածէ։ Այժմ ունինք jw.org կայքը եւ JW Հեռատեսիլի կայանը։ Շատ աւելի լեզուներով ունինք Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը։ 2014/2015–ին, «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը» բնաբանով եռօրեայ միջազգային համաժողովներ տեղի ունեցան աշխարհի չորս կողմը գտնուող 14 քաղաքներու ամենամեծ մարզադաշտերուն մէջ։ Ներկայ եղողները չափէ դուրս ուրախ էին։

15 Շատեր իրենց գնահատութիւնը արտայայտած են այն բաներուն նկատմամբ, որ Եհովայի կազմակերպութենէն կը ստանան։ Օրինակ, Ասիոյ մէջ ծառայող զոյգ մը գրեց. «Մեր նշանակումը պզտիկ քաղաքի մը մէջ է։ Ասոր համար, ատեններ մենք մեզ ամէն բանէ հեռու կը զգանք, եւ դիւրութեամբ կը մոռնանք Եհովայի գործին որքա՛ն մեծ ըլլալը։ Բայց երբ JW Հեռատեսիլի կայանին յայտագիրները կը դիտենք, կը յիշենք որ համաշխարհային եղբայրութեան մը կը պատկանինք։ Տեղացի եղբայրներն ու քոյրերը շատ կը սիրեն JW Հեռատեսիլի կայանը։ Շատ անգամներ կ’ըսեն որ ամսական յայտագիրը դիտելէ ետք՝ մօտիկ կը զգան Կառավարիչ մարմինի անդամներուն։ Անոնք հի՛մա որեւէ ժամանակէ աւելի հպարտ են, որ Աստուծոյ կազմակերպութեան կը պատկանին»։

16 Աշխարհին շուրջ, այժմ գրեթէ 2500 Թագաւորութեան սրահներ կը շինուին կամ հիմնականօրէն կը նորոգուին։ Երբ Հոնտուրասի մէջ ժողովք մը սկսաւ նոր Թագաւորութեան սրահ մը գործածել, ատոր անդամները ըսին. «Շատ ուրախ ենք որ Եհովային տիեզերական ընտանիքին կը պատկանինք եւ մեր հոյակապ համաշխարհային եղբայրութիւնը կը վայելենք։ Այս երկու բաները օգնեցին որ մեր շրջանին մէջ Թագաւորութեան սրահ ունենալու մեր երազը իրականանայ»։ Շատեր իրենց գնահատութիւնը արտայայտած են, երբ իրե՛նց լեզուով ստացած են Սուրբ Գիրքը եւ ուրիշ հրատարակութիւններ, երբ եղբայրներն ու քոյրերը իրենց օգնած են բնական աղէտէ մը ետք, կամ երբ իրենց թաղամասերուն մէջ տեսած են մեծ քաղաքներուն համար ծրագրուած վկայութեան եւ հանրային վկայութեան լաւ արդիւնքները։

17. Ինչպէ՞ս գիտենք որ ներկայիս Եհովան թիկունք կը կանգնի իր կազմակերպութեան։

17 Եհովայի վկայ չեղողներէն շատեր չեն կրնար հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս այս ամբողջ գործը կ’ընենք միայն կամաւոր նուիրատուութիւններով։ Երբ մեծ ընկերութեան մը տնօրէնը մեր տպարաններէն մէկը այցելեց, զարմացաւ որ ինչպէ՛ս ամբողջ գործը կը կատարուի կամաւորներու եւ կամաւոր նուիրատուութիւններու միջոցաւ, եւ առանց առիթներ կազմակերպելու որ դրամ հաւաքուի։ Ան ըսաւ որ մեր ըրածը անհաւատալի բան մըն է։ Մենք ալ կը համաձայնինք։ Գիտենք որ մեր ըրածը կարելի է միա՛յն քանի որ Եհովան թիկունք կը կանգնի գործին (Յոբ 42։2

ՄԵՐ ՏԱԼՈՒՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

18. ա) Ի՞նչ օրհնութիւններ կը ստանանք, երբ մեր ունեցածէն տանք Թագաւորութեան գործին համար։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք նոյն բանը սորվեցնել մեր զաւակներուն եւ նորեկներուն։

18 Եհովան մեզի կու տայ Թագաւորութեան մեծ գործին թիկունք կանգնելու պատիւը։ Ան մեզ կը վստահեցնէ որ եթէ ասիկա ընենք, մեզ պիտի օրհնէ (Մաղ. 3։10)։ Եհովան կը խոստանայ, թէ ան որ առատաձեռնութեամբ կու տայ, յաջողութիւն պիտի գտնէ (կարդա՛ Առակաց 11։24, 25)։ Տալը նաեւ կ’ուրախացնէ մեզ, քանի որ «աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Առանձնաշնորհում ունինք, որ մեր խօսքերով ու գործերով սորվեցնենք մեր զաւակներուն եւ նորեկներուն, թէ ինչպէ՛ս կրնան այս գործին մէջ բաժին բերել եւ բազմաթիւ օրհնութիւններ վայելել։

19. Այս յօդուածը ինչպէ՞ս քաջալերեց քեզ։

19 Մեր ամէն ունեցածը Եհովայէն է։ Երբ մեր կարգին իրեն բան մը տանք, կը ցուցնենք որ կը սիրենք զինք եւ կը գնահատենք ամէն ինչ որ մեզի համար ըրած է (Ա. Մն. 29։17)։ Երբ իսրայէլացիները նուիրատուութիւններ ըրին տաճարին շինութեան համար, անոնք «մատուցուած կամաւոր ընծաներուն համար ուրախացան, քանզի կամաւոր ընծան բոլոր սրտով մատուցանեցին Տէրոջը» (Ա. Մն. 29։9)։ Թող որ մենք ալ շարունակ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն ունենանք, Եհովային տալով ինչ որ արդէն իրմէ ստացած ենք։