Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 5

Ժողովներուն յաճախելը ի՞նչ կը յայտնէ մեր մասին

Ժողովներուն յաճախելը ի՞նչ կը յայտնէ մեր մասին

«Տէրոջը մահը պիտի պատմէք՝ մինչեւ ինք գայ» (Ա. ԿՈՐ. 11։26

ԵՐԳ 149 Փրկանքին համար երախտապարտ ենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. ա) Եհովան ի՞նչ կը տեսնէ, երբ միլիոնաւորներ կը հաւաքուին Տէրունական ընթրիքը յիշատակելու համար (տե՛ս կողքին նկարը)։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ թէ Եհովան ի՛նչ կը տեսնէ, երբ աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր մարդիկ կը հաւաքուին Տէրունական ընթրիքը յիշատակելու համար։ Ան միայն չի տեսներ թէ շա՜տ թիւով մարդիկ ներկայ են. հապա հոն գտնուող իւրաքանչիւր անհատ կը նկատէ։ Օրինակ, կը նկատէ անոնք, որոնք ամէն տարի հաւատարմօրէն կու գան։ Անոնց մէջ թերեւս կան անհատներ, որոնք խիստ հալածանք կը դիմագրաւեն։ Ուրիշներ միւս ժողովներուն կանոնաւորաբար չեն երթար, բայց Յիշատակատօնին ներկայ գտնուիլը պարտականութիւն կը սեպեն։ Եհովան նաեւ կը նկատէ անոնք, որոնք առաջին անգամ ըլլալով Յիշատակատօնին ներկայ կ’ըլլան, թերեւս պարզապէս առ ի հետաքրքրութիւն։

2 Անկասկած Եհովան կ’ուրախանայ տեսնելով որ շատ մարդիկ Յիշատակատօնին կու գան (Ղուկ. 22։19)։ Սակայն իր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը չէ եկողներուն թիւը։ Ան աւելի հետաքրքրուած է թէ անոնք ինչո՛ւ կու գան։ Ան մարդոց շարժառիթին շատ կարեւորութիւն կու տայ։ Այս յօդուածին մէջ, պիտի քննարկենք լուրջ հարցում մը. ինչո՞ւ ներկայ կը գտնուինք թէ՛ տարեկան Յիշատակատօնին եւ թէ շաբաթական ժողովներուն, որոնք Եհովան կը հայթայթէ զինք սիրողներուն համար։

(տե՛ս պարբերութիւն 1-2) *

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄՂԷ ՈՐ ՅԱՃԱԽԵՆՔ

3-4. ա) Ինչո՞ւ ժողովներու կը յաճախենք։ բ) Ժողովներուն յաճախելը ի՞նչ կը յայտնէ մեր մասին։ գ) Ա. Կորնթացիս 11։23-26–ի խօսքերուն ի տես, ինչո՞ւ պէտք չէ Յիշատակատօնը փախցնենք։

3 Ժողովներուն կը յաճախենք, գլխաւորաբար քանի որ ատոնք մեր պաշտամունքին մէկ մասն են։ Նաեւ կը յաճախենք, քանի որ հոն Եհովայէն կը սորվինք։ Հպարտ մարդիկը չեն ընդունիր, որ պէտք ունին որ մէկը իրենց բան մը սորվեցնէ (Գ. Յովհ. 9)։ Անոնց հակառակը, մենք կ’ուզե՛նք սորվիլ Եհովայէն եւ իր կազմակերպութենէն (Եսա. 48։17, 18. Յովհ. 6։45

4 Ժողովներուն ներկայ գտնուելով ցոյց կու տանք, որ խոնարհ ենք ու պատրաստ ենք սորվելու։ Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ կը գտնուինք, ոչ միայն քանի որ երթալը պարտականութիւն կը սեպենք, հապա նաեւ քանի որ կ’ուզենք խոնարհաբար հնազանդիլ Յիսուսի պատուէրին. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 11։23-26)։ Այդ ժողովը ապագային նկատմամբ մեր յոյսը կը զօրացնէ եւ մեզի կը յիշեցնէ, թէ Եհովան մեզ որքա՜ն կը սիրէ։ Սակայն Եհովան գիտէ, որ քաջալերուելու եւ զօրանալու պէտք ունինք՝ տարին մէկ անգամէ աւելի։ Անոր համար կարգադրութիւն ըրած է որ ամէն շաբաթ ժողովներ ունենանք, եւ կը քաջալերէ որ անոնց ներկայ գտնուինք։ Խոնարհութիւնը մեզ կը մղէ հնազանդելու։ Ամէն շաբաթ քանի մը ժամ կը տրամադրենք, որ այդ ժողովներուն նիւթերը պատրաստենք եւ ներկայ գտնուինք։

5. Խոնարհ մարդիկ ինչո՞ւ Եհովայի հրաւէրին կ’ընդառաջեն։

5 Ամէն տարի շատ մը խոնարհ մարդիկ կ’ընդունին Եհովայի հրաւէրը որ իրմէ սորվին (Եսա. 50։4)։ Անոնք Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելով կը տպաւորուին եւ կը սկսին միւս ժողովներուն յաճախել (Զաք. 8։20-23)։ Թէ՛ իրենք եւ թէ մենք կ’ուզենք որ Եհովան,– ‘մեր օգնականը եւ փրկիչը’,– մեզի սորվեցնէ եւ առաջնորդէ (Սաղ. 40։17)։ Ասկէ աւելի հաճելի եւ կարեւոր բան կա՞յ, որ ընդունինք սորվիլ Եհովայէն եւ Յիսուսէն՝ իր շա՛տ սիրած Որդիէն (Մատ. 17։5. 18։20. 28։20

6. Խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս օգնեց մարդու մը, որ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուի։

6 Իւրաքանչիւր տարի, ջանք կը թափենք որ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ հրաւիրենք ներկայ գտնուելու Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին։ Բազմաթիւ խոնարհ մարդիկ այս հրաւէրը ընդունելով օգտուած են։ Նկատի առ օրինակ մը։ Տարիներ առաջ, մարդ մը Յիշատակատօնի հրաւիրագիրը ստացաւ եղբօրմէ մը, բայց ըսաւ որ պիտի չկարենայ ներկայ գտնուիլ։ Սակայն, Յիշատակատօնի օրը եղբայրը անակնկալի եկաւ, երբ տեսաւ որ ան Թագաւորութեան սրահ կը մտնէ։ Մարդը այնքա՛ն տպաւորուեցաւ եղբայրներուն ու քոյրերուն ջերմ ընդունելութեամբ, որ սկսաւ շաբաթական ժողովներուն երթալ։ Իրականութեան մէջ, ան ամբողջ տարուան ընթացքին միայն երեք անգամ ժողովներէն բացակայեցաւ։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ որոշէ բոլոր ժողովներուն յաճախել։ Ան պէտք եղած հեզութիւնը ունէր, որ իր միտքը փոխէ։ Զինք Յիշատակատօնին հրաւիրող եղբայրը յետագային ըսաւ. «Ան շատ խոնարհ մարդ մըն է»։ Անկասկած Եհովան այս մարդը իրեն քաշեց որ զինք պաշտէ, եւ հիմա մկրտուած եղբայր է (Ա. Պետ. 5։5. Յովհ. 6։44

7. Ժողովներուն ընթացքին մեր սորվածները եւ Աստուածաշունչէն մեր կարդացածը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն խոնարհ ըլլալու։

7 Ինչ որ ժողովներուն կը սորվինք եւ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք կրնան մեզի օգնել որ խոնարհ ըլլանք։ Յիշատակատօնին նախորդող շաբաթներուն ընթացքին, մեր ժողովները յաճախ կը կեդրոնանան Յիսուսի օրինակին վրայ եւ իր խոնարհութեան վրայ, որ ցոյց տուաւ իր կեանքը որպէս փրկանք տալով։ Իսկ Յիշատակատօնին նախորդող օրերուն ընթացքին, լաւ կ’ըլլայ եթէ Յիսուսի մահուան եւ յարութեան առնչուող դէպքերը Աստուածաշունչէն կարդանք։ Այս ամէնը մեր երախտագիտութիւնը կ’աւելցնէ Յիսուսի զոհին հանդէպ։ Կը մղուինք իր խոնարհ կեցուածքը ընդօրինակելու եւ Եհովային կամքը կատարելու, նոյնիսկ երբ մեզի համար դժուար ըլլայ (Ղուկ. 22։41, 42

ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ՕԳՆԷ ՈՐ ՅԱՃԱԽԵՆՔ

8. Յիսուս ինչպէ՞ս քաջութիւն ցոյց տուաւ։

8 Մենք նաեւ կը ջանանք Յիսուսի քաջութիւնը ընդօրինակել։ Մտածէ այն քաջութեան մասին, որ ցոյց տուաւ իր մահուան նախորդող օրերուն մէջ։ Ան շատ լաւ գիտէր, որ իր թշնամիները զինք ծաղր պիտի ընէին, ծեծէին ու մեռցնէին (Մատ. 20։17-19)։ Բայց եւ այնպէս, ան պատրաստ էր մեռնելու։ Երբ ժամանակը հասաւ, Յիսուս Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ իր հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ. «Ելէք ասկէ երթանք. ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ» (Մատ. 26։36, 46)։ Եւ երբ զինեալ մարդիկ եկան զինք ձերբակալելու, ան առջեւ անցաւ, ինքզինք ներկայացուց եւ զինուորներուն ըսաւ, որ թոյլ տան իր առաքեալներուն որ երթան (Յովհ. 18։3-8)։ Ի՜նչ բացառիկ քաջութիւն։ Այսօր օծեալ քրիստոնեաները եւ ուրիշ ոչխարները կը ջանան Յիսուսի քաջութիւնը ընդօրինակել։ Ինչպէ՞ս։

Ժողովներու երթալու համար ցուցաբերած քաջութիւնդ ուրիշները կը զօրացնէ (տե՛ս պարբերութիւն 9) *

9. ա) Ինչո՞ւ թերեւս քաջութեան պէտք ունենանք ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ ըլլալու համար։ բ) Մեր օրինակը ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեր եղբայրներուն, որոնք իրենց հաւատքին համար բանտարկուած են։

9 Ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելու համար, թերեւս պէտք ըլլայ որ քաջութիւն ցուցաբերենք դժուար պարագաներու ներքեւ։ Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք ժողովներու կ’երթան, թէեւ սուգի մէջ են, վհատած են կամ առողջապահական խնդիրներ ունին։ Ուրիշներ քաջութեամբ ժողովներու կ’երթան, թէեւ ընտանիքի անդամներու կամ իշխանութիւններու կողմէ խիստ հակառակութիւն կը դիմագրաւեն։ Պահ մը մտածէ թէ մեր օրինակը ինչպէ՛ս կ’ազդէ մեր եղբայրներուն, որոնք իրենց հաւատքին համար բանտարկուած են (Եբ. 13։3)։ Երբ անոնք լսեն որ մենք կը շարունակենք Եհովային ծառայել հակառակ մեր դժուարութիւններուն, զօրութիւն կը հաւաքեն որ պահպանեն իրենց հաւատքը, քաջութիւնը եւ ուղղամտութիւնը։ Պօղոս առաքեալ նման փորձառութիւն ունեցաւ։ Երբ Հռոմի մէջ տնային կալանքի ենթարկուած էր, կ’ուրախանար երբոր լսէր, թէ եղբայրները հաւատարմութեամբ Աստուծոյ կը ծառայէին (Փլպ. 1։3-5, 12-14)։ Ան ազատ արձակուելէ քիչ առաջ կամ անմիջապէս ետք, եբրայեցիներուն գրեց իր նամակը։ Այդ նամակին մէջ, հաւատարիմ քրիստոնեաները յորդորեց, որ ‘եղբայրսիրութիւնը իրենց մէջ թող հաստատ մնայ’ եւ մէկտեղ հաւաքուելէ բնա՛ւ չդադրին (Եբ. 10։24, 25. 13։1

10-11. ա) Որո՞նք պէտք է հրաւիրենք Յիշատակատօնին։ բ) Եփեսացիս 1։7–ն ի՞նչ պատճառ կու տայ ատիկա ընելու։

10 Քաջութիւն ցոյց կու տանք, երբ մեր ազգականները, գործակիցները եւ դրացիները Յիշատակատօնին կը հրաւիրենք։ Ինչո՞ւ զիրենք կը հրաւիրենք։ Մենք Եհովային ու Յիսուսին այնքա՛ն երախտապարտ ենք մեզի ի նպաստ իրենց ըրածին համար, որ չենք կրնար ուրիշները Յիշատակատօնին չհրաւիրել։ Կ’ուզենք որ սորվին թէ ինչպէ՛ս կրնան իրենք ալ փրկանքին միջոցաւ Եհովայի «շնորհք»էն օգտուիլ (կարդա՛ Եփեսացիս 1։7. Յայտ. 22։17

11 Երբ քաջութիւն ցուցաբերենք իրարու հետ հաւաքուելով, ուրիշ արժէքաւոր յատկութիւն մըն ալ ցոյց տուած կ’ըլլանք, յատկութիւն մը որ թէ՛ Աստուած եւ թէ իր Որդին ուշագրաւ կերպերով ցոյց կու տան։

ՍԷՐԸ ԿԸ ՄՂԷ ՈՐ ՅԱՃԱԽԵՆՔ

12. ա) Ժողովները ինչպէ՞ս Եհովայի ու Յիսուսի հանդէպ մեր սէրը կը խորացնեն։ բ) Բ. Կորնթացիս 5։14, 15–ը ի՞նչ կը քաջալերէ որ ընենք՝ Յիսուսը ընդօրինակելով։

12 Եհովայի եւ Յիսուսի հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ ժողովներուն յաճախելու։ Եւ ինչ որ ժողովներուն մէջ կը սորվինք, կը ձգէ որ Եհովան եւ իր Որդին աւելի՛ սիրենք։ Ժողովներուն մէջ յաճախ մեզի յիշեցում կը տրուի, թէ անոնք մեզի համար ի՛նչ ըրած են (Հռով. 5։8, 9)։ Յիշատակատօնը մասնաւորաբար մեզի կը յիշեցնէ, թէ անոնք որքա՜ն խոր սէր ունին, նոյնիսկ անոնց հանդէպ, որոնք փրկանքին կարեւորութիւնը դեռ չեն ըմբռներ։ Երախտագիտութեամբ լեցուած, կը ջանանք ամէն օր Յիսուսը ընդօրինակել մեր ապրելակերպով (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 5։14, 15)։ Ասկէ զատ, մեր սիրտը մեզ կը մղէ, որ Եհովան փառաբանենք փրկանքը հայթայթելուն համար։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ ժողովներուն ընթացքին սրտաբուխ պատասխաններ տալ։

13. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի եւ Յիսուսի հանդէպ մեր խոր սէրը ցոյց տալ. բացատրէ։

13 Կրնանք Եհովայի եւ Յիսուսի հանդէպ մեր խոր սէրը ցոյց տալ, պատրաստ ըլլալով իրենց համար որեւէ զոհողութիւն ընելու։ Ժողովներուն ներկայ գտնուելու համար, յաճախ պէտք է զոհողութիւններ ընենք։ Շատ մը ժողովքներ շաբթուան երկու ժողովներէն մէկը կ’ընեն աշխատանքային օրուան մը վերջաւորութեան, երբ շատ հաւանաբար յոգնած կ’ըլլանք։ Իսկ միւս ժողովը տեղի կ’ունենայ շաբաթավերջին, երբ ուրիշներ կը հանգստանան։ Եհովան կը նկատէ՞ որ ժողովներու կ’երթանք, թէեւ յոգնած ենք։ Անշո՛ւշտ։ Եհովան կը գնահատէ ամէն ջանք որ սէրէ մղուած կը թափենք ժողովներուն ներկայ ըլլալու համար (Մար. 12։41-44

14. Յիսուս ինչպէ՞ս անձնազոհ սէր ցոյց տալուն մէջ լաւագոյն օրինակը եղաւ։

14 Յիսուս մեզի օրինակ եղաւ անձնազոհ սէր ցոյց տալուն մէջ։ Ան յօժար էր ոչ միայն իր աշակերտներուն համար մեռնելու, հապա նաեւ ամէն օր ապրելու այնպիսի կերպով, որ իրենց շահերը իր շահերէն առաջ դնէ։ Օրինակ, ան իր հետեւորդներուն հետ ժամանակ անցուց նոյնիսկ երբ յոգնած էր կամ զգացականօրէն ճնշուած էր (Ղուկ. 22։39-46)։ Եւ կեդրոնացաւ ուրիշներուն տալու վրայ (Մատ. 20։28Երբ մեր սէրը Եհովայի եւ մեր եղբայրներուն հանդէպ այդքա՛ն զօրաւոր ըլլայ, ամէն բան պիտի ընենք որ Տէրունական ընթրիքին եւ միւս բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուինք։

15. Մասնաւորաբար կ’ուզենք որո՞նց օգնել։

15 Մենք կը պատկանինք միակ ճշմարիտ քրիստոնէական եղբայրութեան, եւ հաճոյքով կարելի եղածին չափ շատ ժամանակ կը տրամադրենք նորեկները հրաւիրելու որ մեզի միանան։ Սակայն, մասնաւորաբար կ’ուզենք օգնել «հաւատքի ընտանիներուն», որոնք անգործունեայ դարձած են (Գաղ. 6։10)։ Իրենց հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք, զիրենք քաջալերելով որ ժողովներուն,– մանաւանդ Յիշատակատօնին,– ներկայ գտնուին։ Եհովային եւ Յիսուսին պէս, շա՜տ կ’ուրախանանք, երբ անգործունեայ անհատ մը կը վերադառնայ Եհովային՝ մեր սիրառատ Հօր եւ Հովիւին (Մատ. 18։14

16. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք իրար քաջալերել, եւ ժողովները մեզի ինչպէ՞ս պիտի օգնեն։ բ) Հիմա ինչո՞ւ լաւ ժամանակ մըն է յիշելու Յովհաննէս 3։16–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը։

16 Եկող շաբաթներուն, կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ հրաւիրէ, որ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուին ուրբաթ, 19 ապրիլ 2019–ին (տե՛ս « Զիրենք պիտի հրաւիրե՞ս» շրջանակը)։ Թող որ միշտ իրար քաջալերենք՝ կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով բոլոր ժողովներուն, որոնք Եհովան մեզի համար կը հայթայթէ։ Մինչ աշխարհին վերջը կը մօտենայ, ժողովները մեզի պիտի օգնեն, որ խոնարհ ու քաջ մնանք եւ սէր ունենանք (Ա. Թես. 5։8-11)։ Թող որ ամբողջ սրտով ցոյց տանք, թէ շատ կ’արժեւորենք Եհովայի եւ Յիսուսի մեծ սէրը մեզի հանդէպ (կարդա՛ Յովհաննէս 3։16

ԵՐԳ 43 Արթո՛ւն մնացէք, հաստա՛տ կեցէք, զօրացէ՛ք

^ պարբ. 5 Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ՝ 19 ապրիլ 2019–ին, արեւամուտէն ետք, ամբողջ տարուան ամէնէն կարեւոր ժողովը պիտի ըլլայ։ Ի՞նչը մեզ կը մղէ որ այդ առիթին ներկայ գտնուինք։ Անշուշտ, քանի որ կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել։ Յօդուածը նկատի պիտի առնէ, թէ Յիշատակատօնին եւ շաբաթական ժողովներուն ներկայ գտնուիլը ի՛նչ կը յայտնէ մեր մասին։

^ պարբ. 50 ԿՈՂՔԻՆ ՆԿԱՐԸ. Աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր մարդիկ ջերմ ընդունելութիւն կը ստանան Տէրունական ընթրիքին առթիւ

^ պարբ. 52 ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը, որ իր հաւատքին համար բանտն է, իր ընտանիքէն նամակ մը ստանալով կը քաջալերուի։ Գիտնալով որ ընտանիքը զինք չէ մոռցած, կ’ուրախանայ որ անոնք ալ Եհովային հաւատարիմ կը մնան, հակառակ անոր որ անոնց շրջանին մէջ քաղաքական խռովութիւն կայ։