Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիշատակատօնը կը միացնէ Աստուծոյ ժողովուրդը

Յիշատակատօնը կը միացնէ Աստուծոյ ժողովուրդը

«Ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին» (ՍԱՂ. 133։1

ԵՐԳԵՐ. 149, 99

1, 2. 2018–ին, ո՞ր առիթը յատուկ կերպով պիտի միացնէ մեզ, եւ ինչո՞ւ (տե՛ս բացման նկարը)։

31 ՄԱՐՏ 2018–ին, աշխարհին չորս կողմը միլիոնաւոր մարդիկ ներկայ պիտի ըլլան առիթի մը, որ տարին մէկ անգամ տեղի կ’ունենայ։ Մինչ արեւը մայր կը մտնէ, Եհովայի վկաները եւ շատ մը ուրիշներ պիտի հաւաքուին, որպէսզի յիշեն Յիսուսին ըրած զոհը։ Ամէն տարի, Քրիստոսին մահուան Յիշատակատօնը որեւէ առիթէ աւելի հիանալի կերպով կը միացնէ մարդիկը երկրագունդին վրայ։

2 Անկասկած Եհովան եւ Յիսուս շա՜տ կ’ուրախանան, երբ ժամէ ժամ կը տեսնեն որ աշխարհին չորս կողմը միլիոնաւոր մարդիկ կ’երթան այս յատուկ առիթին։ Սուրբ Գիրքը մարգարէացաւ որ «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը [պիտի չկարենար] համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն», բարձրաձայն պիտի ըսէր. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին» (Յայտ. 7։9, 10)։ Ի՜նչ հոյակապ է որ ամէն տարի՝ Յիշատակատօնին, մեծ թիւով անհատներ կը փառաւորեն Եհովան եւ Յիսուսը իրենց ըրած մեծ բաներուն համար։

3. Այս յօդուածը ո՞ր հարցումներուն պիտի պատասխանէ։

3 Այս յօդուածը պիտի պատասխանէ այս չորս հարցումներուն. 1) Անձնապէս ինչպէ՞ս կրնանք Յիշատակատօնին համար պատրաստուիլ եւ ատկէ օգտուիլ, 2) Յիշատակատօնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդին որ միացած ըլլայ, 3) Անձնապէս ինչպէ՞ս կրնամ այդ միութիւնը պահել, 4) Յիշատակատօնը վերջ պիտի գտնէ՞, եւ եթէ ա՛յո՝ ե՞րբ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ ԵՒ ՕԳՏՈՒԻԼ

4. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Յիշատակատօնին ներկայ ըլլանք։

4 Մտածէ թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ Յիշատակատօնին ներկայ ըլլանք։ Պատճառներէն մէկը այն է, թէ ժողովները մեր պաշտամունքին մէկ մասն են։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան եւ Յիսուսը կը նկատեն, թէ ո՛վ ջանք կը թափէ, որ ներկայ ըլլայ տարուան այս ամէնէն կարեւոր ժողովին։ Մենք կ’ուզենք իրենց ցուցնել, թէ Յիշատակատօնին անպայման ներկայ պիտի ըլլանք, բացի եթէ բոլորովին անկարելի է։ Երբ մեր գործերով կը ցուցնենք թէ մեր ժողովները կարեւոր են մեզի համար, Եհովան յաւելեալ պատճառ մը կ’ունենայ, որ մեր անունը պահէ իր «յիշատակի գիրք»ին մէջ, որ նաեւ կը կոչուի՝ «կեանքի գիրք»։ Ատոր մէջ գրուած են բոլոր անոնց անունները, որոնց Եհովան կ’ուզէ յաւիտենական կեանք տալ (Մաղ. 3։16. Յայտ. 20։15

5. Ինչպէ՞ս կրնաս Յիշատակատօնէն առաջ ‘փորձել անձդ թէ հաւատքին մէ՞ջն ես’։

5 Յիշատակատօնէն առաջ եղող շաբաթներուն ընթացքին, կրնանք աւելի ժամանակ տրամադրել աղօթելու եւ ուշադրութեամբ մտածելու, թէ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը որքա՛ն զօրաւոր է (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 13։5)։ Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք»։ Ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Իրապէս կը հաւատա՞մ որ ասիկա միակ կազմակերպութիւնն է, որ Եհովան զատած է իր կամքը կատարելու համար։ Լաւագոյնս կ’ընե՞մ որ բարի լուրը քարոզեմ եւ սորվեցնեմ ուրիշներուն։ Գործերով կը փաստե՞մ որ իրապէս կը հաւատամ, թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք եւ թէ Սատանային իշխանութեան վերջը մօտ է։ Եհովային եւ Յիսուսին հանդէպ ունի՞մ այն նոյն վստահութիւնը, որ ունէի երբ կեանքս նուիրեցի Եհովա Աստուծոյ’ (Մատ. 24։14. Բ. Տիմ. 3։1. Եբ. 3։14)։ Այս հարցումներուն պատասխաններուն մասին մտածելը մեզի պիտի օգնէ, որ քննենք ճիշդ ինչպիսի անձ ըլլալնիս։

6. ա) Յաւիտենական կեանք ստանալու միակ կերպը ի՞նչ է։ բ) Ամէն տարի, երէց մը ինչպէ՞ս կը պատրաստուի Յիշատակատօնին համար, եւ ինչպէ՞ս կրնաս նման բան մը ընել։

6 Յիշատակատօնին նախապատրաստուելու համար կրնաս կարդալ եւ խոկալ այն յօդուածներուն վրայ, որոնք այս առիթին կարեւորութիւնը կը բացատրեն (կարդա՛ Յովհաննէս 3։16. 17։3)։ Յաւիտենական կեանք ստանալու միակ կերպն է՝ Եհովան ճանչնալ եւ իր Որդիին՝ Յիսուսին հաւատալ։ Կրնաս ուսումնասիրութեան ծրագիրներ դնել, որոնք քեզի պիտի օգնեն Եհովային եւ Յիսուսին աւելի մօտենալու։ Նկատի առ թէ երկա՜ր ժամանակէ ի վեր երէց եղող եղբայր մը ի՛նչ կ’ընէ։ Ան տարիներու ընթացքին հաւաքած է Դիտարան–ի յօդուածներ, որոնք կը խօսին Յիշատակատօնին մասին եւ Եհովային ու Յիսուսին ցուցուցած սիրոյն մասին։ Յիշատակատօնէն առաջ եղող շաբաթներուն ընթացքին, ան նորէն կը կարդայ այդ յօդուածները եւ կը խոկայ այս առիթին կարեւորութեան վրայ։ Ատեն–ատեն ան մէկ–երկու յօդուած կ’աւելցնէ այդ յօդուածներուն վրայ։ Այս երէցը նաեւ Յիշատակատօնին համար Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը նկատի կ’առնէ ու ատոր վրայ կը խոկայ։ Ան կ’ըսէ թէ այս բոլորը ընելով՝ նոր բաներ կը սորվի ամէն տարի։ Ամէնէն կարեւորը, ան կը զգայ թէ տարուէ տարի աւելի կը սիրէ Եհովան եւ Յիսուսը։ Նոյն կերպով ուսումնասիրելը կրնայ քու սէրդ եւ գնահատութիւնդ ալ աւելցնել Եհովային եւ Յիսուսին հանդէպ, եւ այսպիսով, աւելի պիտի օգտուիս Յիշատակատօնէն։

ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԸ ՄԵԶԻ Կ’ՕԳՆԷ ՄԻԱՑԱԾ ՄՆԱԼՈՒ

7. ա) Առաջին Տէրունական ընթրիքին գիշերը, Յիսուս ինչի՞ մասին աղօթեց։ բ) Ի՞նչը կը ցուցնէ որ Եհովան պատասխանած է Յիսուսին աղօթքին։

7 Առաջին Տէրունական ընթրիքին գիշերը, Յիսուս աղօթեց որ իր աշակերտները միացած ըլլան ճիշդ ինչպէս որ ինք ու իր Հայրը միացած են (կարդա՛ Յովհաննէս 17։20, 21)։ Եհովան անկասկած պատասխանած է իր սիրելի Որդիին այդ աղօթքին։ Յիշատակատօնը որեւէ ուրիշ ժողովէ աւելի կը փաստէ, որ Եհովայի վկաները միացած են։ Այդ օրը, աշխարհին չորս կողմը՝ տարբեր ազգերէ եւ ցեղերէ միլիոնաւոր մարդիկ կը հաւաքուին։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, մարդոց համար տարօրինակ է որ տարբեր ցեղերէ մարդիկ կրօնական հաւաքոյթ ընեն։ Ոմանք նոյնիսկ ծուռ աչքով կը նային այս բանին։ Բայց Եհովային եւ Յիսուսին աչքին՝ այս միութիւնը հաճելի է։

8. Եհովան ի՞նչ պատգամ տուաւ Եզեկիէլին։

8 Որպէս Եհովայի ժողովուրդը, չենք զարմանար որ այս միութիւնը ունինք։ Ան Եզեկիէլի միջոցաւ մարգարէացած էր այս միութեան մասին։ Ան Եզեկիէլին ըսաւ որ երկու փայտ առնէր՝ մէկը «Յուդային համար», իսկ միւսը «Յովսէփին համար», եւ զանոնք միացնէր (կարդա՛ Եզեկիէլ 37։15-17Դիտարան–ի յուլիս 2016 թիւին «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը բացատրեց. «Եհովան Եզեկիէլի միջոցաւ մարգարէացաւ, որ իսրայէլ ազգը Աւետեաց երկիր պիտի վերադառնար եւ դարձեալ որպէս մէկ ազգ միացած պիտի ըլլար։ Այս մարգարէութիւնը նաեւ կը նախագուշակէ Աստուծոյ ժողովուրդին միացումը, որ սկսաւ կատարուիլ վերջին օրերուն ընթացքին»։

9. Ամէն տարի՝ Յիշատակատօնին, ինչպէ՞ս կը տեսնենք Եզեկիէլին մարգարէացած միութիւնը։

9 1919–էն սկսեալ, Եհովան նախ աստիճանաբար վերակազմակերպեց եւ վերամիացուց օծեալները, որոնք «Յուդային համար» եղած փայտին պէս էին։ Ետքը, երթալէն աւելի երկրային յոյս ունեցող անհատներ միացան օծեալներուն։ Անոնք «Յովսէփին համար» եղած փայտին պէս էին։ Եհովան խոստացաւ որ այս երկու փայտերը իրարու պիտի միացնէր եւ մէկ փայտ ընէր (Եզեկ. 37։19)։ Ան օծեալները եւ «ուրիշ ոչխարներ»ը «մէկ հօտ» ըրաւ (Յովհ. 10։16. Զաք. 8։23)։ Ներկայիս, երկու խումբերն ալ միասնաբար կը ծառայեն Եհովային, եւ ունին մէկ Թագաւոր՝ Յիսուս Քրիստոս, որ Եզեկիէլին մարգարէութեան մէջ կոչուած է՝ Աստուծոյ «ծառան Դաւիթը» (Եզեկ. 37։24, 25)։ Ամէն տարի՝ Յիշատակատօնին, երբ Յիսուսին մահը յիշելու համար հաւաքուինք, այս երկու խումբերուն միութիւնը կը տեսնենք, ինչպէս որ մարգարէացուած էր Եզեկիէլին միջոցաւ։ Բայց մեր ամէն մէկը ի՞նչ կրնայ ընել, որպէսզի այդ միութիւնը պահպանէ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼ

10. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ ժողովուրդին միութիւնը պահպանել։

10 Միութիւնը պահպանելու կերպերէն մէկն է՝ ջանք թափել որ խոնարհ ըլլանք։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, իր աշակերտներուն ըսաւ որ խոնարհ ըլլան (Մատ. 23։12)։ Աշխարհային մարդիկը ընդհանրապէս ինքզինքնին կը տեսնեն։ Բայց եթէ խոնարհ ըլլանք, առաջնորդութիւն առնող եղբայրները պիտի յարգենք եւ անոնց պիտի հնազանդինք։ Միայն այդ ատեն է որ ժողովքը միացած կ’ըլլայ։ Ամէնէն աւելին, խոնարհ ըլլալով Եհովան կ’ուրախացնենք, որ «ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ» (Ա. Պետ. 5։5

11. Հացին եւ գինիին մասին մտածելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ միութիւնը պահպանենք։

11 Միութիւնը պահպանելու երկրորդ կերպն է՝ լաւ մտածել հացին եւ գինիին իմաստին մասին։ Ասիկա պէտք է ընենք Յիշատակատօնէն առաջ, եւ մանաւանդ այդ իրիկունը (Ա. Կոր. 11։23-25)։ Անխմոր հացը կը ներկայացնէ Յիսուսին զոհած կատարեալ մարմինը, իսկ կարմիր գինին կը ներկայացնէ իր արիւնը։ Բայց չի բաւեր որ միայն այս տեղեկութիւնները հասկնանք։ Պէտք է յիշենք որ Քրիստոսին փրկանքը յայտնի դարձուց Եհովային եւ Յիսուսին սէրը. Եհովան իր Որդին տուաւ մեզի համար եւ Յիսուս իր կեանքը սրտանց զոհեց մեզի համար։ Իրենց սիրոյն մասին մտածելը պէտք է մեզ մղէ զիրենք սիրելու։ Եւ Եհովային հանդէպ մեր բոլորին ունեցած սէրը կը զօրացնէ մեր միութիւնը։

Երբ ներող ըլլանք, միութիւնը կը պահպանենք (տե՛ս պարբերութիւն 12, 13)

12. Յիսուս առակ մը պատմելով ինչպէ՞ս յստակացուց, որ Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ ուրիշներուն ներենք։

12 Միութիւնը պահպանելու երրորդ կերպն է՝ ուրիշներուն առատապէս ներել։ Երբ ուրիշներուն ներենք, կը ցուցնենք որ շնորհակալ ենք Եհովայէն, որ կրնայ մե՛ր մեղքերը ներել Յիսուսին զոհին շնորհիւ։ Յիսուս առակ մը պատմեց, որպէսզի ցուցնէ ներելուն կարեւորութիւնը։ Հաճիս կարդա՛ Մատթէոս 18։23-34–ը եւ դուն քեզի հարցուր. ‘Կը մղուի՞մ Յիսուսին սորվեցուցածը գործադրելու։ Եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ համբերութեամբ եւ հասկացողութեամբ կը վարուի՞մ։ Պատրա՞ստ եմ զիս վիրաւորողներուն ներելու’։ Անշուշտ, կարգ մը մեղքեր աւելի լուրջ են ուրիշներէ։ Նաեւ թերեւս շատ դժուար ըլլայ որ որպէս անկատար անձեր՝ կարգ մը մեղքեր ներենք։ Բայց այս առակը մեզի կը սորվեցնէ թէ Եհովան ի՛նչ կ’ակնկալէ մեզմէ (կարդա՛ Մատթէոս 18։35)։ Յիսուս կը յստակացնէ թէ Եհովան մեզի պիտի չներէ, եթէ մեր եղբայրներուն չներենք, երբ անկեղծօրէն զղջացած են։ Կ’արժէ այս կէտին վրայ լաւ մտածել։ Երբ ուրիշներուն ներենք ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս սորվեցուց, մեր անգին միութիւնը կը պաշտպանենք ու կը պահպանենք։

13. Խաղաղասէր ըլլալով ինչպէ՞ս միութիւնը կը պահպանենք։

13 Երբ ուրիշներուն ներենք, խաղաղասէր ըլլալնիս կը փաստենք։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ պէտք է ջանք թափենք, որ մեր միութիւնը պահպանենք եւ խաղաղութիւն ունենանք (Եփ. 4։3)։ Ուրեմն, երբ Յիշատակատօնը մօտենայ, եւ մանաւանդ Յիշատակատօնին իրիկունը, լաւ մտածէ թէ ինչպէ՛ս կը վարուիս ուրիշներուն հետ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ուրիշները յստակօրէն կրնա՞ն տեսնել որ ոխ չեմ պահեր։ Ճանչցուա՞ծ եմ որպէս անձ մը, որ շատ ջանք կը թափէ որ խաղաղութիւնը եւ միութիւնը պահպանէ’։ Ասոնք նկատի առնուելիք լուրջ հարցումներ են։

14. Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել որ ‘սիրով իրարու կը հանդուրժենք’։

14 Միութիւնը պահպանելու չորրորդ կերպն է՝ սէր ցուցնել Եհովային պէս, որ սիրոյ Աստուած է (Ա. Յովհ. 4։8)։ Բնա՛ւ չենք ուզեր ըսել. «Թերեւս պէտք է եղբայրներուն համբերեմ, բայց պայման չէ որ անոնցմէ ախորժիմ»։ Եթէ այսպէս մտածենք, գործադրած չենք ըլլար Պօղոսին խրատը, որ ‘սիրով իրարու հանդուրժենք’ (Եփ. 4։2, ԱԾ)։ Նկատէ թէ ան պարզապէս չըսաւ՝ ‘իրարու հանդուրժենք’։ Ան ըսաւ որ պէտք է «սիրով» հանդուրժենք։ Երկուքին միջեւ տարբերութիւն մը կայ։ Մեր ժողովքներուն մէջ տարբեր տեսակի մարդիկ կան, եւ Եհովան բոլորն ալ իրեն քաշած է (Յովհ. 6։44)։ Ան զանոնք սիրուելու արժանի տեսա՛ծ է, որ զիրենք քաշած է։ Ուրեմն, մենք ինչպէ՞ս կրնանք մէկու մը համար ըսել, որ արժանի չէ մեր սիրոյն։ Պէտք է սրտանց զանոնք սիրենք ճիշդ ինչպէս որ Եհովան կ’ուզէ (Ա. Յովհ. 4։20, 21

ՎԵՐՋԻՆ ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԸ Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ

15. Ինչպէ՞ս գիտենք որ Յիշատակատօնը օր մը վերջ պիտի գտնէ։

15 Օրը պիտի գայ եւ վերջին անգամ ըլլալով ներկայ պիտի ըլլանք Յիշատակատօնին։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Պօղոս օծեալ քրիստոնեաներուն ըսաւ, որ ամէն տարի Յիսուսին մահը յիշելով՝ «Տէրոջը մահը պիտի պատմէք՝ մինչեւ ինք գայ» (Ա. Կոր. 11։26)։ Յիսուս իր գալուն մասին խօսեցաւ նաեւ երբ մարգարէացաւ աշխարհին վերջին մասին։ Ան գալիք մեծ նեղութեան մասին ըսաւ. «Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ ու երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն եւ պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով։ Անիկա իր հրեշտակները պիտի ղրկէ մեծաձայն փողով ու պիտի ժողվեն իր ընտրեալները չորս հովերէն, երկնքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը» (Մատ. 24։29-31)։ Յիսուս ‘իր ընտրեալները պիտի ժողվէ’, երբ երկրի վրայ մնացած բոլոր օծեալները երկինք տանի։ Ասիկա պիտի պատահի մեծ նեղութիւնը սկսելէն ետք, բայց Արմագեդոն պատերազմէն առաջ։ Ետքը, Յիսուս եւ բոլոր 144,000–ը պիտի պատերազմին երկրի թագաւորներուն դէմ եւ յաղթեն (Յայտ. 17։12-14)։ Օծեալներուն ժողվուելէն առաջ տեղի ունենալիք Յիշատակատօնը վերջինը պիտի ըլլայ, քանի որ Յիսուս ‘եկած’ պիտի ըլլայ։

16. Ինչո՞ւ վճռած ես այս տարուան Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալ։

16 Վճռենք Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալ՝ 31 մարտ 2018–ին։ Նաեւ Եհովայէն խնդրենք որ մեզի օգնէ, որ մեր դերը կատարենք իր ժողովուրդին միութիւնը պահպանելու համար (կարդա՛ Սաղմոս 133։1)։ Մեր միտքը պահենք թէ օր մը, վերջին անգամ ըլլալով Յիշատակատօնը պիտի տօնենք։ Մինչ այդ, թող որ ցուցնենք թէ մեր աչքին շատ արժէքաւոր է՝ Յիշատակատօնին մեր վայելած միութիւնը։