Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը»

«Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը»

2018–ի տարուան համարը. «Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի» (ԵՍԱ. 40։31

ԵՐԳԵՐ. 152, 67

1. Ի՞նչ խնդիրներու առջեւ կ’ըլլանք, բայց Եհովան ինչո՞ւ ուրախ է իր հաւատարիմ ծառաներով (տե՛ս բացման նկարները)։

ԻՆՉՊԷՍ որ գիտէք, այս աշխարհին մէջ կեանքը դիւրին չէ։ Ձեզմէ շատեր լուրջ հիւանդութիւն ունին։ Ուրիշներ հոգ կը տանին իրենց տարիքոտ ազգականներուն, թէեւ անձամբ տարիքով պզտիկ չեն։ Ոմանք գլուխնին պատէ պատ կը զարնեն, որպէսզի իրենց ընտանիքին հիմնական պէտքերը ապահովեն։ Եւ գիտենք որ ձեզմէ շատեր ոչ թէ այս խնդիրներէն մէկը ունին, հապա քանի մը հատը։ Ասիկա կը սպառէ ժամանակդ, կորովդ եւ դրամդ։ Բայց լման վստահ ես որ Եհովան քեզի պիտի օգնէ եւ գիտես որ վիճակները պիտի լաւանան, քանի որ Ինք խոստացած է ասիկա։ Եհովան որքա՜ն ուրախ է հաւատքովդ։

2. Եսայի 40։29–ն ինչպէ՞ս կը քաջալերէ մեզ, բայց ի՞նչ լուրջ սխալ մը կրնանք ընել։

2 Ատեններ կը զգա՞ս որ ասկէ աւելի չես կրնար դիմանալ կեանքի ճնշումներուն։ Եթէ ա՛յո, մինակդ չես։ Անցեալին, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք ալ նոյնը զգացին (Գ. Թագ. 19։4. Յոբ 7։7)։ Բայց անոնք չյանձնուեցան, հապա՝ Եհովային տուած զօրութեան վստահեցան։ Անոնք յուսախաբ չեղան, քանի որ Աստուած ‘յոգնածին ոյժ կու տայ’ (Եսա. 40։29)։ Ցաւօք սրտի, ներկայիս՝ Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք կը կարծեն որ իրենց խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու լաւագոյն ձեւն է՝ ‘ճշմարտութենէն դադար առնել’։ Անոնց համար, Եհովային ծառայելը բեռ մըն է, եւ ոչ թէ օրհնութիւն։ Այս պատճառով, այլեւս Սուրբ Գիրքը չեն կարդար, ժողովի չեն երթար եւ ծառայութեան չեն ելլեր։ Սատանային ուզածը ճիշդ ասիկա է։

3. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք առիթ չտալ Ստանային որ մեզ տկարացնէ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Սատանան չ’ուզեր որ զօրաւոր ըլլանք, եւ շատ լաւ գիտէ որ Եհովային ծառայութեան մէջ շատ զբաղած ըլլալը կը զօրացնէ մեզ։ Ուրեմն, երբ ֆիզիքապէս եւ զգացականօրէն շատ յոգնած զգաս, կռնակդ մի՛ դարձներ Եհովային։ Ամէն ժամանակէ աւելի մօտեցիր իրեն, քանի որ քեզ պիտի «հաստատէ՛, զօրացնէ՛» (Ա. Պետ. 5։10. Յակ. 4։8)։ Այս յօդուածին մէջ Եսայի 40։26-31–էն պիտի սորվինք, որ Եհովան կարողութիւն ունի մեզ զօրացնելու։ Ետքը, նկատի պիտի առնենք երկու պարագաներ, որոնք կրնան մեզ դանդաղեցնել Եհովային ծառայութեան մէջ։ Նաեւ պիտի տեսնենք թէ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները գործադրելը ինչպէ՛ս կ’օգնէ մեզի որ դիմանանք։

ՏԷՐՈՋԸ ԱՊԱՒԻՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՈՒԺԸ ՊԻՏԻ ՆՈՐՈԳՈՒԻ

4. Ի՞նչ դաս կը սորվինք Եսայի 40։26–էն։

4 Կարդա՛ Եսայի 40։26։ Ո՛չ մէկը կրցած է տիեզերքին բոլոր աստղերը համրել։ Գիտնականները կ’ըսեն որ միայն Ծիր Կաթինին մէջ թերեւս 400 միլիառ աստղ կայ։ Պահ մը երեւակայէ. Եհովան ամէն մէկ աստղին անուն կու տայ։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Եթէ Եհովան անձնապէս կը հետաքրքրուի անկենդան աստղերով, ուրեմն ի՜նչ խոր զգացումներ ունի քեզի հանդէպ,– դուն որ իրեն կը ծառայես քանի որ զինք կը սիրես, եւ ոչ թէ քանի որ ստիպուած ես (Սաղ. 19։1, 3, 14)։ Մեր սիրելի Աստուածը ամէն բան գիտէ քու մասիդ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ ան ‘քու գլխուդ բոլոր մազերն ալ համրած է’ (Մատ. 10։30)։ Ան գիտէ թէ «արդարներուն օրերը» ինչպէ՛ս կ’անցնին (Սաղ. 37։18)։ Յստակ է թէ Եհովան կը տեսնէ ունեցած բոլոր խնդիրներդ, եւ կրնայ զօրութիւն տալ քեզի որ ամէն մէկ խնդրիդ հետ գլուխ ելլես։

5. Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան կրնա՛յ մեզ զօրացնել։

5 Կարդա՛ Եսայի 40։28։ Եհովան ամէն ուժի Աղբիւրն է։ Օրինակ, նկատի առ թէ ան որքա՛ն ոյժ կու տայ արեւուն։ Գիտութեան մասին գրող Տէյվիտ Պոտէնըս ըսաւ, թէ ամէն երկվայրկեան՝ արեւուն արտադրած ուժը հաւասար է միլիառաւոր հիւլէական ռումբերու ուժին։ Ուրիշ գիտնական մը հաշուեց, թէ միայն մէկ երկվայրկեանուան մէջ արեւուն արտադրած ուժը բաւարար է, որ ամբողջ մարդկութեան պէտքը գոցէ 200,000 տարի։ Անկասկած, արեւուն ոյժ տուող Աստուածը կրնայ մեզի պէտք եղած ուժը տալ, որպէսզի որեւէ խնդիրի հետ գլուխ ելլենք։

6. Յիսուսին լուծը ի՞նչ իմաստով քաղցր է, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեզի։

6 Կարդա՛ Եսայի 40։29։ Եհովային ծառայելը շատ կ’ուրախացնէ մեզ։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք», եւ աւելցուց. «Ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ» (Մատ. 11։28-30)։ Որքա՜ն ճիշդ է այս խօսքը։ Ատեններ շատ յոգնած կը զգանք, երբ տունէն ելլելով ժողովի երթանք կամ ծառայութեան ելլենք։ Բայց ինչպէ՞ս կը զգանք երբ վերադառնանք։ Թարմացած կը զգանք եւ աւելի պատրաստ կ’ըլլանք մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու։ Իրապէս ալ Յիսուսին լուծը քաղցր է։

7. Պատմէ փորձառութիւն մը, որ կը ցուցնէ թէ Մատթէոս 11։28-30–ին խօսքը ճիշդ է։

7 Նկատի առ քրոջ մը փորձառութիւնը։ Ան կը տառապի երկարատեւ յոգնութեան համախտանիշէ, ընկճուածութենէ եւ զօրաւոր գլխացաւէ։ Այս պատճառով, ատեններ իրեն համար շատ դժուար կ’ըլլայ ժողովի երթալ։ Բայց անգամ մը՝ երբ ջանք թափեց որ ժողովի երթայ, գրեց. «Դասախօսութիւնը յուսահատութեան մասին էր։ Տեղեկութիւնները այնքան կարեկցութեամբ ու հոգածութեամբ տրուեցան, որ արցունք իջաւ աչքերէս։ Եհովան ինծի յիշեցուց որ կարեւոր է որ ժողովներուն ներկայ ըլլամ»։ Քոյրը որքա՜ն ուրախ էր որ ժողովի գնաց։

8, 9. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ ըսել ուզեց երբ գրեց. «Երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ»։

8 Կարդա՛ Եսայի 40։30։ Նոյնիսկ եթէ շատ ձիրքեր ունինք, ամէն բան չենք կրնար ընել մե՛ր ուժով։ Բոլորս պէտք է ասիկա ըմբռնենք։ Թէեւ Պօղոս առաքեալ շատ մը բաներ կրնար ընել, բայց իր ամէ՛ն ուզածը չէր կրնար ընել։ Երբ իր հոգերը Աստուծոյ պատմեց, Աստուած իրեն ըսաւ. «Իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Պօղոս հասկցաւ կէտը, եւ ըսաւ. «Երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ» (Բ. Կոր. 12։7-10)։ Ի՞նչ ըսել ուզեց։

9 Պօղոս անդրադարձաւ որ ամէն բան չէր կրնար ընել իր ուժով։ Ան պէտք ունէր իրմէ աւելի զօրաւոր անձի մը օգնութեան։ Աստուծոյ սուրբ հոգին կրնար Պօղոսին զօրութիւն տալ երբ տկար ըլլար։ Ասկէ աւելին, սուրբ հոգին կրնար Պօղոսին պէտք եղած զօրութիւնը տալ, որ ընէ բաներ, որոնք իր անձնական ուժովը չէր կրնար ընել։ Մեր պարագան ալ նոյնն է։ Երբ Եհովան իր սուրբ հոգին մեզի տայ, իրապէս զօրաւոր պիտի ըլլանք։

10. Եհովան ինչպէ՞ս օգնեց Դաւիթին, որ իր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլէ։

10 Սաղմոսերգու Դաւիթ յաճախ զգաց սուրբ հոգիին զօրութիւնը։ Ան երգեց. «Քեզմով գունդի մը վրայ կ’արշաւեմ ու իմ Աստուծմովս պարիսպէ կ’անցնիմ» (Սաղ. 18։29)։ Կան պարիսպի նման խնդիրներ, որոնցմէ չենք կրնար «անցնիլ» մեր ուժով, կամ զանոնք առանձին լուծել. Եհովային օգնութեան պէտք ունինք։

11. Սուրբ հոգին ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի, որ մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք։

11 Կարդա՛ Եսայի 40։31։ Արծիւները միայն իրենց ուժով չեն թռիր։ Տաք օդի հոսանքը վեր կը բարձրացնէ արծիւը, թոյլ տալով որ երկար հեռաւորութիւններ կտրէ եւ իր ուժը խնայէ։ Ուրեմն, երբ դժուար խնդիրի մը առջեւ ըլլաս, արծիւը յիշէ։ Եհովային աղաչէ որ քեզ ‘վեր հանէ’ ‘մխիթարիչին՝ սուրբ հոգիին’ միջոցաւ (Յովհ. 14։26)։ Ուրախ ենք որ Եհովայէն կրնանք սուրբ հոգին խնդրել որեւէ ժամանակ որ պէտք ունենանք ատոր։ Եհովային օգնութեան շատ պէտք կրնանք ունենալ մանաւանդ երբ եղբօր մը կամ քրոջ մը հետ անհամաձայնութիւն ունենանք։ Բայց անհամաձայնութիւնները ինչո՞ւ կը պատահին։

12, 13. ա) Ինչո՞ւ անհամաձայնութիւններ կը պատահին քրիստոնեաներու միջեւ։ բ) Յովսէփին կեանքը ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։

12 Անհամաձայնութիւններ կը պատահին, քանի որ բոլորս անկատար ենք։ Պիտի ըլլան ժամանակներ որ ուրիշին ըսածը կամ ըրածը մեզ պիտի նեղացնէ, եւ պիտի ըլլան ժամանակներ, երբ ուրիշնե՛ր մեզմէ պիտի նեղանան։ Ասիկա կրնայ դժուար փորձ մը ըլլալ, բայց միեւնոյն ատեն առիթ կու տայ, որ Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը փաստենք։ Ինչպէ՞ս։ Սորվելով միաբանութեամբ աշխատիլ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ։ Եհովան զանոնք կը սիրէ հակառակ իրենց անկատարութիւններուն։ Մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։

Եհովան երեսի վրայ չձգեց Յովսէփը, ոչ ալ քե՛զ երեսի վրայ պիտի ձգէ (տե՛ս պարբերութիւն 13)

13 Եհովան արգելք չ’ըլլար որ իր ծառաները փորձուին։ Յովսէփին կեանքը ասիկա կը փաստէ։ Երբ ան պատանի էր, իր խորթ եղբայրները իրեն նախանձելով զինք Եգիպտոս ծախեցին որպէս ստրուկ (Ծն. 37։28)։ Եհովան ամբողջ պատահածը տեսաւ եւ անկասկած ցաւեցաւ, երբ տեսաւ թէ ինչպէս վարուեցան իր բարեկամին,– իր հաւատարիմ ծառային՝ Յովսէփին,– հետ։ Բայց Եհովան չմիջամտեց։ Յետագային, երբ Յովսէփին մասին սուտ խօսուեցաւ,– թէ ան փորձած էր Պետափրէսին կինը բռնաբարել,– եւ բանտ դրուեցաւ, Եհովան նորէն չմիջամտեց։ Բայց Եհովան օր մը օրանց երեսի վրայ ձգե՞ց Յովսէփը։ Ո՛չ. Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «Տէրը անոր հետ էր եւ անոր բոլոր ըրածները Տէրը կը յաջողցնէր» (Ծն. 39։21-23

14. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք երբ ‘դադրինք’ բարկութենէ։

14 Դաւիթ ուրիշ օրինակ մըն է։ Ներկայիս, քիչեր են որ համտեսած են այն գէշ վերաբերմունքը որ Դաւիթ համտեսեց։ Բայց Աստուծոյ այս բարեկամը չուզեց բարկութեամբ լեցուիլ։ Ան գրեց. «Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր։ Մի՛ նեղանար, որ չարութիւն ընել չփորձուիս» (Սաղ. 37։8)։ Ամէնէն կարեւոր պատճառը որ ‘դադարինք’ բարկութենէ այն է, թէ կ’ուզենք Եհովային նմանիլ, որ «մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի» (Սաղ. 103։10)։ Բայց բարկութենէ ‘դադարիլը’ ուրիշ գործնական օգուտներ ալ ունի։ Օրինակ, ջղայնութիւնը կը ձգէ որ մէկը արեան գերճնշում եւ շնչառութեան նեղութիւն ունենայ։ Ատիկա կրնայ վնասել լեարդին եւ շարոյրին (pancreas), ինչպէս նաեւ մարսողական խնդիրներ կը պատճառէ։ Երբ բարկանանք, ընդհանրապէս յստակօրէն չենք մտածեր։ Եւ ատեններ, մեր մէկ վայրկեանուան բարկութիւնը պատճառ կ’ըլլայ, որ մէկը վիրաւորենք եւ երկար ժամանակ ընկճուինք։ Շատ աւելի լաւ է որ հանդարտ մնանք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է» (Առ. 14։30)։ Ուրեմն, ի՞նչ կրնանք ընել երբ մէկը մեզ վիրաւորէ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք խաղաղութիւնը պահել մեր եղբօր հետ։ Կրնանք Սուրբ Գիրքին իմաստուն խրատը գործադրել։

ԵՐԲ ՄԵՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ՄԵԶ ՅՈՒՍԱԽԱԲ ԸՆԵՆ

15, 16. Ի՞նչ պէտք է ընենք երբ մէկը մեզ վիրաւորէ։

15 Կարդա՛ Եփեսացիս 4։26։ Չենք զարմանար երբ աշխարհային մարդիկ գէշ կերպով վարուին մեզի հետ։ Բայց երբ քոյր մը, եղբայր մը կամ ընտանիքի անդամ մը ըսէ կամ ընէ բան մը, որ մեզ խորապէս կը վիրաւորէ, շատ կը ցաւինք։ Եթէ չենք կրնար մոռնալ պատահածը, պիտի ձգե՞նք որ բարկութիւնը մեր մէջ մնայ տարիներով, թէ ոչ պիտի գործադրենք Սուրբ Գիրքին իմաստուն խրատը, որ շուտով հարցը լուծենք։ Որքա՛ն ուշ խօսինք դիմացինին հետ, այնքան դժուար պիտի ըլլայ խաղաղութիւն պահելը։

16 Հաշուէ թէ եղբայր մը քեզ վիրաւորեց եւ չես կրնար մոռնալ եղածը։ Ի՞նչ գործնական քայլեր կրնաս առնել որ խաղաղութիւնը պահես։ Առաջին, սրտանց աղօթէ Եհովային։ Իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ եղբօր հետ շինիչ կերպով խօսելու։ Յիշէ թէ ան ալ Եհովային մէկ բարեկամն է (Սաղ. 25։14)։ Աստուած զինք կը սիրէ։ Եհովան ազնուութեամբ կը վարուի իր բարեկամներուն հետ, եւ կ’ուզէ որ մենք ալ ազնուութեամբ վարուինք (Առ. 15։23. Մատ. 7։12. Կող. 4։6)։ Երկրորդ, լաւ մտածէ թէ ի՛նչ պիտի ըսես եղբօր։ Մի՛ ենթադրեր որ իր նպատակն էր քեզ վիրաւորել։ Թերեւս սխալմամբ եղաւ կամ դուն սխալ հասկցար անցուդարձը։ Եւ պատրաստ եղիր ընդունելու որ թերեւս դեր ունէիր հարցին մէջ։ Կրնաս խօսակցութիւնը սկսիլ այսպիսի բան մը ըսելով. «Թերեւս չափէ դուրս զգայուն կը վարուիմ, բայց երբ երէկ ինծի հետ խօսեցար, զգացի որ. . . »։ Եթէ խօսակցութիւնը ուզած արդիւնքդ չտայ, ուրիշ առիթով փորձէ խաղաղութիւնը պահել։ Մինչ այդ, եղբօր համար աղօթէ եւ Եհովայէն խնդրէ, որ զինք օրհնէ եւ քեզի օգնէ որ կեդրոնանաս անոր լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Ինչ ալ ըլլայ արդիւնքը, կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան ուրախ պիտի ըլլայ թափած անկեղծ ջանքերովդ, որ խաղաղութիւն ընես եղբօրդ հետ, որ Աստուծոյ բարեկամներէն մէկն է։

ԵՐԲ ՄԵՐ ԱՆՑԵԱԼԸ ՄԵԶ ԿԸ ՉԱՐՉԱՐԷ

17. Երբ լուրջ մեղք մը գործենք, Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, եւ ինչո՞ւ պէտք է իր օգնութիւնը ընդունինք։

17 Ոմանք կը զգան որ արժանի չեն Եհովային ծառայելու, քանի որ լուրջ մեղք մը գործած են։ Յանցաւոր ըլլալու զգացումը կրնայ մեր խաղաղութիւնը, ուրախութիւնը եւ ուժը տանիլ։ Դաւիթ թագաւոր յանցաւոր ըլլալու զգացումներ ունէր։ Ան ըսաւ. «Երբ մեղքերս չխոստովանեցայ, ոսկորներս մաշեցան ամէն օր աղաղակելովս, վասն զի ցորեկ ու գիշեր քու ձեռքդ իմ վրաս ծանրացաւ»։ Լաւ է որ Դաւիթ հոգեւոր անձի մը պէս խնդիրը լուծելու նայեցաւ։ Ան գրեց. «Իմ մեղքս քեզի յայտնեցի. . . ու դուն ներեցիր իմ մեղքիս անօրէնութիւնը» (Սաղ. 32։3-5)։ Եթէ լուրջ մեղք մը գործած ես, Եհովան պատրաստ է քեզի օգնելու որ իրեն հետ փոխյարաբերութիւնդ շտկես։ Բայց պէտք է ընդունիս այն օգնութիւնը, որ երէցներուն միջոցաւ կու տայ (Առ. 24։16. Յակ. 5։13-15)։ Ուրեմն ուշի մի՛ մնար. յաւիտենական կեանքդ ասկէ կախեալ է։ Բայց հաշուէ որ մեղքդ ներուելէն բաւական ետք տակաւին խիղճդ կը տանջէ։ Ի՞նչ պէտք է ընես։

18. Պօղոսին օրինակը ինչպէ՞ս կ’օգնէ անոնց, որոնք կը զգան թէ արժանի չեն Եհովային ծառայելու։

18 Կային ժամանակներ, երբ Պօղոս առաքեալ կը նեղանար անցեալին իր ըրած մեղքերուն պատճառով։ Ան ըսաւ. «Ես առաքեալներուն ամենէն յետինն եմ, որ արժանի ալ չեմ առաքեալ ըսուելու, վասն զի Աստուծոյ եկեղեցին հալածեցի»։ Բայց աւելցուց. «Միայն թէ Աստուծոյ շնորհքովն եմ՝ ինչ որ եմ» (Ա. Կոր. 15։9, 10)։ Եհովան Պօղոսը ընդունեց հակառակ իր անցեալի սխալներուն, եւ ուզեց որ Պօղոս ասիկա ըմբռնէ։ Եթէ դուն ալ անկեղծօրէն զղջացած ես ըրածներուդ վրայ եւ զանոնք խոստովանած ես Եհովային,– եւ երէցներուն՝ եթէ պէտք էր,– կրնա՛ս վստահ ըլլալ որ Եհովան պիտի ներէ քեզի։ Ուրեմն, հաւատա՛ որ Եհովան քեզի ներած է եւ իր ներումը ընդունէ՛ (Եսա. 55։6, 7

19. 2018–ի տարուան համարը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ տեղին է։

19 Մինչ կը մօտենանք այս աշխարհի վերջին, կրնանք ակնկալել որ մեր խնդիրները շատնան։ Բայց վստահ եղիր որ Եհովան՝ «յոգնածին ոյժ տուողը ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը», կրնայ ամէն պէտք եղածը տալ քեզի, որպէսզի շարունակես հաւատարմօրէն ծառայել իրեն (Եսա. 40։29. Սաղ. 55։22. 68։19, ՆԱ)։ 2018–ին ընթացքին, այս կարեւոր կէտը պիտի յիշենք ամէն անգամ որ ժողովի ներկայ ըլլանք Թագաւորութեան սրահին մէջ, եւ տարուան համարը տեսնենք. «Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի» (Եսա. 40։31