Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպիսի՞ մարդիկ կը տեսնես

Ինչպիսի՞ մարդիկ կը տեսնես

«Արդարին եւ ամբարիշտին. . . տարբերութիւնը պիտի տեսնէք» (ՄԱՂ. 3։18

ԵՐԳԵՐ. 61, 53

1, 2. Ներկայիս, Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ դժուարութիւններու առջեւ է (տե՛ս բացման նկարները)։

ՇԱՏ մը բժիշկներ ու հիւանդապահուհիներ կ’աշխատին անհատներու շուրջ, որոնք փոխանցիկ հիւանդութիւն ունին։ Անոնք հիւանդներուն հոգ կը տանին, քանի որ կ’ուզեն օգնել։ Բայց նաեւ պէտք է ինքզինքնին պաշտպանեն, որպէսզի չփոխանցուին այն հիւանդութեամբ որ կը ջանան բուժել։ Մենք նոյնանման պարագայի մը մէջ ենք։ Մեզմէ շատեր կ’ապրին ու կ’աշխատին անհատներու հետ, որոնք ‘վարակուած են’ կեցուածքներով եւ յատկութիւններով, որոնք լման հակառակ են Աստուծոյ յատկութիւններուն։ Ասիկա կրնայ շատ դժուար ըլլալ մեզի համար։

2 Այս վերջին օրերուն մէջ, անոնք որոնք Աստուծմէ հեռացած են, չեն հետեւիր իր բարոյական չափանիշներուն։ Պօղոս առաքեալ անոնց յատկութիւնները նկարագրեց՝ Տիմոթէոսին ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ, եւ ըսաւ որ ատոնք երթալէն աւելի յայտնի պիտի ըլլային (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, 13)։ Թէեւ թերեւս մեզի համար ահռելի են այսպիսի յատկութիւններ, բայց կրնայ ըլլալ որ ազդուինք մեր շուրջիններուն կեցուածքներէն եւ վարուելակերպէն (Առ. 13։20)։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, որ այդ յատկութիւնները որքա՜ն տարբեր են Աստուծոյ ժողովուրդին յատկութիւններէն։ Նաեւ պիտի տեսնենք, որ ինչպէ՛ս կրնանք մենք մեզ պաշտպանել այս գէշ յատկութիւններէն, մինչ ուրիշներուն հոգեւորապէս կ’օգնենք։

3. Բ. Տիմոթէոս 3։2-5–ին մէջ ո՞ր մարդիկը նկարագրուած են։

3 Պօղոս գրեց թէ «վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան»։ Ետքը, ան նշեց 19 գէշ յատկութիւններ, որոնք շատ տարածուած պիտի ըլլային մեր օրերուն։ Այս յատկութիւնները նման են այն յատկութիւններուն, որոնք Հռովմայեցիս 1։29-31–ին մէջ նշուած են։ Բայց Տիմոթէոսին ուղղուած նամակին մէջ կան արտայայտութիւններ, որոնք Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ ուրիշ տեղ չեն նշուած։ Պօղոս սկսաւ այս բառերով՝ «մարդիկ պիտի ըլլան»։ Բայց ըսել չուզեց թէ բոլո՛ր մարդիկը պիտի ունենային իր նշած գէշ յատկութիւնները։ Աստուծոյ ծառաները ունին շա՜տ տարբեր յատկութիւններ (կարդա՛ Մաղաքիա 3։18

Ի՞ՆՉ ԱՉՔՈՎ ԿԸ ՆԱՅԻՆՔ ՄԵՐ ԱՆՁԻՆ

4. Ինչպէ՞ս կը նկարագրես գոռոզ կամ հպարտ անհատները։

4 Երբ Պօղոս ըսաւ թէ մարդիկ անձնասէր եւ արծաթասէր պիտի ըլլային, աւելցուց թէ նաեւ պիտի ըլլային՝ ամբարտաւան, հպարտ եւ գոռոզ։ Այսպիսի մարդիկ ընդհանրապէս ինքզինքնին կը տեսնեն ուրիշին վրայ՝ իրենց կարողութիւններուն, տեսքին, հարստութեան կամ դիրքին պատճառով։ Անոնք ամէն բանէ աւելի շատ կ’ուզեն ուրիշները հիացնել։ Ուսումնական մը այսպիսի հպարտ անհատներու մասին գրեց. «Անոր սրտին մէջ պզտիկ խորան մը կայ, ուր կը խոնարհի ինքն իր առջեւ»։ Ոմանք ըսած են որ հպարտութիւնը այնքան զզուելի բան մըն է, որ նոյնիսկ հպարտները չեն ախորժիր հպարտ անձերէ։

5. Ինչպէ՞ս նոյնիսկ Եհովային հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք հպարտացան։

5 Եհովան կ’ատէ հպարտութիւնը, որ Սուրբ Գիրքին մէջ նկարագրուած է որպէս «ամբարտաւան աչքեր» (Առ. 6։16, 17)։ Հպարտութիւնը չի ձգեր որ անհատը Աստուծոյ մօտենայ (Սաղ. 10։4)։ Ատիկա Սատանային յատկութիւնն է (Ա. Տիմ. 3։6)։ Ցաւօք սրտի, նոյնիսկ Եհովային հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք վարակուեցան հպարտութիւնով։ Օրինակ, Յուդայի Ոզիա թագաւորը տարիներով հաւատարիմ մնաց։ Բայց Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Երբ ուժովցաւ, անոր սիրտը հպարտանալով չարութիւն ըրաւ եւ իր Տէր Աստուծոյն դէմ յանցանք գործեց ու Տէրոջը տաճարը մտաւ, որպէս զի խունկի սեղանին վրայ խունկ ծխէ»։ Յետագային, հաւատարիմ Եզեկիա թագաւորն ալ հպարտացաւ, թէեւ ժամանակաւորապէս (Բ. Մն. 26։16. 32։25, 26

6. Ի՞նչ բան կրնար հպարտացնել Դաւիթը, բայց ինչո՞ւ խոնարհ մնաց։

6 Ոմանք հպարտ կը դառնան, քանի որ ունին գեղեցկութիւն, համբաւ, երաժշտական ձիրք, ֆիզիքական ոյժ կամ քանի որ ուրիշները իրենց վրայ կը հիանան։ Դաւիթ բոլոր այս բաները ունէր, բայց իր ամբողջ կեանքին ընթացքին խոնարհ մնաց։ Օրինակ, երբ ան Գողիաթը մեռցուց, Սաւուղ թագաւոր իրեն ըսաւ, որ կրնար իր աղջիկին հետ ամուսնանալ։ Բայց Դաւիթ ըսաւ. «Ես ո՞վ եմ ու իմ կեանքս կամ իմ հօրս ազգատոհմը Իսրայէլի մէջ ի՞նչ է, որ թագաւորին փեսայ ըլլամ» (Ա. Թագ. 18։18)։ Ի՞նչը օգնեց Դաւիթին որ խոնարհ մնայ։ Ան գիտէր թէ Աստուծո՛յ խոնարհ ըլլալուն եւ իրմով հետաքրքրուելուն շնորհիւ ունէր ի՛նչ որ ունէր՝ յատկութիւններ, կարողութիւններ եւ առանձնաշնորհումներ (Սաղ. 113։5-8)։ Ան գիտէր թէ բոլոր լաւ բաները որ ունէր՝ Եհովայէն ստացած էր (բաղդատէ՛ Ա. Կորնթացիս 4։7

7. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ խոնարհութեամբ վարուինք։

7 Դաւիթին պէս, ներկայիս Եհովային ժողովուրդը կը ջանայ խոնարհ ըլլալ։ Շատ կը տպաւորուինք գիտնալով որ Եհովան՝ տիեզերքին մեծագոյն Անձնաւորութիւնը, «խոնարհ» է (Սաղ. 18։35, ՆԱ)։ Լուրջի կ’առնենք այս խրատը. «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը» (Կող. 3։12)։ Նաեւ գիտենք թէ «սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար» (Ա. Կոր. 13։4Երբ ուրիշներ տեսնեն թէ խոնարհ ենք, թերեւս ուզեն Եհովային մասին գիտնալ։ Ճիշդ ինչպէս որ կին մը իր լաւ վարքով կրնայ շահիլ իր ամուսինը, թերեւս Աստուծոյ ծառաներուն խոնարհութեան պատճառով ուրիշներ փափաքին Աստուծոյ մասին գիտնալ (Ա. Պետ. 3։1

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՎԱՐՈՒԻՆՔ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

8. ա) Ոմանք ինչպէ՞ս կը նկատեն զաւակներուն անհնազանդ ըլլալը։ բ) Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կը քաջալերէ զաւակները որ ընեն։

8 Պօղոս բացատրեց թէ վերջին օրերուն մէջ մարդիկ ինչպէ՛ս պիտի վարուէին իրարու հետ։ Ան գրեց թէ զաւակները ծնողներու անհնազանդ պիտի ըլլային։ Ներկայիս, գիրքերը, ֆիլմերը եւ հեռատեսիլի յայտագիրները կը ցուցնեն, թէ բնական ու ընդունելի է որ զաւակները անհնազանդ ըլլան ծնողներուն։ Բայց իրականութիւնը այն է, որ անհնազանդութիւնը կը տկարացնէ ընտանիքը, որ մարդկային ընկերութեան հիմնական մասն է։ Մարդիկ ասիկա շատոնց գիտեն։ Օրինակ, անցեալին՝ Յունաստանի մէջ, եթէ մէկը իր ծնողքին զարնէր, քաղաքացիական բոլոր իրաւունքները կը կորսնցնէր։ Հռոմէական օրէնքին մէջ, եթէ մէկը իր հօր զարնէր, ոճրագործի մը նման կը պատժուէր։ Թէ՛ Եբրայերէն Գրութիւնները եւ թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները կը քաջալերեն զաւակները, որ իրենց ծնողքը պատուեն (Ել. 20։12. Եփ. 6։1-3

9. Ի՞նչը պիտի օգնէ զաւակներուն, որ իրենց ծնողքին հնազանդին։

9 Երբ զաւակները մտածեն բոլոր այն լաւ բաներուն մասին, որ իրենց ծնողքը ըրած է իրենց համար, ասիկա պիտի օգնէ որ գնահատեն եւ հնազանդին իրենց ծնողքին, հակառակ որ իրենց շուրջինները չեն հնազանդիր։ Անոնք նաեւ պէտք է ըմբռնեն որ Աստուած՝ մեր բոլորին Հայրը, կ’ակնկալէ որ իրենց ծնողքին հնազանդին։ Երբ պատանիները լաւ բաներ խօսին իրենց ծնողքին մասին, ուրիշ պատանիներու կ’օգնեն որ իրենք ալ իրե՛նց ծնողքին դրական աչքով նային։ Անշուշտ, եթէ ծնողները գութ չունին իրենց զաւակներուն հանդէպ, դժուար կ’ըլլայ սրտանց հնազանդիլը։ Անդին, երբ զաւակը զգայ թէ իր ծնողքը անկեղծօրէն կը սիրէ զինք, պիտի մղուի անոնց հնազանդելու, նոյնիսկ եթէ դժուար ըլլայ։ Օսթըն անունով եղբայր մը կը խոստովանի. «Թէեւ շատ անգամներ կը փորձէի ընտանիքիս օրէնքներուն շատ չհնազանդիլ, բայց ծնողքս տրամաբանական օրէնքներ կը դնէին, ատոնց պատճառները կը բացատրէին եւ միշտ կը հաղորդակցէին հետս։ Ասիկա ինծի օգնեց որ հնազանդիմ։ Կը տեսնէի որ ինձմով հետաքրքրուած են, եւ ասիկա զիս մղեց որ ուզեմ զիրենք ուրախացնել»։

10, 11. ա) Ո՞ր գէշ յատկութիւնները կը ցուցնեն որ մարդիկ իրար չեն սիրեր։ բ) Ճշմարիտ քրիստոնեաները ո՞ր աստիճան կը սիրեն ուրիշները։

10 Պօղոս նաեւ նշեց ուրիշ յատկութիւններ, որոնք կը ցուցնեն թէ մարդիկ սէր չունին իրարու հանդէպ։ «Ծնողներու անհնազանդ» ըսելէ ետք, ան կը նշէ ապերախտ, քանի որ ապերախտ անձերը չեն գնահատեր այն լաւ բաները, որ ուրիշները իրենց համար կ’ընեն։ Մարդիկ նաեւ պիտի ըլլային անսուրբ։ Անոնք անհաշտ պիտի ըլլային, այսինքն՝ պիտի չուզէին ուրիշներու հետ հաշտուիլ։ Անոնք հայհոյիչ եւ մատնիչ պիտի ըլլային, գէշ ու վիրաւորական խօսքեր ըսելով մարդոց եւ նոյնիսկ Աստուծոյ մասին։ Նաեւ բանսարկու կամ զրպարտիչ մարդիկ պիտի ըլլային, որոնք վնասակար սուտեր կը խօսին՝ ուրիշին լաւ անունը աւրելու համար *։

11 Եհովային ծառաները շատ տարբեր են աշխարհին մարդոց մեծամասնութենէն, քանի որ անկեղծօրէն կը սիրեն ուրիշները։ Ասիկա միշտ այսպէս եղած է։ Յիսուս ըսաւ որ ուրիշները սիրելը (ա·կաբէ), Աստուած սիրելէն ետք ամենակարեւոր պատուիրանն է (Մատ. 22։37-39)։ Յիսուս նաեւ ըսաւ որ իրարու հանդէպ սէրը պիտի ցուցնէր, որ ճշմարիտ քրիստոնեաները որո՛նք են (կարդա՛ Յովհաննէս 13։34, 35)։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները նոյնիսկ իրենց թշնամիները պիտի սիրէին (Մատ. 5։43, 44

12. Յիսուս ինչպէ՞ս սէր ցուցուց ուրիշներուն հանդէպ։

12 Յիսուս ցուցուց թէ մարդիկը շատ կը սիրէր։ Ան քաղաքէ քաղաք գնաց, որպէսզի Թագաւորութեան բարի լուրը տայ մարդոց։ Ան բժշկեց կոյրերը, կաղերը, բորոտները եւ խուլերը։ Յարութիւն տուաւ մեռելներուն (Ղուկ. 7։22)։ Նոյնիսկ իր կեանքը զոհեց մարդկութեան համար, հակառակ որ շատեր կ’ատէին զինք։ Յիսուսին ունեցած սէրը կատարեալ կերպով կը ցուցնէր իր Հօր ունեցած սէրը։ Աշխարհի չորս կողմը, Եհովայի վկաները աստուածային սէր կը ցուցնեն ուրիշներուն հանդէպ։

13. Ուրիշներուն հանդէպ մեր ցուցուցած սէրը ինչպէ՞ս կը ձգէ որ ուզեն Եհովային մասին գիտնալ։

13 Երբ ուրիշներու հանդէպ սէր ցուցնենք, անոնք թերեւս ուզեն մեր երկնաւոր Հօր մասին աւելին գիտնալ։ Օրինակ, Թայլանտի մէջ մարդ մը ազդուեցաւ, երբ մարզային համաժողովի մը ընթացքին տեսաւ եղբայրներուն սէրը իրարու հանդէպ։ Երբ տուն վերադարձաւ, խնդրեց Սուրբ Գիրքը ուսումնասիրել շաբաթը երկու անգամ։ Ետքը, իր բոլոր ազգականներուն քարոզեց։ Միայն վեց ամիս ետք, ան Թագաւորութեան սրահին մէջ Սուրբ Գիրքի իր առաջին ընթերցանութիւնը ներկայացուց։ Որպէսզի քննենք թէ որքանո՛վ սէր կը ցուցնենք ուրիշներուն, կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Ամէն կարելիս կ’ընե՞մ, որպէսզի օգնեմ ընտանիքիս անդամներուն, ժողովքի անդամներուն եւ ծառայութեան մէջ հանդիպած անհատներուս։ Կը ջանա՞մ Եհովային աչքով նայիլ ուրիշներուն’։

ԳԱՅԼԵՐ ԵՒ ՈՉԽԱՐՆԵՐ

14, 15. Շատեր ի՞նչ գէշ յատկութիւններ ունին, բայց ոմանք ինչպէ՞ս փոխած են իրենց անձնաւորութիւնը։

14 Վերջին օրերուն մէջ, մարդիկ ուրիշ գէշ յատկութիւններ ալ ունին, որոնցմէ պէտք չէ ազդուինք։ Օրինակ, շատեր բարին չսիրող պիտի ըլլային, կամ ինչպէս որ Նոր աշխարհաբար թարգմանութիւն–ը կ’ըսէ՝ «բարիին թշնամի»։ Անոնք անժուժկալ եւ դաժանաբարոյ (վայրենի) պիտի ըլլային։ Ոմանք պիտի ըլլային յանդուգն, կամ՝ խօսքի ու վարմունքի մէջ անզուսպ եւ անխոհեմ։

15 Շատեր, որոնք վայրենի անասուններուն պէս կը վարուէին, իրենց անձնաւորութիւնը փոխած են։ Այս փոփոխութիւնը գեղեցիկ կերպով նկարագրուած է սուրբգրային մարգարէութեան մը մէջ (կարդա՛ Եսայի 11։6, 7)։ Հոն գրուած է վայրենի անասուններու մասին, ինչպէս՝ գայլը եւ առիւծը, որոնք խաղաղութեամբ կ’ապրին ընտանի անասուններու հետ, ինչպէս՝ գառնուկը եւ հորթը։ Նկատէ թէ այս խաղաղութիւնը պիտի ըլլայ, քանի որ «երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի» (Եսա. 11։9)։ Եւ քանի որ անասունները չեն կրնար Աստուծոյ մասին գիտութիւն առնել, ուրեմն այս մարգարէութիւնը կը նշէ այն փոփոխութիւնները, որ մարդիկ իրենց անձնաւորութեան մէջ կ’ընեն։

Աստուածաշունչին սկզբունքները գործադրելը կեանքեր կը փոխէ (տե՛ս պարբերութիւն 16)

16. Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս օգնած է մարդոց որ իրենց անձնաւորութիւնը փոխեն։

16 Մեր եղբայրներէն շատեր նախապէս գայլերու պէս վայրենի էին, բայց հիմա խաղաղասէր են։ Անոնց փորձառութիւններէն ոմանք կրնաս կարդալ Դիտարան–ի հանրամատչելի հրատարակութեան «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածաշարքին մէջ, որ նաեւ մատչելի է jw.org կայքին մէջ։ Անոնք որոնք այլեւս Աստուած կը ճանչնան եւ իրեն կը ծառայեն, չեն նմանիր անոնց՝ որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են, որոնք կը ձեւացնեն որ Աստուած կը պաշտեն, մինչ իրենց վարքը հակառակը կը ցուցնէ։ Նախապէս վայրագ եղող անհատներ ‘նոր մարդը իրենց վրայ հագած են, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է’ (Եփ. 4։23, 24)։ Երբ մարդիկ Աստուծոյ մասին սորվին, կ’անդրադառնան որ պէտք է իր չափանիշներուն հետեւին։ Ասիկա իրենց կ’օգնէ, որ փոփոխութիւններ մտցնեն իրենց հաւատալիքներուն, կեցուածքներուն եւ վարուելակերպին մէջ։ Այսպիսի փոփոխութիւններ ընելը դիւրին չէ, բայց սուրբ հոգին պիտի օգնէ անոնց, որոնք անկեղծօրէն կ’ուզեն Աստուծոյ կամքը կատարել։

«ԱՆՈՆՑՄԷ ՄԷԿԴԻ՛ ԿԵՑԻՐ»

17. Ինչպէ՞ս կրնանք չազդուիլ գէշ յատկութիւններ ունեցող անհատներէն։

17 Երթալէն աւելի յայտնի կ’ըլլայ տարբերութիւնը Աստուծոյ ծառայութիւն ընողներուն եւ չընողներուն միջեւ։ Պէտք է ուշադիր ըլլանք որ չազդուինք Աստուծոյ չծառայողներուն կեցուածքներէն։ Կ’ուզենք Եհովային խրատին հետեւելով մէկդի կենալ անոնցմէ, որոնք Բ. Տիմոթէոս 3։2-5–ին մէջ նկարագրուած են։ Անշուշտ, չենք կրնար ամբողջովին հեռու մնալ գէշ յատկութիւններ ունեցող մարդոցմէ։ Թերեւս ստիպուած ենք անոնց հետ աշխատելու, դպրոց երթալու կամ ապրելու։ Բայց կրնանք անոնց մտածելակերպը չունենալ եւ անոնց պէս չվարուիլ։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել։ Կրնանք մեր հոգեւորութիւնը զօրացնել՝ Սուրբ Գիրքը սերտելով եւ սերտօրէն ընկերակցելով անոնց, որոնք կը սիրեն Եհովան։

18. Մեր խօսքերը ու վարմունքը ինչպէ՞ս կ’օգնեն ուրիշներուն որ ուզեն Եհովային մասին գիտնալ։

18 Նաեւ պէտք է ուզենք հոգեւորապէս օգնել ուրիշներուն։ Առիթներ օգտագործէ վկայութիւն տալու համար, եւ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ ճի՛շդ բանը ճի՛շդ ժամանակին ըսելու։ Պէտք է ուրիշներուն գիտցնենք, որ Եհովայի վկայ ենք։ Այսպիսով, մեր լաւ վարքը Եհովայի՛ն փառք պիտի բերէ, եւ ոչ թէ մեզի։ Եհովան մեզի սորվեցուցած է, որ «ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանանք եւ զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով ապրինք այս աշխարհի մէջ» (Տիտ. 2։11-14)։ Եթէ Աստուծոյ ուզած կերպով քալենք, ուրիշներ պիտի տեսնեն ասիկա, եւ թերեւս նոյնիսկ ըսեն. «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է» (Զաք. 8։23

^ պարբ. 10 «Բանսարկու» կամ «ամբաստանող» թարգմանուած յունարէն բառը տի·ապո·լոս է, որ Սուրբ Գիրքին մէջ կը գործածուի որպէս տիտղոս Սատանային, որ Աստուած կը զրպարտէ։