Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 3

Ինչպէ՞ս կրնաս սիրտդ պահպանել

Ինչպէ՞ս կրնաս սիրտդ պահպանել

«Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ» (ԱՌ. 4։23

ԵՐԳ 52 Սիրտդ պահպանէ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-3. ա) Եհովան ինչո՞ւ Սողոմոնը սիրեց, եւ Սողոմոն ի՞նչ օրհնութիւններ ստացաւ։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներու պատասխանը պիտի առնենք։

ՍՈՂՈՄՈՆ Իսրայէլին թագաւորը եղաւ իր երիտասարդ տարիքին։ Իր իշխանութեան սկիզբը, Եհովան երազի մը մէջ իրեն երեւցաւ եւ ըսաւ. «Բան մը խնդրէ որ քեզի տամ»։ Սողոմոն պատասխանեց. «Ես պզտիկ տղայ մըն եմ, ելլելն ու մտնելը չեմ գիտեր։ . . .Ուստի քու ծառայիդ իմաստուն [կամ հնազանդ] սիրտ տուր, որպէս զի քու ժողովուրդդ դատէ» (Գ. Թագ. 3։5-10)։ ‘Հնազանդ սիրտ’. ի՜նչ համեստ խնդրանք։ Զարմանալի չէ որ Եհովան Սողոմոնը սիրեց (Բ. Թագ. 12։24)։ Աստուած այնքա՛ն հաւնեցաւ երիտասարդ թագաւորին պատասխանը, որ իրեն «իմաստուն ու հանճարեղ սիրտ» տուաւ (Գ. Թագ. 3։12

2 Այնքան ատեն որ Սողոմոն հաւատարիմ էր, շա՜տ օրհնութիւններ վայելեց։ Ան պատիւը ունեցաւ «Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն անուանը» համար տաճար մը շինելու (Գ. Թագ. 8։20)։ Ան ճանչցուեցաւ իր աստուածատուր իմաստութեամբ։ Իսկ այն ինչ որ Աստուծմէ ներշնչուելով ըսաւ, արձանագրուած է Աստուածաշունչի երեք գիրքերու մէջ, որոնցմէ մէկը Առակաց գիրքն է։

3 «Սիրտ» բառը շուրջ 90 անգամ յիշուած է Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ–ին Առակաց գրքին մէջ։ Օրինակ, Առակաց 4։23–ին մէջ կը կարդանք. «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ»։ Այս համարին մէջ, «սիրտ» բառը ինչի՞ կ’ակնարկէ։ Այս յօդուածին մէջ պիտի պատասխանենք այս հարցումին։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք պատասխանները ուրիշ երկու կարեւոր հարցումներու. Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ մեր սիրտը ապականել, եւ ի՞նչ կրնանք ընել որ մեր սիրտը պահպանենք։ Աստուծոյ հաւատարիմ մնալու համար, պէտք է որ այս կարեւոր հարցումներուն պատասխանները հասկնանք։

«ՍԻՐՏԴ» Ի՞ՆՉ Է

4-5. ա) Աստուածաշունչին մէջ «սիրտ» բառը ինչի՞ կ’ակնարկէ։ բ) Մեր ֆիզիքական առողջութեան օրինակը ինչպէ՞ս կը յայտնէ մեր ներքին անձին կարեւորութիւնը։

4 Առակաց 4։23–ին մէջ, «սիրտ» բառը կը գործածուի ակնարկելու ներքին անձին։ Ուրիշ խօսքով, «սիրտ»ը կ’ակնարկէ մեր անձնական մտածումներուն, զգացումներուն, շարժառիթներուն եւ ցանկութիւններուն. այսինքն՝ այն ինչ որ ներսէն ենք, եւ ոչ միայն այն ինչ որ դուրսէն կ’երեւինք։

5 Մեր ֆիզիքական առողջութեան օրինակը գործածելով բացատրենք մեր ներքին անձին կարեւորութիւնը։ Առաջին, մեր ներքին անդամները լաւ վիճակի մէջ պահելու համար, պէտք է որ առողջապահական սնունդ առնենք եւ կանոնաւորաբար մարզանք ընենք։ Նոյնպէս, լաւ հոգեւոր վիճակի մէջ մնալու համար, պէտք է որ հոգեւոր առողջապահական սնունդ առնենք եւ Եհովայի հանդէպ մեր հաւատքը կանոնաւորաբար ի գործ դնենք, այսինքն՝ մեր սորվածը գործադրենք եւ մեր հաւատքին մասին խօսինք (Հռով. 10։8-10. Յակ. 2։26)։ Երկրորդ, դուրսի երեւոյթին նայելով, թերեւս մտածենք որ առողջ ենք, հակառակ անոր որ ներսէն հիւանդ ենք։ Նոյնպէս, մեր հոգեւոր գործունէութիւններուն նայելով, թերեւս մտածենք որ մեր հաւատքը զօրաւոր է, բայց կրնայ ըլլալ որ սխալ ցանկութիւններ կը զարգանան մեր մէջ (Ա. Կոր. 10։12. Յակ. 1։14, 15)։ Յիշե՛նք որ Սատանան կ’ուզէ մեզ իր մտածելակերպով վարակել։ Ասիկա ճիշդ ինչպէ՞ս կը փորձէ ընել։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք մենք մեզ պաշտպանել։

ՍԱՏԱՆԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՄԵՐ ՍԻՐՏԸ ԱՊԱԿԱՆԵԼ

6. Ի՞նչ է Սատանային նպատակը, եւ ինչպէ՞ս կը փորձէ անոր հասնիլ։

6 Սատանան ըմբոստ մըն է, որ Եհովային չափանիշները կ’անտեսէ ու անձնասէր մղումներ ունի. եւ կ’ուզէ որ մենք իրեն պէս դառնանք։ Ան չի կրնար մեզ ստիպել, որ իրեն պէս մտածենք ու վարուինք, անոր համար կը փորձէ ուրիշ կերպերով իր նպատակին հասնիլ։ Օրինակ, ան մեզ կը շրջապատէ մարդոցմով, որոնք արդէն իր կողմէ ապականուած են (Ա. Յովհ. 5։19)։ Ան կը յուսայ որ որոշենք անոնց հետ ժամանակ անցընել, թէեւ գիտե՛նք որ չար ընկերակցութիւնները պիտի «ապականեն» մեր մտածելակերպն ու վարուելակերպը (Ա. Կոր. 15։33)։ Այս մեթոտը յաջողեցաւ Սողոմոն թագաւորի պարագային։ Ան բազմաթիւ հեթանոս կիներու հետ ամուսնացաւ, ու անոնք ի վերջոյ զօրաւոր ազդեցութիւն ունեցան իր վրայ եւ իր «սիրտը» աստիճանաբար Եհովայէն հեռացուցին (Գ. Թագ. 11։3

Ինչպէ՞ս կրնաս սիրտդ պաշտպանել Սատանային ջանքերէն, որ զայն իր մտածելակերպով վարակէ (տե՛ս պարբերութիւն 7) *

7. Սատանան ուրիշ ի՞նչ կը գործածէ իր մտածելակերպը տարածելու համար, եւ ինչո՞ւ այս առնչութեամբ պէտք է զգոյշ ըլլանք։

7 Սատանան ֆիլմերը եւ հեռատեսիլի յայտագիրները կը գործածէ, որպէսզի իր մտածելակերպը տարածէ։ Ան կը հասկնայ, որ մենք կը սիրենք պատմութիւններ լսել մարդոց մասին եւ թէ այդ պատմութիւնները ոչ միայն մեզ կը զուարճացնեն, հապա կը սորվեցնեն ինչպէ՛ս մտածել, զգալ եւ գործել։ Գիտենք որ Յիսուս պատմութիւններով սորվեցնելու մեթոտը գործածեց։ Օրինակ, նկատի առ բարի սամարացիին եւ անառակ որդիին առակները (Մատ. 13։34. Ղուկ. 10։29-37. 15։11-32)։ Սակայն, անոնք՝ որոնք Սատանային մտածելակերպէն ազդուած են, պատմութիւններ կը գործածեն մեզ ապականելու համար։ Պէտք է որ հաւասարակշռուած ըլլանք։ Ֆիլմերն ու հեռատեսիլի յայտագիրները կրնան մեզ զուարճացնել եւ զարգացնել՝ առանց մեր միտքը ապականելու։ Բայց պէտք է որ զգոյշ ըլլանք։ Ժամանց ընտրելու ատեն, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Այս ֆիլմը կամ հեռատեսիլի յայտագիրը ինծի կը սորվեցնէ՞ որ հոգ չէ եթէ մարմնաւոր ցանկութիւններուս տեղի տամ’ (Գաղ. 5։19-21. Եփ. 2։1-3)։ Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ տեսնես որ յայտագիր մը Սատանային մտածելակերպը կը քաջալերէ։ Անկէ հեռու կեցիր, ինչպէ՛ս որ վարակիչ հիւանդութենէ մը հեռու կը կենաս։

8. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել, որ իրենց սիրտը պահպանեն։

8 Ծնողնե՛ր, դուք մասնաւոր պատասխանատուութիւն ունիք ձեր զաւակները պաշտպանելու Սատանային ջանքերէն, որ իրենց սիրտը ապականէ։ Ինչպէս որ ամէն բան կ’ընէք որ ձեր զաւակները հիւանդութիւններէ պաշտպանէք,– ձեր տունը մաքուր կը պահէք, եւ կը թափէք ինչ որ ձեզ կամ ձեր զաւակները կրնայ հիւանդացնել,– նոյնպէս, պէտք է որ ձեր զաւակները պաշտպանէք ֆիլմերէ, հեռատեսիլի յայտագիրներէ, ելեկտրոնային խաղերէ եւ կայքերէ, որոնք կրնան զանոնք վարակել Սատանային մտածելակերպով։ Եհովան ձեզի հեղինակութիւն տուած է, որ ձեր զաւակներուն հոգեւոր առողջութեան հոգ տանիք (Առ. 1։8. Եփ. 6։1, 4)։ Ուստի մի՛ վախնաք ձեր ընտանիքին համար կանոններ դնելու, որոնք Աստուածաշունչի չափանիշներուն վրայ հիմնուած են։ Ձեր երեխաներուն ըսէք, թէ ի՛նչ կրնան դիտել եւ ի՛նչ չեն կրնար դիտել, եւ անոնց օգնեցէք որ հասկնան ձեր որոշումին պատճառները (Մատ. 5։37)։ Մինչ ձեր զաւակները կը մեծնան, զանոնք մարզեցէք, որ իրե՛նք կարենան Եհովայի չափանիշներուն համաձայն զատորոշել ճիշդը սխալէն (Եբ. 5։14)։ Եւ մի՛ մոռնաք որ ձեր զաւակները շատ բան պիտի սորվին ձեր ըսածներէն, բայց շա՛տ աւելի՝ ձեր ըրածներէն (Բ. Օր. 6։6, 7. Հռով. 2։21

9. Սատանան ի՞նչ գաղափար յառաջ կը մղէ, եւ ատիկա ինչո՞ւ վտանգաւոր է։

9 Սատանան նաեւ կը ջանայ մեր սիրտը ապականել, մեզ մղելով որ մարդկային իմաստութեան վստահինք փոխանակ՝ Եհովայի մտածումին (Կող. 2։8)։ Նկատի առ գաղափար մը, որ Սատանան յառաջ կը մղէ. հարստանալը պէտք է մէկու մը կեանքին գլխաւոր նպատակը ըլլայ։ Այս մտածելակերպը ունեցողները թերեւս հարստանան, թերեւս ալ ոչ։ Բայց ամէն պարագայի, անոնք վտանգի մէջ են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այնքա՛ն կը կեդրոնանան դրամ շահելու վրայ, որ պարզապէս իրենց նպատակին հասնելու համար կը զոհեն իրենց առողջութիւնը, ընտանեկան փոխյարաբերութիւնները եւ նոյնիսկ Աստուծոյ հետ իրենց բարեկամութիւնը (Ա. Տիմ. 6։10)։ Երախտապարտ ենք որ մեր իմաստուն երկնաւոր Հայրը մեզի կ’օգնէ, որ դրամի նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք (Ժող. 7։12. Ղուկ. 12։15

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՄԵՐ ՍԻՐՏԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼ

Հին օրերու դէտերուն եւ դռնապաններուն պէս, զգոյշ եղիր եւ գործի անցիր, որպէսզի թոյլ չտաս որ սիրտդ ապականուի (տե՛ս պարբերութիւն 10-11) *

10-11. ա) Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի մենք մեզ պաշտպանենք։ բ) Անցեալին, դէտերը ի՞նչ կ’ընէին, եւ մեր խիղճը ինչպէ՞ս կրնայ մեր դէտը ըլլալ։

10 Եթէ կ’ուզենք մեր սիրտը պահպանել, պէտք է գիտնանք թէ ի՛նչ վտանգներ կան եւ արագօրէն գործի անցնինք, որ մենք մեզ պաշտպանենք։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ դէտին գործը։ Սողոմոն թագաւորին օրերուն, դէտերը կը կենային քաղաքի մը պարիսպներուն վրայ եւ անմիջապէս լուր կու տային, երբ վտանգ մը տեսնէին։ Այս օրինակը կ’օգնէ որ հասկնանք, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի չձգենք որ Սատանան մեր միտքը ապականէ։

11 Անցեալին, դէտերը կը համագործակցէին քաղաքին դռնապաններուն հետ (Բ. Թագ. 18։24-26)։ Անոնք միասնաբար կը ջանային քաղաքը ապահով պահել, դռները գոցելով, երբ գիտնային որ թշնամի մը քաղաքին կը մօտենար (Նէ. 7։1-3)։ Աստուածաշունչին հիման վրայ մարզուած մեր խիղճը * կրնայ մեր դէտը ըլլալ եւ մեզ զգուշացնել, երբ Սատանան փորձէ մեր սրտին վրայ յարձակիլ. ուրիշ խօսքով, երբ փորձէ ազդել մեր մտածումներուն, զգացումներուն, շարժառիթներուն կամ փափաքներուն։ Երբ մեր խիղճը մեզ զգուշացնէ վտանգէ մը, պէտք է որ մտիկ ընենք եւ դռները գոցենք, այսինքն՝ ամէն բան ընենք որ վտանգէն հեռու մնանք։

12-13. Թերեւս փորձուինք ի՞նչ ընել, բայց ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք։

12 Օրինակով մը տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք մենք մեզ պաշտպանել, որ չազդուինք Սատանային մտածելակերպէն։ Եհովան մեզի սորվեցուցած է, որ «պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան. . . անունը անգամ պէտք չէ յիշուի [մեր] մէջ» (Եփ. 5։3)։ Բայց ի՞նչ պիտի ընենք եթէ մեր գործընկերները կամ դասընկերները սկսին սեռային անբարոյ նիւթերու մասին խօսիլ։ Գիտենք որ պէտք է մերժենք «ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները» (Տիտ. 2։12)։ Դէտը՝ մեր խիղճը, թերեւս մեզ զգուշացնէ այս վտանգէն (Հռով. 2։15)։ Արդեօք անոր մտիկ պիտի ընե՞նք։ Թերեւս փորձուինք մեր տարեկիցներուն մտիկ ընել կամ անոնց ցոյց տուած նկարները դիտել։ Բայց հիմա՛ է ժամանակը որ այլաբանօրէն քաղաքին դռները գոցենք, խօսակցութեան նիւթը փոխելով կամ վայրէն հեռանալով։

13 Քաջութիւն կը պահանջէ որ դէմ դնենք մեր տարեկիցներուն ճնշումին, որ սխալ բաներու մասին մտածենք կամ սխալ բաներ ընենք։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան կը տեսնէ մեր թափած ջանքերը եւ մեզի պէտք եղած զօրութիւնն ու իմաստութիւնը պիտի տայ, որ սատանայական մտածումին դէմ դնենք (Բ. Մն. 16։9. Եսա. 40։29. Յակ. 1։5)։ Սակայն մեր սիրտը պահպանելու համար ուրիշ ի՞նչ կրնանք ընել։

ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԶԳՈՅՇ ԵՂԻՐ

14-15. ա) Մեր սիրտը ինչի՞ առջեւ պէտք է բանանք եւ ինչպէ՞ս։ բ) Առակաց 4։20-22–ը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն մեծապէս օգտուինք (տե՛ս նաեւ « Ինչպէ՛ս խոկալ» շրջանակը)։

14 Մեր սիրտը պահպանելու համար, պէտք չէ միայն զայն գոցենք գէշ ազդեցութիւններու առջեւ, հապա պէտք է նաեւ զայն բանանք լաւ ազդեցութիւններու առջեւ։ Նորէն մտածէ պարսպապատ քաղաքին մասին։ Դռնապանը քաղաքին դռները կը գոցէր, որպէսզի թշնամին ներս չխուժէր, բայց ուրիշ ատեններ ան դռները կը բանար, ուտելիք եւ ուրիշ պաշարներ մտցնելու համար։ Եթէ դռները բնա՛ւ չբացուէին, բնակիչները սովամահ կ’ըլլային։ Նոյնպէս, պէտք է մեր սիրտը բանանք, որ Աստուծոյ մտածումը միշտ մեզի ազդէ։

15 Աստուածաշունչը կը յայտնէ Եհովայի մտածելակերպը, ուստի ամէն անգամ որ զայն կարդանք, թոյլ կու տանք որ Եհովայի մտածումները ազդեն մեր մտածելակերպին, զգացումներուն եւ արարքներուն։ Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն մեծապէս օգտուիլ։ Աղօթքը շա՜տ կարեւոր է։ Քոյր մը կ’ըսէ. «Աստուածաշունչը կարդալէ առաջ, Եհովային կ’աղօթեմ, խնդրելով որ ինծի օգնէ որ իր Խօսքին մէջ ‘սքանչելիքներ տեսնեմ’» (Սաղ. 119։18, ԱԾ)։ Նաեւ պէտք է մեր կարդացածին վրայ խոկանք։ Երբ աղօթենք, կարդանք եւ խոկանք, Աստուծոյ Խօսքը ‘մեր սրտին’ կը հասնի եւ կը սկսինք Եհովային մտածելակերպը սիրել (կարդա՛ Առակաց 4։20-22. Սաղ. 119։97

16. JW Հեռատեսիլի կայանի յայտագիրները դիտելով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք. օրինակ մը տուր։

16 JW Հեռատեսիլի կայանի յայտագիրները դիտելը ուրիշ կերպ մըն է, որով թոյլ կու տանք որ Աստուծոյ մտածելակերպը մեզի ազդէ։ Զոյգ մը կ’ըսէ. «Ամսական յայտագիրները մեր աղօթքներուն պատասխանը եղած են։ Անոնք մեզ կը զօրացնեն եւ կը քաջալերեն, երբ տխուր կամ մինակ կը զգանք։ Իսկ յատուկ երգերը մի՛շտ մտիկ կ’ընենք՝ մինչ ճաշ կ’եփենք, մաքրութիւն կ’ընենք կամ թէյ կը խմենք»։ Այս յայտագիրները կ’օգնեն մեր սիրտը պահպանելու։ Անոնք մեզի կ’օգնեն, որ մտածենք ինչպէս որ Եհովան կը մտածէ եւ Սատանային մտածելակերպը որդեգրելու ճնշումին դէմ դնենք։

17-18. ա) Ի՞նչ կ’ըլլայ երբ կը գործադրենք ինչ որ Եհովայէն կը սորվինք, ինչպէս որ Գ. Թագաւորաց 8։61–ը ցոյց կու տայ։ բ) Եզեկիա թագաւորին օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ գ) Սաղմոս 139։23, 24–ին մէջ արձանագրուած Դաւիթի աղօթքին համաձայն, ինչի՞ մասին կրնանք աղօթել։

17 Ամէն անգամ որ ճիշդը կ’ընենք եւ ատոր օգուտները կը տեսնենք, մեր հաւատքը կը զօրանայ (Յակ. 1։2, 3)։ Կ’ուրախանանք որ Եհովային առիթ կու տանք, որ մեզ իր զաւակները կոչելով պարծենայ, եւ ա՛լ աւելի փափաք կ’ունենանք զինք հաճեցնելու (Առ. 27։11)։ Ամէն մէկ փորձութիւն մեզի համար առիթ կ’ըլլայ, որ ցոյց տանք թէ կէս սրտով չենք ծառայեր մեր հոգատար Հօր (Սաղ. 119։113)։ Հապա կը փաստենք, որ Եհովան կը սիրենք կատարեալ սրտով,– սիրտ մը որ լիովին վճռած է Եհովային պատուէրները պահել եւ իր կամքը ընել (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 8։61

18 Մենք սխալներ պիտի ընե՞նք։ Այո՛, քանի որ անկատար ենք։ Եթէ սխալի մը մէջ իյնանք, յիշե՛նք Եզեկիա թագաւորին օրինակը։ Ան սխալներ գործեց, բայց զղջաց եւ շարունակեց «կատարեալ սրտով» Եհովային ծառայել (Եսա. 38։3-6. Բ. Մն. 29։1, 2. 32։25, 26)։ Ուրեմն, դէմ դնենք Սատանային ջանքերուն, որ մեզ իր մտածումներով վարակէ։ Աղօթքով օգնութիւն խնդրենք, որ հնազանդ սիրտ մշակենք (Գ. Թագ. 3։9. կարդա՛ Սաղմոս 139։23, 24)։ Կրնա՛նք Եհովային հաւատարիմ մնալ եթէ, ամէն բանէ աւելի, մեր սիրտը պահպանենք։

ԵՐԳ 65 «Ասիկա է ճամբան»

^ պարբ. 5 Արդեօք Եհովային հաւատարիմ պիտի մնա՞նք, թէ ոչ պիտի ձգենք որ Սատանան մեզ խաբէ եւ Եհովայէն հեռացնէ։ Մեր սիրտը որքա՛ն լաւ պահպանելը,– եւ ոչ թէ մեր դիմագրաւած փորձութեան որքա՛ն խիստ ըլլալը,– կ’որոշէ պատասխանը։ «Սիրտ» բառը ինչի՞ կ’ակնարկէ։ Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ մեր սիրտը ապականել։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր սիրտը պահպանել։ Յօդուածը այս կարեւոր հարցումներուն կը պատասխանէ։

^ պարբ. 11 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Եհովան մեզի կարողութիւն տուած է, որ քննենք մեր մտածումները, զգացումները եւ արարքները, ու յետոյ մենք մեզ դատենք։ Աստուածաշունչը այդ կարողութիւնը կը կոչէ խիղճ (Հռով. 2։15. 9։1Աստուածաշունչին հիման վրայ մարզուած խիղճը այն խիղճն է, որ Եհովային չափանիշները կը գործածէ,– որոնք Աստուածաշունչին մէջ նշուած են,– դատելու համար թէ ինչ որ կը մտածենք, կ’ընենք կամ կ’ըսենք, լա՛ւ է կամ գէշ։

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Մկրտուած եղբայր մը հեռատեսիլ կը դիտէ եւ իր առջեւը անբարոյ տեսարան մը կ’ելլէ։ Պէտք է որոշէ ի՛նչ ընել։

^ պարբ. 58 ՆԿԱՐՆԵՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Դէտ մը քաղաքին մօտեցող վտանգ մը կը նկատէ։ Ան դռնապաններուն լուր կու տայ եւ անոնք անմիջապէս քաղաքին դռները կը գոցեն ու կը կղպեն։